Սուրբ Մեսրոպ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՒՏԻՆ ՓԱՌՔԸ

Մեսրո՛պ, հայ դարերուն դիմաց կեցող
Դո՛ւն՝ ադամանդեայ ապառաժ,
Դո՛ւն՝ մանուկներու մերկ ուղեղէն
Մինչեւ հանճարը ցոլքեր ցանող
Գիտակցութեանց անգի՛ւտ փարոս…
Դո՛ւն, որուն կոփիւնը կռանին,
Ժամերուն պէս, րոպէին հետ անդադար,
Իմացական թանգարանի՜ն արձանները մեզ կը ձուլէ…
Դո՛ւն՝ աննինջ հսկող, դո՛ւն՝ տիտանեան Տեսանող,
Դո՛ւն՝ Օրօրոցէն մինչ գերեզման,
Մեր մէկ մի խօսքին, մէկ մի շունչին
Գեղեցկաձայն բացատրիչ…
Դո՛ւն՝ բարբառի արարիչ, Բանի իշխան,
Դո՛ւն՝ անբաւ բաւիղ տեւողութեան,
Դո՛ւն՝ գոյացութեան արգաւանդ հայր,
Դո՛ւն՝ հայրենի հողին վրայ մրրկին պէս բարձրացող
Անտա՜ռ անհուն, անտա՜ռ սրտի,
Որուն մէն մի հաստատաբուն ծառերն հսկայ
Մէկ մէկ քնար, մէկ մէկ փանդիռ են մեր շունչին…
Մէկ մէկ շեփոր մեր հագագին ռազմական,
Մէկ մէկ պատնէշ ճակատագրի՜ պատուհասին…
Դո՛ւն՝ անվատնելի ցորեանի դաշտ, դո՛ւն՝ ձրի՜ հաց,
Դո՛ւն՝ հունձք հարուստ եւ դո՛ւն՝ հնձան հրաշէկ,
Դո՛ւն՝ արբեցութեան եւ գինիի աւազան,
Որուն մէջ ե՛ս ալ ոսկի սափորս եմ մխրճեր…
Արեւներու ծարաւէս խենթ…

Դո՛ւն՝ մեծաթափանց նայուածքներով առաքեալ,
Դուն էիր որ զքեզ երգող ցեղդ այսօրուան,
Հելլէններէն եւ հանճարեղ եւ հրավառ
Ու աշխարհակալ մեծ Հռովմի որդիներէն
Ու հրապաշտ պարսիկներէն դրացի,
Մայր—բարբառիդ հիմնաքարովն յակինթ,
Հայկազունեաց մեր շառաւիղն ազատեցիր…։
Դո՛ւն՝ երկրո՛րդ Աստուած
Եւ մտածման Դո՛ւն՝ առաջի՛ն արարիչ…։
Դո՛ւն՝ բեղո՛ւն բարիք, սրտի՛ աղբիւր,
Գոյներու գանձ, գթութեա՛նց գահ,
Դո՛ւն՝ թոչող դարերն մէկզմէկու կամարող
Կամուրջ անգիծ, ուրկեց ցեղդ միլիոններով՝
Կամ պերճօրէն, կամ վատաբար
Կեանքէն ի մահ կու գայ կ՚անցնի…։

Դո՛ւն՝ Հելլէններէն հռչակուած,
Մեծատիտղոս Ակումիտ,
Ո՜վ մենակեաց, ո՜վ Մագիստրոս, ահաւասիկ
Երկու Հայքերն «Ովսաննա՜յ քեզ» կը գոռան…
Եւ Ովսաննայ Վաղարշապատի Հայրապետին՝
Սահակ Պարթեւ զուգակշիւռ արբանեակիդ,
Եւ Վռամշապուհ Արքային,
Որովհետեւ քու մեծ գիւտիդ զօրավիգ,
Մէկն իր Խաչի, միւսն իր Սուրին համազօր
Քու քայլերուդ հետ քալելով՝
Արարատեան արշալոյսին,
Դպրութեանց դուռը մեզ բացին…։

Ա՛հ, ամբողջ արիւնը Քու ուղեղիդ,
Ի՜նչ տենդերէ որպիսի՜ տենդ,
Եւ սարսուռներէ ի՜նչ սարսուռ,
Ի՜նչ գեհենական գալարումէ գալարում,
Եւ վարանքէ վարանք եւ վարկածէ ի վարկած,
Եւ ծովային ծփանքներէ ի ծփանք,
Այլակերպիչ նժարէ մը ուրիշ նժար,
Եւ կշիռէ ի կշիռ, զքե՜զ տարաւ…
Ու մէն մի հիւլէն քու հոգիիդ,
Մէն մի ճաճանչը քու աչքերուդ,
Մէն մի կաթիլը քու հանճարիդ կայծերուն,
Հողմային հեւքդ եւ խօլ թափը թռիչներուդ,
Աղօթքներուդ յորձանքներն հրեղէն,
Քառասուն օր՝ տիւ եւ գիշեր,
Մենութեանդ մէջ, մեռեալի մը պէս մենաւոր,
Զքեզ դէպի Տեսիլքդ տարին…։
Եւ անուրջին մէջ ծնանող ծաղկի ծիլէն
Ու բողբոջէն դեռ անբոյս,
Դուն մարող յոյսէն, դուն տեսլական ստուերէն,
Անգոյն գիծէն եւ երազի վսեմ վարդէն,
Դուն ոլորտէն, անձայն շեշտէն, անգոյն բառէն,
Դուն ծածանող եւ անարմատ ծուէններէն
Դաշնակութեանց Ալփաբետան ստեղծեցիր…
Եւ Չորրորդ դարու Ոսկի Սեմէն
Մինչեւ մեր օրը, մեր արիւնովը մթին՝
Ահաւասիկ Հայ Հանճարը բազմալար,
Քու ձեւերուդ մէջ կը ձուլուի…
Ո՜վ անլուծելի առեղծուած,
Ո՜վ ջղերո՛ւ կայծակէ խուրձ,
Արեան հնոց, անուրջներու անբիծ ծաւալ,
Ո՜վ զարմանալի եւ տեւական զգայախաբ,
Քնարական ահեղաբի՛բ քիմեռատես,
Դուն՝ Աստուածագիծ ծիածան…
Հաշտութեան հուրը մեզ բերող,
Դո՛ւն՝ տարակոյսին են տարտամին տիրապետ,
Դո՛ւն՝ տարօրինակ եւ տարագիծ գմբէթ…
Դո՛ւն՝ մեծ կրքերու կրօնաւոր,
Ա՛յր Աստուծոյ, մտքի՛ եղբայր, քնարի՛ քոյր,
Քու բաժակէդ թո՛յլ տուր, որ ես ալ ըմպեմ…։

Եւ այսօր, քու սրբութեամբդ սնած՝
Ես՝ ապաժաման քնարահար
Եւ անվճար ու անարժան երախտագէտ,
Ես քու ցեղիդ հոգիին հայելին քեզ կը բերեմ…
Աչքերուս մէջ անոր աչքէն հուր առի…
Ու իմ խօսքերս անոր սրտէն եմ քաղեր,
Եւ ի՛նչ որ կարդաս ճակտիս վրան,
Ի՛նչ որ կարդաս ժպիտիս մէջ,
Անոր Յոյսո՜վն եմ ես գրած…
Եւ թոյլ տուր այսօր, ո՜վ Մեսրոպ,
Որ Հայոց հողէն մինչեւ աստղերը հասնող
Քու ոսկիէ սանդուխէդ վե՛ր բարձրանամ
Եւ հաստատաքայլ, աստիճանէ աստիճան
Ու պսակէ ի պսակ եւ լոյսէ ի լոյս,
Իբր զաւակ մը մտածումիդ,
Ես ի քե՛զ գամ իմ այս երգս երգելու…։

1912