Կարմիր լուրեր բարեկամէս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՈՒԳ

Դո՛ւն, թախծադէմ անծանօ՛թս, կամ դո՛ւն, հոգիի բարեկա՛մ,
Որ խրախճանքի այսօրուան ճամբաներէն կ՚անցնիք,
Ունկնդրեցէ՛ք սա մենութեան եւ սուգի խօսքերուս։
Գիտեմ որ ձեր անմեղ ոտքերը դեռ թաց են ձերիններուն արիւնէն…
Եւ ազատութեան այն վսեմ վարդը, որ ձեր ցեղին ցաւերէն՝
Այս դժբախտ երկինքին տակ, օր մը, վերջապէ՜ս ծաղկեցաւ,
Օտար ձեռքեր հասած են՝ ծիծաղելով զայն քաղելու…։
Բայց թո՜յլ տուէք որ անոր աստուածային բուրմունքէն
Անխտիր՝ ամէն մարդ, երկիւղածութեամբ եւ լիապէս գինովնայ…։
Թո՛յլ տուեք որ ձեր մուրճերովը քանդակուած Արդարութեան դիցուհիին առջեւ
Եւ հեռաւորը եւ դրացին եւ ապերախտը գան իրենց խունկը ծխելու։
Թո՛յլ տուէք դուք, ո՜վ հպարտ եւ հերոսական սերմնացաններ,
Որ ձեր ոսկիէ արօրներէն բուսած հասկերը բեղուն,
Ուրիշներ, ձեր մանգաղներովը, իրենց համար, զանոնք հնձեն…։
Որովհետեւ գիտեմ որ եթէ անգէտ Չարիքէն է որ հալածուելով կը մեռնիք,
Բայց միանգամայն դուք ծնած էք իմաստուն եւ բերրի Բարիքներուն համար։
Խրախճանքի պողոտաներէն, Տառապանքին պէս տրտո՜ւմ, անցէ՛ք
Եւ խնայեցէ՛ք երջանիկներուն, որ չի կրնան ձեր աչքերուն մէջը կարդալ
Այն զարհուրելի պատկերը, որ դիակի ու մոխիրի ցոլացումներն ունի…
Խնայեցէ՛ք անցորդին՝ արդար կամ ոճրապարտ, որ ձեր աչքերուն չի նայի…
Վասնզի հայ հոգիին տառապանքը միշտ հայ նայուածքներուն մէջը գտած եմ ես։
Այսպէս խրախճանքի քառուղիներէն բոլորդ մէկ անցէ՛ք,
Բայց զուարթութեան ո՛չ մէկ բիծ եւ ո՛չ մէկ շիթ արցունքի
Պետք չէ որ գան մեր տրտմութեան վեհութիւնը պղծելու…
Որովհետեւ պարտուածին համար արցունքը վատութիւն է,
Եւ յաղթողին համար սնոտի ժպիտը՝ կնճիռ…։

Դո՛ւն, շղարշներովդ մահագուժօրէն գիշերուած հայ գեղուհի՛,
Եւ դո՛ւն, պարմանի, որ դիմագծէդ ցեղիդ սուգը սրտիդ մէջը կը հոսի,
Առանց զայրոյթի եւ շտապով սա՛ ճամբաներէն անցէ՛ք,
Պիտի ըսէք, թէ որչա՜փ լոյս է այս եւ ի՜նչ հեգնական մեռելաթաղ…
Ի՜նչ խաժամուժ եւ ի՜նչ պարեր, ի՜նչ ցնծութիւն եւ ի՜նչ խնջոյք ամէն դի…
Մեր կարմիր պատանքները յաղթանակներու դրօշներ են կարծես,
Եւ մեր վճիտ եղբայրներուն ոսկորները սրինգներու վերածուած…
Ահաւասի՛կ որ անոնց մէջէն ուրիշները արտասովոր երգեր է որ կ՚երգեն…։
Բայց մի՛ սարսափիր, ինձ անծանօթ քո՛յր կամ ճակատագրի եղբա՛յր,
Եւ ճշմարտութեան աստղերը զննելով՝ յուսադրուէ՛ եւ յառաջացի՛ր,
Կեանքին օրէնքը դեռ այսպէս է, մարդերն չի կրցան մարդերն ըմբռնել…։
Եւ այս իրիկուն ձեր տանը դուռներէն, թշուառօրէն աղքատ կամ մարմարակերտ,
Բոլորդ մէկ, արեգակին մահէն առաջ, ձեր սեմերէն ներս մտէ՛ք
Եւ անդորրութեամբ փակեցէ՛ք դաւաճան փեղկերը ձեր պատուհաններուն,
Փակեցէ՛ք զանոնք անկարեկիր եւ մեղաւոր Ոստանին դիմաց,
Փակեցէ՛ք զանոնք եւ մարդկութեան եւ ձեր աստուծոյն երեսին…
Ես գիտեմ որ ձեր յստակ հոգիին մէկ ահաւոր հեծեծանքէն
Ձեր սեղանին վրայ վառող ճրագն իսկ պիտի մարի…։

19Օ9 Յուլիս