Օրագրութեան էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3 Փետր. 1918

Առաւօտուն ուշ ելայ անկողնէս, մինչեւ կէսօր կարդացի, յետոյ նորէն քնացայ։ Անձրեւոտ ու մռայլ օդը թոյլ տրամադրութեան մը մէջ պահեց զիս ամբողջ օրը։ Իրիկունը ուշ ատեն հիւանդանոց վերադարձայ։ Հանրակառքին մէջ կռուեցայ պզտիկ լակոտ տոմսավաճառին հետ որ չէր ուզեր զիս իր վակոնը առներ՝ զինուոր ըլլալուս համար։

«Պանա պա՜ք», գոռացի՝ բարկութենէս դողահար ու կռփահարելու պատրաստ, սակայն շուտով հանդարտեցայ եւ լուցկի մը ուզեցի սիկարէթս վառելու համար։

Երբ աստղալի երկինքին տակ, Տոլմա-Պահճէի զառիվերէն կը բարձրանայի, թարմ ու ցանկալի բուրումնաւէտում մը (չեմ գիտեր ուրկէ կու գար) հրաշալի տրամադրութիւն մը ստեղծեց յանկարծ մէջս։ Տարօրինակ կարօտ մը կը զգայի՝ սիրական ծաղիկներ հոտոտելու։ Պէյրութի յասմիկները յիշեցի, եւ պատանութեանս երազները, անմեղ ու մաքուր հոգիս…։

Ու պժգանքը, զոր իսկոյն զգացի առօրեայ կեանքիս դէմ, դառնութեան գինովութիւնովը լեցուց զիս։ Ժամու մը չափ դեգերեցայ մօտակայ մարմանդին ծառերուն տակ։ Ի՜նչ քաղցր էին աստղերը եւ ի՜նչ ցաւագին։ Ո՞վ կապտած է զիս այսպէս եւ ինչո՞ւ։ Իղձերուս, ձգտումներուս, նկարագրիս առջեւ ո՞վ կանգնած է այս պատնէշը, որուն դէմ հոգիս ամէն օր կ՚արիւնի։ Չորս տարիէ ի վեր զինուոր եմ։ Քսան տարեկան էի պատերազմին սկիզբը, ու հիմա՝ քսանեւչորս…։ Կեանքիս գերեղցկագոյն տարիները մեռան ողբալի աննպատակութիւնով մը։ Ա՜խ, երանի թէ այսչափ միայն ըլլար կորուստս։ Այս չորս տարիները անգոյ, երազային ժամանակամիջոց մը եղած ըլլային, առանց հետք մը ձգելու վրաս։ Երբեք պիտի չտրտնջայի, եթէ պատերազմը աւարտեուն պէս կարելի ըլլար ինծի վերսկսիլ կեանքը այն միեւնոյն ոգիով եւ արիւնով որոնք իմս էին՝ այս աղտոտ, զզուելի հագուստները դեռ չհագած։ Բայց այդ կարելի չէ այսօր, եւ նուազ կարելի պիտի ըլլայ անշուշտ աւելի վերջը՝ ինչու որ համոզուած եմ թէ այս վագրերը դեռ տարիներով պիտի չդադրին զիրար փողոտելէ։ Մեռած հոգի մը…։ Ոչինչ կարելի է բաղդատել այս թշուառութեանը հետ, ո՛չ մէկ վիշտ՝ ունի ասոր ցաւը, տրտմութիւնը, յուսահատութիւնը։ Կ՚երեւակայեմ թէ, եթէ հայր մը եղած ըլլայի, եւ բոլոր զաւակներս մեռած ըլլային ճակատամատի դաշտին՝ աչքերս կուրացնող այս խաւարը դեռ անծանօթ պիտի մնար ինծի։ Պիտի տրտմէի, հոգիս պիտի գալարուէր, բայց պիտի չհակէի գլուխս։ Վերստին անհունութեան դառնալու անկարող պիտի չըլլայի։ Եթէ ծնողքս գտնուած ըլլային բիւրաւոր հայ աքսորականներու կարաւանին մէջ, եւ օր մը լսէի թէ անոնք մեռած էին թշուառութեան եւ անօթութեան մէջ՝ պիտի չընկղմէի այսչափ։ Այո, եթէ բարեկամ հոգի մը գար պատմէր՝ մայրամուտի մը պահուն՝ թէ ճիւաղներ ճամբուն վրայ խեղդած էին մայրս ու հայրս, տարիներով պիտի լայի թերեւս, բայց ճակատս այս ստուերը պիտի չունենար։ Առոյգ ու գեղեցիկ հոգիի մը առջեւ, բիւրաւոր կարելիութիւններ պիտի ըլլային դեռ։ Պիտի ապրէի՝ գծելու համար անհունութեան մէջ կեանքիս ոսկեղէն շրջանակը։ Իսկ հիմա… մե՜ռած հոգիով…։

Դեղերու նոյն զզուելի հոտը՝ նրբանցքին մէջ մտնելուս պէս։ Շաբաթ մը նոյն հին կեանքը պէտք է ապրիլ։ Շաբա՞թ մը։ Ձեռքերս կռնակս կապած անցայ, մելամաղձոտութեան մէջ սուզուած՝ բոլոր սրահներուն առջեւէն։ Գիշերամուտի այս պահը ամէնէն ահաւոր պահն է թրքական հիւանդանոցի մը մէջ։ Այս սպիտակ պատերէն իջնող տրտմութիւնը կապարի պէս ուսերուդ կը ծանրանայ, եւ լռութիւնը՝ թեւեր առած՝ քեզ խեղդել կ՚ուզէ։ Եւ սակայն պէտք է քալել։ Յուսահատութիւնն իսկ՝ եւ անիկա՛ մանաւանդ՝ իր գինովութիւնը ունի, թերեւս ամէնէն խորունկը բոլոր գինովութիւններուն։ Պէտք է քալել ու ժպտիլ։

Քանի մը ծանօթ կաղերու եւ քնատ, սովալլուկ հիւանդապահ-զինուորներու հետ խօսքի բռնուեցայ, վիթխարի պատուհաններուն առջեւ, որոնցմէ կը տեսնէի դեռ ցանցառ ու մենաւոր աստղերը։ Գրեթէ ոչ մէկ դէպք պատահած է հիւանդանոցին մէջ։ Անշուշտ նկատելի դէպք մը չէ հոս մահը։ Հիւանդ զինուորը որ մահուան դատապարտուած է, կը բերուի հոս, մահճակալ մը կը յատկացուի իրեն, նաեւ ժանգոտած դգալ մը։ Հիւանդը կը ժպտի քանի մը օր, հակառակ իր ցաւերուն։ Երջանիկ է. իր կեանքին մէջ առաջին անգամն է որ իր մարմինը հանգչած է այդքան հանգստաւէտ անկողնի մը մէջ։ Կ՚օրհնէ իրեն ծառայողները, կ՚օրհնէ իր Աստուածը։ Իրիկուն մը, պուտ մը ջուր կ՚ուզէ, աղերսող ու երազուն նայուածքով մը, կը խմէ ու նորէն կ՚օրհնէ։ Յետոյ… կը մեռնի։ Դէ՞պք մըն է ասիկա…։

 

4 Փետր.

Ոչինչ կարեւոր։ Հանդարտ, միօրինակ կեանք։ Կէսօրէն ետք փախայ հիւանդանոցէն՝ Սկիւտար երթալու համար, բայց երբ հանրակառքը Պէշիկթաշի առջեւէն կ՚անցնէր, ծուլացայ վար իջնել - այնքան հանգստաւէտօրէն բազմած էի առաջին կարգի վակոնի մը մէջ։ Դէպի Առնուատգիւղ ճամբաս շարունակեցի։ Կիներուն բաժինը անջատող վարագոյներուն միջեւէն, երբեմն աչքիս ծայրովը կը նայէի սիրունիկ աղջկան մը, որ իր կարգին անտարբեր չէր մնար, թէեւ ինքն ալ աչքին ծայրովը…։ Տուն հասնելուս պէս գինի խմեցի ու քնացայ, գիշերը վերջին հանրակառքով վերադարձայ հիւանդանոց։ Հիմա բանսըմանի սրահին մէջ կը ճգնիմ։ Դուռը կղպած եմ. ոչ ոք պէտք է որ գայ գիշերային այս անդորրս վրդովելու։ Եթե մէկը գայ, պիտի վռնտեմ։ Եթէ սպա՞ս ըլլայ։ Ահ, մանաւա՛նդ ան… պատուհանը պիտի բանայի եւ անկէ…։

 

7 Փետր.

Յոգնած, սպառած եմ։ Երկար ատենէ ի վեր անշարժ կեանքի վարժուած մարմինս այսօր փոթորիկներով լեցուն օր մը ապրեցաւ։ Ծայրայեղ յիմարութիւններ գործեցի։ Ինչու՞ յիմարութիւններ։ Հրաշալի օր մը ապրեցայ։ Կարգաւ կը յիշեմ բոլորը   եւ կը ժպտիմ։ Հիմա գլուխս ծանր է, աչքերս քունի կը բաղձան, բայց ճիգ կ՚ընեմ չիյնալու համար սա շարժուն վիրակառքին վրայ որ գիշերային հանգստարանս է։ Չեմ ուզեր խաղաղութիւնով աւարտել այս օրը։ Կ՚ատեմ խաղաղութիւնը, կ՚ատեմ չափուած կեանքը, նորմալ կեանքը։ Դեռ ինչե՜ր պիտի ընեմ։ Գինին կը թուի սորվեցնել ինծի մեռած հոգիով մը ապրելու արուեստը։ Պիտի խմեմ ու պիտի ծիծաղեմ։ Իրիկունէ իրիկուն, փոխանակ ճակատս ձեռքերուս մէջ առնելու, պիտի ընկղմիմ քաղցր խորութիւններու մէջ։ Ոչ մէկ զղջում։ Յաղթա՞ծ է ինծի ճակատագիրս՝ զիս հոս նետելով։ Չեմ գիտեր, չեմ ուզեր գիտնալ։ Ամէն բան մոռցած եմ։ Ձեռքերովս կը մարեմ հոգիիս յետամնացած, հազուագիւտ լոյսերը, որոնց կը հանդիպիմ երբեմն ճամբուս վրայ։ Ոչինչ կ՚ուզեմ տեսնել, ոչինչ լսել՝ որ ինծի յիշել տայ…։ Նո՜ր, նո՜ր, նո՜ր։ Հինէն կը սարսափիմ։ Ահաւոր ատելութիւններու յորձանքը կը զգամ կրկին։ Որո՞ւ ուղղուած են այս մութ զգացումներս։

Օ՜, իրա՛ւ, պիտի ուզէի խեղդել այն Թրքուհին։ Ձեռքը ծաղիկներ բռնած դուրս կ՚ելլէր շոգենաւէ մը։ Իճլալին կը նմանէր։ Վայրկեան մը իր աչքերուն մէջ սուզուեցան աչքերս…։ Իճլալին… այն սեւ վայրագ աչքերով աղջկան՝ որ սիրած էի անդորր գիւղի մը մէջ, երբ պատանի էի…։ Ու հոգիս յիշեցի…։

Հոս՝ վերջակէտ։

Ի՜նչ քաղցր է այս մենարանս։ Ինչպէ՜ս կ՚ըմբոշխնեմ մինակութիւնս եւ այս հեշտագին լռութիւնը որ էութեանս ամէն մէկ մանրաթելէն ներս կը ծորի։ Դուրսը մութ խաղաղ գիշեր է։ Հիմա այսպէս յոգնած ու քնատ՝ օրօրուի՜լ օրօրուի՜լ… Ի՜նչ փութկոտ ծովեր կան հարկաւ հեռուները։ Այդ նուագը լսել կ՚ուզեմ, ժայռի մը կատարը արձանացած… եւ լալ…

Լալ՝ երեսս թաղած ձեռքերուս մէջ, թշուառութեան բոլոր արցունքներովս հեծկլտալ, ինչու որ մոռցած չեմ, հակառակ գինիին յօրինած ամպերուն, որոնք ուղեղիս մէջ կ՚իջնեն ու կ՚ուզեն պղտորել գիտակցութիւնս՝ խեղդել, ջնջել իրականութիւնը… մոռցած չեմ տակաւին թշուառութիւնս որ հոս է ահաւասիկ, քովս, ինծի հետ նստած սեղանիս առջեւ, ու մազերս կը շոյէ… Կ՚ուզեմ լա՜լ։

Լալ՝ առանց պաղատանքի, առանց յոյսի, առանց ո՚եւէ զիղջի։ Հպարտ ու լռին։ Ու գիշերին մէջ իյնալ՝ թեւերս տարածած։ Տէ՜ր, գթա՜ ինծի…։

Հողմակոծ գիշեր։ Քիչ առաջ հիւանդանոցին ամայի պարտէզէն կ՚անցնէի գինովի քայլերով։ Հովը այնչափ անոյշ էր մթին թմբիներուն մէջ։ Տխուր էի, թէեւ հեշտանքը անտեսանելի ձեռքերով կը գգուէր երեսներս։ Քապալաքս հանեցի եւ հակառակ ցուրտին՝ նստարանի մը յենարանին վրայ նստայ։ Ոչ մէկ աստղ կար,   եւ հովը այնչափ անոյշ էր մթին թմբիրներուն մէջ… Երազանքի մէջ ինկայ շուտով։

…Երկար ատեն կայ որ բառ մը չենք ըսած իրարու։ Գիշերը տարաժամած է ալ. սեւեր հագած կինը որ մեզիտ կ՚ընկերանայ՝ կ՚առաջարկէ մեկնիլ։ Իր բառերը, զոր կարեկից ու չարաճճի ժպիտով մը կ՚ըսէ, հեգնոտ նուաղկոտութիւնով մը, տարօրինակ կերպով անիրական կը թուին ինծի։ Չեմ հաւատար թէ այդ կինը իր ըսածը կ՚ըմբռնէ։ Գրեթէ կռնակս կը դարձնեմ իրեն, եւ աչքերը կը սուզին նորէն… նոյն լեռները, մռայլ ու ողորկ տարածութիւններէն անդին, մեղկ սայթաքումներով ելեւէջող նոյն լեռները, մեղմօրէն մշուշոտ, մոխրացած մանիշակագոյնով մը երազացած։ Լուսինը անյայտ է դեռ, բայց արդէն իսկ զգալի է իր թախծալի լոյսը՝ ցանցառ մայրիներուն   եւ անշուք մթին երդիքներուն վերեւ։ Ի՜նչ խորունկ նիրհ։ Հոծ անտառը չենք տեսներ ալ, բայց անկէ կրած տպաւորութիւննիս այնչափ խորունկ   եւ ուժգին է որ՝ գրեթէ ծանրութեան մը պէս հետերնիս կը տանինք դեռ իր ստուերը, իր մելամաղձութինը։

Ինչու՞ չենք խօսիր։ Իրիկունն ալ գրեթէ բառ մը չէինք փոխանակած, թէեւ խաղաղ մեկուսացումի վայրկեաններ ունեցեր էինք յաճախ։ Վերջին գիշերնիս է, յաջորդ օրը կը մեկնին գիւղէն։ Միտքս կը ներկայանան բիւրաւոր խորհուրդներ, զորս կ՚ուզեմ իսկոյն ըսել իրեն, բայց բառերը չեն գար, գիշերին մէջ կը հալին։

Ան յանկարծ կ՚ըսէ, երբ ծառի մը տակ կը հասնինք ու գրեթէ խաւարի մէջ կը մնանք։

-Ձեր օրագիրը կարդացի, որչա՜փ ցաւ կար հոն…։

Նախորդ օրուան օրագիրս էր, զոր ստիպուեր էի յանձնել իրեն՝ գրած ատենս ինք յանկարծակիի բերած ըլլալով զիս։

-Տխո՛ւր հոգի մը ունիք դուք, - կը յարէ ան։

Եթէ քիչ մըն ալ հակէ գլուխը, վզիս վրայ պիտի զգամ իր աչքերուն ջերմութիւնը։ Այդպէս, աչքերը գոց, հիւանդ աղեկի մը նման կը կրկնէ…

-Տխո՜ւր հոգի մը ունիք դուք, ահա թէ ինչո՛ւ կը սիրեմ ձեզ…։

Դուրսը, մթին թմբիրներուն մէջ, հովը կու լայ դեռ…։ Հիմա լեօպեթի պիտի երթամ կենալ՝ բժշկապետին սենեակին դրան առջեւ…։

 

10 Փետր.

Այս գիշեր քսակիս նիհարութիւնը թոյլատու չեղաւ որ խմեմ։ Գաւաթ մը գինիով գոհացայ։ Կտոր մը հաց միայն ունէի։ Մասնաւոր խնամքով՝ պզտիկ նուրբ շերտերու վերածեցի զայն. վերջալոյսէն աղօտած բանսըմանի սրահին մէջ, անկիւն մը, սնտուկի մը վրայ նստած՝ ծամեցի, գրպանիս խորը մնացած երկու երեք չոր թուզի հետ։ Յետոյ գացի Ալեքոյին խանութը, մխացող ճրագին տակ բաժակս պարպելու. վրայէն՝ ոսկեծայր սիկարէթ մը՝ անցեալ օրուան խրախճանութիւններէս մնացած։ Հիմա՝ հոս նորէն, այս սեւ մոմլաթէ վիրակառքին վրայ, ուր ամէն օր հէք վիրաւորները տառապելու կու գան։ Հակառակ քիչ արբած ըլլալուս, ուրախութեան ֆոն մը կայ մտածումներուս մէջ, առանց գոյութեան իրաւունքի։ Ընդհակառակը, աւելի տրամաբանական պիտի ըլլար որ թթուած-երես ըլլայի եւ քէն ընողի պէս կախէի գլուխս հիմա այս հողերուն վրայ, ինչու որ ահա հիւանդ եւ անկուտի իմ։ «Թերեւս կրնամ դեռ երջանիկ ըլլալ»… ասանկ մտածումներ կ՚ունենամ նոյնիսկ, հակառակ դատարկ ստամոքսիս…. ։ Տարտամ յոյսեր ունիմ։ Գուցէ վաղը գիշեր հոս նստած ըլլամ՝ կարմիր շիշ մը դիմացս…։ Կ՚երազե՜մ…։

Մո՞լի եմ։ Չեմ գիտեր։ Թերեւս ոչ դեռ։ Բայց եթէ օրերը, ամիսները այսպէս թաւալին, եթէ հրաշք մը չյայտնուի այս գահավիժումը կեցնող, անշուշտ պիտի գայ օր մը ուր ճակատագրին ձեռքը ճակտիս վրայ պիտի արձանագրէ անջնելի   եւ կարմիր գիրերով, աշխարհի ամէնէն ամօթալի բառը - ստրո՛ւկ։

Տժգոյն ձեռքիս մէջ, տժգոյն շիշ մը սեղմած՝ պիտի քալեմ այն ատեն, իրիկունէ իրիկուն, գլուխս հակած, ակնարկս պահած, դէպի խուցի մը մենութիւնը։ Ու ժամերով պիտի արբենամ։ Ու ժամերով պիտի երգեմ հոգիիս աղէտը։ Եւ օր մը, խաղաղ մայրամուտի մը, շողշողուն դաշոյնի մը շեղբը պիտի մխեմ սպիտակ ծոծրակիս մէջ…։

Մոլի մը չեմ դեռ։ Կը զգամ թէ չեմ։ Անցեալ գիշերուան արցունքները շատ խոր տեղէ մը կը բխէին։ Ո՛չ, դեռ կործանամ չեմ։ Վստահ եմ թէ կարող պիտի ըլլայի ամիսներով թափառիլ լեռնէ լեռ եւ կաթիլ մը ալքոլի չցանկայ՝ եթէ կարելի ըլլար ինծի, ինչպէս ատեն մը, զգալ ու վայելել պայծառ գիշերներու խաղաղութիւնը   եւ սուզիլ խորունկ նայուածքի մը…։ Իրա՜ւ, եթէ հոգիս մեռած չէ դեռ…։

Ինչո՞ւ այս յիմար յոյզը։ Ծիծաղելի միջատ, որ փոսը ինկած ես եւ աստղերէն օգնութիւն կը մուրաս։ Ոչինչ պէտք է սարսափեցնէ զիս, հիմա որ մահը ունիմ բարեկամ։ Ես անոր ձեռքը սեղմեցի եւ անոր շունչովը գինովցայ։ Ես սառած մարդ մըն եմ հիմա, իմ մէջս աւիշի ոչ մէկ կաթիլ ստեղծագործութեան երգը կ՚երգէ։ Իմ տժգոյն դէմքս, իր միապաղաղ անտարբերութենէն դուրս, մի՛ակ արտայայտութիւն մը կը ճանչնայ… Ծիծա՜ղ…։

Ճակատս բարձր, ակնարկս հանդարտ ու ժպտուն՝ պիտի քալեմ ճամբաս, յամր, առանց ճիգի, հոգիիս բեռը վար առած ուսերէս, մինչեւ որ հասնիմ վախճանիս։ Երեւակայել թէ մեծանուն կայսեարէն մինչեւ զանզիպարցի ձկնորս մը, օր մը, ծակած գնդակի մը պէս պիտի սմքին եւ մէկդի նետուին, իբրեւ անպէտ ոչնչութիւն։ Երեւակայել թէ սա փառահեղ ու թանկագին ուղեղնիս, որ առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը ճշմարտութեան ու երջանկութեան ետեւէն կը վազէ՝ առանց յաջողելու անոնց փէշը ձեռք ձգել՝ ա՛ն իսկ լեմոնի կեղեւի մը չափ արժէք պիտի չունենայ օր մը։ Ոչ մէկ վայրկեան չենք թուիր ըմբռնած ըլլալ այդ զաւեշտին մերձաւորութիւնը, չենք հաւատացած դեռ անոր այս աստիճան բացարձակութեանը։ Մեր էութեան խորը բան մը կայ որ անհաւատալի, անիմանալի կ՚ընէ մահը, ստուերի մէջ կը թաղէ զայն, ցնորային անիրականութիւն մը տալով անոր, մինչդեռ միակ իրականութիւնն է անշուշտ։ Արդէն, մահուան յայտնատեսութիւնն ունեցող միտք մը կարելի չէ որ տոկայ այդ փորձին։ Այդ բարձրութեան մէջ գտնուող օդը շնչելի չէ։ Դէմքը յանկարծ կը գունատի, պրկուած մկանները կը թուլնան,   եւ իսկոյն կ՚երեւի… Ծիծա՜ղը…։

Օր մը պիտի մեռնինք։ Ուրեմն ինչո՞ւ, Տէր Աստուած, հոգ ըրած եմ ու գիշերը չեմ քնացած… Օր. Ս. ն կօշիկիս ծակած ըլլալը տեսած ըլլալուն համար։ Ինչո՞ւ լալու աստիճան յուզուած եմ, հպարտութիւնս խոցուած նկատած ու մերժած եմ ճաշել, երբ այդ միեւնոյն Օր. Ս. ն, օր մը, «երթաս բարով» ըսած է, առանց որ ես իրեն «մնաս բարով» ըսած ըլլամ։ Ինչո՞ւ պարտքերս վճարելու համար քրտինք թափած եմ ու շաբաթներով գաղտնի ճամբաներէ հասած եմ հիւանդանոց՝ չձերբակալուելու համար նպարավաճառ Ալեքոյէն։ Ինչո՞ւ ապտակեցի անցեալ օր այն հէք զինուորը, որուն ձեռքը վայրկեան մը մոլորեր էր գրպանիս մէջ (ոչ մէկ քսակահատ այդքան դատարկ գրպանի մը հանդիպած չէր անշուշտ)։ Խե՜ղճ տղան - գրեթէ պատանի մը՝ պզտիկ փայլուն աչքերով - սկսաւ լալ, ինչու որ վակոնին մէջ գտնուող միւս զինուորներն ալ սկսան հարուածել զինք։ Ո՜վ գիտէ որչափ անիծեց զիս։ Փոխանակ ծեծելու զինք, պէտք էր որ վերցնէի իր յափշտակել ուզող ձեռքը - ինչ աղտո՜տ էր - եւ համբուրէն զայն։ Չէ՞ որ օր մը պիտի մեռնինք։ Իրեն ալ այդպէս ըսելու էի։ Այդ զինուորը մէկ կողմ։ Խնդիրը Օր. Ս. ն է։ Կը յիշեմ թէ գունատեցայ, երբ ծովափը նստանք քովէ քով (իրա՜ւ, այնչափ մօտիկ) եւ հակառակ ջանքերուս՝ չյաջողեցայ թուփիկի մը մէջ կորսնցնել ոտքերուս այդ վտանգաւոր ծակը։ Որչա՜փ չարչարուեցայ, Աստուած իմ։ Անիկա կը ներշնչուէր շարունակ… ծովէն, հովէն, աւազի հատիկներէն… ու կը խօսէր բանաստեղծութեան   եւ երաժշտութեան վրայ. մինչ ես իր քովը քրտինք կը թափէի, անյարմար տեղ մը նստած, շարժելու, խլրտելու անկարող։ Ու կը զարմանար, մինչեւ իսկ կը վշտանար որ չէի խօսեր ես, չէի ներշնչուէր վայրկեանի բանաստեղծութենէն, մինչդեռ իրեն գրած նամակներուս մէջ սոխակի պէս կը գեղգեղէի…

Չէ՛ր գիտեր խեղճը…

Եթէ սա վայրկեանիս հոս գար յանկարծ, ու սա դիմացի նստարանին վրայ նստէր, ի՞նչ կ՚ընէի։ Ծանրօրէն ու ժպտալից կ՚ելլէի տեղէս, իրեն կը մօտենայի   եւ - դեռ նոյն կօշիկները կը կրեմ վեց ամիս ետքը - ցոյց կու տայի իրեն, նուաղկոտ քաղաքավարութիւնով մը, մէկ ոտքս եւ կ՚ըսէի… - օր մը պիտի մեռնինք, քո՜յր…։

 

12 Փետր.

Օ՜, ասանկ վիճակ մը կ՚ըղձայի։ Ծարաւը ունէի հոգիս լուալու ասանկ զով ջուրերու մէջ։ Ինչո՞ւ կը տառապէն մինչեւ հիմա. որովհետեւ ընկղմիլ չէի գիտեր։ Հազիւ գլուխս կը սուզէի ջուրին տակ, հազիւ խաւարը կու գար համբուրելու աչքերս՝ կը սոսկայի այդ մութէն, եւ լոյսին հայրենաբաղձութիւնը նորէն կը նետէր զիս մակերեսը։ Չէի ճանչնար անդունդներու երանաւէտ հեշտութիւնը։ Ա՛լ խարիսխ պիտի ձգեմ հոս, ա՛լ պիտի եղբայրանամ Ստուերին հետ։ Ասկէ ետք, վարդերու եւ յասմիկներու բոյրովը լեցուն բերաններ պիտի համբուրեմ, սառած ձեռքերս պիտի տաքցնեմ սպիտակ ու գաղջ լանջքերու վրայ. մինչեւ հիմա դատարկութիւններ գրկող թեւերս պիտի բանամ ու հաճոյքի կուռքերուն պիտի փարիմ։ Ումպ առ ումպ, վայրագ ու խաղաղ՝ պիտի ըմպեմ մոլութեան բաժակէն։ Այս գիշեր բոլոր լոյսերը մարեցի եւ դաշինք կնքեցի իմ յոռեգոյն բնազդներուս հետ։ Ասկէ ետք, անոնց հուժկու բռնապետութիւնը պիտի դարբնէ կեանքիս օրէնքները։ Այդ լուծը քաղցր է։ Հաճոյքի եւ ուրախութեան ճամբաներէն պիտի տանի զիս դէպի գերագոյն հանգրուանը, ուր զրկանքէն ու վհատութենէն մեռած հոգիները վայրագօրէն շէնշող երգ մը կ՚երգեն։ Ինծի ալ պիտի սորվեցնեն այդ երգը։

Արդէն իսկ ահա իմ գինովի ուղեղիս անրջային անդորրութեան մէջ կը ծաւալի վարդենիներու   եւ յասմիկներու բոյրը… Ո՞ւր եմ…։

Ի՜նչ փոյթ։ Մինչեւ ե՞րբ այս տխմար հարցումը պիտի ընկերանայ ինծի։ Չե՞մ գիտեր թէ ուր եմ։ Երանաւէտ խորութիւններուն մէջ։ Անդունդին յատակը՝ ուր ոչ մէկ աստղի լոյս կը թափանցէ՝ աչքերուս այս անոյշ նուաղանքը վրդովելու։ Ահաւասիկ ադամանդէ լռութիւնը որ գգուող մատերով ծոծրակէս վար կը սահի ու մարմնիս ամէն մէկ բջիջը խաղաղութիւնով կ՚օծէ։ Ինչ քաղցր է մտապատկերներուս այս պարը… հուրիներ, յետոյ վարդեր ու յասմիկներ… յետոյ նորէն հուրիներ… նորէն վարդեր…

Ուղեղս կը ցաւի։ Գերագոյն հեշտութիւն մը կը թուի ինծի այս ցաւը։ Թող ցաւի ուղեղս, ու թող պարեն հուրիները։ Այս ծովուն վրայ, այսպէս օրօրուիլ կ՚ուզեմ…։ Ամբողջ յաւիտենականութիւնը մը՝ պիտի չելլեմ այս մակոյկէն… Եւ այս հովը թող տանի զիս ո՛ւր որ կ՚ուզէ… սիրած ծաղիկներուս բոյրով…։ Ծովուն մակերեսին կը թափին վարդեր… վարդեր, ու յամիկներ նորէն փրփուրի պէս կը ջրվիժին…։

Մակոյկս կեցաւ. ա՛լ կարելի չէ այս վարդերուն մէջէն ճամբայ բանայ…։ Ահաւասիկ աչքերս գոցեցի։ Թող հուրիներ այս վարդերով եւ յասմիկներով ծածկեն մարմինս, ու հոգիիս մէջ, իմ մեռած հոգիիս մէջ թափեն վայելքի աստուածային հաշիշը… Տարէ՜ք զիս…։

Կէս գիշերը անցած ըլլալու է։ Խորունկ քունէս արթնցայ

ահաւոր ծարաւով մը։ Հարկ եղաւ վիրակառքէս իջնել ու զինուորի մաթրայիս վրայ երկար երկար հանգչեցնել հրակէզ շըրթունքներս։ Քունս փախաւ։ Գինովութիւնս գրեթէ անցած է, միայն թէ ահագին ծանրութիւնով գունդ մը դրուած է գանկիս տակ, հոս, ճակտիս ճիշդ ետեւը, եւ ինծի անանկ կը թուի թէ ուղեղս հալած է, եւ այդ դատարկ միջոցին մէջ բան մը կ՚այրի։

Ի՞նչ ընեմ հիմա. ծխե՞մ, կարդա՞մ։ Չեմ գիտեր։ Երազե՞մ, խոկա՞մ։ Չէ՜, չէ՜, ասանկ աղէկ է. այս քաղցր ծուլանքը՝ լռիկ ու թափուր սենեակին մէջ, գիշերուան այս պահուն։ Չի՞ բաւեր։ Այսպէս մինակ, լքուած ու խաղաղ։ Այսպէս թշուառ։ Շարունակեմ գրել՝ մէկ աչքս գոց, մէկ աչքս բաց, գլուխս հանգչեցուցած ձախ թեւիս վրայ։ Եւ սակայն, ի՛նչ գրեմ դեռ։ Ահաւասիկ դատարկութիւնը շուրջդ, աչքերուդ առջեւ, մազերուդ վրայ, գանկիդ տակ իսկ։ Ու հեռուն, միլիոնաւոր փարսախներ անդին, նոյն լուռ ժպտող, հեգնող պարապը՝ անհունութեան ահաւոր անջրպետին մէջ խաղաղօրէն տարածուած՝ անշարժ, անհետաքրքիր։ Ուրկէ՞ սկսի այս անծայրածիր դատարկութիւնը։ Իրա՜ւ։ Հարկ է գիտնալ ասիկա։

Տխմարի հարցում։ Հարկաւ ինձմէ։ Իմ ուղեղէս։ Հիմա հոս նստած եմ, այս հսկայ պատուհանին մարմարիոնին վրայ։ Ես առաջին կէտն եմ։ Այս աղտոտ ապակիներէն անդին կան ցուրտ գիշերը, հովը, մօտակայ գերեզմանատան նոճիները… որոնք հիմա կը սրսփան։ Աւելի անդին, Թաքսիմի հսկայ զօրանոցները կան, ուր այս պահուս յոգնած զօրքերը կը ննջեն։ Աւելի անդին՝ ամայի, անմարդաբնակ բլուրներ, չիջած հորիզոնը, դատարկութիւնը…։

 

13 Փետր.

Տակաւ կը մոռնամ ինքզինքս։ Մոխրագոյն մշուշը հիմա ամէն բան կը պատէ։ Այս առաւօտ գրեթէ անտարբերութիւնով նայեցայ իրիկուան ահաւոր գինովութեանս վրայ, ու դրած օրագիրս վերջին ծայր զուարճացուց զիս։ Հիմա չեմ ամչնար այլեւս, երբ խմած միջոցիս բարեկամ մը կը տեսնէ զիս՝ գաւաթը ձեռքս։

Ցերեկին, երբ սիրական թմբիիս տակ նստած «Համլեդ» կը կարդայի, հին մտերիմ մը եկաւ քովս, նստարանիս վրայ նստաւ եւ լուրջ դէմքով սկսաւ խրատել։ Եթէ տարեկից մէկը ըլլար, պիտի ապտակէի։ Բաւականացայ ժպտելով, եւ կռնակս դարձնելով իրեն՝ ընթերցումս շարունակեցի։

«Ինչ պիտի ընեն ինծի պէս հոգիները, որոնք երկնքին եւ երկրին միջեւ կը թեւածեն…»։

Այս տողը կարդալէ ետք, վեր առի գլուխս։ Լուրջ խրատատուն, պարտէզին միւս ծայրը, հրեայ տանդիստի մը հետ կեցած՝ հիւանդանոցին ճագարներուն հետ կը զուարճանար ու խնդալէն կը մարէր, իր ճաղատ գլուխը աջ ու ձախ հակելով։ Տխմարը։ Երանի թէ ապտակ մը իջեցուցած ըլլայի իր փոթ փոթ երեսին վրայ։

Մութնալ կը սկսի։ Երթամ։ Պզտիկ շողշողուն գաւաթը ինծի կը սպասէ։

Փտախտաւոր Պոլուցիին ոտքը այս առտու կտրեցին։ Գործողութեան ներկայ գտնուեցայ, առանց որ եւէ յուզում ունենալու։ Գերման բժշկական ուսանող մը կատարեց գործողութիւնը, բուն բժիշկին (գերմանացի) հսկողութեանը տակ։ Եղածը կարծեմ anatomie-ի դաս մըն էր։ Գրեթէ ժամ մը տեւեց։ Նախ կտրեց ոտքին ստորին մասը, դողացող ձեռքով մը, անհուն շփոթութիւնով։ Սխալ տեղէ կտրեր էր. հարկ եղաւ աւելի վերէն կտրել.   եւ սղոցը դարձեալ գործի ձեռնարկեց։ Մէկիկ մէկիկ ցոյց կը տրուէին, բժշկութիւն սորվող ուսանողին, կտրուած մասէն դուրս կախուող ջիղերը, երակները, մինչ արիւնը՝ սեւ աղտոտ արիւն մը՝ անդադար կը վազէր։ Վիրաւոր բազկերակը բռնած էի. մարդը երթալով կը տժգունէր. արդէն գործողութեան չենթարկուած՝ կմախացած մարմին մը ունէր։ Հարիւրին իննսուն՝ յոյս չկայ կ՚ըսէին առաւօտուն։ Կ՚երեւի թէ երէկ գիշեր գերման բժիշկը հեռաձայնած է իր բարեկամ ուսանողին թէ գործ բացուած է իրեն…։

Կը յուսայի այս գիշեր ժամը 9-ին պառկիլ։ Երկտող մը ղրկեր էի Իսմայէլ Օնապաշիին - հէ՜ք կարճուկ գիւղացիին - խնդրելով որ գիշերային Service-էն զերծ պահէր զիս այս գիշեր։ Թուղթը կարդալուն պէս ժպտեր էր, անանկ որ իրաւունք ունէի լաւատես ըլլալու։ Քիչ առաջ, խորհրդաւոր ձեւով մը, սրահէն ներս մտաւ. գիրք կը կարդայի. սովորական յարգանքը ըրի իրեն ու նորէն տեղս նստայ։ Հեգնոտ ժպիտ մը ունեցաւ վար ինկած պեխերուն շուրջ ու փորը սեղանիս դպցնելով ըսաւ. - Ժա՛մ մը աւելի պիտի սպասես…։

Dysanterie-է բռնուողին վիճակը ծանր է. անդադար կ՚աղաչէ որ ջուր տամ, բայց բժիշկը արգիլած է։ Քիչ առաջ անկողնին մէջ ելեր նստեր էր. կտոր մը կը թարգմանէի, երբ յանկարծ ետեւս դարձայ ու սոսկալի վախեցայ իր երեւոյթէն. աչքերը տարօրինակ կերպով կը փայլէին տկար լոյսին մէջ, ճաղատ գլուխը մէկդի հակած, կուրծքը բաց։ Այս անգամ, իր պաղատանքը գերմարդկային բան մը ունէր իր մէջ. կէս գաւաթ ջուր տուի, զոր մէկ ումպով խմեց։ Գլուխը նորէն ինկաւ բարձին վրայ։ Հիմա ողբալիօրէն կը տքայ։ Ասոր ալ վախճանը մօտ է։

Մութ, ամպոտ առաւօտ մըն է։ Քանի օր է մեղմօրէն կ՚անձրեւէ։ Հեշտանքով լեցուն անդորրութիւն մը, զովութիւն մը կայ օդին մէջ, մանաւանդ առաւօտները։ Ամէն անգամ որ որեւէ առիթով պարտէզէն անցնեմ, թոքերս ուռեցնելու բուռն տենչ մը կ՚ունենամ։ Բաւական սիրուն պարտէզ մը ունինք հիւանդանոցի շէնքերուն մէջտեղը, պզտիկ, քառակուսի, քանի մը հսկայ թմբիներով ու անճաշակօրէն խնամուած ծաղիկներով։ Առաւօտուն շատ կանուխ, իրիկունները ուշ ատեն, հիւանդները քաշուած կ՚ըլլան իրենց սրահներուն խորը. անանկ որ՝ երբեմն գործերս կարգի դրած կ՚ըլլամ, այս պզտիկ պարտէզին մենութեանը ապաստանելու համար։ Անծանօթ, անբացատրելի խաղաղութիւնով մը լեցուած կ՚ըլլամ, երբ ամէնէն մռայլ տրամադրութիւններովս իսկ երթամ կռնակս տալու ծերունի ծառի մը կոճղին։ Ոգեւորութեան եւ բուռն կեանքի եղանակն է հիմա։ Քիչ առաջ խովուշին երկաթէ մեծ պատուհանէն զմայլանքով կը դիտէի անձրեւին տակ ուռճացած կանաչութիւնը։ Բոլոր բոյսերը աւիշով ողողուած են հիմա։ Վարդերը քանի մը օրէն կը բացուին։ Արեւածագէն շատ առաջ, ծառի ամէն ճիւղ թռչուններու իր հոյլը սկսած է ունենալ, եւ ամէն կողմ բո՜յր, ե՜րդ է։

Եւ սակայն, որքա՜ն անդորրութիւն, հակառակ կեանքի այս եռուզեռին։ Ամէն իրիկուն կարօտագին կը յառիմ՝ թմբիիս յենա՝ կանանչ շիւղերուն, որոնց նորածիլ տերեւներուն միջեւ պզտիկ անծանօթ թռչնիկներ իրենց նոր բոյնը կը շինեն։

Իրիկուններն է մանաւանդ որ կը զգամ ուսերուս վրայ ճնշող ահաւոր ծանրութիւնը, իբրեւ թէ դատապարտեալի շղթաներ կախուած ըլլային ուսերէս…։

Ներկայ մտածումներս, դատողութիւններս չեն համապատասխաներ իմ ֆոնիս. բոլոր յոռետեսութիւններս, յիմարական որոշումներս, աննպատակ ու թոյլ գործունէութիւնս արդիւնքն են հիւանդութեանս։ Ասոր համար է որ բարոյական ամէն պատասխանատուութենէ զերծ եմ կատարելիք գործերուս համար։ Ճիգ ընելու ընդունակութիւնս հետզհետէ կը կորսնցնեմ։ Սովորական դժուարութիւններու առջեւ՝ քրտինքով եւ յուսահատութիւնով կը պաշարուիմ։ Ապագաս շատ մութ կը թուի հիմա։

Գեղեցիկ մայրամուտ մը կար այս իրիկուն. պարտէզին մէջ երկար ատեն մնացի, ճակատս թմբիիս։ Այսքան պիտի չտառապէի, եթէ կարելի ըլլար մոռնալ հեռաւոր քաղցր անցեալը։ Միշտ հին օրերը կը յիշեմ, հին հոգիս՝ եռանդով, բարութիւնով, բանաստեղծութիւնով լեցուն հոգիս։ Ա՜հ եթէ կարելի ըլլար։

Մայրամուտէն ետք, ննջարան գացի, մահճակալիս վրայ երկարելու. անհունօրէն յոգնած էի. ահաւոր մելամաղձութիւնը նորէն մուտ գործած էր սրտիս մէջ։ Աչքերս կը գոցուէին ծանր քունով մը, երբ քարաւանային փողը հնչեց։ Այդ պահուն ստիպուած եմ սրահը գտնուիլ, կերակուրի բաշխման հսկելու համար։ Բարկութենէս կու լայի, երբ մութ նրբանցքէն կ՚անցնէի։ Ամէն յոյս կորսուած է։

Բոլոր խովուշներու վիրաւորները երկու կարգի կը բաժնուին. - անոնք՝ որ կրնան իրենց անկողինէն ելլել, քալել, պարտէզ երթալ ու ժամերով նստիլ արեւին տակ, եւ անոնք՝ որ գամուած են իրենց աղտոտ պաթանիէներուն տակ։ Առաջինները զուարթ, անհոգ մարդիկ են, ծայրայեղօրէն եսասէր, կեանքի ամենաստորին բնազդներովը լեցուն։ Միւսները՝ լքուած, տժգոյն, յուսահատ։ Համակրութիւնս այս վերջիններուն հետ է անշուշտ. յաճախ կը դեգերիմ իրենց մահճակալներուն շուրջ, բառ մը, նայուածք մը փոխանակելու համար։ Աշխարհէն անջատուածի երեւոյթ մը ունին դէմքերնուն վրայ։ Միշտ տարօրինակօրէն անդորր սկեպտիկութիւն մը կայ անոնց դիմագծերուն. իւրաքանչիւրին ակնարկին մէջ որոշ կը տեսնես ա՛լ արեւին տակ չկարենալ պտտելու իրենց համոզումը։ Գրեթէ ամէն օր անգամ մը կը պակսի այս խմբակէն,   եւ սակայն՝ ասոնց խաղաղութիւնը… Աստուա՜ծ իմ…։ Համակերպութեան այս տարօրինակ երեւոյթին առջեւ, շատ անգամ ստիպուած եմ լրջօրէն մտածել… այս Ոյժը…։

Անդադար կ՚անձրեւէ։ Ժամերէ ի վեր ձեռքերս գրպանս դրած կը դեգերիմ մութ նրբանցքներուն մէջ։ Ընելիք բան մը չունիմ։ Երեք դագաղ անցուցին հիմա՝ մեռելներու յատուկ դռնէն…։

Ի՞նչպէս կ՚ապրիմ դեռ… Արցունքով կը նայիմ հոգիիս վրայ. այսքան ցամքո՜ւմ։ Անհատականութիւնս ամբողջովին կորսնցուցած եմ. ու ոչինչ կրնամ սպասել կեանքէն։ Խաղաղութեան կը ցանկամ անհունօրէն։ Բոլոր հոգեվարքներուն իրաւունքը չէ՞ քիչ մը ատեն անդորրիլ։ Հոգիի հոգեվարքները աւելի երկա՞ր կը տեւեն։ Իմս վաղուց սկսած է սակայն։ Յստակ կը տեսնեմ փոսս։ Պզտիկ դատարկութիւն մը պիտի ձգեմ ետեւս, ու ոչ ոք պիտի նշմարէ։

Ասկէ աւելի սարսափելի վիճակի մը մէջ չէր կրնար ձգել զիս ճակատագիրս։ Հետզհետէ կը կորսնցնեմ առողջութիւնս, որուն հետեւանքով կը կորսնցնեմ նաեւ մտային ու բարոյական կորովս։ Միտքս ա՛յն աստիճան տկարացած է որ շատ անգամ սովորական ճշմարտութիւններ յիշելու համար ճիգ կ՚ընեմ։

Նորէն լալկան օդը կը շարունակէ։ Կը սիրեմ բնութեան այս տրտմութիւնը. հոգիիս աւելի մօտ, աւելի մտերիմ է այսպէս։ Արդէն պիտի ուզէի որ ամէն բան յանկարծ ասանկ ըլլար, երկրի վրայ ու երկրէն դուրս գտնուող ամէն բան ահաւոր մելամաղձութիւնով մը համակուէր։ Եսասիրութիւն չէ՞ այս։ Բարոյական ամէն օրէնք կը դադրի իմաստ ունենալէ՝ հիւանդ հոգիի մը համար։

Շատ մը ծանր հիւանդներ ունիմ սրահիս մէջ։ Երէկ նորէն շատ յոգնեցայ։ Բոլոր գործողութեան ենթարկուողները իմ սրահս կը բերեն։ Հեզ, քաղցր հիւանդներ ունիմ թէեւ, բայց քիչ են անոնք. մեծ մասը վատ նկարագրով վայրի մարդիկ են,

Այս առաւօտ հիւանդանոց վերադարձայ։

Երեք օրէ ի վեր մեր սրահին հիւանդները ուրիշ սրահ փոխադրած են, որպէսզի մեր սրահը մաքրել տան։ Ամէն բան կատարուած էր, երբ սրահ մտայ, ծառաներս սկսած էին աշխատիլ։

Կէսօրին, նոր հիւանդներ ընդունեցինք. մեր սրահը լեցուեցաւ ամէն տեսակ մարդոցմով։ Միայն մէկ ծանր հիւանդ ունինք, որ իր վէրքէն զատ (ձախ ոտքին մատները գանկրեն եղած են) տիզանդրիէ բռնուած է։ Ասոր ալ ճակտին որոշ կ՚երեւայ մահուան դրոշմը։ Քանի մը օրէն կը մեռնի։

Ալպանացիին հանդէպ ունեցած զգացումս կարող չեմ ունենալ այս հիւանդին հանդէպ, թէեւ այս ալ ճիշդ նոյն պայմաններուն մէջ կը գտնուի՝ լքուած, բոլոր հիւանդներուն դժգոհութեանը նշաւակ։ Գրեթէ ատելութիւն կը զգամ իրեն հանդէպ, ամէն անգամ որ քովէն անցնելու ըլլամ ու բան մը խնդրէ, իր ցուրտ ակնարկը սեւեռելով քովի մահճակալին երկաթներուն։ Որքա՜ն ստոյգ են հոգիին օրէնքները։ Միւսին համար ամբողջ անքուն գիշերներ կրնայի անցընել, մինչդեռ այս հէք հիւանդին՝ կամքի՛ ուժով միայն գաւաթ մը ջուր կու տամ։

Առողջութիւնս այնքան բարելաւուած էր որ ա՛լ բոլորովին աղէկցած կարծեցի, բայց երկու օր միայն վայելեցի առոյգ վիճակս։ Երէկ իրիկուընէ ի վեր աչքերս նորէն մթութիւնով լեցուած են։

Աւարտած օր մըն ալ։ Հիմա գրեթէ չեմ տառապիր ժամերուս ողբալի աննպատակութենէն։ Ինքնադատողութեան միակ պահս գիշերն է, երբ պառկելու փողը հնչէ եւ հիւանդանոցը լռութեան մէջ ընկղմի… բայց այն ատեն այնքա՜ն յոգնած կ՚ըլլամ։

Գարնանամուտի այս անդորր գիշերները մեծ թուլութիւն մը կը բերեն վրաս։ Համակերպում չէ ունեցածս. գիտեմ թէ, ամենափոքր առիթով մը, նախկին մռայլ տրամադրութեան մէջ պիտի իյնամ նորէն։ Տեսակ մը չտրամաբանող ինքնալքում եւ անորմալ անփութութիւն։ Գոհ եմ, ծայր աստիճան գոհ՝ իմ այս վիճակէս։

Այս առաւօտ կը խորհէի թէ պատերազմի սա վիճակը - ամբողջ աշխարհի մղձաւանջը - երանութիւն է ինծի համար, քանի որ այսպէս, տեսակ մը կարելի կեանք կը ստեղծուի ինծի, մոռցնել տալով ամէն բան։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ օր մը նորէն հոգիիս հետ մինակ մնամ, անել ճամբուն վրայ։ Աշխարհի խաղաղութիւնը իմ զզուելի պայքարներս յառաջ պիտի բերէ նորէն. ամէն հոգի լոյսով պիտի լեցուի՝ զիս մութին մէջ թաղելու համար։

Օ՜հ, բարոյական բոլոր ընդունուած ձեւերը կորսնցուցած եմ ու փոխարէն բան մը չունիմ։ Ամէն բան ջնջուած է, դատարկութիւն։ Հոգի մը՝ որ ո՛չ կենդանական կեանքը կրնայ ապրիլ՝ անհոգ անհետաքրքիր, ոչ ալ կրնայ դառնալ իր հին հաւատքներուն։ Ահ, եթէ կարելի ըլլար միամիտ, մանկական իտէալի մը յարիլ, ըլլալ տիեզերքի ամէնէն տխմար արարածը, առանց չարչարող խիղճ մը ունենալու… Երեք տարի առաջ, գրեթէ ամէն մայրամուտի, Ս. Խաչ կ՚երթայի, Աստուածամօր պատկերին առջեւ աղօթելու։ Երբ եկեղեցիին մեծ դուռէն դուրս կ՚ելլէի, աչքերս արցունքով թրջած կ՚ըլլային։ Ինչո՞ւ կու լայի։ Ինչո՞ւ չեմ լար հիմա։ Աստղերը նուազ իրարմէ հեռու են քան այս երկու հոգիները։

Վիրաւորները գիշերային նամազէն կը դառնան ահագին աղմուկով, մանաւանդ կաղերը՝ որոնց անթացուպերուն ժխորը չարչարուք արձագանգներով կը լեցնէ քարէ նրբանցքները։ Հիմա իրենց մահճակալներուն վրայ պիտի նստին եւ անձայն ծխեն։

Կէսօրին մեկնեցայ հիւանդանոցէն։ 24 ժամ ազատ եմ։ Սկիւտար չկրցայ երթալ. սոսկալի յոգնած էի։ Տուն հասնելուս՝ ծայրայեղ յուսահատութիւն մը եկաւ վրաս, ու նորէն մութ վայրկեաններ ունեցայ։ Կը կարծէի թէ այլեւս վերջնապէս վանած էի հոգիէս մահուան մղձաւանջը։ Ո՛չ, միշտ ենթակայ եմ անդորր հողակոյտի մը ցանկութեան։ Պէտք է որ գերագոյն ճիգով մը զգուշանամ, երբ գէշ պայմաններու եւ մութ տրամադրութեան տակ կը գտնուիմ, որեւէ խորհրդածութիւն ընելու կեանքի մասին։ Պէտք է որեւէ մեքենական գործունէութեան մէջ թաղուիմ ու ջանամ մոռնալ ինքզինքս։ Չեմ կրնամ դադրիլ խորհելէ, ստոյգ է, բայց պէտք է որ խորհիմ միայն իմ ամէնէն պայծառ վայրկեաններուս։ Այդ տեսակ վայրկեաններ կ՚ունենամ երբեմն։

Ամէն ինչ կը ննջէ…։

Քիչ առաջ երազ մը կը տեսնէի. - գիւղական պզտիկ եկեղեցիի մը մէջ կ՚աղօթէի. խնդրագիր մը բռնած էի ձեռքս եւ Աստուծոյ պիտի ներկայացնէի։ Կը խնդրէի ճակատագրիս փոփոխումը։ Կամաց կամաց եկեղեցին փոխուեցաւ թրքական աղմկայոյզ պաշտօնատունի մը, որուն առջեւ ահագին բազմութիւն խռնուած էր։ Ես ալ մաս կը կազմէի այդ ամբոխին, անոնց հետ պոռալով, բողոքելով։ Միջոց մը պաշտօնատունին դուռը բացուեցաւ, ու մեր հիւանդանոցին տխմար, ճաղատ պաշ-չաւուշը դուրս ելաւ, իր յոգնած նայուածքը պտտցնելով բոլոր գլուխներուն վրայ. երբ ինծի յառեցաւ՝ կեցաւ, ժպտեցաւ եւ իր մանկական բարակ ձայնով ըսաւ. «բեր նայինք՝ ի՛նչ գրեր ես»։ Կ՚երեւի թէ խնդրագրիս պարունակութիւնն ալ փոխուեր էր, ինչու որ՝ կարդալուն պէս ճաղատ գլուխը մէկ կողմ հակեց ու ըսաւ. - «սպան բացարձակ հրաման տուած է որ հիւանդանոցին բոլոր պաշտօնեաները գիշերը հիւանդանոցին մէջ անցընեն…» ու միւսներուն անցաւ։

Պաղատանքի անհուն ալիք մը կը ծաւալի հետզհետէ հոգիիս մէջ։ Որո՞ւ, որու՞ առջեւ ծունկի իյնալ…։

Բաւական աղէկ եմ այսօր ֆիզիքապէս եւ տրամադրութիւնով։ Տարօրինակ բան. հակաառողջապահական ծայրայեղութիւնները կ՚երեւի երբեմն աղօկ ազդեցութիւն կ՚ունենան։ Երէկ գիշեր, հակառակ սոսկալի անհանգիստ ըլլալուս, սոսկալի կերայ եւ մեծ քանակութեամբ գինի խմեցի։ Հակառակ ատոր, առաւօտուն արթննալուս, ուրիշ օրերէ աւելի թեթեւ ու զօրաւոր զգացի ինքզինքս։

Երբ հիւանդանոց հասայ, ահագին խուճապ կար մեր սրահին մէջ. հիւանդներուն ճերմակեղէնները կը փոխուէին։ Ամէն կողմէ կը պոռային, կը վիճէին, կը տրամաբանէին։ Կամաց մը ես ալ խառնուեցայ այդ իրարանցումին եւ սկսայ վիճիլ, պոռալ, տրամաբանել…։

-Պէօլիւկ-Էմինի, այս շապիկը կարճ է, ինծի ուրիշ մը տուր։

-Այս թեքքեն գլուխս չ՚ըլլար, հիմա պիտի պատռի. ամա՜ն, փոխէիր։

-չորապները աղտոտ են. իմ տուածներս ասոնցմէ մաքուր էին։

Այս բոլորը մտիկ ընելու է. կարգադրութիւն մը խորհելու է։ Յանկարծ մէկը կ՚իջնէր մահճակալէն, կը մօտենար խորհրդաւոր կերպով մը, իբրեւ թէ Պեօլիւկ-Էմինիին հետ մասնաւոր բարեկամութիւն ունենար, ու շունչը ականջիս մէջ տալով կ՚ըսէր. «Աման, «Պեօլիւկ Էմինի, իմ աղտոտ ճերմակեղէններս մի առներ, թող պաթանիեիս տակը մնայ. հիւանդանոցէն ելած օրս մերկ պիտի մնամ, բնաւ հագնելիք չունիմ հագուստէս զատ»։ Եւ աւելի մեղմ ձայնով, թրքական ոճ մը կը մրմնջէր, հասկցնել ուզելով թէ՝ ասոր փոխարէն՝ ձեռքս պարապ պիտի չձգէր…։

Ժամերով տեւեց կեանքի ու մահուան այս հարցը, որ իր ընդհանուր գիծերուն մէջ անլոյծ մնաց, տրուած ըլլալով որ բոլոր շապիկները կարճ էին, բոլոր թեքքեները՝ պզտիկ, չորապները՝ աղտոտ…։

Վտանգաւոր կացութիւն։ Նոր հիւանդներ կու գան։ Կէսօրուան մօտ, հիւանդանոցին նրբանցքներուն մէջ ցած ձայնով խօսակցութեան նիւթ էր բժիշկներուն միջեւ, թէ ամէն տեսակէ երեք հարիւր ծանր հիւանդներ կու գան Պուլկարիայէն։ Մեր յարկաբաժնին մէջ մինչեւ հիմա միայն վիրաւոր կար։ Գերման չիւանդապահուհի մը քիչ առաջ կ՚ըսէր ինծի թէ կը վախնար որ նոյնիսկ թիֆիւսէ վարակուածներ ղրկէին մեր սրահը։ Քիչ առաջ Սիմոն Պէյը աճապարանքով քննեց վիրաւորները ու թեթեւ վէրք ունեցողները զատելով թապուրճի արձանագրեց, նորերուն տեղ բանալու համար։ Ութ հոգի գնաց մեղմէ. ըսել է՝ ութ ծանր հիւանդ պիտի բերեն մեզի։ Բոլորս անձկութեամբ կը սպասենք։ Սրահէն մեկնող հիւանդները մէկիկ մէկիկ կու գան՝ վարէն իրենց տրուած ճերմակեղէնները յանձնելու համար. բոլորը պէտք է զատ զատ համրել ու պահարանը դնել։ Աչքերնին չորս բացած են՝ կարենալ բան մը գողնալու համար։ Քնանալ չ՚ըլլար…։

Եւ արդէն իսկ իրիկուն եղաւ…։

Վախս չիրականացաւ։ Ծանր հիւանդներ եկան, բայց մեր սրահը նորէն վիրաւորներու յատկացուեցաւ։ Նոր եկողներուն մէջ ծանր վիճակ ունեցող չկայ, մեր հիներէն մէկը ծանրացած է, հէ՜ք ալպանացի կամաւորը՝ զոր վիրաւորած է իր իսկ տասնապետը, մարզանքի պահուն կիցի հարուած մը տալով ոտքին։ Վէրքը բաւական խոր է։ Անցեալ օր իր բանսըմանին ներկայ եղայ. սրունքին ոսկորը որոշ կ՚երեւայ։ Կարծեմ թոքախտաւոր է խեղճը. միշտ կուրծքէն կը գանգատի ու կը հազայ։ Բառ մը թրքերէն չգիտնալուն՝ երբեմն անկարելի կ՚ըլլայ իր փափաքածը ընել. արդէն հաւանական է որ իր լեզուի աս պակասը պատճառ եղած է վիրաւորուելուն։ Այսօր բժիշկին ըսի իր մասին։ «Կարգադրութիւն մը կ՚ընենք», ըսաւ ու գնաց։ Եօթը ժամ անցաւ, ու դեռ որ եւէ բան չեղաւ հիւանդին։ Քիչ առաջ, խեղդուելու մօտ վիճակ մը ունեցաւ, չէր կրնար ազատ շնչել. բարձերուն դիրքը փոխեցի ու նստեցուցի զինք. քրտինքներու մէջ ողողուած էր։ Իր երախտագիտական զգացումը չկարենալ յայտնելուն համար շատ կը նեղուի. երբեմն անորոշ ժպիտ մը կ՚ունենայ դէմքին վրայ ու անոյշ անոյշ երեսս կը նայի։ Երբեմն ալ, իր հանդարտ վայրկեաններուն, ակնարկովը զիս քովը կը կանչէ ու կը պաղատի, իր անհասկանալի լեզուովը, որ քովի մահճակալին վրայ նստիմ ու սիկարէթ մը շինեմ իր ծխատուփէն։ Հէ՜ք հոգի։ Ով գիտէ ի՛նչ կարօտներ ունի իր սրտին խորը։ Այսօր իր շուրջի հիւանդները զայրոյթով ըսին թէ գիշերները բնաւ չի քնանար, մինչեւ առաւօտ կը հազայ ու կը տքայ, կը հառաչէ։ Երանի թէ ժամ մը առաջ մեռնէր, թէեւ անհուն վիշտ մը պիտի ունենայի, եթէ առաւօտ մը սրահէն ներս մտնելուս իր անկողինը դատարկ տեսնէի։ Հիմա, ետեւս, խաղաղօրէն կը քնանայ։

Այսօր շատ յոգնեցայ։ Մինչեւ իրիկուն ոտքի վրայ էի։ Ստամոքսս նորէն շատ անհանգիստ է. ահաւոր թուլութիւնը ամբողջ մարմինս գրաւած է։ Երբ այս վիճակին կենթարկուիմ ամէնէն աւելի միտքս է որ կ՚ազդուի. մտային ամէն գործունէութիւն անկարելի կ՚ըլլայ. ապուշ բան մը կ՚ըլլամ, ծունկերս կը կթոտին, ու պզտիկ ճիգ մկ քրտինքով կ՚ողողէ մարմինս։

 

…գիշեր…

Այս գիշեր հոս մնացի։ Երէկ գիշեր պաշ-չաւուշը բարկացեր է որ, հակառակ իր թելադրանքին, չէի մնացած հիւանդանոցին մէջ։ Այսօր անկարելի եղաւ այդ հերաթափ գլխուն խօսք հասկցնել, թէեւ լեօպեթճի օնպաշիին յարմարեցայ ու մութնալուն պէս կամաց մը կծիկը պիտի դնէի, բայց խորհեցայ թէ խոհեմութիւն չէր գիշերուան մը հանգստութեան համար խնդիր հանել։ Իր յանձնարարած սենեակին մէջ պիտի չպառկիմ. իմ սրահէս այսօր մաքուր մէկը գնաց, կայսերական երաժշտախումբէն եկողը. անոր անկողինը պիտի պառկիմ։ Մինչեւ ժամը 11 լեօպեթճի եմ սրահիս մէջ, ու դեռ ճամը 8 չկայ։ Ծայրայեղօրէն յոգնած եմ. գինի ալ չկայ։ Իրա՜ւ, մասնաւոր կարօտ մը զգամ այս գիշեր այդ քաղցր հեղուկին հանդէպ։ Գոնէ գաւաթ մը գինի ունենայի հիմա դիմացս։

Հիւանդներուս մեծ մասը կը քնանայ։ Քանի մը Հայեր սկամպիլ կը խաղան սեղանէս քիչ մը անդին։ Ալպանացին, որ գիշերը բնաւ քուն չունի, գլուխը հակած՝ անոնց խաղը կը դիտէ. ով գիտէ ինչե՜ր կ՚անցնին մտքէն։ Իրեն համար հիմա նորէն ըսի գերման հիւանդապահուհիին։ Խոստացաւ գալ։

 

Չորեքշաբթի

Երէկ գիշեր մեծ փոթորիկ մը անցաւ գլխէս։ Ժամը 8ին ատենները, գերման հիւանդապահուհին եկաւ բժիշկի մը ընկերակցութեամբ։ Հապճեպ քննութենէ մը ետք, հաստատուեցաւ թէ հէք Ալպանացիին վիճակը ուշադրութեան արժանի էր։ Իրենց մեկնումին ժամանակ, հիւանդապահուհին ըսաւ օր՝ եթէ իմ լեօպթեի միջոցիս ծանր հիւանդ մը ունենամ սրահիս մեջ, իրեն տեղեկութիւն տամ։ Կէս ժամ ետք, վիրաւոր մը, որուն վէրքը այսօր բանսըման չէր եղած, սկսաւ աղաղակել։ Անմիջապէս ծառայի մը միջոցաւ երկտող մը ղրկեցի հիւանդապահուհիին։ Ծառան բժիշկներու սենեակին մէջ կը գտնէ զինք ու երկտողը կը յանձնէ։ Լեօպեթճի բժիշկը, ստորին թուրքը մը, որ սկիզբի օրերէն մասնաւոր հակառակութիւն մը ունէր ինծի հանդէպ - առաւօտ մը զինք բարեւած չըլլալուս համար- սոսկալի կը կատղի որ իրեն դիմած չեմ՝ սրահիս մէջ պատահող դէպքի մը համար։ Ծառան վերադարձաւ, ըսելով թէ Իզզէթ պէյը զիս կ՚ուզէ։ Սենեակէն ներս մտնելուս պէս, առանց բան մը հարցնելու, վայրի գաղտնի մը պէս վրաս յարձակեցաւ, ապտակ մը զարկաւ ու պահակի մը հրամայեց որ զիս լեօպեթճի չավուշին յանձնէ՝ բանտարկելու համար։ Երբ պարտէզէն կը տանէին զիս, թեւէս բռնած, գերման հիւանդապահուհին հասաւ, սոսկալի բարկացած Իզզէթ պէյին դէմ։ Պահ մը ծառի մը տակ կեցանք, մինչ պահակը գնաց լեօպեթճի չաւուշին իմաց տալու խնդիրը։ Աղուոր լուսին մը կար, ու բացառիկ անդորրութիւն մը՝ ամէն կողմ։ Կը ջանար մխիթարել զիս, մինչ ես ծառին յենած կը մտածէի ճակատագրիս այլանդակ ելեւէջներուն վրայ։ Շուեսդրը մինչեւ բանտին դուռը ինծի ընկերացաւ, յետոյ եկաւ՝ անդադար կրկնելով. «Չաւուշ, աղ ու մաբուս, աղ մաբուս…։

Երբ «գիշեր բարի» ըսաւ ու մեկնեցաւ, իրական յուզում մը կար ձայնին մէջ։ Քա՜ղցր հոգի…»։

Բանտին դուռը կղպուած էր. մարդ ղրկուեցաւ՝ բանալին փնտռելու։ Բանտին կից բաղնիքը մտանք, ուր շատ մը օնպաշիներ, հսկայ մանկալի մը շուրջ հաւաքուած, կը խօսակցէին։ Իսկոյն սեղանի վրայ դրուեցաւ իմ հարցս։ Զանազան կարծիքներ յայտնուեցան։ Քանի մը հոգի ըսին որ քանի մը ժամ դուրսը անկիւն մը կծկտիմ եւ ամէն մարդ քնանալէ ետք՝ կամաց մը բաղնիք մտնեմ ու հոն տեղ մը պառկիմ տաք քարին վրայ։ Իսմայիլ Օնպաշին ալ այդ կարծիքէն էր (տղու աչքերով, բարի, տարիքոտ այդ գեղջուկը իմ Օնպաշիս է), բայց մեծ մասը կը պահանջէր օրէնքը գործադրել՝ սպային հրամանը գործադրելով։ Բաւական ատեն տեւեց այդ խորհրդակցութիւնը։ Պատին յենած, լռիկ կ՚ունկնդրէի զիրենք։

Բանալին փնտռելու գացող զինուորը վերադարձաւ, ըսելով թէ ամէն կողմ փնտռած եւ չէր գտած զայն։ Իր ապիկարութիւնը ծաղրուեցաւ, ու զիս բանտարկելու կուսակից օնպաշի մը տեղէն ցատկեց, անձամբ փնտռելու համար։ Մինչ այս, մինչ այն, ինծի յանձնարարուեցաւ տրամադրելի երկու աղտոտ վերմակները առնել ու դուրսը, բանտին դրան առջեւ պահ մը երկարիլ։ Այնպէս ալ ըրի։ Այնքան յոգնած էի որ իսկոյն քնանալու անդիմադրելի փափաք մը զգացի, բայց պաղառութենէ վախնալով, ջանք ըրի աչքերս չգոցել։

Երկու ժամէն աւելի մնացի այդ անորոշ գիրքին մէջ։ Վերջապէս, ժամը տասնըմէկին ատենները, մէկալ օնպաշին յաղթական վերադարձաւ, բանտիս բանալիովը զինուած։ Բանտս տեսակ մը տարօրինակ ածխանոց էր, քարէ յատակով ու անթիւ առարկաներով խճողուած։ Ներս մտանք վերմակները շալկած։ Երբ տեղս պատրաստեցի, կարելի եղածին չափ մաքուր անկիւնմը, լուցկի մը վառեցի՝ չորս կողմս տեսնելու համար. ջուրի ամաննաեր, բահեր, թիեր, իրարու վրայ դրուած պատգարակներ՝ մեռել փոխադրելու յատուկ, պատէն կաշուած աղտոտ, արիւնոտ  ճերմակեղէններ, կոտրտած անգործածելի լապտեր մը՝ որուն զարկեր էի արդէն գլուխս, ներս մտած ատենս։ Լուցկիս մարեցաւ, որով զննումս աւարտած նկատեցի։

Կէս գիշերը անցած էր, երբ դեռ կը ծխէի, խաղաղօրէն երազելով ու ատեն ատեն երկու բառ փոխանակելով գոց դրան ետեւէն, դուրսը սպասող պահակին հետ։

Առտուն կանուխ ելայ. գլուխս ծանր էր, ամէն կողմս կը ցաւէր։ Ժամը 8-ին ազատ արձակուեցայ։

Հիմա գիշեր է նորէն։ Մինչեւ 11 srevice ունիմ սրահիս մէջ։ Բոլորը կը քնանան։ Նոյնիսկ Ալպանացին։ Այսօր ուրիշ Ալպանացի մը եկաւ, որուն ոտքին մէկ մասը սառած է. այս իրիկուն 39 աստիճան տաքութիւն ունէր։

Քիչ առաջ, երբ թոքախտաւոր Ալպանացին քունէն արթնցուցի եւ դեղը տուի, իր կմախացած մատերովը ձեռքս բռնեց ու համբուրել ուզեց։ Լալու բուռն տենչ մը զգացի։ Օհ, անհուն իրականութիւն մըն է կեանքը, ահաւո՜ր…։

 

Հինգշաբթի

Երէկ գիշեր, servise-ս աւարտելէն յետոյ, սաստիկ յոգնած էի, դժուարաւ գացի մինչեւ այն սենեակը ուր պարապ մահճակալ մը կը սպասէր յոգնած մարմինս ընդունելու։ Քանի մը ժամուան խոր քունէն յետոյ, ցուրտէն արթնցայ եւ ա՛լ չկրցայ քնանալ։ Պէտք է, ամէն պարագայի տակ, անկողին մը գտնել գիշերային հանգիստս ապահովելու համար։ Բաւական կարեւոր մարմնական յոգնութիւն ունիմ   եւ անոր փոխարէն գրեթէ անսնունդ կը մնամ   եւ կանոնաւոր քուն չունիմ։ Եթէ բաղդատութիւն մը ընեմ անցեալ տարուան ուժիս ու հիմակուան միջեւ, տարբերութիւնը շատ մեծ է։ Athletique օրերուս ոգեւորութենէն հետք չէ մնացած բնաւ։ Չէի կրնար խորհիլ թէ այս աստիճան տկարութեան կրնայի ենթարկուիլ։ Ամէն ինչ ճիգով կ՚ընեմ։

Կը յուսամ այս գիշեր տուն երթալ։ Պաշ չաւուշը տարտամօրէն խոստացաւ ուշ ատեն հրաման տալ։

Այսօր Տոքթ. Ճելալը քննեց Ալպանացին։ Պռոնշներու սաստիկ բորբոքում գտաւ։ Ոչ մէկ դեղ նշանակուեցաւ հէք հիւանդին։

Գիշեր

Չկրցայ տուն երթալ։ Հերաթափ պաշ-չաւուշը, վերջին րոպէին, դժուարութիւններ հանեց։ Պէտք է դադրիլ որեւէ կարեւորութիւն տալէ այս մարդուն։

Խովուշին մէջ նոր կարգադրութիւններ ընել կը խորհիմ։ Ծառաներուն մէկ մասը պիտի փոխեմ, պէտք է աւելի հոգ տանիլ մաքրութեան. այսօր գանգատ լսեցի այցելու բժիշկէն, մահճակալի մը անկանոնութեանը համար։

Ամէնքը կը քնանան։ Նոր եկող Ալպանացիին տաքութիւնը 39-5 է, կը վախնամ որ վտանգաւոր հիւանդութիւն մը ունայ։

Միւսը, անուշիկ Ալպանացին, խաղաղ քունի մէջ է։ Քիչ մը կարդամ…։

 

Շաբաթ

Նորէն գիշեր է։ Սովորական յոգնութիւններէն յետոյ, նորէն կը նստիմ երկար սեղանին ծայրը, անցուցած օրուանս վրայ մտմտալու։ Առաւօտէն մինչեւ գիշերուան այս պահը որեւէ առիթ չեմ ունենար ես իմ վրայ խորհելու։ Այս տեսակէտէն գոհ եմ հիւանդանոցի կեանէս։ Բոլոր վայրկեաններս գրաւուած են մեքենական գործունէութիւնով։ Եւ, օտգակար եմ։ Բոլոր հիւանդներս գոհ են ինձմէ։ Ա՜հ, եթէ ես ալ գոհ ըլլայի…։

Երէկ ցերեկին մեկնեցայ հիւանդանոցէն՝ այս առաւօտ դառնալու համար։ Քանի մը անկանոնութիւններ պատահար են բացակայութեանս միջոցին։ Կաղ վիրաւոր մը փախեր է ու ժամերուվ պատելէ ետք միայն վերադարձեր է։

Հէք Ալպանացիին վիճակը երթալով կը վատթարանայ։ Այս առաւօտ, երբ խովուշէն ներս կը մտնէի, բնական մղումով մը՝ աչքերս դէպի իր մահճակալը ուղղուեցան։ Մէկ օրուան մէջ, անճանաչելի ըլլալու աստիճան փոխուեր էր. երեսին մկանները բոլորովին հալած ու այտոսկրերը դուրս ցցուած, ճիշդ մեռելի մը դէմքին նման։ Խեղճին վայրկեանները համրուած են, թերեւս վաղը իրիկուն կը դադրի տենդավառ, ապշած նայուածքը սեւեռելէ դիմացի դեղին պատին։ Գիտէ՞ արդեօք։ Մօտս է, ճիշդ քովս, երկու մեթր անդին, մահուան դատապարտուած այս էակը։ Հիմա թերեւս ինծի կը յառի, ինչու որ անշարժ նստած է ետեւս, աչքերը լայնօրէն բաց։ Քիչ առաջ ըսի որ քնանայ. հառաչեց, մատներովը թարթիչները գոցեց, յետոյ բացաւ ու ճեռքովը բացասական նշան մը ըրաւ, հասկըցնել ուզելով թէ քուն չունէր։ Անսահման տրտմութիւնով մը դէմքը անդին դարձուց։ Պիտի ունենաս, մօտ ատենէն յաւիտենական քունը պիտի ունենաս։ Այսօր ջղագրգիռ ու քմահաճ ընթացք մը ունեցաւ։ Մերժեց իրեն տրուած ուտելիքները առնել, թէեւ կ՚ըսէր թէ սաստիկ անօթութիւն կը զգար։ Իրիկուան դէմ ջուր ուզեց՝ ձեռքերը լուալու համար, յետոյ խնդրեց որ զինք նստեցնենք անկողինին մէջ։ Այդ շարժումը շնչասպառ ըրաւ զինք։ Աղ ուզեց ու կաթին մէջ լեցնելով խմեց, վրայէն ալ ապուրը, յետոյ ուզեց հաց ալ ուտել, բայց թոյլ չտուի. սրտնեղած պառկեցաւ ու ժամերով աչքերը չբացաւ, թէեւ որոշ էր թէ չէր քնանար։ Միշտ լքեալի մը արտայայտութիւնը կայ դէմքին վրայ։ Բոլորէն մոռցուած, հեռու։ Եւ սակայն իր վէս լեռնականի հոգին այնքան տարբեր է միւսներէն։ Անկողիններուն առջեւէն կարգաւ անցնող մը կարելի չէ որ քիչ մը ատեն չյապաղեցնէ իր ակնարկը այդ բարձր տժգոյն ճակտին։ Ի՞նչ է իր անցեալը։ Ո՞վ է։ Ի՞նչ ըրած է մինչեւ հիմա։ Ո՞վ պիտի ողբայ զինք, երբ վաղը հիւանդանոցին մէկ աղտոտ պատգարակին վրայ դնեն ու տանին։ Սա մօտակայ տաճկական գերեզմանատան մէջ իր փոսը պիտի ունենայ, վաղը կամ միւս օր, սեւ նոճիի մը տակ։ Ու մտածել որ, թերեւս տարի մը առաջ, իր հայրենի լիռներուն վրայ, վայրագ լեռնականի իր երգերը կը թնդացնէր անհոգ, երջանիկ։

Զմայլելի լուսին մը կայ դուրսը։ Քիչ առաջ պարտէզ գացի՝ վայրկեան մը դուրսի զովութիւնը շնչելու։ Գերագոյն իղձեր ունենալու գիշեր է, այնքան ջինջ, այնքան անդորր։ Կարօտագին աչքերով կը յառիմ կրկին հին մռայլ տեսիլքին։

 

Երկուշաբթի

Այս առաւօտ Ալպանացին մեռաւ։ Մինչեւ վերջին վայրկեանը քովն էի։ Ահաւոր բան է մահը։

Գիշերը տուն գացեր էի։ Առտուն երբ սրահ մտայ, դեռ շապիկս չհագած իր քով գացի։ Նախ չճանչցաւ։ Ատկէ հասկցայ թէ վիճակը ծանրացած էր, ինչու որ ամէն առտու, սրահին դռնէն ներս մտնելուս պէս, գոհունակութեան ժպիտ մը կը տեսնէի դէմքին վրայ։ Երբ ճանչցաւ, իր մարած աչքերուն մէջ նորէն երեւցաւ իր տարօրինակ կերպով քաղցր ժպիտը, ու ձեռքը ճակտին տանելով՝ զինուորական բարեւ մը ուրուագծեց. - Մերհապա, օնպաշի…

Ամէն առաւօտ, իր քովը երթալուս պէս, բարձերուն դիրքը փոխել կու տար, որովհետեւ շնչառութեան դժուարութիւն ունէր։ Կը գրկէինք զինք, կը նստեցնէինք ու բարձերը կը բարձրացնէինք։

Այս առաւօտ բան մը չըսաւ, թէեւ խիստ անյարմար դիրքի մը մէջ էր գլուխը, տարօրինակ հանդարտութիւն մը ստացած էր յանկարծ. իր այդ ինքնալքումին հիմա է որ կ՚անդրադառնամ։

Քովէն հեռացայ, միւս հիւանդներուն տաքութիւնը նշանակելու համար։ Միշտ ամէնէն վերջը կը դնէի իրեն ջերմաչափը։ Նորէն քովը գացի - հազիւ քանի մը վայրկեան անցեր էր։ Տեսայ թէ արտառոց ծամածռումով մը կը գալարուէին դէմքին բոլոր մկանները։ Յանկարծ խուլ հռնդիւն մը դուրս ելաւ կոկորդէն։ Իսկոյն վազեցի՝ հսկող բժիշկին իմաց տալու։

- Ես գիտէի թէ այսօր պիտի մեռնէր, - ըսաւ, ծուլօրէն լրագիրը ծալլելով։ Երբ միասին սրահ հասանք, injection մը ընելու համար, ամէն բան լմննալու վրայ էր արդէն։ Ահաւոր պատկեր մըն էր։ Մինչեւ հիմա առիթը ունեցած չէի այդքան խոր կերպով նայելու կեանքի որեւէ երեւոյթի վրայ։ Այդ աչքերը… անհամեմատ կերպով մեծցած, կեանքի ամէն արտայայտութիւն կորսնցուցած։ Թեւը բացի՝ դենդիւր տ՚իոտ քսելու համար. ահագին ոսկոր մը մնացեր էր հէք լեռնականին բազուկէն։

Բժիշկը մեկնեցաւ, յանձնարարելով որ քող մը ծածկեմ դեմքին վրայ։ Իր մեկնելէն ետք, հոգեվարքին քովը գացի կեցայ։ Ալ շունչ չէր կրնար առնել, դադրեր էր հռնդալէ. վիզին երակները գերագոյն գործունէութեան մը մէջ էին. հիմա սարսափած ու չլմորած արտայայտութիւն մը առեր էին աչքերը։ Միջոց մը ամէն շարժում դադրեցաւ. ոչ շունչ, ոչ հռնդիւն։ Կարծեցի թէ մեռաւ, ու խորհեցայ աչքերը գոցել, բայց յանկարծ բերանը բացաւ ու գերագոյն ճիգով մը պատառ մը օդ ծծեց։ Ահ, այդ ճիգը. իր ամբողջ դէմքին վրայ որոշ կ՚երեւէր անհուն տենչը քի՛չ մըն ալ շնչելու, տեւելու։ Իր կուրծքին, կոկորդին, կզակին բոլոր մկանները իրենց գերագոյն ճիգն էր որ կ՚ընէին, կեանքի անցքը չփակելու համար։ Երկու երկվայրկեան տեւեց այդ յետին մաքառումը։ Երրորդ անգամ՝ բերանը բացաւ ու արձանացաւ։ Մոռցայ աչքերը գոցել։ Հասանը աղտոտ լաթ մը նետեց դէմքին վրայ։

Դուրս ելայ սրահէն, պատուհանին առջեւ լռիկ արտասուելու։

Կեանքի գերագոյն երեւոյթն է մահը։ Բոլոր հարցերուն լուծումը անոր մէջ պէտք է փնտռել։

«Օր մը պիտի մեռնիմ…»

Այս է միակ իրականութիւնը…։

Յուսահատութիւն բերող առաւօտ մըն է. տարտամ, տգեղ ամպեր կը կախուին երկնքէն, իբրեւ թէ աշուն ըլլար։ Ալպանացիին տեղը թափուր կը մնայ դեռ։ Երէկ իր մահճակալը արեւին հանուեցաւ։ Արդեօք թաղեցի՞ն։ Կեանքը ընդհանրապէս լոյսերու եւ մթութիւններու շարայարութիւն մըն է։ Երբ մէկու մը կեանքին մէջ լոյսերը մարին, յառաջ եկած խաւարը զարհուրելի է։

 

Երեքշաբթի գիշեր

Ժամը 11-ը անցած է։ Ինձմէ վերջ հսկողը դեռ չեկաւ որ Service-ը անոր յանձնեմ։ Սոսկալի յոգնած եմ, անգամ մը անկողին իյնայի։ Առտուն ժամը 5-ին պէտք է ելլել ու վերսկսիլ նոյն գործը։ Ալպանացիին բացակայութիւնը տարօրինակ մենութեան մը մէջ ձգեց զիս։ Շատ կը զբաղեցնէր։ Ո՞ւր թաղեցին արդեօք։ Հակառակ այնքան ճիգերուս, չկրցայ հասկնալ թէ հայր-մայր, ընտանիք ունէ՞ր։

Չամլըճայի վրայէն լուսինը կը բարձրանայ հիմա, պզտիկցած, տժգունած։ Օտարոտի անձկութիւն մը կայ այս գիշեր հոգիիս մէջ, ու նոյն հին կարօտի զգայութիւնը։ Ոչ մէկը կարօտացած եմ։ Անցեալիս մէջ չկայ մէկը որուն ուղղուած ըլլայ որոշ կերպով՝ այս աղօտ զգացումը։ Այս անդորր գիշերուան մէջ եւ այսպէս յոգնած՝ ինչ քաղցր պէտք է ըլլայ հիմա հոգիներու մտերմութիւնը։

 

Չորեքշաբթի…

Գարնանային թարմ առաւօտ, հովոտ, արեւոտ։ Սպառած եմ։ Երէկուան յոգնութենէս յետոյ, հինգ ժամ միայն կրցայ քնանալ։ Մթնշաղին ոտքի վրայ էի նորէն։ Մի՛ջոց մը խորհելու է։ Անել ճամբայ է այս։ Օնպաշիին տգիտութիւնը սոսկալի վհատութիւնով մը կը լեցնէ զիս։ Մտածել՝ թէ ճակատագիրս կարեւոր մէկ մասը այդ ապուշ գիւղացիին յանձնուած է։

Այս առաւօտ իմացայ թէ երէկ գիշերուան serviceիս երկարաձգուելուն պատճառը շուեսդըրը եղած էր, նորէն անմեղորէն։ Ուշ ատեն սրահ գալով հարցուցեր էր թէ ինչո՛ւ պառկելու չեմ երթար։ Մինչեւ 11 service ունիմ ըսի։ Ապշեցաւ ու շրջող տեվրիեն կանչելով ապսպրեց որ իսկոյն երթայ լեօպեթճի չաւուշին ըսէ, թէ հարկ է լաւագոյն կարգադրութիւն սը ընել հսկում ի խնդրին շուրջ,

-Լեօպեթ՝ ազ, ազ, - կը կրկնէր, աչքերը բանալով։

Յոյսով լեցուն՝ նստայ երկար սեղանին ծայրը, ամէն վայրկեան սպասելով որ պիտի գան service-ը փոխելու… Մինչեւ 12 այդպէս սպասեցի…։

Այս գիշեր կը յուսամ քնանալ։ 9-ին պիտի աւարտի service-ս։ Արար ծառայ մը երախտագիտութեամբ ընդունեց երկու ղրուշի փոխարէն կատարել հսկումը։ Խեղճը չորս ժամ պիտի սպասէ։

Գերագոյն անձկութիւններու անձնատուր եմ նորէն։ Ունայնութեան զգացումը նորէն մեծ ծաւալ գտած է հոգիիս մէջ։ Անհունօրէն դժբախտ եմ։

Անցեալ օր, երբ Ալպանացին հոգեվարք էր, շուեսդըրը մեծ պահարանին բանալին ինծի յանձնեց որ injection ի ասեղ մը հանեմ։ Պահարանը բանալուս պէս՝ սեւ շիշի մը վրայ կարդացի «morphine»…

Շիշը ձեռքս առի ուշադրութեամբ ու գրեթէ կարօտագին յառեցայ թանկագին հեղուկին, բայց Ալպանացիին հոգեվարքը այնքան սարսափով լեցուցած էր հոգիս, որ իսկոյ շիշը տեղը գրի եւ ասեղը առնելով փախայ։

Անկէ ի վեր, միշտ ներկայ է մտքիս մէջ այդ սեւ շիշին գաղափարը։ Կը վախնամ ես ինձմէ։ Ամէն վայրկեանկրնամ որեւէ պատրուակով առնել այդ բանալին։

Սիկարէթ մը ծխեմ ու պառկիմ։

 

7 Մայիս

Շատ յոգնեցայ։ Ամբողջ օրը ոտքի վրայ էի, խելառ գործունէութեան մը մէջ։ Երէկ իրիկուն, հիւանդանոցին մէջ, մեր սրահին տասնապետը։ Շիւքրին, ըսեր էր թէ օդափոխութեան թուղթերս հասած էին զօրաբանակէն, այնպէս որ այս առաւօտ կարելի պիտի ըլլար մեկնումս։ Ուրախութիւնս սահմանը չունեցաւ։ Ինչ գէշ օրեր անցուցի, երկարատեւ հիւանդութեանս միջոցին։ Մայրամուտի պահուն, հիւանդի երկար դեղին քաբոթիս մէջ փաթթուած պարտէզ գացի, ոտքերս քալելու վարժեցնելու համար։ Հազիւ կրնայի քայլ առնել։ Այս հիւանդութիւնը քայքայեց մարմինս։ Հսկող բժիշկը թոյլ չտուաւ որ երկար ատեն մնամ իրիկնամուտի խոնաւութեանը մէջ։

Գիշերը խաղաղ քուն մը ունեցայ։ Առաւօտուն, դեռ զարթումի փողը չէր հնչած, երբ ելայ եւ սկսայ մեկնումի պատրաստութիւններ տեսնել։ Յետոյ պարտէզ գացի, նորէն քալելու վարժութիւն ընելու։ Նոր ոյժ մը կը զգայի մարմնիս մէջ։ Անվիճելի է հոգեկան վիճակներու ազդեցութիւնը մարմնին վրայ։ Պզտիկ զուարթութիւն մը մարմնական բոլոր թուլութիւններս կ՚անհետացնէ։ Ընդհակառակը, գայլի առողջութիւն ունեցած օրերուս, մռայլ տրամադրութիւն մը բաւական եղած է միշտ որ վերջալոյսի պզտիկ պտոյտէս յոգնած ու սպառած վերադառնամ։

Բժշկական այցելութենէն անմիջապէս յետոյ, բարի փողահարը հնչեցուց (կարծես մասնաւոր ուժգնութեամբ) մեր մեկնումի նօթը։ Ուրիշ օրեր որքան կը տխրեցնէր զիս այդ կոշտ վայրի եղանակը. անկողնիս մէջէն մտիկ կ՚ընէի զայն իբրեւ ցուրտ, մեռելական եղանակ մը ու դառնութիւնով կը լեցուէի։ Շատ մը հիւանդներ, իրենց առողջութիւնը վերստացած, կամ այնպիսիներ՝ որոնց համար կեանքը անկարելի բան մը եղած էր այլեւս, պիտի մեկնէին այդ պահուն, դուրս պիտի ելլէին այս աղտոտ մթնոլորտէն, կեանքի ազատութիւնը իրենցը պիտի ըլլար, պիտի կարենային ժամ մը վերջ հանրակառք նստիլ, կամ Վոսփորի վրայէն նաւարկել, պտուղ գնել, ծառի մը տակ նըստիլ ու ծխել։ Մինչդեռ ես պիտի շարունակէի մնալ, ամբողջ օրը, ամբողջ օրեր, հիւանդի անկողնիս մէջ գամուած, աչքիս առջեւ ունենալով, իբրեւ հորիզոն, սրահին դեղին պատերը։ - «Օր մը ես ալ պիտի շարուի՞մ այսպէս…», կը խորհի, երբ մութ նրբանցքին խորը կու գային կարգաւ շարուելու հէք հիւանդները, կմախացած մարմինով։ Այս մտածումը ոչինչ կ՚ունենար իր մէջ սփոփող. երեսս անդին կը դարձնէի եւ կը ջանայի մոռնալ։

Նո՛յն փողը… եւ ազատ։ Հազիւ ժամանակ ունեցայ ընդհանուր «մնաք բարով» մը ըսելու սրահիս հիւանդներուն։ Ծըրարս թեւիս տակ սեղմեցի ու գացի շարուելու…։ Առաջին ներկայացողը ես եղայ։ Մէկիկ մէկիկ եկան միւսները, իւրաքանչիւրը մէկ մէկ աղտոտ պարկ ուսին զարկած։ Բոլորը տխուր էին։ Տարօրինակ բան։

Բժշկապետին օգնականը, իմ յաւիտենական մղձաւանջս, իր մառախլապատ արտայայտութիւնով մօտեցաւ մեր խումբին, վայրկեան մը աչքէ անցուց բոլորս, ձեռքերը կռնակը, այնպէս ինչպէս աչքէ կ՚անցընեն աճուրդի հանուած կեղտոտ ապրանքներ՝ որոնց մարդ նողկանքով կը մօտենայ։ Յետոյ, քթին տակէն աճապարանքով կարդաց ներկաներուն անունները եւ հեռացաւ։ Ազատութի՜ւն…։

Ո՛չ տակաւին։ Վերջին վայրկեանին պզտիկ յուսախաբութիւն մը կը սպասէր։ Կը կարծէի թէ մեր ինքնութիւնը հաստատուելէ ետք, մեզի պիտի յանձնուէին մեր պաշտօնաթուղթերը, եւ այդպէս ամէն բան աւարտած պիտի ըլլար։ Բայց պըզտիկ նրբութիւն մը կայ եղեր (զոր պզտիկ պիտի չհամարէի, եթէ թեթեւ տրամադրութեան մէջ չըլլայի). հիւանդները իրենց շիւպեները կամ բանակավայրերը կը ղրկուին եղեր պահակի մը հետ, եւ այդ տեղերէն է որ իրենց կը տրուի եղեր վերջնական վաւերաթուղթը։

Ես Սկիւտարի շիւպեին կը պատկանէի։ Ինձմէ զատ երկու հոգի եւս կային նոյն ճիւղէն - Յոյն մը եւ Թուրք մը։ Տարիքոտ տասնապետի մը յանձնուեցանք ու ճամբայ ելանք։ Երբ որ մը դժոխքին դռնէն դուրս ելլելու պատեհութիւնը ունենամ, չեմ կարծեր թէ աւելի լայն շունչ մը պիտի առնեմ քան այն՝ որով սկսայ դուրսի թարմ արեւոտ մթնոլորտին մէջ շնչել, հիւանդանոցին երկաթէ մեծ դռնէն անցնելով։

Եւ սակայն, շուտով ընտելացայ ձեռք բերած ազատութեանս, քանի մը վայրկեանէն սովորական բան մը դարձաւ, կեանքի հասարակ, նոյնիսկ գռեհիկ պայման մը։ Հանրակառքին մէջ, փոխանակ հաճոյք զգալու, վերջին ծայր չարչարուեցայ, ինչու որ խիստ խճողուած էր, եւ ստիպուեցայ ոտքի վրայ մնալ զինուորներու յատկացուած ոչ-հանգստաւէտ վակոնին մէջ, աջ ու ձախ տատանելով։ Երբ Պէշիկթաշ հասանք, կրցայ համոզել ընկերներս որ նաւակով անցնինք Սկիւտար։ Թաւիշէ բարձերով նաւակին խորը երկարեցայ ու սիկարէթ մը վառեցի, բայց հոն ալ բացառիկ ոչինչ զգացի, հակառակ որ ծովը լիճի մը պէս խաղաղ էր, երկինքէն աւելի ջինջ, եւ արեւը գարնանավերջի իր ճառագայթներուն ամբողջ գաղջութիւնը կը թափէր վրաս։ Զգացողութիւնս կը մնար ցուրտ, միօրինակ։

Շիւպեին մէջ ճշմարիտ խաչելութիւն մը կը սպասէր, ինչպէս միշտ, ինծի եւ հէք ընկերներուս։ Հազարապետը չէր եկած ու յայտնի չէր թէ պիտի գա՞ր։ Հարկ եղաւ երեք ժամ ըսպասել ոտքի վրայ, քարէ բակին մէջ։ Ի վերջոյ, տգէտ գրագիրը հաճեցաւ համոզուիլ թէ կարելի էր, առանց իր պետին ներկայութեան, կարգադրել մեր հարցը, որ պարզ ձեւականութիւնով մը լուծուելիք հարցերէն էր։

Այնքան յոգնած էի որ չկրցայ Առնուագիւղ անցնիլ, մեր տունը։ Եկայ Սկիւտարի բարձունքը, ուր պզտիկ սենեակ մը կը պահենք, ու գիշերը հոն անցուցի։

 

8 Մայիս

Յոգնութիւնը քուն չտուաւ ինծի։ Ուղեղս տենդոտ գործունէութիւն մը ստացեր էր. չէի կրնար մտածումներս սանձել, հանդարտիլ եւ անգիտակցութեան մէջ ընկղմիլ։ Խաղաղ գիշեր մըն էր, թէեւ մութ ու հովոտ։ Դիմացի բարձրաւանդակին հսկայ ծառերը անդորր յուզումի մը մէջ էին։ Ելայ, առանց մոմս վառելու, ընկողմանիլ անկիւնի հանգստաւէտ բազմոցին խորը, պատուհանին առջեւ։ Երկար ատեն անձնատուր եղայ գրգռուած ու ինքակոչ մտածումներու հոսանքին։ Կարծես ուրիշ ուղեղէ մը կու գար այդ հոսանքը, այդ բոլոր շփոթ մտածումները ուրիշ գիտակցութեան մը մէջ կը կազմուէին ու պարզապէս իմ ուղեղէս կ՚անցնէին իբրեւ երկրորդական վայրէ մը։ Ես միայն դատարկութիւնը կը դիտէի, ականջ տալով կնձնիներուն մէջէն սուլող հովին։

Եւ սակայն գիտակցութիւնս հետզհետէ պայծառացաւ։ Մոմս վառեցի եւ սկսայ սենեակիս մէջ քալել։ Ամբողջ կացութիւնս, հրաշալի ճշգրտութիւնով մը, աչքիս պատկերացաւ - հին յուսահատութիւններս, հին պայքարներս, հին տառապանքներս ու հիմա նոր եւ անորոշ ապագայ մը։ Լաւ մը խորհեցայ։ Կեանքի զանազան ծրագիրներ մշակեցի։ Մտքիս տենդոտ վիճակը թոյլ չէր տար վճռական ընտրութիւններ ընելու, սակայն, ընդհանուր լուրջ որոշումներ տուի, որոնց հիմա՝ ալ կը փարիմ, հիմա՝ որ մոմիս լոյսին տեղ արեւին ճառագայթները կ՚ողողեն սենեակս։ Ամբողջ հոգիով կը փարիմ անոնց։

Պիտի ապրիմ։ Ճիգը պիտի ըլլայ կեանքիս գերագոյն սկզբունքը։ Անցեալին վրայ պիտի նայիմ իբրեւ ցուրտ դիակի մը վրայ։ Նոր հիմերու վրայ պիտի տեղափոխեմ անհատականութիւնս։ Նո՜ր կեանք։

Բրոթի

Առաւօտուն Անռաուտգիւղ եկայ, բայց սաստիկ կարօտ մը մենութեան ու խաղաղութեան՝ պաշարեց զիս։ Չեմ գիտեր ինչպէս՝ սիրական կղզիս յիշեցի, Բրոթին, ուր մանկութեանս ատեն այնքան գեղեցիկ օրեր անցուցած եմ։ Հոն երթալ, սենեակ մը վարձել եւ այդ պզտիկ կղզիին մենութեան վստահիլ միակ հոգս՝ հոգիիս վերածնունդը։ Ու եկայ…։

 

11 Մայիս

Առաւօտուն արթննալուս պէս՝ անկողնէս կ՚ելլեմ ու կ՚երթամ դուրսը կախուած պզտիկ հայելիին առջեւ վայրկեան մը կենալու։ Ուրուական մը ինձմէ նուազ տժգոյն, նուազ մելամաղձոտ է։ Աչքերուս շուրջը գծուած սեւ կիսաշրջանակը այնպիսի ցրտութիւն մը կու տայ նայուածքիս որ իսկոյն աչքերս կը դարձնեմ հայելիէն, սարսափով լեցուած։ Ի՛ր աչքերէն վախնալ…։ Ատեն մը ժամերով չէի յագենար զանոնք դիտելէ։ Կը յիշեմ այն իրիկունները… մայրամուտի պտոյտներէս կը դառնայի, սենեակս կ՚ելլէի, բանաստեղծութեան հատորը կը նետէի սեղանիս վրայ ու կ՚երթայի աչքերուս նայելու։ Հոգիիս ամբողջ ջերմութիւնը անոնց մէջ էր… տարտամ իղձերս, երազներս…։ Շատ անգամ, աչքերս արցունքով ողողուած, շրթունքներս մօտեցուցած եմ ցուրտ հայելիին, անոր մէջէն երեւցող շրթունքները համբուրելու…։

Կը սիրէի աչքերս։ կը սիրէի հոգիս։ Հիմա… նոյնիսկ չեմ կրնար ատե՛լ զանոնք։

 

12 Մայիս

Յուսահատ չեմ։ Հոգեկան այդ վիճակը արգահատելի կը թուի ինծի։ Զզուանքով կը խորհիմ հիմա՝ անձնասպանութեան վերջին փորձիս վրայ, որուն յաջորդեց զարհուրելի հիւանդութիւնը։ Հիմա հարկ եղածէն աւիլի հպարտ եմ այդպիսի տկարութեան մը անձնատուր ըլլալու համար։ Ճակատագիր ըսուած վհուկին առջեւ այդքան շուտ զէնքերը վար դնել…։

Տեսակ մը վայրի ոյժ կը մղէ զիս վայրի թափառումներու։ Ամայի ծովափը, խճաքարերուն վրայ կը շրջիմ աննպատակ, ակնարկս պահած։

Մեռնի՜լ։ Գաւաթ մը թոյն ունենալ ձեռքը, բազմոցի մը խորը երկարիլ ու ըսել. «հիմա պիտի խմեմ այս հեղուկը. ժամէ մը նայուածք պիտի չունենամ ալ իրերուն վրայ. ամիս մը ետք ուղեղս հալած պիտի ըլլայ, ու մկաններս փտած։ Կարելի պիտի ըլլայ ամբողջ էութիւնս պզտիկ պարկի մը մէջ ամփոփել»։ Ասկէ աւելի յիմարական բան մը կարելի չէ երեւակայել։ Կեանքը յանձնել մահուան, պզտիկ փոսի մը քով ծնրադրել ու ըսել. «Առ զիս, լոյսէն կը վախնամ»։ Ա՞յս է գերագոյն իտէալը, որուն առջեւ յափշտակութիւններ կ՚ունենայի յուսահատութեան վայրկեաններուս։ Անցեալիս այդ մութ մասին վրայ կը նայիմ իբրեւ անկարելի, անիրական բանի մը…։

Պիտի ապրի՛մ։ Ամէն գիշեր տժգոյն դէմքս պիտի դարձնեմ աստղերուն ու պիտի ըսեմ. «Օրս աւարտեցի։» Փոխանակ փախչելու ճակատագրիս առջեւէն, ե՛ս պիտի հալածեմ զայն. կմախացած անդամներովս անոր ետեւէն պիտի արշաւեմ ու պիտի պոռամ անոր երեսին. «Քեզմէ աւելի ուժով եմ, վա՛տ։ Վերջին աղէտդ անցաւ հոգիէս։ Ժպտեցայ՝ անոր անցքը դիտելով. հիմա նո՜ր մը…»։

Տունը ուր կը բնակիմ՝ կղզիին ամէնէն հին տուներէն մէկն է, բաւական բարձր, նիհար լայնքով, այնպէս որ դուրսէն նայող մը կը խորհի թէ իր այդ ծերութիւնովը եւ այդ հասակովը ի՛նչպէս կը դիմադրէ ձմրան փոթորիկներուն, որոնք այնքան բուռն կ՚ըլլան այս կղզիին մէջ։ Ծեր, կորաքամակ վհուկ մըն է այս տունը, եւ կը ճանչցուի իբրեւ կղզիին ամէնէն լուռ ու ամայի պանդոկը։ Դեռ չեմ գիտեր թէ ինձմէ զատ ո՜վ կը բնակի միւս սենեակներուն մէջ։ Մինչեւ հիմա՝ ծերուկ, մենակեաց պառաւներու միայն հանդիպեցայ սանդուխներուն վրայ։ Թերեւս միակ երիտասարդը ես եմ այս տունին մէջ։ Պիտի չբարկանայի, եթէ մէկը ըսէր. «Այս տունին մէջ ծերեր միայն կը բնակին», զիս ալ դասելով անոնց մէջ. ընդհակառակը, հաճոյքով պիտի լսէի այդ տեսակ խօսք մը, եթէ սակայն չարութիւնով ըսուած չըլլար։ Երկու դասակարգի մարդիկ միայն կը սիրեմ… խենթերը եւ ծերերը…։

Տունը երկու երես ունի. մէկը ծովուն կը նայի, միւսը բլուրին։ Երբ կղզի եկայ, Փերուզիկ հանըմը (այսպէս կը կոչուի տանտիրուհիս) իր մարած աչքերը վրաս պտտցնելով ըսաւ.

- Տղա՜ս, սենեակ չունիմ։ Իմ տունիս մէջ սենեակ բռնելու համար վեց ամիս առաջ իմաց տալու է ինծի։ Գարունին սենեակ ունենալու համար, ձմեռը տեսնելու է զիս։ Ձմեռը սենեակ ունենալու համար, գարունին տեսնելու է զիս։ Դուն գարունին սենեակ կ՚ուզես եւ գարունին կը տեսնես զիս։ Մե՜ղք։ Հիւանդ ալ է, - ըսաւ, թիկնաթոռի մը մէջ ընկողմանած ուրիշ պառաւի մը դառնալով։

- Ինծի նայէ, տղա՛ս, - շարունակեց, դեղին ոսկրուտ ձեռքովը վայրկեան մը կզակը սեղմելէ ետք, - բան մը կրնանք ընել։ Ես ամէնէն վերի յարկը կը պառկիմ, պզտիկ սենեակի մը մէջ։ Իմ սենեակիս քովը ուրիշ սենեակ մը կայ, աւելի պզտիկ, ուր սնտուկներ ու հինցած դաշնակ մը դրած եմ։ Քիչ մը մութ է, մէկ պզտիկ պատուհան մը ունի։ Անգամ մը նայէ, եթէ հաւանիս, ես ամէն բան կարգի կը դնեմ։ Եկուր երթանք նայինք։

Դեռ սենեակը չտեսած՝ որոշեցի հաւնիլ անոր, խիստ հաւնած ըլլալով քաղցր պառաւին։ Բայց սենեակն ալ անբնակելի չէր։ Իր թերութիւնները՝ քիչ մը մութ եւ քիչ մը պզտիկ ըլլալը, ինծի համար առաւելութիւններ էին։

Երբ իրիկունը սենեակս մտայ, Փերուզիկ հանըմը կոկիկ, մաքուր, կանոնաւոր ննջարանի մը վերածած էր զայն։ Մէկ անկիւնը մահճակալ մը դրած էր, պզտիկ քառակուսի սեղան մը եւ աթոռ մը։ Պատէն քանի մը պզտիկ պատկերներ ալ կախեր էր, «սիւսլի» ընելու համար սենեակս, ինչպէս ըսաւ ծիծաղելով եւ իր ժօռատ լինտերը ցոյց տալով։ Զանոնք վար առի եւ իրեն վերադարձուցի։ Միակ սրբագրութիւնս այս եղաւ։

Խաղաղօրէն կը քնանամ գիշերները։ Առաւօտուն, աչքս բանալուս պէս, պզտիկ լուսամուտէն կ՚երեւայ կղզիին կանանչ ժայռոտ բլուրը, որուն կողին վրայ ցրուած են քանի մը ցանցառ, մենաւոր տուներ, ու մէկ քովը՝ կղզիին միակ եկեղեցին, գեղջկական պզտիկ մատուռ մը, իր գերեզմանատունով, իր մռայլ եղեւիններով։

Արշալոյսին կ՚ելլեմ։ Փերուզիկ հանըմը կաթս տաքցուցած կ՚ըլլայ։ Առանց անկողինէս ելլելու, սեղանիս վրայ կը նախաճաշեմ, յետոյ երկար վերարկուիս մէջ կը փաթթուիմ, գլխարկս յօնքերուս վրայ կը քաշեմ ու սուլելով վար կ՚իջնեմ սանդուխներէն, ծայր տալու համար օրուան թափառումիս։

 

18 Մայիս

Ժպիտ, տրտմութիւն, ծիծաղ։ Ակնթարթի մը մէջ կարելի է արտասանել այս երեք բառերը, եւ այս երեք բառերը ակնթարթի մը մէջ կ՚արտայայտեն հոգիի մը բոլոր կարելի յեղաշրջումները։ Հոգի մը որ կը ծերանայ՝ կ՚անցնի այդ երեք բովերէն, եթէ չնահանջէ։

Կեանքը կը սկսի անբացատրելի հրճուանքի մը մէջ։ Երազներով ու մշուշոտ իղձերով օրօրուող պատանին երջանիկ է, գինով է։ Աշխարհը ճառագայթի մը պէս գեղեցիկ կ՚երեւայ իր աչքին, նոյնքան մաքուր, ջինջ։ Ամէն բանի կը նայի, բայց միայն սպիտակութիւնները պատկեր կը գծեն իր բիբերուն խորը։ Երեսը կը դարձնէ երկնքին ու կ՚ըսէ. «Որչա՜փ կապոյտ է ամէն բան…»։ Երբեմն արցունքի կաթիլ մը կ՚իյնայ իր ճերմակ ձեռքին վրայ։ Իր երջանկութեան կատարը հասած է։ Կը սրբէ այդ արցունքը… «Ինչպէ՜ս կ՚ուզեմ օրօրուիլ…»։

Աննշմարելի մշուշ մը տակաւ կը տարածուի արեւին շուրջ։ Եթերային է նախ։ Երթալով կը նիւթանայ։ Վայրկեան մը կու գայ երբ տիրող գոյնը աղօտութիւնը կ՚ըլլայ։ Ամէնէն շողշողուն իրերը կը տժգունին։ Կարծես անտեսանելի ոգի մը կը քալէ ստուրին մէջ ու կարգաւ կը հակէ բոլոր ծաղիկներուն բաժակներրը։ Գիշերը խաղաղօրէն կը քնանաս։ Առաւօտուն, աչքերդ բանալուդ պէս կ՚ընես. «Որչա՜փ տգեղ է այսօր երկինքը, ա՛լ հին արշալոյսերը չկան…»։ Ու կ՚ապշիս, երբ պատուհանդ կը բանաս ու կը տեսնես թէ ոչ մէկ թռչունի երգ կը հասնի ականջիդ։ Դառնութիւնով կը գոցես պատուհանը եւ օրագրիդ մէջ կը գրես. - «Տխո՜ւր է կեանքը…»։

Մելամաղձոտութիւնը տակաւ կ՚իջնէ հոգիիդ խորը…։ Ա՛լ բոյն կը շինէ հոն։ Կարելի չէ զայն վտարել։ Ոչ մէկ փարում։ Ձանձրոյթը ուսերուդ վրայ կը դնէ իր սառած ձեռքերը։ Առաւօտ մը հայելիիդ մէջ կը նայիս ու կը դողաս. գունատած ես, ճակտիդ վրայ մութ գծեր երկարած են. քու իսկ նայուածքդ կարծես կ՚ըսէ քեզի. - մի՜ նայիր ինծի։ Եւ ա՛լ հայելիդ անպէտ իր մը կ՚ըլլայ սենեակիդ մէջ, անկիւն մը լքուած… փոշին կը ծածկէ զայն։

Տարիներ կ՚անցնին։ Գիշեր մը քունդ չի տանիր։ Ժամերով անշարժ կը նստիս սեղանիդ առջեւ, մէկ ձեռքդ ճակտիդ։ Նայուածք չունիս, թէեւ կը յառի՜ս։ Մութ փողոցներէն հովը կ՚անցնի, դա՜ռն, հեգնո՛տ։ Ցուրտ պայծառ գիշերին մէջ աստղերը կը փայլին - կը խորհիս թէ կ՚անձրեւէ երդիքիդ վրայ։ Յանկարծ վար կ՚առնես ձեռքդ, աչքերդ կը յառես լամբարիդ դեղին բոցին ու կ՚ըսես. «Դատարկութիւնը բիբերէս ներս կը մտնէ…»։ Յետոյ սիկարէթ մը կը վառես ու երազկոտ կը դիտես ծուխին վերելքը։ Ծո՜ւխը։ Յամրօրէն կ՚ելլէ բերնէդ, թանրձր, զօրաւոր մոխրագոյնով մը, յետոյ յանկարծ կը տարածուի, կը նրբանայ, իր գոյնը կու տայ գիշերին, կը ցնդի՜։ Սիկարէթը կը մարես գրքի մը կողքին վրայ ու կը ժպտիս։ Պառկելէ առաջ, օրագրիդ մէջ բառ մը կը գրես, միակ բառ մը, եւ օրատետրդ կը նետես գզրոցիդ խորը, ա՛լ ոչինչ գրելու որոշումով։ Այդ բառը, սակայն, կը գրես յամր, յամր, մասնաւոր խնամքով, իւրաքանչիւր գիրը անջատաբար, կարելի արուեստդ տալով ամէն մէկ գիրին։ Երբ աւարտի, քովը երկու սիրուն կէտեր կը դնես, տակէ-տակ ու կը կարդաս… «Ծիծա՜ղ»…։

 

22 Մայիս

Ֆիզիքական կորովս հետզհետէ կը վերագտնեմ, թէեւ դէմքս նոյնքան տժգոյն կը մնայ որքան հիւանդանոցէն ելած օրս։ Աչքերուս շուրջի կապոյտը չէ փարատած, բայց փոխուած է նայուածքիս արտայայտութիւնը։

Թիավարել սկսայ։ Իրիկունը, երբ ծովը հանդարտ ըլլայ, ծերուկ յոյն ձկնորսի մը նաւակը կ՚առնեմ ու կը բացուիմ ծովուն վրայ։ Երբեմն մեղմ հով մը կ՚ըլլայ, առանց փոթորիկի հաւանականութեան։ Այն ատեն, պզտիկ առագաստը կը պարզեմ, մակոյկին յետսակողմը կը նստիմ ու ժամերով կ՚օրօրուիմ։ Պզտիկ կանանչ նաւակը իրեն տրուած ազատութենէն կը հրճուի եւ ալիքէ ալիք մեղմ ոստումներով կը յառաջանայ։ Ծովը մենութեան մէջ չ՚ըլլար իրիկուան այդ պահուն. կղզիին մեծագոյն հաճոյքն է նաւակով պտոյտը։ Երբ արեւը իր ջերմութիւնը կը կորսնցնէ, կղզեցիները՝ ամբողջ օրը յօրանջելէ յոգնած՝ ծովափ կ՚իջնեն, նաւակ նստելու կամ նաւակ նստողները դիտելու։ Իրարու ետեւէ, բազմաթիւ մակոյկներ կը բաժնուին պզտիկ, փլփլած կամուրջէն, ու մայրամուտի հանդարտութեանը մէջ՝ իսկոյն գռեհիկ ժխոր մը ծայր կու տայ։ Միայն թէ, ոչ մէկ նաւակ կը հետեւի այն ուղղութեան ուր ես կը նաւեմ։ Բոլորը կը թափառին ծովեզերին երկայնքը։ Կը յառաջանան մինչեւ չոճիներու պզտիկ պուրակը, ետ կը դառնան, կ՚անցնին ալեւոր կամուրջին առջեւէն, կը հասնին մինչեւ ժայռերը ու կը վերադառնան ծովափ։ Իմ նաւակս, երբ կը լքէ խարխլած պզտիկ կամուրջը, առանց աջ ու ձախ տատանելու, ուղղակի կը յառաջանայ դէպի բաց ծովը։ Երբ կը հասնի այն սահմանը ուր ծովուն ձայնէն զատ ոչինչ կարելի է լսել, կը կենայ, կը կորսնցնէ ամէն նպատակ եւ ուղղութիւն, անձնատուր կ՚ըլլայ ծովուն ու հոգիիս քմահաճոյքներուն…։

 

25 Մայիս

Կը խորհէի գիշերուան ճաշէս յետոյ պտոյտ մը ընել բլուրին վրայ. մութ ու վայրի գիշեր է։ Քանի մը օրէն, թերեւս վաղը իրիկուն, լուսինը կը ծագի, անկարելի ընելով ամէն գիշերային թափանցում։ Միայն մանկութեանս մէջ կրցած եմ սիրել լուսինը։ Այդ թախծոտ լոյսը կը գռեհկացնէ գիշերը, որուն միակ հրապոյրը իր խաւարն է - բոլոր ծանօթ եւ ընտանի իրերը, որոնց նայած ես ամբողջ օրը, արեւին լոյսով, յանկարծ կը քողարկուին, կ՚ըլլան անմատչելի, հեռաւոր, անիրական։ Ամէնէն հասարակ առարկաները վեհութիւնով մը կը մշուշոտին։ Շրջափակդ, որուն առջեւ հազիւ կրնայիր աչքերդ չգոցել, յանկարծ տեսիլք մը կ՚ըլլայ։ Ստուերը կ՚իջնէ հոգիիդ մէջ, մտածումներդ կը նուազին, ու երազանքը կը սկսի յածիլ բիբերուդ խորը… ցնո՜րքը գրկելու։ Գիշերը իր խաւարով, իր վայրագ հովերով՝ Պեթհովէնի երաժշտութիւնն է. հարկ է մենութեան մէջ ունկնդրել անոր։ Դուրսէն աւելորդ որեւէ տարր կը խաթարէ անոր ոգին։ Արեւը, յետոյ գիշերը։ Լոյսին մէջ՝ հարկ է որ ամբողջ օրը աչքերը յոգնին, չարչարուին։ Գիշերը՝ ալ չտեսնելու, լողալու, օրօրուելու համար։ Մեղք որ բուռն քննադատութիւններով կարելի չէ հեռացնել երկնային այդ ինքնակոչ հիւրը, որ կու գայ ամիսէ ամիս, մեր գիշերներուն օրիժինալիգէն եղծելու։

Երբ ճաշս ըրի ու վայրկեան մը երկարեցայ անկողնիս վրայ, սիկարէթ մը ծխելու, ամբողջ մարմնիս վրայ անհուն յոգնութիւն մը զգացի. տեսակ մը հեշտին ցաւ եւ թուլութիւն կը դեգերէր անդամներուս մէջ։ Իսկոյն անձնատուր եղայ գիշերային քաղցր ծուլացումին։ Ժամը 2-էն ետք, ամբողջ ժամանակը ծովուն վրայ անցուցեր էի, մերթ թիավարելով, մերթ առագաստ պարզելով։ Ծովը իրիկուան դէմ միայն հանդարտ էր։

Քիչ մնաց պիտի մոռնայի… Տարօրինակ հանդիպում մը չէ՞ր այս իրիկուն ունեցածս։ Ո՞ւրկէ ուր։ Երբեմն պատրանքը հեգնանքի գլուխ-գործոցներ կը հնարէ։ Երբ ցամաք ելայ ու նաւակս կապեցի գերանի մը, տեսայ թէ քանի մը օրիորդներ ու ծերուկ պարոն մը կամրջակին հակառակ կողմէն երկար մակոյկի մը մէջ կ՚իջնէին։ Օրիորդները լուռ էին։ Նոյնիսկ լուրջ։ Ծերուկ պարոնը՝ ծերուկ պարոններու յատուկ կնամեծարութիւն ցոյց կու տար, գլխու եւ մէջքի բոլոր դասական ծեքծեքումները ընելով։ Օրիորդները եւ ծիրուկ պարոնը իրենց կռնակը դարձուցած էին ինծի, այնպէս որ՝ մայրամուտի աղօտութեանը մէջ ոչինչ կարելի էր որոշակի զանազանել։ Արդէն ի՜նչ հարկ…։ Եւ սակայն, յանկարծ կարծեցի ճանչնալ Ս. ն, մետաքսէ նուրբ քողով մը գլուխը ծածկած։

Այնքան յոգնած էի որ ճիգով կրնայի մնալ ոտքի վրայ։ Հետաքրքրութի՞ւն էր ունեցածս։ Թերեւս ա՜յո, թերեւս ո՛չ։ Գլխարկս աչքերուս վրայ քաշեցի, մէկ ոտքս դրի երկաթէ յենարանին ու սիկարէթ մը վառել կեղծեցի։ Երբ երկար նաւակը կամրջակէն բաժնուեցաւ, զգացի թէ կիսաստուերին մէջ պտոյտ նայուածք մը կը թափառէր։ Կապոյտ նայուածք մը՝ գունատ դէմքէ մը…։ Անիկա՞ էր։

Բնականաբար, երբ կամրջակէն անցայ ու քայլերս ուղղեցի դէպի ալեւոր պանդոկս, սիկարէթիս ծուխը աւելի կը հետաքրքրէր զիս քան ուրիշ որեւէ բան։ Վայրկեան մը ետք, պանդոկին դուռը կը զարնէի՝ հետեւեալ մենախօսութիւնը ընելով. - «Ա՜յս, թերեւս վերջին մութ գիշերն է. յետոյ՝ ամիս մը լուսին… հարկ է մինչեւ կէս գիշեր թափառիլ…։»

Թերեւս երբեք կարող պիտի չըլլամ որոշում մը իրագործել կեանքիս մէջ, ինչու որ ահա ծուլօրէն պառկած եմ մահճակալիս վրայ, ատեն ատեն կէս մը ելլելով ու հակելով սեղանիս վրայ, քանի մը տող գրելու այս սիրական օրատետրիս մէջ, թէեւ, այս անգամ, իբրեւ չքմեղանք՝ ֆիզիքական անկարելիութիւն մը ցոյց կու տամ, ինքնադատական պզտիկ, տարտամ ձայնի մը որ շատ անգամ -   եւ զուր տեղը - ուղեղիս մէջ աղմուկ կ՚ընէ։

Հիմա լոյս է. դեռ քունի մէջ էի, երբ Փերուզիկ հանըմը կաթս բերաւ։ Անպատմելի հեշտութիւնով մը խմեցի տաք քաղցր հեղուկը, առանց վերմակէս բաժնուելու։ Տարօրինակ ուրախութիւն մը ունիմ այսօր։ Ամենափոքր շարժումներս հրճուանքով կը լեցնեն զիս։ Երբ կաթիս պարապ գաւաթը սեղանիս վրայ դրի ու ձեռք երկարեցի ծխատուփիս, սիկարէթ մը հանելու համար, ա՛յնքան բացառիկ երջանկութիւն մը զգացի որ սկսայ բարձր ձայնով կուսակցական երգ մը երգել, գլուխս հանգչեցուցած հանգստաւէտ յետսաբարձի մը վրայ Փերուզիկ հանըմը որ կաթս բերելէ ետք իր սենեակը մտեր էր՝ անկողինը շտկելու, կամաց մը բացաւ դուռս, իր սուր եռանկիւնաձեւ թուշը ցոյց տուաւ եւ ըսաւ կատակելով. - «Այսօր քէյֆդ տեղն է, ամա՜, այսօր խայըխ չկայ, նայէ՝ ծովը կու լայ կոր…։»

Սիկարէթ մը երկարեցի իրեն ու խնդրեցի որ ներս գայ, քովս, նստինք ու խօսակցինք, բայց զբաղած էր խեղճ կինը։

-Պառաւներս հիմա կ՚արթննան. անոնց սատե խախվեն վո՞վ պիտի տայ, - ըսաւ ու գոցեց դուռը։

Փերուզիկ հանըմը երկու խօսելակերպ ունի։ Առաջինը՝ մինչեւ Սաղմոս կարդացած ուսումնականի ոճը, զոր կը գործածէ պաշտօնական առիթներով, այդ ոճը գործածած ատեն լուրջ երեւոյթ մը կ՚առնէ, բառերը փնտռելով բայց առանց կմկմալու. իր ներս քաշուած, պզտիկցած աչքերը մասնաւոր յաւակնութիւններ կը ստանան, եւ ըրած ճիգէն ճակատը ծալք ծալք կը կծկուի։ Քիչ անգամ կը գործածէ այդ դասական լեզուն, տարուան մէջ հազիւ քանի մը անգամ, երբ պարոն մը կամ տիկին մը առաջին անգամ իր սեմէն ներս մտնէ սենեակ խնդրելու։ Երկրորդը՝ բուն լեզուն է, զոր կը գործածէ ամբողջ օրը (թերեւս գիշերն ալ, պառաւի իր զառանցանքներուն մէջ), երբ իր մտերիմներուն հետ կը խօսի։ Իր մտերիմներն են՝ պանդոկին «հինցած» վարձակալները, քանի մը նպարավաճառներ ու կղզիին տէրտէրը։ Ամբողջ Փերուզիկ հանըմը այդ խօսուածքին մէջն է։ Կարելի չէ չտարուիլ իր հրապոյրէն՝ մտիկ ընելով բառերը զորս կ՚արտասանէ շուտ շուտ, բերնին մէկ անկիւնը սեղմած բարակ սիկարէթը՝ իր ձեռքովը պատրաստուած, ու նայուածքը պտտցնելով անդադար իր մարմնին զանազան մասերուն (տարօրինակ սովորութիւն մըն է ասիկա իր քով), այնպէս ձեւացնելով թէ աւելի իր ձեռքին եղունգներուն կամ իր մէկ ոտքին կը խօսի քան թէ քեզի։

Առաջին անգամ զիս տեսնելուն, յարմար նկատած էր իր պաշտօնական լեզուն խօսիլ հետս. քանի մը օր ճիգով ու նեղուելով ըսեր էր ինծի իր ըսելիքները (միշտ ըսելիք մը ունի), բայց նետզհետէ թուլցեր էր իր լեզուն, նր նախադասութիւններուն մէջ սկսեր էին իյնալ իր ընթացիկ լեզուէն բառեր, մասնաւոր ոճեր։ Հետզհետէ սկսեր էր երեւան հանել գանձերը -տարօրինակ առածներ, օրհնէնքներ, անէծքներ - մինչեւ որ անձնատուր եղած էր ու լայն շունչ մը առած…

Անցեալ օր, մաքուր թաշկինակի մը պէտք ունեցայ, գացի իրեն հարցնելու թէ ունէ՞ր…

-Յիսուս-Քրիստոս, չունենամ՝ կ՚ըլլա՞յ. կնա՛, վերը սնտուկիս վրայ նայէ։

Իր սնտուկին վրայ թաշկինակով չգտայ, բայց աւելի գեղեցիկ բան մկ գտայ, հին սաղմոս մը, մութ գոյն կողքով, ծերացած գիրերով։ Հետաքրքրութեամբ բացի զայն։ Մուտքին կողմէն, պարապ մոխրագոյն էջի մը վրայ կարդացի հետեւեալ ձեռագիրը՝ - Ջանասէր Օրիորդին՝ Փերուզ Պիլէզիքճեանի…։

Երկար ատեն ծիծաղեցայ։ Սենեակս տարի ալեւոր Սաղմոսը ու ժամերով կարդացի վարագոյրներուս ետին։

…Հակառակ ծայրայեղ յոգնութեանս, գիշերը խաղաղ քուն մը ունեցայ։ Երէկ վերջալոյսը մաքուր գոյներ չունէր։ Հորիզոնին պղտորութիւնը ենթադրել տուած էր ինծի թէ գիշերը օդը պիտի փոխուէր։ Իրաւ ալ, կէս գիշերին ատենները, առանց քունէս արթննալու, տարտամօրէն գիտակցեցայ թէ կ՚անձրեւէր։ Պզտիկ լուսամուտիս զարնող անձրեւի կաթիլները քաղցր երաժշտութեան մը պէս կ՚օրօրէին զիս։ Առանց արթննալու, գիտակից էի անսահման խաղաղութեանը որ սենեակիս մէջ կը թեւածէր։ Ատեն ատեն ինծի այնպէս կը թուէր թէ գոց պատուհանէս ու գոց վարագոյրներէս ներս կը թափանցէր հազիւ լսելի բայց հանդիսաւոր ձայն մը՝ որ անձրեւին ձայնը չէր, անկէ անջատ, մեկուսի, հեռաւոր։ Կը զգայի թէ այդ ընդհանուր երաժշտութեան մէջ տիրող տարրը այդ մեղմ ձայնն էր, խաւարին տալով տեսակ մը նրբութիւն եւ զգալի ընելով գիշերուան անսահման լռութիւնը։ Անձրեւին ձայնը, հովին ձայնը՝ անո՛վ միայն իմաստ կ՚ունենային։ Այդ ձայնին տրտմութիւնն էր որ խաւարին մէջ կը ստեղծէր երաժշտութիւն մը։ Եղեւիննե՞րն էին արդեօք, մատուռին ետեւը պահուըտած եղեւիննե՞րը…։

Որքան ջի՜նջ էր իր նայուածքը, հակառակ անհուն մելամաղձութեան որ հոն կը լողար։ Ի՞նչ կը խորհի արդեօք իմ աչքերուս տարտամութեանը մասին։ - «Ամբողջ գիշերը, մութին մէջ, քու նայուածքդ չէր հեռանար առջեւէս. աչքերուդ յիշատակովը մինչեւ առաւօտ չարչարուեցայ…»։ Այսպէս էր գրեր անցեալ օր, եւ սակայն ինծի մութ կը թուի այս խօսքը։ - Գու՞թ, թէ սէ՛ր։ Իրեն ըսած եմ թէ հոգիներու կարեկցութիւնը որքան զզուանք առաջ կը բերէ մէջս։» «Կ՚ատեմ քեզ…» Այս խօսքը նուազ կը տառապեցնէ քան միւսը. - «Կը գթամ վրայ…»։ Եւ սակայն ինչու՞ այս աստիճան թաթախուած է հոգիս սկեպտիկութեան թոյնով։ Հին օրերուն, առանց վերապահումի, առանց այս յիմարական վերլուծումներուն, պիտի փարէի իր հոգիին։

Կասկած, անորոշութիւն ու զզուանք։ Մէկէն միւսը կը տարուբերիմ, ինչպէս գինով մը։

Քայքայուած մարմինս կը տանիմ յաճախ հանգչեցնելու շոճիներու պզտիկ պարտէզին ծայրը, ծովին քով։ Երկու աթոռ կ՚առնեմ, մէկուն վրայ նստելու, միւսին վրայ ոտքերս երկարելու համար, ու գլուխս տուած շոճիի մը բունին՝ ժամերով կը մնամ դիակի մը պէս անշարժ, հոգիիս դատարկութիւնը գրկած։ Երբեմն դժբախտ իսկ չեմ. տառապանքը պիտի գրաւէր զիս եւ զգալի ընէր կեանքը։ Ամէնէն անհանդուրժելի օրերս անոնք են ուր կացութեանս զգացումը կը կորսնցնեմ… ու ժամերով աչքերս կը գոցեմ…։

 

Չորեքշաբթի

Այս իրիկուն միասին էինք։ Վարի ճամբուն վրայ նստած՝ Գարլայլ կը կարդայի, երբ յանկարծ ետեւ դարձայ ու տեսայ թէ վերի ճամբէն կ՚երթար դէպի իր ամայի թուփերը։ Տուներու սահմանէն անդին իրեն միացայ։ Երկար ատեն նստելիք տեղ մը փնտռեցինք, առանց յաջողելու, կարծես այդ ըլլար մեր պտոյտին նպատակը ։

Ի վերջոյ տեղ մը գտանք երկու թուփերու միջեւ ու լռիկ նստանք։ Արմունկները ծունկերուն յենած, երեսները ձեռքերուն՝ ծովուն կը նայէր։ Ջինջ ու խաղաղ էր ծովը։ Ո՞ւր կը նայէի ես։ Մերթ իր հովիին, մերթ իմ հոգիիս, այդ երկու անդունդներուն։ Ի՛նքն ալ անդունդի մը կը նայէր… ծովուն…։ Ասոր համար էր որ երկար ատեն լուռ մնացինք երկու թուփերուն մէջտեղ. ինք՝ երազկոտ, ես՝ մտածկոտ…։

Երբ իր ձեռքը ձեռքերուս մէջ առի մեկնելու ատեն, էութեանս խորը զգացի հոգեկան անծանօթ գեղեցկութիւն մը որ կարծես դէմքիս գունատ մթութիւնը յանկարծ պայծառացուց , եւ զգացի թէ աչքերս կը խոնաւնային…։ Գոցեցի զանոնք։ Քա՜ղցր հոգի։ Իր թեւերով վիզիս փարեցաւ ու աղեկի մը պէս լացաւ…։

Որքա՜ն խաղաղ էի գիշերը, ամպոտ երկնքին տակ…։

Գարլայլ… ադամանդի պէս կը փայլի այս հոգին աչքերուս առջեւ. ամբողջ ժամեր կը գրաւուիմ անով, հիացումս սահման չունի, իմ հոգիիս համար ստեղծուած հոգի մըն է, կարօտով ու պարտասած թեւերուս ամբողջ յուսահատութիւնովը կը փարիմ իրեն։ Երկար ատենէ ի վեր կը փնտռէի ասանկ լոյս մը, ու երկար ատեն էր որ իր հատորները մնացեր էին մէկ կողմ նետուած գիրքերուս դէզին մէջ, օտարական, անտեսուած, փոշիներու տակ։

Քանի իրիկուն է որ, փոխանակ աննպատակ թափառումներու, կ՚երթամ մենաւոր շոճիներուն տակ խաղաղօրէն նստելու, իր մէկ հատորը ծունկերուս վրայ։ Մինչեւ հիմա չէի տեսած որեւէ իմաստասիրութիւն՝ այսքան բանաստեղծութիւնով արտայայտուած։ Իր տեսիլքը Էմ ըրսընի ու Մեթերլինկի տեսիլքները կը յիշեցնէ, նոյնքան խոր ու շքեղ, եւ սակայն այս հոգին չունի միւսներուն եթերային, շոգիացող երազայնութիւնը։ Գարլայլըաւելի երազատես է, բայց իր երազը վայրագօրէն ուժեղ, կեանքով ու աւիշով թաթաւուն է։ Կարելի է իր երազը ապրիլ։ Մարդ մղում կը զգայ զայն կեանքի փոխելու։ Ամէն ինչ առնական է այս հոգիին մէջ, համակ ոգեւորութիւն ։ Ուժին տիրապետութիւնը՝ մէկ ծայրէն միւսը։ Մարդը հերոսացած։ Ա՛յս է իր իտէալը, ասով կը բորբոքի, կը խանդավառուի, կը բողոքէ, կ՚ըմբոստանայ, կը համոզէ, կը պաղատի։ Իր յոռետեսութիւնն իսկ կենդանի է։ Անշարժութիւն, մեռելութիւն չի ճանչնար։ Շարժո՜ւմ… այս է տիեզերքին օրէնքը։ Ամէն հոգի պէտք է որ սուրա՛յ, ինչպէս ամէն երկնային մարմին, ջնջելու համար «Քաոսը», ստեղծելու համար հորիզոն։ Մարդը յաւէտ պիտի «չըմբռնէ» - այդ է իր ճակատագիրը, բայց պիտի տքնի ըմբռնելու համար - այս է իր օրէնքը, իր կամքը։ Գարլայլ կ՚ըմբռնէ մարդկային հոգիին տրտմութիւնը բայց ոչ անոր յուսահատութիւնը։ Կ՚երգէ այն հերոսը որ մելամաղձութենէն տըժգունած ու պարտասած՝ այլ գերագոյն հպարտութիւնով մը, անպարտելի ինքնավստահութիւնով մը ողողուած կը քալէ, մտածկոտ բայց վճռական՝ դէպի գործունէութիւն ու պայքար։

 

Հինգշաբթի…

Ամբողջ օրը Գարլայլ կարդացի։ Իր հզօր շունչին տակ՝ հոգիս շրջապատող մշուշը տակաւ կը ցնդի։ Եւ սակայն, կարելի չէ իսկոյն ամէն բան փոխել ու կեանքս փոխադրել նոր հորիզոններ։ Յամրօրէն պէտք է կատարուի ամէն յեղաշրջում։ Որոշ է սակայն թէ գալարում մը առաջ բերաւ մէջս այս հուժկու նկարագիրը։ Քանի իրիկուն է որ, երբ լուռ ու մտածկոտ կը թափառիմ ծովեզրը, չարչրկուող, փշրուող ալիքներուն ի տես ժպտելու մղում մը կը զգամ։ Չեմ գիտեր ինչո՛ւ։ Զուարթութեան ֆոն մը կայ ամէն կարգի մտածումներուս խորը, ու բոլոր յարաբերութիւններուս մէջ՝ ժպտուն անփութութիւն մը։ Յո՞յսն է որ կը ծնի։ Չե՛մ գիտեր։ Եւ սակայն, յայտնի է թէ տարբեր հողի վրայ փոխադրուած եմ, ու քանի որ ամէն բանի վրայ աստիճան մը բարձրէն սկսած եմ նայիլ, որոշ է թէ պըզտիկ վերելք մը ունեցած է հոգիս։

 

Ուրբաթ…

Միայնութեան անսահման տենչ մը ստիպեց զիս այս առաւօտ իջնել կղզիէն։ Սկիւտար եկայ։ Վերջին ծայր տկարացած եմ։ Ամբողջ օրը սեղանիս առջեւ նստած, հին օրերու օրագիրներս կարդացի։ Ինչու՞ այսքան փոփոխութիւն։ Կարծես թէ տքնանքի ու մռայլ անձկութեան անհամար տարիներ անցած են հոգիէս։ Վերականգնումի տենչս անկեղծ է եւ անհուն, բայց թեւերս յոգնած կ՚իյնան…։

Բրոթի…

Այս առաւօտ, սեւ տրամադրութիւնով մը բացի աչքերս, հակառակ որ գիշերը խաղաղութիւնով լեցուած էի երբ յոգնած գլուխս ձգեցի բարձիս վրայ, մինչեւ կէս գիշեր ծովեզրը թափառելէ ետք։ Աչքերս նորէն մութցած էին ու մտածումներս շփոթ, անկշիռ։ Նաւակ նստայ ու երկար ատեն թիավարեցի ծովուն բացերը, յուսալով ոգեւորուիլ։ Երբ ցամաք ելայ, գոյնս դեփ-դեղին եղած էր։ Ստիպուեցայ շոճիներու պատէզը երթալ ու նստարանի մը վրայ երկարիլ։ Խոստացած էի ժամը 9-ին մեր ժայռերուն վրայ իրեն սպասել։ Անհուն կը թուէր ինծի այդ հեռաւորութիւնը, եւ յետոյ, այնքան տխուր եւ յուսաբեկ էի…։ Որոշեցի չերթալ։ Ժամը 10 եղաւ… յանկարծ ցնցում մը ունեցայ։ Ելայ կեցայ եւ չեմ գիտեր ինչպէս, առանց մտածումի, առանց կաթիլ մը գիտակցութեան, քայլերս ուղղեցի դէպի վեր, դէպի բլուրը՝ ամայի ճամբաներէն ծովափ իջնելու։ Ինքզինքիս վրայ ուրուականի մը տպաւորութիւնը կ՚ընեմ։ Երբ եկեղեցիին քովէն անցայ, գիւղական այդ պզտիկ, ցածուկ զանգակատան տեսքը արցունքով թրջեց աչքերս։ Հի՜ն օրերը…։

Ժայռերու սահմանէն անդին, պզտիկ քարի մը վրայ նստած կը սպասէր դեռ։ Օդը ամպոտ էր, ու տարտամութիւն կար ամէն կողմ։ Ծովը անշա՜րժ, մեռա՜ծ։ Կարծես իրիկուն ըլլար։ Երկար ատեն չիմացաւ քայլերուս ձայնը։ Կ՚երազէ՞ր։ Բայց երբ մօտեցայ, դարձաւ ու ժպտեցաւ։

Ժայռի մը ստուերին նստայ, իրմէ բաւական հեռու, աւազին վրայ։ Կը խորհէի իրմէ պահել դեւի աչքերս ու տժգունութիւնս, եւ սակայն, երբ իրեն նայեցայ՝ այնքա՜ն տրտմութիւն, այնքա՜ն նուիրում կար իր աչքերուն խորը, որ ամօթ ու զզուանք զգացի անձիս հանդէպ։ Գացի իր մօտը, աւազին վրայ նստայ, ու երբ յոգնած գլուխս ծայռի մը վրայ դնելով աչքերս գոցեցի, անսահման եւ անծանօթ երանութիւն մը, թախիծիս ֆոնէն անջատուելով, տարածուեցաւ հոգիիս մէջ, եւ անդորր արցունքներ եկան թրջելու այրող կոպերս։ Իրեն մօտեցայ եւ տրտմութեանս ամբողջ ուժովը իրեն փարեցայ, պաղատելով որ փրկէ զիս…։

 

Շաբաթ…

Իրիկունը եկեղեցի գացի, բայց շուտով դուրս ելայ։ Պըտոյտ մը ընել ուզեցի, բայց շուտով յոգնեցայ ու տուն դարձայ։ Անձկութիւնով ու մելամաղձութիւնով լեցուն եմ…։

 

Կիրակի երեկոյ…

Առաւօտէն ի վեր կ՚անձրեւէ։ Ձմրան օրերու պէս մութ եւ տխուր է երկինքը։ Գիշերուան ճաշէն ետք դուրս ելայ, ամայի փողոցները՝ խեղդող խաւարի մը մէջ կորսուած էին։ Հազիւ քանի մը տունի մէջ լոյս կը վառէր։ Երբ մեր հին տունին փողոցէն կ՚անցնէի, ծառի մը տակ կեցայ պահ մը։ Այն ատեն 12 տարեկան էի…։

Տուն դարձայ յոգնած ու թրջած։ Լամբարս մարեցի   եւ մութին մէջ երկար ատեն անշարժ նստայ…։

Աներեւակայելի անորոշութեան մը հասած է նորէն կեանքըս։ Ամէն ինչ տարտամութեան ու ստուերի մէջ կը ծփայ։ Կամք եւ մտածում հետզհետէ հեռաւոր բաներ կը դառնան։ Հրէշային նկարագիր մը տակաւ կ՚ամրանայ մէջս, Լուռ հանդիսատես մըն եմ։

Զիս փորձելու համար՝ հարկ է ուսերս բզկտող շղթաները վերցնել, գոնէ ժամանակի մը համար։ Այն ատեն, հոգ չէ՛, նորէն այս խաւարին մէջ թող ձգուիմ։ Ճակատագրիս հեղեղին դէմ կարող չեմ այսպէս կապուած ձեռքերով պայքարիլ…։

Այս մութ մտածումներով գրաւուած էի, երբ յանկարծ գլուխս վեր առի, պայծառ, աստղազարդ երկինքը տեսայ։ Դիւային վախ մը ցնցեց ամբողջ մարմինս։ Այդ լոյսերուն դիմաց մահը ահաւոր ուրուականի մը պէս երեւցաւ աչքիս։ Չըլլա՜լ։ Խորունկ տեղ մը թաղուիլ, չորս կողմէն հողով շրջապատուած, աչքերուն վրայ, շրթունքներուն վրայ, ամէն կողմ՝ հող։ Ու հո՛ղ ըլլալ ի վերջոյ։

Ասո՞ր կ՚անձկամ։ Մահը հողակոյտէն զատ ուրիշ ու՞ր կրնայ տանիլ զիս, յաւիտենութեան ամբողջ ընթացքին։

Պայքարիլ՝ մինչեւ գերագոյն հրաշքի մը երեւումը, ժպտելով ու խաղաղօրէն պիտի դիտեմ այդ հեղեղին աւերը։ Հոգիս թերաւարտ սրբարան մըն էր զոր կը քանդէ ճակատագիրը…։

 

Չորեքշաբթի…

Հիւանդանոց երթալու միտքով վար իջայ կղզիէն, բայց չգացի։ Մինչեւ կէս օր աննպատակ թափառեցայ ասդին անդին։ Ժամը մէկն էր երբ հիւանդանոց հասայ։ Պաշտօնակիցներս աղէկ տղաք են։ Ձայն չեն հաներ։ Ժամը 3ին մեկնեցայ Աբրահամին հետ։ Այս տղուն ակռաներս դարմանել պիտի տամ։

Իրիկունը կղզի եկայ նորէն։ Հրաշալի պտոյտ մը ըրի սիրած կողմերս։ Հոգիի ելեւէջներս կ՚ապշեցնեն զիս։ Մինչեւ իրիկուն կաթիլ մը ոյժ չէի զգացեր մէջս։ «Խելագար»ի թարթափումներով  միայն օրս իրիկուն էի ըրեր… ու յանկարծ… մայրամուտի պտոյտ մը բաւական կ՚ըլլայ՝ անծանօթ ու քաղցր յուզումներով լեցնելու հոգիս։ Ճաշելու համար տուն չգացի, ախորժակ չունէի։ Ծովեզերքը տեղ մը նստայ, ճակատս հովին տալու համար։ Ի՜նչ քաղցր է կղզիին այս հովը. հոգիիդ մինչեւ խորերը կ՚երթայ։ Յանկարծ սնաստիկ խիթ մը զգացի. մօտակայ անշուք գինետունը մտայ, գաւաթ մը գռնեագ խմելու։ Ծերուկը գոնեագ չունէր։ Պատուհանին առջեւ նստայ ու պզտիկ շիշ մը օղի ապսպրեցի։ Մութ էր, կարելի չէր զիս ճանչնալ այդտեղ, թէեւ, այդ իսկ մեծ կարեւորութիւն չունի։ Թշուառութեան այս աստիճանին մէջ, մարդ հազիւ թէ կրնայ շուրջի մարդոց գոյութեան հաւատալ։ Ինծի հետ քանի մը աշխատաւորներ ալ կային, որոնք խումբով նստած ուրախ զուարթ կը խմէին, ժաքէթնին հանած, երեսնին դեռ քրտինքի մէջ։ Իրենց սեղանակից էի այդ ալեւոր, խարխլած գինետունին մէջ։ Նոյն մարդի՞կն էինք սակայն։ Երբ իմ չեչս սպառեցաւ, գլուխս ձեռքերուս մէջ առի՝ լալու բուռն տենչով մը։ Մինչ անոնք ժաքէթնին ուսերնուն կը զարնէին ու անհոգ քայլերով մէկիկ մէկիկ աներեւոյթ կ՚ըլլային ծովափին վրայ։

Ժամը 10-ին մօտ ըլլալու էր, երբ տուն հասայ։ Մերինները պառկեր էին. բանալին չէի առած. ներս մտնել չուզեցի։ Թափառելու, մարմինս չարաչար յոգնեցնելու բուռն տենչ մը կը զգայի։ Հովը երթալով սաստկացեր էր։ Բլուրն ի վեր սկսայ մագլցիլ, աջ ու ձախ տատանելով։ Գլխուս մէջ ահագին ծանրութիւն մը կար, ու չէի կրնար նայուածքս ճշդել։ Թուփի մը տակ նստայ, անդիմադրելի քունի մը անձնատուր պիտի ըլլայի, երբ Վասիլիքին եկաւ, քովս նստաւ։ Յոյն հովուհին՝ այն որ մեզի կաթ կը բերէ առաւօտները, եւ որ իրենց տան առջեւէն անցնիլս ու հոգ նստիլս տեսեր էր։ Երբ խմած ըլլալս հասկցաւ, ուզեց մեկնիլ, բայց ես թոյլ չտուի։ Աստուա՜ծ իմ, մինչեւ ու՞ր պիտի իջեցնես զիս։ Թեւերովս փարեցայ իրեն, սկսայ համբուրել ու լալ։ Բարի աղջիկը երբեք չփորձեց օգտուիլ իմ այդ դժբախտ կացութենէս, ընդհակառակը, քրոջ մը պէս կը սփոփէր ու կը ջանար հանդարտեցնել։

Դեռ ի՜նչ երեւոյթներ պահած է ինծի ճակատագիրը։ Այդ փոթորկոտ գիշերին մէջ՝ գինով, հովուու հիի մը գեղջուկ մխիթարութեանը կարօ՜տ…։

Գիշերը բնաւ չկրցայ քնանալ։ Ինծի այնպէս կը թուէր թէ ամբողջ տունը մէկէն պիտի փլչէր. ամէն բան կ՚երերար շուրջս։ Երանի՜ թէ…։

Առաւօտուն արշալոյսին ելայ եւ այս սրճարանը եկայ՝ կղզիին ծայրը, փարթամ շոճիներու տակ կւորսուած։ Խաղաղ եմ հիմա ու երազկոտ…։

Այսօր չիջայ կղզիէն։ Անսովոր անդորրութիւն մը ունէի ամբողջ օրը։ Գոհ չեմ այս վիճակէս. բնական խաղաղութիւն մը չէ ասիկա։ Պէտք էր որ ընդհակառակը փոթորկոտ ըլլար ու անհամար խղճահարութիւններով լեցուն՝ հոգեկան վիճակս։ Աչքերս կուրացնող սեւութիւններու մէջ նետուեցայ այս օրերուն։ Ինչե՜ր ըրի։ Նախկին երազկոտ պատանին ինչե՜ր ըրաւ։

Շատ հաճոյք կը զգամ մեկուսի սրճարանէն։ Այդ շոճիները Լիբանանի մայրիները կը յիշեցնեն ինծի, եւ այն օրերը…։

Երկտող մը գրեցի Ս. ին, խնդրելով որ ինծի նամակ մը գրէ, առանց պատասխանի սպասելու։ Տարօրինակ ցանկութիւններ կ՚ունենամ երբեմն։ Ահռելի անձկութիւններու մէջ եմ այս իրիկուն. ինչո՞ւ, չեմ գիտեր։ Դէպքերու կը սպասեմ։

Մեծ ուժի մը կը կարօտիմ, հսկայական ազդեցութեան մը՝ որ յանկարծ խլէ զիս իմ անորոշութիւններու շրջանակէս։ Կարօտագին կը փարիմ այդ գաղափարին։ Քանի իրիկուն է որ ներքին անծանօթ ուժէ մը կը մղուիմ վայրի թափառումներու։

Այս առաւօտ շատ կանուխ, հեռաւոր ժայռ մը գտայ Քորբիի զառիթափին վրայ, ուր յոյսով լեցուն երազներ ունեցայ։ Օհ, եթէ վստահ ըլլամ թէ դեռ կարելի է…։ Սկեպտիկութիւնը շուտով կը վանէ հոգիէս ամէն հոսանք, եւ ակնթարթի մը մէջ անձնատուր կ՚ըլլամ նորէն իմ վայրագ յուսահատութեանս։

Անձրեւոտ ու յուսահատեցնող օդ մը կար առաւօտուն։ Կղզիէն իջնել չուզեցի բնաւ, բայց աղէկ որ իջեր եմ…։ Ս. էն նամակ մը առի։ Խե՜ղճ աղջիկ։ Հրաշալի հոգի մըն է։ Այս նամակը օրերով պիտի չարչարէ զիս։ Բոլոր մտածումներս մէ՛կ ուղղութիւն գտած են։ Այս տեսակէտով՝ անհուն բարիք մը ըրած է։ Ամբողջ օրը իր վրայ մտածեցի…։

Երկար նամակ մը սկսայ գրել իրեն, ամէն բան անկեղծօրէն բացատրելու համար, բայց պատռեցի։ Կարելի չէ թուղթով, մենալով արտայայտել իրեն՝ ինչ որ կը խորհիմ ու կը զգամ իր մասին։ Հարկ է որ այս օրերս զինք տեսնեմ, ու մտերմօրէն խօսինք միասին, մեզ չարչարող բոլոր խնդիրներուն մասին։

Այս իմաստով երկտող մը գրեցի իրեն։

 

Չորեքշաբթի….

Մշուշոտ, խոնաւ օդով մը կ՚իջնեմ կղզիէն։ Ինչ աղէ՜կ է այսպէս, ճակատս ցուրտ հովին տուած, պարող ալիքները կը դիտեմ։ Կ՚ատեմ խաղաղ օդը, խաղաղ ծովը, խաղաղ երկինքը։ Փոթորի՜կ, փոթորի՜կ։

Երէկ իրիկուընէ ի վեր սոսկալի խղճահարութեան մը մէջ է հոգիս։ Պէտք չէր որ պատասխանէի իր նամակին։ Ի՜նչ, նորէ՞ն սկիզբ պիտի տամ իմ յիմարութիւններուս։ Բաւական չէ՞ որքան տանջած եմ զինք։

Եւ սակայն, որքան կը կարօտիմ այս փորձին։ Անհուն յոյսեր դրած եմ իր վրայ, իր հոգիին վրայ։ Կրնամ ըսել թէ վերջին յոյսս է։ Երկար ատենէ ի վեր կը խորհէի զինք փորձել, բայց չէի կրնար։ Զարհուրելի եսասիրութիւն մը կայ այս ըրածիս մէջ։

Ինչո՞ւ կ՚ուզեմ իր բարեկամութիւնը։ Անձիս փրկութեանը համար։ Տեսակ մը գռեհիկ հաշուականութիւն կայ զինք տեսնելու իղձիս խորը։ Կ՚ուզեմ իրեն կառչիլ, հիմա որ աւերակներու մէջ թափուող մը եղած եմ այլեւս։ Կ՚ուզեմ իրեն կառչիլ՝ իբրեւ գերագոյն սիւնի մը։ Բայց եթէ երկուքս միասին թաւալի՞նք։ Օհ, պէտք էր որ դեռ շատ խորհէի՝ այդ քայլը առնելէ առաջ։ Ինչ ահաւոր պատասխանատուութիւն կը ստանձնեմ իր հոգիին հանդէպ։ Գիտեմ թէ որքան զգայուն է։ Իր զգացումներուն իր սրտին հետ վայրագօրէն խաղացող մը պիտի չըլլա՞մ, երբ իմ թափուր սրտովս իր դէմը ելլեմ նորէն։

Այս գիշեր մինակ էի։ Կղզին հրաշալի անդորրութեան մը մէջ կորսուած էր։ Ծովուն վրայ թանձր մշուշ կար։ Ծովափը, իմ սիրած տեղս նստայ, շատ երկար ատեն։ Վաղը Ուրբաթ է. պիտի գա՞յ…։

Չեկա՛ւ։ Կէսօրէն ետք սոսկալի անձրեւ մը տեղալ սկսաւ, խորունկ մելամաղձութեան մը մէջ ձգելով զիս։ Եւ սակայն ուրախ եմ որ չեկաւ, իրեն պիտի գրեմ որ չգա՛յ բնաւ։ Ի՜նչ դժուար է գիրքս։ Երբ կը խորհիմ թէ իր երկարելիք ձեռքը կրնայ զիս հին մոռցուած լոյսերուն տանիլ…։

Ո՛չ, պիտի չգա՛յ։ Միջնադարեան ճիւաղութիւն է՝ հոգիի մը գնով հոգի մը փրըելը։ Չեմ ուզեր։ Իմ խաւարիս մէջ կը մնամ։

Կէս գիշերէն ետք, մինչեւ ժամը երկու, թափառեցայ բլուրին վրայ։ Մինչեւ կէս գիշեր լուսին կար, բայց երբ լուսինը կորսուեցաւ, անանկ երկնային անդորրութիւն մը իջաւ կղզիին վրայ, որ ամբողջ հոգիովս գացի անձնատուր եղայ պզտիկ տուփի մը։ Ներքին բանաստեղծութիւնս չեմ կորսնցուցած։ Կարելի՞ բան է արդէն։ Անմիջապէս որ նպաստաւոր պայմաններու տակ դրուիմ, հին հոգիս կը վերածնի մէջս։ Օհ, որքա՞ն յուսալից եղայ նորէն երէկ գիշեր։ Ինծի անանկ կու գար թէ կեանքիս բոլոր սեւութիւնները կարելի պիտի ըլլար թաղել։ Որքան երկար ու կարօտագին կը յառէի խաղաղ, աստղալոյս երկնքին։ Այդպէս հոգի մը ունենալ՝ խաղա՜ղ, աստղալո՜յս, ջի՛նջ։

Երկար ատեն մտածեցի նաեւ անոր։ Որքան քա՜ղցր կ՚երեւէր աչքերուս իր պատկերը։ Ինչ կարելիութիւններ կան տիեզերքին մէջ, Աստուա՜ծ իմ…։ Եթէ այդ պահուն, որե՛ւէ հրաշքով, ան ըլլար իմ մենութեանս մէջ, այդ թուփին քով, այդ խաղաղ, լուսաւոր երկնքին տակ…։

Հոգիս որքան կը կարօտի մտերմութիւնով ու գորովով լեցուն աչքերու. ինձ կը թուի թէ ես նայուածքով մը իսկ պիտի բուժուիմ…։

Անմեղութեամբ ու սրբութեամբ ծարաւ էի երէկ գիշեր. վճռական ուղղութիւններու պահն էր որ անցաւ՝ խիստ խորունկ մելամաղձութիւն մը ձգելով հոգիիս խորը։ Իրա՜ւ, որչափ խաղաղ վայրկեաններ ունեցայ։ Երբեք պէտք չէ որ յոյսս կտրեմ իմ հոգիէս։ Անհուն կարելիութիւններու մէջ կը ծփայ իւրաքանչիւր հոգի։ Արդէն չէ՞ որ շուրջս է ամէն վայրկեան այս հոյակապ անհունութիւնը։

Երբ լուսինը բոլորովին կորսուեցաւ բլուրին ետին, աչքերս արցունքով լեցուեցան, ու հոգիս ողողող անսահման յուզումը միակ բառ մը գտաւ շրթունքներուս վրայ… Տէ՜ր…։

Երէկ իրիկուն գէշ տրամադրութիւններով ելայ կղզի։ Անհաճոյ հանդիպումներ ունեցայ ու մայրամուտի պահս գռեհիկ խօսակցութիւններով անցուցի։ Արդէն իսկ մութցած էր, երբ առանձին մնացի ծովափը։ Չուզեցի տուն երթալ։ Իմ թափուր սրճարանս մտայ, խորհելով թէ սուրճ մը կրնամ առնել, բայց երբ պատուհանին առջեւ նստայ, ծովին դիմաց, այնքան ուժգին տրտմութիւն մը եկաւ վրաս, որ ինքնամոռացութեան տենչը նորէն մղձաւանջի մը պէս հակեցաւ վրաս։ Քանի մը վայրկեանէն, նոյն փոքրիկ շիշը՝ շողշողուն, անհունօրէն հրապուրիչ…։

Բուռն հով մը ելեր էր ծովին վրայ, ու վայրագ գոհունակութիւն մը կը զգայի՝ ամէն անգամ որ գաւաթ մը պարպելէս ետք ականջիս կը հասնէր փշրուող ալիքներուն ձայնը։ Կ՚ատեմ անձս   եւ սակայն ի՛նչ օգուտ…։

Այսօր շատ մը դէպքերով լեցուն օր մը անցուցի։Գիշերը Սկիւտար մնացի, մեր պզտիկ սենեակին մէջ։ Կէսօրին վար իջայ, Պոլիս անցնելու համար։ Շոգենաւին շատ ժամանակ կար, ուստի նաւակ նստայ՝ վեց թուրքերու հետ։ Նաւավարնիս ծերուկ հրեայ մըն էր։ Ճամբայ ելած ատեննիս, ծովը այնքան հանդարտ էր որ ամէն մէկերնիս մեր անձնական մտածումներովը լռիկ նստանք, բայց երբ Քըզ-Քուլեսիի մօտեցանք (Ետի Գարտաշ ըսուած տեղը) սարսափելի վիճակ մը առաւ ծովը, մեր հին նաւակը ասդին անդին նետելով։ Սկիզբները բնաւ չվախցայ, դեռ վտանգը այնքան լուրջ չէր։ Քովս ծեր հարիւրապետ մը նստած էր որ տղու պէս կը դողար. դեփ-դեղին կտրած   եւ աջ ձեռքը ծունկերուն վրայ ուժով մը սեղմած՝ պաղատագին բառեր կ՚ուղղէր Աստուծոյ։ Հետզհետէ սակայն, ես ալ վախով լեցուեցայ, ինչու որ նաւակ այլակերպ վիճակներու սկսաւ ենթարկուիլ։ Երեք ալիքներ իրարու վրայ եկան, բուռն կերպով մակոյկին զարնուեցան, թրջելով բոլորս։ Հարիւրապետը սկսաւ շարժիլ։ Միակ սխալ շարժում մը բաւական էր նաւակը շրջելու համար։ Բոլորս մէկ յանդիմանեցինք զինք։ Նաւավարը՝ հակառակ իր ծերութեանը,   եւ գուցէ ատոր համար իսկ, մեծ փորձառութիւն ունենալ կը թուէր։ Երբեք ինքզինք չկորսնցուց։ Միջոց մը, երբ ծայրայեղ աստիճանի հասաւ փոթորիկը, թիերը ձգեց   եւ ուզեց արագ շարժումով մը առագաստ պարզել, բայց մակոյկին մէջ գտնուողները թոյլ չտուին. նոյնիսկ մէկը, որուն լեզուն բռնուած էր վախէն, կիցի հարուածով մը ստիպեց հէք ծերուկը որ տեղը նստի։

Մարդը շարունակեց անյոյս պայքարը ալիքներուն դէմ, բայց փոխանակ յառաջանալու՝ ե՛տ կ՚երթայինք։ Միջոց մը՝ սարսափի   եւ անորոշութեան մէջ մնացինք բոլորս. ծերուկը դադրեցաւ դիավարելէ, պնդելով որ առանց առագաստի կարելի չէր նաւակը յառաջացնել։ Ամբողջ ուժովս իր կողմը անցայ, ձեռքս քաշելով վախկոտ հարիւրապետին ծունկին վրայէն, ոտքի ելայ ու ծերուկին հետ միասին առագաստը պարզեցինք։ Չուանը ինծի յանձնուեցաւ։ Նաւակը իսկոյն սկսաւ սուրա՜լ, ալիքէ ալիք նետուելով։ Տասը վայրկեանէն Պոլիս հասանք։ Բոլորը զիրար շնորհաւորեցին։ Հարիւրապետը ուրախութենէն կու լար։

Ես ոտքս քարափին վրայ դրի, գոհունակութեան լայն շունչ մը առի. մահէ ազատած էի, մահէ՜…։ Ի՜նչ ունայն հոգի ունիմ…։

Ինչո՞ւ Պոլիս իջած էի, քանի որ բան մը չունէի ընելիք։ Պաղպաղակ մը կերայ   եւ սկսայ աննպատակ քալել այրող արեւին տակ։ Երբ լքուած աղբիւրի մը առջեւէն կ՚անցնէի, տեսայ թէ սուինաւոր ոստիկաններ բանտարկեալ զինուորներ կը տանէին. իսկոյն գաղափարը ունեցայ բանտս այցելելու։ Կէս ժամէ աւելի թափառեցայ այդ մռայլ շէնքին զանազան կողմերը, հին յիշատակներ որոնելով ամէն կողմ։ Միջոց մը յաջողեցայ նոյնիսկ քարէ սանդուխէն վար իջնել ու մտնել բուն բանտերը տանող մութ նրբանցքին մէջ։ Իմ խովուշս տեսայ հեռուէն, բայց վայրագ օնպաշիներու խումբ մը որ մօտէս կ՚անցնէր՝ արգելք եղաւ աւելի առաջ տանելու արշաւս։ Ետ դարձայ տխրութիւնով լեցուած։

Խիստ յոգնած էի. գացի ծառի մը տակ կեցայ, հոն մարզանք ընող զինուորները դիտելու համար։ Այդ ծառին տակ, օր մը տեսած էի խեղճ մայրիկս, յուսահատ դիրքով, երբ բանտարկեալներու ահագին խումբով մը խարաւանա բերելու կ՚երթայի։ Մայրիկիս այդ վիճակին վրայ կը խորհէի, երբ նոյն միջոցին քովէս անցաւ երիտասարդ աղջիկ մը, վիշտի խորունկ արտայայտութիւնով մը։ Դէմքիս անտարբերութիւնը կ՚երեւի իր վստահութիւնը գրաւեց, որովհետեւ իսկոյն մօտեցաւ ու պաշտօնատունի մը տեղը հարցուց։ Բնական է՝ չէի գիտեր, բայց իրեն ընկերացայ օգնելու համար։ Ճամբան իր դժբախտ պատմութիւնը ըրաւ։ Հրէուհի մըն էր, խիստ համակրելի աչքերով։ Աղէկ ֆրանսերէն կը խօսէր։ Տարիէ մը ի վեր իրենց ընտանիքը լուր չունէր եղբօրմէն որ զինուոր էր ու Շամի կողմը ղրկուած։ Մայրը վիշտէն հիւանդացած էր. հայրը, որ ծեր էր, հազիւ ժամանակ ունէր ընտանիքին հացը ճարելու։ Ուրիշ մէկը չկար եղբօրը հետքը գտնող։ Շատ աշխատած, շատ տեղեր գացած էր, բայց որեւէ տեղեկութիւն չէր կրցած ձեռք ձգել։ Ատեն մը, ամէն օր այս խնդրով կը զբաղի եղեր, բայց հիմա ամէն յոյս կտրած, հազիւ թէ ամիսը անգամ մը կու գայ եղբօրը հետքը փնտռելու։ Կարեկցութեանս արտայայտութիւնը յուզեց զինք եւ սկսաւ լալ։

Յուսադրեց խեղճ աղջիկը եւ փնտռտուքի սկսանք։ Իր ըսած պաշտօնատունը գտանք, բայց դրան առջեւ սպասող զինուորը ըսաւ թէ քանի մը օր առաջ այդ պաշտօնատունը ուրիշ տեղ փոխադրուած էր։ Հասցէն գրեցինք ու ճամբայ ելանք։ Ճամբան աղջկան հայրը դիմացնիս ելաւ, ճերմակ մօրուքով, կորաքամակ հրեայ մը։ Ա՛լ իմ ընկերութիւնս աւելորդ նկատեցի, օրիորդը իր հօրը յանձնեցի ու ես հեռացայ։ Եղբօրը անունը Մոիզ էր, բայց իր անունը չհարցուցի։

Երէկ գիշեր, ուշ մնացած ըլլալով, չուզեցի տուն մտնել ու ցանկապատէն անցնելով պարտէզը ֆէթէօյի մը վրայ պառկեցայ։ Ամպոտ ու ցուրտ գիշեր մըն էր, բայց որովհետեւ բաւական խմած էի՝ քունս տարաւ։

Այս առտու ամէն կողմս կը ցաւի։ Կ՚երեւի պաղ առի։ Ամէն պարագայի տակ, ստիպուած եմ այսօր հիւանդանոց երթալ։

Երէկ գիշեր Սկիւտար գացի։ Տարօրինակ մտերմութիւններ ունի այս բարձունքը հոգիիս հետ։ Ամբողջ մանկութիւնս ու պատանեկութիւն հոն անցուցած եմ։ Լալու աստիճան յուզուեցայ, երբ փողոցի մը անկիւնէն յանկարծ տեսայ Ս. Խաչի զանգակատունը։ Ի՜նչ օրերու մէջ եւ ի՜նչ աչքերով նայած եմ այդ միեւնոյն խաչին։

Գիշերը մեր տունին կողմերը հրդեհ ծագեցաւ, այնպէս որ քանի մը ժամ միայն քնացայ։

Առաւօտուն կանուխ հիւանդանոց գացի։ Ծովը ալեկոծ ըլլալուն՝ նաւակով անցայ։ Հրաշալի՜ էր։ Շատ կը սիրեմ այս անցքը։ Անդորրութիւն ըսուած բանը կ՚ատե՛մ հիմա։ Ճամբան քալած ատենս, խելառ ոստումներ ընելու փափաքը կ՚ունենամ։

Ամէն ինչ վերջացած է։ Վերջին արարուածն է կեանքիս, զոր կ՚ուզեմ արտառոց կերպով աւարտել։ Կաթիլ մը տրամաբանութիւնը չեմ ուզեր ունենալ մտածումներուս մէջ։ Կ՚ուզեմ վայրագ բնազդներուս անձնատուր ըլլալ, թէեւ որեւէ կիրք չեմ զգար մէջս։ Կ՚ուզեմ որ ամէն բան երազի պէս անցնի. ոչ մէկ զղջում։ Ամէն ձայն խեղդել կը ջանամ մէջս։ Ալ սովորութիւ՞ն եղաւ խմելը։ Առաւօտուն, ահաւոր տրտմութիւնով մը աչքերս կը բանամ, մինչ իրիկունները խենթի մը զուարթութիւնովը եւ անհոգութիւնովը կը թափառիմ կղզիին բարձունքը կամ վայրը ծովափին։ Երբեմն տեղ մը կը նստիմ, թուփի մը տակ կամ ծովեզրի աւազներուն վրայ ու գլուխս ձեռքերուս մէջ առած, կը մտածեմ գերագոյն պրկումի մը կարելիութեան վրայ։ Դեռ յոյսեր կան հոգիիս խորը, բայց այնքա՜ն անզօր, մինչ ունայնութեան ձայնը գայլի մը պէս կ՚ոռնայ էութեանս խորէն, սարսափով   եւ մահուան մղձաւանջով լեցնելով մարմինս, հոգիս, բոլոր նեարդերս։

Կը զգամ թէ ա՛լ կարելի չէ կեանքը։ Հիմա վնասել սկսած եմ շուրջիններուս։ Փորձանք մըն եմ ամէնուն գլխուն։ Շտաեր, որոնք զիս կը սիրեն, ինծի կը նային հիմա իբրեւ դեւի մը ուրկէ պէտք է փախչիլ։ Թէեւ, բարեկամներու մեծ մասը դեռ չի գիտեր ու կը շարունկէ առաջուան նման մօտենալ ինծի։ Կ՚ատեմ զիրենք, ինչպէս կ՚ատեմ անձս։ Պիտի ուզէի որ ոչ ոք խօսէր հետս, բոլորը լքէին զիս։

Երէկ երեկոյ, ծովափը ծառի մը տակ կեցեր էի. ծանօթ աղջիկ մը անցաւ մօտէս, երեսս նայեցաւ ու չբարեւեց։ Համակրանքով նայեցայ ետեւէն. կարծեցի թէ տեսեր էր խենթութիւններս, բայց, շուտով վերադարձաւ ու ժպտագին բարեւեց։ Ի՜նչ ունայն էակներ են սա աղջիկները…։

Սոսկալի գիշեր մը անցուցի։ Քունս բոլորովին անկանոն դարձած է։ Քանի՛ գիշեր է որ բնաւ չեմ քնանար։ Այս գիշեր գէթ կը յուսայի քնանալ, քանի որ շատ յոգնած էի, բայց նորէն անքուն մնացի։ Ճաշէն ետք մենաւոր տունը գացի. հոն աղէկ հոգիներ կան, որոնց բարեկամութիւնը կը փնտռեմ յաճախ։ Կէս գիշերին մօտ էր, երբ պտոյտի համար դուրս ելանք։ Լուսինը նոր կը ծաթէր Հէյպէլիի կողմէն։ Ճամբան առանձին մնացինք Մ. ին հետ։ Այս հոգին զիս կը յուզէ երբեմն։ Կ՚երեւակայեմ թէ ի՜նչեր կրնար ընել ինծի, եթէ հին օրերու մէջ այսքան մտերմութիւն ունեցած ըլլայի հետը, դեռ չքայքայուած։։ Հակառակ ամէն բանի, սակայն, իրմէ մեծ հաճոյք կը զգամ։ Սփոփող բան մը ունի իր ձայնին ու աչքերուն մէջ։ Պիտի ուզէի, երկար ատեն, բոլոր մայրամուտերս իրեն հետ անցընել։ Երկա՜ր ատեն…։

Երբ զինք տունը ձգեցի, դեռ երկար ատեն թափառեցայ անդին ասդին, մարմինս լաւ մը յոգնեցնելու համար։ Հակառակ ամէն բանի սակայն, չքնացայ։ Մերինները պառկեր էին. ցանկապատէն պարտէզ իջայ ու Ֆոթեօյին վրայ երկարեցայ։ Մինչեւ առաւօտեան այդպէս անցուցի։ Երբ լուսնալ սկսաւ, նորէն անցայ ցանկապատէն եւ ամայի ճամբաներուն վրայ ժամերով քալեցի։ Ես իսկ իմ վրաս կը նայիմ որպէս դեւի մը։ Մարդկային ի՜նչ մնացած է հոգիիս մէջ։ Բոլոր բնական զգացումներս կորսնցուցած եմ, ու մտածումներս ողբալի տարտամութեան մը մատնուած են։ Հոգի մը՝ որ իր կշիռը կորսնցուցած է ու հովերուն տակ կը դողայ։ Որչափ կը հրճուիմ սակայն, երբ կը խորհիմ թէ իմ ձեռքս է հողակոյտիս գաղտնիքը…։ Ո՞վ կրնայ բռնանալ վրաս։ Տառապիլ չեմ ուզեր եւ պիտի մեռնի՜մ։ Ոչ մէկ ոյժ կը ճանչնամ որ կարենայ արգիլել ինծի այդ գերագոյն ճամբան։

Երբեմն հաճոյքով կը սեղմեմ աջ կողմի գրպանիս մէջ կորսուած այն պզտիկ ծրարը որ ճերմակ փոշի մը կը պարունակէ։

Կիրակի…

Վերջին ծայր պարզ ու ջինջ են մահուան վրայ ունեցած գաղափարներս։ Է՛ն բնական բանն է մեռնիլը, աչքերդ կը գոցես, եւ ա՛լ ոչինչ։ Անձնական ոչ մէկ խղճահարութիւն ունիմ. իսկ միւսներուն ձայնը կ՚ուզեմ խեղդել։ Քանի օր է տուն չեմ գացած, մայրս չտեսնելու համար։ Ախ, եթէ կարենար ըմբռնել թէ ի՜նչ մեծ գոհունակութիւնով կը փարիմ մահուան…։

Ինչու՞ տառապին իմ մեռնելուս համար։ Ի՞նչ շղթաներով կապուած են հոգիները։ Հարկ եղած ատեն, ինչու՞ հոգի մը չկարենայ ամէն կապ խղել ու բոլորովին առանձնանալ՝ իր ճակատագիրը իրագործելու, առանց խղճահարութիւններու։

Ամէն միջոցով պէտք է խեղդեմ սրտիս մէջ՝ ինչ որ կը մնայ իբրեւ զգացում։

Այս առաւօտ դեռ չէր լուսցած, երբ ելայ։ Գիշերը նորէն պարտէզը անցուցի անքուն։ Հիմա ծովափը նստած եմ։ Դեռ արեւը չէ ծագած։

Ամբողջ գիշերը մահուան մթութիւններովը լեցուած էի։ Սարսափի ֆոն մը կար մտածումներուս խորը։ Քանի գիշեր է որ չեմ քնացեր, ու ճիշդ ատոր հաար՝ տենդոտ պայծառութիւն մը ստացած է միտքս։ Իմ ներկայութեանս մեռնող բոլոր մեռեալները հիւանդանոցին՝ կը լեցնէին երեւակայութիւնս։ Ալպանացին՝ իր քաղցր, տխուր աչքերովը։ Պոլուցին՝ դաժան մարդը՝ որ մեռնելու ատեն հրեշտակային անդորրութիւն մը ստացաւ դէմքին վրայ։ Թիֆիւսէ տառապող Յոյնը՝ որ այնքան կարօտագին փարած էր կեանքին եւ անլուր ճիգերով կը մաքառէր մահուան դէմ, բայց որ մեռաւ տխուր առաւօտ մը, ձեռքերուն մէջ սեղմած անկողնին սաւանէն մաս մը։ Ու խենթը՝ իր զարհուրելի հոգեվարքը. ի՜նչ բիբերով կը նայէր առաստաղին։ Անոնք բոլորը մեռան։ Անոնցմէ շատերուն աչքերը ձեռքերովս գոցեցի։ Ու ամէն օր, երբ մեր սրահին համար խունը ուզելու կ՚երթայի մեռեալապահ հոճայէն, երեք-չորս դիակներ կը տեսնէի գետինը, մարմարին վրայ կարգով ու խնամքով շարուած։

Ֆոթեօյիս վրայ երկարած՝ այս տեսիլքներով անցուցի ամբողջ անքուն գիշերս։

 

…Չորեքշաբթի

Երկար ատենէ ի վեր դադրած էի պզտիկ նոթեր առնելէ իրիկունէ իրիկուն, օրուան մէջ անցուցած կեանքիս, գործերուս, տրամադրութիւններուս վրայ։ Նորէն հարկ զգամ ասանկ պզտիկ տետրակի մը մտերմութեան. նորէն որովհետեւ մելամաղձութիւնով ու անձկութիւններով լեցուիլ սկսած է հոգիս։ Պէտք է որ գրե քանի մը տող, անդորր մտամփոփումով մը, երբ օրը աւարտի, երբ մայրամուտը ու հոգը ստիպեն որ ձեռքերուս մէջ առնեմ ճակատս…։

Կղզի եկայ։ Շոգենաւին մէջ Մ. ին հետ առանձին էինք խաղաղ անկիւն մը։ Մինչեւ իր մենաւոր տունը ընկերացայ իրեն։ Ամբողջ շաբաթը առանձին պիտի ըլլայ այդ դատարկ ամայի սենեակներուն մէջ։ Ինծի պէս կը սիրէ վայրի առանձնութիւնը։ Ճգնա՛նք։ Խաղաղութեան ու տրտմութեան բաղձացող հոգիներուն միակ սփոփանքը ։ Ի՜նչ աղուոր սուլումներով կը թափանցէր հովը՝ կոտրած ապակիներէն ներս, դատարկ սենեակները բանաստեղծութիւնով լեցնելու…։

Երբ վեր կ՚ելլէի ծերացած սանդուխներէն, իր մոմը վառելու համար, մութին մէջ, վայրկեան մը զգացի թէ երջանի՜կ էի։

 

Գիշեր…

Քիչ անգամ պատահած է որ այսպէս ժամերով տեւէ մէջս հոգեկան վիճակ մը որ ըլլայ միանգամայն խաղաղութիւն, ինքնամոռացում ու տեսակ մը ներքին մխիթարութիւն։ Գիտեմ թէ, վաղուան լոյսին հետ, աչքերուս մթութիւնը պիտի գայ նորէն, բայց այսքանն իսկ յոյսով կը լեցնէ զիս։

Երբ իրմէ բաժնուեցայ, այնքան լեցուած էի պոհեմական բարքերու զգացումովը, որ չուզեցի քրոջս տունը երթալ. շիտակ ծովեզերք իջայ ու հոն քիչ մը թափառելէ ետք, երբ ալ մարդ չմնաց դուրսը, գացի պզտիկ սրճարանը ուր յոյն ձկնորսները կը հաւաքուին ամէն իրիկուն, օղիի պզտիկ սեղաններու շուրջ։ Սրճեփը, ինքն ալ տարիքը առած յոյն ձկնորս մը, քանի օր է պտուղ սկսած է ծախել։ Խաղող ու պանիր-հաց գնեցի եւ պատուհանին տակ տեղ մը գրաւելով սկսայ ճաշել ու մտիկ ընել՝ ձկնորսները եւ ծո՜վը, որ քանի մը քայլ անդիէն՝ ահագին ժխորով կը լեցնէր գիշերը։

Երկար ատեն զգացի ու վայլեցի գիրքիս հմայքը։

Այդպէս առանձին, կղզիի այդ փոքրիկ սրճարանին մէջ, փոթորկոտգիշերէն պատսպարուած, այլ մոտիկ շառաչող ծովուն…։ Յետոյ, քովս, այդ բարի մարդիկը, գրեթէ բոլորն ալ ծերունի։ Եւ այդ քառակուսի լապտերը՝ պարանովմը առաստաղէն կախուած։ Այդ դղրդացող ապակիները, բայց մանաւանդ ծովը… սարսափի ու հեշտանքի իր ձայնով…։

Այդ տատանող լապտերին լոյսովը Օսկար Ուայլտի մէկ նուվելը կարդացի։ Յետոյ, երբ տեսայ թէ դեռ կանուխ էր Մ. ին երթալու, անդիմադրելի փափաքը ունեցայ աչքերս գոցելու, հոն, այդ մտերիմ երդիքին տակ, ամբողջ գիշերը հոն քանանլու, մինչեւ ծերուկ ձկնորսները պիտի շարունակէին շուրջս խմել ու ցած ձայնով խօսակցիլ։ Խոշոր քառակուսի լապտերը պիտի չդադրէր իր աղուոր տժգոյն լոյսը ցանցնելէ մեր վրայ, ու ծովը, մանաւանդ ծո՜վը…։

Իրա՜ւ, որքան հանգիստ պիտի կարենայի քնանալ՝ այդ փայտէ սեղանին վրայ գլուխս հանգչեցուցած, այնքան յոգնած էի, այնքան տխուր…։

Սիկարէթ մը վառեցի ու դուրս ելայ՝ քունս փախցնելու համար։ Երազ չէ՞ր այդ բոլորը։ Երկար ատեն շրջեցայ ծովափը, առանց մտածումի բայց հոգեկան կեանքով լեցուն։ Երբեք այդքան սաստիկ եղած չէր հովը, ու գիշերը՝ այդքան մութ… ծո՜վը…։

Երբ մենաւոր տունը հասայ, երկար մութ գոյն վերարկուի մը մէջ փաթթուած ինծի կը սպասէր ան, պտոյտի երթալու համար։ Գացինք տեղ մը նստանք, թուփերով ու ժայռերով պատսպարուած։ Խօսեցա՞նք։ Կարծեմ։ Բառ մը չեմ յիշեր հիմա. որ՝ մոմի մը լոյսով, անկողնիս մէջ նստած, կարգաւ միտքս կը բերեմ մենաւոր սրճարանը, ծերունի ձկնորսները, խոշոր քառակուսի լապտերը՝ պարանով մը առաստաղէն կախուած, դղրդացող ապակիները, հովը՝ որ երբեք այնքան սաստիկ չէր եղած, այնքան կրքոտ, ու խելայեղ ծովը՝ մանաւանդ ծովը…։

Եւ իր հոգին։ Կը սիրե՞մ այս աղջիկը։ Այո՜, իբրեւ թէ քոյր մը եղած ըլլար։

 

…Հինգշաբթի

Զով ու ամպոտ էր ամբողջ օրը։ Չեմ գիտեր ինչպէս իրիկուն եղաւ։

Առաւօտուն մթնշաղ էր դեռ, երբ ելայ ու գրեթէ առանց կարդալու, ամբողջ ժամանակը կղզիին չոր կողմը թափառելով անցուցի, զինուորական երկար քաբոթիս մէջ փաթուած։ Երբ մութնալ սկսաւ քիչ մը, Վինիէ կարդացի շոճիներու պարտէզը, յետոյ գացի խաղող հացս ուտելու։ Երբ մենաւոր տունին ճամբան բռնեցի, արդէն իսկ գիշերուան հովը ելած էր, ու ծովը՝ անտեսանելի դարձած՝ հետզհետէ անձնատուր կ՚ըլլար իր գիշերային խօլ հեշտութիւններուն։

-Այս գիշեր մեծ կրակ մը վառենք մեր օճախին մէջ ու դիմացը նստինք, - ըսաւ, եւ իր մոմը առնելով վեր գնաց ճաշելու։

Գացի մօտակայ բլուրէն չորցած փայտ ժողվելու։

Երբ իրարու վրայ դիզուած շիւղերը սկսան ճարճատիլ, ջինջ տժգոյն բոցեր արձակելով դէպի օճախին մութ անցքը, ու ես յոգնած ինկայ փայտէ պզտիկ աթոռի մը վրայ, կրակին դիմաց, ու սիկարէթս վառեցի, առաջին անգամն ըլլալով այդքան կատարեալ կերպով զգացի հին խօսքը - կեանքը երա՜զ է…։

Երբ ինքն ալ եկաւ ու սիկարէթը վառեց, սկսանք խօսիլ. յետոյ՝ երկար ատեն լռել, յետոյ դարձեալ դարձեալ խօսիլ քիչ մը։ Ինք աւելի մօտ էր կրակին։ Երբ բոցերը բոլորովին կը գունատէին, քովէս դէզ մը շիւղ կ՚առնէի եւ իրեն կ՚երկարէի, ինքն ալ մէկ ձեռքով դէմքը կը ծածկէր ու կրակին վրայ կը տարածէր զայն. իսկոյն, այդ պզտիկցած, հիւանդագին բոցերը կ՚ըլլային մեծ, լուսագեղ բոցեր, որոնք օձի գալարումներով կը սուրային դէպի մութ քարերը, մութ գիշերը։

Կէս գիշերին մօտ, բոցերը մարեցան. ալ փայտ չկա՜ր։ Ծերունի դուռը բացի ու մեկնեցայ։ Հովին սաստկութենէնպատռեր էին ամպերը, ու լուսինը ատեն ատեն վախով գլուխը դուրս կը հանէր, վայրկեան մը կը նայէր չորս կողմը, յետոյ դարձեալ կը պահուըտէր։ Վերի ճամբան նախընտրեցի, բլուրի ճամբան։ Երբ թուփերուն մէջ մտայ, կեցայ ու նայեցայ մենաւոր տունին։ Դեռ բարակ ծուխ մը կը բարձրանար օճախէն։

Կեանքը երա՜զ է, երա՜զ…։

 

Շաբաթ

Պոլսոյ մէջ ամէնէն աւելի Սկիւտարը ազդուած է պատերազմէն։ Այս սիրական շէնշող քաղաքը եղած է լքումի ու յուսահատութեան վայր մը։ Ամէն անգամ որ երկար փոշելից ճամբէն կը մտնեմ, անսահման ընկճուածութիւն մը կու գայ վրաս։

Տարօրինակ մթութիւն մը, անտանելիօրէն ճնշող ամայութիւն մը կը սպասէ անոր մուտքին առջեւ. իսկոյն կղզիէն շինուած մթնոլորտը կը չքանայ հոգիէս, թախծագին բան մը կը մտնէ հօն, չես գիտեր ի՜նչ։ Նախ կեանքի ու ոգեւորութեան բացակայութիւնը կը զարնէ աչքի։ Բա՛ն մը չի շարժիր։ Ամէն բան կեցած է. ու երբ այդ ընդհանուր անշարժութեան մէջ կը տեսնես մէկը որ կ՚երթայ - անցորդ մը, պտուղ ծախող մը, բինուոր մը - կ՚ապշիս, իրենց բոլոր շարժումներուն մէջ յուղարկաւորի ընկճուածութիւն տեսնելով։

Ջուր ծախող կին մը կայ, սասունցի քաջ, եռանդուն Հայուհի մը փայլուն աչքերով, որ այր մարդու պէս կը հագուի. իր զուարթութիւնը եւ կեանքոտ երեւոյթը միշտ հաճոյք կը պատճառէին ինծի, երբ կը տեսնէի զինք Թոմրուքի մենաւոր ճամբաներուն վրայ, փայտ մը ձեռքը, իր էշուն ետեւէն, կամ քաղաքին մէջ՝ երբ իր բերած ջուրի թիթեղները կը բաշխէր տունէ տուն, կատակելով, մերթ լեռնականի անմեղ յիշոց մը արձակելով՝ զինք ծաղրելու ելլող լաճերուն։ Հիմա… լուռ կը քալէ, գլուխը հակած, առանց աջ ու ձախ նայելու, կարծես կեանքէն ձանձրացած։

Երէկ առտու, երբ ամայի դաշտի մը մէջ, թզենիի մը իակ նստածծ կը կարդայի, տեսայ թէ ան կու գար հեռուէն, յամր յամր, իր էշէն աւելի տխուր։ Ձեռքը փայտ չունէր. եւ իր արեւէն այրած դէմքին վրայ տարօրինակ դեղնութիւն մը կարծեցի նշմարել, երբ քովէս անցաւ ու բարեւեց զիս, առանց գլուխը վերցնելու։

Ի՞նչ է այս կնոջը վիշտը։ Ի՞նչ է բոլորին վիշտը։ Ի՞մս…։

…Երկուշաբթի

Հակառակ սաստիկ յոգնած ըլլալուս, կարելի չեղաւ քնանալ. ուստի ելայ մոմս վառեցի՝ կարդալու համար, բայց ի զուր փորձեցի միտքս կեդրոնացնել։ Մտքիս մէջ կազմուած բոլոր գաղափարները տարտամութեան մէջ կը լողան։ Հիմա գլուխըս սաստիկ կը ցաւի։

Ինչ տեսակ օր մը անցուցի, Աստուա՜ծ իմ։ Ո՞ւր եմ։ Ի՞նչ ըլլալու վրայ եմ։ Կարելի՞ է հոգի մը այսքան լքել։ Իրիկունը, շոճիներու պարտէզը, հին օրերուն պէս աղօթելու բուռն տենչ մը զգացի։ Օհ, Կ՚ուզեմ թեւերս բանալ ու պաղատի՜լ։

Պատրա՜նք, պատրա՜նք…։

Միակ բան մը կարելի է ինծի…։

 

Չորեքշաբթի

Խռովեալ գիշեր մը անցուցի, անքուն ու հազար տեսակ չարչարանքներով լեցուն։ Կրկին պարտէզը Ֆոթեօյին վրայ անցուցի, բայց սաստիկ ցուրտ մը կար։ Լուսին գիշեր էր, հովոտ եւ նոյն ատեն խաղաղ։ Աչքերս արցունքով լեցուն, ժամերով յառեցայ լուսնի լոյսին մէջ ծփացող դատարկութեան։

…Այսօր Պոլիս իջայ։ Որեւէ ընելիք չունէի։ Շատ մը փորձութիւններ ողողեցին հոգիս։ Ի վերջոյ տեղ մը մտայ ու մեծ քանակութեամբ գինի խմեցի։ Կէս ժամ ետք՝ արդէն մոռացութեան մշուշի մէջ կը լողայի։ Երբ դուրս ելայ, վերսկսայ աննպատակ թափառիլ։ Սիրուն աղջիկ մը մօտէս անցնելով մտերմօրէն ժպտեցաւ։ Անանկ ահաւոր զզուանքով մը լեցուեցայ այդ աղտոտ մարմնին հանդէպ, որ բուռն փափաք մը զգացի իր մազերէն բռնել ու քաշելու։ Այդպէսով թերեւս ազատէի հոգիս ողողող մաղձէն։ Իա՞ւ… այդպէսո՞վ… Կարծեմ վախցաւ աչքերէս ու շուտ մը անյայտ եղաւ…։

Իրիկունը, երբ ածիլուելու համար սափրիչին մտայ, ես իսկ վախցայ աչքերէս ու նստայ տեղ մը ուր հայելի չկար։

 

Կիրակի

Քանի օրէ ի վեր Սկիւտար եմ։ Կեանքս հետզհետէ երազային հանգամանք մը կ՚առնէ։ Հիմա Պոլիս գացող շոգենաւին մէջ հանդարտ անկիւն մը կը ծխեմ։ Դեռ շատ կանուխ է. կարծեմ առաջին շոգենաւն է։ Ինչո՞ւ։

Գիշերը չքնացայ, երբ արշալոյսը կը ծագէր, այսպէս ընել խորհեցայ. - Պոլիս իջնել ու թափառիլ…։ Առաջ, երբ աւելի լոյս կար հոգիիս մէջ, Կիրակի առտուները եկեղեցի կ՚երթայի։

Թերեւս պիտի անձրեւէ։ Խոնաւ, տժգոյն առաւօտ մըն է։ Դեռ չլուսցաւ երկինքը։ Ամառուան ճերմակ հագուստներ հագած եմ։

Շոգենաւին մէջ՝ մտայ այն սրահը ուր հասարակ ժողովուրդը կը նստի, ուր ամէն մարդ կը ծխէ ու կը խօսի։ Քիչ բազմութիւն կայ. շուրջերիններս բոլորը զատ զատ կ՚ուսումնասիրեմ։ Աշխատելու կ՚երթան այս մարդիկը։ Ամէն մէկը որոշ կերպով գիտէ իր ընելիքը, գիտէ թէ ինչպէս պիտի գործածէ եւ աւարտէ օրը։ Իրիկունը, յոգնած, նորէն ասանկ շոգենաւով մը, նորէն ծխելով ու խօսելով պիտի դառնան։ Կեանքը պարզ բան մըն է իրենց համար։ Վատասերածները բարդացուցած ու դժուարացուցած են զայն։ Տո՜ւն մը ունենալ, առաւօտուն մեկնիլ այդ տունէն, աշխատիլ, քրտնիլ, չարչարուիլ. իրիկունը մտնել նո՛յն երդիքին տակ, ճակտին քրտինքովը շահուած կերակուրը ուտել ախորժակով, ըլլալ գոհ, առողջ։ Յետոյ, հանդարտ անկիւն մը ծխել, ծխե՜լ ու քնանալ։

Մեզ դուրս նետած չեն կեանքէն, ինչպէս յաճախ կը մտածենք, այլ մե՛նք ենք որ դուրս ելած ենք անկէ, չես գիտեր ինչո՛ւ,   եւ աննպատակ խարխափումներէ յետոյ, ի զուր կը փնտռենք դուռը։ Այնքան վարժուած ենք խաւարի   եւ անորոշութեան, որ կեանքին պարզ ու ջինջ լոյսը այլեւս պատկեր ու նպատակ չի գծեր մեր բիբերուն խորը։ Կեանքը գերեզմանի մը պէս գոցուած է մեր առջեւ, անոր զուարթ ժխորը ա՛լ չի հասնիր մեր ականջներուն, ու մեր շլմորած ու սառած դատողութիւնը կը կարծէ թէ այս լռութիւնը, այս ամայութիւնն է կեանքը։ Մինչդեռ հո՛ն է անիկա, այդ ցուրտ քարին տակ, ի բոլոր երգերովը, իր անմեղ հեշտութիւններովը, իր առնական ցաւերովը։

Շուրջս անվերջ կը ծխեն ու կը խօսին։ Ես ալ կը ծխեմ իմ հանդարտ անկիւնիս մէջ։ Ինչո՞ւ չեմ խօսիր ես։ Երբ պատանի էի դեռ, ամառ գիշերները՝ սահման չունէր ապշանքս, երբ աստղերը կը դիտէի։ Այս աստղերը ո՞րչափ հեռու են իրարմէ, ինչո՞ւ - կը խորհէի։ Հիմա ապշանքով չեն լեցներ զիս աստղերը, ինչու որ դադրած եմ պատանի մը ըլլալէ ու դադրած եմ մանաւանդ երկնքին նայելէ։

Հիմա ոչ թէ ամառ գիշերները, այլ բոլոր գիշերները, այլ ամէն օր, ամէն վայրկեան, աչքերս բաց, աչքերս գոց՝ Սարսափը իր ցուրտ ձեռքերը կը դնէ ուսերուս, երբ կը խորհիմ… Ահաւոր անդունդ մը կայ հոգիիս ու կեանքիս միջեւ, ինչու՞…։

 

…Երեքշաբթի

Օսկար Ուայլտի The Picture of Dorian Gray-ը կը կարդամ։ Հոգեկան որեւէ գործունէութեան ատեն, եսս երկու մասի կը բաժնուի, զիրար քննադատող ճաշակներով, յուզումներով, կիրքերով - իրարու հիմնովին հակառակ երկու մասերու։ Մինչ մէկը կը հիանայ, կը գինովնայ, անձնատուր կ՚ըլլայ, միւսը կ՚ըմբոստանայ, կը բողոքէ, կը տառապի։ Հազուագիւտ եղած են կեանքիս մէջ այն վայրկեանները ուր ամբողջ եսովս գրաւուած ըլլամ հոգեկան որեւէ գործունէութեան մը մէջ։ Անվիճելի է թէ ատեն ատեն մեծ հաճոյք զգացի այս ընթերցումէն, բայց բնաւ չեմ կրնար ըսել թէ հաճոյքի զգացումը կատարեալ առանձնութեան մէջ գտաւ հոգիս. ո՛չ. բողոքող եսս միշտ ներկայ էր, ըմբոստ, միշտ բարձր։ Այնպէս որ, երբ դիրքը աւարտեցի, հակառակ զգացած լաւ տպաւորութեանս, իրաւունք չտուի հեղինակին. իմ հոգիիս համար գրուած գիրք մը չգտայ զայն։ Արդէն իսկ հարկ եղածէն աւելի անկշիռ   եւ անզկսբւոնք եմ, անանկ որ՝ բոլոր այդ original գաղափարները, տեսութիւնները՝ նոր չթուեցան ինծի։ Նոր բան մը պէտք է ինծի, բան մը՝ որ հոգիիս հայրենաբաղձութիւնը օրօրէ ու խաղաղեցնէ։ Լո՞յս թէ խաւար. այս հարց մը չէ ինծի համար. կրնամ փարիլ մէկին կամ միւսին. կը բաւէ որ մէկը կամ միւսը իր գերագոյն տիրապետութիւնովը մտնէ հոգիիս խորը…։ Հիմա երկուքն ալ կան մէջս. անկատար անոնց պայքարը շլմորանքով կը լեցնէ հոգիս։ Յոգնա՜ծ եմ ու խաղաղութեան կը բաղձամ… մի՛ն կամ միւսը…։

Երկու շաբաթէ ի վեր տող մը չեմ գրած այս տետրակին մէջ։ Այլեւս անկարելի կը թուի ինծի գիշերէ գիշեր նայիլ անցուցած օրիս վրայ։ Քանի մը անգամ փորձեցի վէպ մը սկսիլ, երեւակայական հերոսի մը վերնագրելով ըրած արտառոցութիւններս, բայց այդ իսկ տանելի չեղաւ։ Մեծ ճիգերով՝ քանի մը օրագրեր արձանագրել տուի այդ հերոսին, բայց շուտով պատռեցի այդ տետրակը։ Կարելի չեղաւ կատարեալ անկեղծութիւնով հոգիս հայելիացնել…։ Ա՛հ, հոգիս…։

Հին հոգի՞ս է որ դեռ կը տեւէ։ Ամէն անգամ որ պատահմամբ հանդիպիմ որեւէ բանի որ մանկութիւնս ու պատանութիւնս կը յիշեցնէ, արցունքի հեղեղ մը կը զգամ կուրծքիս տակ։ Անձիս հանդէպ զգացած բուռն ատելութիւնս սաստիկ կը տառապեցնէ զիս։ Երբեմն, տարօրինակ կերպով կը տենչամ ահաւոր չարչարանքներու. չուանով մը կախէին զիս սեւ առաստաղէ մը ու դատապարտէին յաւիտեան տանջուելու, այդպէս օդին մէջ առկախ։ Դեռ յոյս կա՞յ արդեօք։

Շատ անգամ, մանաւանդ գիշերները, այս հարցումը կ՚ընեմ յանկարծ, դատարկութեան խորը երկար ատեն յառելէ ետք։ Դեռ կարելի՞ է… ու միշտ կը ժպտիմ… ինչու՞…։

 

Շաբաթ…

Զինուորական conge-ս աւարտեցաւ. յիմարական թափառումներուս ատեն, ոստիկան մը կրնայ օձիքէս բռնել ու բանտ առաջնորդել զիս։ Երբ նորէն զինուոր ըլլամ, կացութեանս ծիծաղելիութիւնը տարօրինակ պիտի ըլլայ։ Հոգիս հեգնանքի գլուխ-գործոց մը պիտի ըլլայ։ Իրա՜ւ…։ Նորէ՞ն նոյն հիւանդանոցը պիտի մտնեմ՝ իբրեւ վէրք կապող, նորէ՞ն պիտի շրջիմ՝ իբրեւ չլմորած ուրուական մը, մութ նրբանցքներուն մէջ, որոշ պահու մը դեղեր առնելու կամ խունկ ուզելու համար հոճայէն, յետոյ, ժամերով, նեխած թեւերու, ոտքերու, որովայններու վրայ հակելով զանոնք խնամելու, մաքրելու, կապելու համար։ Յետոյ, երբ սկսի մութնալ, մեծ պատուհանին առջեւ գրուած թիկնաթոռին վրայ անշարժ նստելու եւ երկար երկար մտմտալու։ Նորէ՞ն հոգեվարքներ պիտի տեսնեմ ու մեռելներ՝ ցուրտ քառակուսի սենեակին մէջ։

Եւ սակայն, երբեմն հանդարտ տրամադրութիւնով կը խորհիմ այս բոլորին վրայ։ Կեանքի չարչարանքը եւ անիմաստութիւնը իմ կեանքիս՝ սկզբունքը եղած են զիս հալածող ահաւոր ուժին…։ Ա՜հ, հոգիներու ճակատագիրը…։

…Օրը իրիկուն ըրի։ Ի՞նչ ըրի ամբողջ օրը։ Անհամար խեւութիւններ։ Հիմա կղզի կ՚երթամ։ Մեկուսի տեղ մը, ծերուկ յոյն կնոջ մը քով նստած եմ ու ջուրերուն կը նայիմ։ Բաւական ալեկոծ է ծովը. արեւը մարը մը մտնէ։ Աշխարհի էն բնական բանը պիտի ըլլար հիմա տեղէս ելլել ու հանդարտ քայլերով իջնել շոգենաւին սանդուխներէն, ճամբայ մը բանալ վարը սպասող բազմութեան մէջէն, անցնիլ պզտիկ կամրջակէն ու պարաններուն վրայէն, յետոյ վայրկեան մը կենալ, նայիլ մըթագնող երկնքին, պզտիկ վերյիշում մը ընել, յետոյ աչքերը գոցել եւ իյնա՜լ…։

Վատ եմ, վա՜տ, վա՜տ։ Երբեք պիտի չկարենամ ընել այդպիսի բան մը։ Մահը չէ որ կը սարսափեցնէ զիս։ Կարօտագին կը տենչամ անոր։ Տանջո՛ղ մահէն կը վախնամ։ Եւ սակայն, ո՜վ գիտէ, թերեւս ծովու մը թեւերուն մէջ պիտի աւարտեմ կեանքս։ Իյնալէ վերջ, մահը վճռական է հոն։ Երբեմն տեսակ մը տարտամ գինովութիւն, կը գրաւէ զիս, երբ այդ պատկերը կը գծեմ  աչքերուս առջեւ. թեւերը բացած իյնա՜լ…։ Ունա՜յն հոգի…։

 

Կիրակի…

Արշալոյսէն յետոյ միայն կրցայ քնանալ։ Նորէն հին Ֆոթեօյն էր անկողնիս, ու վերարկուս՝ վերմակ։ Մինչեւ կէս գիշեր մութին մէջ նստայ, հազար տեսակ մտածումներու անձնատուր։ Անկէ յետոյ սաստիկ փոթորիկ մը ելաւ. յոգնութիւնս կը գոցէր աչքերս։ Այլանդակ անկողնիս վրայ ելած, մարմինս կծկեցի, ջանալով կարելի եղածին չափ քիչ տեղ գրաւել եւ թոյլ տալ ալեւոր վերարկուիս որ կարենայ ամբոջ մարմինս պաշտպանել։ Լոյսը ծագեցաւ ու դեռ կէս-քուն կէս-արթուն կծկուած էի։ Այդ վիճակը արթուն մնալէ աւելի յոգնեցուց զիս։ Այդ պահերուն, միտքս տենդագին գործունէութեան մը անձնատուր կ՚ըլլայ, բիւրաւոր գաղափարներ, ցնորային տեսիլներ իրարու արագ արագ կը յաջորդեն։ Հակառակ ամէն ճիգի, չեմ կրնար այդ խելառ արշաւին առաջքը առնել։ Արշալոյսէն ետք, երեք ժամ քնացեր եմ…։

Կարելի չէ խաղաղութիւնս վերստանալ փախստականի այս վիճակով. անձնապէս ոչ մէկ մտահոգութիւն ունիմ այս մասին։ Ձմեռուան համար կեանքի ծրագիր մը սկսեր էի պատրաստել, սակայն, շուրջիններուս անձկութիւնը կը ջղայնոտէ զիս։ Լուրջ որոշում մը պէտք է տալ այս մասին։

Հիւանդանոց երթալու գաղափարը շատ կը տառապեցնէ զիս։ Այդ յիմարական կեանքը վերսկսելու համար, կը զգամ թէ հարկ եղած բարոյական ոյժը կը պակսի ինծի, մանաւանդ հիմա, այս ամառուան ապրած պոհեմական կեանքէս յետոյ։ Գիտեմ թէ բոլոր հիւանդութիւններս մէջտեղ պիտի ելլեն դարձեալ՝ ուղեղիս մթութիւնը, ջիղերուս ձգտուած ու դիւրագրգիռ վիճակը, որոնց պիտի հետեւի անխուսափելիօրէն անցեալ տարուան ահաւոր յուսահատութիւնս։ Ֆիզիքապէս բաւական աղէկ եմ հիմա, ու եթէ այս պայմաններուս մէջ ձգուիմ դեռ քիչ մը ատեն, կը յուսամ հոգեկան վիճակս ալ բարւոքել։ Ահաւասիկ նորէն, ճակատագրական ստիպողութիւնը հոսանքի մը պէս պիտի քշէ զիս, առանց հետաքրքրուելու անձնական մտադրութիւններովս…։ Նորէն երկրորդական դեր մը կը տրուի կամքիս, որ հազիւ սկսած էր իր ազդեցութեան ենթարկել քմահաճոյքներս եւ ծփացող անհատականութիւնս…։ Այս շաբաթ մանաւանդ՝ շատ աղէկ մտածեցի ու բարոյական արժէք ունեցող գործունէութիւններ ունեցայ։ Երկու շաբաթ է որ գինի չեմ խմած։

Մշուշը նորէն կը շրջապատէ դատողութիւնս։ Ի՞նչ ընեմ. ներկայանա՞մ հիւանդանոց, թէ ոչ՝ շարունակեմ այս կեանքս։ Երկուքն ալ ունին իրենց թեր ու դէմ կողմերը, որոնք այնպիսի բարդութիւններով իրարու խառնուած են, որ հարկ է բիւրաւոր մանրամասնութիւններ զատ զատ առնել ու կշռել։ Այս տաժանագին խորհրդածութիւնը որոշ եւ անվտանգ ելքի մը յանգեցնելու յոյսը եթէ ըլլար, վայրկեա՛ն մը չէի վարաներ, կը մտածէի, կը որոշէի ու կը գործէի։ Եւ սակայն, իւրաքանչիւր մանրամասնութեան ետեւ կը սպասէ անորոշութիւնը, անանկ որ ոչինչ կարելի է ճշդել։

Վաղը ելլեմ հիւանդանոց երթամ. լա՛ւ. բայց յոռի կարելիութիւններու անհուն շարք մը կը հետեւի ասոր. մտային վիճակս պիտի վերստանայ իր երբեմնի անհաւասարակշռութիւնը, մտածումներս պիտի ըլլան նորէն անկայուն, անվստահելի. ոչ մէկ կարելիութիւն խորհրդածելու, որոշելու. ինքնավստահութեան բացարձակ անհետացում, անհատականութեան զգացումի ջնջում։ Այն ատեն՝ կասկածի, սկեպտիկութեան ընդհանուր վիճակ մը, հոգիս՝ քաոսացած։ Այս բոլորին փորձառութիւնը ունեցած եմ, չեմ կրնար տարբեր կերպ մտածել այդ մասին։ Վստահ եմ թէ հիւանդանոցի նոյն տխուր կեանքը՝ նո՛յն երեւոյթները յառաջ պիտի բերէ մէջս։ Հոգիներ կան որոնք ամէն տեսակ պայմաններու կրնան յարմարիլ եւ ամէնուն մէջ ալ չկորսնցնել իրենց ինքնութիւնը։ Այդ առաձգականութիւնը չունի իմ հոգիս, մանաւանդ հիմա, փորձի այս երեք տարիներէն ետք։ Ես այսպէ՞ս էի առաջ։ Յստակ կը յիշեմ այն իրիկունը, երբ առաջին անգամ, բանտին մէջ, գիտակցեցայ կացութեանս։ Երկու տարի առաջ էր. որքա՜ն ոյժ կար մէջս։ Ամբողջ գիշերը չքնացայ ու որոշեցի առանց տկարանալու հանդուրժել ու համակերպիլ բոլոր կարելի զրկանքներուն ու տառապանքներուն։ Կը խորհէի թէ բանտային այդ կեանքը հրաշալի միջոց մը պիտի ըլլար կամքի դաստիարակութեան։ Բեռի ահագին կառքերը կը քաշէի ընկերներուս հետ՝ անհոգ ժպտելով։ Ծեծեցին, անարգեցին, չարչարեցին - օդէ, ջուրէ, սնունդէ զուրկ մնացի, ցուրտ տախտակներուն վրայ անցուցի գիշերներըս, շատ անգամ անքուն։ Դէմքս տխմարի արտայայտութիւն մը առաւ, եւ սակայն, երբե՜ք չկորսնցուցի անհատականութիւնըս։ Զիս ծեծող չաւուշներուն երեսը կը նայէի հանդարտ, հրճուելով անոնցմէ ունեցած բարձրութեանս վրայ։ Հողի սայլերը փոխադրուելու ատեն, ընկերներուս խելացի հրահանգներ կու տայի՝ հողը լեցնելու եւ պարպելու կերպին վրայ. սայլը կը լեցուէր մինչեւ բերանը, իւրաքանչիւրս կը գրաւէինք մեր տեղերը սայլին շուրջ, ու կը սկսէր խօլ արշաւը, եղկելի օնպաշիներու հսկողութեանը տակ։ Այդ բոլորը կատարեցի, հոգիս անցաւ այդ բոլոր շրջաններէն, բայց սահման մը պէտք է այդ բոլորին։ Հարկ է որ ճակատագիրս նորէն վերադարձնէր հոգիս կեանքի անյն շրջանակին ուր միայն կրնար անիկա ապրիլ։ Դեռ կը տեւէ փորձի շրջանը։ Ուժասպառ եղած եմ ու մէկ վայրկեանէն միւսը կրնամ իայնալ։

Եւ յետոյ, եթէ ներկայանամ, կրնայ ըլլալ որ «ա՛լ համը փախցուցիր», ըսեն ու շիտակ սեֆքիաթ ղրկեն զիս, Հոնկէ ալ՝ Պոզանթիի լեռները, իբրեւ քար կոտրող, ինչպէս սպառնացած էր բժշկապետը, վերջին փախուստէս յետոյ։ Tant mieux ինծի համար, եւ սակայն շուրջիննե՞րս։ Անոնց համար մտահոգութիւններու նոր առիթ մը ստեղծած պիտի ըլլամ։ Դեռ մոռցած չեմ բանտարկութեանս ժամանակ խեղճ մայրիկիս քաշած տառապանքը։

Իսկ եթէ չերթամ, փախստականութիւնը ընդունելով, ա՛յդ ալ խաղաղութիւն պիտի չտայ ինծի։ Նախ որ ամէն վայրկեան ձերբակալուելու վախին մէջ պիտի ըլլամ, ու գրեթէ դուրս պիտի չկարենամ ելլել ազատօրէն։ Այդ արգելափակուած կեանքն իսկ մեծ բարոյական ոյժ կը պահանջէ։ Ես չեմ կրնար օրերով պատուհանի մը ետեւ պահուըտած ծխել, ինչպէս տեսած եմ որ կ՚ընեն նախկին ընկերներէս ոմանք։ Առանց շարժումի կեանքը զիս բոլորովին պիտի քայքայէր։ Ասկէ զատ, շուրջիններուս անձկութիւնը իմ մասիս՝ միշտ աչքիս առջեւ պիտի ըլլար, ու երբեք չեմ կրնար տանիլ այս բանը։ Ի՞նչ կը մնայ ընել։ Ծիծաղելի ըլլալու աստիճան շուարած եմ, ու կը շարունակեմ այսպէս ապրիլ, պարզապէս ճիգ ընելով բնաւ չանդրադառնալու կացութեանս։ Զիս տեսնողները աշխարհի ամէնէն անհոգ մարդը կը կարծեն, երբ զինուորական համազգեստ հագած, ձեռքերս կռնակս կը քալեմ Սկիւտարի ամայի փողոցներուն մէջ։

…Կէսօրէն ետք Արմենակին գացի. ինչպէս ուրիշ երիտասարդներու քով, ասոր քով ալ նշմարեցի իսկոյն «հացաբաշխ պաշտօնեայ»ի տեսակ մը ծիծաղելի ինքնավստահութիւն։ Մեծ արժէք մը տուած են իրենք իրենց, համոզուած են թէ բացառիկ բարձրութեան մը հասած են մէկէն ի մէկ։ Երանի՜ իրենց։ Միասին հացի տեբօն գացինք, որուն մնայուն պաշտօնեան, համակրելի Ալպանացի մը, թէյ հրամցուց մեզի եւ հետաքրքրական բաներ պատմեց իր հայրենիքէն, իր հին լեռնականի կեանքին եւ հիմակուան կեանքին միջեւ գոմիք բաղդատութիւններ ընելով։ Մասնաւորպ համակրութիւնմը ունիմ այս լեռնականներուն հանդէպ. բաց բնաւորութիւն մը ունին, իսկոյն կը զգաս իրենց հոգին, որուն տիրող յատկանիշն է տեսակ մը վէս ազնուականութեան միացած անհուն միամտութիւն մը։ Իր խօսակցութեան ամբողջ ընթացքին, հէ՜ք Պէքիրը յիշեցի, Ալպանացի վիրաւորը՝ որ հիւանդանոցը իմ սրահիս մէջ մտաւ։ Անջնջելի յիշատակ մը պահած եմ այդ երիտասարդէն։ Որք՛ան տարբեր էր միւս թուրք վիրաւորներէն։ Հազիւ երկու շաբաթ ապրեցաւ՝ հետս բարեկամանալէն յետոյ, բայց այդ քանի մը օրերը բաւական եղան թափուր հոգիիս մէջ զգացում ստեղծելու այդ քաղցր հոգիին հանդէպ։ Շատ տառապեցաւ, բայց խաղաղ հոգեվարք մը ունեցաւ։ Ձեռքովս գոցեցի իր աչքերը։ Իր մահը շատ խորունկ տպաւորութիւն մը ըրաւ վրաս. օրերով՝ այդ յանկարծ անյայտացող հոգին տեւեց մէջս, տեսակ մը մութ մտասեւեռում տալով մտածումներուս. այնպէս որ, անձնասպանութեան առաջին փորձիս մէջ մեծ դեր ունեցաւ այդ հէք տղան, իր բարեկամութիւնովը, իր մահովը…։

Արմենակէն բաժնուեցայ, օրս աւարտած ըլլալուս համար երջանիկ։ Խորհեցայ կղզի երթալ. երբ հանրակառքէն վար կ՚իջնէի, քանոն մը կեցուց զիս ու վեսիքաս հարցուց։ Ակնթարթի մը մէջ բոլոր կարելիութիւնները երեւակայեցի։ Բա՜նտը…։ Սակայն, տգէտ քանոնը, տեսնելուն պէս թէ պաշտօնական թուղթ մըն էր իրեն ցուցուցածս, առանց ուրիշ որեւէ բանով հետաքրքրուելու, թոյլ տուաւ որ ճամբաս շարունակեմ։ Լայն շունչ մը առի ու տարօրինակ զգացում մը ունեցայ, երբ տեսայ թէ խանութներուն առջեւէն շտապող բազմութեան մէջէն ազատօրէն կը քալէի դարձեալ, յամր քայլերով, Edgar Poeի բանաստեղծութիւններու հատորը թեւիս տակ։ Կրնայի ուզածս ընել, ուզածս տեղս երթալ։ Մինչդեռ, եթէ քանոնը քիչ մը աւելի լրջութեամբ վերաբերուած ըլլար, պզտիկ ճիգ մը ըրած ըլլար թուղթիս վրայ, այդ վայրկեանին, հակառակ ուղղութեամբ պիտի քալէի նեղ ամայի փողոցէն, գլուխս հակած ու տժգոյն։ Դեռ ժամանակ կար շոգենաւին։ Պտղավաճառի մը խանութը մտայ ու կէս քաշ խաղող կերայ, ամբողջովին անձնատուր «համով բան» ուտելու հաճոյքին։ Ու այդ տրամադրութիւնս այնքան մոռացում տուաւ որ կղզիին երկու շոգենաւերն ալ փախցուցի։ Սկիւտար շոգենաւին մէջ հայրիկիս հանդիպեցայ, ու միասին տուն դարձանք։

 

Կիրակի

Առաւօտուն կանուխ Պոլիս իջայ եւ ամէն ջանք ըրի՝ կղզիի շոգենաւին հասնելու համար, բայց նորէն չյաջողեցայ։ Ճիշտ քովը հասնելուս պէս, կամրջակները քաշեցի, ու թէեւ կրնայի աթլեդիք ոստումով մը մէջը նետուիլ, բայց խոհեմութիւն համարեցի հնազանդիլ հոն սպասող քանոնին որ ետեւէս կը պոռար ու կը հրամայէր կենալ։

Պէտք է զգուշանալ խնդիր ունենալէ այս տխմարներուն հետ. կրնան յանկարծ վեսիքա հարցնել։ Ըրած այս զոհողութիւնս սակայն մեծ բան մը շարժեց, ինչու որ՝ Պէշիկթաշ հանրակառքէն իջնելուս պէս հոն պահակ կեցող քանոնը վեսիքա պահանջեց։ Վակոնին մէջէն աւելի քան քսան հոգի վար իջան, բայց աչքը ինծի զարկաւ։ Յուսահատ փաստաբանի մը պէս լեզու թափեցի, խորհրդաւոր իմաստներ վերագրելով թուղթիս մէկ ծայրը կարմիր մելանով դրուած տողերուն։ Մարդուկը ծուլացաւ թուղթը դարձնելու   եւ կարդալու իրեն ցոյց տուածս եւ վայրկեան մը խորհրդածելէ ետք վեսքիքաս ձեռքս տուաւ, յանձնարարելով որ չմոռնամ իսկոյն ներկայանալ հարկ եղած տեղը։ - «Անշուշտ, թերեւս այսօր իսկ երթամ», ըսի ու օթոմոպիլի արագութեամբ հեռացայ քովէն։

Կեանքիս դէմ, նկարագրիս դէմ ու ձգտումներուս դէմ բարձրացող ըմբոստութեան ձայնը աղաղակ մը եղած է հիմա որ հոգիիս ամէնէն անյայտ, ամէնէն թագուն ծալքերէն կը բխի։ Իրաւ է թէ ոգեւորութիւն կու տայ ինծի այս շունչը, բայց հոգիիս մնայուն վիճակը տրտմութիւնն է դեռ. ճիգը զոր կ՚ընեմ՝ դատարկութեան կը բախի։ Ձիւնակոյտ մը՝ որ դէպի անդունդը կը թաւալի, ու խոտի ծիլ մը իսկ չկայ այդ անկումը կասեցնող…։

 

Ուրբաթ

Ս. էն նամակ մը առի։ Վշտացեր է կղզիի ընթացքէս ու կը պահանջէ որ մոռնանք զիրար…։ Կը պահանջէ՜…։

Խե՜ղճ աղջիկ, եթէ գիտնար իրականութիւնը… բայց այսպէս լա՛ւ է։ Թող չգիտնա՜յ։ Թող պահանջէ՜…։

 

Ուրբաթ

Դեռ քանի մը օր պիտի ապրիմ, աշխարհիկ հաշիւներ ունիմ կարգադրելիք։

Այսօր Բերա գացի լուսանկարուելու։ Անհուն դառնութիւն մը լեցուցած էր սիրտս. հակառակ ատոր, ջանացի ժպտուն դէմքով հանել բոլոր պատկերներս. մանաւանդ մէկ քանին շատ յաջող եղան. կուրծքս դուրս ցցած ու սիկառ մը սեղմած ակռաներուս միջեւ, իբրեւ անհոգ, շէնչող զինուոր մը։ Երրորդ անգամուն, աչքերս սեւեռած էի Չամլըճայի գագաթին որ հեռաւոր կ՚երեւար պզտիկ լուսամուտէ մը։ Աչքերս սկսան թրջիլ։ Ակնթարթի մը մէջ ամբողջ մանկութիւնս վերյիշեցի, այն քաղցր օրերը՝ զորս անցուցած եմ հոն, ամբողջ ընտանիքիս հետ։ Հէք Վահագնին հետ՝ ուտելիքի կողովները կը բարձրացնէինք հեւալով։ Ինչպէ՜ս ամէն բան իր գոյնը փոխած է անկէ վեր…։

Յառաջիկայ Ուրբաթ պիտի առնեմ պատկերներս։ Տարօրինակ յուզումով մը կը սպասեմ այդ օրուան, չեմ գիտեր ինչու։

Յաջորդ օրը պիտի մեռնիմ…։

Շաբաթ…

Ամբողջ օրը ձախ թոքիս մէջ զօրաւոր ցաւ մը զգացի։ Չեմ կրնար խորունկ շնչել. բան մը՝ որ սովորութիւն եղած է ինծի։ Առանց խոր շունչ առնելու, մարդ չի կրնար հառաչել…։

 

Կիրակի

Եւ սակայն, հակառակ փոթորկոտ ու արկածախնդրական կեանքիս, անօրինակ խաղաղութիւն մը եկած է վրաս։ Ծերացած իմաստասէրի պէս կը նայիմ ամէն բանի վրայ։ Մարդոց ունայն հոգերը եւ խելառ զուարթութիւնները կ՚ապշեցնեն զիս։ Ոչ ոք կը թուի մահուան այնքան մօտ ըլլալը զգալ. կարծես թէ ամէն բան իր այս վիճակովը պիտի մնայ ու տեւէ։ Ամէն կողմէ գանկերով ու կմախքներով շրջապատուած ենք, բայց եթէ կայ բան մը որ ամէնէն աւելի օտարոտի կը թուի մեր հոգիներուն, այն ալ մա՛հն է։ Երբ լրջօրէն չենք հաւատացած թէ օր մը պիտի չըլլանք ալ, եւ կամ պիտի ըլլանք ճամբաներու երկայնքը ցանցնուած ափ մը փոշի։

Իրիկունը, շոգենաւին մէջ, գրեթէ ամբողջ ժամանակը երկու ծերունիներով զբաղեցայ։ Խորշոմած դէմքով ու փոսը ինկած աչքերով՝ անոնք սին նիւթի մը վրայ լրջօրէն կը խօսակցէին։

Եւ սակայն բոլորը իրաւունք ունին. ե՛ս եմ որ վատասերած եմ։

Սի՜ւն մը. թերեւս դեռ կարելի ըլլար վերջնական անկումը արգիլել. եւ սակայն, ի՛նչ մնացած է փրկուելու արժանի։ Զարհուրելի էակի մը փոխակերպուած եմ. ամէնէն առաջ, ե՛ս տուած եմ վճիռը անձիս դէմ. արժանի չեմ ապրելու։

Երբեմն տարտամ յոյսեր կ՚ունենամ։ Հիմա կը հասկնամ թէ ի՛նչ ըսել է «հոգեկան ոյժ» ըսուածը։ Փոթորիկներէ վերջ, դեռ անհուն ուժեր կան մէջս. ա՛լ սպառած, լմնցած կարծած միջոցիս՝ հոգիիս խորերէն նոր աւիւններ կը բարձրանան։ Երէկ մինչեւ իրիկուն զմայլելի տրամադրութիւն մը ունէի։ Առաւօտուն Մ…ին հետ Պոլիս իջայ։ Շոգենաւին մէջ առանձին էինք։ Այս աղջիկը շատ օգտակար կրնար ըլլալ ինծի, եթէ այս աստիճան ընկղմած չըլլար հոգիս։ Նոյնիսկ այս օրերուս օգնեց ինծի։ Առանց իրեն, հաւանաբար աւելի գէշ պիտի ըլլայի։ Տարօրինակ վստահութիւն մը ունիմ. երբ իրեն հետ ըլլամ՝ քաղցր մոռացում մը կ՚ունենամ, իբրեւ թէ ոչ մէկ բան պատահած ըլլար։ Եւ սակայն, երբ հարկ կ՚ըլլայ նորէն մտնել առանձնութեան ու լռութեան մէջ, շուրջիս մթութիւնը կարծես կը կրկնապատկուի։

Երէկ իրիկուն, վերադարձին ալ միասին էինք շոգենաւին մէջ։ Գիշերը, ճաշէն ետք, երբ նոր վարձած սենեակիս մէջ մինակ մնացի, ահաւոր տրտմութիւնը եկաւ ողողել սիրտս։ Անդիմադրելի հեղեղ մըն է ասիկա՝ զոր երբեք կարող եղած չեմ վերլուծել։ Ամէն բան կը մութնայ յանկարծ, ապրող աշխարհը հեռաւոր, անկարելի բան մը կը դառնայ, ու մահը ուրուականի պէս կը ցցուի դէմս։ Դուրս նետեցի ինքզինքս։ Կղզիին գիշերային հովը շատ բարերար ազդեցութիւն մը կ՚ընէ միշտ վրաս։ Երկար ատենէ ի վեր չէի լացած, ծովեզերքը, իմ ծառիս տակ նստայ ու շատ մը լացի։

Յետոյ Մ. ի տունին կողմը գացի բայց ներս չմտայ, թէեւ այդ յուզուած վիճակովս, հրաշալի պտոյտ մը կրնայի ընել հետը։ Ի՜նչ մւոթ հովոտ գիշեր էր։ Կը խորհիմ թէ՝ եթէ այս ամառ այս կղզին չըլլար, ինչ անհանդուրժելի պիտի ըլլար վիճակս։ Ոտքս ցամաք դրածիս պէս թեթեւութիւն կու գայ վրաս։

Գիշերը անհանգիստ էի նորէն։

Ժամերով թափառեցայ գրատունէ գրատուն՝ Թոլսթոյի հատոր մը գնելու համար, բայց ի զուր։ Ատեն մը անհուն ազդեցութիւն ունէր այդ մարդը հոգիիս վրայ. այդ հսկայ նկարագիրը՝ վայրի ուժով մը բռնած էր զիս. երկար ատեն հետեւած եմ իրեն, ջանացած եմ կեանքս իրենին մօտեցնել։ Միշտ յուզումով կը յիշեմ այն օրերը երբ առաջին անգամ կարդացի «Յարութիւն»ը… «Դուն խմէ՛, ես ալ պիտի չխմե՛մ…» Դժուարին կացութիւններու մէջ, այս խռովքը կու գար միտքս, Մազլովայի այս խօսքը բանտին մէջ, երբ իրիկուն մը՝ այդ փշրուած, ամէն յոյս կորսնցուցած հոգին կը վերականգնի իրեն երկարած ձեռքով մը։ Ինչ քաղցր անմատչելի հոգի մըն է Նեհլուտոֆը։ Տասնըյօթը տարեկան էի, երբ այս գիրքը կարդացի. այն ատեն որքա՜ն մտերմութիւն կը զգայի այդ հոգիին հետ. իր բոլոր մտածումները, գործքերը, իր նուիրումը՝ այդ հէք աղջկան, իր պժգանքը՝ աշխարհի սեւութիւններուն հանդէպ, անմիջական ու խանդավառ հաւանութիւնս կ՚առնէի։ Ամիսներով բարձի գիրք ըրած եմ զայն, նոյն տողերը հարիւր անգամ կարդալով։ Հիմա՝ հեռաւոր, կորսուած երազի մը տպաւորութիւնը կ՚ընէ այդ գիրքը։ Ամէն բան անկարելի կը թուի։ Նեհլուտոֆ… ի՞նչպէս կարելի է լեցնել այս անդունդը եւ անցնի՜լ…։

Հինգշաբթի…

Երէկ իրիկուն շատ յուզուեցայ մեծ քրոջս ընթացքէն. ամէն բան ըսեու իրաւունք ունի իր խենթ եղբօրը դէմ, բայց չեմ կրնար հանդուրժել որ, այդ իրաւունքովը զինուած, անարգէ նաեւ բարեկամներս։ Ծովեզերքը անարգական խօսք մը ըրեր է Մ. ին։ Շատ տարօրինակ խնդիր մը եղած է ասիկա։ Կը կարծեն թէ այս աղջկան հետ ունեցած բարեկամութիւնս է պատճառը վերջերս ստացած մելամաղձութեանս. բոլոր ծայրայեղութիւններս անոր կը վերագրեն։ Չեն գիտեր թէ որչափ սխալ բան կ՚ընեն, ինչու որ իրեն հետ մտերմացած օրէս ի վեր հոգեկան անհուն փոփոխութիւններու սկսած եմ ենթարկուիլ։ Երանի թէ աւելի կանուխ այս առիթը ունեցած ըլլայի։ Գեղեցիկ հոգի մը ունի։ Քանի օրէ ի վեր, մայրամուտի ատեն, հին օրերու յուզումներս սկսած եմ ունենալ։ Բան մը՝ որ կ՚ապացուցանէ իրմէ կրած լաւ ազդեցութիւնս։

Թէեւ, ամէն բան պարապ չէ՞։ Քանի՞ օր կեանք ունիմ դեռ։ Չորեքշաբթի գիշեր կը խորհէի որ քանի մը շաբաթ եւս ապրիմ, աւելի մտերմանալու համար այս հոգիին հետ, բայց կը տեսնեմ թէ կարելի չէ։ Միշտ կարօտը ունեցած եմ հոգիի մը գորովին։ Հոգիներ կան որոնք առանց մտերմութեան չեն կրնար ըլլալ։ Ես մանկութենէս այդպէս եղած եմ։ Սիրել ուզած եմ եւ չեմ կրցած։ Թերեւս բոլոր դժբախտութիւններուս պատճառը այդ է։ Ինծի սիւն մը պէտք էր, ինչպէս ամէն հոգիի։ Մեծ զգացումներէն՝ միայն կրօնքի եւ սիրոյ զգացումները կրնային արմատ ձգել իմ հոգիիս մէջ։ Պատանեկան օրերու տարտամ, անկշիռ հակումներէս յետոյ, կրօնական զգացումներս, յուզումներս ցնդեցան, ու բոլորովին թափուր մնացի։ Այդ ատեն պէտք էր որ հասնէր միւսը, Սէ՜րը։ Ս. ին հանդէպ ունեցած զգացումս ամէնէն աւելի կը մօտենար այդ զգացումին, բայց բուն սէրը չէ՛, ինչու որ սկիզբէն իսկ ուզած եմ խեղդել զայն ու կարելի եղած ջանքը ըրած եմ որ առիթ չգտնէ խորանալու։ Թէեւ շատ դժբախտ եղած եմ այդպէս ընելուս համար, բայց մէկէ աւելի պատճառներով, այս վայրկեանիս իսկ իրաւունք կու տամ ես ինծի։ Վերջերս զինք տեսնելու բուռն փափաք մը ունեցայ, երկու տարի է որ չեմ տեսած, բայց աղէկ որ կարելի չեղաւ։

Երէկ գիշեր մեր ժայռերուն կողմը գացինք Մ. ին հետ։ Շատ հանդարտ գիշեր մըն էր, ու շատ խաղաղ էի ես։ Գիշերը անքուն մնացի։ Արշալոյսին պտոյտ մը ըրի ծովեզերքը։

Կը մօտենայ ժամը…։

Սոսկալի անհանգիստ կը զգամ ինքզինքս։ Ջիղերս նորէն գէշ վիճակի մէջ են. որեւէ բան չեմ կրնար ուտել։ Հակառակ ծուլութեանս ու քնանալու անհուն փափաքիս, կ՚ուզեմ անդադար քալել, մարմինս չարչարել։ Վայրագ հաճոյք մը կը զգամ ասոր մէջ։ Սաստիկ խիթերուս հակառակ, նաւակ մը առի ու երկու ժամ թիավարեցի։ Երբ ցամաք ելայ՝ գույնս դեփ-դեղին եղած էր։ Սենեակս գացի, քիչ մը երկարեցայ, բայց շուտով ծովափ իջայ, իրիկնամուտի թափառումներուս համար։ Այս գիշեր կարօտ եմ քունի։

Գէշ գիշեր մը անցուցի։ Մինչեւ կէս-գիշեր դուրսն էի. երբ սենեակս ելայ, ոտքերուս վրայ կենալու ոյժ չկար։

Չարաչար կը յոգնիմ, առանց սնունդ առնելու եւ քնանալու։

Առաւօտեան դէմ քունս տարեր էր։ Գրեթէ արշալոյսին ելայ, քանի մը նամակներ սկսայ գրել, բայց չկրցայ շարունակել ու ձգեցի։ Ինքյինքս մակոյկի մը խորը նետեցի ու ժամէ մը աւելի թիավարեցի։ Մե՜ղք որ հանդարտ էր ծովը։ Իրիկունը փոթորիկ պիտի ըլլայ։ Ձեռքերս ծածկուեցան վէրքերով՝ թեւճակներու շփումէն։ Շատ ոյժ պահուած է մէջս, հակառակ ըրած բոլոր ծայրայեղութիւններուս։ Դեռ աթլեդիք երեւոյթս չեմ կորսնցուցած ու վայրենիի մը պէս կը թիավարեմ։

Այս առաւօտ Ս… ենց կողմը գացի, բայց ոչ ոքի հանդիպեցայ։ Տարօրինակ փափաք մը ունիմ զինք անգամ մը տեսնելու։ Կ՚երեւի թէ կարելի չըլլար։ Կ՚ուզեմ որ վերջին զգացումներս իր հոգիին միայն ըլլան, եւ աչքերս փակեմ իր պատկերով։

Անբացատրելի յուզումներու յորդումով մը կը լեցուիմ յանկարծ։ Երէկ գիշեր, մինչեւ երկաթէ լքուած ձողերը գացի առանց մտածումի, տատանող քայլերով։ Երբ դուրս ելայ ծառուղիէն, մութէն լոյս այդ անցքը տարօրինակ վիճակ մը յառաջ բերաւ մէջս։ Հովը զմայլելի աննիւթականութիւնով մը լեցուն էր, եւ ալիքներուն ձայնը բոլորովին փոխուած, անաշխարհիկ բան մը ունէր։ Ինծի անանկ կու գար թէ երազի մէջ երկնային նուագ մը կ՚ունկնդրէի։ Ձողերուն տակ նստայ ու երկար մնացի անորոշ, երազկոտ դիրքին մը մէջ։

Յանկարծ աչքերս կը թրջուին, եւ անդիմադրելի տենչ մը կ՚ունենամ մինակ ըլլալու։ Անձկութեամբ լեցուած է հոգիս։ Ալ ո՛չ մէկ յոյս ունիմ եւ սակայն դեռ չեմ գիտակցած ընելիքիս ահաւորութեանը. միայն, ատեն ատեն, յանկարծ որոշումիս յայտնութիւնը կ՚ունենամ ու սրտի տարօրինակ սեղմում մը կը զգամ։ Այսօր Շաբաթ է։ Ա՞յս գիշեր թէ վաղը իրիկուն։ Չեմ գիտեր։ Ամէն ատենէ աւելի յստակ են մտածումներս, բայց տենդոտ վիճակ մը ունի միտքս։

Կը խորհիմ կանուխ վերադառնալ եւ իրիկունը եկեղեցի երթալ։ Շատ կը սիրեմ կղզիին այս պզտիկ, գեղջկական եկեղեցին։ Ամէն առաւօտ, աչքերս բանալուս պէս, առաջին անգամ զայն կը տեսնեմ, մութ ծառերով շրջապատուած։

Մինչեւ հիմա խորհած էի Սկիւտարի մէջ մեռնիլ, այնտեղի գերեզմանատունը թաղուելու համար։ Ամբողջ անցեալովս այդ տեղին կապուած եմ, ու Վահագնը հոն է, բայց այս օրերս մայրս եւ մերինները Սկիւտար գացեր են, ուր պիտի մնան, այնպէս որ՝ աւելի աղէկ է հոս ընել ամէն բան։ Եթէ կարելի ըլլար հետքս կորսնցնել, առանց յուզելու ընտանիքս, վայրկեան մը չէի վարաներ, նոյնիսկ է՛ն չարչարող մահը աչք առնելով, բայց ի՜նչ կրնամ ընել։ Երկու շաբաթ առաջ Ալեմտաղի երթալու համար ճամբայ ելայ։ Կը խորհէի անտառին խորերը երթալ ու հոն առնել փոշին։ Կեանքիս ամէնէն անոյշ յուզումը այդ անտառին մէջ ունեցած եմ, բայց Մուհաճիր գիւղին մօտերը պահակ զինուորներ արգիլեցին յառաջանալ։ Քիչ մնաց որ իբրեւ կասկածելի մէկը օձիքս ձեռք տայի։ Ստիպուեցայ ետ դառնալ։ Ի՜նչ աղէկ պիտի ըլլար, եթէ յաջողէի։

Թաղուելիք տեղս որոշեցի։ Պզտիկ գերեզմանատան վերի կողմը՝ ուր քանի մը հողակոյտեր միայն կան, գլխաւոր մասէն անջատուած։

 

Կիրակի

Այս առաւօտ եկեղեցի գացի։ Ժամկոչէն քանի մը բացատրութիւններ առի գերեզմանատան մասին։ Կ՚ուզեմ որ վերի կողմը թաղուիմ։ Քառակուսի հողակոյտ մը կայ, պզտիկ քարերով եզերուած, ուր կին մը թաղուած է եղեր։ Անոր քովը պարապ տեղ մը կայ, հոն կ՚ուզեմ թաղուիլ։

Չեմ գիտեր թէ պիտի կրնա՞մ մտադրած քանի մը նամակներս գրել։ Որեւէ բան ընելու փափաք չունիմ։ Յանկարծական ցամքում մը ունեցած է հոգիս։

Կէս օրէն ետք, ահաւոր տրտմութիւնով մը լեցուեցյ։ Քանի մը խօսքեր ունէի ընելիք՝ քանի մը անձերու, բայց կ՚երեւի թէ կարելի պիտի չըլլայ։ Ես ինծի հանդէպ սոսկալի ատելութիւն մը կը զգամ, պէտք է որ ժամ առաջ անհետացնեմ ստուերս։ Ստուե՜ր մը… ա՛յդ մնացած է ամբողջ անձէս։

Երէկ գիշեր լաւ մը մութցած էր, երբ ծերունի ձկնորսին նաւակը առի ու ծովին բացերը գացի։ Մահուան գինովութիւնը արդէն իսկ գրաւած է ամբողջ էութիւնս։

Մեր պզտիկ օթէլին մնայուն հիւրեն են քանի մը ծեր կիներ, որոնք մէյ մէկ սենեակ վարձած, խաղաղիկ կեանք մը կ՚ապրին։ Շատ անգամ վարի բակը կը նստինք միասին. շատ ընտելացած եմ իրենց։ Երբեմն խրատներ կու տան ինծի։

Քիչ առաջ ձանձրացած երեւոյթով ներս մտայ դռնէն։ Բոլորը իրենց տեղերը նստած, հանդարտօրէն կը խէսակցէին։ «Օ՜ֆ, որքան ուշ իրիկուն կ՚ըլլայ կոր», ըսի։ Բոլորը մէկ բողոքեցին, ըսելով թէ իրենք, ընդհակառակը, ժամանակին արագ անցնելէն կը դժգոհէին։ Անցնող իւրաքանչիւր օրը քայն մըն է իրենց համար դէպի գերեզման. ու մէկը, ամէնէն տարիքոտը, այն որ երկար ատեն Եւրոպա մնացողի յաւակնոտութիւններ ունի, ըսաւ.

- Ապրիմ ապրիմ՝ սա տեղը 5-10 տարի ալ պիտի ապրիմ. թող օրը իրիկուն չըլլա՜յ։

Իրա՜ւ, թող չըլլա՛յ։ Վաղը առաւօտ թերեւս անշունչ երկարած պիտի ըլլամ անկողնիս վրայ…։

Բուռն գործունէութեան մը մէջ կ՚ուզեմ խեղդել անձկութիւնս։ Հակառակ սոսկալի տաքին, երկու ժամ թիավարեցի ծովին վրայ։ Ձեռքերս ամբողջ արիւնլուայ եղան, նոյնիսկ՝ ձեռքի ժամացոյցս ու շապիկիս թեւերը։ Կ՚ուզեմ մոռնա՜լ ամէն բան…։

Ահաւոր չարչարանք է այս, հոգիներու հետ ունեցած կապերս քակել ջանալը։ Մա՜յրս… ո՞ւր է հիմա, ի՞նչ կ՚ընէ։ Միտքէն կ՚անցընէ՞ թէ վերջին օրս կ՚ապրիմ ես հոս։ Վերջերս միշտ խուսափած էի զինք տեսնելէ, բայց անցեալ օր ստիպուեցայ տուն երթալ. քանի մը ժամ միայն մնացի։ Կ՚ուզեմ որ վերջին վայրկեաններու մտածումներս մօրս պատկերը ոգեկոչեն։ Էն սուրբ պատկերն է այս զոր հոգիս կը պահէ դեռ։ Իրեն հանդէպ ունեցած զգացումս բնաւ վատասերիլ չէ գիտցած մինչեւ այսօր…։

Ալիքներուն ձայնով լեցուն է հիմա սենեակս։ Կէս գիշերուան մօտ է։ Յոգնած ու ասատիկ տխուր եմ։ Ինկած եմ անկողնիս վրայ։ Հիմա պիտի մեռնիմ…

(ՆԱՄԱԿԸ)

Ներեցէ՜ք ինձի։ Կ՚ուզէի շատ մը բաներ գրել, բացատրելու համար, բայց չկրցայ, թէեւ փորձեցի։ Տանդ ունիմ։ Անձնասպանութեանս պատճառը ոչ մէկ որոշ բան է։ Երբեք չըլլայ սխալ գուշակութիւններ ընէք. յիշատակս անարգած կ՚ըլլաք։ Ինծի համար կեանքը կարելի չէր, եւ ահա կը մեռնիմ։ Յուղարկաւորութիւնս խիստ պարզ ըրեք։ Եթէ անձնասպան ըլլալուս համար եկեղեցին մերժէ զիս, հոգ չէ։ Հողակոյտիս վրայ բնաւ չեմ ուզեր որ որեւէ բոյս տնկուի կամ ծաղիկ։ Սեւ խաչ մը դրէք, Վահագնին պէս։ Զարհուրելի տղայ մըն եմ, գիտեմ, բայց, ներեցէ՜ք։ Ասկէ զատ ուրիշ ելք չկա՛ր ինծի համար։ Ճակատագիրը սասրափելի բան մըն է։ Մնաք բարով… -

ՄԱՏԹԷՈՍ

 

Երկուշաբթի

Իրիկուն է։ Ժարտէնին շոճիներուն տակ նստած եմ։ Նորէ՜ն չկրցայ մեռնիլ։ Ժամը 2ին ատենները խոշոր գաւաթի մը մէջ լեցուցած փոշիս խմեցի, բայց կ՚երեւի մարմինս վարժուած է ալ։ Սոսկալի չարչարանքներէ ետք, ամէն ազդեցութիւն անհետացաւ։ Շուարած մնացած եմ։ Ոչ մէկ ուղղութեան մէջ կրնամ դնել հիմա մտածումներս։ Ի՞նչ պէտք է որ ընեմ հիմա…։

 

Երեքշաբթի

Գեղեցիկ գիշեր մը անցուցի։ Հակառակ շատ տկար ըլլալուս, երկար ատեն առանձին պատեցայ։ Աղէկ մը մտածեցի։ Արմատական բաներ պիտի պատահին այս օրերս կեանքիս մէջ։ Շատ լուրջ որոշումներ տալու նախօրեակին մէջն եմ։ Այս տարտամութիւնը պիտի թօթափեմ։

Մայրամուտին պտոյտի գացինք Մ. ին հետ։ Թուփերուն տակ նստանք։ Հրաշալի տրամադրութեան մը մէջ էի։ Մինչեւ ծովեզերք միասին իջանք. զմայլելի գիշեր մըն էր։ Հոգիս շատ մօտեցած է իր հոգիին։ Երկային երանութիւն մը կ՚զգայի ամէն անգամ որ «վա՜խ, տղաս» ըսելով մէկ թեւը կ՚անցնէր մէջքիս շուրջ ու մեղմօրէն, քրոջական գգուանքով մը կը սեղմէր զիս։ Երբ վայրի ծառուղին մտանք, աչքերս թրջուիլ սկսան։ Այդ միջոցին մեռած պիտի ըլլայի, մինչդեռ կ՚ապրէի՜ եւ իմ սիրած այդ ծառերուն տակէն կ՚անցնէի հոգեկան քաղցր յուզումներով լեցուած։ Ի՛նչ տարօրինակ բան է ճակատագիրը, մանաւանդ ի՛մս։

 

Չորեքշաբթի

Նորէն իր հետն էի երէկ իրիկուն։ Մութցած էր, երբ իրենց տունէն հեռացայ։ Գիշերը առանձին պտտեցայ, ծովափը, յետոյ տուն գացի, մեր պզտիկ օթէլը, ուր ծեր կիները նստած խաղաղօրէն կը խօսէին։ Իրենց հետ նստայ երկար ատեն, յետոյ սենեակս ելայ քնանալու։ Քուն չունիմ, թէեւ շատ յոգնած եմ։

Խաղաղ գիշեր մըն է։ հանդարտած ալիքներուն ձայնովը կ՚օրօրուիմ։ Անոր հանդէպ ունեցած զգացումս հետզհետէ կը շեշտուի եւ աւելի ձայն կ՚ունենայ կեանքիս մէջ։ Երէկ իրիկուն, երբ միջոց մը թեւս մտած էր, զգացի թէ մեծ զոհողութիւններ կրնամ ընել իրեն համար։ Իրեն տուած խոստումներս պիտի յարգեմ։ Շատ օգտակար պիտի ըլլայ ինծի այս հոգին։

Ցերեկին Անռուատգիւղ գացի. վրաս սաստիկ տխրութիւն մը եկաւ։ Կղզի երթալու համար ճամբայ ելայ, բայց հանրակառքին մէջ որոշեցի հիւանդանոց գալ. շաբաթէ մը աւելի է որ չէի եկած, առանց հրամանի։ Բարկացեր են ինծի դէմ ու կարծեմ թէ պիտի պատմեն։ Ճիշտ ասոր համար եկայ արդէն։ Երանի թէ ծանր պատիժ մը տային, հեռո՛ւ տեղ մը ղրկէին։ Առնուազն շատ մը գիշերներ ստիպուած պիտի ըլլամ հոս անցնել. թերեւս իբրեւ պատիժ այսպէս ընեն, արտօնութենէ զրկելով զիս։ Որքա՛ն լաւ պիտի ըլլայ։

Երէկ գիշեր շատ խորհեցայ արդէն կղզի չերթալ։ Ուրիշներու խաղաղութիւնը կը վրդովեմ անկշիռ հոգիովս։ Թէեւ միջոց մը աղէկ որոշումներ տուած էի կեանքս փոխելու, բայց պարագաները ամէն բան արգիլեցին…։

Նաճի Պէյին ելայ հիմա. բարկացաւ, մնաաւանդ անտարբերութիւնս տեսնելով։ Խեղճ մարդը չի գիտեր թէ որչափ հեռու եմ իր մտայնութենէն։ Կը կարծէր որ դողալով պիտի երթայի իր սենեակը ու պաղատէի։ Բան մը չըսի. գլխահակ ունկնդրեցի ըսածները։ Հիմա ասկեր խովուշին մէջ բանտարկուած եմ։ Հոս պիտի սպասեմ տրուելիք որոշումին։

Ճակատագրին խաղերը յիմարացնելու չափ կ՚ապշեցնեն զիս։ Հոգեկան ի՜նչ վիճակի մէջ էի երէկ իրիկուն, մայրամուտին։ Այս իրիկուն՝ խեղդող խովուշին մէջ պիտի մնամ, այս կոպիտ մարդոց հետ։

Շուեսդըրը այսօր Մեծ կղզի կ՚երթայ հանգիստ ընելու։ Գոնէ ա՛ն հոս ըլլար։ Շատ գէշ ժամերու մէջ՝ այդ կինը օգտակար եղած է ինծի։ Օրերով մինակ պիտի մնամ։ Երկուշաբթէն միայն պիտի վերադառնայ…։

Ահաւասիկ նորէն հին յուսահատութիւններս ողողած են ամբողջ անձս։ Կը խեղդուիմ նորէն՝ դառն անորոշութեան մը ձգուած։ Տուած բոլոր որոշումներս ցնդեցան։ Առաւօտուն բարոյական նոր ուժերով լեցուած կը զգայի հոգիս. շոգենաւին մէջ, դերասը, երկար ատեն շնչեցի ծովին թարմ օդը, տուած աղէկ որոշումներս իրագործելու ամբողջ ոյժը զգալով մէջս։ Հի՞մա։ Տեղէս շարժիլ չեմ ուզեր։ Երկու ժամ աննպատակ սպասումէ մը ետք, ուրիշ խովուշ մը բերին՝ պահակ զինուորի մը հսկողութեանը տակ։ Ամէն կողմէ գոց տեղ մըն է, հոս, օդի ամենափոքր հոսանք մը չկայ։ Պատուհանի մը առջեւ նստած՝ անվերջ կը ծխեմ։

Ամէնէն աւելի չարչարող բանը այս մարդոց հետ խօսիլն է։ Կու գան քովդ կը նստին, ստիպուած ես իրենցմով զբաղիլ։ Քիչ մը առաջ չաւուշը մօտեցաւ եւ իրենց մեմլեքեթին պատմութիւններովը գլուխս ուռեցուց։ Մելամաղձութիւնս դժբախտ սիրոյ մը վերագրելով, սկսաւ իր սիրային դրուագները պատմել… անվերջանալի՜…։ Ստիպուած էր իր ըսածներուն իրաւունք տալ, հաւանիլ իր ըրած ապուշութիւններուն ու մանաւանդ խընդալ՝ երբ ատեն ատեն տգէտ սրախօսութիւն մը կը սպրդեցնէր երկու խօսքին մէջտեղը։

Ու չեմ գիտեր թէ քանի՜ օր հոս պիտի մնամ, այս յիմարական դիրքին մէջ։ Ձանձրոյթէս պիտի մեռնէի, եթէ զինուոր մը գալով չկանչէր այս տխմար մարդը։ Գիշերը ի՞նչ պիտի ընեմ։ Հիմա կը հասկնամ թէ որքան նիհարցած են ջիղերս։ Առաջ լաւ կը դիմանայի ասանկ վիճակներու։

Գերագոյն յոյսս փոշիիս վրայ է, թէեւ երկու անգամ է կը խաբէ զիս։ Այս անգամ բաւական քանակութեամբ կրցայ ձեռք անցընել, բայց մինչեւ կատարեալ յուսահատութեան մը գալը, ամբողջ ուժովս պիտի դիմադրեմ մեռնելու անհուն փափաքիս։

Մութնալ սկսաւ։ Ով գիտէ ի՜նչ աղուոր մայրամուտ մը կայ հիմա կղզիին մէջ։ Այս իրիկուն հոն պիտի ըլլայի, կղզիին ծայրը, մեր ժայռերուն վրայ։ Ժամերէ ի վեր անշարժ նստած եմ այս աղտոտ պատուհանին առջեւ. միակ հորիզոնս երեք մեթր անդին ցցուած սեւ պատ մըն է։ Հազիւ քիչ մը երկինք կը տեսնեմ։ Մէկիկ մէկիկ՝ բոլոր զինուորները կու գան, իրենց անկողիններուն վրայ կ՚երկարին ու հետաքրքիր աչքերով ինծի կը նային։ Պատմութիւնս բոլորին կը պատմուի։

Անկիւնը խումբ մը նստած խաղ կը կանչեն. մխացող լապտերի մը տակ՝ ուրիշներ թուղթ կը խաղան։ Շատեր կը քնանան գերագոյն խաղաղութիւնով մը։ Չաւուշը, օճպաշիներու գլուխը անցած, խորհրդաւոր խօսքեր կ՚ընէ՝ իմ կողմս նայելով թէ իրեն մտիկ կ՚ընե՞մ։

Անհուն կարօտով միտքս կը բերեմ ալիքներուն ձայնը…։

Քիչ առաջ չկրցայ արցունքներս զսպել ու դառնօրէն լացի։ Ինչպէ՜ս լեցուն էր պզտիկ սկնեակս ծովին երգովը։ Ինչպէ՞ս պիտի անցընեմ այս ահաւոր գիշերը։

 

Հինգշաբթի

Գիշերը քիչ մը փոշիէս առի ու թմրեցայ։ Խօսքս չյարգեցի, բայց անշուշտ պիտի ներէ՝ եթէ գիտնայ թէ ինչ պայմաններու տակ էի։ Քանի մը անգամ արթնցայ եւ անանկ անձկութիւն մը զգացի որ աչքերս իսկոյն գոցեցի նորէն, թմրութեանմէջ թաղուելու համար։

Ինքզինքս տկար կը զգամ այս առաւօտ. թերեւս պառկիմ հիւանդանոցին մէջ։ Գիշերը երազիս մէջ քանի մը անգամ զինք տեսայ… մութ ծառուղիին մէջ առանձին կը թափառէինք։ Շատ տխուր էինք երկուքս ալ. գրեթէ չէինք խօսեր։

Երբեմն մեղմօրէն բան մը կ՚ըսէր ու թեւը մէջքիս կը սեղմէր, ինչպէս այն երեկոյեան պտոյտի ժամանակ, եւ աչքերուս կը նայէր։ Այդ քաղցր տպաւորութեան տակ բացի առաւօտուն աչքերս ու սրտի աննկարագրելի սեղմում մը ունեցայ, երբ կացութիւնս վերյիշեցի։

Ինչպէ՜ս պիտի անցնի ամառուան այս երկար օրը։ Խովուշէն դուրս քայլ մը չեմ կրնար առնել։ Ջուր խմելու համար իսկ, մինչեւ աղբիւրը պահակով կ՚եմթամ։ Եւ սակայն լաւէ. պէտք է որ չարչարուիմ։

Հիւանդանոցը պառկեցայ իբրեւ հիւանդ. նիհարցած ու տժգունած եմ։ Երէկ շատ գէշ օր մը եւ գիշեր մը անցուցի. Վարի քառանթինայի սրահներէն մէկուն մէջ պառկեցայ։ Ինծի հետ մէկ հիւանդ մը միայն կայ. երբեմն սոսկալի տխրութիւն մը կու գայ վրաս։ Վերի սրահներուն մէջ քանի մը բարեկամներ գտայ, երթամ հետերնին խօսիմ քիչ մը. յետոյ, մայրամուտին, կ՚առանձնանամ պարտէզին մէկ անկիւնը։

…Ինչ խաղա՞ղ իրիկուն է։ Պարտէզին մեծ ձառերուն տակ նստած կ՚երազեմ։

Կէսօրէն ի վեր անոյշ նուաղկոտութիւն մը եկած է վրաս։ Երբեմն հին սիրական երգ մը կու գայ շրթունքներուս վրայ, եւ աչքերս արցունքով կը լեցուին։ Անհուն օգտակարութիւն ունեցան ան իմ տատանող, ամէն յոյս կորսնցուցած հոգիիս համար։ Զգացումներու թարմութիւն մը ունիմ հիմա ամէն բանի համար. պատանեկան օրերուս մէջ միայն՝ ծառերուն իրիկնամուտի ձայնը կը յուզէր զիս։ Հիմա կ՚ուզեմ որ բոլոր այս հիւանդները քաշուին երթան իրենց խովուշները եւ առանձին ձգեն զիս այս ծառերուն տակ։ Օրօրուիլ ու գինովնալ կը բաղձամ։ Քանի օր է որ՝ նոր, անսահման հորիզոններու կարելիութիւնը կը զգամ։ Եթէ ազատ ըլլամ, պիտի կարենամ ամէն մթութիւն թօթափել եւ ապրիլ։ Եթէ հիմա հոն ըլլայի, մեր ժայռերուն վրայ, առանձին իր հոգիին հետ… Կը սիրե՞մ զինք…։

Չեմ գիտեր։ Չեմ ուզեր վերլուծել զգացումներս ու բառ գործածել անոնց համար… եւ սակայն, իրեն հանդէպ ինչ որ կը զգամ նոր ու անծանօթ է կեանքիս մէջ… ու վերջին ծայր քաղցր…։

Հրաշալի՜ է վարի պարտէզին մենութիւնը։ Մինչեւ պառկելու ժամը հոն մնացի աստղերուն տակ։ Անմեղ ու անվերջանալի հեշտութիւններու կը բաղձամ այս գիշեր։ Հոգիս այնքան լեցուած է հիմա որ նայուածքով մը կրնամ գինովնալ։ Օհ, որքա՜ն հեռու եմ ամէն կարելի փարումէ։ Այս մութ խաղաղ գիշերին մէջ պիտի ուզէի անոր գեղեցիկ հոգիին առջեւ լռել։

Պառկելու փողը հնչեց, բայց քուն չունիմ ու տարօրինակ անձկութիւնով մը լեցուած եմ։ Կղզիին անհուն հորիզոններուն տպաւորութիւնը այնպիսի ուժով մը կը տեւէ դեռ հոգիիս մէջ, որ այս ցած պատերը եւ այս գոց պատուհանները կը խեղդեն զիս։ Կարելի ըլլար ամբողջ գիշերը դուրսը, պարտէզը անցնել, անքուն, պզտիկ նստարանին վրայ։

Ինչ խաղաղ ամառ գիշեր մըն է։ Ինծի անանկ կու գայ թէ երկար ատենէ ի վեր ամէն բան ստուերի տակ թաղուած էր ու յանկարծ նոր հանդիսաւորութիւն մը կը ստանայ։ Շատ անգամներ իմացած եմ հիւանդանոցին այս պզտիկ մզկիթէն եկող գիշերային աղօթքի ձայները. հոն հաւաքուող հիւանդներուն աղօթքը մասնաւոր մտերմութիւնով մը կը հպի հոգիիս այս գիշեր։ Աղօ՜թք… որքան ատեն է որ այս բառը իմաստ մը չունի ինծի համար։ Իմ քա՜ղցր հին հոգիս։

 

Ուրբաթ

Բաւական աղէկ գիշեր մըն անցուցի։ Ուշ ատեն քունս տարեր էր։ Տխրութիւնը շատ կը յոգնեցնէ մարմինս։ Առաւօտուն գրեթէ մթնշաղ էր, երբ ելայ պարտէզ գացի։ Գէշ երազներ տեսած էի գիշերը։ Հոգիս անհամար խղճահարութիւններով լեցուն էր։ Ինչ գէ՛շ տղայ մըն եմ. բայց ինչ ալ դժբա՜խտ տղայ մը…։

Կէսօրին, թիւ 1 սենեակը փոխադրուեցայ։ Վարի պզտիկ սրահին մենութիւնը աւելի լաւ էր. հոս շատ հիւանդներ կան, թէեւ ուր որ ալ տանին զիս, մինակ կը զգամ ինքզինքս. միշտ ամայի ու թափուր է շուրջս։ Երէկ գիշեր աւելի թեթեւ էի. այս գիշեր ծանր տրամադրութիւն մը ունիմ։ Պարտէզ չգացի… գրեթէ ամբողջ վերջալոյսի պահը անկողնիս վրայ երկարած անցուցի։ Շատ ծխեցի այսօր. ուղեղս թմրած վիճակ մը ունի։

Անկողինս լաւ դիրքի մէջ է, մեծ պատուհանի մը տակ. քիչ մը անդին, բարձր պատի մը վրայէն, բազմաթիւ հսկայ նոճիներու կատարները կ՚երեւան։ Լուսինը անոնց մէջ է հիմա։ Գգուող հով մը կայ դուրսը։

Հիմա կը հնչէ պառկելու փողը…։

 

Կիրակի

Ձանձրոյթով լեցուած օր մը։ Երէկ իմացեր են թունաւորումի փորձս։ Եկան բոլոր ունեցածներս քննութենէ անցուցին։ Այս նօթատետրիս մէջէն երկու փոշիի ծրարիկներս առին տարին։ Նաեւ՝ սրահին բոլոր զմելիներն ու դանակները։ Ամէնքը տեսակ մը աչքով կը նային ինծի, իբրեւ հիւանդանոցին յուսահատը։ Ոմանք՝ արհամարհանքով, ոմանք՝ արգահատանքով։ Ունա՜յն…։

 

Երկուշաբթի

Կռնակի վրայ պառկած եմ օրուան մեծ մասը։ Միակ իրականութիւնը, որ քիչ մը նորութիւն կը մտցնէ կեանքիս մէջ՝ գիշերուան երազներս են։ Ընդհանրապէս մելամաղձութիւն կ՚ունենամ առաւօտները, անոնց ազդեցութեան տակ։

Այս գիշեր նորէն շատ մը երազներ տեսայ, բայց բոլորը իրար խառնուած ու շփոթ։ Անոյշ տրտմութիւնով մը բացի աչքերս։

Բաց դաշտի մը մէջ, քարի մը վրայ նստած էր ան, գլուխը ձեռքերուն մէջ առած։ Իր քովը կեցած, բան մը կը խնդրէի իրմէ, չեմ գիտեր թէ ի՛նչ…։ Երբ գլուխը վեր առաւ, տեսայ թէ աչքերը արցունքով լեցուն էին։ Քովը նստայ՝ տխուր, մտածկոտ։ Միջոց մը ամէն բան մութցաւ, ու տեսայ թէ անծայրածիր գերեզմանատան մը մէջ էինք, մութ հսկայ ծառերով, ու քարը, որուն վրայ նստած էր՝ քառակուսի ծերացած շիրիմ մըն էր, աւրուած գիրերով։ Յուզումս սահման չունէր։ Դողալով իրեն փարեցայ…։

Այդ շարժումը արծնցուց զիս, բայց երկար ատեն այդ հոգիի փարումէն ունեցած տպաւորութիւնս յամեցաւ։ Պատուհանէն քիչ մը հեռու գտնուող պզտիկ աղբիւրին ձայնը երկար ատեն երազային անգիտակցութեան մէջ պահեց զիս։ Այնպէս կը հաւատայի թէ ան ետ պիտի գար կրկին, ու երկար ատեն աչքերս գոց պահեցի…։

 

Երեքշաբթի

Տիակնոսդիքս գրուեցաւ գլխուս կողմը բարձրացող սեւ տախտակին. -

Ձախ կողմիս ցաւը կը նեղէ զիս։ Մինչեւ իրիկուն կը հազամ։ Այս առաւօտ բժիշկը արգիլեց սրահէն դուրս ելլել։ Կարելի՞ բան է…։

 

Չորեքշաբթի

Պարտէզին ու նրբանցքներուն մէջ աննպատակ թափառումով՝ օրը իրիկուն կ՚ըլլայ։ Երբեմն սոսկալի ձանձրոյթով մը կը լեցուիմ։ Աչքերս նորէն սկսած են մութնալ։ Պէտք է որ ժամ առաջ դուրս ելլեմ այս դժոխքէն։ Ինչ լա՜ւ ինքզինքս գտած էի՝ շնորհիւ կղզիին։

Տխուր մայրամուտ մը կայ դուրսը։ Պարտէզ իջայ քիչ մը, բայց շուտով վերադարձայ։ Կը մսիմ։ Բաւական տենդ ունիմ այս իրիկուն։

Որքան ատեն որ մնամ հոս, աղէկ պիտի չըլլամ։ Մէկ շաբթուան մէջ մարմինս շատ տկարացաւ։ Անկողնէս ելլել չեմ ուզեր։ Երեսս լուալու համար նրբանցքէն կ՚անցնէի, պատահմամբ դէմքս տեսայ մեծ հայելիին մէջ. զգալիօրէն դեղնած եմ։ Աչքերուս շուրջը խորշոմներ կազմուեր են։ Ա՜հ, կղզիի մենաւոր սենեակս…։

Քաղցր գիշեր մը անցուցի երէկ։ Ամբողջ օրը անընկճելի մելամաղձութեան մը մէջ անցուցեր էի, բայց մութնալուն պէս երկարեցայ անկողնիս վրայ, անօրինակ մոռացումի մը անձնատուր։ Ամբողջ հոգիս երազի մեղկութեան մը մէջ կը հալէր կարծես, եւ այդպէս քունս տարեր էր։ Վերջին ծայր անոյշ երազներ տեսայ։ Առտուն շատ ուշ էր, երբ աչքերս բացի շուրջիս իրականութեան…։

Ոտքի կենալուս պէս, գլուխս կը դառնայ եւ աչքերս կը մութնան։ Հիմա նորէն շատ տխուր եմ։

Երկու քովերս տարօրինակ դրացիներ ունիմ - Քիւրտ մը եւ Թուրք մը։ Առաջինին ջղային դրութիւնը խանգարուած է. ամբողջ մարմինը, մանաւանդ ձեռքերը, կը դողան. որեւէ գործ չի կրնար ընել։ Առաւօտէն մինչեւ իրիկուն անկողնին վրայ երկարած կը ծխէ ու մասալ կը պատմէ մօտակայ հիւանդներուն։ Իր գլխաւոր ունկնդիրն եմ, մանաւանդ զով գիշերները, երբ կարելի չըլլայ պարտէզը մնալ։ Միւս դրացիս լուսնոտ մըն է, վերջին ծայր անոյշ ու հաճոյակատար տղայ մը, քսա՜ն տարեկան, որ առանց որեւէ բան սպասելու, սրահին բոլոր հիւանդներուն անխտիր կը ծառայէ։ Որոշ պաշտօններ յանձնուած են իրեն - ճաշի ատեն դգալները կը բաժնէ, ծանր հիւանդներուն ջուր կու տայ, պատուհանները կը բանայ կը գոցէ։ Ասոր փոխարէն՝ երբեմն կը պատահի որ հիւանդ մը իր ապուրին կէսը տայ հէք լուսնոտին։

Ամէն գիշեր, երկու դրացիներս ալ կը զառանցեն իրենց քունին մէջ։ Ընդհանրապէս կէս գիշերէն ետք կրնամ քնանալ, անանկ որ՝ շատ անգամ մտիկ կ՚ընեմ զիրենք։ Մասնաւորապէս հետաքրքրական է Քիւրտին զառանցանքը։ Պատերազմէն աւերուած այդ լեռնականին յիմարական բառերը գիշերուան ուշ պահուն՝ ահաւոր խորհրդաւորութիւններով մը կը հնչեն ականջիս։ Հեշտանքով ու սարսուռով մտիկ կ՚ընեմ զինք։ Այնքան բարի է ու միամիտ։ Ցերեկները իր երջանկութիւնը սահման չունի, երբ տեսնէ թէ ամէնքը լուռ իր մասալը կ՚ունկնդրեն։ Ի՜նչպէս կը նախանձիմ իրեն, իր հոգիին պարզութեանը։

Լուսնոտին զառանցանքը աւելի ցաւագին է. անոր համար՝ անդին կը դառնամ երբ կը սկսի դէմքը գալարել։ Անհուն չարչարանք մը կը գծագրուի ամբողջ դէմքին վրայ։ Ձայնը դիւային թոն մը կ՚առնէ ու մարդային ոչինչ կը մնայ հէ՜ք տղուն վրայ։ Բայց, հակառակ այդ տգեղութիւններուն, չի պոռար, այլ խուլ հառաչանքի կը վերածուի իր անկապ, անիմաստ բառերուն երկար շարքը. կարծես կու լայ իր խանգարուած քունին մէջէն։

Երկուքին հետ ալ աղէկ բարեկամներ եղած ենք։ Այսօր գրեթէ մինչեւ իրիկուն իրենց հետ էի։ Հեշտին ծուլութեան մը անձնատուր՝ ամբողջ ժամանակը, գլուխս բարձիս, իրենց հետ խօսելով անցուցի։ Վատասերած հոգի մըն եմ, կեանքիս քաղցր պարզութիւնը կորսնցուցած։

Կիրակի իրիկուն է։ Հով կայ դուրսը։ Ծառերուն տակ քիչ մը շրջեցայ ու ներս եկայ։ Ձախ թոքիս ցաւը կը նեղէ զիս։ Ամբողջ կողիս վրայ տարածուած է, չեմ կրնար ազատօրէն շնչել։

Երբեմն սոսկալի կը ջղայնոտիմ։ Ատաբազարցի մը կայ չորրորդ սրահին մէջ. վարժարանի մը տնօրէնն է եղեր. սկսած է հոգիս հանել իր ապուշ խօսքերով։ Արդէն արտաքինով խիստ հակակրելի է - ահագին հասակ մը ու դեւի նիհարութիւն մը, դուրս ցցուած է կզակով, ներս գացած, կորսուած աչքերով -, բայց այս բոլորին վրայ աւելցուցած տխմարութիւնն է որ զզուանք ու տառապանք կը պատճառէ ինծի։ Առաւօտէն մինչեւ իրիկուն շուրջս կը դառնայ, հիւանդանոցի փորձառութիւններէս ազատուելու համար։ Հարցում հարցւոմի վրայ կը տեղացնէ ծանրացած հէք գլխուս։ Անկողինս ճիշդ դուռին դիմացը ըլլալուն՝ դուրսի նրբանցքէն անցնողները կը տեսնեմ, եւ օրուան որեւէ պահուն, աղէկ կամ գէշ տրամադրութեան մէջ, նայուածքս յանկարծ այդ դեւին կը հանդիպի։ Հեռուէն կու գայ տատանելով, իր փուճ անձը պարտադրելու հէք մելամաղձութեանս։ Կարծես մասնաւոր խնամքով զատած է հիւանդանոցի պաշտօնեան այս մարդուն ճերմակեղէնները, իր անճոռնիութիւնը կատարեալ ընելու համար. ահագին անդրավարտիք մը՝ լայն փաչաներով, որոնց կապերը բնաւ չի յաջողիր կապել յարգելի տնօրէնը եւ որոնց (գոնէ մէկ զոյգը) միշտ սրունքն ի վար կախուած կ՚ըլլայ, երբ պաշտօնական լրջութիւնով մը մուտկը գործէ սրահէն ներս, եւ այդ ճերմակ այլանդակ բանդալոնին վրայ, գոյնը նետած հին աղտոտ շապիկ մը՝ իր հասակին անհամեմատ կերպով կարճ։ Այս է տնօրէնին ամբողջ հանդերձանքը, եթէ կարելի է զանց ընել իր ոտքերուն ծայրը մնացող զոյգ մը ծակոտկէն փապուճները, որոնց վրայ կը նայի իր յամր գնացքին միջոցին։ Արդ, երբ իր այդ երեւոյթով, ձեռքերը կռնակը, կէս-ճաղատ գլուխը վար հակած, կ՚երեւայ երկար նրբանցքին ծայրը, ջիղերու տարօրինակ կծկում մը կ՚ունենամ։ Սկսած է անհանդուրժելի դառնալ. յայտնի է թէ մօտերըս սոսկալի մը պիտի պոռամ երեսն ի վեր…։

 

Երկուշաբթի

Սոսկալի տենդ ունիմ։ Չեմ գիտեր մսա՞ծ եմ թէ ուրիշ բան է։ Երէկ, մայրամուտէն ետք, գիշերուան առաջին ժամերուն, յուսահատութիւն մը եկաւ վրաս։ Գլխուս մէջ կարծես հալած կապար լեցուցած են. աչքերս զգուշութիւնով միայն կրնամ ասդին անդին դարձնել. սաստիկ կը ցաւին։ Արդեօք ծանրօրէն պիտի հիւանդանա՞մ։ Հոգս չէ, բայց այս զզուելի խովուշին մէջ չեմ կրնար հիւանդի գիշերներ անցընել։ Նորէն մութ կը տեսնեմ ամէն բան։

Տաքութիւնս 38ի իջած է։ Գրեթէ մինչեւ իրիկուն քնացայ։ Օրուան անցնիլ բնաւ չզգացի։ Առաւօտէն ի վեր բան մը չեմ կերած։ Կերակուրս քովի Քիւրտին կու տամ որ հիմա մասնաւոր ախորժակով մը կը պատմէ իր երկար մասալները։

Կոպերս կը սկսին ծանրանալ։ Դեռ լոյս է դուրսը։ Խովուշը գրեթէ դատարկ է։ Բոլոր հիւանդները դեռ դուրսն են։ Երկու դրացիներս, կռնակի վրայ պառկած, անվերջ կը ծխեն։ Գերագոյն մխիթարութիւնս են այս մարդիկը։ Իրաւ, ի՜նչ քաղցր հոգիներ են ասոնք։ Իրենց միջեւ պառկած ցուրտ դիակ մըն եմ ես։

 

Կիրակի

Շատ գէշ շաբաթ մը անցուցի, ձանձրոյթով ու տանջանքներով լեցուն։ Ա՛լ հիւանդանոցի կեանքին մէջ բոլորովին մխրճուած եմ։ Քանի մը հասարակ գործեր կան զորս կը կատարեմ՝ ապուշ հանդարտութիւնով մը, յետոյ ժամերով կռնակի վրայ պառկելու համար։ Բարեբախտաբար, երէկ շուեսդըրը եկաւ, իսկոյն քանի մը գիրքեր գտաւ։ Անկողնի դրացիներս մեկնեցան հիւանդանոցէն։ Իրական ցաւով մը բաժնուեցայ իրենցմէ, մանաւանդ Քիւրտէն։ Իր մեկնած ատենը լուրջ դէմքով մը խնդրեց որ օր մը իրենց կողմը երթամ, իրենց լեռները…։ Հէ՜ք քաղցր հոգի, ամբողջ օրը՝ թանկագին բան մը կորսնցուցածի տպաւորութեանը տակ էի։

Նոյն օրը, ուրիշ հիւանդներ գրաւեցին անոնց անկողինները։ Դաժան դիմագիծերով երկու Թուրքեր՝ որոնց հետ պիտի չկրնամ անկողնի ընկեր ըլլալ։

Քսաներեք տարեկան եմ ու չեմ յիշեր օ՛ր մը, երբ կեանքի որեւէ խորունկ ուրախութիւն լեցուցած ըլլայ սիրտս…։

 

…Երկուշաբթի

Այսօր բժշկական մարմինը քննեց զիս. երկու ամիս conge առի, ինչ որ տարբեր պայմաններու տակ հարկ էր որ ուրախացնէր զիս. հիմա անտարբերութիւնը սկզբունք եղած է հոգիիս համար։ Նորէն ամբողջ իրիկունը անկողնիս վրայ պառկած անցուցի, հազար տեսակ մտահոգութիւններով ողողուած։ Ի՞նչ կը սպասէ ինծի դուրսը։ Ձանձրոյթ ու մենութիւն, ուրիշ ոչին՜նչ։ Մ…ին հանդէպ ունեցածս պարզ բարեկամութենէ անդին բան մը չի կրնար եղած ըլլալ. տեսակ մը ցրտութիւնով կը մտածեմ հիմա իր մասին։ Փոփոխամտութեանս կը վերագրեմ ասիկա։ Բայց ինչու՞ Ս…ին հանդէպ ունեցած զգացումս երեք տարի եքն ալ յուզումով կը լեցնէ հոգիս…։

 

Չորեքշաբթի

Երկար ատեն աշխատեցայ արտօնութիւն առնելու համար, բայց կարելի չեղաւ։ Չեմ գիտեր թէ ի՞նչպէս կարող են ինծի պէս մէկուն հետ այսպէս հակառակ ըլլալ։ Բոլոր conge ունեցող հիւանդները կը մեկնին հիւանդանոցէն, շաբաթ մը յետոյ վերադառնալու   եւ իրենց rapport-ը առնելու համար։ Հրէշ Իզզէթ պէյը զարմացած երեսս նայեցաւ, ապշած թէ ի՛նչպէս կրնամ այդքան անկարելի բան մը խնդրել։ Դեռ երկար ատեն պիտի համբերեմ։ Բուն կեանքի կեդրոնէն շատ հեռացուցած են զիս. այս զզուելիութիւնը պէտք չէ որ բուն կեանքին վերագրեմ։ Օհ, անգամ մը որ ինքզինքս նորէն ազատ հորիզոններուն առջեւ գտնեմ…։

Յուսահատ պառկած էի անկողնիս վրայ. գլուխս բարձերուս մէջ թաղած ու քնանալու վրայ էի գրեթէ, երբ Երուանդը եկաւ իմացնելու թէ բոլոր թուղթերս պատրաստած էին եւ թէ Իզզէթ պէյը տրամադիր կ՚երեւէր արտօնութիւն տալու։ Իսկոյն վազեցի։

Ժամ մը ետք, ուրախ քայլերով դուրս կ՚ելլէի հիւանդանոցին մեծ դռնէն։ Այսպէս, քանի մը վայրկեանի մէջ, մւոթէն լոյս ա՜նցք…։

Երանի՜ թէ միւս Մեծ Անցքն ալ այսպէս դիւրին ըլլար։ Թող դժնդակ ու ահաւոր ըլլայ՝ բայց կարելի՛…։

 

Ուրբաթ

Երկու օրէ ի վեր կղզի եմ։ Աննախընթաց անդորրութիւն մը եկած է վրաս։ Ծովեզերքը կը պատիմ ու կեանքի պզտիկ ծագիրներ կը պատրաստեմ։

Ս. ն կղզի եկած է. դեռ չբարեւեցի զինք, թէեւ շատ անգամներ հանդիպեցայ իրեն՝ ծովափը ու ծառուղիին մէջ։ Կ՚ուզեմ որ վշտանայ ինծի դէմ ու կարծէ թէ անտարբեր եմ իրեն հանդէպ. իր հոգիին համար դեռ շատ զոհողութիւններ կրնամ ընել։ Երէկ իրիկուն տժգունած ու նիհարցած թուեցաւ ինծի։ Ի՞նչ հոգեկան վիճակի մէջ է արդեօք։

Գիշերը ուշ ատեն Մ…ին գացի։ Ամբողջ օրը «Աննա Գարենին» կարդացեր էր։ Իր բոլոր զգացումներովը խօսեցաւ այդ քաղցր գրքին վրայ։ Շատ ազդուած էր։ Որոշեցի որ նորէն կարդամ զայն։ Հիմա Գարլայլ կը կարդամ, շատ գոհ եմ։

 

Շաբաթ

Երէկ իրիկուն դիպուածով հանդիպեցայ Ս. ին որ բարեկամ կնոջ մը հետ պտոյտի ելած էր։ Մ. ին դրան առջեւ նստած գիրք կը կարդայի, երբ զինք տեսայ։ Անոնց միացայ, ու գացինք ամայի տեղ մը նստանք։ Որոշ է թէ այս աղջիկը սովորական աղջիկներէն տարբեր բան մը ունի։ Իր աչքերուն խորը տեսակ մը վրդովիչ տարտամութիւն կայ։ Երկար ատենէ ի վեր տեսեր զինք։ Գիշերը իր նայուածքին յիշատակը երկար ատեն երազանքի մէջ ձգեց զիս։

Կը վախնամ այս հոգիէն։ Իրեն նամակ մը պիտի գրեմ, բացատրելով հոգեկան վիճակս։ Միակ անձն է թերեւս՝ որուն հետ կրնամ անկեղծ ըլլալ։ Պէտք է որ ամէն բան ըսեմ իրեն։ Պէտք է որ գիտնայ թէ ինչո՛ւ մեզի համար հոգիի մտերմութիւն մը կարելի չէ։

Այս առաւօտ միասին պտոյտի գացինք։ Ջանացի վերապահ ընթացք մը ունենալ։ Իեն ըսի թէ մտադիր էի երկար նամակ մը գրել։

Անհուն լրջութիւնով մը պէտք է խորհիլ այս խնդրին վրայ։ Սովորական աղջկան մը թեթեւութիւնները չունի. վերջին ծայր զգայուն է։ Իր հոգիին հանդէպ անհուն պատասխանատուութիւն մը ունիմ։ Իր նայուածքը հրճուանքէ աւելի անձկութիւն կը պատճառէ ինծի։ Պէտք է որ ամէն բան գիտայ։

Որքան ջինջ էր իր նայուածքը, հակառակ անհուն մելամաղձութեան որ հոն կը լողար։ Ի՞նչ կը խորհի արդեօք իմ աչքերուս յիմարական տարտամութեանը մասին։ Տարօրինակ բան… դեռ կը սիրէ ինձ այդ աղջիկը…։

Դժբախտութիւնը չէ որ պէտք է տառապեցնէ մարդը, այլ այն գիտակցութիւնը թէ իր կարելին չ՚ընէր զայն բառնալու համար… Գարլայլ…

Ցուրտ օր մըն էր այսօր։ Առաւօտուն ձիւնեց քիչ մը, յետոյ բացուեցաւ։ Գրեթէ չկարդացի. հակառակ ատոր՝ չզգացի ժամանակին անցնիլը։ Եւ սակայն, զբաղումի այս պակասը սկսած է ջղայնոտել զիս։ Որեւէ բան չունիմ ընելիք։ Նսկէ աւելի գէշ վիճակ կարելի՞ է երեւակայել հոգիի մը համար, մանաւանդ հիւանդ հոգիի մը համար։ Մարմին երբ հիւանդանայ, հանգիստի պէտք ունի, բայց հոգեկան հիւանդութիւնները պայքարով միայն կը բուժուին։ Հարկ է մտնել մեծ փոթորիկի մը սահմանին մէջ ու գալարումներու ենթարկուիլ, բայց ի՞նչպէս։ Ի՞նչ պէտք է որ ընեմ…։

Այս բոլոր մարդիկը ի՞նչ կ՚ընեն։ Ոչի՜նչ։ Բայց երջանիկ են։

Այդ բոլոր մարդիկը հիւանդ չեն. դուն հիւա՛նդ ես։ Անոնց օրէնքները քեզի չեն պատշաճիր։ Քու հոգիիդ օրէնքները ուրիշ տեղ են. մեծութիւնով մը վարագուրուած անծանօթ ձեռք մը գրած ու ձգած է զանոնք անհունութեան մէջ։ Կեանքի գերագոյն իտէալն է՝ սեփական օրէնքները գտնել…։

…Պուրկազ

Իրիկուն է, ցուրտ, փոթորկոտ։ Կղզիին ամէնէն ամայի սրճարանին մէջ նստած եմ ժամերէ ի վեր, անշարժ, անվերջ ծխելով ու դիտելով՝ խարխուլ, դողդող ապակիներէն՝ ցանցառ անցորդները։ Յոյն տարիքոտ ձկնորսներ, լայն ու տատանող տարաներով, այլանդակ գլխարկներով, թրջած ահագին ոտնամաններով։ Շիշ մը սեղմած թեւերնուն տակ՝ կը մտնեն դիմացի նեղ գռիհները։ Խմելու ե՛ մոռնալու կ՚երթան։ Երջանի՜կ մարդիկ։

Կան որ շիշ չունին թեւերնուն տակ։ Ասոնք կոնծած են արդէն իսկ, արդէն իսկ մոռցա՜ծ։

Այս բոլոր մարդիկը հիմա մէկ մէկ դուռ պիտի զարնեն, զուարթ ու կայտառ կին մը կամ պառաւ մայր մը պիտի ողջունէ զիրենք, պիտի մտնեն ձրի փայտով տաքցած պզտիկ խաղաղ սենեակ մը, մխացող լամբարի մը լոյսով պիտի նստին ընթրելու իրենց զաւակներուն, գուցէ նոյնիսկ թոռներուն հետ. յետոյ պիտի ննջեն մաքուր, հանգստաւէտ անկողիններու մէջ։

Հինգ ժամ ետք նորէն պիտի դառնանծովուն, փոթորիկին։ Եւ օր մը պիտի մեռնին անշշուկ…։ Քա՜ղցր կեանք։

Անցեալ որ դագաղի մը հետեւեցայ։ Գործէ քաշուած խաղաղ ծերուկ մըն է եղեր, հզօր եւ առնական երիտասարդութիւն մը ապրած եւ բազմաթիւ զաւակներու տէր։ Երկու տուն եւ մեծ քանակութեամբ ձկնորսական կազմածներ կը ձգէ իրեններուն։ Այդ դիակին խաղաղութիւնը ապշանք ու հիացում պատճառեց ինծի։ Ի՜նչ գերագոյն անդորրութիւն ունէին իր գոց կոպերը…։

Ահաւասիկ կին մը կ՚անցնի, իր ետեւէն եկող երիտասարդին կատակներուն ծիծաղկոտ պատասխաններ փութացնելով։ Ինչպէ՜ս գոհ է իր անձէն, իր կացութենէն, իր հոգիէն։ Նոյնպէս երիտասարդը՝ որ ահա իրեն կը միանայ, նեղ ու մութ գռիհի մը սկիզբը։

Առտուան մանուկները չե՞ն ասոնք։ Անոնք՝ որ դէպի նաւամատոյց տանող քարէ կամուրջին մէկ եզերքը նստած քահ քահ կը խնդային, տոմսակ առնող ուղեւորներուն վրայ ծիծաղելի բաներ գտնելով։ Իրենց երջանկութիւնը այնքան խանդավառեց զիս որ պահ մը քովերնին կեցայ եւ թոյլ տուի որ իմ վրնս ալ խնդան։ Գրպանիս մէջ խաշած շագանակ ունէի, հանեցի եւ հաւասար բաժնեցի։ Ասկէ աւելի ծիծաղելի բան մը չէին կրնար երեւակայել, ուստի ոտքի ելան ու զարհուրելի աղմուկով մը խնդալ եւ ուտել սկսան։ Բոլորը տժգոյն են սակայն։ Կղզիին Կաւռոշները ըլլալու իրենց հպարտութիւնը չափ չունի։ Ո՞ւր կ՚երթան հիմա, քանի որ տուն երթալու ժամը չէ դեռ։ Վերջին շւգենաւին պիտի սպասեն. անհրաժեշտ է հոն իրենց ներկայութիւնը. անոնց համար օրը աւարտած է չ՚ըլլար, առանց բեռնակիր Ալի աղային հայհոյութիւնները լսելու։

Հովը շատցաւ։ Ի՜նչ ժխոր։ Ծերուկ սրճարանը իր հիմերէն կը դողայ ալիքներուն խոյանքէն։ Պատէն կախուած լապտերը վառեր են։ Որու՞ կը սպասեմ այս ամայի եւ ցուրտ անկիւնը, այս խարխուլ եւ դողդող ապակիներուն տակ։

Սոֆին տարտամօրէն խոստացեր էր գալ ու խօսիլ հետս, բայց պիտի չգայ, գիտեմ։ Քանի օր է հեգնոտ անտարբերութիւն մը կայ իր բոցավառ աչքերուն մէջ։ Ա՞ն ալ տեսաւ հոգիս, թէեւ ամէն ջանք ըրի քողարկելու համար զայն։ Իր ըմբռնումէն դուրս կ՚իյնան յեղակարծ մելամաղձութիւններս, անակնկալ փլուզումս ու յանկարծական շէնշող տրամադրութիւններս։

Երէկ իրիկուն, վերջին շոգենաւով եկայ. նաւամատոյցը ինծի կը սպասէր։ Ծովափ գացինք՝ կարճ սիրաբանութեան մը համար։ Երբ տուներու սահմանէն դուրս ելանք ու մութին մէջ մնացինք, իր կէս-լեզու ֆրանսերէնով բացատրեց թէ շա՜տ շա՜տ կարօտցեր էր զիս եւ թէ չէր կրնար երեւակայել որ այսքան չար կրնայի ըլլայ, ամբողջ շաբաթ մը չերեւնալով։

-Վաղը պիտի չիջնես կղզիէն, - ըսաւ լալու պատրաստ։ Լալու անհուն իղձ մը ունէի ես ալ, դէզդէզ կուտակուող յուսահատութեանը առջեւ հոգիիս։ Խաւարին մէջ՝ գունատ, վշտահար դէմքեր կ՚անցնէին աչքերուս առջեւէն։ Խոր, անարցունք նայուածքներ՝ կշտամբող հպարտութիւնով մը լեցուն։

Կատաղի հովին դէմ քալեցինք թեւ թեւի, անխօս։ Յետոյ ան սկսաւ խօսիլ, իր աղեկի քէնոտ ու տրտում թոնով։ Իր բառերը հոգիիս մէջ կը թափէին, ինչպէս թուղթի կտորներ՝ փոթորիկին մէջ։ Յանկարծ կեցայ եւ պաղատեցայ որ ներէ՜ ինծի։

-Յոգնա՜ծ եմ, - ըսի։Ձեռքս ձեռքին մէջ առաւ եւ անձկութիւնով հարցուց թէ հիւանդ չէի՞ արդեօք։ Չէր հասկնար խեղճ պզտիկը թէ իմ յոգնութիւնս տարիներու յոգնութիւն է… կեանքին յոգնութիւնը։ Ձեռքս ամուր մը բռնեց եւ իր աչքերուն տարաւ։ Թաց էին։ Մութին մէջ չէի տեսներ իր դէմքը։ Պաշտումի դող մը տուին այդ արցունքները։ Այդ տգէտ, գրեթէ գեղջուկ հոգիին առջեւ ծնրադրել ուզեցի։ Կը յանդիմանէ՞ր զիս այդ ձեւով՝ զինք չարչարած ըլլալուս համար։ Ձեռքս ձգեց ու հեռացաւ մութին մէջ։ Մութին մէջ շարունակեցի քալել։ Եղեւիններու անտառին մէջ մտայ, ուր երկար ատեն մնացի կոճղի մը յենած, աչքերս խաւարին յառած։

Ի՞նչ եմ ես։ Ի՞նչ կ՚ուզեմ կեանքէն եւ աշխարհէն։

Սոֆին երկտող մը ղրկեր էր, պաղատելով, որ կղզիէն չիջնեմ։ Այդպէս ալ ըրի. բայց մտադիր եմ դուրս չելլել։ Երէկուան հովը մսեցուցած է զիս. ամբողջ օրը տենդ ունէի։ Այս դատարկ սենեակին մէջ պիտի մնամ, կրակարանիս եւ ծխատուփիս հետ։ Հովը ահաւոր համեմատութիւն մը առած է, ու ծովը խենթեցա՜ծ…։

…Թափուր սենեակս եմ նորէն։ Կրակարանիս մէջ պաղ մոխիր միայն մնացեր է։ Ի՞նչ ըրի։ Ինծի կը թուի թէ աշխարհէ հեռու, ստորերկեայ անձաւի մը մէջ արձանացած եմ. այնքան մո՜ւթ են աչքերս։

Մթնել սկսեր էր, երբ երէկուան կամէնը սենեակս մտաւ երրորդ թղթիկ մը ձգեց ծունկիս վրայ։ Սոֆին պաղատեր էր որ ծովափ իջնէի զինք տեսնելու։ Այդ փոթորիկի՞ն։ Կէս ջուրի գաւաթ գոնեագ խմեցի, վերարկուս հագայ եւ դուրս ելայ։

Մութ գոյն հագուստ մը հագած, հեռուն կը սպասէր։ Իր քով հասնելուս պէս վիզս նետուեցաւ եւ հեկեկալով ըսաւ որ կա՛մ մեռցնեմ զինք եւ կամ սիրեմ…։ Ծիծաղեցայ…։ Այն ատեն, իր սեւ խոշոր աչքերէն տարօրինակ սարսափ մը անցաւ։ Թեւերը վար առաւ ուսերէս ու փախչիլ ուզեց։ Ցուրտ մատերովբռնեցի իր մսուտ թեւը, սեղմեցի եւ հոգիիս ամբողջ դատարկութիւնովը նայեցայ այդ սեւ, խոշոր աչքերուն, յետոյ համբուրեցի զանոնք…։«Տեղ մը երթանք…», ըսի։

Սարսափի արտայայտութիւնը խորացաւ իր դէմքին վրայ, սակայն, միեւնոյն ատեն երջանկութեան տարտամ նշոյլ մը կարծեցի տեսնել։ Հարցուց թէ ո՞ւր կ՚ուզէի երթալ։ Աչքերուս մէջ նայեցաւ անխօս, յետոյ ալեկոծ ծովուն սեւեռեց իր վառող նայուածքը։ Կը խորհէր։

Հեգնոտ, մռայլ ծիծաղ մը կար հոգիիս խորը։

Քանի մը րոպէ ետք, ինծի դարձաւ ու «գտա՜յ», ըսաւ՝ լուրջ, տխուր ձայնով մը ու բացատրեց։ Կղզիին վերի կողմը, անտառին մուտքին մօտ, դատարկ տուն մը գիտէր. պիտի երթար բարեկամուհիէն բանալին առնելու։ Հինգ վայրկեանէն պիտի կրնայինք ճամբայ ելլել։ Հաւանեցայ ու գնաց։

Սիկարէթ մը վառեցի ու խոնաւ ժայռի մը վրայ նստայ։ Ոչ մէկ խորհուրդ։ Ամէն ինչ մութ ու լքուած կը թուէր ըլլալ գանկիս տակ։ Կոպերու յամր ու մեքենական շարժումով մը կը հետեւի առջեւէս անցնող ճերմակ ալիքներուն, որոնք կատղած ցուլի մը պէս սպառնալի, ահագին գոռումներով կը խոյանային հեռուներէն ու քիչ մը անդին, պզտիկ գռեհիկ ապառաժի մը դէմ կը փշրուէին ամբողջովին։

Այդ խաղը զուարճացուց զիս ու գրեթէ մոռցայ Սոֆին   եւ իր բանալին։ Սիկարէթս մը դէմ արձակեր էի, երբ կիսամութին մէջ լսեցի իր շտապող ոտնաձայնը։ Հասաւ՝ շունչը կտրած։ Ու ճամբայ ելանք։ Ամէնէն ամայի գռիհները ընտրեցինք։ Երկու վայրկեանի մէջ, խաւարը թանձրացեր, նիւթ դարձեր էր։ Երկու ստուերներ էինք մենք։ Թեւէս կախուած, հիւանդ կենդանիի մը պէս հեւուն՝ գրեթէ կը վազէր, խոշոր քայլերուս չկարենալով հասնիլ։ Կը քաշէի, կը տանէի զինք, առանց մտածումի, գրեթէ առանց զգացողութեան։ Ինծի կը թուէր թէ դէպի դժոխք կը տանէին զինք։

Հասանք։ Քարէ սանդուխներ ցցուեցան առջեւնիս։ Ոյժ չէր մնացեր խեղճ աղջկան վրայ. քիչ մը կենալ ուզեց, բայց թոյլ չտուի։ Յուզումէն չէր կրնար դուռը բանալ։ Բանալին առի ձեռքէն եւ իսկոյն բացի։ Կարծես սառէ զրահ մը հագած էի, այնքան հանդարտ էի, այնքան ցուրտ ու անխռով։ Բայց երբ ներս մտանք ու դուռը գոցեցի, այդ խաւար ու մենաւոր տունին մէջ, անդիմադրելի խղճահարութիւն մը անդամալուծեց զիս։ Սիրտս ցաւիլ սկսաւ եւ անհուն յոգնութիւն մը զգացի։

-Ե՜տ դառնանք, - ըսի, ձայնիս ապիկարութենէն ամօթահար։

Ձեռքըթեւիս վրայ դրաւ, պողպատի պէս ծանր, ու քաշեց զիս։ Բառ մը չէր ըսեր։ Դեռ կը հեւար։

Յանկարծ, ցուրտ զանգուած մը ցցուեցաւ ճակտիս դէմ։

Զգացի թէ պատ մըն էր։ Լուցկի մը վառեցի եւ վերջին ծայր զարմացայ՝ տեսնելով թէ ամենահասարակ տունի մը մէջ էինք, պզտիկ ցած պատերով, մինչդեռ ինծի այնպէս թուեր էր թէ խորհրդաւոր ապարանքի մը մէկ անելին մէջ կորսուած էինք՝ ե՛ս ու ա՜ն։ Լուցկին չմարած, իր դէմքին նայեցայ. գունատ էր բայց կը ժպտէր։

Վերի յարկը ելանք։ Երկրորդ լուցկի մը վառեցի եւ ներկայացող առաջին դուռը հրեցի։ Թափուր սենեակ մըն էր, որուն մէկ կոտրած ապակիէն ներս մտնող հովը մարեց լուցկիս։ Իր ձեռքէն ազատեցի թեւս ու գացի կոտրած ապակին դուրս հանեցի գլուխս։ Օ՜հ, անպատում սրբութիւնը գիշերի՜ն, խաւարի՜ն… Շոճիները Տառապանքը կ՚երգէին։ Անհուն յուզումով մը յիշեցի հին օրերս, հին աղօթքներս, հին հոգիս…։

Պատանեկան անմեղութիւնս էր հոն, հեռուն գալարուող շոճիներուն վերեւ թեւատարծ։ Իրա՜ւ, ատեն մը աղօթեր էի ես…։

Ետ դարձայ ու պաղատանքի անսահման փարումով մը այդ գռեհիկ ու թշուառ աղջկան փաթթուեցայ եւ համբուրեցի զինք։ Հոգիս այդ համբոյրով ըսել կ՚ուզէր. -փրկէ՜ զիս…։

Չհասկցաւ։ Հէք, դժբախտ աղջիկը։ Հեշտանքի մռայլ հառաչանքով մը պատասխանեց համբոյրիս ու տարաւ զիս այն սենեակը ուր գիտէր թէ լայն բազմոց մը կար։ Հոն ինկանք երես երեսի, կուրծ կուրծքի։ Այտերը կ՚այրէին…։

Յանկարծ վեր թռաւ քովէս, սենեակէն դուրս վազեց։ Երազ կը թուէր ինծի ամէն բան։ Առանց տեղէս ելլելու, խարխափելով պատուհան մը գտայ, վեր ըրի վիժակը։ Երկինքը տեսնել պիտի ուզէի, եւ ա՜ստղ մը…։ Խաւարը իր ցուրտ մատերը աչքերուս մէջ խրեց։ Շոճիներուն հեծեծանքը ալ չէր հասներ ինծի։ Խուլ, յուսահատական մռնչիւնը միայն կը տիրէր… մռո՜ւնչը ծովուն։ Հեշտանքի մռայլ հառաչանք մը՝ հսկայ, վայրագ, անդնդային. իւրաքանչիւր կոհակ հոգի մը ըլլալ կը թուէր որ հրճուի՜լ, գինովնա՜լ, խենթենա՜լ կը բաղձար, ու մոռնա՜լ…։ Գուցէ Սոֆին ալ մութ, բարբարոս ծովէն կու գար…։ Յեղակարծ տանք հպում մը զգացի մարմնիս դէմ. մեծ հառաչանքով մը այրող շրթներ դպան շրթներուս… Թեւերս բացի… Օ՜հ, մե՜րկ էր…։

Ատելութեան բուռն հոսանք մը անցաւ հոգիէս, ու նողկանքի զգայութեան վէս ընդվզումով մը սեղմուեցան բռունցքներս, մեղկացած մարմինիս իւրաքանչիւր մանրաթելը առնականութիւնով ու հպարտութիւնով սարսռաց։ Ոտքի ելայ ու մեկնեցայ։

Իր դերը հրաշալի կատարեց. բառ մը չըսաւ ետեւէս։

Դուրսը, խաւար գիշերին մէջ, ծառի մը տակ կեցայ վայրկեան մը, շոճիներուն ողբը ունկնդրելու։

Քանդուած տաճար մըն է հոգիս։

…Երկու օր Սկիւտար մնացի, ուր եղբօրս գերեզմանին այցելելէ զատ ոչինչ ըրի։ Հինգ վայրկեանէ աւելի չկրցայ նստիլ, գեղին վրայ որ այդ հողակոյտը կ՚եզերէ, մինչդեռ առաջ ժամերով ու կարօտագին կ՚ունկնդրէի ալեւոր մայրիներուն եւ կաղամախիներուն սուգի երաժշտութիւնը…։

Այս իրիկուն նորէն կղզի եկայ։ Սոֆին նաւամատոյց չէր եկած։ Սրճարան մտնելէ առաջ, արագ քայլերով իրենց փողոցէն անցայ։ Պատուհանի մը առջեւ նստած, տետրակ մը կը թղթատէր։ Երբ երեսը ասդին դարձուց, մտերիմ բարեւ մը ուրուագծեցի, բայց անիկա ժպտեցաւ միայն, արգահատալից ծաղրանքով մը։ Ժամ մը ետք, երբ սրճարանէն դուրս կ՚ելլէի, նոյն կամենը  հապճեպով բացաւ դուռը եւ թղթիկ մը երկարեց ինծի։ Պատէն կախուած լապտերին տակ կարդացի։ Քա՜ղցր աղջիկ։ Այդ գրածի՛դ համար կ՚արժէ սիրել քեզ։ Հինգ մանրիկ բառերէ կը բաղկանար իր նամակը - oh tu es un fou - Գինովի ներողամտութիւնով չէր որ ժպտեցայ լապտերին տակ, քանի որ, գիշերուան սա պահուն իսկ գգուալի աղապատանքով մը կը խորհիմ իր սեւ խոշոր աչքերուն   եւ իր գռեհիկ հոգիին։

Խե՜ղճ աղջիկ, երանի թէ ճիշդ ըլլար գրածդ։ Եկուր եւ աչքերուս մէջ նայէ։ Խենթը կու լա՞յ…։

Ահ, եթէ գոնէ չոր թուզ մը ունենայի գրպանս եւ մատ մը գինի…։

Գինիին երկրորդ «ի»ն գրելու վրայ էի, երբ դուռը բացուեցաւ ու հիւանդանոցին ամէնէն ապուշ օճպաշին ներս մտաւ, շունչը կտրած, ահաբեկ։

-Շուտ ըրէ, շո՛ւտ, ձգէ՛ գրիչդ, վազէ, հասի՛ր։

Իսկոյն հասկցայ թէ լեօպեթի խնդիր մըն էր ու երկարօրէն յօրանջեցի. յետոյ, գրիչս ականջիս անցընելով, հարցուցի թէ փորը կու՞շտ էր։

-Իմ փորս անօթի է, բարեկամս, - ըսի, մարդուկին թուշը պաղ մատերուս մէջ առնելով ու գգուելով։ Իր յուսահատութիւնը սահման չունեցաւ։

-Եղբայր, կ՚աղաչեմ, սպան է կանչողը. Նաաճճի Պէյը կը ճաշէ կոր եղեր եւ յանկարծ պէտք ունեցեր է թելեֆօնին առջեւ սպասող պահակին եւ հրամայեր է որ անոր տեղը ուրիշ մը դնեն. կ՚աղաչե՜մ, վազէ՛…։

Տեսայ թէ անուշութեամբ կարելի պիտի չըլլար գլուխ ելլել հետը, ուստի զայրացայ եւ տեղէս ելլելով երեսն ի վեր պոռացի։ Իրաւ ալ, իրաւունք չունէր զիս լեօպեթի կանչելու, որովհետեւ իմս ժամը 5-7 ի համար էր։ Այսինքն՝ արշալոյսին։

Պէտք է որ երթար, կանչուող պահակին յաջորդը գտնէր։

Անմիջապէս ինծի վազեր է, վստահ ըլլալով թէ ես ուրիշ տեղ չեմ ըլլար օրուան այս պահուն։ Պոռացի, պոռացի, մինչեւ որ հէք գեղջուկը կռնակը դարձուց ու նահանջեց սրահէն, գոյնզգոյն հայհոյանքներ թափելով իր շէկ, վար կախուած պեխերուն մէջէն՝ ինծի դէմ, կանչուող պահակին դէմ, իր ճակատագրին դէմ, զինուորութեան դէմ, բոլորի՛ն, բոլորի՜ն։

Այս մարդը ե՞րբ պիտի մեռնի արդեօք, խորհեցայ, երբ իր փայտէ կօշիկներուն աղմուկը դադրեցաւ դուրսի նրբանցքին խորը։

Վե՞րջը։ Վերջ մը չկա՞յ այս տխմար խաղին։ Յոգնած, զզուած եմ. կը նողկամ ամէն բանէ. չեմ ուզեր, ոչինչ չեմ ուզեր, միայն…

Օհ, մտածել թէ ծթռած, հիւծած ծերունիներ կան, որոնց գանկին վրայ մազ չէ մնացած ու գանկին տակ հազիւ յիշուելու բան մը, եւ որոնք սակայն կը գուրգուրան իրենց կեանքին վրայ…։ Պառաւներ կը ճանչնամ, մէկը մանաւանդ, որուն կեանքը պարզապէս անհանդուրժելի դարձած է թէ՛ իրեն եւ թէ շուրջիններուն համար, բայց դող կ՚ելլէ՝ երբ գերեզմանի ու մեռելի խօսք ըլլայ։

-Աման, ուրիշ խօրաթա ըրէք, ուրի՜շ, ուրի՜շ, սանկ՝ եյլենճելի բաներ։

Եւ իսկոյն եյլենճելի նիւթի մը վրայ խօսք կը բանայ, իր բերնին երեք կամ չորս ակռաները իրարու զարնելով։

-Մեր վախիթը…

Հինգ տարեկանէն վար մանուկներուն եւ ութսունէն վեր ծերունիներուն համար հոգի կու տամ, չեմ գիտեր ինչո՛ւ։ Ախ, քաղցր, անխօս նորածինները՝ զորս կրնաս վերցնել իբրեւ գիրք մը, եւ որոնք՝ գիրկդ բարձրանալնուն պէս՝ առաջին գործերնին կ՚ընեն քիթդ ճանկռտել…։ Յետոյ, երբ քալել կը սըրվին, աթոռէ աթոռ, յաղթական ծիծաղով մը ողջունելով իրենց այդ առաջին արշաւանքը։ Յետոյ, երբ առաջին անգամ կը սկսին ըսածդ հասկնալ. «դուռը գոցէ», ու կը վազեն, իրենց պզտիկ ուղեղին մէջ կազմուած գաղափարը արտաքին աշխարհին մէջ արժեցնելու։

Այդ բոլոր շրջաններէն ես ալ անցած եմ հարկաւ, թէեւ հազիւ կը հաւատամ։ Դարերու անկումով միայն կարելի պիտի ըլլար անկէ հոս հասնիլ - ա՜յդքան լոյսէ՝ այսքան խաւարի։ Եւ յետոյ, բայց ինչ հարկ այս խելառ վերլուծումներուն։ Կը յիշեմ մանկութիւնս։ Սենեակի մը մէջ, գորգի մը վրայ նստած եմ   եւ անձկագին կը հետեւիմ կաթի ումպերուն զորս պզտիկ քոյրս կ՚ըմբոշխնէ, խաղաղօրէն պառկած՝ մայրիկին գիրկը։ Մայրս՝ լուրջ ու դէմքը խոժոռած, փայլուն զգալը կը տանի յաջորդաբար կաթնամանին ու քրոջս բերնին, մերժելով, հակառակ թախանձանքիս, գոնէ անգամ մը մոլորել զգալը ու իմ ցամքած բերնիս յանգեցնել քաղցր հեղուկը։ Ասկէ զատ ոչինչ կը յիշեմ մինչեւ այն օրը, երբ առաջին անգամ վարպետ-տուտու գացի։ Կեանքիս մէջ գերագոյն դէպք մըն է ասիկա։ Չեմ յիշեր աւելի մեծ ազդեցութիւն ձգած ուրիշ դէպք մը։ Վստահ եմ թէ անառակութիւնս էր պատճառը այդ ահաւոր աքսորին։ Կը յիշեմ արցունքներս, պզտիկ ոտքերովս յամառօրէն դուռին կառչելու փորձերս, մինչ հսկայ մարդ մը - հաւանաբար անտես աղբարը - կը ջանար փողոց հանել զիս։ Հարկ է որ ան յաղթած ըլլայ այդ պայքարին մէջ, ինչու որ ահա նստած եմ, քիչ յետոյ։ իմ ըմբոստ ատքերուս վրայ, լուռ, երկչոտ, հազիւ համարձակելով վեր առնել աչքերս ու նայիլ երկու քովերս միեւնոյն դիրքով նստած բախտակիցներուս։ Օրիո՜րդը…։ Երանելի աղջիկ։ Ճիշդ սա վայրկեանիս, գիշերային այս պահուն ո՞ւր է արդեօք՝ մեռած ըլլայ թէ ողջ։ Իրա՜ւ, մեռա՞ծ է արդեօք։ Եթէ մեռած է, հանգի՜ստ իր ոսկորներուն. իսկ եթէ կ՚ապրի, պիտի ուզէի սիրե՜լ զինք, եթէ նոյնիսկ ծերացած ըլլար։ Մոխրագոյն մինտերին վրայ, ուր նստած էի, գունաւոր թուղթ մը բացաւ՝ գունաւոր շաքարներով լեցուն եւ իր տաք երեսները երեսներուս վրայ դրաւ երկար ատեն։

Լեօպեթի ժամս եկաւ, երթամ։ Կը խորհիմ թէ հրաշալի ժամանց մըն է՝ ամէն գիշեր այսպէս պզտիկ վերյիշումներ արձանագրել այս տողերուն վրայ, փոխանակ անցուցած օրերուս վրայ յիմար բաներ նոթելու, եւ կամ կարելի է թերեւս երկուքը միասին ընել։

…Շատ քիչ առիթներով է որ մարդու մը Եսը կը միջամըտէ կեանքին ընթացքին. ընդհանրապէս քունի, անգիտակցութեան մէջ է անհատականութեան այդ մասը. այդ հարազատ, կշիռ ունեցող մասը բարձր կը մնայ մեր առօրեայ սովորական գործունէութենէն։ Այսպէս, վայրկեանին կեանքը կ՚ապրինք, ենթակայ արտաքին բիւրաւոր պայմաններու, որոնց ազդեցութեանը տակ կը խօսինք, կը տրտմինք, կը ծիծաղինք, մինչ ան կը մնայ լուռ, անտարբեր։

Ամէն վայրկեան մեր հարազատ Եսը չենք։ Ահաւասիկ ճշմարտութիւն մը որ շատ կարեւորութիւն ունենալու է ինծի համար։ Անշուշտ գիտէի այդ ճշմարտութիւնը, բայց այսօր հանրակառքին մէջ, մասնաւոր դէպք մը պատճառ եղաւ որ լրջօրէն անդրադառնայի այդ մասին. ու հիմա քանի մը վճիտ եզրակացութիւններու յանգած եմ։

Այո, ամէն վայրկեան, հոգ չէ թէ ի՛նչ տեսակ տրամադրութեան մէջ ըլլամ, պէտք է որ հարցնեմ ես ինծի, երբ կ՚ուզեմ վճռական հետեւութիւններ հանել. -

Ե՞ս եմ…։

…Օննիկին մեռնելէն ի վեր հիւանդանոցը գիշերուած չէի։ Այսինքն շաբաթէ մը ի վեր։ Այս գիշեր հանրակառքով հիւանդանոց վերադարձայ։ Անակնկալ մահը տարօրինակ տպաւորութիւն մը ըրած է վրաս։ Խե՜ղճ տղայ։ Աչքիս առջեւն է միշտ իր հալած, չարչարուած դէմքը, երբ վերջին անգամ տեսայ զինք իր հիւանդի անկողնին մէջ։ Եւ իր ձայնը… փուճ աշխարհ…։

Իրիկունը իր տունը գացի, քանի մը խնձոր տալու իր հէք որբերուն։ Մահը միակ բանն է որ պարզութիւն կը բերէ մեր հոգիներուն։ Ամբողջ շաբաթը հիանալի ինքնասեւեռում մը ունեցայ։ «Ի՜նչ հարկ»։ Բոլոր մտածումներս այս երկու բառերուն կը յանգին։

Վահագնին քովը թաղեցինք զինք։

…Վերջին օրերու մելամաղձութիւնս թօթափեցի նորէն. խելառ տրամադրութիւններով կը դեգերիմ հոս հոն, ձեռքերս քաբոթիս գրպաններուն խորը մխրճած։ Երէկ բաւական դրամ ստացայ. պիտի կարենամ ամբողջ շաբաթ մը առանց նիւթական մտահոգութեան ապրիլ։ Գինի, սիկարէթ եւ դիրք ունիմ քանի մը օրուան համար… ու տրամադրելի քիչ մը դրամ՝ փոքրիկ հաճոյքներ ըմբոշխնելու։ Ինձի համար գերագոյն հաճոյք մըն է սուլելով կրպակէ մը ներս մտնել, պիստակ դնել, կէսը ճաշակել ու միւս կէսն ալ քոյրերուս պզտիկներուն բաշխել։ Երէկ նորէն Օննիկին որբերուն խնձոր եւ չամիչ տարի։

Օննիկը… իր մահուան առթնած թախիծը յանկարծ անյայտ եղաւ հոգիէս, չեմ գիտեր ինչպէս։ Մինչեւ երէկ իրիկուն կը հալածուէի իր հոգեվարքի պատկերէն, այսօր վերջին ծայր խաղաղ ու անփոյթ էի, նոյնիսկ շէնշող։ Այս վիճակս չեմ կըրնար գինիին վերագրել, ինչու որ իրիկունը միայն մէկ գաւաթ խմեցի։ Գիտեմ սակայն թէ նորմալ զուարթութիւնը չէ այս։ Տրտմութեան գինովութիւն մը՝ գուցէ…։

Ժամը ինն էր երբ հիւանդանոց վերադարձայ. քարէ սանդուխներէն վեր ելած միջոցիս պառկելու փողը հնչեց։ Անձրեւոտ խաւար գիշեր է դուրսը։ Անհունութեան եւ յաւիտենութեան մէջ կորսուած հիւլէն հիմա մասնաւոր խնամքով պիտի յարդարէ իր գիշերային հանգստարանը - բարձր, երկար, մութ գոյն վիրակառքին վրայ պիտի տարածէ իր ձիւնի պէս մաքուր սաւանը. յետոյ, սիկարէթ մը բերանը, քաբոթին օձիքը վեր դարձուցած, կռնակի վրայ պիտի երկարէ իր յոգնած մարմինը ու կէս ժամ կամ ժամ մը մութին մէջ մտիկ պիտի ընէ անձրեւին ու հովին երաժշտութիւնը…։

…Կէսօրէն ետք, տուն երթալու համար ճամբայ ելայ, բայց հիւանդանոցին դռնէն դուրս ելլելուս պէս անդիմադրելի ծուլութիւն մը եկաւ վրաս։

Ալեքոյին խանութը մտայ։ Գինի չունէր…։ Մերժեցի խմել իր հրամցուցած խոշոր գաւաթ մը օղին։ Գէշ յիշատակներ ունիմ այդ զզուելի ըմպելիէն։

Միջոց մը, երբ ծուլօրէն կը ծխէի, ոտքերս հանգչեցուցած մանկալին վրայ, երկու յոյն օրիորդներ ներս մտան։ Ըսին թէ հիւանդի մը համար եկած էին, բայց այցելութեան օրը չըլլալուն՝ դռնապանը արգիլեր էր իրենց մուտքը։ Չեմ գիտեր թէ իրա՛ւ էին։

-Ինչ ցո՜ւրտ է դուրսը. ես սա մանկալին քովը կը նստիմ, - ըսաւ նիհար, մուշտակի մը մէջ փաթթուած օրիորդը   եւ իր շքեղ հագուստներովը նստաւ քարիւղի աղտոտ սնտուկի մը վրայ։ Միւսը մերժեց աթոռս գրաւել։ Հակառակ երկու օրիորդներուն ցոյց տուած հպարտ ու անտարբեր վերաբերմունքին, դժուար չեղաւ իրենց հետ բարեկամութիւն հաստատել։ Հինգ վայրկեանէն, արդէն իսկ tete a tete-ի մէջ էինք երեքս, առաւել Ալի օնպաշին - հիւանդանոցին փողահարը -որ իր խցիկէն ամէն բան ժամանակին նշմարեր էր իր մութ-կապոյտ, նուաղկոտ աչքերովը   եւ շտապեր էր մեզի միանալու։ Շատ մը խօսեցանք։ Վաղը ժամը 10-ին նորէն պիտի հանդիպինք գերմանական դեսպանատան ծառուղիին մէջ։ Ինչու՞…։ Ի՜նչ փոյթ…։

…Կէս գիշերը անցած է։ Խորունկ քունէս յանկարծ արթընցայ, ու հարկ եղաւ իջնել վիրակառքէս, ծարաւս յագեցնելու համար։ Քունս փախաւ, հակառակ անհուն յոգնութեանս, չեմ ուզեր պառկիլ։ Գինովութենէս սթափա՞ծ եմ։

Ի՞նչ ընեմ։ Ծխե՞մ, կարդա՞մ, երազե՞մ… խոկա՞մ…։

…Անդունդին խորը չեմ դեռ։ Դեռ վճռական ոչինչ կայ այս բոլոր անկումներուս մէջ։ Լոյս կայ դեռ հոգիիս մէջ, ինչեւ որ ահա կը տառապիմ։ Մայրամուտին, երբ հիւանդանոց վերադարձայ , տղու մը պէս լացի։ Այս արցունքները կը յուսադրեն զիս։ Այս ահաւոր տրտմութիւնը առնականութիւնովկը ողողէ արիւնս։ Յուսահատ չեմ։ Դեռ կարող եմ եղունգներովս կառչիլ ու յապաղիլ…։ Ճակատագիր ըսուած ճիւաղին՝ կմախքէս զատ ոչինչ պիտի յանձնեմ որ մահուան տանի…։

Կէս ժամի չափ պարտէզը դեգերեցայ։ Անսովոր նուաղկոտութիւն մը կար ամէն կողմ, հիւանդագին խաղաղութիւն մը։ Պզտիկ, գրեթէ աննիւթ ամպեր կը թափառէին երկնքին վրայ, ու ցանցառ աստղեր ու մարելու մօտ կիսալուսին մը՝ գերեզմանոցին նոճիներուն վերեւ։

Չորս տարի առաջ, նորէն ասանկ Չորեքշաբթի գիշեր մըն էր, մենաւոր, անշուք գիւղին մէջ նորէն ասանկ ամպեր կային, ցանցառ աստղեր ու մարելու մօտ լուսին մը։ Ասանկ խաղաղ, նուաղկոտ գիշեր մըն էր։

Կը յիշեմ, ամէն բան կը յիշեմ։ Երա՞զ մը չէր սակայն։ Շիւպերթի այն կտորը, իր զուարթութիւնը, իմ տրտմութիւնս։ Յետոյ, դուրսը, լուսնիլոյսին տակ՝ իր արցունքները… Եւ իմ սէրս… իմ անսահման սէրս…։ Երազ մը չէ՞ր…։ Այն գիշեր, մինչեւ առաւօտ, իր նուիրած վայրի անանուխին յառած մնացին աչքերս…։

Եա՜թ պորուսը…։

…Կէս գիշերէն մինչեւ առաւօտ չարչարուեցայ ականջի սաստիկ ցաւէ մը։ Արշալոյսը կը ծագէր, երբ զգացի թէ մարմինս կը սառէր ցուրտէն. պաթանիես առի ու խովուշ գացի՝ պաղ վառարանին քով նստելու։ Քիչ անգամ այսպէս չարչարուած եմ ֆիզիքապէս։

Կէս օրուան մօտ տուն գացի եւ իսկոյն անկողին մտայ, բայց անկարելի եղաւ աչքերս գոցել։ Իրիկունը հիւանդանոց դարձայ արտօնութիւն առնելու։ Հանրակառքին մէջ, պարզապէս կը դողայի։ Շատ տենդ ունիմ, թերեւս ծանրօրէն պիտի հիւանդանամ.. ։

…Չորս օրէ ի վեր տունը պառկած էի։ Ծանր ժամեր անցուցի, մանաւանդ գիշերները։ Այսօր հիւանդանոց վերադարձայ եւ ութերորդ սրահը պառկեցայ։ Բժշկական քննութեան ու քառանդինայի ձեւակերպութիւնները երկու ժամէն աւելի չարչարեցին զիս։ Գետնայարկի մութ երկար նրբանցքին մէջ, 70ի չափ հիւանդ զինուորներու հետ կեցայ՝ կարգիս սպասելով։ Տասնըեօթը տրամադրելի անկողին միայն կար հիւանդանոցին մէջ, այնպէս որ՝ հարկ էր ամէնէն ծանրերը զատել, բայց բոլորը անմիջական խնամքի կարօտ, լեզունին դուրս ինկած հիւանդներ էին։ Ինչպէ՜ս կը պաղատէին։ Քանի մը հոգեվարքներ կային, որոնք գետինը քարին վրայ պառկած կը տքային։ Օննիկը յիշեցի։

Պահակ մը կեցած էր պզտիկ, գարշահոտ խովուշին առջեւ ուր կը մտցնէին բժիշկին զատած ծանր հիւանդները։ Միւսները, գլուխնին ծռած, հառաչելով կը միանային չընդունուածներու խումբին։ Ժամ մը ետք, այդ հիւանդները պիտի մագլցէին Թագսիմի զառիվերը եւ հիւանդանոցէ հիւանդանոց պիտի երթային՝ իրենց գլուխը հանգչեցնելիք տեղ մը գտնելու համար։ Ինծի համար՝ սպաս նախապէս խօսած էր բժիշկին հետ։ Երբ ընտրեալներու դռնէն ներս կը մտնէի, ականջիս բողոքի պզտիկ փսփսուքներ հասան. միւսներն էին, դուրս ձգուածները։ Իրաւունք ունէին։

Հարկեղաւ կատարեալ պայքար մը մղել քառանդինայի պաշտօնեային դէմ որ կ՚ուզէր զիս ալ բոլոր հիւանդներուն հետ միասին բաղնիք մտցնել։ Բոլոր զատուածները թիֆիւսէ վարակուածներ էին։ Չկրցաւ հետս գլուխ ելլել ու գնաց սպային իմացնելու խնդիրը։

Սպան (որուն բերնին մէջ է դեռ վերջերս իրեն նուիրած տուփ մը անուշեղէնիս համը) կը հրամայէ որ ոչ միայն զիս բաղնիք չմտցնեն, այլ ինծի համար զանց առնեն 24 ժամ քառանդինայի օրէնքը եւ ուղղակի վերի յարկը պառկեցնեն զիս։

Հիմա իրիկուն է։ Շատ յոգնած եմ։

…Շատ գէշ գիշեր մը անցուցի։ Եաթ պորուսիէն վերջ, ականջիս ցաւը նորէն սաստկացաւ ու միեւնոյն ատեն բուռն գլխացաւ մը սկսաւ։ Առաւօտեան դէմ քունս քիչ մը տարեր էր, երբ յանկարծ մէկը մեղմօրէն ուսս մշտեց. «Բարեկամ, ապուրդ կը պաղի կոր»։ Աջակողմի հիւանդս էր, որուն կը ձգեմ չախորժած կերակուրներս։ Իր ապուրը լրացուցած՝ անյագ աչքերով իմինս կը դիտեր, քիթը աջ ու ձախ շարժելով։

Խորունկ «Օ՜ֆ» մը ըրի ու սիկարէթ մը վառեցի։ Ֆըռթ, ֆըռթ - երկու ումպով լափեց ապուրս։

Կէս օրէն ետք ժամ քնացայ։ Օննիկին պատկերը կը հալածէ զիս։ Երազիս մեջ, երկուքս միեւնոյն սրահը պառկած էինք, գետինը ձգուած անկողիններու վրայ, քովէ քով։ Ափսէ մը լեցուն կեռաս դրած էին մէջտեղնիս եւ յամրօրէն կ՚ուտէինք , առանց բառ մը ըսելու։

-Քեզի հետ փախչինք ասկէ, - ըսաւ յանկարծ ան. - դուն փախչելու մէջ վարպետ ես։

-Կրնա՞ս քալել, - հարցուցի։ Առանց պատասխանելու, իր կմախացած անդամները կամաց մը դուրս հանեց վերմակէն, տեղէն ելաւ ու շիտակ վրաս եկաւ։ Ա՜խ, իր դէմքը…։ Որչափ երկարեր էր հասակը։ Ծունկերուս վրայ չոքեցաւ ու դեւի ուժով մը ուսերս թօթուեց։

Մայրս կաթնապուր բերեր էր, երբ արթնցայ. բայց չկրցայ ուտել։ Շարունակ կը մտածէի՝ եթէ Օննիկը հիւանդանոց չերթար, չէր մեռներ, չէր մեռներ…։

Քուն չունիմ։ Բոլոր հիւանդները խաղաղօրէն կը ննջեն։ Այս ութերորդսրահին մէջ, անցեալ տարի տասնապետ էի։ Պառկած եմ ձեռքիս տակ մեռած սիրելի Ալպանացիիս քովի մահճակալը։ Թոքախտաւոր էր. ինչպէ՜ս կը տքար գիշերները։

Ցուրտ է այս գիշեր, կը մսիմ։ Պառկելու փողէն առաջ, վայրկեան մը դուրս ելայ մաքուր օդ շնչելու։ Նրբանցքին մէջ պատուհանի մը առջեւ կեցայ։ Միշտ նոյն երկինքը, նոյն աստղերը։ Երէկ այսպէս էր, մէկ միլիոն դար առաջ այսպէս էր ու յաւիտեան ասանկ պիտի ըլլայ։ Ինչու՞ հետաքրքրեն զիս այս բոլորը։ Չորցած տերեւ մըն եմ որ քիչ ատենէն պիտի իյնայ։

…Ձախ կողմիս հիւանդը՝ հիւանդանոցին ծերուկ բաղնեպանն է։ Շատ անոյշ մարդ մը։ Եկած օրս շաքար հրամցուց ինծի եւ իր մետաքսի նման նուրբ ծխախոտէն՝ իր զառամած մատերովը պատրաստուած սիկարներ տուաւ։ Ես ալ իրեն լեմոնիս կէսը նուիրեցի։

Աջ կողմինս Շիւքրին է, այն միեւնոյն սովալլուկ պատանին՝ որ յանձնարարութիւններս կը կատարէր երկու ամիս առաջ, բանտարկութեանս միջոցին։ Գետնախնձորի կեղեւները ուտող խումբին մէկ անդամն է։

Երէկ գիշեր լեմոնատ շինեցի ու խմեցի, յետոյ կռնակիս վրայ պառկեցայ եւ աչքերս գոցեցի։ Քանի մը վայրկեան ետք զգացի թէ ձեռք մը սեղանիս վրայ կը դեգերէր։ Ոչինչ ձգած էի, այնպէս որ պատճառ մը չունէի անհանգիստ ըլլալու։ Ժամ մը ետք, ծարաւ զգալով, Շիւքրիին ըսի որ գաւաթս լուայ եւ մէջի կուտերը թափէ։

-Գաւաթնիդ մաքուր է, մէջի կուտերը կերայ, - ըսաւ, ամօթխած ժպիտով մը։

Այսօր ալ, դիմացի շարքէն հիւանդ մը իրեն յատկացուած 8-10 դեղահատերը մէկ անգամէն կլլեր է։ Երբ բժիշկը բարկանալու վրայ էր. «Էֆէնտիմ, խորհեցայ թէ դատարկ ստամոքսիս մէջ գոնէ քիչ մը տեղ կը բռնէ», ըսաւ բարձրաձայն։ Յաղթամարմին չաւուշ մըն է, Էնկիւրիի մէկ գիւղէն։

Բոլոր հիւանդները խնդալէն մարեցան. ամէնէն շատ՝ բժիշկը։

Այսօր գրեթէ բնաւ տենդ չունէի։ Երէկ գիշեր, առաջին անգամ ըլլալով, կանոնաւոր քուն մը ունեցայ առանց մղձաւանջի։ Ականջիս ցաւն ալ մեղմացած է, թէեւ գիշերները կը նեղէ զիս։

Մայրս նորէն եկաւ։ Կեանքին նայելու քաջութիւնը տըուող միակ բանն են ծնողքս։ Ապրիլ կ՚ուզեմ՝ իրենց համար։ Իրենց գերեզմաններէն ե՛տք միայն պէտք է որ իմ փոսս բացուի։

Գաղջ արեւին տակ վայրկեան մը կեցայ պարտէզը, ուր սիրուն ծաղիկներ տնկեր են վերջերս։ Զարթոնքի տենդը արդէն իսկ զգալի է ամէն կողմ։ Ի՜նչ հարկ, ի՜նչ հարկ…։

Թիֆիւսը ահագին համեմատութիւններու հասած է այս օրերս։ Օրական մահերու թիւը 15-20ի հասած է հիւանդանոցին մէջ։ Ամէն օր նորեր կը բերուին մռայլ ինքնաշարժներու մէջ՝ ծիւրած, մարդկային ամէն բան կորսնցուցած զինուորներ։ Շատերը կը խենթենան …։ Օննի՛կը…։ Իր մեռնելէն օր մը առաջ հիւանդապահ մը թեւէն մտած բերեր էր զինք հիւանդանոցին մութ նրբանցքին մէջ, որ կարենայ պատուհանէ մը նայիլ այցելութեան գացած քոյրերուս։ Չէր կրցեր բան մը ըսել, ոչ ալ լսեր էր իրեն ըսուած քաջալերանքի խօսքերը։ Միայն ձեռքովը պատուհանին տախտակին զարկեր ու լեզուն ցոյց տուեր էր։ Անշուշտ ըսել կ՚ուզէր. - Մեղքցէ՜ք, տարէ՜ք զիս…։ Օր մը առաջ ես գացեր էի. երկտող մը գրեր էր։ Ճիգի գլուխ-գործոց մըն է այդ երկտողը՝ մոլորուն, թերաւարտ բառերով։ «Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ. ինչու՞ չենք կրնար տեսնուիլ. ինծի ազատեցէ՜ք. 4 նարինջ. եղբայրդ…» Այս էր իր վերջին երկտողը։

Չէր հասկնար թէ ի՛նչ պիտի ըլլար ու հասկնալ կ՚ուզէր… ինձմէ՜։ Հիմա հարկաւ գիտէ ամէն բան։ Վերջին գիշերը ժամերով կը գալարուի անկողնին վրայ, թէեւ աչքերուն լոյսը կորսնցուած է եղեր արդէն։ Կը զառանցէ, կը պոռայ, կը տքայ։ Լոյսը ծագելուն մօտ, յանկարծ կը հանդարտի, տաքութիւնը կ՚իջնէ։ Կռնակին վրայ պառկած՝ խաղաղօրէն կ՚ըմպէ իր ապուրը։ Յետոյ մէկ քովին կը դառնայ ու կը մեռնի…։ Ա՛յս է եղեր ըլլալիքը։ Այդ գիտնալու համար է որ կը չարչարէ եղեր իր ուղեղը։ Հէ՜ք եղբայրս, երանի թէ կարող ըլլայի ճակատդ համբուրել եւ այդ բոլորը ըսել քեզի, լոյսէն զրկուած քու շլմորած աչքերուդ…։

Ի՞նչ եղաւ արդեօք իր վերջին մտածումը։ Ի՜նչ հարկ, ի՜նչ հարկ…։

Ի՜նչ օդ էր, Աստուած իմ։ Տեղատարափ անձրեւին տակ, իր դագաղը մակոյկ մը դրուեցաւ ամայի քարափէ մը։ Հին, անշուք մակոյկ մըն էր։ Նաւավարէն ու բեռնակիր պատանիէն զատ ոչ ոք նստաւ նաւակին մէջ։ Իբրեւ յուղարկաւոր՝ երեք հոգի մնացեր էինք իր բոլոր բարեկամներու եւ ազգականներու բազմութենէն։ Անոնք եկեղեցիէն բաժնուեր էին։ Չէ՞ որ եկեղեցիին բակին մէջ իսկ, յուղարկաւորներէն երկուքը քարիւղի գինին վրայ կը խօսէին։

- Պիտի ելլէ…

- Պիտի իջնէ…

Սկիւտարի շոգենաւին կը սպասէինք Պէշիկթաշի նաւամատոյցը։ Միւս երկու յուղարկաւորները սահլեպ խմելու գացեր էին մօտակայ Ալպանացիէն։ Սպասման ձողերուն մէջէն յանկարծ նշմարեցի մակոյկը. ալիքներուն վրայ կը պարէր…։ Ահաւասիկ, ահաւասիկ ըլլալիքը…։

Տաներէց քահանան Սկիւտարի ափը կը սփասէր։ Վեց հուժկու դագաղակիրներ վեր առին դագաղը, իբրեւ թէ խաւաքարտէ տուփ մը ըլլար, ու յամրաբար բարձրացան ցեխոտ զառիվերէն։

Երկու յուղարկաւորները ճամբան ցած ձայնով կը խօսէին.

- Մե՛ղք սա Ռուսերուն…

- Գործերը դադրած են, հէ՞…

- Այս ինչ օդ է…

- Հիւանդ պիտի ըլլանք…

- Թաղումէն վերջ, մէյ մէկ գաւաթ գոնեագ խմենք…

Երբ Սելամսըզի շուկայէն կ՚անցնէինք, հայ աղջիկ մը լալով ետեւնուս վազեց.

- Ախ, քեռայրս՞ է…

- Աղջիկս, կը սխալիս, ասիկա…

Աղջիկը շունչ առաւ, կարծես մխիթարուած որ իրենց մեռելը չէր դեռ տարուողը։

- Իմ քեռայրս ալ մեռեր է այս առաւօտ, թիֆիւսէն, ՊԷյլէրպէյի հիւանդանոցին մէջ։ Հիմա լուր առինք. ա՜խ…

Ու նեղ փողոցէ մը սկսաւ վազել, մաշած հովանոց մը գլխուն վրայ ճօճելով։ Գերեզմանատան մէջ, Երմոգը, որ համբաւաւոր տիրացու մըն է եւ որ ճամբան մեզի միացեր էր, թաղման շարական մը երգեց։ Իր երգածը յուզիչ էր, թէեւ աւելորդ. բնութիւնը բաւական էր։ Անձրեւը քահանայէն Աւետարանէն վար կը վազէր, մինչ խեղճ քահանան, քամակը կքած, ի զուր կը ճգնէր անսպառ արարողութիւնը վայրկեան մը առաջ աւարտել…

- Եւ ըմ ըմ ըմ ըմ ըմ… եւ ըմըմըմըմ…

Դիակը փոսին մէջ չիջեցուցած, դէմքը բացին վայրկեան մը. իր մէկ աչքին վրայ, որ աղէկ մը չէր գոցուած, ափ մը հող ցանեցի։ Յետոյ թաղեցին։ Հիացայ ժամկոչին ճարտարութեանը վրայ որով հողակոյտը կը շինէր։ Գիտէր թէ զինք կը դիտէինք, ու մասնաւոր ծեքծեքումներ կու տար իր թիին։

Ասա՜նկ պիտի ըլլայ եղեր, եղբայրս, կը հասկնա՜ս։ Ասա՜նկ, ասա՜նկ։ Ուրախ ես հարկաւ։ Ես իսկ երբեմն կը հրճուիմ, թէեւ յաճախ կու լամ…։

Ձեզի օրեր, էֆէնտի…

Սովորական դիբերն էին։ Անոնք՝ որ ամէն մեռելի կ՚ընկերանան, իբրեւ անպաշտօն յուղարկաւորներ, թաղումէն ետք ձեռքերնին բանալու համար սգակիրներու առջեւ.

- Ձեզի օրեր, հացի փարա մը…

Հարիւրնոց մը տուի գունատ ծերուկի մը, որ իսկոյն փութաց ըսել, կարմիր թուղթին տեսքէն յուզուած՝

- Աստուած մխիթարէ։ Օ՜ֆ…

Միւսները գոնեագ խմելու համար բաժնուեցան։ Ես ալ տեղ մը մտայ եւ մահալլէպի մը ճաշակեցի։ Ինչ համո՜վ էր…։

Կը խորհիմ թէ՝ եթէ Օննիկը վայրկեան մը վերստանար իր գիտակցութիւնը եւ խաղաղ իրիկուն մը Պաղլար-Պաշիի գերեզմանատունէն ներս մտնէր ու տեսնէր իր անդորր հողակոյտը, պիտի չհրճուէ՞ր արդեօք…։

Այո… բայց… Ահ, հոգիի այս կապերը, այս շղթայները…։

Իր կինը կու լայ։ Իր երկու զաւակները՝ երկու որբեր են հիմա։ Չէ՛, պիտի չհրճուէր, պիտի հեծկլտար…։

Մտածումներս սովորականէն աւելի վճիտ են բայց տենդոտ։ Կայծակի արագութիւնով կու գան ու կ՚անհետին ուղեղէս։ Չեմ կրնար սանձել ու կարգի դնել զանոնք։ Միտքս տարօրինակ յեղաշրջումի մը մէջ է։ Պիտի խենթենա՞մ արդեօք…։

Յիշողութիւնս տակաւ կը լքէ զիս։ Յիշատակներս պղտոր են ու ցրուած։ Չեմ կրնար կարգաւ յիշել ամբողջ անցեալս։ Ամէն բան կ՚ամպոտի, խլեակի մը պէս կը ծփամ մութ ջուրերու վրայ։ Բայց, քանի մը պատկերներ կան որոնց յամառօրէն կը կառչիմ…։

Այսպէս ահա, լուսին գիշեր մըն է. գերագոյն հանդարտութիւնով մը, անվրդով՝ բուրումնաւէտ, փոշելից երկար ճամբէն կը քալեմ առանձին, սիրտս անոյշ յուզումներով լեցուն…։ Անբացատրելի, անյատակ բան մը կայ սրտիս մէջ, կարօտ մը, նուիրումի անսահման տենդ մը… Կը կենամ երբեմն ծառի մը տակ, լապտերի մը տակ եւ աչքերս կը սրբեմ. կու լամ ու կը ժպտիմ…։ Անկարելի հանդիպումներ կ՚երազեմ… Փարում մը… Հոգիս հոգի մը կը փնտռէ, որուն առջեւ կարող ըլլայ լռել…։

Ուրիշ գիշեր մը՝ մութ, փոթորկոտ…։ Աշունը նոր կը սկսի. տերեւները կը սրսփան…։ Ծաղիկներու վրայ պառկած եմ, գաղջ հողին վրայ, ու մտիկ կ՚ընեմ ճիւղերուն հեծեծանքը…։ Ալեմտաղին նոր դարձած եմ։ Երջանի՜կ եմ։ Գինո՜վ եմ։ Կը սիրե՜մ…։ Ալեմտաղի՜… Աւազանին քով կեցած եմ իրեն հետ։ Խօսիլ կ՚ուզենք ու չենք կրնար…։ Ձեռքիս մէջ սեղմած եմ իր տուած ծաղիկները…։ Գլխուս ձեռքերուս մէջ առնել ու լալ կը բաղձամ եւ ընկղմիլ…։ Աչքերուս մէջ կը նայի ու կ՚ըսէ.

- Ինչո՞ւ այսչափ կը սիրէք ծաղիկները….

- Ծաղիկնե՞րը… ոչ… ոչ… միայն…

Յետոյ մութին մէջ իր ստուերը կը հալի…

Ուրիշ իրիկուններ, բիւրաւոր իրիկուններ՝ վարդագոյն, ցօղով թրջած։

Եկեղեցիի մը մէջ, Աստուածամօր պատկերին առջեւ կեցած կ՚աղօթեմ…։

Լուրջ, մտախոհ նստած եմ սեղանիս առջեւ, կեանքով, աւիւնով տոգորուած եւ ապագայ ծրագիրներ կը քննեմ…։

Բանտին մէջ պառկած եմ սիւնի մը տակ ու մօրս վիշտը մտաբերելով կու լամ…։ Ու թալիմի օրերը, խելառ վազքերը ամայի բլուրներուն վրայ… հիւանդ, յուսահատ…

- Սիլահ օ՛մզա…

Եւ անձնասպանութեան փորձերու։ Օղիի առաջին գաւաթը…։ Ահաւոր արբեցութիւններս, գործած յիմարութիւններս, մեղքերս…։

Ծնունդի երկրորդ օրն էր կարծեմ, երբ Օննիկը մեզի եկաւ՝ Ծնունդը շնորհաւորելու։ Վերարկուին օձիքը վեր դարձուցած, իր սովորական մսկոտութիւնովը, ձեռքերը շփելով, սեմին վրայէն ըսաւ.

- Աղէկ լուրեր ունիմ…։

Ու ներսը, գետնայարկի պզտիկ սենեակին մէջ, պատմեց իր տարած յաղթանակը. չորս ամիս օդափոխութիւն առեր էր։ Տղու պէս կը հրճուէր։

- Չորս ամիս ետքը՝ Աստուած մեծ է, - պատասխանեց, երբ մայրս դիտել տուաւ.

- Աչքդ բաց-գոցէ՝ չորս ամիսը կ՚ելլէ։ -

Քանի մը օր ետք նորէն մեզի եկաւ։ Այս անգամ գէշ տրամադրութեան մէջ էր։ Շիւպէ գացեր էր վերջնական արտօնագիրը առնելու։ Շիւպէին հազարապետը, անհուն որովայնի տէր խոզ մը, իր վրայ զննական ակնարկ մը պտտցնելէ ետք ըսեր էր. «Շիտա՛կ ըսէ, քանի՞ ոսկի կերցուցիր այդ բժիշկներուն։»

Ով գիտէ որչափ տժգունեցաւ խեղճը, թէեւ կը պնդէր թէ բնաւ չէր յուզուած եւ հանդարտօրէն պատասխանած էր.

Հաւատացէ՛ք որ ոչ մէկ դրամ։ Ես հիւանդ եմ, ես արդէն…

Հազարապետը ժպտեր եւ ընդմիջեր էր.

-Գիտե՜մ, գիտե՜մ, դուն արդէն մեռնելիք հիւանդ ես։ Վա՜խ, վա՜խ։ Ինծի նայէ, տղաս, դուն հիմա տունդ կ՚երթաս։ Երեք օր ետքը նորէն հոս կու գաս։ Քեզ սեվքիաթ պիտի ղրկեմ։

Այդ վերջին նախադասութիւնը ըսել կ՚ուզեր. «Ինծի յիսուն ոսկի կը բերես եւ արտօնագիրդ կ՚առնես»։

Խեղճ տղան իր քսակը պարպեր էր արդէն կլափին մէջ միւս բորենիներուն, որոնք այդ պայմանով միայն յօժարեր էին հիւանդութիւն մը գտնել իր սրտին մէջ։ Կրնար փոխառութիւն մը ընել. ամէնքը կը սիրէին զինք. բայց հպարտ էր, յետոյ՝ ա՛լ զզուած էր շարունակ տալէն …։

-Բերան ծռելը չ՚արժեր։ Մեռնիլ մը չէ՞ ծայրը, - ըսեր էր քրոջս։

Ու չորրորդ առաւօտուն, մարդու բան չըսած, ներկացեր էր հրէշին.

-Եկա՛յ։

-Աղէկ ըրիր։ Փոսթա՛…

Տարիքոտ ժանտարմա մը ներս կը մտնէ։

-Ա՛ռ ասիկա։ Ծակը դիր։

Նոյն իրիկունը, ուրիշ զինուորներու հետ, ճամբայ կը հանուի դէպի սեվքիաթ, ուր հասնելու պէս կը բանտարկուի…։

Ա՜խ այդ բանտը…։ Հոն գիշեր մը անցուցած եմ   եւ գիտեմ թէ ինչ ըսել է։ Երկյարկ մահճակալներու վրայ կեղտոտ փայտեր երկարած են իբրեւ անկողին, եւ իւրաքանչիւրը յատկացուած է հանգստարանը ըլլալու 4-5 բանտարկեալի։ Ցերեկին, քովէ քով անշարժ կը նստին այդ մարդիկը։ Հարցը գիշե՛րն է։ Ի՞նչպէս պիտի պառկին։ Ոմանք կը համաձայնին լայնքին պառկիլ, ոտքերնին վար կախած, ուրիշներ խառնիխուռն կը պառկին, մէկը հիւսիսէն հարաւ, միւսը հարաւէն հիւսիս, այնպէս որ՝ եթէ այդպիսիներու խումբի մը մէջ գտնուիս, անհաւանական չէ որ քունիդ մէջ զգաս աղտոտ ոտքի մը դեգերիլը շրթունքիդ վրայ.. ։ Ուրիշներ կ՚որոշեն ամբողջ գիշերը չքնանալ, ու մինչեւ առաւօտ կը ծխեն, կը խորհին, կ՚անիծեն։

Մաքուր հագուածները միշտ կը միանան   եւ այդ տեսակ խումբեր կը կազմեն։ Օննիկը հաւանաբար այդ տեսակ խումբի մը անդամակցեցաւ…. բայց ո՜ւթ գիշեր…։

Ու վերջապէս մեռաւ։ Ի՜նչ հարկ՝ այս բոլորը գրելու։

Դուրսը տկար լուսին մը կայ, ամպերով ծածկուած։ Սկիւտարի բարձունքը տարտամօրէն կ՚երեւայ պատուհանէս։ Քուն չունիմ…։ Դիմացը, Պաղլարպաշիի խաղաղիկ գերեզմատան մէջ ան կը քնանայ հիմա։ Լուսինը հիմա իր հողակոյտին վրայ ալ ծաթած է։

Յաճախ տեսած եմ հազարապետին մեկնումը շիւպեի իր գրասենեակէն։ Ճերմակ ձիուն մը վրայ նստած, ամէն իրիկուն վեր կ՚ելլէ մեծ պողոտայէն որ դէպի Չամլըճա կը տանի։ Իրիկուն մը ճամբուն վրայ սպասես, վրան յարձակիս, իր պեխերէն բռնես, վար քաշես զինք ու սղոցով մը կարես իր պարարտ վիզը, յամրօրէն, երգելով…։

-Ամա՜ն, ըթ պաղատիմ…

Անիկա չպաղատեցա՞ւ, աղբիւսի խոզ, քեզ փողոտողը եղբայրն է, իր որբերն են…

Այո, ա՛յսպէս պէտք է որ ըլլայ։ Մարդկային սրտին բոլոր օրէնքները համաձայն են ասոր։ Պէտք էր սղոցել այդ մարդը մինչեւ հիմա։ Վատ եմ։ Վահագնը ողջ ըլլալու էր…

Հիմա, գիշերուան այս պահուն, թերեւս իր մէկ բարեկամինհետ թավլու կը խաղայ…։ Իսկ անոր որբերը, իրենց պզտիկ անկողիններուն մէջ կծկտած, իրենց մեռած հայրիկը կ՚երազեն…։

Դժոխքէն փախած ուրուական մըն էր…։

Իրիկուան դէմ, պզտիկ պտոյտի մը ելլեր էի սրահէ սրահ, տասներորդ սրահին մէջ, անկիւն մը լքուած գտայ զինք, այդ հէք Հայը, Գեղամ Նեմցէ, Բերացի լուսամուտ երիտասարդ մը։

Ա՛լ հոգեվարքները կը ճանչնամ։ Իր աչքերը տեսնելուս պէս հասկցայ թէ անոնցմե էր։

Իր քովը չգացած՝ հասկցաւ Հայ ըլլալս ու դէմքի գալարումով մը (ուրիշ արտայայտութիւն կարելի չէ այդ դէմքերուն) զիս իր մօտը հրաւիրեց։

-Ա՜խ… - եւ աջ ձեռքը դուրս հանեց ծածկոցին տակէն։ «Ձեռքը մեռեր է», խորհեցայ։ Միայն ձե՞ռքը։ Այս հիւանդը իր աչքերովը միայն կապրէր։ Ինչու՞ ձեռքը դուրս հաիեց։ Ինչու՞ աջը։ Ձեռքս կ՚ուզէր։ Ա՜հ, ձեռքս պիտի թօթուէր, ինչպէս սովոր էր ընել Բերայի երեկոյթներուն մէջ։ Ով գիտէ ի՛նչ ծեքծեքումներով կը սեղմէր իրեն երկարուած իգական ձեռքերը, «Ոչ, Օրիորդ , կ՚աղաչեմ…։ Կը ներէք…» ըսելով։

Իր մոխրագոյն շրթունքներուն յառած՝ կը տենչայի իր վրայ ծռիլ եւ այդ դեղին ձեռքը համբուրել, բայց վախցայ թէ կը պոռայ։ Եւ սպասեցի որ ինք որոշէր ընելիքս։

-Հա… հԱ՜յ էք, գիտեմ…։ Լե-մո-մո-նատս տուէք, կը խըխխ-նը-դրեմ…։

Իրեն յատկացուած դարակին վրայ պտտցուցի աչքս ու տեսայ այդ ըմպելին պարունակող շիշը։ Տունէն բերած էին հարկաւ։ Ըսել է թէ երէկուան չորս կիները, որոնք լալով պատուհանիս առջեւէն անցան, իրեններն էին։ Մէկը իր մայրն էր հարկաւ, ա՛ն որ կը հեկեկար…։

Լեմոնատը ումպ ումպ ումպ ըմբոշխնեց։

-Օխ… օխ… մերսի՜…

-Պարտականութիւնս է։

Պատասխանիս միջակութիւնը զգալով՝ շրթունքներս խածի։ Բայց իսկոյն ժպտեցայ, միտքս բերելով թէ դիմացինս անոնցմե էր։

-Ուրիշ բան մը կ՚ուզէի՞ք։

-Ոչ, շատ ազ-զը-նիւ էք…։

Մեկնելու ատենս խնդրեց որ յաճախ այցելեմ իրեն։ «Յաճախ»…։ Չի գիտեր…։

Յետոյ պարտէզ գացի՝ գաղջ արեւին ուրախութիւնը հրասիրելու մարմնիս վրայ։

Կը վախնամ դուրսէն ուտելիք բերել տալու։ Ծամել սկսելուս պէս, դիմացի շարքին հիւանդները իրենց անթարթ աչքերովը յամառօրէն կը կառչին բերնիս։ Ճիգով կը կլլեմ պատառներս։ Վստահ եմ թէ՝ ճաշ մը աւարտելէ ետք, եթէ իրենց հարցնեմ կլլած պատառներուս թիւը, առանց վարանելու, ամէնքը մէկ բերան պիտի պոռան.

-Քսա՜ն…

Կէսօրին նարինջ մը կ՚ուտէի, մտածումներս ուրիշ կողմ էին, անանկ որ՝ մոռցեր էի իրենց գոյութիւնը ։ Յանկարծ մէկը ցցուեցաւ անկողնիս առջեւ, տատանող հիւանդ մը՝ իր դեղին քաբոթը մէկ ուսէն կախած.

-Էֆէնտի, բերանս չորցած է, շե՜րտ մը, հոգիս քաշեց։

Ու չիյնալու համար՝ մահճակալիս երկաթը բռնեց։

Նոր սկսեր էի ուտել նարինջս. իրեն երկարեցի զայն։

Գրեթէ յափշտակեց ձեռքէս։ Բոլոր հիւանդները դատապարտեցին իր աներեսութիւնը, բայց երկու վայրկեան ետք, երբ միջադէպը փակուեցաւ, դիտեցի թէ բոլոր դրացի անկողիններէն  իմաստալից ակնարկներ կ՚արձակուէին դէպի իմ անկողինս։ Բոլորը ըսել կ՚ուզէին։

-Տե՜ս, մենք չենք մուրար. բայց, կը պաղատի՜նք. մեզ ալ մի՛ մոռնար։

Շիւքրին հարսնիքի մէջ է։ Նարինջներուս եւ խնձորներուս կեղեւները կը լափէ, ոսկոր գտած չունի ճառագայթումով։

Նեմցէն մեռաւ։ Առտուն, ապուրէն վերջ, իրեն այցելութեան երթալու համար անկողնէս ելեր էի, բայց դեռ իր սրահէն ներս չմտած՝ արտաքին պատուհանէ մը տեսեր էի թէ կարգով շարուած մահճակալներուն մէջ ի՛րը բացակայ էր։ «Յաճա՜խ»…։

Մեր սրահին մէջ երկու օրէ ի վեր ծանր հիւանդները իրարու ետեւէ կը մեռնին։ Երեք հոգի մեռան, ու չորրորդ մը հոգեվարք է։ Երկուքը թոքախտաւոր էին, երրորդը՝ մենենժիթ։

Այս վերջինին հոգեվարքը զարհուրելի եղաւ։ Քսանըչորս ժամ չարչարուեցաւ։ Աջ թեւը շարունակ օդին մէջ կը ճօճէր- կարծես բան մը կը գրէր պարապութեան մէջ։

Հոգեվարքը այս առաւօտ փափաք յայտնեց որ հիւանդանոցին հոճան իր քովը գայ։ Ժամ մը ետք, հոճան իր վրայ հակեցաւ. հոգեվարքը անոր ձեռքը իր ձեռքերուն մէջ առաւ ու քանի մը բառ փսփսաց. ոչ մէկերնիս կրցանք գիտնալ թէ ի՛նչ ըսաւ։ Հոճան լուռ, իր պարարտ իրանը ցցեց եւ անշարժ կեցաւ քանի մը վայրկեան. անշուշտ կ՚աղօթէր։ Յետոյ հիւանդին վրայ հակեցաւ նորէն ու երեք անգամ անոր խաւարիլ սկսած աչքերուն վրայ փչեց իր շունչը։ Նորէն վայրկեան մը անշարժացաւ, իր ձախ ձեռքովը սպիտակ ծոծրակը փայփայելէ ետք։ Հիւանդը ջուր ուզեց։ Հոճան գաւաթը առաւ ծառային ձեռքէն, երեք անգամ փչեց ջուրին վրայ, երեք անգամ շուրջանակի պտտցուց գաւաթը հիւանդին դէմքին վրայ, յետոյ յամրօրէն խմցուց։ Հիւանդը երկու ումպ խմեց եւ աչքերը գոցեց։ Հոճան անձեռոց մը ուզեց, վրան երեք անգամ փչեց ու հիւանդին ճակտին վրայ տարածեց զայն։ Յետոյ ծառաներուն ու մոտակայ հիւանդներուն յանձնարարեց մահամերձին հետ չխօսիլ։

-Ալ հիմա Աստուած միայն կրնայ խօսիլ այս մարդուն հետ, - ըսաւ, ձեռքերը որովայնին վրայ սեղմած, երազկոտ։ Մեկնելու վրայ էր, երբ հիւանդներէն մէկը սիկարէթ մը հրամցնելու համար պոռաց ետեւէն։ Դժգոհանքով ետեւ դարձաւ, բայց սիկարէթին տեսքը ուրախացուց զինք։ Յոգնած ակնարկ մը նետեց հոգեվարքին մահճակալին վրայ, սիկարէթը առաւ, շնորհակալ եղաւ։ Լուցկի մը վառեցի իրեն համար։ Մօտեցաւ, վառեց սիկարէթը, ինծի ալ շնորհակալ եղաւ։ Յանկարծ ուշադրութեամբ երեսս նայեցաւ, յետոյ իսկոյն գլխուս վերեւ բարձրացող սեւ տախտակին՝ ուր անունս գրուած էր։ «Նշմարեց թէ պեխերս ածիլուած են», խորհեցայ, «ու հասկցաւ …»։ Հոճային աչքերուն մէջ երեւցող չարչարուք պղտորութիւնը անշուշտ ըսել կ՚ուզէր. «կերաւո՜ւր…»։

Այս առաւօտ Կիւլհանէ գացի, հոնտեղի ականջաբուժէն քննուելու համար։ Հիւանդանոցի լռութենէն՝ Պոլսոյ ժխորին մէջ մուտքը նախ տարօրինակ տպաւորութիւն մը ըրաւ վրաս, բայց իսկոյն վարժուեցայ։ Հանրակառքին մէջ շատ չարչարուեցայ, նստելու տեղ մը չգտնելով։ Մարմինաս շատ տկարացած է նորէն։ Երեք հոգի էինք։ Ես, աչքի հիւանդութիւն ունեցող զինուոր մը եւ մեր փոսդան։ Երբ այա-Սոֆիայի մզկիթը հասանք, փոսդանիս փափաք յայտնեց վայրկեան մը հանգչիլ։ Համամիտ եղանք իրեն ու մզկիթին մուտքին մէջ, ցամքած աղբիւրներու վրայ նստանք։ Ընկերներս իսկոյն սկսան ճաշել։ Իրենց ճաշը եգիպտացորենէ հաց մըն էր զոր խնամքով փաթթած էին աղտոտ թաշկինակի մը մէջ։ Ես ալ սիկարէթ մը վառեցի, գլխուս սիւնի մը կռթնցուցի եւ սկսայ մտքին մէջ պատրաստել քիչ ետքը ականջաբուժին առջեւ արտասանելիք ճառս որ պիտի ձգտէր conge մը ապահովելու…։

Իր ընդհանուր գիծերուն մէջ ճառս աւարտած էր գրեթէ, երբ երեք թրքուհիներ մօտեցան մեր խումբին։ Կոշտ հագուստներ հագած էին, անխնամ արդուզարդով։ Մէջերնուն ամէնէն տարիքոտը ըսաւ.

-Իսլամ եղբայրներ, մենք գիւղացի ենք, երէկ եկանք, նամազ պիտի առնենք, արգիլուած չէ՞ մզկիթ մտնելը։

Ընկերներուս նայեցայ, անոնք ինձմէ աւելի շփոթած էին։ Բարեբախտաբար, նոյն միջոցին գնդին հոճա մը կ՚անցնէր մօտէն, թեւերը մինչեւ արմունկները հանգրիճած, բոպիկ ոտքերուն պզտիկ մուճակներ անցուցած, զոյգ մը նոր, գամոտ մոյկեր ձեռքը։ Առանց բառ մը ըսելու անցաւ, բայց երբ տասը քայլի չափ հեռացաւ, ետին դարձաւ ու պոռաց.

- Ալլահ, Ալլահ, աղօթելու համար հրաման կ՚առնուի՞։ Ետեւէս եկէք տեսնեմ։

Երբ Կիւլհանէի հիւանդանոցը հասանք, ճերմակ մօրուքով դռնապանը թուղթերնիս առաւ, քննեց ու պոռաց փոսդանուս երեսին.

- Եթէ աչք է՝ ձա՛խ կողմը, ճերմակ շէնքին մէջ, եթէ… Փոսդանիս սարսափած մրմնջեց.

- Մէկը աչք է, միւսը՝ ականջ…։

- Այսօր ականջ չկայ. վա՛ղը։

Ուրեմն, հարկ էր ժամերով սպասել ընկերոջս աչքին քննութեանը համար։ Փոսդայիս անուշութիւնով ըսի որ իմ թուղթերս ինծի տայ որ հիւանդանոց վերադառնամ։ «Աչքիդ սիրեմ»ով սկսայ աղերսանքս կեղտոտ սագին ու քանի մը սիկարէթ դրի ձեռքին մէջ, բայց չհամաձայնեցաւ, ըսելով թէ սոփա ուտելու տրամադրութիւն չունէր։ Օձիքս վեր քաշեցի ու կէս ժամի չափ նստայ հիւանդներու սպասման յատկացուած խրճիթին մէջ, հողի վրայ։ Ցուրտէն կը սառէի։

Յանկարծ գաղափար մը յղացայ։ Ճամբան, Այա-Սոֆիայի պատին տակէն անցած ատեննիս, նշմարեր էի ծեր մարդ մը որ ձուկ կը տապկէր ու կը ծախէր։ Յիշեցի թէ անոր առջեւէն անցած ատեննիս՝ Ահմէտ տային սովահար գայլի ակնարկներ կը նետէր կարմրած ձուկերուն։ Որով, իրեն մօտեցայ հիմա, երբ անկիւն մը քաշուած խաղաղօրէն կը ծխէր.

- Ահմէտ տայի, երթամ սա մարդէն քանի մը ձուկ գնեմ. ի՞նչ կ՚ըսես, փորդ անօթի չէ՞…։

Իսկոյն ձեռքը գրպանը տարաւ.

- Ա՛ռ թուղթդ, բայց շուտ եկուր։

- Հարկա՜ւ. հարկաւ…։

Տապկուած ձուկերուն առջեւէն անցած ատենս չկրցայ ծիծաղս զսպել։ Ճաշարան մը մտայ եւ փառաւորապէս ճաշեցի. յետոյ, Առնաուտգիւղ գացող հանրակառքի մը մէջ ցատկեցի…։

Իրիկունը, երբ մութ նրբանցքներուն երկայնքը կը դեգերէի, Ահմէտ տային յանկարծ դէմս ելաւ։ Վշտացած, զայրացած երեսս նայեցաւ, առանց բան մը ըսելու։

- Բարե՜ւ, Ահմէտ տայի…

- Մարդ ըսածդ կ՚ամչնա՛յ քիչ մը…

- Ի՞նչ կայ որ։ Հա՜, իրա՜ւ, ձուկ պիտի…

- Գետնին տակը անցնիք՝ քու ձուկդ ալ, դո՛ւն ալ, - ու միջակ աստիճանի հայհոյութիւն մը ըրաւ։

- Ինծի նայէ, ես….

Ցասկոտ արտայայտութիւն մը տուի դէմքիս, բայց իսկոյն իր ուսը փայփայեցի, միւս ձեռքովս ծխատուփս երկարելով իրեն.

- Ա՜ռ, Ահմէտ տայի, կը ներես…

Չդիմացաւ ու խոհեմութիւն համարեց ընդունիլ հաշտութեան հրաւէրս։ Նստարանի մը վրայ նստանք ու երկար ատեն խօսեցանք ներսէն դուրսէն։ Հրաժեշտի վայրկեանին ըսի իրեն.

- Ահմէտ տայի, վաղը նորէն դուն կ՚ըլլա՞ս փոսդաս։

- Հէ՞, փոսդա՞դ… ա՜խ, կեաւուր… - Եւ իր այս քոմբլիմանին ընկերացուց քծնող ժպիտ մը…։

Հայրիկս դժբաղդ մարդ մըն է, իր ամբողջ կեանքին մէջ, իր ամբողջ կորովովը աշխատած, յոգնած, տառապած։ Միակ իտէալ մը ունեցած է իր քսանըմէկ տարեկանէն (այդ տարիքին ամուսնացած է) մինչեւ այսօր - իր ընտանիքին միշտ աւելի բարձրացումը։ Նկարագրի տարօրինակ վեհութիւնով մը ձգտած է ատոր, բայց միշտ ձախողած է։ Կեանքը գրեթէ բնաւ չէ ժպտած իրեն։

Հիմա ծեր է. իր մազերը ճերմակած են, թէեւ շատ անժամանակ կերպով։ Սփոփանք մը ունի՞…։ Ամէն ծեր, որոշ ժամանակէ մը ետք, իր շուրջը կը նայի, զինք կանգուն բռնող բան մը տեսնելու։ Հայրիկիս համար եկած է այդ ժամանակը, բայց դեռ կը չարչարուի։ Առաւօտուն կանուխ կը մեկնի տունէն եւ գիշերը մութին հետ կը վերադառնայ յոգնած։ Յաճախ լսած եմ քունին մէջ իր տքալը…։

Խե՜ղճ հայրիկս, ատեն մը անշուշտ մեծ յոյսեր հիմնած էիր վրաս, բայց հիմա գիտես թէ…։ Եւ սակայն, ես իսկ, դպրոցական օրերուս, լրջօրէն կը պատրաստէի ինքզինքս քու ապագայ սիւնդ ըլլալու։ «Ա՜խ, երբ անգամ մը ես մարդ ըլլամ…» կը խորհէի։ Մարդ եղա՛յ, բայց գէ՜շ մարդ մը։ Մեղք որ կարող չեմ լայնօրէն վերլուծել հոգիս ու բացատրել, ամէն բան ըսել քեզի։ Միայն քու առջեւդ պիտի ուզէի թերեւս իմ թշուառութեան արցունքներովս լալ։ Թերեւս միայն դուն հասկցած ես զիս, թէեւ ոչինչ ըսած ես այդ մասին։ Դուն գիտես թէ ես հիւանդ մըն եմ, ու թերեւս միայն դո՛ւն չես ուզած դատապարտել զիս՝ գործած մեղքերուս համար։ Չեմ գիտեր թէ հետեւա՞ծ ես քայլ առ քայլ հոգեկան վատասերումիս, բայց կը յիշեմ թէ զանազան առիթներով զգացուցած ես ինծի թէ ցուրտ հանդիսատես մը չես հոգիիս պայքարին, ինչպէս եղած են զիս սիրողներէն շատերը։ Մայրս անշուշտ կը սիրէ զիս, բայց իրեն հետ երբեք հոգեկան հպում մը ունեցած չեմ։ Անիկա կը սիրէ զիս, որովհետեւ իր զաւակն եմ. ամէն մայր կը սիրէ իր զաւակը։ Դուն զիս իբրեւ բարեկամդ կը սիրես եւ ասոր համար է որ աւելի մօտ ես ինծի, աւելի մօտէն կը տեսնես հոգիս։ Հայր մը եւ զաւակ մը միայն կրնան իտէալ բարեկամութիւնը իրականացնել։

Երբեմն, հազուագիւտ վայրկեաններու մէջ, երբ գիտակցութիւնս հիւանդագին պայծառութեան մը կը հասնի, այսպէս յանկարծ միտքս կու գաս դուն, քու բոլոր յոգնութիւններովդ, չարչարանքովդ, տխրութիւնովդ։ Իրա՜ւ, որչափ մելամաղձոտ ես այս օրերուս…։ Անցեալ օր, երբ տունը հիւանդ պառկած էի, ու նարինջ բերեր էիր ինծի, խորհեցայ նամակ մը գրել քեզի, երկա՜ր նամակ մը՝ ուր ամէն բան պիտի պատմէի քեզի, ամէն բան, բայց չկրցայ։ Թերեւս հոգեկան հաճոյք պիտի զգայիր զաւակիդ անկեղծութենէն, բայց միեւնոյն ատեն վիշտ ալ պիտի ունենայիր կարգ մը բաներէ…։

Դուրսը, սրահին մէջ, 8-10 հիւանդ զինուորներ կ՚ըսպասեն քննութեան համար։ Երեք խեղճուկ հիւանդներ, գրեթէ ծերունի եւ վերջին ծայր հին հագուստներով, անկիւն մը քաշուած նստած են, անշարժ, անխօս։

Բոլոր միւսները կը խօսին, կը վիճին՝ հանդարտ հանդարտ ծխելով։ Ակնարկս անոնց չէ, երեք տարիքոտ հիւանդներուն մօտ տեղ մը կը կծկտիմ, սիկարէթ մը կը վառեմ եւ իրենց կը նայիմ։

Ամէնէն առաջ, տարօրինակ յամառութեամբ մը, ուշադրութիւնս կը գրաւէ աջակողմի հիւանդը, որ ամէնէն աւելի իմ մօտս կը գտնուի։ Ոտքէն մինչեւ գլխուն մազերը ցեխով ծածկուած են. ոտքերը՝ մէկը ասդին, մէկը անդին երկարած, ձեռքերը ուժով մը սեղմած որովայնին վրայ, գլուխը պատին՝ կը սպասէ խոստացուած քննութեան։ Տարօրինակ բան, աչք չունի, ինչու որ մարդկային աչքերուն յատուկ եղող արտայայտութիւնը առնուած է իր աչքերէն, Գոնէ կո՜յր ըլլար… Ո՛չ, դատապարտուած է նայելու եւ չտեսնելու։ Եւ սակայն, բան մը կայ այդ խոշոր խոշոր բացուած աչքերուն խորը, լոյսի նուազութենէն լայնցած այդ բիբերը լոյսի տեղ ուրիշ բան մը ունին. այո՛, որոշ է թէ պատկեր չկայ այդտեղ։ Ի՞նչ է ուրեմն. դատարկութի՞ւն…։

Այդ զոյգ մը մարդկային աչքերը, որոնք մինչեւ որոշ ատեն մը, որոշ օր մը, որոշ վայրկեան մը սովոր էին ծծել արեւին լոյսը, ընդունիլ ու գգուել սիրելիի մը պատկերը, լեցուիլ յուզումով ու արտասուքով, հիմա դատարկ են…։

Յանկարծ կը շարժի, ոտքերը կը ժողվէ, գլուխը վեր կ՚առնէ, կը նայի։ Հիմա յայտնի է թէ իր նայուածքը սեւեռել կ՚ուզէ. ամէնուս զատ զատ կը նայի։ Օ՜, աչքերը շիլ են եղեր։ Նոր կը տեսնեմ։ Ձեռքերը կուրծքին կը տանի, ջղաձգօրէն կը սեղմէ պատռտած ժաքէթէն դուրս կախուող շապիկի աղտոտ ծուէն մը ու կը հազայ երկար երկար։ Ամբողջ մարմինը կը ցնցուի այդ հազէն…։

- Ի՞նչ կ՚ըլլաս, եղբայր, - կ՚ըսէ ծայրագոյն ձախակողմի հիւանդը։

Չի պատասխաներ։ Այդ հարցումը որեւէ արձագանգ չունի։ Գլուխը մէկ կողմին հակած, կը մնայ անշարժ, աչքերը գոց։ Յանկարծ, նորէն վեր կ՚առնէ գլուխը, աչքերը կը բանայ խոշոր խոշոր… ամէնուս կը նայի։ Շրթունքները կը դողան ու կցկտուր բառեր կը թոթովեն։ Ո՞վ պիտի իմանայ այդ բառերը։ Որո՞ւ ուղղուած են։

Հին, մանկական օրերէ մնացած յիշատակ մը յանկարծ կը յայտնուի մէջս, մեքենաբար վեր կ՚առնեմ գլուխս, կոտրած ապակիներէն երկնքին կը նայիմ, ա՜մպ, ա՜մպ, ա՜մպ… ուրիշ ոչի՜նչ։ Ոչ մէկ տեղ, նոյնիսկ ամէնէն հեռաւոր հորիզոններուն վրայ, կտոր մը կապոյտ չ՚երեւիր։

Զի՞ս կը կանչէ։ Շարժում մը կ*ընեմ դէպի այդ անկիւնը։ Գլուխը կը ցնցէ։ Մկանային տարօրինակ, անհաւատալի ուժով մը կը բանայ իր շիլ աչքերը խոշոր խոշոր եւ ինծի կը նայի։ Ինծի՞…։

- Սիկառ մը կ՚ուզե՞ս, ընկեր, - կ՚ըսեմ երկչոտ ձայնով մը, ցոյց տալով սիկարէթիս տուփը։

Երեսին մկանները կը կծկուին։ Ծիծա՞ղ մը կ՚ուրուագծուի։ Աչքերը կը գոցէ…։

Դիակը տրտմութիւն ու զզուանք կ՚առթէ մարդուն։ Կենդանի դիակը, ապրող մեռելը կը լայնացնէ դիտողին բիբերը, մսեցնող զգայնութիւն մը կը սահեցնէ մորթին վրայ, կ՚ահաբեկէ, բայց միեւնոյն ատեն կը դիտես։ Կենդանի մեռելը մշուշին մէջ կը քալէ, կը շարժի։ Իսկ երբ դադրի շարժելէ, երբ արձանի մը պէս սառի, անքթիթ յառի դատարկութեան, աստուածութեան բովանդակ ցրտութիւնը կը հագնի, այն շքեղ գունատութիւնը՝ որ անիրական եւ անմատչելի կը դարձնէ զայն։ Վիշտը կը գեղեցկացնէ մարդը, կենդանի մեռելը՝ որ վշտին անհունութեանը պլլուած է՝ գերեցկութեան գերագոյն արտայայտութիւնը ունի - լռութիւնը, լքումը, ցուրտ եւ ամայի տժգունութիւնը -, գեղեցկութիւնը՝ իր բարձրագոյն երեւոյթներուն մէջ։

- Հասան օղլու Մուսթաֆա…

Բաց դռնէն կը լսուի բժիշկներուն զուարթ քրքիջը։ Մեծ սեղանի մը շուրջ նստած՝ կա՛մ քաղաքականութեան վրայ կը խօսին, կամ իրենց անձնական արկածախնդրութիւններէն կը պատմեն։ Ուրիշ որեւէ նիւթ կարող պիտի չըլլար այդքան բարձր տրամադրութեան տակ պահել զանոնք։ Մէջերնուն մէկը Հայ է։

Դռնապանին ձայնը աւելի բարձր, բարկացկոտ շեշտ մը կ՚առնէ.

- Հասան օղլու…

Մէկը կը շարժի, գլուխը արագօրէն կ՚երկարէ դէպի այդ կոչը։ Աչքերը վախով եւ ապշանքով լեցուած են, մինչեւ ձեռքերովը կը փնտռէ, գետնին վրայ, առանց վար նայելու, ծխախոտի տուփը։ Կէս մը կ՚ելլէ, մէջքը ծուռ, հերաթափ, քամակը կոտրած, հեւհեւուն, գրեթէ ծերունի մըն է։ Ուսերը լայն են, հասակը՝ պերճ։

- Էֆէնտի՜մ…

- Դո՞ւն ես, շուտ ըրէ, չե՞ս իմանար։

Հիւանդը ձախ ձեռքը կը դնէ որովայնին ձախ կողմը։ Աջ ձեռքին մէջ թուղթի կտոր մը բռնած է։ Դանդաղօրէն ներս կը մտնէ։

Դուռը կը գոցուի…։

- Մատթէոս պէյ…

Դեռ չեմ սորված իր անունը։ Ըսին՝ բայց միտքս չմնաց։ Քնքուշ անուն մը՝ իր ամբողջ անձին նման։

Շուէսդըրը Գերմանիայէն վերադարձաւ։ Դէմքը քիչ մը բարելաւուած է։ Պիտի նախընտրէի իմ սիրելի թրքուհի հիւանդապահուիիս մատին ծայրը համբուրել քան անոր դէմքը։ Ստիպուած ես ամէն վայրկեան սենեակը երթալ, կէս ժամ խօսիլ, մտիկ ընել, ամէնէն յիմար բաները ըսել, երբ յուսահատ հոգի մը ունիս։

Բայց, իմ անկողնիս մէջ, կրնամ ուզա՛ծս երազել։ Լաւ է ճերմակ բաներու մասին երազել, երբ սեւի մէջ կ՚ապրիս…։

Ան հոս չէ՜ ալ։ Ալ պատրանք չունիմ։ Ալ յոյսի տարտամ ստուերն իսկ չկայ՝ սրբերու համար զիս, ինչպէս չկան վերջին օրերու երազանքս ու տրտմութիւնս։ Ալ չկա՜յ ան։ Այս երազն ալ ցնդեցաւ, ինչպէս բոլոր միւսները։ Իսկ այնքան քաղցր էր ինծի այս երազը։ Կեանքիս յոգնութեան եւ մենութեան մէջ, իմ միակ մխիթարութիւնս, միակ ուրախութիւնս եւ քիչ մըն ալ միակ տրտմութիւն էր ան։ Ահա որ կրկին կ՚իյնամ նոյն պարապին մէջ, ուրկէ այնքան կը վախնայի ատենօք, եւ որ զիս գրեթէ անբանի մը վերածած էր՝ կորզելով ինձմէ իմ բոլոր նրբամտութիւններս, հոգիս։ Կը սոսկամ։ Մտածելն իսկ այն գիշերներուն մասին, ուր այնքան խենթութիւններ ըրի՝ սպաննելու համար ստուերի նման զիս հալածող տարօրինակ մելամաղձութիւնը…։ Մտածելն իսկ այն գիշերներուն մասին՝ սրտին դանակի հարուած ստացողի նման սարսուռ կու տայ ինծի։

Ի՜նչ, վերադառնա՞ն պիտի այդ զզուանքի   եւ յուսահատութեան գիշերները, ուր նայուածքս կը մութնար   եւ հոգիիս մէջ միայն գերեզմանի ահաւոր ծարաւը կը մնար։ Այդ աղջիկը շատ օգնեց հոգիիս փրկութեան։ Եւ ատիկա՝ առանց իր գիտակցութեան անշուշտ։ Երբեք յստակօրէն չըսի իրեն թէ որքան մեծ պարտք մը ունէի իրեն՝ փրկութեան այն անչափելի գործին փոխարէն զոր իր նուաղուն նայուածքը եւ տղայական գգուանքները ըրին ինծի համար։ Երբեք չըսի իրեն այդ, որովհետեւ հպարտ եմ ու չար։ Կը սիրէր զիս եւ կը զգար թէ տարօրինակ ծարաւն ունէի իրեն։ Այդ էր ամբողջը իրեն համար։ Չէր գիտեր պղտորել, իջնել յատակը երեւոյթներուն, որովհետեւ շատ կը նմանէր հրեշտակի մը։

Կը սիրէ՜ր զիս։ Ահա տարօրինակ, անհաւատալի բան մը։ Ի՞նչ կը սիրէր իմ մէջ։ Հոգի՞ս…։ Ատիկա կարելի չի թուիր, որովհետեւ երբեք չհասկցաւ հոգիս։ Միշտ խուսափեցայ զայն իրեն յայտնաբերելէ՝ վախնալով։ Ի՞նչ բանէ։ Պարապէն։ Ան երբեք պէտք չէր որ ճանչնար գիշերէ կազմուած այդ հոգին։ Հակառակ իր բոլոր աղաչանքներուն, միշտ կը լռէի եւ կը մերժէի իրեն տալ կարգ մը բացատրութիւններ զորս ինձմէ կը պահանջէր՝ անցեալիս կարգ մը մութ արարքներուն մասին, որոնք իրեն համար առեղծուածային էին։ Կ՚ըսէր. «Ինչու՞ այս լռութիւնը։ Ինչու՞ չըսել ինծի պարզ թէ ի՞նչ է։ Ահա ա՛լ պիտի չսիրեմ քեզ…»։ Ու կը քաշուէր ժայռին ծայրը։ Բայց տեսնելով թէ աչքերս կը մութնային,   եւ ծանր տրտմութիւնը կ՚իջնէր դէմքիս, կը վերադառնար եւ ամէնէն աւելի սիրած փայփայանքներս կը շռայլէր ինծի։ «Ո՛չ», կը մրմնջէր, այտիս դէմ իր այտը դրած, «մի՛ իյնար այդ մութին մէջ. գիտես թէ կը վախնամ անկէ…»։ Իրապէս, մեծ վախ ունէր այդ սառած մելամաղձութենէս, եւ չէր գիտեր թէ ի՜նչ կար անկէ քիչ անդին, անոր մէջ, ետե՛ւը այդ մելամաղձութեան։

Անգամ մը պատահեցաւ որ, այդ տեսակ վայրկեանի մը (խնդրած էր որ խզեմ լռութիւն ը հոգիիս), աչքերէս հեղեղանման արցունքներ հոսեցան, եւ ուզեցի ըսել ամէն բան, ամէն բան։ Գլուխս դրի կուրծքին եւ սպասեցի որ արցունքներս հատնէին, կարենալ խօսելու համար։ Բայց ան արգիլեց, ըսելով թէ յիմար եղած էր ձգելով որ այդքան տժգունէի, եւ իբր պատիժ՝ պէտք էր որ համբոյրներով այրէի այտերը։ Այդ երեկոյէն ետք, մեր միջեւ ա՛լ գրեթէ մոռցուեցաւ բացատրութեան մը պահանջքը։ Եւ իմ հոգիս, իր հսկայ պարապով, միշտ գաղտնիք մը մնաց անոր համար։

Կը սիրէ՞ր այդ գաղտնիքը։ Ո՜վ գիտէ։ Թերեւս այդ պատճառով էր որ անոր նայուածքը կ՚ըլլար պայծառ՝ երբ կը գիտէր հանդարտ ալիքները ծովուն, հոն՝ վարը, ուր պզտիկ մակոյկ մը կը սահէր խաղաղօրէն, տանելով իրեն հետ անդորր հոգին ծեր մակոյկավարի մը… բայց այդ նայուածքը այնքան մեղմօրէն անորոշ կը դառնար, երբ գլուխը վեր առնէր՝ ինծի հետ խօսելու համար։

(Բնագիրը Ֆրանսերեն)

Կէսօրին, պահակի հրացանս զինուորի մը տուած, կը հանգչէի կռնակի վրայ, անգլերէն վէպ մը կարդալով, երբ ընկերս դուռը բացաւ կոշտութեամբ ու շփոթած դէմքով մը պոռաց։

-Ընկեր, ե՛լ, կրակ կայ։

-Ես ի՛նչ ընեմ։ -

-Հոն է…

-Սրահի՞ն մէջ։

-Ոչ, հոն…

-Հիւանդանոցի՞ն…

-Ոչ, սիրելի Մթոս Պէյ, զուարճանալու ատեն չէ։ Կրակը… սպան… յետոյ… կորսուած ենք։ - Հեւասպառ է, չի կրնար վերջացնել խօսակցութիւնը, երերալով կը ձգէ զիս, կ՚ուղղուի դէպի զինուորական պայուսակը, հացի խոշոր կտոր մը կը հանէ անկէ, մէջքը կը խոթէ ու կ՚աճապարէ կրկին դէպի դուռը։

Տարօրինակ չէ՞ր այս բոլորը։

Շուտով մոռցայ զինք եւ վէպս անկիւն մը նետելով՝ աչքերս գոցեցիկատուի պէս ծուլօրէն, վայրկեանին խաղաղութիւնը վայլելու համար։ Գրեթէ իսկոյն՝ քաղցր քունի մը մէջ ինկայ, ու պզտիկ վարդագոյն երազներ արդէն իսկ զիս կ՚օրրէին մեղմօրէն, երբ սատանայական հրմշտուքով բացուեցաւ դուռը, ու խռպոտ, գէշ տրամադրուած ձայն մը պոռաց իր ամբողջ ուժովը։

-Հէյ, խո՛զ, խոզի՛ զաւակ, կը քնանա՞ս, երբ ամբողջ հիւանդանոցը շարժումի մէջ է. աղտոտ մարդ, կեաւո՛ւր, ելի՛ր ու վազէ։

Սեւ պեխերով Չաւուշն էր, որուն հետ լաւ չէին մեր յարաբերութիւնները ժամանակէ մը ի վեր, եւ որ միշտ առիթ մը կը փնտռէր գէշ խաղ մը խաղալու ինծի. բայց միշտ ալ՝ ես էի որ կը հեգնէի իր զզուելի պեխերը։

-Շուտ, պարտէզ գնա, ուր ընկերներդ պատգարակները մը փոխադրեն։

Նշմարեցի թէ քրտինքի խոշոր կաթիլներ ողողած էին ճակատը եւ քունքերէն կը վազէին վար, դէպի պեխերուն ծայրերը, ուր կը կորսուէին։ Յանկարծ անհուն իղձ մը ունեցայ. ուզեցի, առանց տեղէս շարժելու, խնդալէն ճաթիլ՝ հնչեղ, աղմկալի ծիծաղով մը, խնդալ՝ խենթօրէն, անփոյթ, մինչեւ որ սեւ պեխերը կորսուէին աչքիս առջեւէն։

(Բնագիրը Ֆրանսերեն)

…Հոն, ամայի ծովափին, նստայ քարոտ տեղ մը ու երկար նայեցայ մութ կանանչ ծովուն։ Հին օրերուն, երբ դեռ գոլէճական ուսանող մըն էի, յաճախ կ՚երթայի հոդ եւ նոյն բանը կ՚ընէի… Հին օրերուն…։ Ի՜նչ անդունդ։

Մելամաղձութիւնը խեղդեց զիս, երբ լուռ ու մենաւոր նստայ հանրակառք՝ վերադառնալու համար մռայլ շէնքը որ հոգիս սպաննելու վրայ է։ Հիմա ժամը 11-ն է, պէտք է լեօպեթիս երթամ։ Գիշեր բարի։

«Լոյս» ը կրկին եկաւ։ Տեսայ թէ չարաճճի կը ժպտէր։

Ժամը 9-ին մօտերն էր։ Զգացի թէ դուրս երթալ չէր ուզեր։ Ինչու՞։ Անգամ մըն ալ… բան մը պիտի ըսէի իրեն…

-Կ՚ուզէի որ…

Թոյլ չտուաւ որ վերջացնեմ։

-Ուրեմն, բարեկամ չունիս։

-Ոչ մէկ…

-Կ՚ուզէի՞ր որ չը…

Սատանա՛ն տանի մարդը որ ճնշդ այդ միջոցին կ՚անցնէր կոշտ քայլերով, լուռ նրբանցքին մէջէն։ Վախցաւ։ Ըսաւ, կրնայ ըլլալ որ սպան է կամ հսկող օնպաշին։ Որով, շուտ մը դուրս գնաց, մոռնալով նոյնիսկ ինծի «գիշեր բարի» ըսել։

Կրկին նստայ իմ մենաւոր աթոռիս վրայ եւ սիկարէթ մը վառեցի։

-Վեսիքա՛դ, Պարոն…

Սրտի բաբախում, երկրաշարժ, մահուան տժգունութիւն։

Հնարամտութեան մնացորդով մը մրմնջեցի.

-Դիւրին է. վայրկեան մը…

Գրպանիս մէջ տենդոտ ձեռք մը… Ի՜նչ վեսիքա…։

Կարդալէ ետք կը ժպտի ան ալ. իր դերը շատ լաւ կը կատարէ ու կը հրաւիրէ որ իրեն ընկերանամ։

Հինգ վայրկեան ետք, քով քովի նստած էինք դէպի Կալաթա գացող հանրակառքին մէջ։ Սիկարէթներ կը հրամցնէր ինծի։ Կը ծխէինք, առանց նայելու իրարու։ Երբեմն, ակնարկ մը նետելով թերթին վրայ զոր ծունկերուն դրած էր, նախադասութիւն մը կ՚ըսէր…

-Գիտե՞ս, Զինադադարը իրականացած բան մըն է ալ…

Ըսել կ՚ուզէր անշուշտ… «Կ՚երթանք Կալաթայի Poste-ը»։

Պզտիկ թախիծով մը կը պատասխանէի. «Յոյս չունիմ որ խաղաղութիւնը գայ…» Մինչ ըսել կ՚ուզէի իմ կարգիս. «Մուկի մը պէս բռնեցիր զիս»։

Պզտիկ Paste--էն ներս մտնելուս՝ մտածումս անօրինակ յստակութիւն մը ունեցաւ։ Բոլոր մանրամասնութիւնները իմ բանտարկեալի կեանքիս՝ խուժեցին ուղեղս։ Յիշեցի իմ բոլոր տառապանքներս, պարտադիր աշխատանքս, հարուածները…։