Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
***


27 Յունվար 1894

Սիրեցեալ Յարութիւնս,

…Կրկին կը թախանձեմ, որ թողուք զիս իմ ուրուականներուս հետ։ Կը նմանիմ ես այն ծառին, որ կիսով հողէն խլուած է եւ որոյ արմատին նրբագոյն ծայրերէն մինչեւ երկնաբերձ կատարին բարակ ճիւղերն հեծեծանք մը կը պտտի օրն ի բուն։ Հոգեկան իմ այս վիճակիս մէջ, առանձնութենէն աւելի սիրելի բան չէր կրնար ըլլալ ինձ համար. կա՛մ անկողնիս մէջ տարածուած, կամ թիկնաթոռի մէջ ընկողմանած, կանխաւ կը ճաշակեմ Նիրվանայի հանգիստն, որուն կը ցանկան հոգւոյս եւ մարմնոյս բոլոր մասնկունք։ Բնութիւնը կը հակագործէ երբ երբեմն, արիւնս երակներուս մէջ կ՚եռայ եւ աւիւնն հոգւոյս մէջ կը բորբոքի. յայնժամ սենեակիս առաստաղն երկնակամարի կը փոխարկուի իր «կաթէ ճանապարհ»ով եւ իր համաստեղութիւններով, եւ ադամանդներ ոտիցս տակ ցանուած կը տեսնեմ, որոնց վրայ կիսամերկ կը պարեմ օդանոյշ ոգիներուն հետ, երկնահոս նուագաց ընկերակցութեամբ։ Մերթ պատրանօք չշատանալով` նետուիլ կը բաղձամ մարմնոց եւ իրաց մշտայոյզ մրրիկին մէջ, մրրիկը վարելու յաւակնութիւններով. համակ յափշտակութիւն եմ յայնժամ, համակ զօրութիւն։ Եւ սակայն յուսախաբութիւնները, զորս կրած է սիրտս, անէացման անյաղթելի տենչն, որով համակուած է հոգիս, զիս կը նետեն թիկնաթոռիս վրայ, ուր կը մնամ ժամերով` անկուշտ աչերս Պայռընի պատկերին սեւեռեալ…։

Կեանքս այսպէս կ՚անցնի եւ այսպէս կ՚ուզեմ, որ անցնի։ Կը հիանամ աշխատողներուն վրայ, բայց… թշնամի եմ ես աշխատութեան, որ ինձ ապարանք մը խոստացաւ եւ հիւղակ մ՚իսկ չտուաւ։ Հիմա գիտե՞ս, թէ ինչ կը փափաքիմ։ Մեծահարուստ մարդ մը զիս ա՛յնչափ սիրէր, որ յօժարակամ հարստութեան կէսն ինձ նուիրէր, եւ ես զայն մսխէի՜` կառքեր ու մակոյկներ գնելով ու կեանքս անոնց մէջ անցընելով. կառքիս պատուհաններէն դուրս, իբրեւ ողորմութիւն, արծաթ մէճիտներ աղքատ աշխատաւորաց բաժնելով` յանուն հօրս, մօրս ու եղբօրս։ Անիրանալի՜ բաղձանքներ. ոչինչ ունենալիք ունիմ, եւ արդէն ինչ որ ունիմ, ինչ որ կայ շուրջս երկրաւոր, ամէն ինչ աչքէս առ յաւէտ ելած է` բացի Պայռընի պատկերէն եւ բացի սրուակի մը մէջ պահուած ափ մը խարտեաշ հողէն, որոնք կը փափաքէի, որ հետս թաղուէին։

Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1926, էջ 223)