Կայսերական յաղթերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՂԱՆԴԻ ԳԻՇԵՐ

Նոր հա՞րս։

Ուրիշ ամէնուն նման։ Մինակ որբուկէն՝ նոր հարս։

Այսպէս կը տեսնէ զինքը, մանկամարդ կին մը ապակիին տուած իր քակուկ մազերը։ Ան կը նայի դէպի պատին, կը նայի կամաց ու ներսէն, ծաղկենկար այն խորութեան, որ թաւիշին ծփանքը կը շինէ երբեմն եւ ուրկէ կը զատուի, սպիտակ երազի մը պէս, հարսնուկի իր քաղցր պատկերը։

Բայց իրիկունը Կաղանդի է, չես գիտեր ինչով ատանկ տարբերող։ Տխո՞ւր։ Աւելի քան սովորական իրկունները։ Ու ահա հարսնուկին հազը, որ կ՚աշխատի դուրս գալ կարծես լաթերուն տակէն եւ որուն բեկորները միայն կը հասնին անոր ակռաներուն տակ փշրուելու։ Ու տրտում գիտութիւնը, որով անիկա կը ջանայ կառավարել դժբախտ կոկորդը։

Յետոյ շարանը պատկերներուն, որոնք կը քաշուին անոր ուղեղէն, ուր անմիջական ներկան, սպասուած կամ չսպասուած ամուսինը, առաջին Կաղանդով։

* * *

Ինչերնուդ պէտք անոր անցեալը։ Կը բաւէ գիտնաք, որ անիկա ազատած է անապատէն։ Ինկած Գահիրէ՝ Աստուծոյ խորհրդաւոր ճամբաներէն։ Յետոյ՝ հարս գացած մէկու մը, որ փեսայ եղաւ փոխ զգեստներով։

Անոր հարսանիքին փոխ մոմեր եկան։ Ու եղան փայլուն զգեստով փայլուն տիկիններ։ Ու տէրտէրը երախտագէտ ու օրհնող բառեր գտաւ ազգին հասցէին, որ չէր մոռնար իր սրբուհիները, արհեստաւոր երիտասարդին, որ «դիւցազնաբար» սիրտ ըրաւ ընտրելու այս «կողակիցը»։ Ու թերթերը գովեցին իրենց հարսանիքը։

Ատոնք անցնող են։

Իրականը, մնացողը ան է, որ հարսնուկը կտիկ–կտիկ շինած է այս սենեակը, գետնի ժպտուն ծածկոյթէն մինչեւ պատուհաններուն ժանեկաւոր զարդերը, մինչեւ պատերուն համեստ ձեռագործները։ Ու նոյն ատեն, անիկա հատած է, կտիկ–կտիկ, մնալու համար սա կաշին ու ոսկորը, օր օրի, ամէն գիշեր քիչ մը բան տալով իր միսերէն աննշան ցաւի մը, որ չի ծանրանար, որոշ տեղ չունի ու սիրտին մօտերը կը թափառի։

Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս։

Բայց ատիկա չեն հարցներ հիմա տիկինները, որոնք միշտ փայլուն կը հագնին ու նոր հարսնիքներ կը կառավարեն։ Իրեն այցելած չունի տէրտէրը, որուն լեզուէն ազգը այնքան սրտառուչ բաներ իրական կ՚ընէ։

Աղքատիկ կին մը միայն, իր նոր դրացին, միջոցը գտաւ զինքը մինչեւ բժիշկը տանելու։ Անկէ դարձէն վերը, կեցան այն քանի մը ոտքերն ալ, որոնք քիչ մը շարժում կը բերէին ամայի այդ սենեակին։ Ու ահագին քաղաքը խղդած է անոր սիրտը, ինչպէս մարմինը։

Ու հիմա, Կաղանդ գիշերով, ան ձգած իր անկողինը, ուրկէ ժամերով չի բաժնուիր ան իր ցերեկներուն, գլուխն է տուեր պատուհանի ապակիին ու կը սպասէ։

Ի՞նչ բանի։

Անիկա չի գիտեր, ինչպէս չեն գիտեր բոլոր սպասողները։ Մինակ՝ Կաղանդի գիշեր է, ու օդին մէջ կան պտըտողներ, զամբիւղ-զամբիւղ երջանկութիւն բաժնողներ, կան անանկ ուժեր, որոնք չոր ծառերուն գիտեն հոգի տալ։ Ու հիւանդներո՞ւն։

Անոր աչքին առջեւն է հիմա ամուսինը, ա՛ն՝ որ փեսայ եղաւ փոխ զգեստներով։

* * *

Տաքուկ է օդը։ Ու մեծ քաղաքը գործի է հանած իր գոյնզգոյն փոշիները, շքեղ կառքերը ու, մա՛նաւանդ՝ կախարդ ինքնաշարները։ Անցորդներ, մեծ-մեծ տուփերով։ Բարի, բարի լոյս մը, որ իրերը կը կաղանդէ ու կ՚աւելնայ նոյնիսկ տովլաթ ով փողոցներէն։

Ահա դիմացի կօշկակարը։ Ի՞նչն է, որ զինքը տարբեր ցոյց կու տայ։ Ինչո՞ւ կինը, անոր ձեռքերէն բռնած՝ կը նայի այդքան իրակարող, այդքան անուշիկ իր երեսներէն, աչքէն ու յօնքէն։ Ու ինչո՞ւ անոր երկու պզտիկները մէկէն կը կենան, իրենց ժպիտին մէջ կարծես հալելով, աննիւթանալով։

Ու ահա իր նոր դրացին։ Ամէն օր յոգնած իր խեղճ դրացին, որ պզտիկ ճիւղի մը վրայ մոմեր կը վառէ եւ Կաղանդ կ՚ընէ։

Ու տեսարաններ։ Անոնք բոլորն ալ պսակուած են օրուան խորհուրդով։

Ու նոր հարսնուկին անոր չմաշուած միտքը, որ կարգով կ՚անցնի կարելի նուէրներուն վրայէն։ Ու անիկա կ՚երազէ շողակնով մատնին, կ՚երազէ օղը ու, քիչ մըն ալ վախով, խոշոր մանեակը:

* * *

Տժգոյն է լոյսը յոյն տղաքներուն, երբ իրենց լապտերները կ՚երկարեն դէպի պատուհանները։

Այիոս վասիլիոս, Այիոս վասիլիոս

Ապահովաբար ամբողջ հեքիաթ մը կայ այդ վասիլին ետեւը։ Ով գիտէ որքա՜ն ալ ճշմարտութիւն։ Ու միւս սուրբերը, որոնք այցելել կու գան ու խորտակուած սիրտին տեղ նոփ–նոր կը դնեն։

Ամայի է սենեակը ու հարսնուկին յոգնած հասակը կ՚երկըննայ հիմա իր մահիճին մէջ։

Տաքուկ, տաքուկ է դուրսը, իր ճակտին վրայ։ Բայց անոր ոսկորներուն մէջ բարակ–բարակ կը պտըտի խոնաւ սարսուռ մը, որ անոր միսերուն վրայ մանրակայլակ կը փշտի ու յետոյ պաղ արիւնի մը պէս կը թափի սիրտին։ Ու անոր կուրծքին խորունկներէն պուտ– պուտ կը հաւաքուի բարակ այն ջուրը, որ անոր կոկորդը կ՚այրէ կարմիր կրակով ու հող կը դառնայ։

Բայց անոր մտքին մէջ կը լայննան ու կը ծովնան յոյսին դաշտերը, մշտապէս կապոյտ, ուր կը բուսնին մեր երազները, ինչպէս մեր պատրանքները…

Կաղանդ գիշերով, տարուընակ հարսները ինչե՜ր կը սպասեն։

* * *

Դուռը կը բացուի։

Ու, մարդկային շունչէն առաջ, օղիի բարկ ու քացխած բոյր մը կը ծաւալի մենաւոր սենեակէն ներս։

Այդպէս է, որ կու գայ հիմա, գրեթէ ամէն իրիկուն, «դիւցազն» երիտասարդը, անութին տակ հացն ու պանիրը։ Անիկա կը նետէ ծրարը պառկողին մահճակալը ու կ՚երկննայ բազմոցին, աչքերը գոցելով։

Գիտէ ատիկա հիւանդ հարսնուկը։ Բայց մեր յոյսերը յոգնիլ չեն սիրեր։ Կաղանդի գիշեր։ Երբ դուրսը վայելքն ու բարութիւնը զամբիւղով կը չափեն։ Երբ մարդերը կ՚աշխատին ու կ՚ըլլան ուրիշ ու բարի։

Ու ահա իր մարդը։

Ան գինով է աւելի շատ, քան ամէն իրիկուն։ Ու անոր անութին՝ ծանօթ ծրարը։ Բայց անոր ձեռքին՝ թուղթէ կապոցը։

Առ։

Կը նետէ երկուքն ալ բաց անկողինին, որուն եզերքէն հարսնուկը կը նայի վախկոտ։ Յետոյ, մատ մը՝ թուղթէ կապոցին, շօշափող, կանացի, ու հարցաքննող։

Հիւանդին նուէրը։

Մարդն է ըսողը։

Հարսնուկին մատները կը բզկտեն թուղթը, տկար ու տենդոտ։

Դեղ է։

Մարդն է ըսողը։ Բայց անոր ձայնը ցուրտ է եւ օտար։ Ու անոր ձայնը խոռոչի մը կը նմանի, ապառաժ լերան մը սիրտին փորուած։ Ու անոր մարմինն ալ քար է, երկաթ է, հող է։ Այնքան ցուրտ է անիկա մարդերուն օրէնքներէն։

Ու հարսնուկը կը նայի անոր, դէմի կնոջ պէս։ Յետոյ, մէկէն, բռնկած ու նոյն ատեն սառած, արիւնը կուլ տալով եւ հազը ուտելով, անիկա կ՚իյնայ բաց մահճակալին։ Թող գոցուին անոր աչքերը։

Ու անոր մտքին մէջ աւելի քաղցր է հիմա միւս սեւ պատկերը, հողէ մահիճին անհուն պատկերը։

Անոնց հարսնիքին տիկիններ կային։ Ազգը մոմ ղրկեց ու որբախնամը ինքզինքը գովեց քաղաքին թերթերուն մէջ։

Ու Կաղանդին ան ունի ահա նոր հարսի իր նուէրը։

Շիշ մը լեղի դեղ։

Ուրկէ՞։

Չ՚արժեր, որ գիտնաք։ Ով գիտէ ո՛ր մեռածէն աւելցած շիշ մըն է անիկա։

* * *

Չեմ կարծել, որ դիւցազն տէրտէր մը յօժարի թաղելու անբախտ որբուկը, անբախտ հարսնուկը, թաղողչէքը չապահոված՝ Աղքատախնամէն։

* * *

Մարդերուն կեանքը։

Ի՜նչ ոսկեզօծ սուտ, երբեմն՝ ի՜նչ իրաւ արցունք։ Բայց մա՛նաւանդ, գրեթէ միշտ, ի՜նչ աղուոր կեղծիք։