Յաւելուածք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՄԱՐԱԿԱՊ

Աւերումի գիշեր։
Հեռուներէն մահազանգակի ցնորաբեր ձայն։
Սպանդանոցի խորունկ վախ մը դռներուն ետեւ,
Ու գետնափորներու մէջ մոխրի վրայ աղօթող այրի կիներ ծնրադիր։
Դուրսը թիարանի պատրական լռութիւն մը կը յաւերժանայ,
Ու քարանձաւներէն ստուերներ վար կը թաւալին՝
Գինով ոճրագործի այսահար ամբոխներու նման…։
Օ՜, բոլոր պատուհաններուն լոյսերը աւրուած աչքերու տանջանքն ունին…
Ու կարծես բոլոր աստղերն ալ խաւարին մէջ կը խեղդուին։
Օ՜, պէտք է գթալ ան մենաւոր հոգիներուն որ կը վախնան՝
Ջուրի մը խորը տեսնուած ծաղիկներու կերպարանքներով։
Ու մանաւանդ անոնց որոնք այլուր ըլլալ կ՚ուզեն,
Հիւանդ անդամալոյծներու այլաբաղձութիւններով թրթռուն։
Բոլոր ամուրիները հողէն հանուած մարմիններու սարսափն ունին,
Ու բոլոր նորածինները հեռաւոր մայրեր կ՚երազեն…
Օ՜, այդ բոլոր որբ հոգիները որ իրարու մէջ կը նային
Քնաշրջիկներու խօլական եւ հայցող նայուածքներով,
Անկարող իրարու մէջ ապաստան մը գտնելու…
Այնքան նման այն մահամերձներուն
Որ մէկմէկու նայուածքին տակ, իրենց մահը կը տեսնեն…։

Աւերումի ցնորաբեր գիշե՛ր։
Ու տարօրինակ երազ մը գիւղացիները յաճախեց։
Ուխտաւորներու երկայն վերարկուներով,
Գետին ափերէն, դաժանօրէն մեռելական,
Ոտքերնին բոպիկ,
Ու իրենց ձեռքերը արծաթէ խնկամաններ բռնած,
Շա՜տ բարեպաշտօրէն,
Դէպի Չարխափան ճամբայ կ՚ելլեն։
Յաւիտենական վախէն զգայախաբ,
Ամբողջ գիւղը, երազին մէջէն, խաչակնքելով կը փախչի,
Կոյր ոչխարներու ճերմակ հօտերու նման
Որ փոթորկի գիշեր մը աճապարանքով ջուրէ մը պիտի անցնին…

Աւերումի ու արիւնի գիշե՜ր։
Օ՜, նայեցէ՛ք
Եփրատի զահանդական եզերքներէն
Բորենիի աչուըներով մարդակերներուն շտապը՝
Երազին վրայէն, ձորերն ի վեր,
Անտունօրէն, դէպի գիւղ…։
Օ՜ այն ընդհարումները ոսկորի եւ սուրերու,
Որ իրենց գիշատողի շարժումներէն
Խուլօրէն կ՚արձանագրուին
Լեռներուն տակ ահարկու։
Ու իրենց նայուածքնե՜րը մանաւանդ,
Ու ակռաներուն խշրտուքը սղոցուող մարմարի,
Ու մրրկում զանգուածեղ խուժանին,
Որ տեղափոխուող անտառներու ցնորքն ունի…
Ու բոլորը մէկ Արիւնը կ՚երգեն…
Ու բառերը իրենց յովազի բերաններէն մթին,
Յանկարծօրէն կտրուած վէրքերու նման,
Քարերու վրան, ծանրօրէն կ՚իյնան…։

Աւերումի ու արիւնի գիշե՜ր։
Օ՜, բոլորդ մէկտեղ անմիջապէս աղօթքի կեցէք,
Ո՛վ դատապարտուածներու ցաւագին եղբայրներ,
Ինծի այնպէս կու գայ որ ամբողջ գիւղը սարսափահար արթնցաւ…
Ու հիմա բոլոր մարմինները իրարու կը փաթթուին,
Բոլոր նայուածքները իրարու կը պաղատի՛ն…
Ու բոլոր բազուկները խելայեղօրէն պարապը կ՚երկննան…
Ու ամէնը մէկ մահագուժօրէն «Աստուա՜ծ, Աստուա՜ծ Աստուա՜ծ»
Կ՚աղաղակեն…։

Աւերումի անդառնալի գիշե՜ր։
Ագռաւներու հանդիսաւոր խենթութիւն մը գիւղին վրայ…
Ու արծիւներու ճերմակ ուրուականներ անոնց հետ։
Բոլոր թաղերը ածխահանքերու երեւոյթն ունին,
Ու օդին մէջ արիւնի ու մոխիրի նախճիր մը կը հեւայ…
Դիակներ, դիակներ, ու մարմիններէն բաժնուած գլուխներ,
Դեւերու ամեհի ու անձայն նայուածքներով,
Ահեղօրէն, սեւ պատերուն երկայնքն ի վեր կ՚աշտարակուին…
Օ՜, ըսէ՛ք, հոգեվարքներուն հեծկլտանքը այս բոլորին մէջէն…
Որ կարապներու սպիտակ կոտորածի մը այնչափ կը նմանի,
Ու կիսամեռներուն մտածումը որ իրար կը ճանչնան…
Ու անոնք, որ իրար փրկել պիտի ուզէին
Կոյսերու նման որ ձիւնի օր մը վանքերու մէջ կը գլխատուին…։
Կարծես խաւարներուն յաւիտենականութեանը մէջէն,
Հեռաւոր դահիճներ արիւնի սահանքները բացեր են
Աշուններու բոլոր տժգոյն հոգիներուն վրայ,
Ու այգիներուն բոլոր պայծառ աւազաններուն մէջ,
Ու հիմա անգամի մը համար,
Արիւնին ոգեկոչող հաւաքումին տակ,
Տիրական Մահը, Մտածումները ու բոլոր չբացատրուած Սէրերը
Նայուածք նայուածքի պիտի գան…։

Գերեզմաննոցներուն վրայ, արշալոյսին մէջէն,
Հինաւուրց ուրուականները երգեցին.
«Խաղաղութիւն անոնց որ գերեզման չունեցան…
Ու Խաղաղութիւն անոնց ալ որ հոգեվարքէ կը տանջուին…»։

«Նոր կեանք » ( Լոնտոն )
1899, Սեպտ. 15