Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼՔՈՒՄ

  Կորիցէ օրն՝ յորում ես ծնայ:
ՅՈՎԲ.

Իրիկուն է: Մեր տան դըրան առջեւի
Պարտէզին մէջ բարտիներուն ըստուերներն
Անհունօրէն կ'երկարին:
Իրիկուն է: Այնտեղ մինակ եւ տըրտում,
Ջըրհորին եզրն արմըկած՝
Վար կը նայիմ, կը նայիմ խո՛րն եւ կու լամ:
Ներսը, տան մէջ, հանդարտաւէտ երգելով՝
Հանիիս հետ մայրըս խաղող կ'հընձանէ,
Ու եղբայրներս, իր չորս դին,
Ողկոյզներուն բոյրէն արբշիռ կը կայտռեն…
Ո՛չ ոք, ո՛չ ոք գիտէ վիշտն՝
Որ թոքերուս մէջ, զերդ խաշխաշ թունաբեր,
Արագօրէն կ'ուռճանայ.
Ո՛չ ոք գիտէ թէ ի՜նչ կերպ
Յուսահատութիւն օրէ օր զիս մահուան հետ
Կ'ընդելացնէ, թէ կ'երթամ ի՛նչ ճամբայով
Կեանքիս մոխիրն ես իմ ափին մէջ կըշռել.
Մահկանացու նայուածքներու վարագոյր
Պիտի ըլլայ սարդի ոստայնը՝ զոր ես
Լռութեամբս հոգւոյս աւերին վրայ կը հիւսեմ:
Դո՛ւն գիտես լոկ ճակատագիրս ահաւոր,
Ո՛վ Լուսընկայ ուրուադէմ,
Որ հորին մէջ տըրտմաթախիծ կը ժըպտիս
Եւ զիս քեզի՛ կը կանչես:
Դո՛ւն գիտես լոկ թէ ի՛նչ հողով թունաւոր
Թըրծըւած է բաժակն այն՝
Որով կեանքս իմ խըմելու եմ սահմանուած.
Ու կը խոկաս բախտիս վըրայ, կը գըթաս.
Իւրաքանչիւր շիթն արցունքիս՝ որ կ'իյնայ
Խորութեան մէջ ջըրհորին՝
Կ'այլայլէ դէմքդ, ու հառաչել կու տայ քեզ:

Կանո՜ւխ է դեռ, իմ ձեռքերս իմ արեան մէջ
Թաթխելու դեռ կանո՛ւխ է:
Երբ շիրմաբոյր իմ գոյութեանըս կարօտ
Սըրտերուն մէջ, սըրտերուն հետ նախ մեռնիմ.
Եւ յանձնեմ քնարս աստուածներուն ոլիմբեան,
Որ կը դարձնէ դեռ հաճոյ
Իմ կեանքս ուրիշ արեգնամոլ կեանքերու.
Երբ յոյսի Ուղտն, ալ խոնջ, ծալլէ ծունկերն իր
Անապատին մէջ օրերուս անծաղիկ,
Այն ժամանակ, մտերի՛մ հոր,
Ամէն անոնք, որ ինձ դափնի կը քաղեն,
Պէտք է դառնան, թող դառնան,
Շուրջն եզերքիդ մեռելապսակս հիւսելու.
Քանզի այն օրն, անիծելով հայրական
Համբոյրը կոյր՝ որ եղաւ
Իմ սեւ սերմիս առաջնորդ,
Դարձեալ քեզի՜ պիտի գամ,
Քու երազկոտ, Ա՛ն լոկ կըրնայ ճանչնալ Երազը սրարբած՝
Ո՞վ կ'արբենայ կեանքի դիրտովն ու խունկով,
Ա՛ն որ Մարդն է՝ լոյսով ցեխով թըրծըւած,
Ա՛ն որ Մարդն է՝ սըրբագործուած արցունքով: