Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԴՐԱՄԻՆ ԱՂՕԹՔԸ 
       Խեղճերուն 
       Հողագունտիս կեղեւին վրայ տրտմածին 
Թափառայած իմ ոտքերըս քալեցին 
Եղբայրութեան տաքուկ շունչը փնտռելէն
Ու ամէն տեղ իմ հէգ աչերըս լալէ՜ն 
Տեսան փարթամ մեծատունին դըրան քով
Աղքատ մայր մը, որ կը սպասէր արցունքով։ 
       Ո՞վ ես ուրեմն, թշուառութեա՜ն դու գործի
Դըրա՜մ, որուն լուռ ցոլքին մէջ կ’արծարծի 
Ճակատագի՛րը տառապող մարդկութեան։ 
Ըսէ՛, քու կամքդ պիտի իշխէ՞ յաւիտեան
Ու պատմէ՛ ինձ, պիտի ըլլա՞ն միշտ, աւա՜ղ
Զքե՛զ լալով մեռնողները անսըւա՜ղ։ 
       Մա՜րդն, առաջին այն մարդը որ տենչավա՜ր 
Պեղեց, խուզեց հողին արգա՛նդը խաւար
Ու չարանենգ թաքըստոցէդ դարաւոր՝ 
Խըլեց քեզի, յղկեց, մաքրեց փառաւո՜ր
Ա՛յդ մարդը, վա՜խ, ժանտ ցոլքերուդ մէջ ժպտուն 
Չը նշմարեց տխո՜ւր անկո՛ւմը Մարդուն։ 
       Տառապանքի, անյուսութեան ողբեր խո՛ւլ
Կը խեղդուին քար պատերու տակ խարխուլ
Սովալըլուկ բի՜ւր թշուառներ տրտմօրէն 
Իրենց նիհար ձեռքերը քեզ կ’երկարեն
Ու տենդահար փողոցին վրայ, ամէն դի
Քանի՜ փոքրեր կան մայրազո՜ւրկ , անօթի՜։ 
       Իջի՜ր, իջի՜ր, խոնարհօրէն, մեղմօրէն
Իջի՜ր ոսկի սանդուխներուդ մատներէն՝ 
Թշուառութեան խշտեակներուն մէջ խոնաւ 
Ուր քու ցոլքե՛րըդ նըշուլած չեն բընա՛ւ
Ցամքա՜ծ շիւղեր, բոլորը քե՜զ կը դառնան
Իջի՜ր, իջի՜ր, անձրեւներու պէս գարնան…։ 
       1907