Դիւցազնօրէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՍՏՈՒԱԾԱՑՈՒՄԸ


Ըմբոստացողներու ամբոխը երբ առաւօտին մէջէն խելայեղօրէն կը յառաջանար
Դէպի բախումները նորանոր ու Նպատակը սրբազան,
Տեղափոխուող անտառներու զարհուրանքը տարածելէն
Ու նուաճելով հորիզոնները սարսափահար,
Յանկարծ երկու Ձեւեր, դաժանօրէն սպառազէն,
Իրենց սուրերը արեգակին՝ ու ծանրադէմ մեզի ըսին.

«Եղբայրնե՛ր, այսօր օրերուն Օրն է, ու գիտենք որ պատրաստ էք դուք Արհաւիրքին,
Բայց մեր երկաթէ դաստակներն անոր կուրծքին աղեղելէ առաջ,
Սա՛ կործանուած տաճարին խաչքարերուն վրայ,
Հոն, ուր Անոնց ոսկերոտին կը յաւերժանայ,
Փառքերու աստուածացումին ունկնդրեցէ՛ք,
Զոր մեր ձայները ձեզի համար ու անոնց հոգիին՝ պիտի երգեն։

Ո՜վ դո՛ւք, որ ձեր գարուններն, ձեր արշալոյսներն ու հոգիներն անհուն՝
Մեր ամէնուն փրկութեանը համար
Ա՜յնչափ այլասիրօրէն արիւնելով անմահացաք
Ու անցաք Իտէալին ոսկի գագաթներէն, ազատարար խոյանքներով,
Մտածումնիդ ու աչուընիդ անընկճելի Յոյսին կարկառած,
Բոլոր մեր ցաւը ու բոլոր քայքայումը մեր սեւ օրերուն
Ձեր ներսիդին մոլեգնաբար տառապելէն…
Ու ձեր նայուածքին ու հաւատքին փայլակները գերբնական,
Ազատութեան նորածին որբի մեր խեղճ աչքերը լուսաւորելէն՝
Հոս, մեր ամէնուն հոգիին մէջ, ձեր պատգամները քանդակեցին…։

Անձնուրացումի ու ադամանդէ փառքի այդ օրերէն ի վեր,
Սա չորս կողմի լեռնաշղթաները բոլոր,
Իրենց ճակատներուն վրայ քանդուող մրրիկներուն պէս,
Ձեր անունները սարսափագին՝
Դողահար իրենց կողերուն խորը կ՚ապրին…
Դո՛ւք, այլեւս անմահօրէն՝ ԺԻՐԱՅՐ, ու ՊԵՏՕ ու ՓԱՐԵԱՆ կ՚աղաղակուիք
Ու ԳՆՈՒՆԻ, ու ԱՐԱՄԵԱՆ, ու ՍԵՐՈԲ, ու ԴԵՒԵԱՆ…

Դուք էիք որ կործանումի ու փրկութեան երկաթէ ժամերուն
Շղթայազերծումներու ահազանգերը հնչեցուցիք
Պատնէշներէն պատնէշներն ու, ահեղապէս, աշտարակէ աշտարակ,
Ու բանտերէն, բերդերէն ու թիարաններէն անդին
Դէպի քաղաքներն Ստրկութեան…
Ու երբ, գիշեր մը, անձնազոհումներու եղերական ժամը վրանիդ ինկաւ,
Դո՛ւք, ազատութեան ճանապարհները մեզի համար հարթելէ յետոյ,
Ձեր ձեռուըներով, աւա՜ղ, մեր անկարեկիր նայուածքներուն դիմաց
Ձեր վաղուան խարոյկները պատրաստեցիք…

Ուրեմն փա՜ռք եւ օրհնութի՜ւն ձեզի,
Դո՛ւք՝ մեր կուռքերը մարմարեղէն ու մեր Սուրբերը պայծառ.
Դո՛ւք՝ Հսկանե՜րը, դո՛ւք՝ Առաքեալնե՛րը, դո՛ւք՝ Ահաւորնե՜րդ բոլոր,
Փա՜ռք ես Օրհնութի՜ւն ձեզի.
Հոս, ձեր հողին առջեւը ծնրադիր ու աչքերնիս աղօթքով լեցուն,
Ձեր պատանքները մտքերնուս մէջ երկիւղածօրէն քակելեն՝
Թոյլ տուէ՜ք որ մեր բերանները ձեր դիւցազնի գանկերուն՝
Ընդունինք ձեր կմախքները մեր ուխտուածի իրաններուն վրայ
Ու ձեզի խնկե՜նք աչուընուս մէջի Վրէժէն սառած արիւնը Ցաւին,
Որպէսզի երբ յամարօրէն շարունակենք յառաջանալ,
Ձեր մահերուն յաճախանքն ա՛լ չի կառչի մեր քայլերուն…

Փա՜ռք եւ օրհնութի՜ւն ձեզի, նորէն ու նորէն,
Ու հիմա կը բաժնուինք ձեզմէ՝ աւետելէն,
Թէ ձեր բազուկները ձեր ընդվզումի զաւկըներուն բազուկներն են այսուհետեւ,
Ու ձեր հաւատքը մոլեգնութիւնն է անոնց,
Որ մոխրակոյտերու ու դիակի մինչեւ աստղերը բրգաւորումներէն խելայեղած,
Սա չորս կողմի բոլոր առապարներէն, բլուրներէն ու ապառաժներէն վեր,
Ձեր աստուածացումը օրհներգելով պիտի երիվարեն, ահաւասի՜կ,
Ո՜վ գիտէ, դէպի ո՜ր յաղթանակները կամ դեպի ո՜ր պարտութիւնները փառաւոր…»։