Հայրենի հրաւէր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՕՐ ՄԸ ԵՐԱԶԸ

«Երազս քեզ այսօր գրեմ…։ Մեռելոցի կէս գիշերն էր…։
Չորս եղբայրներդ յանկարծակի իմ առջեւս ծունկի ինկան…
Ո՛չ պատանք կար իրենց վրայ եւ ո՛չ ալ հետքը մսի,
Խաւարին մէջ սրսփալով եւ աչքերնին մէկ մէկ անդունդ,
Եկան իրենց մօրկանն առջեւ յիշատակներ արտասուելու…։

Մայրի՜կ, մայրի՜կ… հին օրերու արշալո՛յս…
Այսօր նորէն չորսերնիս մէկ, մեր հողերէն դուրս ելած՝
Մրրկին հետ, քեզի եկանք, տանդ դռնակը բախելու…
Մի՛ սարսափիր, օտարներ չենք, եւ մրափիդ մէջ մենաւոր
Սպասէ, որ մեռելոցի իրիկունով գոնէ քու դէմքդ դիտենք։

Մայրի՜կ, մայրի՜կ… հին օրերու սրբութի՜ւն…
Հողին տակէն, մեր խեղճ գիւղին գերեզմանոց,
Ես քեզ համար իմ սրտիկէս սիրոյ ծաղիկը ծաղկեցուցի…։

Մայրի՜կ, մայրի՜կ… հին օրերու քաղցրութի՜ւն…
Ես քեզ համար իմ աչքերէս՝ երկու սափո՜ր արտասուքի…

Մայրի՜կ, մայրի՜կ… հին օրերու երջանկութի՜ւն…
Ես քեզ համար իմ հոգիէս՝ յոյսի վարդեր հրավառ։

Մայրի՜կ, մայրի՜կ… հին օրերու հերոսական արիութի՜ւն,
Իսկ ես ալ իմ կրծոսկրէս՝ պաշտպանութեան երկու զրա՜հ…։

Մայրի՜կ, մայրի՜կ… հին օրերու դու աննման գեղեցկութի՜ւն,
Ո՜րչափ խորշոմ ճակտիդ վրան, ըսաւ եղբայրդ երէց…
Ի՜նչպէս կրնաս երդիքիդ տակ միս—մինակդ տառապիլ…
Եօթը տարի, եօթն անգամ տանդ դռնակը ծեծեցինք,
Բայց այս գիշեր միայն բաց էր… Ո՞ր ճամբորդին կը սպասես…։
Տե՛ս, հիւղակդ դագաղներու կոյտի մը պէս կը շարժի…
Տերեւները, տե՛ս, կը թափին ծառերն ի վար, մրրկէն,
Առուակին մէջ աղաւնիներն անմեղութեամբ կը մեռնին,
Ու սեւ օձերն, սեմին վրա, մեր չոր արիւնը դեռ կը լիզեն…։
Պարտէզիդ մէջ ո՛չ կանաչ կայ, ո՛չ պտուղ կայ, ո՛չ տատասկ…
Չորսերնիս մէկ ամբողջ տնակը ժուռ եկանք,
Մեր կոտրած սուրերն, ի տես մեզի, անգամ մըն ալ շողշողացին…
Մառանն արդէն դատարկ էր… եւ գոմին մէջ՝
Ճերմակ գառնուկ մը, մայելով, իր կճղակները կը կրծէր…։
Մայրի՜կ, մայրի՜կ… հին օրերու առատութի՜ւն,
Ի՜նչպէս կ՚ապրիս, ի՜նչպէս կ՚ապրիս տնակիդ մէջը թափո՜ւր։

Մայրի՜կ, մայրի՜կ… հին օրերու գուրգուրա՜նք, հին օրերու գթութի՜ւն,
Ի՜նչպէս կ՚ապրիս, ի՜նչպէս կ՚ապրիս տնակիդ մէջը թափո՜ւր։

Չորսերնին մէկ լռեցին… բայց անունդ երբ ես տուի,
Երազիս մէջ՝ մրրկին պէս իմ արձակած հեծեծանքէս
Չորսերնին մէկ, գլուխնին կախ, խենթերու պէս սկսան լալ…։
Բայց ձեր եղբայրը դեռ ողջ է… ան, որ ձեր մահը չի տեսաւ,
Ձեր փոքր եղբայրը դեռ ողջ է, անոր համար միայն կ՚ապրիմ…։
Այս խօսքերս որ լսեցին, չորսերնին մէկ, իրենց կողերը կոտրտելով՝,
Մեռելներու սեւ արցունքն ահաւոր, աչքերուս մէջ թափելէն՝
Եղբա՜յր մ՚ունինք, եղբա՜յր մ՚ունինք, մենք կեանքին մէջ եղբա՜յր մ՚ունինք,

Մայրի՜կ, մայրի՜կ… նոր օրերո՜ւ, նոր յոյսերո՜ւ թշուառութիւն.
Ի՜նչպէս այլեւս մենք մեր հողին վերադառնանք, ի՜նչպէս դառնանք…»։