Երբ այլեւս չեն սիրեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Երեք-չորս օրէ ի վեր կը ձիւնէր անընդհատ։ Կապարագոյն երկինքը կը ցանծար ու պիտի փլէր կարծես փայտաշէն ու հինցած տուներուն վրայ՝ որոնք արդէն ծածկուան էին համայնատարած սպիտակութիւնով. տանիքները կը կքէին հանդարտօրէն եւ համառ կերպով իջնող ձիւնի ծանրութենէն նեղ փողոցները գրեթէ ամայի էին, ուր հազիւ մէկ քանի անտէր շուներ սրսփալով ցուրտէն կը քաշքշուէին եւ գիշերն ի բուն կ՚ոռնային անողորմ երկինքին։ Առաւօտ եւ երեկոյ ձիւնի այդ թանձր դէգերը հիւսիսային հովէն սառելով կը քարանային, ու պատուհաններուն վրայ միայն տուներու ներքին տաքութենէն մասնակիօրէն հալելով, քմահաճ ձեւեր, ձիւնեղէն ժանեակներ կը յօրինէին։ Երբեմն տժգոյն ու վտիտ դէմք մը կ՚երեւար մէկ կամ միւս պատուհանին շրջանակին մէջ ու երբեմն ալ մանկան մը թուխ կամ խարտեաշ գանգուրները, բայց ընդհանրապէս մարդիկ հաւաքուած էին գետինը դրուած կրակարաններու շուրջ եւ ամէն տեղ գրեթէ առանց բացառութեան կը մտմտային մէկ կողմէ անգործութեան եւ միւս կողմէ կեանքի սգութեան վրայ։

Թաղին ամէնէն խիտ փողոցներէն մէկուն մէջ հինուկ եւ միայրկանի տան մը փողոցին վրայի սենեակին մէջ, Երանիկ հանըմ եւ աղջիկ Եւփիւմէ, դէմ առ դէմ կրակարանին առջեւը նստած դանդաղօրէն կը խօսակցէին իրենց երկայն ու անգործ ժամերը զբաղեցնելով։ Չքաւորութի՞ւն…։ Ատ չէր որ կը պակսէր, բայց այդ պահուն մօր ու աղջկան մտմտուքը ուրիշ նիւթի մասին էր. անոնք երբեմն նոյն իսկ կը վիճէին. իրարու հետ կը քէնոտէին եւ լռութեան մէջ նոր առարկութիւններ փնտռելով յանկարծ կը պոռթկային ու կը ջանային ջրել անպատասխանի մնացած առարկութիւն մը։

Ինծի ա՛լ ո՞վ պիտի առնէ… տարիքս լեցաւ, իմ ատենի աղջիկները կարգուեցան, զաւակներու տէր եղան. վաղը միւս օր ի՞նչ պիտի ընեմ, հայրս մեռաւ, դուն ալ ինծի հետ չպիտի ապրիս եա…մօրեղբօրս վիճակը մէջտեղն է, անպտուղ չոր ծա՞ռ մը պիտի մնամ, չէ՛ մայրիկ, ես փատնալու, տունը մնալու միտք չունիմ։

Քա՛, կը գոչէր փրփրալով մայրը, մարդս պատառ մը հացին կուշտն է, կարգուելուդ ո՞վ դէմ է, բայց մէյ մը քեզի, մէյ մը անոր նայէ… կեցար, կեցա՛ր, աս սանկ է, աս նանկ է ըսիր, հիմակ այդ գինով շունին արժան տեսար ինքզինքդ… ատանկ կարգուելուն մարդ աղջիկ մնայ, աւելի աղէկ է։

Չէ՛, ո՞վ ըսաւ… ատ միտքէդ հանէ… պիտի կարգուիմ… Խաչիկը ըսաւ արդէն ինծի. «Դուն չէ՛ մ՚ըսեր, ես ինչ կ՚ուզես կ՚ընեմ. դուն իմ խմելուս մի նայիր, սիրտիս ցաւէն ի՛նչ ընելս չգիտցայ, մէյ մը տուն ըլլանք, դուն պիտի տեսնաս. խուշին կաթը անպակաս պիտի ըլլայ տունէն. ես գերիդ ըլլամ, խմե՛մ մի. ի՞նչ ուզես ան պիտի ընեմ…»։

Վա՜յ գլուխդ, ընդմիջեց մայրը կէս հեգնութեամբ, կէս զայրոյթով. տահա դուն տղայ ես, քեզի խաբելը դժուար չէ. ամէն էրիկ մարդ գլուխ գլխի չեկած, շա՜տ բան կ՚ըսէ, շատ բան կը խոստանայ, երկինք ու երկիր քեզի կուտայ. բայց մէյ մը որ տիրանա՜յ…

Գլուխը օրրեց այս վերջին բառերուն վրայ, կարծես տաժանելիօրէն արթնցած հին յիշատակներ դիմաւորելու համար փորձառու եւ դառնացած կնոջ բարկութիւն մը, տենդագին կարմրութիւն մը կուտար իր չոր այտերուն. անիկայ շատ թուխ, շա նիհար կին մըն էր եւ իր սուր աչքերով դէմքը կորովի եւ տառապանքի խառնուրդ մը կը ներկայացնէր. մազերը թափած ու այնքան ցանցառ էին որ մանիշակորակ տժգնութիւն մը կը ցայտէր գանկէն, դէմքը, մոխիրի մէջ եփուած խնձորի կեղեւին պէս տեղ տեղ փոթտուած ու տեղ տեղ ալ ուռած էր. կոտրտած եւ սեւցած ակռաներով բերանը անսովոր խստութիւն մը կուտար իր բառերուն, մանաւանդ որ սրտմտած դէմքը կը յայտնէր այն խոր յուսահատութիւնը որ կը զգար աղջկանը անհնազանդութեանը հետեւանքով։

Աղջիկը, Եւփիմէ դեռ հազիւ քսանեօթը տարեկան էր եւ շէկերու յատուկ գիրուկ ու կաթնային գեղեցկութիւն մը ունէր. իր ճերմակ դէմքին վրայ սեւ եւ ժպտուն աչքերը շէկ թարթիչներուն մէջ գորովագին քաղցրութիւն մը ունէին. հառակառ մօրը, անիկա իր ամբողջ անձին վրայ կը կրէր լեցուն ու կոր գիծերու գիրգ հրապոյրը. իր մութ կապոյտ բրդեղէն հագուստին մէջէն վիզը կը բարձրանար ճրդմակ ու փափուկ, զարդարուած դեղին սաթէ մանեակով մը ամառները ցանը քիչ մը կը պղտորէր իր մորթին գեղեցկութիւնը եւ իր շէկ ու գռուզ մազերը շատ կարմիր կ՚երեւէին արեւին շողշողուն լոյսին մէջ, բայց այս մթին ու ստուերոտ եղանակէն մէջ անոր գեղեցկութիւնը իր կատարելութեան կը հասնէր։

Շատեր ուզեր էին զինքը, բայց վերէն կը նայէր իր թեկնածուներուն վրայ՝ գիտակից իր հրապոյրներուն. բայց այլեւս երկու տարիէ ուզող չկար, երբ ահա Խաչիկ որ իրենց վարպետին խալֆան էր ու ամէն օր կ՚երթար կուգար եազմա ու ներկ բերել, տանելու համար, զարնուեր էր իրեն։ Սկիզբները Եւփիմէ ականջ չէր կախեր, բայց հետզհետէ տարուեր էր անոր յամառ ու հետապնդող սէրէն. բարձրահասակ ու թիկնեղ կտրիճ մըն էր վերջապէս, որ ինքզինքը սեպել կուտար թաղին մէջ. ամէն կարգի թաղային շարժումներու գլուխը կը գտնուէր. ընկերներուն հետ բարի, աղէկ ու գէշ օրերուն հասնող, շիտակ ու զօրաւոր, անիկա չէր կրնար անտարբեր ձգել սիրտ ունեցող աղջիկ մը. բայց երբ անգամ մը խմէր, ինքզինքը կը կորսնցնէր, քանի՜, քանի՜ գինետունի կռիւներու հերոսը եղած էր անիկա. անգամ մը որ իր դեդեւուն սրունքներուն վրայ կենար, կարմիր ու լայն գօտին պնդացնէր մէջքին վրայ ու աչքերը սպառնային… ամա՜ն…ո՞վ իր ոտքին կը հասնէր։

Իբր խոհեմ եւ զգուշաւոր կին Երանիկ հանըմ չէր ուզեր Խաչիկը որ գինովի գէշ համբաւ ունէր. պարբերաբար գինովցող մարդու յատուկ խոժոռութիւն մը. անոր սթափած ժամերուն մէջ զայն անհաղորդ կը դարձնէր ու հակակրելի. նոյն իսկ երբ պարզ դիտողութիւն մը ունենար ընելիք բանած բաներուն վրայ, ան ի՞նչ կերպ էր, այն ի՞նչ ձայն էր, ան ի՞նչ նայուածք էր…  

Չխմած ժամուն ալ շիքեա՞ր մըն է, ըսաւ վերջապէս իր աղջկան, իբր գերագոյն առարկութիւն. երեսը ժանգոտ թէնէքէի կը նմանի, հազար օրը մէյմը խնդայ նէ չէօփլիւկը արեւ կը ծագի…

Վիրաւորուած այս վերջին դիտողութիւններէն, Եւփիմէ ոտքի ելաւ, դուրս ելլել ուզեց, կրկին վերադարձաւ ու կարծես վրէժը լուծելու համար ըսաւ մօրը.

Ատա՞նկ է… թող ատանկ ըլլայ, դուն չպիտի առնես եա, իմ ուզածս է… ես որի վրայ յոյս դնեմ, ո՞վ ինծի տէր պիտի ըլլայ. ամէնուն բերնին ծամոց պիտի մնամ… դուռ դրացի հասկցեր են որ բան մը կայ, վրանիս կը խօսին բայց եթէ բանի մը կապուի գործը, նշանուինք, լմննայ, ան ատեն որի՞ ինչ…

Վո՜ւյ… դուռ դրացին ի՞նչ կրնայ խօսիլ մեր վրայ. ոսկին փաս չի վերցնե՛ր, Եւփիմէ՛, ակռանին կը հասնի նէ թող խածնեն, ամէն պտուղի ձեռք չհասնիր, ամէն թռչունի միս չուտուիր…

Այս խօսքերը ընդհատուեցան դուռի բաղխումով. Եւփիմէ մասամբ գոհ այս խօսակցութեան վերջ տրուելուն եւ մասամբ ալ հոգին յոյսով վառուած, ճապուկ շարժումներով մը խուսափեցաւ սենեակէն եւ գնաց դուռը բանալու։

Անմիջապէս էրիկ մարդու խռպոտ ձայներ հասան մինչեւ վեր եւ մինչ նորեկները սանդուղներէն կը բարձրանային, Երանիկ հանըմ ինքնիրեն տրտռալով կը յարդարէր բազմոցին ծածկոցը։

Երանի՛կ, պոռաց տարէց մարդ մը սենեակէն ներս մտնելով, Խաչիկը սա օդին ծով գացերէ, կարմիրները լուացեր է, վաղը գործ կայ… առի հետս բերի, նայէ՛ ինչ կ՚ըսէ կոր…

Երանիկ հանըմ ընդոստ ետեւ դարձաւ. յուզումէն եւ զարմացումէն մինչեւ ճակատը կամրած էր. դրանը մէջ կեցած՝ եղբայրը կը տատամսէր Խաչիկին սպասելով. ոտնամանները հաներ էր եւ ֆէսը ու հագուստները վարը բակին մէջ թօթուեր էր. բայց դեռ ձիւնի ծուէններ կը ճերմկոտէին երկայն բալթոյին թիկունքը ու քղանցքները։

Ներ չմտնա՞ս, սենեակը պիտի պաղի։

Մարտիկ տայի անգամ մըն ալ ետեւ նայեցաւ ու դարձեալ Խաչիկ չտեսնելով ինքնիրեն խնդաց, ներս եկաւ եւ կամաց ու հեգնական ձայնով մը ըսաւ քրոջը։

Ասոնք վարը ի՞նչ կը տնտնան սա ցուրտերուն։

Մարտիկ տայի Խաչիկին գիներտունի ընկեր, այս վերջնոյն կողմը կը բռնէր. մազազուրկ եւ տարէց մարդ մըն էր ինքն իր վրայ կզկտուած. ժամանակաւ եազմաճի եղած էր բայց ատենէ մը ի վեր անգործութեան դատապարտուեր էր յօդացաւի պատճառաւ որ երբեմն զինքը կ՚անդամալուծէր ամենափոքր շարժումին սոսկալի ցաւեր պատճառելով։

Ի՞նչ օդ եղաւ, Երանիկ, կ՚ըսէր թաց ու թաւ յօնքերուն մէջէն դէպի պատուհանը նայելով եւ կրակարանին վրայ ձեռքերը տաքցնելով, որոնց աղուամազերը ցուրտէն ցցուեր էին…

Վա՜յ, հրամմէ նայի՜նք, Խաչի՛կ, ըսաւ յանկարծ դրանը մէջ տեսնելով իր ընկերոջ արքենի հասակը, որ կարծես դռներէն ներս չէր մտներ։

Դանդաղ ու հաստատ քայլերով Խաչիկ մտաւ ներս, իր ետեւէն կատուային ճապուկ շարժումներով կը մտնար Եւփիմէ աթոռ մը բռնած ձեռքը։

  Առանց բառ մը ըսելու Խաչիկ առաւ աթոռը ու պատին առաջքը նստեցաւ, նոյնպէս ոտնամանները հաներ էր ու թաց գուլպաներով ոտքերը մէկզմէկու կը շփէր տաքցնելու համար. ցուրտէն եւ բուքէն դէմքը կապտագոյն էր եւ շրթները տժգունած էին. յամր շարժումներով քակեց ֆէսին վրայի եազման, ֆէսը հանեց, թաշկինակովը հոծ եւ սեւ մազերը չորցուց եւ այն ատեն միայն աչքերը դարձնելով Երանիկ հանմին, ըսաւ քաղցր ձայնով մը…

Ի՜նչպէս ես, մայրի՛կ…

Շատ լաւ գիտէր որ Երանիկ հանըմ դէմ էր իրեն, բայց զգուշանալով հանդերձ ո եւ է կերպով քծնելէ, ինչ ըլլար չեր գիտեր անոր սիրտն ալ շահելու համար. մէկ յարկի տակ պիտի ապրէին, մէկ ամանէ պիտի ուտէին, ինչո՞ւ պաղութիւն մնար մէջերնին։

Երանիկ հանըմ առանց իր դժկամակութիւնը ծածկելու, կը ձգնէր իր տանտիկնոջ պարտականութիւնը լաւ կատարել։

Եւփիմէ, կարծես չքացած՝ գացեր անխօսուկ նստեր էր բազմոցին անկիւնը, թեւերը ծալլած՝ ցուրտը չզգալու համար եւ մեքենաբար կը նայէր պատուհանէն դուրս։

Ձիւնը անընդհատ կը տեղար. հեռաւոր նոճիներն անգամ ճերմկեր ու անշարժացեր էին, ու կարծես կը մխրճուէին կապարագոյն երկինքին մէջ որ հետզհետէ կը ցածնար։ Հակառակ կէս օրի մօտ ըլլալուն, մթնոլորտը չեր պայծառանար եւ մռայլ յուսահատութիւն մը կը տիրէր ամենուրեք։ Բայց իր հոգիին խորը յոյսի ճառագայթ մը ինկեր էր. վաղը պիտի բանէին. իրեն համար, վստահ էր, Խաչիկ աս ձիւնին, ցուրտին ծով գացեր էր. իրեն համար, ի՞նչ տարակոյս, խօսեր էր վարպետին հետ. եւ հիմակ թերեւս կարելի ըլլար յուսացած պզտիկ փոխառութիւնը ընել։ Խանդաղատանքի տաք հոսանք մը անցաւ հոգիին մէջէն, իր սիրով ու գորովանքով խոնաւ աչքերը դարձուց Խաչիկին, խոհեցաւ ապագային վրայ, ինչե՜ր, պիտի ընէր մոռցնել տալու համար էրկանը տաժանելի աշխատանքը. տունը միշտ տաքուկ, մաքուր ու հաճելի պիտի գտնար անիկա երբ ծովէն գար թրջած ու պարտասած։

«Եազմաճի» է եղեր, ի՞նչ կ՚ըլլայ, մտածեց, աչքերը պղտորած երազանքով, արհեստին գէշը կ՚ըլլա՞յ, մարդս մարդ ըլլալու է, մենք ալ ո՞վ ենք, որի՞ զաւակ եմ, մարս ու «տայիս» մէջտեղն են…

Խորհեցաւ թէ ինքն ալ պիտի աշխատէր, ուժ ու օգնական պիտի ըլլար էրկանը, անիկա տունը տեղը կը նայէր, ինքն ալ վրայ գլուխ կը շինէր, տղոցը պակասները կը հոգար. մարդուս սի՛րտը հանգիստ ըլլար, սիրտին սիրածովը ապրէր. մնացածը ի՞նչ կարեւորութիւն ունէր։

Բոլորանուէր զգացում մը ներքնապէս զինքը Խաչիկին կը կապէր. վստահ էր թէ պիտի յաղթանակէր ամէն արգելքի եւ երջանիկ կը զգար ինքզինքը, իր գորվագին նայուածքը հանգչեցուցած էր Խաչիկին հսկայ հասակին վրայ, սպասելով որ անոր նայուածքը պատասխանէր իրենին։ Բայց Խաչիկ կարծես քէնով ըլլար. յօնքերը պռստած՝ աչքերը հակած յամարօրէն, իր ցուրտէն կարմրած ոիւ ուռած մատներով սիկառէր մը կ՚ոլորէր։ Սենեակին տաքութենէն իր վրայի թաց հագուստները բարակ գոլորշի մը կ՚արտաշնչէին որ բօդասի «քըրմըզ»ի տարտամ հոտ մը ունէր իր մէջ. հետզհետէ իրենց շնչառութեանը հետ օղիի տարտամ հոտ մըն ալ կը ծածանէր սենեակին մէջ։

Նայէ՛, Երանի՛կ, Խաչիկը խօսեր է վարպետին հետ, ըսաւ վերջապէս Մարտիկ տային, տեւող լռութիւն խզելու անհամբեր։

Երանիկ հանըմ նստած տեղէն գլուխը ետեւ դարձուց եւ հարցական ձեւով նայեցաւ Խաչիկին։ Քանի շաբաթէ որ երկու ոսկի կ՚ուզէին փոխ առնել վաշխառուէ մը, բայց այս վերջինը պնդեր էր որ վարպետին երաշխաւոր ըլլայ ու բանածներնուն մէջէն ինքն անձամբ վճարէ իրեն մաս առ մաս, տոկոսին հետ. բայց ահա վարպետ, առարկելով թէ գործ չի կայ, աս օդերուհ չկրնար գործ պատրաստել. մերժեր էր երաշխաւոր ըլլալ։

Խաչիկ վերջապէս բարձրացնելով իր աչքերը Երանիկ հանըմին վրայ, ըսաւ առանց ուղղակի պատասխանելու.

Ասչափ ատենուան բանուոր էր, ինքը տայ նէ ի՞նչ կ՚ըլլայ, պարապ տեղը անչափ տոկոս ալ չէր տար։

Վայ գլխո՛ւն, ըսաւ արհամարհանքով Երանիկ հանըմ, նեղը մնացեր, բերան ծռեր եմ… Ի՞նչը կը պակսի…արիւննիս քամելով փորը կը կշտացնէ, երկու ոսկին ի՞նչ է իրեն համար, նեղը մնար նէ ի՞նչ կ՚ըլլայ, խէնչարին քա՞րը կ՚իյնար… աչք ունի, աչքը լոյս չունի մեզի համար։

Ամա՞ն, դուն ալ, Երանի՛կ, ըսաւ եղբայրը գլուխը ցնցելով, մէյ մը բերանդ չբանաս. ո՞ր մէկին պիտի հասնի, գիտե՞ս ինչ օրերու հասանք. ամէն տուն մեր վիճակին մէջ է, հիւանդութիւ՞ն կ՚ուզես, չքաւորութիւ՞ն կ՚ուզես…

Ամէնքը Խաչիկ չէին որ աս օդին երթային ծով եազմաները լուային. որո՞ւն ոտքը ձեռքը կը բռնէր. ներկերը իրենց ամաններուն մէջ կը սառէին, նախապէս լուացուած եւ խոնաւ եազմայի դէզեր կա՛մ կը փտտէին ցուրտ բակերու մէջ կամ դանդաղօրէն կը չորնային սենեակներու անկիւնները, գոլորշիի ամպեր արտաշնչելով, մինչ մէկ սենեակի մէջ թխմուած տղաքը մեծ մասով հիւանդկախ, խոյլոտ կամ րաշէդիք, անդադար կը հազային ու ծերերը յօդացաւերէ կզկրտուած, օղիէն հիւծած կամ տիկի պէս ուռած, կը համառէին ապրիլ ու բանողներուն ուսին բեռ ըլլալ։ Թո՛ղ բանէին ու ապրէին գէշ աղէկ. բայց ահա շաբաթներէ ի վեր անգործութիւնը կը տիրէր, թէզկեահները մէկ կողմ դրեր էին, էրիկ մարդիկ գինետունները, կիները սենեակներու մէջ թեւերնին ծալլած կը սպասէին. երբեմն պառաւները իրենց մուշտակներուն մէջ ապաստանած գլուխնին կը շարժէին ու երկնքին նայելով կը գոչէին։

Է՜յ Սուրբ Աստուածամար, քու կամքիդ դժուարը չկայ, ե՞րբ անուշիկ երեսդ պիտի բանաս։

Առնելիք ունի՞ք, Երանիկ հանըմ, ըսաւ վերջապէս Խաչիկ ուղղակի խնդրին գալով։

Ծնունդը մօտ էր բայց դէռ բանած չէին ու իրենց հաշիւին վրայ յոյս դնէին։

Չէ՜, ըսաւ Երանիկ հանըմ աչքերով հետապնդելով պատասխանին տպաւորութիւնը Խաչիկին երեսներուն վրայ, որոնք այլեւս կորսնցուցեր էին իրենց խոժոռ եւ դժկամակող արտայայտութիւնը եւ կը ջանային ընդհակառակը վստահութիւն ներշնչել Խաչիկին. կարօտութիւնը ծովի պէս մեծ էր, փոխ առնելիք երկու ոսկին կարկտան անգամ չէր ըլլար, բայց ինչ ընէին… Խաչիկ մտմտալով գետին կը նայէր եւ իր դէմքը այնքան զուրկ էր արտայատութիւնէ որ կարելի չեր աղէկ կամ գէշ գուշակութիւն մը ընել, լռութիւնը երկար տեւելուն, Երանիկ հանըմ յուսահատեցաւ, նորէն դէպի կրակարանը դարձուց դէմքը եւ ձեռքի ունելիով կրակարանին տաք մոխիրները խառնելով կ՚աւաղէր ու կ՚ըսէր.

Երնէ՜կ ան օրերուն, տաղաւարէ տաղաւար ձեռքերնիս փարա կ՚անցնէր, պակասնիս կ՚ընէինք, հիմակ աժեմին չաժեմին բերան պիտի ծռես, նազերնին պիտի վերցնես… հախըդ անգամ աղաչելով պիտի ուզես, ինչերնո՞ւս կ՚ապրինք կոր…

Առ սա երկու ոսկին, ըսաւ Խաչիկ, մէկէն ի մէկ ոտքի ելլելով ու դրամը դնելով Երանիկ հանըմին ձեռքին մէջ, մինչ անիկա ապշած ու միանգամայն հիացած փոխն ի փոխ աղջկանը ու Խաչիկին կը նայէր։

Արագ շարժումներով, իր պինդ քալուածքին ներքեւ տախտակամածը ցնցելով Խաչիկ հասաւ դուռը, ինքն ալ յուզումէն կարմրած էր, իր շրթները կը թոթովէին եւ աչքերուն մէջ սիրոյ եւ գորովանքի գինովութիւն կը կար՝ երբ ետեւ դառնալով ըսաւ։

Մարիկս, տոկոսի խօսք մ՚ըներ, ամօթ է, ես ֆաիզճի չեմ, ինծի Խաչիկ կ՚ըսեն, թէք գլուխ մարդ եմ, փարան ի՞նչ պիտի ընեմ, ան ալ պահած էի նէ… նորէն ձեզի համար էր, Եւփիմէին համար էր…

Ու կարծես շատ բան ըսած ըլլալուն համար խղճահար, շտապով իջաւ սանդուղներէն, չսպասեց որ Եւփիմէ երջանիկ ու փքացած հասնէր ետեւէն, ոտնամանները ոտքը անցուց ու դոռը բանալով փախստականի պէս անհետացաւ, ետեւէն դուռը գոցելով այնպիսի աղմուկով մը որ ամբողջ տանը մէջ թնդաց։

Դուրսը համայնատարած սպիտակութիւն անդադար եւ յամրօրէն կը շարունակէր ձիւնել եւ պարտէզներու մէջ այլ եւս ծառերուն ճիւղերը մինչեւ գետին կը հասնէին, կքած իրենց սպիտակ եւ սառուցիկ բեռին տակ։