ՔԱՒՈՒԹԻՒՆԸ
Արհաւիրքի
առաւօտ
մը,
աստուածավախ
այդ
ծերունին,
Դալարագեղ
իր
այգիին
աւազանին
վրայ
հակած,
Անոր
բիւրեղ
ջուրերուն
մէջը
վճիտ,
Իր
անցեալին
դեռ
չի
քաւած
մեղքերէն
մին
հոն
տեսաւ…
Ու
իր
աչքերը
փակելով՝
հեծեծանքով
մը
յիշեց
Այն
անիծեալ
օրն,
երբ
գարնան
պէս
երիտասարդ,
Խելայեղիչ
գեղեցկութեամբ
հայ
կնոջ
մը
սիրոյն
համար,
Այդ
անիծեալ
օրն՝
իր
աղօթքն
իր
աստուծոյն
չէր
նուիրած…
Եւ
դաւաճան
աւազանը,
արիւններու
այդ
օրուան
հետ,
Ծերունիին
աչքին
առջեւ
պայծառութեամբ
մը
նկարեց
Անջնջելի
ձեւերն
այն
դեռատի
եւ
սպիտակ
աղջկան,
Որուն
մարմար
մերկութիւնէն
չարախաբեալ,
Իր
առօրեայ
աղօթքն
իր
աստուծոյն
չէր
ըրած։
Եւ
պէտք
էր
քաւել,
վերջապէ՜ս,
միակ
մեղքը
հին
օրերու,
Որովհետեւ
հողին
կեանքը
սկսած
էր
իր
ցնորքը
գիշերել,
Մահուան
փոսը
կը
փորուէր
յանցանքին
պէս
անդնդախոր…
Արդար
ժամը
հնչած
էր
ալ,
պէտք
էր
փրկել
իր
հոգին.
Եւ
ծերունին
հաստատաքայլ՝
յիշատակին
յաղթանակող՝
Զարհուրելի
հրամանի
մը
համար
իր
ապարանքը
բարձրացաւ…։
Ժիր
ծառաներ
շտապով
սրահի
մը
մէջը
շքեղ,
Մետաքսահիւս
գորգի
մը
վրայ,
ուր
նկարուած
սոխակներն՝
Ցնորաբոյր
վարդին
ի
տես,
իրենց
սէրը
կու
լային…
Սեւ
սատափէ
թիկնաթոռ
մը
զետեղեցին։
Եւ
ծերունին
շուշանաթոյր
պատմուճանով
մը
փաթթուած,
Աղօթելով
եւ
ծանրօրէն
բազկաթոռին
մօտեցաւ։
Իր
բազմանդամ
ընտանիքէն
մինչեւ
թոռներն
իր
նորածին,
Գարուններուն
պէս
ծաղկապատ
գորգին
վրայ
ծնրադիր,
Այս
ծիսական
տօնին
համար
անոր
շուրջը
շարուեցան…։
Պահ
մը
յետոյ
երկու
խափշիկ՝
խարտեաշ
տղեկ
մը
Տարսոն
քաղքէն,
Ապարանքին
մառանին
մէջ,
ուր
նոր
ոճիրը
պիտի
ծնէր,
Ոսկեպատեան
սուրի
մը
հետ
հայ
պարմանին
մերկացուցին…
Եւ
անմիջական
ու
ահաւոր
գալարումներ
հոգեվարքի
Ապարանքն
իր
հիմերէն
մինչեւ
տանիքը
սարսեցուցին։
Վերը՝
կին
մը
գեղամարմին,
շղարշի
մը
մէջ
անդրիացած,
Սրահէն
ներս՝
ակնածութեամբ
ծերունիին
գնաց
ըսաւ.
—
Հրամաննիդ
կատարուած
է
եւ
ձեր
ոտքին
փոշին
իսկ
չեմ…
Ո՞ր
ձեռքերն
կրնան
ձեզի
քաւիչ
բաժակը
մատռուակել…
—
Անտարակոյս
վերջին
պտուղն
այս
յանցապարտ
հայ
աղջկան,
Որուն
համար
ես
երկինքիս
յաւերժութիւնը
կորսնցուցի։
Ահեղ
մարդուն
թոռներէն
մին,
արծաթ
ափսէ
մը
ի
ձեռին,
Որուն
մէջի
ոսկի
բաժակն,
ո՜վ
դժբախտներ,
ձեր
բոլորին
պարտութիւնն
էր…
Երջանկադէմ
իր
մեծ
հօրը
շրթունքներուն
մօտեցուց
զայն,
Ես
անդողդոջ
ծերունին
բազկաթոռին
վրայ
անշարժ,
Այդ
մետաղն
ակռաներովն
մոլեգնութեամբ
մը
սեղմելով,
Իր
երազած
արքայութեան
սեմին
առջեւը՝
ժպտուն,
Հանդարտօրէն,
սրահին
մէջ,
իր
սեւ
հոգին
աւանդեց…։
Բայց
ո՛չ
մէկ
կաթիլ
այդ
արիւնէն,
Արդարութեան
սպասարկու
եղբայրնե՛ր,
Ո՛չ
մէկ
կաթիլ
չի
թափեցաւ
պատմուճանին
վրայ
շուշան,
Յանկարծամահ
ծերունիին
այդ
անյագուրդ
բերանէն
Ո՛չ
մէկ
կաթիլ,
ո՛չ
մէկ
կաթիլ,
կ՚աղաղակե՜մ
ես
ձեզի…։