Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Զ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ԿՈՂՄԵՐԸ ԻՐ ՏԱՂԱՆԴԻՆ

Վաւերական է իր տաղանդը, առանց կողմերու բացարձակ զանազանութեան մը։ Բայց չի նմանիր մեր անխառն փառքերէն ոմանց ալ, որոնք մէկ ու միակ շնորհ մը ունեցան ու անոր լոյսովը անցան մեր մէջէն։ Մեր Վարուժանը, Մեծարենցը, Սիամանթոն դուք չէք կրնար բաժնել կողմերու։ Տիկին Եսայեանին առջեւ քննադատը կը բանայ հազիւ երկու փարակրաֆ։

Անոնցմէ առաջինին մէջ կ՚իյնայ վիպողը։ Տիկին Եսայեան մեր գրականութեան բերած է հոգեբանական վէպերու յաջողակ մշակում մը։ Ըսի թը ինք չէր զայն սկսողը։ Բայց այդ յաւակնութիւնը արդարացնող ուրիշ գործեր չեմ կրնար յիշել, երբ կը գրեմ սա տողերը։ Իր վիպակները (կ՚ակնարկեմ անոնց որոնք պարզ պատմումի սահմանին մէջ մնացին, պոլսահայ մամուլին տասնըհինգ տարիներուն մէջ տրուած (1900—1915) եւ զորս ինք հատորի չվերածեց, ինչպէս ըրաւ օրինակի համար ՔՕՂԸին եւ ԵՐԲ ԱՅԼԵՒՍ ՉԵՆ ՍԻԻՐԵՐ ին համար) կնիքին տակն են Սիպիլեան կերպին։ Իր վէպերը, սկսնակի թէ հասունութեան շրջաններէն, զօրաւոր վկայութիւններ են ճշմարտապէս արուեստագէտ խառնուածքէ մը, ինչպէս գրելու թեքնիքը տիրապետող գործաւորի մը։ Իրմով արեւմտահայ վէպը կ՚ընէ մեծ նուաճումներ։ Ծաւալի, շունչի հարցերը, իր առիթով, անշուշտ մեզի կը պատճառեն տրտմութիւն, իր շնորհներուն առատութեան ընդդէմ մեզի ձգուած արդ ինքին սակաւութենէն թելադրուած։ Բայց զինք մոռնալու պայմանները զոր հարկադրեցինք անոր գրիչին։

/258/ Իր երկրորդ կողմը, տպաւորապաշտ գրողի իր մեծ վաստակն է, որ անոր կեանքին ամբողջ արուեստին համար օգտագործելի տարիները ունի իր հետ։ Ու իր տպաւորապաշտութիւնը ընդարձակ է այնքան որքան իրապաշտ մեծ դէմքերունը։ Այդ բաժինին մէջ կը զետեղեմ իր լրագրական բոլոր յօդուածները օրուան հարցերու շուրջ, միշտ լուրջ մտածումով մը պաշտպանուած ու գրուած առանց սեթեւեթի՝ մեր կին գրողներին բոլորին համար տիրական թերութիւն։ Երբեմն այդ գրութեանց մէջ անոր վիճակուեցաւ արտայայտման կորով, մտածման խորութիւն ալ յայտնաբերել այնքան՝ որ մարդիկ չվարանեցան անոր մէջ առնական առաքինութիւններ գտնել ու փառաբանել։ Բայց ինչ որ իր անունին ընդմիշտ կապուած փառք մը պիտի մնայ, ատիկա՝ քրոնիկին ամբարձումն է գլուխ–գործոցի մը յաղթանակին։ Այս ուղղութեամբ, Հայ գրականութիւնը ժառանգած է իրմէ թերեւս այն միակ հատորը ուր մեր ցեղային զգայնութիւնը կը խտացուի անմահ էջերու վրայ, հոծութեամբ մը, մարդկայնութեամբ մը, հարազատութեամբ մը որ իր նմանը չունի մեր հին ու նոր գրականութեանց մէջ։ Կ՚ակնարկեմ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ քրոնիկին, որուն դրուագները կու գան Կիլիկիոյ եղեռնէն։ Միւս հատորը, ՊՐՈՄԵԹԷՈՍ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾ, առանց առաջինին կրակոյդ (pathétique) խորութեան փաստ մըն է իր աչքերուն որքան արեւմտահայ ընդհանուր զգայնութեան։ Այս շարքէն թերեւս դժուար չըլլար յիշել ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐ վիպացած քրոնիկը։ Ու հոս է որ կը զետեղուին դարձեալ իր այն էջերը, ինչպէս ԱՇՈՒՂԸ, ԵԱՇՄԱԳԸ, ԻՒ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՆՈՃԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋը, եւ ուրիշ շատ կտորներ, որոնց մէջ վիպողին եւ նկարողին, կեանք մը սեւեռողին եւ քնարական յոյղերու երջանիկ երգիչին չաղապատումը մեզ կը գրաւէ։ Իր տպաւորութիւնները, իր հայրենիքին մեծ տագնապներէն, իր դատումները արեւմտեան ինչպէս արեւելեան գրողներու եւ մտայնութեանց մասին, իր խորհրդածութիւնները մեր ընկերային զանազան վէրքերու մասին, երբեմն աւելի ընդարձակ հետաքրքրութիւններ, համամարդկային լայն դրութիւնները դէպի, բայց մանաւանդ Պոլիսէն իր վերակազմած պատկերները, յուշերու կախարդական մշուշին ընդմէջէն, Տիկին Եսայեանի տաղանդին այս երեսն ալ կ՚ընեն ուշագրաւ ու իր համբաւին պաշտպան որքան ստեղծիչ առաջնակարգ ազդակներ։