ՀՈՒՆՁՔ
ԿԸ
ԺՈՂՎԵՄ…
Հունձք
կը
ժողվեմ
մանգաղով,
–
Լուսնակը
յարս
է
–
Ակօս
ակօս
ման
գալով,
–
Սիրածըս
հարս
է:
Գըլխեբաց
եմ
ու
բոպիկ,
–
Անո՜ւշ
են
հովեր
–
Արտերուն
մէջ
թափառիկ,
–
Մազե՜րն
են
ծովեր:
Ցորեն,
կակաչ,
կարօտով,
Կաքաւը
կու
լայ
–
Կապեցի
մէ՛կ
նարօտով,
–
Ձեռքերն
են
հինայ:
Հասկերուն
մէջ,
վերեւէն,
–
Ասուպը
անցաւ
–
Աստղեր
միւռոն
կը
ծորեն,
–
Դէմքը
լուսացաւ:
Քանի՜
խուրձեր
շաղերով,
–
Վարդենին
թաց
է
–
Ես
կապեցի
խաղերով,
–
Ծոցիկը
բաց
է:
Արտըս
խոզանով
մընաց,
–
Կ'երթա՜յ
լուսնակը
–
Դէզերով
լեռ
եմ
շինած,
–
Սի՜րտս
է
կըրակը:
Մանգաղըս
քարին
եկաւ,
–
Յարըս
յա՜ր
ունի
–
Քարէն
լորիկը
թըռաւ,
–
Լե՜րդըս
կ'արիւնի: