Սուրբ Մեսրոպ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՈՒՐԲԻՆ ԱՂՕԹՔԸ

«Լո՛յս տուր ինծի, Աստուա՜ծ անհերքելի,
Տիեզերքի անմեկնելի ճարտարապետ,
Ճակատագրի եւ ճանաչման ստեղծի՛չ,
Շունչի՛ մրրիկ, կեդրոնական կարողութիւն,
Սուրբ Սեղանիդ սարկաւագն Մեսրոպ՝
Իր մշուշապատ մեծ երազին՝
Քու ձեռքերէդ յստակութի՜ւն կ՚աղերսէ…։

Օգնէ՛ ինծի, մեծապարգե՜ւ իմաստութիւն,
Ես՝ անցուպ հովիւ մեծ քարոզիդ,
Ես՝ եղկելի մահկանացու, ես՛ տժգոյն տնտես
Հայկազնեան ահեղ ցեղին…
Ես՝ տգէտ դպիր եւ անվաւեր վարդապետ,
Ես՝ անծածան դրօշ հաւատացեալ ամբոխներուդ,
Ես՝ անօժիտ վերծանո՛ղ եւ անանձրեւ այգեպան,
Ես՝ կոյր աղբիւր եւ կորաքամակ փառքիդ,
Իմ անդպիր հօտիս համար լո՜յս կ՚աղերսեմ…։

Օգնէ՛ ինծի, Աստուա՜ծ բիւրեղ…
Ես՝ ողորմելի որոնիչ եւ անհետեւանք խուզարկու,
Ես՝ անքանքար քննիչ եւ անբերրի հիւլէ,
Ես՝ անաստիճան ճգնաւոր եւ անթռիչ հռետոր,
Դառնաժպիտ թափառական եւ աշակերտ անբանիբուն,
Երազատես մոլորեալ եւ անտաղանդ անրջող,
Ես՝ սահմանափակ պատուհան եւ փակեալ դուռ,
Ես՝ իմ հոգիիս հանդէպ փշրուող երկա՜թ ալիք,
Ես՝ գերեզմանի՜ պահապան եւ մեռելո՜ց հաշուակալ,
Ես՝ հրեղէն հացիդ կարօ՜տ ցորենաքաղ…
Ես՝ աներդիք գիշերող եւ անսափոր ծարաւի,
Ես՝ մենաւոր մշակ տատասկներու մէջ կորուսեալ,
Ես՝ անճառագայթ աղջամուղջ, ես՝ անլար քնար,
Դեռ անբարբառ Հայկազնեանց հոգիին
Բացատրութեան Բանալի՜ մը կ՚աղերսեմ…

Օգնէ՛ ինծի, Տարրերո՜ւ հայր,
Ես՝ աչք աղօտ եւ տեսողութիւն անթափանց,
Ունայնամիտ ունկնդիր եւ չարալուր ականջ,
Աններդաշնակ երաժիշտ եւ մեղմաձայն երգիչ…։
Ես՝ անհողագործ դաշտորայ, շտեմարան գինեբաշխ,
Ես՝ անկոչ հրաւիրեալ Յիսուսական հարսանիքին,
Ես՝ անձէթ լուսարար եւ անմատեան մտածող,
Եւ անգորով գգուիչ եւ սիրազուրկ սիրահար,
Ես՝ անհրապոյր քարոզիչ եւ քարկոծեալ քրիստոնեայ,
Օժիտաբեր աղքատ եւ անոսկի հարուստ…
Ես՝ անհամբոյր շրթունք եւ հոգեզուրկ հեծեծող,
Ես՝ սի՛րտ անսէր եւ կուսութիւն անկատար,
Ես՝ անբեւեռ քալող եւ երերուն ուղեւոր…
Քու փրկութեան փարոսներէդ կաթի՜լ մը լոյս տուր ինծի…
Եւ երկնային դուռներուդ հետ հոգեկան
Կեանքին դուռները դրախտին պէս թող բացուին…։

Օգնէ՛ ինծի, անծի՜ր Աստուած…
Ես՝ անկարկաչ առուակ եւ խափանեալ ջրվէժ…
Ես՝ ուսուցիչ անուս եւ վարանեալ վարդապետ,
Ես՝ դպրութեանց դեռ անպսակ տնօրէն,
Ես՝ խիղճերու հանդէպ ինկո՛ղ վարագոյր…
Ես՝ որմ մթաշէն, գեհենական բանտարկեալ,
Ես՝ շիւղ կորուսեալ, հո՜ւնտ անպարգեւ…
Մացառապատ կածան, օձապտոյտ գետնուղի…
Ես՝ անհիւրընկալ օթեւան եւ անբազմոց մահամերձ…
Լապտերիդ լոյսը մի՛ մերժեր ինձ…։

Օգնէ՛ ինծի, համագումա՜ր Սկզբունք,
Մկրտութեան ես՝ անմիւռոն աւազան,
Ես՝ աղօթքի կիսակործան գաւիթ,
Ես՝ արօրազուրկ հողագործ, անգերանդի հնձող,
Ես՝ անբոյր օծանող եւ դառնահամ իւղ,
Ես՝ անբալասան բժիշկ եւ անբեհեզ վիրակապ,
Ես՝ կոտրած կանթեղ եւ պապակեալ պատրոյգ,
Ես՝ հողմակոծ անտառ եւ արտասուաթոր ուռենի…
Ես՝ անտաշ ատաղձ եւ բորբոսեալ գերան,
Ես՝ հողաշէն բուրվառ եւ անծխելի խունկ,
Ես՝ անողկոյզ որթատունկ եւ վարակեալ վարսակ,
Ես՝ անճշմարիտ ճակատ եւ անուղիղ ձեռք,
Ես՝ անկարող կարգաւոր եւ աննշխար քահանայ,
Ես՝ մենութեանս մէջ մխացող անկարաւան անապատ,
Այցելութի՜ւն տուր ինծի…։
Օգնէ՛ ինծի, ո՜վ անբաղդատ օրէնք,
Ես՝ վարանոտ մարդ եւ յուսահատ անձ…
Ես՝ ահաբեկ անհատ եւ շուարած շնչաւոր,
Ես՝ տարակոյսին մէջ տատանող հողմահալած,
Անլսելի աղաղակ եւ անարձագանգ շեփոր…
Ես՝ գօս տերեւ՝ աշուններէն վա՜ր ինկող…
Ես՝ չորացեալ ճիւղ եւ անհոտաւէտ վարդենի,
Ես՝ ուշիմութեան ուրուական,
Ես՝ կարճիմաստ իմացական եւ խոնարհած խելք,
Եկեղեցիիդ կամարներուն տակ հեծեծող
Քրիստոնեայ ժողովուրդիդ դէմ յանդիման
Ես՝ Աստուածաշունչ մեծ Մատեանիդ
Օտարալեզու ընթերցող եւ անհարազատ թարգմանիչ

Օգնէ՛ ինծի, անծայրածի՜ր Ծանօթութիւն,
Գերազօր Տէր, անհուն հնարիչ,
Լոյսի զենիթ, անկնճիռ իմաստ,
Ջուր երկնային, անանջրպետ հոգի,
Անհաշիւ բաշխող, երազներու սահանք,
Ճանաչումի քու ծածկոցդ լուսեղէն
Իմ կործանեալ ուսիս վրան թող ծածանի,
Եւ՝ հսկումներու, հեծեծանքի, աղօթքներու
Այս իրիկուան, քառասներորդ գիշերին՝
Աստուա՜ծ անյեղլի, Աստուա՜ծ անափունք,
Արարչագործ ձեռքդ իմ ուղեղիս երկարէ՛
Հոն իմ գիւտս խմորելու…»։