Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԻԺԱԾԸ

Առանց շունչի վըտիտ սիրտ,
Առանց ժըպտի սեւ ծաղիկ,
Արիւններու մէջ, խեղդած.
Կը ծընանի: Չի լար. է
Լուռ եւ տըձեւ. ուղխէն ափ
Նետուած քուրջի մ’է նըման:
Թըշուա՜ռ էակ, երբեք իր
Աչքին մէջ` բիբ, կուրծքին` իղձ
Չը թըրթըռաց, կոյր յոյսիս
Նըման եղաւ, զոր հոգիս
Իր վըհէն դուրս կը նետէ`
Դիակ մ’ըլլալուն համար սոսկ:
Ծընա՜ծ մեռել, ո՜հ իզուր
Մայրդ համբոյրով ըսպասեց
Շըրթունքներուդ վարդերուն.
Անոնք թոռմած դուրս եկան.
Իզուր հիւսեց երգերով
Շապիկը սուրբ կընունքիդ.
Ան քու պատանքըդ եղաւ:
Ինչո՞ւ, ըսէ, (թող քեզի
Մօր մը ծարաւը սիրոյ
Լեզու հանէ) մեր կեանքին
Այսպէս ինչո՞ւ փութացիր.
Դեռ սաղմըդ լաւ չանցուցած
Իրեն սուրբ քաղցն իննամսեայ
Ծընող մարմնէն, արիւնէն,
Ինչո՞ւ համար, կոկո՛ն հունձք,
Դէպ օրոցքի մ’ըշտապէն
Գերեզմանի մէջ ինկար:
Քեզ ո՞ր ծաղիկը դիւթեց
Դուրսը, հոս տեղ. եւ կամ ո՞ր
Թիթեռնիկին ետեւէ
Դու վազվըզել ուզեցիր…
Ո՜վ տառապանք. ձեզ համար
(Ըստէպ) ձեզի համար է
Վիժումն, աղքա՜տ Յըղիներ,
Քաղցածութեան, տաժանքի
Սայլին լըծուա՜ծ Յըղիներ:
Անօթութեան ժանիքէն
Ցորչափ ձեր կուրծքը մաշի,
Պիտ’ չունենաք դուք արիւն
Արեան համար, միս` մըսի.
Ցորչափ ըլլաք հազար ծանր
Աշխատութեան սահմանուած`
Սեռի բընազդն, առնական
Համբոյրը ձեզ չարիք է.
Ձեր արգանդները մէյ մէկ
Գերեզմաններ պիտ’ ըլլան:
Մինչդեռ կաթով մը վատուժ
Ամսէ ամիս, շիթ առ շիթ,
Կը լեցուին ձեր ըստինքներ.
Մինչ անգիտակ կը ժըպտիք.
Երազի մէջ, մանկական
Սեւ աչքերու, շըրթներու
(Խօսուն վարդեր) եւ անոնց
Սոխակն յաղթող կակազին.
Խորը, ձեր մէջ, լո՜ւռ ոճիր
Սեւ Մահն էակ մը, անձայն,
Ձեր աղիքով կը խեղդէ: