ՋՈՒՐԻՆ 
   
    ՎՐԱՅ
  
 
   
    Նըւագէ՛ 
   
    կիթառդ, 
   
    ո՛վ 
   
    իմ 
   
    Մելինա,
 
   
    Լուսինն 
   
    է 
   
    ցաթեր, 
   
    վէրքի 
   
    պէս, 
   
    լանջքիս.
 
   
    Երգդ, 
   
    իբրեւ 
   
    ըսպունգ, 
   
    կը 
   
    ծըծէ 
   
    ահա
 
   
    Աստղերն 
   
    երկընքին, 
   
    արցունքներն 
   
    աչքիս:
  
 
   
    Աշխարհը 
   
    մոռնա՜նք. 
   
    ջուրին 
   
    վրայ՝ 
   
    լուսնին
 
   
    Լուսասփիւռ 
   
    ճամբա՛ն 
   
    ըլլայ 
   
    մեր 
   
    ճամբան…
 
   
    Երբ 
   
    պըսակեմ 
   
    գլուխս 
   
    ողկոյզով, 
   
    Մելի՛ն,
 
   
    Սըրտիս 
   
    արիւննե՛րն 
   
    իսկ 
   
    գինի 
   
    կ'ըլլան:
  
 
   
    Թող 
   
    երգդ 
   
    հըրճըւի՜. 
   
    Ծովը 
   
    լուսավերտ
 
   
    Անդունդին 
   
    աղով 
   
    կ'օծէ 
   
    գանգուրներդ՝
 
   
    Զոր 
   
    խառնեց 
   
    ահա 
   
    սիւքը՝ 
   
    լարերուդ:
  
 
   
    Թող 
   
    երգդ 
   
    արբենա՜յ. 
   
    լեցուցի 
   
    գինին
 
   
    Կիթառիդ 
   
    տօսախ 
   
    պորտին 
   
    մէջ 
   
    հըրուտ…
 
   
    Աստղի՜կն 
   
    է 
   
    նըստեր 
   
    մեր 
   
    նաւուն 
   
    քիթին: