Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀԻՒԱՆԴ ԵՄ...

Հիւանդ եմ...

Մեծ ագռաւներ կ՚անցնին մօտէս,

Նոճիի մը դէմ մահադեմ

Կեցեր եմ...

Կը դիտեմ՝

Ճամբան ծաղկած սա բլուրին.

Կը զարհուրի կոյսն՝ դալկադէմ

Տեսնելով զիս նոճիին դէմ...

Հիւա՜նդ եմ... ։