ԴՐԱՄԻՆ 
  
   ԱՂՕԹՔԸ 
 
       
  
   Խեղճերուն 
 
       
  
   Հողագունտիս 
  
   կեղեւին 
  
   վրայ 
  
   տրտմածին 
 
 
  
   Թափառայած 
  
   իմ 
  
   ոտքերըս 
  
   քալեցին 
 
 
  
   Եղբայրութեան 
  
   տաքուկ 
  
   շունչը 
  
   փնտռելէն , 
 
 
  
   Ու 
  
   ամէն 
  
   տեղ 
  
   իմ 
  
   հէգ 
  
   աչերըս 
  
   լալէ՜ն 
 
 
  
   Տեսան 
  
   փարթամ 
  
   մեծատունին 
  
   դըրան 
  
   քով , 
 
 
  
   Աղքատ 
  
   մայր 
  
   մը, 
  
   որ 
  
   կը 
  
   սպասէր 
  
   արցունքով։ 
 
       
  
   Ո՞վ 
  
   ես 
  
   ուրեմն, 
  
   թշուառութեա՜ն 
  
   դու 
  
   գործի , 
 
 
  
   Դըրա՜մ, 
  
   որուն 
  
   լուռ 
  
   ցոլքին 
  
   մէջ 
  
   կ’արծարծի 
 
 
  
   Ճակատագի՛րը 
  
   տառապող 
  
   մարդկութեան։ 
 
 
  
   Ըսէ՛, 
  
   քու 
  
   կամքդ 
  
   պիտի 
  
   իշխէ՞ 
  
   յաւիտեան. 
 
 
  
   Ու 
  
   պատմէ՛ 
  
   ինձ, 
  
   պիտի 
  
   ըլլա՞ն 
  
   միշտ, 
  
   աւա՜ղ , 
 
 
  
   Զքե՛զ 
  
   լալով 
  
   մեռնողները 
  
   անսըւա՜ղ։ 
 
       
  
   Մա՜րդն, 
  
   առաջին 
  
   այն 
  
   մարդը 
  
   որ 
  
   տենչավա՜ր 
 
 
  
   Պեղեց, 
  
   խուզեց 
  
   հողին 
  
   արգա՛նդը 
  
   խաւար. 
 
 
  
   Ու 
  
   չարանենգ 
  
   թաքըստոցէդ 
  
   դարաւոր՝ 
 
 
  
   Խըլեց 
  
   քեզի, 
  
   յղկեց, 
  
   մաքրեց 
  
   փառաւո՜ր , 
 
 
  
   Ա՛յդ 
  
   մարդը, 
  
   վա՜խ, 
  
   ժանտ 
  
   ցոլքերուդ 
  
   մէջ 
  
   ժպտուն 
 
 
  
   Չը 
  
   նշմարեց 
  
   տխո՜ւր 
  
   անկո՛ւմը 
  
   Մարդուն։ 
 
       
  
   Տառապանքի, 
  
   անյուսութեան 
  
   ողբեր 
  
   խո՛ւլ , 
 
 
  
   Կը 
  
   խեղդուին 
  
   քար 
  
   պատերու 
  
   տակ 
  
   խարխուլ. 
 
 
  
   Սովալըլուկ 
  
   բի՜ւր 
  
   թշուառներ 
  
   տրտմօրէն 
 
 
  
   Իրենց 
  
   նիհար 
  
   ձեռքերը 
  
   քեզ 
  
   կ’երկարեն. 
 
 
  
   Ու 
  
   տենդահար 
  
   փողոցին 
  
   վրայ, 
  
   ամէն 
  
   դի , 
 
 
  
   Քանի՜ 
  
   փոքրեր 
  
   կան 
  
   մայրազո՜ւրկ , 
  
   անօթի՜։ 
 
       
  
   Իջի՜ր, 
  
   իջի՜ր, 
  
   խոնարհօրէն, 
  
   մեղմօրէն , 
 
 
  
   Իջի՜ր 
  
   ոսկի 
  
   սանդուխներուդ 
  
   մատներէն՝ 
 
 
  
   Թշուառութեան 
  
   խշտեակներուն 
  
   մէջ 
  
   խոնաւ 
 
 
  
   Ուր 
  
   քու 
  
   ցոլքե՛րըդ 
  
   նըշուլած 
  
   չեն 
  
   բընա՛ւ. 
 
 
  
   Ցամքա՜ծ 
  
   շիւղեր, 
  
   բոլորը 
  
   քե՜զ 
  
   կը 
  
   դառնան. 
 
 
  
   Իջի՜ր, 
  
   իջի՜ր, 
  
   անձրեւներու 
  
   պէս 
  
   գարնան…։ 
 
       
  
   1907