Կարմիր լուրեր բարեկամէս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶԱՒԱԿԸ

Դիւցազնութիւն մը պատմեմ քեզի եւ րոպէ մը սրտազինուէ՛…
Հայ հողագործ մը կռիւներու եւ արիւնի կոչին ի լուր,
Արծուի մը պէս՝ ձիուն վրայ, դէպի իր գիւղն արշաւեց։
Ձգեց եզներն յաղթամարմին, որ բարկութեամբ բառաչեն,
Իրենց հերկած հողերուն հրկիզուիլը դիտելով…
Ու ձգեց իր նորաբոյս սրբութիւնները ցորեաններուն,
Ձգե՛ց խոփը, ձգե՛ց բահը, ձգե՛ց արօրն իր մեծապարգեւ,
Ձգե՛ց յոյսն իր օրերու, ձգե՛ց հողն իր հայրենի,
Եւ աշխատանքի երգերուն տեղ անդորրաշունչ,
Սկսաւ ան, զէնուզէնքի կարմիր երգ մը որոտալով,
Ձիուն վրայ սպառազէն երթալ իր գիւղը փրկելու…։

Իրիկուն էր։
Արեգակն իր մահովը հորիզոններն եղեռնօրէն կը ներկէր…
Երբ հողագործն հերոսական՝ դաշտէ ի դաշտ արշաւելով,
Անպատմելի սարսափով մը իր սեմին առջեւը կանգ առաւ…
Բայց մոխրակոյտեր միայն տեսաւ եւ դիակներ ամէն դի…
Տեսա՛ւ իր կինը սիրակարօտ՝ դրանը ետին դաշունահար,
Թշնամիէն քակուած ծամերն եւ մերկ ուսերն սպիտակ,
Ծոցէն հոսող իր նուիրական արեան մէջը թաթաւուն…
Տեսա՛ւ զաւակն, որ իր մօրկանը նայուածքներուն վրայ ծռած՝
Անոր մահուան արցունքներուն վերջին շիթերը կը համբուրէր…
Գիւղին ծայրէն բարբարոսներն ժամանումէն այս՝ ընդվզած՝
Ու իր ահեղ ձիուն վրնջիւնէն եւ դռոյթէն ամեհի,
Բոլորը մէկ սկսան, ոտքի ելած աղաղակել.
Անգամ մըն ալ պէ՛տք է քալել, դեռ շունչեր կան, որ կը շնչեն։
Ո՛վ էր այն մարդն սպառազէն, որ մեր վրան գրոհել ուզեց.
Մոխիրները պէտք է դեռ անգամ մըն ալ մոխրացնել…։
Դեռ ձայներ կան, դեռ շշուկ կայ, մահամերձներ դեռ կան, որ
Կը յամառին այս նորեկէն իրենց վրէժը պաղատիլ…
Մենք գերեզմանո՛ց ուզեցինք եւ դեռ կեանքեր կան այնտեղ,
Մենք ամէնքս մոխի՛ր կ՚ուզենք եւ մա՛հ կ՚ուզենք, անհաւատնե՛ր…—
Այս ձայներն եկան հասան հայ կտրիճին, որ մինակ
Իր դեռատի զաւակին հետ, ցասումով լի, սեւ խուժանը կը դիտէր,
Յանկարծ ինքը կայծակնացայտ պայթիւնով մը հրազէնի
Հազարաւոր խաժամուժն այս՝ մրրկի մը պէս ետ մղեց…
Բայց մինակ էր… հեծեծողներ միայն կային եւ դիակներ ամէն դի.
Եւ խուժանը ամայութեանց աւազին պէս վերսկսաւ
Դէպի այս գիւղն աւերակեալ անգամ մը եւս արշաւել…
Բայց պէտք էր փրկել իր զաւակը, ո՞ր դիպուածէն ազատած,
Ո՞ր գաղտնիքէն, ո՞ր բախտէն, ո՞ր օրէնքէն, ո՞ր չարիքէն…։
Եւ խելակորոյս գիրկն առաւ տաք դիակն իր կնոջ
Եւ իր զաւկին մէջքէն բռնած դէպի գետափը իջաւ…։
Պէ՛տք էր փրկել իր որդին, յետին Յոյսն Նոր Օրերու…
Եւ գիտէր որ մարդուն ահեղ կռիւին հետ դեռ բնութեան կռիւը կար…
Պէ՛տք էր յաղթել գոնէ անոր եւ իր որդին ազատել,
Պէ՛տք էր յաղթել բնութեան, ուրիշ ոչ մէկ յոյս չի կար…
Մարդէն նուազ չարակամ այդ մութ ուժը տիտանեան
Պիտի գթար… բնութիւնը մարդուս մա՜յրն է վերջապէս…
Եւ արմատախիլ կաղնիի մը պէս, որ մրրկէն կը տարուի,
Այսպէս որդին ձեռքն առած եւ մեռեալ կինը քարշելով,
Ահեղավազ Սիհունին ջուրերուն մեջը խոյացաւ…։
Ձգեց դիակն իր կնոջ, որ ալիքներն ահեղ
Իրենց կուրծքին վրայ առած անոր թաղումը կատարեն.
Եւ ջուրերն, իր կինը, փրփուրներովն իրենց,
Վերջին լոգանքի մը համար, անոր արիւնը լուալով՝
Քարէ ի քար բախելէն, դագաղի մը պէս ցնորական,
Իր սիրակէզ աչքերուն առջեւէն զայն սահեցուցին…։
Մինչ հողագործն առիւծի մը պէս փոթորկաբաշ՝
Որ իր կեանքին կորիւնը բերանն առած կը սուրայ,
Այսպէս գօտիին իր որդուն ակռաներովը փարած,
Ձեռքերովը ջուրերուն երկաթ ուժին յաղթելէն,
Մռնչելով եւ լողալէն իր զաւակր փրկե՛լ կ՚ուզեր։
Երբեմն ձեռքովն իր հուժկու ջուրերէն վեր բռնած զայն՝
Իր իրանովն ալիքները փշրելէն դէպի ծովափը կը հոսուէր…
Գիշերն ի բուն բնութեան հետ կատաղաթեամբ մաքառեցաւ,
Եւ ուղեկից դիակներ յաճախ եկան իր վրայէն սահելու…
Բայց ինք հզօր՝ իր զաւակը, եղէգի մը ճիւղին նման,
Ակռաներովն կամ մէկ ձեռքովը զօրութեամբ մը գերմարդկային,
Ջուրերէն վեր, դէպի աստղերը կարկառելէն…
Փրկել ուխտեց միակ Յոյսն աւերակեալ իր Գիւղին…։
Միջերկրականն անծայրածիր արեւին հետ աչքին առջեւը ծագեցաւ…
Հանգրուանին հասած էր։ Երբ զաւակն խենթի մը պէս հողին վրայ համբուրեց…
Յանկարծ ճանչցաւ իր մեռեալ կինն, որ ապառաժի մը կառչած,
Հասած էր հոն կարծես՝ արշալոյսին շողերուն հետ շառագոյն,
Ինքն եւս իր փրկուած զաւակին ժամանումը ողջունելու…։