Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆ

Ընդմիշտ ամբարձի՜կ խորհրդեան վերին՝

Կանգուն են սեւ հոյլք նոճեաց թանձրախուրձ.

  ստամբեր խոկմանց վեհ կարգ հընաւուրց,

Լի՛ խունկ պաշտամամբն անանց խաւարին:

Այսպէ՜ս կ’ամբառնար նախ քան կրօնքն հանուրց՝

Իրենց նախահարց անսահման մայրին,

Երբ անմարդաձայն դարուց մէջ երկրին

Կ’զեռային դեռ լոկ սողունք նախկին ջուրց.

Երբ ո՛չ մէկ շափրակ կը փթթէր այգուն,

Դեռ ո՜չ մէկ թռչնիկ կ’ճախրէր երկնաթեւ.

Եւ դեռ եկած չէր Ադամը խոկուն…:

Ու, միշտ նոյն, յաւէ՜տ նոճք պիտի կանգնին,

Ոյժ մշտադալար եւ գե՜ղ յարատեւ՝

Զի բոլորանուէր են Անվախճանին:


23 Դեկտ. 1906