Տարբեր քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Խ ՕՍ Ք ԵՐ ԱՆԾԱՆՕԹ ԱՆՑՈՐԴԻՆ

Ա

Կա՛նգ առ, անցո՛րդ, անմահներու այդ Տաճարին դէմ յանդիման
Եւ կրանիթէ որմերուն վսեմութեանը վրայ,
Աչուըներդ արբեցութեամբ աստղերուն
Կարդա՛ դուն հոն արժէքներու եւ կորովի պատգամներն այն,
Զոր դիւցազնական դարերու իմաստունները մեզ համար
Իրենց մաքուր խօսքերուն մեծութեամբն են քանդակեր։
Կարդա՛ եւ նոր կամքի ուղիներէն, ջահդ ի ձեռին, այս գիշեր,
Թմրութիւնդ թօթափելով եւ ուղեղդ հրահրելէն,
Հերոսներու այդ քարոզը ո՜ւր որ կ՚ուզես սերմանէ դուն։
Եւ բռունցքներովս խորտակէ՛ նախ շղթաներն անցեալիդ,
Որ օղակուած օձերու պէս մեղկութեանդ կը կառչին։
Ըսե՛մ քեզի։ Ամէն վերելք, ամէն գագաթ, ամէն կատար,
Որպէսզի դուն կարողանաս քու թռիչո՛վդ լուսաւորել,
Ըսե՛մ քեզի, եղի՛ր յուզումը ովկիանին, որ ինք իրեն յաղթահարէ՛,
Եղի՛ր հարուածդ, եղի՛ր հուրդ, եղի՛ր ցասումդ դուն քեզ հանդէպ։
Եղի՛ր երկաթդ հրաշէկ հեղգութիւնդ խարանող,
Եղի՛ր մտրակդ շանթածրար, խուսափումի ժամերուդ,
Եղի՛ր քրքիջ մը անագորոյն, փոքրութեանը դէ՛մ քու հոգիիդ։
Եղի՛ր այն Մարդը, որ կուրութեամբ կը հաւատայ
Իր կորովին, իր յոյսերուն, իր հաւատքի բացարձակին…
Եղի՛ր դահիճդ, եթէ պէտք է եւ Աստուածդ միանգամայն…
Ջահդ վառէ՛։ Ամբոխէն վեր եւ բլուրէ ուրիշ բլուր,
Կեանքի՛ կոչէ, Կամքի՛ կոչէ քաջառողջները քաջերէն,
Եւ գինովութեանց ու քարոզի քու բաժակդ,
Եթէ երբեք, բիւրեղին մէջ, թոյներուն թոյնն իսկ բովանդակէր,
Մոլեգնօրէն եւ ցմրուր, ժպտելով, դուն պէտք է քամե՛ս…
Ստուերիդ տակ ձգէ դուն ե՛ւ կամազուրկ, ե՛ւ տկար,
Եթէ անոնց աչքերը խեղճ
Քու կռանած պողպատներուդ կայծերուն պէս իսկ արտասուեն…
Ստուերիդ տակ ձգէ դուն կարաւանները մեղկերուն,
Եթէ կ՚ուզես ներզօրութեամբդ ե՛ւ փրկուիլ, ե՛ւ փրկել,
Նախ դուն զքեզ, մէն մի շունչիդ, Դիցերուն պէս գերազանցէ՛։
Եւ մի՛ թոյլ տար, ինձ անծանօթ օտարակա՛ն կամ սրտակի՛ց,
Մի՛ թոյլ տար դուն ո՛չ մէկ ատեն, ո՛չ մէկ վայրկեան, ո՛չ մէկ րոպէ,
Որ քու մտքիդ արժէքները, քու հոգիիդ այդ ոսկեղէն նժարէն,
Ասեղանիշ մը, ասեղանիշ մը անգամ դէպի անկումը թեքին…

1911