Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԴՐՇԻՐԻՄԵԱՆ ԱՂԱՂԱԿ

Աւա՛ղ, աւա՜ղ, ընկե՛ր, այն օրէն, երբ քու կեանքիդ լոյսերը հոգիիս առջեւ մարեցան,
Ես իմ մեռելուորի եւ սեւ օրերու վերարկուս ուսերուս վրան նետեցի,
Գերեզմանի մը պէս խոր, պատանքի մը պէս ցրտին եւ ցաւի մը պէս յաւերժական…
Եւ դողդոջուն ճակատագիրն այդ ժամէն՝ տառապանքիս առջեւը ծնրադիր,
Քու մահդ եւ իմ օրերուս անյուսութիւնը կ՚եղերերգէ…
Յաճախ, հեռաւոր ձայնդ հողին խորերէն արիւնածաղկի մը պէս կը բարձրանայ…
Քու հերոսակերպ ուրուականիդ հետ եւ ասիկա՝ խստադեմ՝ ինծի հետ կը քալէ,
Պարտուածի ձեռքերս ձեռքերուն մէջ եւ իր բերանը իմ տրտմութեան բերանիս՝
Կը խօսի ինծի, եւ իր բառերը ե՛ւ մթին են, ե՛ւ զայրացկոտ, ե՛ւ ամեհի.

«Ընկե՛ր, խորտակէ խաչդ սա՛ քու յոգնած եւ ապաժամ քնարիդ հետ,
Եւ գլուխդ հողաթմբիս՝ մտիկ ըրէ շիրիմներէն հասնող աղաղակին,
Վասնզի անոնց ահեղութիւնն ամէն բան է ապրողներուդ համար…
Գիտցի՛ր, ո՛չ մէկ յոյս կը մեռնի եւ ո՛չ մէկ գարուն կը թառամի այստեղ,
Ատելութեան ո՛չ մէկ ճիչ եւ սիրոյ ո՛չ մէկ մրմունջ մարած է դեռ,
Ապագայի ամէն արեւ մեր ընդերքներուն մէջէն է որ թաւալելով կ՚անցնի,
Եւ կեանքի ամէն գաղափար մեր արահետներէն է որ դէպի ձեզ կը յառնէ,
Մեր կոպերը արտասուքի տեղ զարհուրանք է որ կ՚արտահոսեն…
Եւ մեր մոխիրին հոտը հորիզոնին մէջ թշնամիին մօտալուտ մահը կը ծանուցանէ,
Գիտես որ ամէն հերոս մեր վրէժին համար է որ կը ծնի,
Եւ ամէն ազնուազարմ զոհ մեր սիրոյն համար կ՚ոգեվարի…
Հրաշագեղ Վասպուրականին եւ հպարտ Կարինին ու ըմբոստ Զէյթունին եւ Սասունին
Բովանդակ ցասումը մեր ալիքներուն մէջէն է որ ձեր բազուկները շարժել կու տայ…
Եւ վերջապէս ոսկետառ Պատմութիւնը մեր խաւարներէն է որ կը խօսի
Եւ Քեզ եւ Մարդկութեան եւ Դարերուն եւ Չարիքի ճակատին…
Այստեղ է, որ ձեր ապարդիւն ոսկորները օրերէն փշրուած պիտի գան…
Գոնէ թող հերոսներու մահուան բոցովը լուսաւորուած վար մխրճին…
Ընկե՛ր, սիրոյդ եւ արցունքիդ արժէքը ինչո՞վ պէտք էր նժարել,
Դուն, որ զիս ի զուր կեանքին մէջը եւ ես, որ մեռեալ՝ զքեզ կ՚որոնեմ դեռ,
Ա՛ռ այն սուրը, որ օր մը իբր Խորհրդանիշը իմ անձնուրաց անցեալիս,
Եկար կայծակի բեկորի մը նման իմ շիրիմիս վրան ցցելու,
Վերցո՛ւր զայն, աջ ձեռքիդ մէջ, վստահ եւ ամրապինդ, վերցո՛ւր,
Ու սուրա՛, սիրելի՛ս, պերճօրէն, զուարթօրէն, կտրիճօրէն սուրա՛
Հոն, ուր ես գաղափարիս եւ գաղափարիդ համար, առաւօտ մը, արիւնիս մէջն ինկայ…»։