Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԲԱՂԱՆԻՔ

Մորճագըմբեթ բաղնիքին ներքնադուռն հո՜յլ կը բացուի,
Եբենոս դո՛ւռն հաստաբեստ՝ որ կը ծեծուի միշտ թակով,
Եւ անընդհատ կը քըրտնի, կը ճըռընչէ ուժասպառ
Հուրիներուն ետեւէն՝ որոնք դանդա՜ղ կը մըտնեն:

Բոլոր մե՛րկ են ու չըքնա՛ղ, թեւերն իրենց ծալլեր են
Լանջքերնուն վրայ հոյաշէն՝ որոնց վրայ կը դիզուին
Կոյտերն իրենց ծիծերուն, պըտուկներով թըխագեղ:
Սատափազօծ սանդալներն յատակին վրայ կը հընչեն.

Սրտերնուն հեւքն աղուական, ձայներն իրենց քաղցրանոյշ
Բաղնիքէն ներս կը փոխուին անդընդասոյզ ղօղանջի.
Աստղերուն պէս՝ լողացող մառախուղին մէջ աղօտ՝
Իրենց աչքերը խոնաւ նըշողիւններ կ'արձակեն,

Եւ գոլորշին, իր տամուկ շըղարշներով, կը պատէ
Մարմինն իրենց՝ որ պըտղիլ կը սկըսի ա՛լ քրտինքով:
Հուրիները կը լոգնա՜ն. Պորտաքարին կիզանուտ
Ոմանք պառկած նըւաղկոտ նայուածքներով կ'երազեն:

Լուսացընցուղ գըմբեթէն՝ արեւուն շողը ճերմակ
Ներս կը մաղուի՝ մարգարտեայ յորդ անձրեւի մը նըման.
Եւ ծփանուտ գոլորշին կը դառնայ ծով մ'արծաթեայ,
Ուր լիւղ կու գան կարապներն Արեւելքի Հեշտանքին

Ըսպածանին՝ որ կըպած է զիստերնուն լոռի պէս,
Ա՛լ կը նետուի. մարմինները կը փոխուին արձանի.
Եւ մազերնին, հիւս առ հիւս, ծովերու պէս կը քակեն,
Ուրկէ երբե՛մըն կ'իյնան գոհարներու հատիկներ,

Օ՜, ծամե՜րն այդ. ծամե՜րն այդ, որոնցմով ա՛լ կը ծփայ
Կարծես բաղնիքը ամբողջ. եւ պորտաքարը մարմար
Կը թըխանայ անոնց յորդ սեւափըրփուր ալիքով:
Գըլուխն իրենց կը սանտրեն ոսկեդրուագ սանտրերով

Երկա՜ր, երկա՜ր, մինչեւ ծայրն անծայրածիր մազերուն
Կ'երթան իրենց մատուըները ծեքծեքուն ու դանդաղ
Միշտ լողալով կայծերուն մէջ մատնիի ադամանդ:
Անոնք երբեմըն կը զգան նըւաղումներ, ու երբեմն

Յանկարծակի կը սարսռան՝ երբ գմբեթէն կը կաթի
Ցուրտ ցօղ մ'իրենց ծոծրակին հեշտագրգիռ փոսին մէջ:
Ահա հարիւր ծորակնե՜րն, ահա մարմար ծորակնե՜րն
Իրար ետեւ կը բացուին՝ աղմըկայոյզ կարկաջով.

Մոխիրի պէս գորշ շոգին կը բարձրանայ ծուփ առ ծուփ.
Դատարկ գուռերը բոլոր կենդանութիւն կը ստանան.
Ջուրը կ'յորդի ամէն կողմ, ջուրը կ'երգէ քաղցրահունչ.

Հուրիները կը լոգնա՜ն. Գուռերուն շուրջ հաւաքուած
Գանո՛վայի Շընորհներ, կարծես իրար կը փարին,
Եւ կը խառնեն ծիծերնին, կը խառնեն ժիր թեւերնին

Եւ սըրունքնին պաղպաջուն, եւ պորտերնին կօշարայ՝
Ուրկէ մուշկի հատիկներ, տարրալուծուած, կը բուրեն:
Մարմարներուն վրայ նստած զիստերն իրենց կ'ընդլայնին՝

Ու կը խըմեն հեշտութիւնն իրենց տակէն սահող ջրին:
Ոսկի թասերը ահա քարերուն վրայ կը հընչեն,
Տօսա՜խ թասերն, որոնք մերթ սիրտերու պէս կը ճայթին՝

Այդ անպատում մերկութեանց ծառայելու ժամանակ:
Կը քըրքըրի կաւն ահա, ծոթրինաբոյր կաւը զով,
Ծաղկահիւթով զանգըւած՝ զոր մեր նախնիք կ'ուտէին:

Մազերն անով կը ծեփուին, ու կը դառնան ապըրշում:
Լանջքերն անով կ'օծանուին, ու կ'ըլլան նման փրփուրի,
Անոր խիւսովը պաղուկ, եւ լըպըրծուն շաղախով

Կը զովանան հուրիներն, որովայննին կը յըղկեն
Գետի խիճին պէս ողորկ ու թաւշօրէն օծանուտ:
Կ'եռան ջուրերը, կը լուան Կըրակներն այդ պաշտելի.

Կը փըրփըրին օճառներն՝ Մաքրութիւններն անգամ մ'ալ
Իրենց մածան լոյսերուն մէջ մաքրելու ի խընդիր,
Ջուրն, որ ամէն կողմանէ, պորտաքարին շուրջն ի վար,
Կ'հոսի կ'երթայ՝ կոյուղին իսկ բուրումով լեցնելու,
Գո՜րշ է կաւով ու կիրով, լեղի կիրով հերաթափ,
Եւ իր ուղխին հետ մէկտեղ մերթ կը գըլէ կը տանի
Թըխակուտակ թընճուկներ, անութներու գանգուրներ,
Եւ խըռիւներն աղուամազ այդ կիպերեան լուսեղէն
Արձաններուն կենեղուտ՝ որոնք այլեւս ուժաթափ
Կը լեցընեն հուսկ թասերն, թասերը հուսկ կը պարպեն.
Գուռերն հե՛ղ մ'ալ կը յորդին, բաղնիքն հեղ մ'ալ կ'աղմկի
Ջուրն եռեփուն կը վազէ, հե՛ղ մ'ալ կ'լողան հուրիներն:
Կը բըռնըկի մորթերնին վարդի մը պէս բոցավառ.
Եւ նըւաղուն բիբերով, թասերն՝ իրենց գըլուխին,
Կուրծքերնուն վրայ միշտ գրկած դէզերն իրենց ծիծերուն՝
Այլեւըս դուրս կը փութան, շարան շարան, հեւասպառ,
Անգայտացած շոգիով, կակաչներու պէս բոսոր…
Օ՜, գանգուրներն յորդառատ՝ իրենց կուրծքին վրայ մերկ,
Օ՜, գանգուրները խըխում, կաթիլներով ծանրացած,
Որոնք բոբիկ ոտքերնուն՝ սատափ ցօղեր կը ծորեն…:
Ինչպէս պատմել ձեր օծումն, ի՜նչպէս պատմել ձեր զարդերն՝
Երբ մարմիննիդ կը սըրբէք, եւ կուռքի պէս կը յագուիք…
Թող համբուրեմ մատերնիդ՝ զոր դուք այսօր կը թաթխէք
Հինաներու գուշին խորն՝ իբր արիւնոտ սըրտի մէջ,
Թող համբուրեմ մազերնիդ՝ կընդրուկներով օծանուտ՝
Որոնք, գիշերը, լուսնին տակ, կը բուրեն բարձին վրայ,
Եւ յօնքերնիդ ծարուրուած, ամպանըման թարթիչնիդ,
Եւ լանջքը՜ ձեր՝ որ փաղփուն մանեակներով ոսկեշար
Ամուսնական անկողնին նըշողուն ջա՛հը կ'ըլլայ.
Թող համբուրեմ պորտը ձեր՝ ուր ծըրարած կը ծածկէք
Թէ՛ Արաբիոյ հաշիշներն եւ թէ՛ մուշկերն Ափրիկեան:
Ձեր տուներն այժը՛մ կ'երթաք գոհարներով բեռնաւոր…
Թող սալարկները Քաղքին ձեր քայլերէն թարմանան…
Ցուրտը խածնէ թուշերնիդ, ու այտերնիդ բոսորէ:
Վարշամակէն ձեր տամուկ, քըղանցքներէն ծըփծըփուն
Արտաբուրէ՛ եւ յորդի՛ լոգանքին հոտը ծոթրին.
Եւ լեցընէ գըռեհներն, հըրապարա՜կն եւ ուղի՜ն.
Աւելցած մասն այն հացին՝ զոր դուք բաղնիք կը տանիք,
Զոր թասին մէջ կը դընէք եւ կը ծածկէք ղենջակով,
Թող արձակէ՛ բուրումն իր՝ տարաշխարհիկ համեմով,
Զի այն ատեն փողոցներն Արեւելեան Քաղաքին
Պիտի ըզգան թէ Մայիսն հետքերնուդ վրայ կը ծաղկի,
Եւ թարմացած մայթերէն Գարո՜ւն, Գարո՜ւնը կ'անցնի: