Գրական նիշեր ու նկարներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԻՐՎԱՆԱ
(ԳՐԻԳՈՐ ՕՏԵԱՆԻ ՄԷԿ ՆԱՄԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ)

8 Մայիս 1883, Բարիզ

Ազնիւ Տէմիրճիպաշեան,

Սրտիս պէտքն է, որ պատասխանեմ նամակիդ լի այնքան ազնիւ զգացումներով ու այնքան ալ չափազանցութիւններով։ Այլ պէտք է նաեւ գրեմ, զի շատ գրեցիր դու ալ ու կը գրես եւ ես միշտ հաճոյքով կը կարդամ գրածներդ, իբրեւ գրական հատուածներ, եւ միշտ տհաճութեամբ կը կարդամ, երբ կարդամ իբրեւ իմաստասիրական հատուածներ։ Հոգի կայ գրական հատուածներուդ մէջ, եւ երբ կ՚իմաստասիրես, ամեն բանի հոգին կ՚ուրանաս։ Անձամբ անհաւատ չ՚ես. անհաւատի պաշտօն կը կատարես։ Սրտիդ բոլոր ձգտումները, հոգւոյդ բոլոր խանդը, ինչ որ ի քեզ է, գոյութիւն եւ կեանք եւ սէր, կը վառի, կը ծախի անտեսանելոյն, անհասանելոյն, անպարագրելոյն տենչովը։ Ո՜, որ երանութեան դրախտին համար էիր ստեղծուած, գիտութեան ծառին պտուղէն կերար։ Ճամբուդ վրայ, ամենագէտ Լիթրէյին հանդիպեցար։ Ի՞նչ գիտէ Լիթրէն։ Ա՜հ. այս մեր տեսած աշխարհը ու տեսանելի տիեզերքը գիտէ. անոնց օրէնքները գիտէ ու շատ գաղտնիքները թափանցած է։ Հապա անտեսանելի աշխա՜րհը եւ անտեսանելի տիեզերքը, որոյ գոյութիւնը հռչակեցին նորագոյն գիտուններ, եւ աներեւոյթ զօրութի՜ւնը, որ մարթ չ՚է ուրանալ այս աշխարհիս մէջ ալ եւ զոր կը զգանք ի մեզ, ի մարդը, մանաւանդ. ո՞վ զանոնք պիտի ըսէ. ո՞վ պիտի թափանցէ յաւիտենիցն արդարութեան մեծ եւ սքանչելի խորհուրդը, այլ թէ մարգարէք եւ առաքեալք, անոնք, որ կոչումն ունին կամ ներշնչումն աստուածային։ Ինձ ի՞նչ պէտք, կ՚ըսես դու, անտեսանելի տիեզերաց օրէնքներն, որք անմատչելի իմ հետազօտութեանցս ու իմացականութեանս, ես այս աշխարհի մէջ կ՚ապրիմ եւ բա՛ւ է, որ անոր օրէնքները գիտնամ։ Ա՜հ, այս աշխարհին լոյսն անլուսի՜ ու ջահն ալ շիջանի ու թալացեալ նուաղի՜ լուսինն անգեղեայ, այս աշխարհին, ուր միայն մարդը, այնքան արարածոց մէջ, տժգոհ եւ ապերջանիկ կ՚ապրի։ Եւ դու, անզգա՛մդ առաջի Աստուծոյ, ապերջանիկն այն մարդուն, որ կեանքին տաղտկութիւնը կամ դառնութիւնը կը կրէ, մխիթարութի՞ւն է այդ, թէ հեգնութիւն, որ կը տանիս քու սահմանաւոր ու յարաբերական ճշմարտութիւններդ եւ ուրացումը եւ անյուսութիւնը եւ ոչնչութիւնը, կ՚երթաս քարոզել որդեկորոյս մօրը եւ որուն իր հա՜յրն է կորուսեր, անժառանգելոյն ի բնութենէ կամ խոշտանգելոյն ի մարդկանէ, անոր, որուն յոյսը չ՚է մնացեր այս աշխարհի վրայ, անոր, որուն խղճմտանքն է ծանրացեր, անոր, որուն տարիքն է ծանրացեր, բանտարկելոյն` իր խշտեակին մէջ, հոգեւարքին` իր մահիճին մէջ, կ՚երթաս քարոզել զանյուսութի՜ւն քու աղու բառերովդ ու նուագաւոր քու ոճով, աղէկէզ ու կոշկոճեալ մարդ էակին, մարդո՞ւն, այն, որ, ըստ Պլինիոսի հնոյն, զաշխարհ տիրապետելու համար եղած է եւ որ երբ տիրապետէ, դարձեալ կ՚արտասուէ եւ միշտ կ՚արտասուէ։ Դանդի՜ռ գերեզմանաց. ահա՛ քու վարդապետութիւնդ։ Քո՞ւկդ է արդեօք։ Չէ՛. Լիթրէյի՛նն է, Տարվինի՛նն է, Հէրպէր Սբէնսէրի՛նն է, Հէքէլի՛նն է, Պիւխնէրի՛նն է։ Ինչպէս նամակիս սկիզբն ալ ըսի, դու միայն ի պաշտօնէ անհաւատ ես, հաւատացեա՛լ ես դու։ «Անոնք, որ քու քայլերդ կը տեսնեն, կը զգան, որ թեւեր ունի»։ Անոր համար, ահա՛, դեռ հաճոյքով կը կարդամ քու գրածներդ, ուր կը փայլին քու ճաշակդ, քու սիրտդ եւ քու հոգիդ, եւ որոնց մէջ է՛, զի կը սքանչանանք դեռ եւ մենք ընդ քճքճեալ ծիրանիս Հայ լեզուին։

Եւ արդ, ո՞ւր կը մնամ ես եւ ինչ որ կը գրես ինձ ի մասնաւորի կամ ինձ համար ի հրապարակի եւ որոնց չ‏՚ունիմ պատասխանելու, այլ թէ իմ սէրս, որ քու սիրոյդ կը պատասխանէ։

ՕՏԵԱՆ

***

Չը գիտեմ` խորհրդո՞վ ըրած է, Նա, որ համակ խորհուրդ է, նամակ ինձ Ութ Մայիսին գրած է։ Ճիշդ այն օրին, Քրիստոսի 1851 թուին, ծաղկանց ու ծիածանաց մէջտեղ ծնած եմ ես լալով` որպէս ամէն մանուկ նորածին, եւ ծնած եմ` լալու համար, աւա՜ղ, ու խոկալու համար յաւէտ ի վերայ կենաց առեղծուածին…։

Երկու բան` անդստին ի մանկութենէ գրեթէ, կարի յոյժ սիրեցի։ Մարդկային լեզուին մէջ աստուածային մակդիրով միշտ յիշուած այդ երկու բաներն, որք լոյսն ու յոյսն եղած են բազմաց ի մարդկանէ, հոգիս ու միտքս ստուերներով կը լցունեն հետըզհետէ։ Մօրս կաթին պէս եւ աչացս բիբերուն պէս` այդ երկու բաներն ես հանապազ սիրեցի։ Եւ նոքա զիս հանապազ առաջնորդեցին. ներդաշնակութենէ ներդաշնակութիւն ու պայծառութենէ պայծառութիւն հանապազ վարելով` զիս ուր ուրեմն հասուցին, ո՛ւր ամէն լոյս կը նուաղի, ուր կը բացուի սեւ անդունդն, ու կը լսուի խորոց ձայնն այն պակուցիչ ու տրտմեցուցիչ, որ կ՚ուղղէ մարդոյն հարցումներ, ոյց այդ մարդն յաւիտեան չը պիտի գիտնայ պատասխանն…։

Դո՛ւ, Միւսէ՜, խորհրդաւորն այն Ալմանիան ու մառախլապատն այն Անգլիան, Կէօթէն ու Պայրընն ամբաստանեցիր դառնութեամբ, թէ դիւաշունչ իրենց նսեմ նուագօքն հալածեցին մարդկային հոգւոյն անճառահրաշ աւօտն, եւ թոյն արբուցին նեկտարի բաժակով նոր սերունդներուն։ Ոչինչ ես եւ ոչ զոք կ՚ամբաստանեմ, այլ միայն մելամաղձոտ համակերպութեամբ մը կը յայտնեմ, թէ Բանաստեղծութիւնն եւ Իմաստասիրութիւնն` այն երկու բաներն, որք զիս այնքա՜ն յանկուցին եւ այնքա՜ն վաղ, անզգալապէս հեռացուցին զիս այն ճանապարհէն, զոր գծած է հաւատացելոց ու սրբոց համար Աստուած. զրկեցին զիս այն հոգւոյ անդորրութենէն, որ դիմաց վրայ կ՚արտափայլի, զոր Աստուած պահած է Տէր երկիւղածաց…։

Զիս ի՜նչ ըրիք, ո՜ խոհանք եւ խորհրդածութիւնք անյագք եւ անագորոյնք։ Երկիւղածաց երկնատարած շաւիղէն զիս խոտորեցուցիք. երանութեան դրախտէն «ում համար էի ստեղծուած», արտաքս զիս հանիք. մխիթարիչն այն մատենից ու զօրացուցիչն այն բանից, սուրբ նուագաց ու սուրբ յարկաց զիս օտարացուցիք։ Ո՜ Բանաստեղծութիւն, դեռ եւս մանուկ` ինձ մատուցիր դու սիրոյ բաժակն անյատակ. այն օշարակն երկնի ցօղով ու երկրի լեղիով խառն, նախ այնքա՜ն քաղցր եւ այնքա՜ն յետոյ դառն` այն անիծից օշարակն…։ Եւ դու, Իմաստասիրութիւն, դահիճդ դու մեր հոգւոյ թռիչներուն եւ առ Աստուած մեր վերացումներուն, դու, մինչ պատանեակ էի դեռ, ինձ մատուցիր աղիտալոյս այն քու ջահդ, որ ի սկզբան պայծառութեաբ իմ ճանապարհս ողողեց եւ բազում առեղծուածոց վասն է՞րն ինձ յայտնեց, այլ որ ապա, նոյն ջահն, նոյն լոյսին, ողջոյն տիեզերքն աչացս մթնցուց, եւ իմ կեանքս, անուշահոտութեանց ու ներդաշնակութեանց մէջ փթթած իմ կեանքս, երանութեան դրախտին մէջ հեշտօրէն սահելու կոչուած իմ կեանքս, աւա՜ղ, դառնացոյց եւ ինձ ատելի կացոյց…։

Եւ Դու կու գաս, ապերջանի՜կդ մեծ, Աստուածաշունչէն գոգցես խլուած հրաշափառ էջի մը մէջ ինձ խօսիլ անցեա՜լ երանութեան վրայ, ոյր յիշատակն այնքա՜ն տրտմալի է, կ՚ըսէ Տանդէն Դժոխոց…։ Դու կը պատմես ինձ երանութեան դրախտին անճառ հեշտութիւններն, եւ մանաւանդ երկրի վրայ մխիթարութեան կարօտ` արտասուածի՜ն մարդ էակին անհնարին անձկութիւններն։ Եւ ինձ յորդոր Դու մարդասիրաբար կը կարդաս` «իմ աղու բառերով ու նուագաւոր իմ ոճով» քարոզ հանդիսանալ բո՛ւն դրական իմաստասիրութեան, այն իմաստասիրութեան, որ կ՚ուսուցանէ մարդոյն հաւատալ եւ ո՛չ ուրանալ, օրհնել եւ ո՛չ անիծել, արհամարհել նիւթն եւ հռչակել անհասանելի զօրութիւնն եւ անպատմելի մեծութիւնն աննիւթ, անստեղծ ու համայնաստեղծ Աստուծոյն։

Այլ միթէ զԱստուած ուրացա՞ծ եմ երբեք ես. միթէ փոսին մթութենէն անդին ընդնշմարած չե՞մ ե՛ս ալ անշիջանելի լոյսն աստուածային. միթէ կորուսեալ դրախտն յայլո՛ւմ աշխարհի չե՞մ հաւատար գտնել վերստին։ Ո՜հ, անտարակոյս կը հաւատա՜մ։ «Դու միայն ի պաշտօնէ անհաւատ ես, հաւատացեալ ես դու», - կը գրես Դու, որ գուցէ քան զիս աւելի լաւ կարդացած ես հոգւոյս խորն։

Այլ միայն… այլ միայն… չեմ ե՛ւս տենչար երանութեան, Օտեա՜ն իմ, չեմ ե՛ւս տենչար այլում էութեան…։ Իմ նախնիքս` հին Հնդիկներն ալ ունէին Անէութեան հաւատքն եւ իրենց սրբազան լեզուին մէջ, գիտես, Նիրվանա կ՚անուանէին գերագոյն վախճանն. Ազդուագոյն ու գուցէ գեղեցկագոյն բառերով Դու կը կոչես «դանդի՜ռ գերեզմանաց» իմ վսե՜մ վարդապետութիւնս։ Մօտա-Պուռնիի սարսափելի՜ գիշերէն ի վեր իմ վարդապետութիւնս, այո՛, այդ է, եւ յաւիտեան այդ պիտ՚ ըլլայ. Դանդի՜ռ գերեզմանաց, նիրվանա՜…։

(Գրական եւ Իմաստասիրական Շարժում Ա. տարի, 1883, էջ 105)