Ոսկի ապրջան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ
       Փեսացուն՝ Արթաքի աղան՝ քանի մը ամսէ ի վեր պարապ պարապ կը պտըտէր։ Ու շիտակն ալ, երբէք շէնք շնորհք գործի մը եղած չունէր, «խույսուզ թապիէթին սէպէպովը» , ըստ վկայման Սամաթիացիներուն։
       «Պոյան— հաւաստողները միշտ Սամաթիացիները— պզտիկուց դուրս տուած էր»։ Տասուիրեքը չլմնցուցած, օր մը Սահակեան վարժարանէն առնել քալելով, գացեր «Հայկականը» մանչ եղած էր։ Հոն վարպետէն շարունակ հայհոյութիւն լսելէ եւ ապտակուելէ յետոյ, օրին մէկն ալ դուրս նետուեցաւ, յետոյքէն երկու կիցով։ Իրիկունը սրճարանապետը տղուն հօրեղբօրը կ՚ըսէր.
       —Բիճին պօյը խարըշ մը, լեզուն էնտազէ մը։
       Մարդը սրճարանէն շիտակ հարսին տունը գնաց եւ «շան ծնունդ»ին աղէկ տփոց մըն ալ ինքը քաշեց, մօրը աչքին առջեւը։
       Լակոտը, ա՛լ անկէ ետքը սրճարանէ սրճարան դեգերեցաւ, առանց տեղ մը չորս հինգ ամիս կայանքի։
       Հօրմէն արդէն որբ, մայրն ալ մեռաւ։
       —Վո՜ւյ, զաւալլը կէնճը, խալսեցա՜ւ, խալսեցա՜ւ, վայեցին դրացի կիները, երբ «կէնճ»ին ճաղը տունէն դուրս կը հանէին։
       Խալսած էր զաւկին ձեռքէն։ Բայց անառակը շատ լացաւ, հոգի մը ունէր, մօրկանը վրան կու տար։
       Հօրեղբայրը որբը առաւ իր տունը տարաւ, ուրկէ խույսուզ ը օր մը պօխճան թեւին տակը, արցունքը աչքերուն մէջ, ելաւ մօրեղբօրը գնաց.
       —Եէնկէ, ես ա՛լ հոս պըտոր կենամ, ըսաւ հեծկլտալէն։
       —Բարով եկար, հազար բարով, տղաս, պատասխանեց բարի կինը խնդալով։
       Պօխճան թեւին տակը, նորէն հօրեղբորը վերադարձաւ։ «Անդին» սրդողած էր։
       Մեկ տունէն միւսը երթեւեկը շարունակեց, մինչեւ որ ծեծ ուտելու տարիքը անցընելով, վերջապէս հօրեղբօրը տունը մնաց։ Սրճարանի սպասաւորութիւնն ալ թողուց ու ֆէսճիի քով մտաւ, միտքը հաստատ դրած՝ որ օրին մէկը ինքն իր գլխուն խանութ բանայ, տուն տեղ ըլլայ։
       Գործը փոխեց, բայց բնաւորութիւնը՝ ո՛չ։ «Օձը շապիկը կը փոխէ, խույը չի փոխեր» կ՚ըսէր հօրեղբայրը։ Չեղաւ, որ լման տարի մը մէկուն քովը մնար։ Աշխատող տղայ, աչքը բաց, ձեռքէն գործ կ՚ելլար, բայց ան չըլլալի՛ք լեզուն, ան չորնալի՜ք մսին կտորը. ամէն բան աւրողը ա՜ն էր, ա՛ն։
       —Պէ՛, ա՛յ օղուլ, քիչ մը անուշ լեզու եղիր, կ՚ըսէր նոր վարպետը, երբ յաճախորդ մը բարկացած կը թողուր կ՚երթար։— Սա մարդը հիմաճուկս քեզի ի՞նչ ըրաւ քի, ելար տէ երեսն ի վեր ատանկ պէտ պէտ խօսքեր ըսիր։
       Տահա ինչ պըտոր ըներ քի, սա կը տեսնայ քի, երկու ձառքս կրակն է տէ, հինգ տաքիքայ սապր չ՚ըներ։
       Պէ՛ ա՛յ օղուլ , հախ ունիս ամա, ըսելուն ալ եօլը կայ։ Ելար մարդուն երեսն ի վեր, «Բաթլամիշ չես ըլլար կո՛ր եա՛» պոռացիր։ Անա՞նկ կ՚ընեն. «Հիմակ, էֆէնտիս, հիմակ պէյս» կը զրուցես, ավընտըրմիշ կ՚ընես, ու դուն կենէ քու գիտցածդ կ՚ընես։
       —Ես ատանկ կեղծաւորճա բաներ չիյտեմ, կը մռլտար։
       Է՛յ, չիյտես ամա, իշտէ մարդն ալ ձգեց գնաց, մէյմը տահա հոս ոտք չի կոխեր։ Հոս գալէդ ի վեր հինգ միւշտէրի փախցուցիր։ Ասանկ երթալու ըլլայ նէ, մենք աս խանութը թէզով կը գոցենք։
       —Է՛յ իշտէ ե՛ս ալ կ՚երթա՛մ։ Ես ասանկ գործին մէջն եմ…
       Ու ապարահետական հայհոյութեամբ մը, ձեռքին գործը ձգելով, ֆէսը կը դնէր, կ՚առնէր կը քալէր։
       Բոլոր վարպետները, որոնց քով մտած ելած էր, աչքի զարնող դիտողութիւն մըն ալ ըրած էին։ Տէլի օղլան ը օր մը օրանց տաճկի մը Էյվալլահ ըրած չունէր. բերնէն երբեք փաշա՜մ, պէյի՜մ, էֆէնտիմ մը փախցուցած չունէր։
       Սամաթիա ու շրջակաները ա՛լ խանութպան մը չի կար, որ Արթաքին քովը առնել ուզէր, մինչեւ շուկան անցաւ, նորէ՜ն չեղաւ, նորէ՜ն չեղաւ։
       Սամաթիացի է, թապի քիչ մը սերթ կ՚ըլլայ, ամա՛ աս խտարը չէ կ՚ըսէին նոր վարպետները ու աշկերտը կը ճամփէին։
       Խեղճը չէր կրնար հասկնալ իրեն դէմ հիմակ յայտնուած դժգոհութեան պատճառը։ Առաջուանը չէր մնացած նէ՜։ Ինքզինքը վար դրած էր, լեզուն կը բռնէր, ծարը եկած խօսքերը կը կլլէր։
       —Պէ տահա՛ ի՞նչ ըլլամ քի, կ՚ըսէր, պա՜լմոմի եմ դարձեր, պա՜լմոմի. ո՞ւր է ան առջի տէլի ֆիշէնկ Արթաքին։
       Դիւրահալ մեղրամոմի պէս կակուղցած էր. ու լեզուէն ըսես, հալած մեղր կը ծորէր, վասն զի յաճախորդին երեսն ի վեր «բաթլամիշ չես ըլլար կոր եա՛» պոռալու տեղ, քթին տակէն՝ «քիչ մը սապր չունի՞ս» կը մռլտար։
       Չեղա՜ւ, չեղա՜ւ։ Անունը ա՜լ «նամ տուած էր» ինչպէս ինքը կ՚ըսէր։ Չորս ամիսէ ի վեր ամէն անգամ, որ խանութ մը կը ներկայանար, «գործ չկայ» պատասխանով ճամբու կը դրուէր։
       Կը մտմտա՜ր, կը մտմտա՜ր։ Ա՛ս ալ կեա՞նք էր, աս ալ ապրա՞նք էր։ Տարիքը կու գար, կը լենար. դէպի քսանըհինգը ճամբայ բռնած էր ու դեռ անգործ, անտուն, անտեղ բարբրական մը, տաս փարային «ա՜խը» քաշելով։ Ամուճային դուռը ինկած շուն մը, կերած հացը, խմած ջուրը կռնակէն վար կ՚երթային։ Ի՞նչ ընէր, ի՞նչ։
       Պզտիկուց մէկտեղ մեծցած ընկեր մը ունէր, արխատաշ մը, սիրտը անոր կը բանար մինակ։
       Ծօ՛ Արթաքի, ըսաւ օր մը ատ ընկերը, թրախօմայով աղջիկ մը առնես տէ, գործ բռնես նէ ընտո՞ր կ՚ելլայ։
       —Զէֆքլէնմի՞շ կ՚ըլլաս, քրթմնջեց, ինծի պէս պօն պօշ պտըտողին բարայով աղջիկ ո՞վ կու տայ։
       —Ինչո՜ւդ պէտք. դուն «հա՛» ըսէ՛։
       —Է՜յ, հա՛։
       Անանկ է նէ, գործդ եղաւ, պատասխանեց արխատաշը եւ Արմիկին խօսքը բացաւ։
       Ինքն ալ գրաշար էր։ Երկու օր առաջ ճամբան Ղուկաս աղան դէմը ելլելով, իրեն ալ ապսպրած էր, որ «եթէ խելքը գլուխը, բարոյականը տեղը շնորհքով տղայ մը գիտէր նէ, Արմիկին ընէր. աղջիկը տասը շըմէնտըֆէր ունէր»։ Իրեն ալ մտքէն Արթաքին անցած էր։
       Կ՚ըլլա՞յ մի, չըլլա՞ր մի» սկսան խորհիլ, ծովեզերքի խարխուլ սրճարան մը, օղիին շիշը առջեւնին դրին վերուցին։ Ինչո՞ւ չէր ըլլար։ Տասը շըմէնտըֆէրը երեսուն ոսկի կը բռնէր։ Կլորիկ դրամագլուխ մը, որով Արթաքին խանութ մը կը բանար եւ գործ կը տեսնար։
       Միւս օրը Արթաքիին ընկերը Ղուկաս աղան գտնելով, գործը լմընցուց։
       Խօսք կապը տալէն ետքը, Արթաքին սկսաւ ապագային ծրագիրները պատրաստել։ Շըմէնտըֆէր ները պիտի չծախէր, բախտը կրնար բանիլ ու իրեն ալ զարնէր։ Արդէն գիներն ալ երթալով վրայ կը դնէին։ Թուղթերը պանքա մը կը ձգէր, փոխ ստակ կ՚առնէր, գործը կը տեսնար։ Ետքէն պարտքն ալ քիչ քիչ կու տար, ու շըմէնտըֆէր ներն ալ օրին մէկը բոլորովին իրեն կը մնային։ Բանուկ տեղ մը խանութ պիտի բռներ. ֆէս, քանի մը խալիպ պիտի դնէր, ու ֆէսճիութիւն պիտի ընէր։
       Յառաջադիմական գաղափար մըն ալ յղացաւ։ Խանութը քիչ մըն ալ սանկ նանկ բաներ կը դնէր՝ քրավաթ, լաստիկ, օյունճախ, պզտիկ Պօն—Մարշէ մը, հէ՜։ Է՛յ, պզտիկը օր մըն ալ չէ՞ր կրնար մեծնալ։ Ամէն մարդուն գիտցածն էր, որ Ստեփանեանները պասմաճի ի ծակուկ մը ունէին, հիմակ միւթէպէր թիւճճար են։
       Դրաւ վերցուց, չափեց չափչփեց, հաշիւ ըրաւ, որ առջի տարին ամիսը վեց եօթը ոսկի կրնար հանել։ Ձեռք կու տար։ Էրիկ կնիկ պէյի պէս կ՚ապրէին։ Է՜օֆ, մէյ մը պիտի խալըսէ՜ր քի, ասոր անոր խահրը քաշելէն։ Ու ամուճային տունէն ալ պիտի ելլա՜ր, պիտի ելլա՜ր։
       Խորհուրդէ խորհուրդ, քիչ մըն ալ իր բնաւորութեանը վրայ մտածեց։ «Աս տասնեւհինգ տարի է քի ամէնքն ալ իրեն բան կ՚ըսեն նէ, ամէնքն ալ հախսը՞զ են»։ Ա՛լ «պահպանողական» պիտի ըլլար։ Կ՚ըսէր,
       —Իշտէ աս տարիքս եկայ, օր մը օրանց տաճկի մը առջեւ քուչուկլանմիշ չեմ եղած, սա՛ մէկը ելաւ տէ, ինծի աֆէրիմ մը ըսա՞ւ։ Աֆէրիմ էն վա՛զ անցանք, մէյ մըն ալ ելեր չամչնալով երեսս վար կ՚առնեն քի, «Դուն տաճիկներուն էյվալլահ չես ըներ»։ Հացերնիս անոնցմէ է եղե՜ր. անոնք չըլլան եղեր նէ, մենք անօթի պըտոր սատկինք եղեր։ Ծօ՛, Մոսկոֆին Հայերը անօթի՞ կը մնան։ Եա՛, աս իմին թափած քրտի՞նքս, եա՛ աս իմին կրած շան տանջանքս։ Թո՛ւ երեսնուդ, սուրաթ նուդ։ Խերն եմ անիծեր, պէ՛. ինչո՞ւս է պէտք։ Աս միլլէթ ը մարդ ընողը ե՞ս մնացի մի։ Ա՛լ գործս պըտոր նայիմ։ Իշտէ երսունս կ՚երթամ կոր, տահա հինգ փարայի տէր չեղայ, պօմ պօշ կը պտըտիմ, շան պէս ամուճայիս դուռը ինկեր եմ։
       Նառլը—Խափու ին կողմը, Եէտի—Խուլէի կայարանին մօտերը կոկիկ խանութ մը գտաւ, վրան սենեակ մը եւ խոհանոց մը. Գերմանացի մը շինել տուած էր։ Հօրեղբօրմէն քանի մը ոսկի փոխ առնելով գնաց վարձեց։ Ձեռքէ փախցնելու չէր ի գար։
       Այս կողմէն սիրտը հանգստացած, ա՛լ առտուընէ մինչեւ իրիկուն Սթամպօլ, Ղալաթիա, Բերա խանութները կը դեգերէր։ Մեծ-Շուկայէն Պօն—Մարշէ կ՚անցնէր, Պօն—Մարշէ էն՝ Պազար Ալման ։ Ամէն տեղ կը կայնէր, կը նայէր, կը զննէր, կը քննէր, գիները կը հասկնար, աժանը սուղը կ՚իմանար։ Ղալաթիայէն Բերա ելած իջած ատենը անպատճառ հեղ մը Պորսան պիտի մտնար երկաթուղիներուն գիները պիտի իմանար։ Գործի մարդ պիտի ըլլա՜ր։
       Ու օրացոյցը միշտ ձեռքը, մինչեւ Առջի Պսակ՝ օրերը, շաբաթները կը համրեր։ Լմննալիք չունէի՜ն։
       Ահա՛ թէ ինչու օրացոյցը շինող վարդապետներուն մօրուքին կը հայհոյէր, ու Օգսէնը կը փնտռէր։