Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱԴՈՒՌՆԱԿԱՆ

Այս իրիկուն նորէն Քաղաքն հեշտանքի,
Ծովափին վրայ, գոհարազարդ բոզի պէս,
Անթիւ ջահերն իր կը վառէ: Երբ տակաւ
Հըռընդիւնները սըղոցին կը լըռեն,
Եւ սալին վրայ մուրճերն ալ չե՛ն կայծկըլտար:
Ան՝ խորտակուած սափորէն յանկա՛րծ թափուող
Հին գինիի մը նըման՝
Կը փըրփըրի, կը պըղպըջայ իր կարմիր
Կիրքերուն մէջ: Երեկոյեան խորշակով
Բըլուրներէն այգեւէտ
Հոտ մ'ողկոյզի փողոցներն յորդ կը լեցնէ,
Ու կըծու աղը ծովուն
Կու գայ ռունգերը գըրգըռել կըտղուցի.
Այն ժամանակ մեհեաններէն դուրս կ'ելլեն
Քըրմուհիներ սադուռնական տօներուն.
Կ'անցնին կիներ՝ վարդ դըրած
Իրենց քունքին ու գօտիին վրայ արծաթ.
Կ'անցնին մարդիկ, նըւագներով ու պարով.
Պոռնիկ մ'յանկարծ, անոնց մէջ,
Կ'արձակէ հերքն իր կըրուկները մինչեւ,
Եւ լողալով գանգուրներուն ծովին մէջ,
Կը ծիծաղի՜, կը ծիծաղի՜ խելայեղ
Երեսն ի վեր քարձ կաւատի մը հարբած:
Քաղքին պատերն ամբարիշտ
Կարմրաշառայլ լոյսով մ'ամբողջ ծեփուած են.
Եւ նըռնենին, լապտերներով պաճուճուած,
Պատըշգամին տակ կը ծաղկի հեշտօրօր:
Սալարկներէն վար գինինե՛ր կը հոսին.
Տան շեմերն են թըրջըւած
Մամացներով ու մաղձով
Դուռներէն վար կը կախուին
Հոմանիի դրասանգներ.
Եւ գիշերուան լոգարանները բոլոր
Կը քըրտընին գըմբեթներովը իրենց՝
Որոնց ներքեւ կը թալկանայ հեշտութիւնն
Ու կը զեղուն կոշարաները զըմուռս.
Ամփիթատրին մէջ, փըրփրած,
Կ'հոսի արիւնն, ու մեհեանին մէջ ծածուկ
Կը յօշոտուի յազածոն.
Բոզնոցներուն դրան առջեւ՝
Որոնց պագշոտ ծերպերէն
Թըխակարմիր շառայլներ դուրս կը նշողին՝
Կիներ պառկած՝ կ'ունկընդրեն
Փողոցներէն անցնող ձայները դափին,
Ու տըռփագին ու զոշաքաղ ակնարկով
Կը խայտացնեն պորտերնին…
Բոլո՛ր, բոլո՛րը կ'ընեն
Սադուռնական գինարբուքները՝ մինչեւ
Արշալոյսին ծագիլն արեան քօղերէն:
Պալատներուն մէջ՝ խըրա՛խ,
Պողոտային վրայ՝ շուրջպա՛ր,
Եւ մըթընշաղ անկիւններուն մէջ, աւա՜ղ,
Ումպէտ հոսումն ուղխօրէն
Առնական գա՛ղջ սերմերուն:
Գերիներ, մերկ, ներբաններնին այրելով,
Հըրաբորբոք կուպրին վըրայ մայթերուն՝
Կը հայթայթեն, վազն ի վազ,
Խեժն այդ փըրփրած հըրդեհին.
Ոմանք ըշտապ կը տանին
Համադամներ, ոմանք գինի՝ փարչերով.
Խառնածին մ'իր գոգին մէջ
Ծաղկի պսակները դիզած՝
Կ'երթայ արբշիռ ճակատներն իր տէրերուն
Արտախուրել բաղեղներով, վարդերով.
Եւ Պահլագուն մը յուժկու՝
Կոյս մը շալկած մազերէն՝
Պատրիկներու ոսկեճամուկ սեղանին
Կը տանի զոհ մը իբրեւ…
Գինի, ռետին ու տըռփանք
Քաղաքին վրայ, կը պանծացուին տաւիղով.
Քաղաքի՜ն վրայ, որ նըստած
Ափը ծովուն, գոհարազարդ բոզի պէս,
Կը պըճնէ ծոցն իր՝ ջահերով անհամար.
Եւ Քաղաքին վըրայ ո՞ւր ես դուն, է՜րոս.
Խա՞յթն էր ոսկի փըքինիդ
Որ շաղաշոյտ այդ ժողովուրդը կըտղեց…
Ո՛չ, ո՛չ, է՜րոս. տատրակի պէս տարագիր
Այդ Ոստանէն խոյս տըւիր:

Աստուածներու կըղզիին մէջ՝ այժըմ դուն
Լուսընկային հետ, քնքշօրէն կը հըսկես
Սոխակներու բոյնի՜ն վրայ: