Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍՏԵՓԱՆ ՈՍԿԱՆ 

Ստեփան Ոսկան (1825-1901) այն մէկ հատիկ գրողն է որմէ որ եւ է յօդուած անկարելի եղաւ ճարել: ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին հիմնական պայմանն է սակայն անձնական շփումը գործի մը հետ, զայն ներկայացնելէ առաջ։ Այս խոստովանութիւնը բաւական անկեղծ, որպէսզի ընթերցողը արդար տեսնէ օտարին դիմում մը: Ուրախ եմ, սակայն յայտնելու որ այդ օտարը պարկեշտ քրոնիկագիր մըն է, առնուազն իր ըսածին գիտակցութիւնն ու հաւատքը ունեցող։ Ուրեմն խօսքը կուտամ Հրանդ Ասատուրին.  

«… 1859-ին կը սկսի հրատարակել Արեւմուտքը [1] …«Յառաջաբան» վերնագրով յօդուածի մը մէջ իր լրագրողի սկզբունքները կը պարզէ առաջին թիւէն, եւ Արեւմուտքի մէջ շատ աւելի հասունցած կը ներկայանայ քան 1855-ի Արեւելքին մէջ. ճշմարիտ գրագէտ մըն է որ գրիչը կը շարժէ ճարտարօրէն՝ աշխոյժ, ինքնատիպ ոճով եւ նրբամտութեամբ: Անկեղծ ու անվեհեր է միշտ. աջ ու ձախ չի նայիր ու առանց վերապահութեան կ՚ըսէ ինչ որ պիտի ըսէ: Իր Ազգային Պակասութիւն յօդուածին մէջ կը պնդէ թէ պէտք չէ ծածկել ազգէն իր պակասութիւնները «վասնզի ազգութենէ վեր արդարութիւն կայ»: «Վէրք մը, թէ բարոյական եւ թէ նիւթական, պէտք է յայտնուի որ բուժ գտնէ»: Մոլի Եռանդ վերնագրով յօդուածը դէմ կը խօսի կրօնական մոլեռանդութեան եւ կը քարոզէ կրօնքի մասին թոյլտուութիւն եւ անխտրականութիւն։ Երեք Հայ յօդուածը կը ներկայացնէ 1859-ին մեռած իր երեք տոհմակիցները, որոնց առաջինն է ռուսահայ մը, Պէպութօֆ, ռազմագէտը, երկրորդը՝ եգիպտահայ մը, Առաքել Պէյ Նուպար որ Խարթումի կառավարիչ եղած ու ծաղիկ հասակին մէջ մեռած էր, եւ երրորդը՝ թրքահայ մը, Նիկողոս Պալեան, որուն շինած փառաւոր շէնքերը Վոսփորի վրայ, նոյնիսկ Թէօֆիլ Կոթիէի պէս դժուարահաճ արուեստագէտի մը հիացումը գրաւած էին

«Կը գրէ գրադատականներ ալ. իր յօդուածները Պէրանժէի երգերուն, Միշլէի Սէրին, Ժիւլ Սիմոնի Ազատութիւնին եւ Աբովեանի Վէրքին վրայ, գեղեցիկ նմոյշներ են քննադատական սեռին: Կը թարգմանէ Ֆլոռիանի Երկու Տոմսակ թատրերգութիւնը, եւ կը սկսի թարգմանել Ապէ Բրէվոյի Մանոն Լէսքօն, զոր անաւարտ ձգած է Էօժէն Սիւի Թափառական Հրէային պէս։ Ունի նաեւ քանի մը թարգմանածոյ եւ ինքնագիր ոտանաւորներ: Այդ ոտանաւորներէն ամէնէն յաջողածներէն մէկը Միսաքեանի դէմ հրատարակածն է որ ժամանակին մեծ աղմուկ հանած է Պոլսոյ հայոց մէջ: Այդ բանաստեղծութիւնը սուր երգիծանք մըն է: Ոսկան սագ մը տեսեր է, որուն գործն է լողալ ու սողալ եւ անդադար ձայներ հանել անյարիր: Օր մը այդ սագը ինքզինքը

 

Պուետ նաեւ կ՚անուանի
Եւ երգի ձայն կը հանէ.
Անցորդք լըսեն եւ ահա
Անթիւ խումբ մը հոն կուգայ:
…Մանկտին սուլէ, ծերք խնդան
Եւ մեկնելով վա՜շ կարդան։
Ո՛հ, երգելու ոչ բերան
Եւ ոչ կոկորդ քեզ կուտան
Մի՛, սագ ապուշ, մի՛ այդպէս,
Յոգներ ի զուր դու ըզքեզ։ 

 

«Ճոխ յանգերով գրուած այս ոտանաւորին եղանակ ալ յարմարցուցած էին Պոլսոյ մէջ, ուր կ՚երգէին զայն Միսաքեանի համակիր չեղող երիտասարդները…: Իսկ Միսաքեան Մասիսի մէջ երգիծօրէն կը քննադատէր Ոսկանի հրապարակագրական գործունէութիւնը, իր Արձագանգ Եւրոպայի Լուսաւորութեան վերնագրով յօդուածներով»։ 

(Դիմաստուերներ, Ստեփան Ոսկան, Հրանդ Ասատուր)

Հրանդ Ասատուր իր յօդուածը կը շարունակէ պատմելու համար Ստեփան Ոսկանի ձեռնարկութիւնները, թափառումները, հալածուիլը, համեղ մանրադէպերու միջոցով զգալի ընելու աստիճան սա տարօրինակ անձնաւորութեան ամբողջ կշիռը։ Ինք զինքս չեմ արտօներ հետեւելու այդ կենսագրումին: Կը վերածեմ Ստեփան Ոսկան գրական երեւոյթը քանի մը հիմնական կողմերու, ա) Մարդը, բ) Գործիչը, գ) Գրողը, կամ՝ աւելի ճիշտ տարազով մը` Հրապարակագիրը։ 

Այս տեսակ վերլուծման մը համար ինծի չեն պակսիր  տարրեր։ Չեմ ալ տառապիր խղճմտանքիս առջեւ, վասնզի իր վերջնական կերպարանքին վերածուած, Զարթօնքի Սերունդը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ աւելի կամ նուազ մեծ մարդերու, աւելի կամ նուազ հաւատաւոր գործիչներու, աւելի կամ նուազ վաւերական հրապարակագիրներու սրտայոյզ թէեւ աղմկող հանդէս մը ի վերջոյ, գրականութեան շուքին մէջ, բայց հազիւ հազ այդ գրականութեան քանի մը տարրական պայմանները համախմբող։ 

Ուրեմն

ա) Մարդը: Իր սերունդը մեծերու փաղանգ մըն էր, բայց մեր ցեղին հիմնական յատկանիշներէն շատ ամուր պահեստներով։ Չեմ կրկներ հոս անոնցմէ ոմանց առիթով կանխող էջերու մէջ ըսուածները եւ Ոսկան, Օտեանին չափ, անոր մօտիկ անձնաւորութիւն մըն է, եթէ երբեք այս բառին ետին ուզենք տեսնել իրաւ, բուռն, յանդուգն, նորախնդիր, արտայայտութեան ալ զօրաւոր շնորհներով օժտուած տիպարը, որուն պակսէին զգոյշ, զգօն, հաշտարար, թափանցող, ու իրապէս մեր դերը սիրտցաւ խղճմտութեամբ մը գործադրելու ուխտ ըրած մարդու այլապէս նուրբ ու բարձր առաքինութիւնը։ Մէկը, առաջին յատկանիշներով ամրակուռ, թերեւս ընէ իր շրջանին ու շրջապատին վրայ բարիք, ծանր կործանումներու կողքին, բայց շատ աւելի յաճախ, պիտի ստեղծէ աւելորդ հակամարտութիւն, պիտի արծարծէ ներքին երկպառակումներ ու իր հետապնդած բարիքին ալ հասնելու պիտի մնայ անկարող է կործանելու չափ ինքզինքը եւ իրեն հետ դատը, որուն կը հաւատար սակայն։ Ստեփան Ոսկան մէկն է ասոնցմէ։ Անոր պատանութիւնը կը նմանի իր սերունդին բոլոր աւագներուն պատանութեանը։ Բնածին շնորհներ, սորվելու խորունկ պապակ, խորունկ, հաւատաւոր խանդավառութիւն, նիւթական անբաւարարութիւն, զօրաւոր արկածախնդրական ախորժակներ։ Աւելցուցէք՝ հաղորդական հայրենասիրութիւն եւ բնաւորութիւն, բախտը փորձելու ռոմանթիզմ (որ մեր գրականութեան մէջ իբր դպրոց կազմաւորուելէ առաջ մեր գրողներուն ներքին խառնուածքը կը յօրինէ: Այսպէս ամէնէն դրապաշտ միտքը Մամուրեան, իր կարգին անսրբագրելի ռոմանթիկ մը իբրեւ ապրած ու արտադրած է, յիշելու համար օրինակ մը։ Ալիշան՝ նոյնը։ Ալ կարիք չեմ զգար յիշելու իրաւ, աղետահար ռոմանթիզմները Պէշիկթաշլեանին, Դուրեանին, Նար-Պէյին եւայլն) ու գրականութեան տարփանք: 1846-ին Եւրոպա մեկնել է առաջ, Իզմիր դաս կուտայ հայերէնի իր ազգականներէն Մկրտիչ  Նուպարեանի Նուպար եւ Առաքել զաւակներուն [2], այս վերջինէն առնելով ֆրանսերէնի դաս: Իր ուսանողութիւնը Բարիզի մէջ իր կարգին ճշմարիտ ոդիսական մըն է: Անիկա, Առաքել Նուպարէն սորված ֆրանսերէնով պիտի դասախօսէ ֆրանսացիի մը վարժարանին մէջ ու պիտի պատրաստուի… հետեւելով Սորպոնի եւ Գոլէժ տը Ֆրանսի դասընթացքներուն: 1850-ին կարող է իր ֆրանսերէնը պարտադրել փարիզեան թերթերուն։ Կը ներկայանայ Սորպոնի քննութիւններուն ու կը ստանայ գիտութեանց եւ դպրութեանց պսակաւորի վկայական։ Ասոնք թուղթի վրայ դիւրաւ կարդացուող մանրամասնութիւններ, իրենց բոլոր իմաստը կը ստանան երբ դատուին ճամբուն վրայ Բարիզ ինկած անմիջոց ուսանողին: Լեզու մը սորվիլը անշուշտ շատ քիչ բան կ՚ապացուցանէ… ի գրականութիւն: Բայց այդ լեզուով գործելը օտար ոստանի մը մէջ ուր այնքան դժուար է եկամուտին ընտելացումը, փաստ է խելքէն վեր կարողութիւններու: Յետոյ, շատ փայլուն սա ուսանողութիւնը, Ոսկանի կերպարանքին ամբողջութեանը մէջ տարտամ ձեւով մը կը թելադրէ հաւանական վրիպանքը առաջնակարգ ուսանողին, կեանքի մարզերուն վրայ

Արդէն 1848-ի ֆրանսական յեղափոխութեան մէջ իր ֆրանսացի ընկերներուն կողքին անիկա ունի նշանակելի գործօնութիւն, այնքան որ, 1852-ին պետական հարուածով ֆրանսական հանրապետութեան ջնջուելէն վերջ անիկա վտանգուած կը զգայ ինքզինքը, Նաբոլէոն Գ-ի ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուելու աստիճան: Պոլիս է 1853-ին: Բայց Թափառական Հրեայի անդրանիկ թարգմանիչը անէծքին տակն է ծնած կարծես տիպարին։ Պոլսէն Իզմիր, Իզմիրէն դարձեալ Բարիզ։ Գիտէք պատմութիւնը Արեւելքին։ Իր յօդուածները սեպհական ստորագրութեամբ եւ Հրանդ, Հարմայ, Վահէ կեղծանուններով բաւական եղան իր թերթը կործանելու

1859-ին պիտի հրատարակէ Արեւմուտքը։ Անոր երկրորդ թիւին մէջ Ոսկան կը գրէ. «Արշալոյս Արարատեան (Իզմիր, Պալթազարին թերթը) 585 թիւը յետագայ տողերը կը պարունակէ. կը լսենք թէ Արեւելք անուն հայերէն շաբաթական լրագիրը մօտերս դարձեալ պիտի հրատարակուի Բարիզի մէջ, խմբագրութեամբ գիտնական երիտասարդի, Զմիւռնացի տեառն (պարոն՝ կ՚ուզէ ըսել) Ստեփան Ոսկանին»

«Այս տողերու մէջ քանի մը վրէպ կայ եւ կը յուսանք որ Արշալոյսը փութայ զանոնք ուղղել։ Նախ՝ Արեւելքը շաբաթական լրագիր չէ, այլ կիսամսեայ գրական հանդէս մը։ Երկրորդ՝ Արեւելքը նորէն չպիտի հրատարակուի վասնզի անոր շարագիրը չուզեց, չուզեր եւ չպիտի ուզէ իրեն յանձնուած դրօշը քանի մը վարդապետներու առջեւ ծալել: Արշալոյսին յարգի տէրը գիտէ որ իր քաղաքակիցը անպատուութիւն կը համարի տեսակ մը հայերու կամքին հնազանդիլ: Ինչ որ մարդկօրէն կարելի էր՝ ըրաւ որ միտքի ազատութիւնը յաղթէ, բայց ի զուր…: Հայ մը չգտաւ իրեն ձեռնտու, ընդհակառակն շատ մը ազգայինք ամէն դարան ի գործ դրին որ իր հրատարակութիւնը խափանուի եւ ինքը անյարիր կործանի։ Այս անգամ եւս բռնութիւնը իրաւունքին յաղթեց եւ այնպիսի կերպով մը որ մամուլի տարեգիրներու մէջ իր նմանը չունի…: Արեւելքին մեծագոյն արժէքն էր իր ազատութիւնը. անով եւ անով միայն, կրնար պարծիլ ուրիշ օրագիրներու քով: Այս ազատութիւնը իրեն չթողուց կրօնամոլ սեւ ոգին…:

«Ինչո՞ւ: Օր մը կ՚ըսենք։ Ինչպէ՞ս: Օր մը կը նկարագրենք» ամէն բան ժամանակ ունի, առ այժմ մեր ձեռքերը կապուած են: Բայց Կրճիկեան պարոն Յակոբը եւ իր վարդապետ բարեկամները կը խաբուին եթէ կ՚երեւակայեն որ մեզի դէմ եղած անիրաւութիւնը կը մոռնանք. երբեք։ Իրաւունքը մարդու կեանքն է. երբ մէկը կեանքին կը դպի զայն չպաշտպանողը վատ է: Չպիտի ըսուի որ վատ եղանք այնպիսի պարագայի մը մէջ ուր ոչ միայն մեզ այլ եւ մեր թշուառ ազգին անդարմանելի մասն տրուեցաւ…։» Ս. Ո. (Ստեփան Ոսկան)։

Այս տողերը, վերցուած Վ. Զարդարեանի Յիշատակարանէն, կը նկարեն իր բոլոր սրութեանը, խստութեանը, կատաղի ռոմանթիզմին մէջ Ստեփան Ոսկան մարդը։ Նկատի առէք որ անիկա իր թերթով պիտի չապրի (ֆրանսերէնի դաս կուտայ օտարներու՝ այդ Բարիզին մէջ, բայց պարտաւոր էր իրեն տրամադրուած դրամը գործածել առնուազն թերթին բաժանորդները կարգելով, նպաստամատոյցները չվիրաւորելով։ Անոր  տրուած էր պայմանը կրօնական եւ անձնական խնդիրներէ զգուշանալու: Գայլին հետ պայմանագիր կնքելն էր ասիկա գառնուկները չուտելու։ Ոսկան չէր կրնար չխածնել, չզարնել, չվիրաւորել։ Արեւելքի դասը անօգուտ անցաւ իր երիտասարդութեան վրայ: Արեւմուտք քսան թիւ միայն լոյս կը տեսնէ: Բարերար մեկենասները լքեցին զինքը:

Ի՞նչն են այս մարդը այսպէս անհանդարտ, խիստ, նոյն իսկ դաժան գործունէութեան մը մղող ազդակները։ Կա՞յ, այդ մարդուն ներսը կերպարանքը այն միւսին, ան ալ խմբագիր, բայց աշխատող ուրիշ հայերու մէջ (Նալպանտեան) որ պիտի թափառի անհուն Ռուսաստանին եզերեայ գաւառներէն ոստանները մինչեւ, անընդհատ կռուելով, խածնելով, պոռալով, բերնին ազգ ու հայրենիք, բայց որուն յեղափոխական հարազատ խմորը զինքը դատապարտեց անվերադարձ կործանման: Արեւմուտքի դադարումէն մինչեւ La Réformeի հիմնումը (1859-67) Ստեփան Ոսկան պիտի անցնի թափառական հրեային շատ մը պողոտաներէն։ 1860-ին Իտալիա, այն ատեն իր միութիւնը մասամբ իրագործած, առանց Հռովմի։ Թուրինօ մայրաքաղաքին մէջ Ոսկան խմբագիրն է Italie թերթին։ Իր յօդուածները ուշադրութիւնը կը գրաւեն Իտալիոյ միութեան մեծ ճարտարապետին, Կոմս Քավուրին որ անոր կը յանձնէ իր տղոց դաստիարակութիւնը եւ զայն արժանի կը նկատէ իր թղթակցութիւնը վարելու: Փա՜ռք։ Քիչ մըն ալ աւելին անշուշտ: 1861-ին Քավուր կը մեռնի: Ոսկան Բարիզ է, հոն քանի մը ամիս նորէն խմբագրելու համար Արեւմուտքը, մինչեւ ասոր վերջնական դադարումը: Բան մը սորվա՞ծ էր ԺԹ. դարու ամէնէն մեծ պետական մարդէն: Կեանքը կը վկայէ թէ Ստեփան Ոսկան ոչ ոքի մտիկ ընելու խելքով, հանճարով չէր ծնած: «Ձեռնոց դնել երբ գրէ» Քավուրին խրատն էր եղած Ոսկանին։ Գիտենք թէ մանաւանդ մեր ժողովուրդին մէջ գրողը, այդ օրերուն, ոչ թէ ձեռնոց, այլ թաղիքէ թաթպան դնելու էր…։ 

Քառասունին մէջ արդէն Ստեփան Ոսկան աւարտած ըլլալ կը թուի իր ազգային ճակատագիրը, ու ճամբուն վրայ նոր մեթամորֆոզի մը։ Հիմնելէ առաջ La Réforme թերթը (1867) անիկա Իզմիրի Հռիփսիմեան վարժարանին տեսչութիւնը պիտի վարէ, համաձայն իր տեսակէտներուն: Փարթամ ոստանին այլապէս փարթամ աւագորեարը դժուար պիտի հանդուրժէր այս վարժապետը, խմբագիրը որ լեզուներ, մեծ մարդոց բարեկամութիւն, գրիչ շարժելու ասպետական շնորհներ գիտցեր էր հաւաքել բայց տարօրէն աղքատախնամ էր մնացած էականին, կորկոտին ամբարումին մէջ։ Բախումը անխուսափելի: Հեռացուցին զինքը միշտ պիւտճէի յաւիտենական ճնշում-պատրուակին տակ։ Կը խորհիմ թէ չէին կրնար հանդուրժել զայն ոչ միայն Զմիւռնացի պատուական վաճառականները աֆիոնի, թէֆթիքի, մանածի, այլ եւ ամէն տեղերու քաղքենիները։ Կ՚ըսուի թէ կը հասկնար ուսուցչութենէն: Ունէր սեպհական հայեացքներ: Գրաբարի [3] ուսումին տեղ անիկա կը պարտադրէ աշխարհաբարը։ Դպրոցին մէջ, 1860-ի եւրոպական հիացումը ուսուցման բարոյական դերէն, Ոսկան ջանացած է հաղորդ ընել իր աշակերտներուն: Օրինապահութիւն, քաղաքավարութիւն, մեծերի ակնածանք, քալելու, նստելու, ուտելու, խօսելու արարքներուն վրայ գիտելիքներ եւ պարտիք, բառեր, որոնք այսօրուան տղոց համար չունին կշիռ, բայց իմ մանկութեանը Իզմիրցի հսկողի մը կողմէ Պրուսա կը քարոզուէին անվրէպ ազդեցութեամբ մը, արժանանալով աղաներուն ոչ միայն հաւանութեան այլ եւ պարտադրանքին: Հիմա կը խորհիմ թէ այդ պատուական հսկողը, միւսիւ Թադէոսը, լսած ըլլալու էր Ոսկանի դասերը

1867-ին կը հիմնէ La Réformeը: Ստեփան Ոսկան կը մտնէ իր երկրորդ կեանքին մէջ։ Երեսուն երեք տարի պիտի վարէ այդ թերթը։ Կ՚ենթադրեմ թէ Հրանդ Ասատուր կարդացած է անկէ որոշ գրուածքներ, ըսելու համար թէ թերթը գրաւած էր «Իզմիրի ֆրանսական գաղթականութեան հիացումն ու յարգանքը, շնորհիւ իր հմտութեան, ու սրամիտ, շնորհալի, հրապուրիչ իր ֆրանսերէնին»։ Երուանդ Օտեան գովեստի բառեր ունէր այդ գործունէութեանը վրայ Ոսկանին, անոր քրօնիկներուն մէջ գտած ըլլալով կոկ, élégant, տաք շեշտը որ ամէնէն դժուար շնորհը կը կազմէ օրուան կեանքով զբաղվելու հարկադրուած ամէն գրողի։

Օտար թերթի մը վրայ աւելի քան երեսուն տարիներու իր վաստակը այդ մարդուն ի՞նչ տուաւ սակայն։ Ահա վկայութիւն մը, 1898-ին (Ոսկանի մահէն երեք տարի առաջ ուրեմն՝ Ռ. Որբերեանէ որ այցելած էր Ոսկանը. «Երեսունը հինգ տարի է  բնաւ հայերէն բառ մը գրած չեմ, կարգ մը ոտանաւոր տապանագիրներէ զատ: Ամէնքը ինծի ապերախտ գտնուեցան ու ես զզուած ամէնէն՝ ուխտեցի ատել ինչ որ սիրած էի անցեալին մէջ: Իմ ցեղակիցներս զիս անօթի թողուցին, ես ալ սկսայ միայն ֆրանսերէն գրել, հացս օտարներէն շահիլ»

Այս տողերը սուտ չեն կրնար ըլլալ։ Ու ասոնց մէջն է թերեւս ահաւոր փաստը Ոսկանի վրիպանքին: Ի՞նչ կ՚ուզէր այս մարդը իր ժողովուրդէն։ Հաանաբար շատ պարզ բան մը։ օրուան հացը: Ի՞նչ բանի փոխարէն։ Դարձեալ պարզ բանի մը օրուան վաստակին փոխարէն: Եւ սակայն այդ մարդը գիտէր որ այս ժողովուրդը անօթի թողած էր Պարոնեանը: Գիտէր որ անօթի էին Չօպանեանը, Բաշալեանը, Փանոսեանը, Խօճասարեանը, թերեւս Պալթազարեանը։ Գիտէր որ խորտիկ չէր ուտեր, իր քիթին տակ vivoter ընող Մամուրեանը: Այն ատե՞ն։ Չտառապեցա՞ւ, իր խղճմտանքին ամէնէն հեռուներուն մէջ, երբ կայտառ, ուժով ու խելքով լեցուն իր տարիները նուիրեց ուրիշներու: Գոնէ մենք, մասնագէտներ մեր գրողները անօթութեան վարժեցնելու, ապերախտ չենք եղած անոնց թաղումին պարտքը շռայլօրէն վճարելով։ Առնուազն յոբելեան մը, սանկ ճիղճ ու տրտում միջոցներով, բայց վերջապէս այրած սրտի մխիթարանք մը: Այդ յոբելեանը վայելեց Արեւելեան Մամուլ-ի խմբագիրը, որ նուազ խածան, յամառ մէկը չէր անշուշտ բայց որ մնաց իր ժողովուրդի պայմաններուն մէջ, թողլով որ Իզմիրի ջոջերը յղփանան իրենց շահերուն մէջ բայց գոհ եղաւ իր սեղանին չը պակսող ժում մը ժուժկալ հացին բարիքովը: Մտիք ըրէք սակայն: Նոյն Որբերեանն է գրողը, ճամբան Ոսկանին հանդիպելով քանի մը օր վերջը վերի նամակէն. «Քանի մը օրուան մէջ գրեթէ քսան տարի աւելի ծերացած գտայ զինքը: Աչքը աւելի խորացեր էր եւ վիզը կորացած: Բախտը կարծես իր ահեղ եւ անմեկնելի հարուածովը քայքայեր էր անոր անընկճելի բնութիւնը։ Թեթեւ ժպիտով մը, որ աւելի սարսուռի կը նմանէր, նայեցաւ եւ բարեւելէ առաջ «լրագիրս ալ ծախեցի» ըսաւ։ Երեք չորս տարի է Ոսկան ծախեց իր պապենական բնակարանը: Դրամը հատաւ եւ այսօր կը ստիպուի թերթն ալ ծախել ուրիշին, գրիչէն չբաժնուելու համար` դեռ քիչ մը ատեն ալ իր աշխատակցութիւնը պայման դնելով թերթին։— Ու վե՞րջը : Վերջը պիտի հեռանամ Իզմիրէն. ըսաւ տրտմագին»։ 

Հրանդ Ասատուր որ այս նամակին յիշատակութիւնը կ՚արժեւորէ այնքան տրտում գեղեցկութեամբ մը, կ՚աւելցնէ՝ «Բայց  Իզմիրէն հեռանալու պէտք չունեցաւ, որովհետեւ քիչ ետքը բոլորովին հեռացաւ աշխարհէն: Դժբախտ ու մինակ, պանդոկի մը խորշը, մեռաւ Ոսկան՝ 1901 Փետրուար 23-ին»։ 

Ահա ոդիսականը: Ո՞վ է պատասխանատուն այս հսկայ որ քան սրտայոյզ կործանումին։ Ես չեմ ախորժիր աս ու ան մեղադրելէ։ Կայ անշուշտ միջին խելքը իմ ժողովուրդին երբ իր վաստակաւորները կը պատուէ կամ կը պատժէ: Կայ անշուշտ միջին մթերք մը կարողութեանց կամ թերութիւններու որոնց յաւելումը կամ նուազումը կը ստեղծէ յաճախ սա տռամաները կամ սա փառաւորումները: Անոնց վրայ խորհրդածել ճակատագիրը բացատրել պիտի նշանակէր։ Կուտամ դատումին թելը դարձեալ Հրանդ Ասատուրին, «Արեւմուտքի խմբագիրը սկզբունքի տէր մարդ էր: Դժբախտաբար իր գաղափարները կանխահաս էին մեր միջավայրին համար։ Իր ջղուտ քննադատականները չհասան իրենց նպատակին եւ փոխանակ ուրիշներուն օգտակար ըլլալու, վնաս պատճառեցին իրեն: Կրօնամոլ մը չէր բայց կը յարգէր Հայ եկեղեցին: Կրօնքը կը նկատէր խղճմտանքի, ներքին համոզումի խնդիր, բայց իր մարդասիրական գաղափարները ամէն առիթի մէջ դուրս կը ցցուէին իր գրուածքներէն: Կը պահանջէր որ հայ կղերը չզբաղի հայոց կրթական, վարչական, թաղային գործերով զորս կ՚ուզէր կեդրոնացած տեսնել աշխարհականներու ձեռքը։ Չէր սիրեր հոգեւորականները, ամուրիները մանաւանդ. քահանաներուն համար աւելի յարգանք ունէր…: Հայ ընտանիքի կազմակերպութիւնը յաճախ կը զբաղեցնէր իր գրիչը: Արեւելքով եւ Արեւմուտքով հրատարակուած իր գրուածքներուն մէջ ի յայտ կուգայ բանաստեղծ հոգի մը, իմաստասէր մը ու գիտուն մը որուն թերութիւնը չափազանցող ու երազող ըլլալն է»: (Դիմաստուերներ)։ 

Հրանդ Ասատուր Գալէմքեարեան մը չէ անտարակոյս, բայց նախասիրութիւնն ունի իր դիմաստուերած դէմքերը եթէ ոչ չփացնելու, գէթ խորհրդանշական արժէքներու փառքին հետամտելու: Չեմ երաշխաւորեր Ստեփան Ոսկանի մէջ իր յայտարարած իմաստասերը, ընկերաբանը, գիտունը, բանաստեղծը, այսինքն Ոսկանի սերունդին մէջ շատ հազուադէպ տիտղոսներ: Նոյն այս չափազանցութիւնը, առաւել աստիճանով մը անիկա ըրած է Նիկողոս Զօրայեանի համար, հասարակ լրագրողէն մեծ միտք մը գտած ըլլալու իր միամտութիւնը չզգալով։ Արդ, Զօրայեանի գործը զարկած եմ կշիռի: Ու իմ կասկածը Հրանդ Ասատուրի հասկացողութեան վրայ անշուշտ շատ զօրաւոր չէ, իր Դիմաստուերներուն տարողութիւնը, ասոնց վրայ իր եզրակացութիւնները հիմնովին մերժել արտօնող Ստեփան Ոսկան բանաստեղծ է մեր ամէնուն չափ, այսինքն իր կիրքերուն անձնատուութիւնը զսպելու անկարող մէկը որ այդ իսկ հանգամանքով իր գրածներուն կը հաղորդէ այդ կիրքին տուրքը: Անոր մէջ գտնել կարծել ինչ որ իրաւ բանաստեղծը կ՚որակէ, անդին է միամտութենէն։ Ստեփան Ոսկան իմաստասեր մը չէ, ինչպէս չէին իր բարեկամները Բարիզէն Միշլէ, Քինէ, Պէրանժէ, թերեւս Գուզէն, բոլորն ալ յաւակնոտ իմաստի մարզերուն համար բայց լրագրողի արժանիքներով միայն օժտուած։ Ոսկան հաճոյքն ունի իմաստին, մեր լրագրութեան համպարակ բառակոյտին մէջ պուտ մը խելք հետապնդող, ճիշտ իր քննադատած Միսաքեանին տարողութեամբը, որ ակնբախ է իրողութիւնը իմաստասէր մակդիր մըն ալ աւելցուցած է իր Պուէտին. Հիսարեանին պէս որ սիրած է մտածողները, մտածելու արարքը, բայց չէ յաջողած զայն նուաճել: Պէրպէրեանին պէս որ դպրոցական դասերուն մասնակի շահեկանութիւնը ջանացած է խորհրդաւորել ու ամէն օր խօսիլ իր վարպետներուն անունով: Եղիային պէս որ գէթ կարդալ կարծած է իմաստասէր հեղինակներ եւ ծաղրանկարային միամտութեանց առաջնորդած է իմաստին հասկացողութիւնը (Իմաստասիրական իր հանդէսները, Բառարանները, Փորձերը)։ Աւելորդ է այս թուումը։ Ստեփան Ոսկան ընկերաբան մը չէ, եթէ երբեք այդ բառը գիտութեան մը յայտարարն է, քանի որ ճշմարիտ գիտուն մը առնուազն ինքզինքը չէր վաճառեր իրեն օտար, անօգուտ մարզանքները: Իրեն քաղաքակից Գ. Կոստանդեանն ալ գրած է յօդուածներ, բոլորն ալ մեր հասարակութեան անմիջական կարիքները շահագրգռող, մասնաւորաբար Չիլինկիրեանի Ծաղիկին մէջ (1861-64) բայց չէ յօժարած հանդէս մը վարել: Իր Մեթոտի վրայ գիրքէն վերջ, անիկա հրաժարած է Ոսկանին պէս իր ժողովուրդին սպասէն, բայց չի լրագրած

Ի՜նչ հարկ այս հերքումներուն սակայն: Վերի գիծերուն ընդմէջէն թէեւ դժուար բայց ոչ անտեղի է սեւեռել փորձել Ստեփան Ոսկան մարդը, այս անգամ ինք իր մէջ, առանց իր տիտղոսներուն, աւելի կամ նուազ շփացուած համբաւին: Յետոյ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը միշտ իր զբաղումը պարտաւոր է արդարացնել մեր հեղինակներուն հետ: Կա՞յ, այս մարդուն ետին մեր ժողովուրդին յատուկ հանդէս մը կողմերու, յատկանիշներու: Կրնա՞նք Ստեփան Ոսկան անուանուած խառնակ, խնդրական, ուրացուած, չփացուած փառքին մէջ ճանչնալ քանի մը արժանիքներ, թերութիւններ։ Այս է իմ տեսակէտը, զոր նկատի եմ ունեցած ամէնէն շատ իր սերունդին միութիւններուն համար, քանի որ գրական անառարկելի, ծանր վկայութիւններ գրեթէ միշտ կը պակսին, այդ հռչակներուն ամրութիւն ճարելու համար։ 

Իր կեանքը ուսումնասիրող մը, կը գրաւուի ատոր արձակութեամբը, անհանդարտութեամբը, թելադրականութեամբը, խռովքներովը, վերիվարումներովը։ Ասոնք յատկանիշներ չեն սակայն, ասոնք պատահմունքներ են մարդոց կէս դարը կէտկիտող Ստեփան Ոսկանին սեպհական են սակայն հմայք, տպաւորութիւն թողելու լայն շնորհներ, օտարները շահագրգռելու խուլ առաքինութիւններ, բռնութիւն՝ լեզուէ, կիրքէ, համոզումներէ յախուռն գործօնութիւն, վտանգելու չափ ամէն ձեռնարկ. անհանդուրժողութիւն` իր իսկ ազգային շրջանակէն ներս, անդուռն բերան, ինչպէս կ՚որակեն գիրքերը մեր քանի մը հայրապետները . Լամբրոնացի)։ Հաւաքեցէք այս ընդհանուր ու մասնակի նկարագիրները ու ջանացէք ատոնց գումարին տակ կարդալ մեր ժողովուրդին ՝ ալ պատմապէս ապացուցուած նկարագիրները։ Ստեփան Ոսկան, ապահովաբար, զաւակն էր իր ժողովուրդին։ 

Ահա իմ առաջին հաստատումը։ Մէկիկ մէկիկ բանալ այս յատկանիշները, զանոնք վերլուծել Ոսկանի անձնաւորութեան, գործունէութեան վրայ, կը նշանակէ մենագրութեան մը ձեռնարկել: Տակաւին կը նշանակէ, իր սերունդին վրիպանքը գրականին մէջ արդարացնել: Ատոր չունիմ ժամանակը: Անիկա Զարթօնքի Սերունդին լաւագոյն ուժերէն մէկը ըլլալուն հակառակ, մեկնած է մեր աշխարհէն տխուր հռչակով մըն ալ։ Վերերը մօտեցայ մեզի ըրած իր մեղադրանքին: Իր հացը հանելու համար իր գրիչը օտարներուն ծախելն ալ քիչիկ մը ազգային դաւաճանութիւն էր սակայն: Իր կրքոտ, մոլեռանդ խառնուածքն էր հեղինակը իր վրիպանքին եւ ոչ թէ մեր անարժանութիւնը իր տաղանդը բեղմնաւորելու: Չեմ կրկներ վերի մտածումները։ Հիմնական են ինծի համար իր ահաւոր եսասիրութիւնը, իր անձին համար հսկայ որքան շքեղ իր համարումը, գործելու իր արմատական անընդունակութիւնները։ Տիպարն է ան որուն համար մեր ժողովուրդը բանաձեւած է ամէնէն իմաստուն առածներէն մէկը. գլորող քարը մամուռ չի կապեր: Ոստանէ ոստա՜ն: Ի հարկէ։ Սուրէն Պարթեւեանն ալ տարբեր կեանք չունեցաւ: Բայց մեր գրականութիւնը անոր շքեղ տաղանդէն տրտում անուն մը միայն ունի այսօր։ Դարձեալ հիմնական են ինծի համար իր անձնաւորութեան ներսը սքօղեալ իր ամբարտաւանութիւնը, ճշմարտութիւնը խրտուիլակելու իր կեցուածքները, ախոյեանութիւն խաղալը, թերեւս ծնունդ ալ, ասոնք ամէնքը, շատ իրաւ կարողութիւններու: Բայց անցած է ինքը, ու իր գործը անբաւարար (կը հաւատամ ըսածիս թէեւ չըլլամ կարդացած) իր այդ կարողութեանցը համար վկայութիւն բերելու

բ) Գործիչը եւ հրապարակագիրը, այս մարդուն մէջ, կը մնան ենթակայ վերի ընդհանրացումներուն: Չունինք տեղեկութիւն իր խօսքին ուժէն որ գործիչ մը lancer ընող մեծագոյն շնորհն էր այդ օրերուն եւ այսօր ալ: Կռիւ միայն ըրած է իր բարեկամներուն, մեկենասներուն, ազգին մէջ վարկ ունեցող «խոհական» նկատուած անձնաւորութեանց հետ: Անոր գրիչին տակ Յակոբ Կրճիկեանը շլամիտ հայ մը կ՚ըլլայ: Արդ, Ոսկան, Կրճիկեանին մէջ խորամանկ հայը զգացած է անշուշտ, բայց չէ կրցած պարկեշտ ըլլալ այդ ցեղային առաքինութիւնը «ինք իր մէջ » արժեւորելու: Յաջողած Կրճիկեան մը շիլ միտք մը միայն կրնար ըլլալ: Հետաքրքրական պիտի ըլլային իր դատաստանները՝ իրեն ժամանակակիցներուն վրայ: Կ՚արհամարհէ վարդապետները (այդ թուականին Բարիզ է Այվազովսքին, առնուազն մեծ երախտաւոր մը մեր դպրութեանց), կ՚անտեսէ իր իսկ յանձնառութիւնները, շռնդալից յօդուածներու խռովքին ուշադիր: Կը տապալէ բոլոր բարի կամեցողութիւնները, տապալելու հաճոյքէն բռնավար: Չեմ կրկներ իր կեանքին մեծ զիկզակները: Բայց իրմէն նուազ օժտուածներուն օրինակները կը դնեմ ընթերցողին մտադիր գնահատման։ Իր կողմէն խծբծուած Գալուստ Կոստանդեանը իր ձեւովը ջանացած է օգտակար ըլլալ։ Աւելի համեստ մարդ մը, Չիլինկիրեան, որ Եւրոպա ալ չէ ըրած, վարած է հանդէս, ու օրուան իրողութիւններուն շուրջը արտայայտած՝ ատենին համար նոր, յառաջահայեաց մտածումներ: Չիլինկիրեանը դժուար է իբր գրագէտ արժեւորել անշուշտ, բայց դարձեալ դժուար անոր դերը չարժեւորել մեր լեզուին, մամուլին բարելաւմանը մէջ։ Ոսկան ըրած է թարգմանութիւններ [4] որոնք իր յիշատակը կը փոքրեն, չըսելու համար կը կործանեն

1860ը խոշոր հրապարակագիրներու շրջան մը կրնանք ընդունիլ: Զարթօնքի բերումներէն էին ընթերցման տրուելիք զարկը, գիրքին ընդհանրացումը, բեմին օգտագործումը հանրային կարիքները: Բայց այդ ամէնէն գերադաս, ապահովաբար` Մամուլը: Այդ է պատճառը որպէսզի այդ թուականներուն բոլոր գրիչ բռնողները ըլլան, նոյն կարգով, բայց գերազանց ախորժակներով, լրագրող: Ատենաբանն ու քերթողը միջոցը կը գտնեն իրենց կերպովը սպասարկելու այդ պէտքին: Մ. Պէշիկթաշլեան թէեւ թերթ չունեցաւ (Գալէմքեարեան կը յիշէ իրմէ ձեռնարկ մը, Հանդէսի մը համար, որ չէ իրագործուած) չփախցուց առիթները բեմէն ընելու ինչ որ ուրիշներ կ՚ընէին թերթով։ Իր խօսած ճառերը, զանազան տարեդարձներու, միութեանց, ընկերակցութեանց համաժողովներուն, թեւաւոր, թեթեւ լրագրութեան կը պատկանին։ Շրջանին սա բարեխառնութիւնը երբ տիրական է անխառն բանաստեղծներուն իսկ մօտ, ոչինչ կայ զարմանալի եթէ երբեք հրապարակագրական որոշ յարմարութիւններ իր հետը բերած մարդ մը, ՝ մարդերու խումբ մը բոլորանուէր տրամադրուին հրապարակի անմիջական կարիքներուն: Բայց, ու կը կենամ հոս։ Փաստ է նոյն ատեն որ գրական գործերը մեծ չափով կ՚ազդուին բարեխառնութիւններէ: Ո՞ր տարօրինակութեան գինովն է որ երկու լրագրող, Ստեփաննոս Նազարեան եւ Միքայէլ Նալպանտեան, Ոսկանի գործօնութեան ամէնէն տաք օրերուն, հեռու Հիւսիսի մէջ հիմնած իրենց մէկ հանդէսովը գրականութեան մը հիմնադիրները դառնան, առանց Դուրեանի, Պէշիկթաշլեանի, կը զիջիմ՝ Ալիշանի, Միսաքեանի, Ռուսինեանի, այսինքն հարազատ տաղանդներու (գէթ մէկ մասին մօտ) նպաստին, արթնցնեն այլապէս թմրած զանգուածներ, ու այդ դերին անընդունակ ըլլան մեր Զարթօնքի Սերունդին վաւերական ուժերը, մեծ պատրաստութեամբ, երբեմն հանճարով պաշտպանուած ըլլալնուն հակառակ: Կը կարդամ, Չիլինկիրեան Հայկունի Ծաղիկը, կը զգամ այդ չորցած տերեւներուն տակ օր մը թրթռացած կեանքին լեզուն, կը հասկնամ այդ մարդոց շրջանը ու չեմ կրնար չցաւիլ որ ինչո՞ւ այդքան իրաւ ապրումներ՝ այդ կարիքներու ճնշում, ու նոյնքան հանգամանաւոր մարդեր չազատագրուին իրենց անմիջականին բռնութենէն։ Ոսկանի հանդէսները (Արեւելք եւ Արեւմուտք) տաք իրո ղութիւններ կը թուին եղած ըլլալ, եթէ կը ներուի իմ քիչ տեսածս այդ ուղղութեամբ արժեւորել փորձել մը ինծի, պէտքերէ ծնած (այդ թերթերով առաջացած ծանր խռովքները, դիւրազգածութեանց հասած հարուածները, խմբագրին յաւակնութիւնները, մանաւանդ թերթերը պատսպարող սիրտցաւ օգնութիւնները դրամատէրներու խմբակի մը որոնք ա՛լ չեն կրկնուիր մեր՝ գրականութեան պատմութեան մէջ), ու պէտքերու գոհացման սպասարկու, կ՚ունենան ճիշտ ներհակ արգասիք: Արդ, ո՞ւր է հրապարակագիրի մը արժանիքին փորձակշիռը` իր կործանածի՞ն թէ իր շահածին մէջ, երբ ժամանակը կուգայ այդ կշիռը գործադրելու: Անշուշտ, իմ կեցուածքը պիտի չունենար սա կերպարանքը եթէ երբեք այդ հրապարակագրին ետին ինծի ըլլար տրուած հաստատել մնայուն գործերու աշխատաւորը, գրագէտը։ Այսօր Լեւոն Բաշալեանը մոռցուած, հիմնովին մեռած է իբրեւ հրապարակագիր: Այս մարդը Ոսկանին խելքը չունէր անշուշտ։ 

  Բայց ունէր անկէ աւելի օգտաւէտ շնորհ մը, ատիկա՝ իր դերը հասկցած ըլլալը ու ատոր իրագործումը հետապնդած ըլլալը ապահովաբար։ Եթէ լքեց գրականութիւնը, Ոսկանին պէս շատ կանուխ, բայց չպարզեց տրտմութիւնը ինքզինքը օտարներուն վաճառելու: Ու իր հատորիկը, իրական ստեղծագործութիւն, այդքան իրարանցումներու ընդմէջէն դարձեալ ազատուած, փառք մըն է իր յիշատակին: Մեր գրականութիւնը չի կրնար մոռնալ Ղալաթիոյ Ռէսթը, Տէրտէրին Ուխտը, Սիւզէնիի Վարպետը, Նոր Զգեստը։ Բաշալեան խմբագիրը կը թաղենք խաղաղութեամբ բայց կը գուրգուրանք իրմէն մեզի ժառանգ այդ կտորներուն, պատառիկներուն փխրուն գեղեցկութեանցը վրայ: Շաթոպրիան թարգմանելու չափ գրականութեան զգայարանք մը պարզող Ստեփան Ոսկանէն մեզի մնացածը իր ոտանաւորներն են։ Կարդացած եմ քանի մը հատները, սուր, խայթող, չար ու կծու: Այսինքն տաղաչափեալ լրագրութիւն։ Այսինքն գրական զգայարանքէ անմասնութիւն: Վ։ Զարդարեան կը յիշէ իրմէն 25–30 կտոր քերթուածներու պատմութիւն մը։ Ուրիշ տեղ մըն ալ կայ աւանդութիւնը Ոսկանի ձեռագիր քերթուածներուն որոնք Իզմիր տունէ տուն կը պտտէին, ստեղծելով խորունկ հետաքրքրութիւն, էբիկրամ, մատրիկալ, քաշքշուք, անշուշտ: Բայց որոնց աղն ու պղպեղը գրականութեան խոհանոցին համար անօգուտ են դժբախտաբար։ 

Իմ ծրագրէս եւ ուժերէս դուրս է հանգամանօրէն վերլուծել մեր հրապարակագրական պատկառելի մթերքը։ Որքա՜ն հանդէս ու որքա՜ն անուններ: Միւս կողմէն մեր գրականութեան բացառիկ մէկ մասնայատկութիւնն ալ՝ չըլլալն է լիովին  ազատագրուած այդ կերպարանքէն: Չէ՞ որ մեր բոլոր գրագէտները շատ աննշան բացառութեամբ մը իրենց տուրքը վճարած են այդ մողոքին։ Անոնք որ օր մը պիտի փորձուին այդ մթերքը օգտագործել, գէթ մեր ժողովուրդին իմացական բարեշրջումը ամբողջացնելու սրտառուչ առաջադրութեամբ, անշուշտ պիտի ունենան գծելիք, յօրինելիք, կառուցուելիք խոշոր անձնաւորութեանց շքախումբ մը, որոնք արդար հասակով մը կը զատուին ասպարէզէն գաճաճներէն, ցեցերէն: Լէօ նուիրեց ընդարձակ աշխատանք Գրիգոր Արծրունի անունով մարդու մը որմէ արեւելահայ հասարակութիւնը մեծ բարիք վայելեց բայց գրականութիւնը՝ ճիղճ վիպակ մը։ Արեւելահայերը չեն կրնար մոռնալ, էլի մինչեւ այսօր, Արծրունին։ Ի՞նչ բարիք բերաւ Արեւմտահայ գրականութեան, հասարակութեան, Ստեփան Ոսկան անունով մեծ մարդը: Հարցուցէք ու կեցէք։ Ամէնէն առաջ իր չարիքը, պաշտպանուած հասցէներ կործանելու: Երկրորդաբար իր վատ, դաւաճան ուրացումը: Գիտենք թէ ֆրանսացիներուն ծառայող մեծ մտաւորականը ո՞ւր տուաւ իր վերջին շունչը իր պապենական կալուածներն ալ ծախելէ վերջ իր թերթին (La Réforme) uպաuին մէջ։ Ու գիտենք դարձեալ որ Սուրէն Պարթեւեան Աղեքսանդրիա հիւանդանոց մը մեռաւ, Երուանդ Օտեան Գահիրէ՝ դարձեալ հիւանդանոց մը։ Գէորգ Պուպլի, Ոսկանի հիացող Իզմիրցի լրագրող մը, իր դագաղին վրայ արտասանած է դառնութիւն արտայայտող զգացումներ: Բայց չեմ գտներ մեր՝ հայերուս բաժինը այս զգացումներու ծնունդին մէջ: Ստեփան Ոսկան մինակ չէր իր լքումին մէջ։ Մեր բոլոր գրողները գէթ կրնան իր ստուերին հետ, ստուերներու արքայութեան մէջ, ունենալ հաւասարապատիւ խօսքեր ու փաստեր: Ոչինչ կը պակսէր իրեն ինքզինքը իրագործելու պարտքին համար, բացի ահաոր իր եսասիրութեան չարիքէն։ 

Հոս է իր ողբերգութեան լուծումը: Իր տաղանդը չեմ կրնար մերժել զայն, փաստի անբաւականութեան պատճառով իր դժբախտութիւնը չյօրինեց սակայն։ Չտուինք իրեն հաց։ Բայց որո՞ւ տուինք մենք այդ հացը մեր գրողներէն: Ո՞վ չէր կրնար իր ըրածին պէս ծախել իր գրիչը. Զօրայեա՞նը, Չերա՞զը, Բաշալեա՞նը, Օտեա՞նը, մարդեր ասոնք որոնք Ոսկանին չափ գրել գիտէին իրենց լեզուն եւ օտար լեզու մը նոյն, ատեն։ Կեցան՝ իրենց դժբախտութիւնը կրելու արիութեամբ: Մեռան։ Ու իրենց յիշատակը կը յարգենք։ Ոսկանին համար այս էջերն իսկ, ինծի կ՚ազդեն որոշ խղճահարութիւն:



[1] Ոսկան 1855-ին կը հրատարակէ Արեւելքը, Բարիզ։ Հանդէսը (կիսամսեայ) կը բացուէր սա տեսակ յայտարարութեամբ մը, «Յուսամք թէ, կը գրէր երիտասարդ խմբագիրն, ազգը քսան տարիէ ի վեր իմաստակներու սուտումուտ գովեստը եւ անամօթ շողոքորթութիւնը լսելէ ետեւ, քիչ մ'ալ ճշմարիտ քննութեան եւ անշահասէր խրատի ականջ պիտի դնէ եւ իր էական պակասութիւնները պիտի շտկէ։ Արեւելքը այն աստիճան մեղր բերան չպիտի ըլլայ, եւ քանի մը մարդերու հաճելի ըլլալու համար ճշմարտութեան երեսը չը պիտի թքնէ կամ մրոտէ»։ Հ. Գ. Գալէմքեարեան, որուն Պատմութիւն Հայ Լրագրութեան երկէն կ՚ընեմ սա մէջբերումը, կը հաւաստէ թէ «իրօք այնչափ սաստիկ սպառնացուած [ճշմարիտ քննութեան եւ անչահասէր խրատի] հետքը չկար լոյս տեսած 14 թերթերուն մէջ» Պատուական բանասէրին դատումը, կտրուկ ըլլալուն չափովն ալ անարդա՞ր է արդեօք։ Բնագրի պակասը զիս կ՚ընէ զգոյշ։ Միայն դիտել կուտամ որ Ոսկան Մուրատ-Ռափայէլեան կտակին հարցն է որ արծարծած է Արեւելքի լոյս տեսած թիւերուն մէջ ու Մխիթարեանները ամբողջ ազգին ծանր դառնութիւնը երկար ատեն կրեցին իրենց խղճմտանքներուն վրայ երբ դիւանագիտօրէն եւ կրօնագիտօրէն կերպը գտան հայ ժողովուրդին կտակուած գումար մը… իւրացնել: Ասկէ դուրս Ոսկան Մխիթարեաններու, առհասարակ վանականներու ծանօթ իր հակառակութեամբը միշտ վէճի մէջ եղաւ անոնց հետ: Արեւելքին ճակատագիրը ճակատագիրն է բոլոր նպաստընկալ ձեռնարկներուն։ Բարիզի խմբակը (դրամատէրներ, որ ստանձնած էր հանդէսին հրատարակութեան ծախքերը, այնքան կը հասկնար լրագրութենէն, գրականութենէն որքան իրենց Պոլսեբնակ հայրերը, տակաւին իրենց գաւառէն բերած կօշիկներն իսկ հանելու անյօժար։ Վեց ամիս իսկ չդիմացաւ այդ առատաձեռն պաշտպանութիւնը։ Արեւելքէն առաջ Ոսկան Պոլիս հրատարակած է «Ներքին Համոզում». պրօշիւրը։ 1854-ին, Իզմիր, ուր անցած է, դադարի անկարող այս սնդիկի պէս ծանր ու հովի պէս թեթեւոգի մարդը, կը հրատարակէ «Հռովմէական Պարգեւ» անունով ուրիշ տետրակ մը։ Երկուքն ալ ուղղուած էին Բազմավէպ եւ Եւրոպա (Վիէննական Մխիթարեաններուն օրկաններ) հանդէսներու խմբագրութեանց որոնք, իրենց բոլոր ազգօգուտ, ազգանուէր գործունէութեան կողքին ունէին տակաւին ուրիշ ալ շատ ազգօգուտ, ազգանուէր առաքելութիւններ, որոնցմէ մէկն է եղած հայ եկեղեցին հերետիկոս ցուցնելը Եւրոպայի առջեւ։ Ոսկան, մինչեւ եղունգներուն ծայրը բոլեմիստ, անշուշտ պիտի գտնէ առիթը շահագործելու ամէնէն ընտիր միջոցները: Երեսնամենի, կրակոտ, ճշմարիտ գրողի խառնուածքով այդ հրապարակագիրը այս յատկանիշներուն վրայ ունի աւելցնելիք նաեւ քաղաքական մարդու շատ զօրաւոր խառնուածք: Զուր տեղը չէ որ Turin ֆրանսերէն հրատարակուող թերթի մը մէջ, իր յօդուածներով ուշադրութիւնը պիտի գրաւէր Իտալիոյ ամէնէն մեծ պետական եւ ԺԹ. դարու «ամէնէն մեծ քաղաքագէտը» որակուած մարդուն՝ Քավուրին։ Զուր տեղը չէ որ 1867 -ին պիտի հիմնէ ֆրանսերէն թերթ մը ու զայն վարէ մինչեւ իր մահը, արի, անյողդողդ՝ Հ. Գալէմքեարեանի հաւաստումը այս վկայութիւններով չեմ համարձակիր հակակշռել, ըսի թէ ինչու: Բայց կը համարձակիմ կասկածի տակ առնել պատուական Մխիթարեանին հաւաստիքը։ Մնաց որ Արեւմուտքին համար ալ (դարձեալ Ոսկանէն խմբագրուած, 1859-ին, 24 թիւ, ու 1864-ին երկրորդ անգամ, առանց կարենալ բոլորելու տարին) Գալէմքեարեան կը գործածէ նոյն ոճը։ Հրանդ Ասատուր Մխիթարեան վանական մը չէր ամէն պարագայի:

[2]       Արեան ձայներուն վրայ անսասան է իմ հաւատքը։ Ոսկանի երակներուն մէջ կը հոսէր մերձաւոր արիւն մը անոր որ կը հոսէր դարձեալ Նուպար Նուպարեանի երակներուն մէջ։ Այդ Նուպարը ԺԹ. դարու մեծագոյն մարդերէն մէկն ըլլալու սահմանուած տղայ մըն էր, Եգիպտոuի մեծ նախարարապետը, այդ երկրին ճշմարիտ բարերարը։ Առաքելը ուրիշ տիպար, միշտ նոյն ձայներէն մղուած։ Այս վերջինին շքեղ ասպարէզը, իբր զինուորական, դեռ շատ երիտասարդ, պիտի գոցէր անմահ փառքով մը։ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը իմ ժողովուրդի արժանիքներուն հանդիսարանը իբրեւ դաւանելուս համար է որ իմ պակսող ուժերը ղեկավարեցի անոր խմբագրումին։ Ճիշտ այդ մտածումով է որ ինծի կը ներեմ քանի մը տող տալ մեր գրականութիւնը չշահագրգռող բայց մեր ցեղային արժանիքները յայտնաբերող մարդու մը յիշատակին։

[3]       Կը յիշեմ կարդացած ըլլալ Նամականի մը, խմբագրուած այդ վարժարանի ուսանողութեան վերին կարգին կողմէ, գրաբար: Թուականը (1856) պայծառ է տակաւին մտքիս։ Տղու զարմանքս այդ հանդիպումէն. գրաբար նամակներում, դպրոցականներու գրիչով, աւելի էր քան արար քով սպասելի պարզմտութիւնը։ Ոսկան նոյն այդ վարժարանին մէջ ահա առաջին անգամ գահերէց կ՚ընէ օրուան լեզուն, այն թեթեւ, անյաւակնոտ աշխարհաբարը որով գրուեցան Զարթօնքի սերունդին անդրանիկ ալ հատորները։

[4]       Ոսկանի թարգմանութիւնները Էօժէն Սիւէն (Թափառական Հրեայ, մէկ մասը միայն՝ հրատարակչին հետ գժտութեան մը երեսէն կէս մնացած), Շաթօպրիանէն (Յետին Ապէնսերաժը, դարձեալ կէս մնացած), Պէրանժէէն (ոտանաւորներ), Վոլթերէն (Ժանօ Եւ Քոլէն), ՏԷշանէլէն (Թէ կիները որքան բամբասուած են, եւ թէ Կիները որքան գովուեր են), Ֆլորիանէն (Երկու տոմսակ), ինչպէս կը յիշատակէ Հ. Ասատուր, փաստեր են անշուշտ լրագրողի սուր իր ախորժակին։ 1850էն վերջ այդ գործերուն հայերէնի փոխադրումը աննպաստ կարծիք մը կը թելադրէ Ոսկանի իմացականութեան։ Թերթօն, զգայացունց վէպեր, սրամիտ ու անցուկ գիրքեր, ահա իմաստասէրին, ընկերաբանին, գիտունին իմացական տարողութիւնը։ ԹԷ ատոնց մէջ մեր աշխարհաբարը ստացաւ որոշ՝ յղկում, դարձեալ կը մնայ խնդրական։ Գիտէր՝ շատ հիմնաւոր կերպով մը երկու լեզուներն ալ՝ Հրանդ Ասատուր գովեստի բառեր ունի իր ճաշակէն, կուտամ խօսքը անոր. «Ինչ որ գլխաւորաբար իր գրուածքները կը յատկանշէ լեզուի մասին, քերականական որոշ օրէնքներու կիրարկումին հետ, բառերու ընտրութիւնն է։ Միշտ կարճերն են որ կը գերադասէ: Այսպէս, կը գործածէ մտական, ազդում, տոյժ, խուսել, իրութիւն, վարանք, կախան, պարգեւաբաշխ փոխանակ մտաւորական, ազդեցութիւն, տուգանք, խուսափիլ, իրողութիւն, վարանում, կախաղան, պարգեւաբաշխութիւն բառերուն: Ֆրանսերէն բառերու համազօր գեղեցիկ բառեր կը գտնէ, ինչպէս՝ արարուհի (actrice), քրքիր (curiosité), խելառ (fou), գռիհ (rue), տրիտուր (récompense), շփըրիկ (dandy), նորելք (mode), շարագիր (rédacteur)։ Ժողովրդական շատ բառերու եւ ասութիւններու քաղաքացիական իրաւունք կուտայ գրական լեզուի մէջ, ինչպէս՝ կճել, պճպնալ, բռնկուն, անուեբերան, անուշաչուի: Ոսկանի ոճին մէջ կը նշմարուի ֆրանսերէնի մեծ ազդեցութիւնը, կարծես ֆրանսերէն կը խորհի երբ հայերէն կը գրէ։ Բայց ոճը իր գլխաւոր մտազբաղումն է: Միսաքեանի, Ռուսինեանի, Օտեանի պէս իր սերունդին այն սակաւաթիւ հայ գրողներէն է որոնք մեր աշխարհիկ գրականութեան մէջ փայլեցուցած են ճշմարիտ գրագէտի արժանիք, նոյնքան իմաստի որքան ձեւի տեսակէտով» (Դիմաստուերներ, էջ 117)։ Յստակ է այս տողերուն տարողութիւնը։ Ինծի չիյնար այդ գնահատանքի դիմաւորել ուրիշ աւելի բանաւոր չափերով։ Բայց չեմ կրնար իր յիշած միւս անուններէն իմ տպաւորութիւններս եւ գնահատանքս անգամ մըն ալ յիշել այս առիթով։ Ոսկանի վրայ Հրանդ Ասատուրի ուսումնասիրութիւնը լոյս է տեսած առաջին անգամ Լոյս հանդէսին մէջ (1907): Այսինքն շրջանի մը ուր մեր լրագրութիւնը կը տառապէր նիւթի տագնապէ մը եւ լեզուին վրայ գործադրուած նրբացումներով կը կարծէր պարտկել իր պակասը: Այդ շրջանին անշուշտ որ սրտապնդիչ վերադարձ մը, դէպի յիսուն տարի առաջուան հրապարակագրութիւնը, կը պաշտպանուէր իսկապէս մեծ, իրաւ անուններուն ալ յիշատակովը։ Ո՛չ Ռուսինեան, ո՛չ Օտեան, ո՛չ Միսաքեան մեր լեզուին չեն ծառայած, հակառակ վաւերական գրողի իրենց արժանիքներուն, այն չափով որով այդ սպասը ըրին տկլոր Իւթիւճեանը, անմշակ Քէչեանը, աղքատախնամ Հայկունին կամ Չիլինկիրեանը։ Ճշմարիտ գրագէտը աժան տարազ մըն է Հրանդ Ասատուրի ընդհանուր քրօնիկներուն մէջ քիչ մը ամէն անձի յարմարող։ Արդ, մենք կը դժուարանանք զիջել այդ փառքը յիշուած բոլոր անուններուն, այն գլխաւոր փաստին պատճառով որ հրապարակագրութիւնը միշտ հրապարակագրութիւն է, երբեք գրականութիւնս Չիլինկիրեան 25 հատոր վէպ է թարգմանած. Մամուրեան՝ երեսուն։ Այդ վէպերն էին որ յարդարեցին մեր աշխարհաբարը, յաղթահարեցին գրաբարախառն հերձուածը 1880-ի մարդոց, ու Իրապաշտներուն յանձնեցին ճկուն, կոկ, նոյնիսկ որոշ գեղեցկութեամբ լեզու մը։ Տուէք Եղիային ազատութիւն, Չերազին իրաւունք որպէսզի գրեն իրենց քմայքին պէս։ Դուք չէիք ունենար 1890-ի արու աշխարհաբարը: