Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎԱՐԴ ՄԸՆ ԱԼ...

Շաբաթ մըն է կը կախուի

Ծաղկամանէս սպիտակ՝

Մեծ վարդ մը որ կը թօշնի

Իր տերեւին շուքին տակ...

 

Եւ այդ վարդ մ՚է աշունի,

Օ, բայց որքա՜ն հպարտ է.

Կարծես հոգի մը ունի՝

Որ ժամը իր կ՚աւարտէ...

 

Ա՜հ, ամէն կեանք այսպէս է,

Երբ որ աշունը կու գայ,

Գլուխը հակ կը սպասէ

Ցուրտ համբոյրին մօտակայ... ։