Կայսերական յաղթերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՂԱՆԴԸ

Ու կու գար անիկա։

Ճամբա՞ն։

Բայց ո՞վ չէր գիտեր։ Ձիւներուն տակէն ատանկ արթնցող ու դէպի գեղը շտկող ծերուկը երկու հատ չունէր։ Լերան ճամբայէ՞ն, որ ատ օրերուն ինքնիրմէն կ՚ելլէր ու ճերմակ, մեծ բան մը կը դառնար։

Մարդուկը հագած կ՚ըլլար կարմիր պատմուճան, վրան ոսկիով, մէջն ալ արծաթով ու գլխին ունէր սուր կոնով գդակը, ա՛ն՝ որուն ծայրին ներկուած հաւկիթ մը կ՚օրօրուէր աղաւնիի։

Մօրո՞ւքը։

Ճիշդ ճինի մօրուք, որ հասակ կ՚առնէր երբեմն, եօթը բարտիի չափ։ Ու կը պզտիկնար մանկան մը ափին պէս։ Անոր պէտք ունէր դանդաղ ծերունին, ճամբան աւլելու, ճամբան բանալու համար։ Ճերմակ այդ ճամբան, ուր ձիւնը կ՚իյնար եօթը եղեւին թաղելու աստիճան։

Բերածնե՜րը։

Քիչ բան: Մեր տունը դուրս կը մնար անոր հետեւած գիծէն, խեղճ ու մենաւոր մեր տունը։ Ու ես սորված էի, այդքան կանուխէն, թէ աշխարհի բոլոր մարդերուն նման Կաղանդ պապան ալ երես չէր տար մեզիպէսներուն։

Ես պզտիկ էի, քիչ մը շատ պզտիկ, ապրելով մինակ հօրքուրիս հետ, մեր հին տունին մէջ։ Բայց օրեր առաջ, մենք լուր ունէինք ծերուկին վրայ։ Ս. Յակոբին անիկա կը սկսէր արդէն սանտրել մօրուքը ու թօթուել կամաց-կամաց։ Ու կը պատրաստէր՝ տարի մը լման պառկած, քալելը մոռցած իր ոտքերը։

Ու կը սպասէի։ Խաբուա՞ծ։ -

Անշուշտ։ Անիկա նոյն մարդն է միշտ, նոյն մսկոտ ծերուկը, որ չ՚ախորժիր նիհար կրակէն ու կ՚երթայ չուխան հանելու, գօտին պարպելու տաքուկ, աղուոր տուներուն։

Բայց քանի մը գունտ հաց։ Կէս սափոր իւղ։ Ու եօթը պնակ կերակուր։ Ասոնք կը բերէր հօրքուրս կ՚ըսէ, ես չէի տեսած։– Ու քիչ բան չէր ասիկա մեզի համար։ Ուրիշ օրերու սեղան չէր դրուեր մեր տունը։

Ասկից զատ, ան կը քակէր բերանները մեր զոյգ գուբերուն, որոնց տակը սեւ ռուբը կը փայլէր սեւ հայելիի պէս։ Ու կը փրցնէր կնիքը սակառներէն, որոնց մէջ չորեղէնները թոռմած, խաւ կապած կ՚ըլլային։

Ուրի՞շ։

Երբեմն, անիկա կը բերէր մամաս ու աղբարներս հեռու քաղաքէն։ Կամ՝ տաքուկ չուխա մը։ Կամ այնքան սպասուած զոյգը կօշիկներուն, որոնք պագնելէն չէի կշտանար։

Պզտիկ օրերուս աղուո՜ր Կաղանդը։

* * *

Կու գար անիկա, լերան ճամբայէն։ Բայց մի շփոթէք։ Անիկա տարբեր էր մեր գեղի ճամբայէն։

Ա՛լ տղայ էի։ Բայց միշտ կ՚ուզէի, որ գար անիկա նոյն պատմուճանով։ Մօրուքը աւլէր նորէն ձիւները, ճերմակ-ճերմակ ճամբաներէն։ Ու ատանկ ալ էր։

Բայց հոս, քաղաքին մէջ, անոր կռնակին միշտ ալ կու տային կաշի տոպրակը, ծանր, շատ ծանր։ Ո՜վ գիտէ ինչպէս կը տքար։ Ես չէի լսած, աղջիկները կ՚ըսէին։ Ու անիկա թափած կ՚ըլլար նորէն իր բարիքները, զինուորները, կառքերը, ձին, հրացանները, բուներն ու կատուները ու դեռ հազարով բաներ։

Մեզի՞։

Ոչ անշուշտ։ Կաղանդը նոյն մարդուկն է միշտ։ Անիկա համ կ՚առնէ խոշոր տուներէ, մա՛նաւանդ աղուոր աղջիկներէ։

Բայց ես կը ստիպէի մամաս, թեւէն բռնելով, փախչիլ մեր սառուցիկ հիւղակէն ու մուտք ունենալ աղա յին մեծ սրահը։ (Այդ տարիներուն մենք բանուոր էինք մեծ գործարանի մը մէջ)։ Աշխարհով մարդ կ՚ըլլար հոն։ Իմ ինչո՞ւն պէտք։ Ես միջոցը կը գտնէի երթալ կենալու ինծի տարեկից աղջկան մօտիկ, որ աւելի ճերմակ էր, քան նոյնիսկ Կաղանդին մօրուքը ու դուրսի ձիւնը։ Ու նայելով անոր հասակին, դեղին մազերուն, ես կծկուած, խեղճ, բայց առանց նախանձի՝ կը սպասէի Կաղանդին մուտքին։

Ես տղայ էի, ա՛լ անցած տասնէն։ Ու չէի նախատեր Կաղանդը, որ ատանկ մուշտակներ, ատանկ մատնիներ, ատանկ մանեակներ կը սիրէր ճարել։ Անշուշտ ոչ ինծի։ Աղջիկ չէի ես։

Ու հաշտ աչքերով ես կ՚երկննայի ծերուկին պատկերին, երբ կը նստէր ատանկ եղեւինի կատարին ճիշդ ճինի մը պէս, ճինի մօրուքովը։ Ու ինծի չէր նայեր։ Ու տարօրինակ էր, որ իրաւունք կու տայի կախարդ ծերուկին։

Երբ աղուոր աղջիկները կան, երբ հարուստ աղջիկները…

Այո։ Ատ օրերուն ալ Կաղանդը կու գար նոյն ճամբաներէն…

Ինծի բերա՞ծը։

Բայց անուն չունի անիկա։ Անիկա ձեւն էր, երազն էր, այդպէս ոսկի հագուած ու աղջիկ դարձած։ Որուն սպասել կը սորվին տղաքը շատ կանուխէն, որ տեսիլքի մորենիին պէս կ՚այրի ու բոց կը թափէ, բայց անուշ, բայց պաղշտկող։

* * *

Ու անկէ յետոյ անիկա եկա շատ, շատ անգամներ։

Ո՞վ զբաղէր պիտի ալ անոր ճամբաներովը։ Ու պատանի չեղած՝ ես մոռցայ մօրուքին կախարդ աւելը, ոսկեջրուած ծերունին։

Ու չեմ կրնար յիշել հիմա այդ տարիներէն, ոչ իսկ մէկ հատը իր նուէրներուն։ Կաղանդը նոյն մարդուկն է միշտ։ Ու մեր տունը, գեղը թէ քաղաքը, դուրս պիտի մնար անոր ուղիէն։

Բայց դեռ կը յիշեմ. ատ օրերուն ինծի սորվեցուցին ուրիշ դրուագ մը ծերուկին պատմութենէն։

Աւանդութիւն մը, որ ընդհանուր չէ առաջինին չափ, կ՚ուզէ, որ Կաղանդ պապուկին ետեւէն ուրիշ ծերունի մըն ալ պտըտի։ Ասիկա տրտում ու կոտրած, առանց մօրուքի ու մինակ ոսկոր։ Ա՛ն՝ որ պիտի դնէ ատ տարուան համար, անտես կնիքը բոլոր սեմերուն, որոնցմէ մահը ներս պիտի անցնի։ Ու պիտի թափէ քիչ մը մոխիր ան դուռներուն առջեւ, ուրկէ Տառապանքը պիտի մտնէ…։

Ու տարօրինակ է, որ երբ տարիները ջնջեցին քիչ-քիչ առջի ծերուկին դիմագիծերը իմ մէջէս ու, ինչպէս հինցած գաճէ արձանի մը, առին վրայէն ինչ որ ունեցած էր ան աղուոր ու բարի, միւսը, երկրորդ ծերուկը տակաւ թանձրացաւ, ոսկորները մեծցուց ու ամէն Կաղանդի չմոռցաւ մեզ։

Իր բերածնե՞րը։

Անհուն, անսփոփ պատրանք։

Իր բերածնե՞րը։

Շատ շատերուն մէջէն՝ հիւանդ աղջնակ մը, իմ պատանութեանս հեռու օրերէն։

Ու գիշերը լուռ՝

Որ կը փորուի հիմա մտքէս վար, ինչպէս հորի մը յատակը, որ լայննար մէկէն ու անակ մը դառնար, պզտիկ սենեակովը։

Պիտի չխօսիմ ձեզի դուրսի ձիւնէն, որ անհուն իր պատանքը մտնէ։ Աղջկան հօրմէն, որ բոլոր հայրերուն պէս այցի է գացած մեռել-տուներուն։

Բայց տեսէք զիս, ատանկ մենաւոր, ատանկ գիծէ դուրս տունի մը մէջ։ Ու օճախի սեմին, կաշի ոտքերը գոցէն սառելով՝ հիւանդ աղջիկը։ Հիւանդ, բարակով հիւանդ։ Նշանը՝ կոտրած։ Չէին սպասած նոյնիսկ մեռնելուն ու կարգած անոր նշանածը։ Բարակով հիւանդ աղջիկները հարսի քողին տեղ պատանք կը ստանան ճակատագրէն։

Ճերմակ է աղջնակը, բայց առանց գոյնի։ Ու մուշտակ ունի, բայց ցուրտի մը դէմ, որ արդէն, բռնկած արիւնէն կը բխի ըսեր կու գայ։ Ու պիտի չկոտրի, մինչեւ որ չթափի հողին։ Ու անոր ալ վիզէն կախ է ոսկիով մանեակը, որ մահուան դեղին կնիքը կը դնէ անոր կուրծքին ու կը թրթռայ ամէն մէկ հազի։

Օճախի սեմին, կը հսկենք անոր, մայրիկը ու ես։ Անոր աչքերը ողջ են ու կ՚այրին ու անոր շունչը կը նմանի ակի մը եռքին, որ մօտ է ցամքելու…

Ատ պատկե՞րը՝ փլող երազին։

Անիկա մտաւ հոգեվարքին մէջ, հայրը դեռ չդարձած իր մեռել-տունին։

* * *

Կաղանդի գիշեր։

Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ քովէ քով կու գան սա զոյգ աղջիկները իմ ալ մտքիս մեռել-տունին մէջ։ Ու տարօրինակ է, որ այդ հեռուներէն անոնք այնքան նման ըլլան իրարու: Մէկը՝ իր թարմութեամբը, գեղեցկութեամբը, միւսը՝ իր փլատակովն ու հոգեվարքովը։

Դուն, Կաղանդի գիշեր, դուն կախարդ շղարշ, որ կը զգեստաւորես բոլոր ձեւերը, սկսողները՝ ինչպէս մարողները։

Ու տարօրինակ է, որ քու պատանքիդ տակ իյնան մեծնալու., աղուորնալու համար՝ միամօր պուպրիկները ու դատապարտուած նշանածները։ Ու սիրուածները՝ ինչպէս մեռելները հագնին քու մեծ գիրքէդ էջ մը, գիշերուան մը սեւ կերպասը, որ զանոնք հարս տանէր յաւիտեանի մը համար։

Կաղանդի գիշեր։

Ժանգոտած դռնակ դուն ինծի համար։

Քեզմէ կը բերուին

Երբեմն մայրեր, երբեմն աղջիկներ, երբեմն կօշիկ, երբեմն մեռել…

Ուրի՞շ։

Բայց լաւ է լռել։

Լաւ է մա՛նաւանդ վախնալ հարցումէն։