ԿԱՄՆԵՐԳ
Կամ
կը
քըշեմ
վաղուան
յոյսով՝
Արեւն
առած
ճակտիս
վըրայ:
Հորիզոնը,
անհուն
լոյսով
Իմ
աչքերուս
մէջ
կը
լողայ:
–
Դարձի՛ր
կամըս,
արագ
դարձիր,
հիռ,
հիռ.
Նուաճէ
դէզերը
հունձքերուս
ժիր,
ժիր:
–
Կը
թըռչըտի
շուրջը
կալին
Իշամեղուն,
բռնկած
գոհար,
Ու
թափ
տալով
խըռպոտ
տաղին՝
Լըծկանն
առաջ
կը
մըղէ
յար:
–
Դարձի՛ր
կամըս,
արագ
դարձիր,
հիռ,
հիռ.
Քանդէ
պըսակն
որաներուն,
ժիր,
ժիր:
–
Վարոցըս
սուր,
հըսկայ,
մասուր,
Յօտուած՝
սըրտէն
անտառներուն
Իմ
ծոյլ
եզիս
կողէն
հաստոյր
Մերթ
կը
քաղէ
կաթիլ
մ'արիւն:
–
Դարձի՜ր
կամըս,
արագ
դարձիր,
հիռ,
հիռ.
Խուզէ
հասկին
բոց
մօրուքը,
ժիր,
ժիր:
–
Յորձանքին
մէջ
աշխետ
հունձքին
Ես
կը
լողամ
երգերուս
հետ.
Մըղեղներուն
հետ
միասին
Կ'ըմպեմ
խարին
հոտն
արփաւէտ:
–
Դարձի՛ր
կամըս,
արագ
դարձիր,
հիռ,
հիռ.
Կոյս
հատիկին
պատռէ
քօղը,
ժիր,
ժիր:
–
Ի՜նչ
փոյթ
քաղցած
ըլլան
եզներ,
Ու
մըշակներն
ալ՝
ծարաւի.
Խոտն
է
կանանչ
ձորին
մէջ
դեռ,
Թանն
աղբիւրին
մէջ
կը
պաղի:
–
Դարձի՛ր
կամըս,
արագ
դարձիր,
հիռ,
հիռ.
Հասկին
սըրտէն
սուտակ
թափէ,
ժիր,
ժիր:
–
Զուր
տեղը
չէր,
կա՛մըս
աղուոր,
Որ
օծեցի
քեզ
կուպրերով,
Զինեցի
պորտըդ
սեւաւոր
Կայծքարէ
սուր
ակռաներով:
–
Դարձի՛ր
կամըս,
արագ
դարձիր,
հիռ,
հիռ.
Կըրծէ՛
յարդին
ոսկիները,
ժիր,
ժիր:
–
Ցորե՜նն
ահա,
ցորե՜նն
ահա,
Մըշուշին
մէջ
մըղեղներուն,
Անհունօրէ՜ն
կ'արշալոյսնայ:
…Զըւարթութի՜ւ
խըրճիթներուն:
–
Կեցի՛ր
կամըս,
ա՛լ
կեցիր
դուն,
Խաղաղութի՜ւն
խըրճիթներուն…