Հաճի Ապտուլլահ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ մաս

Ա.

Ճարտարապե՞տը այդ ոճիրին:

Մոլլա Սայիտը:

Որ Հաճի Ապտուլլահին աները ըլլալէն շատ առաջ, աչքառու անձնաւորութիւն մըն էր, շատ մը տեսակէտներով:

Անոր արտաքին դիմագծութիւնը, մարմնեղէն շէնքը շահեկան է բաւարար չափով որպէսզի իր վրայ փորձուի համադրութիւն մը իր դասակարգին: Ու իր իսկ միջոցներով, այդ քաղաքիկին մէջ իրեն համար ճարտարապետած դիրքը չափազանց շահեկան, երբ կեանքը զետեղենք անոր պայմաններուն պարունակին: Կ՚ըսեմ ասոնք ու ընթերցողը կը կանչեմ չափաւորութեան: Ի վերջոյ պէտք չէ մոռնալ որ Ճինճի Հոճային ծննդավայրը 4-500-նոց ագարակէ նոր ելած գազա մըն է: Կը խորհիմ թէ պէտք է համեստ ըլլալ։ Երբ կը մտապատկերենք ագարակէն նոր զառածած քաղաքիկ մը ու անոր մէջ գործունէութեան կը կանչենք կանանչ փաթթոցով թշուառական մոլլա մը, մեր պատմումի սա կէտին արդէն մեծահարուստ, ազդեցիկ, անխուսափելի երեւելի մը. քառասուն տարի առաջ, պատանի: Որ ուսին տոպրակ մը, ժուռ պիտի գայ կալէ կալ, վիզը ծուռ, գութած. խլլոտ ու միշտ [1] փաթթոցը կանանչ. կրօնական ուսանողի ամենադժխեմ տժգունութիւնը դիմակի պէս հագցուցած էր սուր ոսկորներուն: Պիտի սպասէ, տոպրակը վար առած կալուորին ափ մը ցորենին. մտքէն հայհոյելով անոր եօթը պորտին վասնզի հաց ունի ու բերնով օրհնելով, դժկամ ու նուաստ. նուիրուած ցորենին փոխարէն հազար հայցելով Ամենակալէն, որուն գործն էր իր սա դժբախտ շրջագայումը կալէ կալ: Աստուածաբանական այդ մշտական ուսանողները ամառներուն գիւղերը կը թափին, ժողովուրդին հետ շփուելու համար ու այդ շփումը կը վերածեն սա կանանչ մուրացկանութեան: Այս սկիզբը կը դնէ իր կնիքը ապագայ մարդուն վրայ: Անոնց ճակատագի՞րը:

Տարօրինակ քիչ մը, ինչպէս ամէն բան է անոնց, մինչեւ իսկ անհերքելի իրենց կայսրութիւնը:

Բայց ուր ալ հասնի ատիկա. կանանչ փաթթոցին պաշտպանութեամբը. պիտի պահէ կնիքը սա սկիզբին. իբր վրէժի խորհրդանշան մը: Յաճախ անիկա պիտի խրի ճամիի մը խսիրին ու պիտի աղօթէ իր ատած Աստուծոյն [2]:

Երբեմն բախտը ժպտած պարագային. արագ արագ պիտի կտրէ միջոցները (étape) [3] իր թշուառ տարիներուն. պիտի նետուի կրկէսը եռուն, յորդ, փարթամ ապրումին. պիտի անցնի գլուխը ամբոխներուն. ու զանոնք պատուանդան ըրած իր ախորժակներուն, պիտի բրգանայ, ազդեցիկ ու պատկառուած, իշխանութեան գահոյքները մինչեւ։ Այդ շրջանին կառավարութեան պաշտօնեաներուն մէկ կարեւոր քանակը կ՚ընտրուէր անոնցմէ: Աստուածաբանութիւն ուսանող հոճաները նոյն գիծի արժէք կը ներկայացնէին պետական աշխարհիկ հաստատութեանց պտուղ միւսներուն հետ:

Դէպի իշխանութեան սա արշաւը. անշուշտ կապուած էր անհատական տուրքերու: Ու փոփոխելով քիչիկ մը փաթթոցն է ու ճիւպպէն [4], նոյնն է աշխարհի միւս մասերուն ալ մէջը:

Պաշտօնական իր անունէն զատ անիկա ունէր նշանակալից երկրորդ մըն ալ,

Ճինճի Հոճա։

Անշուշտ ասիկա աւելի պատկառելին:

Երկու անուններուն տակ գտնուող մարդը մէկ էր սակայն իր դասակարգին հաւաքական պատկերին հետ վճռական հարազատութեամբ:

Հակառակ անհամար տարիներուն, գուցէ քանի մը զոյգ դարերուն, որոնք հոլովուած ըլլալու էին այդ հողերուն վրայէն երբ անոր անդրագոյն նախնիքները իրենց կիսաթամբ ձիերը արձակ ձգեցին ջուրոտ այդ մարգերուն վրայ ուրկէ պիտի յառնէր ճահիճէն հալածական սա քաղաքիկը անիկա տակաւին երէկ կը թուէր հեռացած ըլլալ Թաթարիստանի տափաստաններէն. ա՛յնքան` քիթ ու այտոսկր, բերնի աղեղ ու աչքի ծիր. ճակտի կոխուածք ու ակնակապիճի դեղնուցը դեռ անաղարտ կը պահէին իրենց հեռաւոր, անխուսափելի կտրուածքը (coupe) [5]. ուշագրաւ ցայտումով մը. ոճաւորումով աչքի զարնելով։ Բիւթանական սա դաշտավայրին [6]. վրայոց ուր պատմութիւնը այնքան բազմապիսակ ցեղեր է դիզած, բայց չէ զանց ըրած, դարերու տափանով մը արդուկել այդ միսերուն ցցունքները. երեւան բերելու համար հասարակաց իրաւ մը դէմք, պարզ. քիչ- բարի ցոլացումով մը. եւ որուն վրայ կորագիծը (course) [7] հիւսքին գլխաւոր թելերը կը հայթայթէ. մասնաւորուելով կիներու կենդանագիրներուն առջեւ. այլապէս հարթ, առանց մեծ հեղեղատներու. արգիլուած հանելէ դէպի խորտուբորտութիւնը տափաստանին. բայց ընելով կուրծքս [8] ատիկա խորունկ ճիգի մը գինով որ արտայայտման է ելած աչքերուն պարտադրելով նշաձեւ երկարում մը, որ կաղապարին կլոր ոճին մէջ սիրուն հակադրութիւն մը կ՚ըլլայ, այլապէս յանկուցիչ: Բոլոր այն մարզին վրայ որ Մարմարայի աւազանին հիւսիս-արեւելքը կ՚իյնայ ու Ողիմպոսի թեւերով [9] գրկուած կը թուի. կինը տեսեր եմ այրերէն տարբեր կտրուածքով մը։ Ցեղը անշուշտ միջամտած է այս կերտումին: Բայց որոշ վերապահութեամբ: Վասնզի իմ ժամանակս ալ քիչ հանդիպելի էին շատ սուր երերուն յօնքերով ու նեղ երեսով կիները: Պրուսայի մէջ սաւան մը կնոջ մը քամակին ու լաչակ մը երեսին կը ջնջէին անկէ ցեղը. տարօրէն արագ: Նոյն փայլը մորթին ու մազերուն վրայ։ Նոյն լայնքը լանջքի ու կոնքերում: Բայց այտերուն մօտ հին գիծերը կը մնան առատ. թէեւ մեծ չափով աղարտուած։ Ու բիւթանական դաշտավայրին ամբողջ երկայնքովը, մանաւանդ դէպի արեւելք այս պայմանները տիրական էին: Երբ քրիստոնէութիւնը, այսինքն ուրիշ գեղերը չէին ազդուած անկէ, հանդիպելի էին մասնաւոր յաճախումով այն տիպարները որոնք կը ծփային ընդմէջ թրքութեան եւ ուրիշ բան մը որ չի կար արդէն, իր կարգին ջնջուած ըլլալով առաջին արշաւներուն. դեռ տասնըհինգերորդ դարէն [10]:

Միջին Անատոլուն անծանօթ է ինծի: Բայց Բաղեշի, Գասթիմունիի թուրքերը մօտ են այս կաղապարին: Այդ նահանգներուն մէջ թուրքերը գործադրած են իրենց աշխարհակալութեան առաջին խաչաձեւումը (croisement) [11] որքան [... ] [12], սուրէ անցընելով այս տարրը նուաճուած քաղաքներուն. եօթնէն մինչեւ եօթանասուն: Վարը` իրենց բանակներուն համար զինուոր դարբնելով, վերը` անօթի միւսները դատապարտելով. բայց ծախած են կիները. այսինքն անոնց ալ անպէտ դասը խիստ ընտրութեամբ մը պահելով իրենց անկողինին համար. գեղանի ու կայտառ դասը: Բնական այս ընտրութիւնը միջամտած է կազմելու համար ցեղին շեշտ սա այլազանութիւնը որ կը դիտուի նոյնիսկ զուտ թրքաբնակ քաղաքներու մէջ, մինչեւ այսօր: Չեմ զբաղիր աւելի անդիի Անատոլուով ուր սարահարթին աշխարհագրական, երկրաբանական գլանը խորապէս աղարտած է մոնկոլը անկէ հանելով ուժգին ու բարձրօրէն խիստ բխումով մարդերէն ոճը: Սվազի, Կեսարիոյ, Երիզայի, Տիգրանակերտի թուրքերը մինակ տարազով կամ սիրտով չէ որ բարբարոս են: Են ատիկա մանաւանդ ոսկորներով: Յետոյ, դուք չափելու չէք թուրքը սպաներէն, զինուորական կցորդներէն, դեսպանատանց քարտուղարներէն, ոչ ալ Պոլսոյ ալ իգացած, նրբենի եւ անոճ հանըմներէն ու էֆէնտիներէն որոնք զետեղելի չեն ցեղային հարազատ աւազանին մէջ։ Անոնց համար պատրաստութեան մէջ է նոր տարազը, որ հարիւր տարուան մէջ գուցէ իր վերջնական եզրերը գործէ. քանի որ ալ առեւանգելիք կին չէ մնացած իրենց հասողութեան ու այդ նրբենի թուրքը ինք մինակ պիտի կատարէ ցեղային նոր դիմագիծը ճարելու աշխատանքը. մշակոյթով, գիտութեամբ ու իմացական ուրիշ ազդակներով։ [... ] [13] այր մարդ որքան զարմանայ արտաքինէն, քիչ է:

Ու պէտք է տակաւին քանի մը տող նուիրել այդ խառնուրդին հոգեկան ալ այարին [14] ։ Անիծեալ տիպարը իբր հոգի բոլորովին մօտիկ կը կենայ իր պապերուն. ոճիրին, ասպատակութեան, հաւաքական սպանդին եւ խաղաղ աշխատանքին ընդմէջ քիչ տարբերութիւն դնելով: Բոլոր փոքր, անպաշտօն գողերը, անօթի, պատահական, նուաստ ու դաւաճան սպանիչները. թոյլ ու գձուձ յուղկահատները որոնք ուժի մը առանձին բախումէն կաքաւի ձագերու նման կը տարտղնուին, համազարկ անգամ ընդունելու ատեն չգտնելով, իրենց խուճապահար փոյթին մէջ, այդ շերտերէն կը զօրահաւաքուին: Այս խաւին մէջ, մանաւանդ հոգեկան մոնկոլութի՛ւնը, ասիականութիւնը այն որ սլաւ արիւնին գնդիկներուն շուրջը զիս կը պահէ ստեպեան բլազման, ըսել կ՚ուզեմ՝ այն ուժգնութիւնը զգալու, զգացածը շամանդաղելու. կեանքը ատելով հանդերձ զայն մոռնալու համար յիմարօրէն ինքզինքը իրմէն դուրս արձակելու սուր տուրքերը. որոնք ռուսական հոգիին հիմնատարրերը կը կազմեն: Այս ամենը այլասերած ձեւով մը (բառը ոչինչ ունի նախատական. ժողովուրդները բարձր մշակոյթով կ՚այլասերին վայրենութեան եւ նախնականութեան մէջ անոնք կը պահէն հոգիին սկզբնական trempe-ը [15]

Ճի՛շդ, դարձեալ Ճինճի Հոճայի գիծի մոնկոլին ալ մօտ. Պոլսոյ քիթերուն. նեղուած` իր վերարկուին մէջ: Որ արագիլի պէս բարակ սրունքներուն վրայ ուռուցիկ մը փոր տեղաւորած սէզերը կը չափէ եւ հաւկթակեր իր աչքերը կը սրբէ ներքին վայրենութեան մշտահոլով յեսանին: Ջարդի եղանակներուն բոլոր առաջնորդները, հերոսները, կամաւորները. խելայեղ իրենց մարտնչումով այդ տարրէն եկան: Ինչ որ անսովորն է այս ամէնուն մէջ. պոլսական էֆէնտիէն, պէյզատէին, փաշազատէին [16] ՝ հոգեկան միակտուր եղբայրութիւնն է ու մոնկոլին: Ու կ՚ապրին անոնք քով քովի, տակաւին ան միւսներուն հետ որոնք ոչ թուրք եղան, կրցան ըլլալ ոչ ալ սնող իրենց անդրանիկ հոգեկաղապարը: Այցելեցէք կառավարական դիւանները մեծ քաղաքներու մէջ: Խնամոտ ընտրութիւն մը թեթեւցուցած է, չըսելու համար տարագրած մոնկոլ դիմաձեւը, դարձնելով ուխտատեղի բոլոր մարդոց բայց տարօրէն համաձուլած է հոգիները սկզբնական խառնարանին մէջ: Ու վերջացնելու համար այս շեղումը. կ՚աւելցնեմ թէ 920ի դէպքերէն [17] առաջ Պրուսայի դաշտին մէջ հանդիպելի էին քանի մը յոյն գիւղեր. խնայուած ով գիտէ ինչ հրաշքով եւ որոնք հաւասարապէս հեռու կ՚իյնային յոյնին ու թուրքին իբր դէմք ու հոգի:

Ու դառնալ մեր պատմումին։

Բ.

Ըսի՞ թէ կանանչ էր անոր փաթթոցը:

Թերեւս։ Բայց չըսի թէ այդ գոյնը ուղղափառութեամբ հարազատ թրքութեան հոմանիշ կը նկատուէր այս պատմութեան օրերուն. այսինքն քսաներորդ դարու սկիզբին [18]: Ընդհանրականը ճերմակն էր, մաքուր ու ֆէսը կիսով գօտեւորող առանց միջամուխ ու իրերանցիկ ծալքերու կամ հանգոյցի. վարչական պաշտօններու մէջ այս ճերմակ փաթթոցը յառաջդիմութեան խորհրդանշան մըն էր անշուշտ: Կանանչը յամառ ու սրբազան գոյնը, որուն մէջ իսլամ աշխարհը մարգարէին դրօշակին յաճախանքը կը հաստատէր:

Մինակ փաթթոցը բաւ է մարդը թելադրելու ձեր աչքերուն: Բայց պարտաւոր եմ աւելցնել նաեւ գլուխը, հսկայ, ցեղատիպ, խորտուբորտ ու գիշախանձ. ոսկորներու հարազատ պատռուածքով ու ցցունքներու գունատութեան նոյն աղտահար առհաւութեամբ: Ի՛ւղոտ. վասնզի միշտ քրտինքէ ողողուած: Աղտոտ, հակառակ օրական լուացումներուն, նամազի համար ստիպողական [19] որոնցմէ ոչ մէկուն հանդէպ չեղաւ անիկա զանցառու: Հոտած, վասնզի լուացումը անոնց մէջ կը հպատակի աղօթքի եւ սեռային մաքրութեան պահանջին: Առաջինը` արտաքին մասերը կ՚ենթարկէ ջուրին։ Ամբողջական լուացումը սերմին է կապուած: Ու Ճինճի Հոճան իր կենսունակութիւնը ի սպաս էր դրած փորը կրելու, սատանաները կառավարելու, տուն քանդելու: Արդէն ստեւի պակասը. պեխերու ուրուատիպ խանձումը նշաններ էին սեռին կանուխ շիջումին: Բաղնիքի այս պակասը, ամէնօրեայ քրտինքի լուացքէ յետոյ, կը ստեղծէր անոր անձին շուրջը շատ թթու, աշխած բան մը: Անոր զգեստները աղ կը հոտէին այդ թթուածութեան հետ: Մարդ կը կարծէր, թէ անոր մօրուքը թթուն դրուած որթի նոր ծիլերէն էր կազմուած, ճերմակ ըլլալու տեղ կանանչի զարնող: Ու անոր փոքրը, որ կ՚ուռէր, կ՚ուռէր տարիքին հետ. ալ չպարտկուելու չափ մանրանկարի վերածուած պարեգօտէն, վերարկու եւ համազգեստ նոյն ատեն, գոյնէն աւլուած բայց աղտէն մուշամպա դարձած, հիննալու տեղ քարանալով, զոր կը կրէր պարտքի մը պէս իր կարգին համար բարձրօրէն մոլի ու բծախնդիր։ Էջերով չի սպառիր այս արտաքինին ինքնատիպ պատկերը: Ու կ՚անցնիմ [20] ։

Անիկա գտած էր ձեւը իր հաւատքը արժեւորելու, հաւասար խղճմտութեամբ իսլամի փառքին ու սեպհական քսակին: Իր կրօնքը իրեն համար անխոցելի զրահ մը եղաւ, զոր հագած քալեց կեանքին բոլոր հարուածներէն ինքզինքը ներքնապէս ապահով զգալով: Երեսուն տարեկանին մոլեռանդ քարոզող մըն էր, առանց վախենալու իր զգացումները յայտնաբերող չիսլամին պիղծ գոյութեան դէմ: Այդ ատեններուն, իր դիմակը ամբողջ քաղաքակրթութեան մը խորհրդանիշը կը դառնար. այն ոգիին որ կէս դար յետոյ Լոզաններու վեհաժողովին մէջ [21] իր նուիրագործումը պիտի գտնէր ժողովուրդներու ամբողջական բնաջնջումը պետականացնող, Մեծ Ամերիկային եւ հզօր Եւրոպային, արիսպագոսը հարկադրելով սրբագործելու սառնասիրտ ոճիրը ճինճի հոճաներու յաջորդներուն:

Աղքատութիւնը մօտէն շօշափած. անիկա իր դրամը ցոյցի չէր հաներ. ուրիշ չտեսներու վրայ բարկանալով ու առիթներ, օգուտով գործածելու հսկայ իր տաղանդը կը սքողէր թաքթով, տէրվիշի վայել այլուրութեամբ մը. դրամի հանդէպ կեղծելով ճարտար այլուրութիւն մը, մանաւանդ տալու մէջ։ Իր այս խորամանկութիւնը օրինական էր ըրած իր վճարումները դիտումնաւոր մոռացմամբ ուշացնելով. բայց երբեք չուրանալով: Առանց քսակի կը պտըտէր ու կէս օխա սոխին ալ դրամը չէր գտներ. անոր կէս կանգուն հասակով գրպաններէն. պարեգօտին զոյգ կողերուն. մէջքին ու վերնաշապիկին: Կողոպուտի համար այս հեռատես պատրաստութիւնը բաղդատելի է առակի կատուին որ ալիւրի մէջ թաթխուած կը քնանայ ու կը քնանայ։

Մեծկակ շահէ մը վերջ որ խաբուելով ձգուած մեծագումար աւանդի մը, կասկածելի սահմաններով արտի մը, կամ ժողովը ինկած քրիստոնեայի մը դրամներուն հոլովումովը կը համանշուի. անիկա սուսիկ. համեստ կը քաշուէր [22] իր տունը, կը փակէր սենեակը կնկան ու աղջիկներուն երեսին իր պատիժը` տղայ զաւակ չունենալը եղաւ ու ծունկի. գոհունակ նամազ մը կը մատուցանէր Բարձրելոյն, արդար ու արժանաւոր պարծանքով մը շոյելով իր մօրուքը որմէ միշտ այդ թթու հոտը պիտի ծաւալէր. ռունգերն ի վեր սանկ այրող թելով մը ոլորագին բարձրանալով մինչեւ ուղեղին տունը. այսինքն խելքին խորշը։

Անիկա միշտ այդ թթուն հետը պտըտցնելով դէմք մը երբեմն կը խտանայ իր մէկ մասին վրայ. մարդեր կան որ միայն կզակ են կամ վիզ կը փառաբանէր իր մեծագործութիւնը. նմոյշի մը պէս ներկայացնելով նոր իր քաղաքիկը, որ անոր պնդումովը, ամբոխային ցոյցերովը փակած էր ընդմիշտ. քոսոտ էր շուկան. ինչպէս ճախնոտ հողերը` անհաւատներուն շահագործումին: Միս-մինակը, քառորդ դարէ ի վեր, նոյնիսկ այն օրերուն երբ այդ նոր քաղաքիկը խոշոր աւան մըն էր, ան ընդդիմացեր էր չիսլամներուն հոն հաստատուելուն։ Կը հալածէր. փողոցի լակոտներուն քարկոծումին ենթարկելով` պատահական վաճառորդները. խեղճ ու կրակ հայերը, որոնք իրենց գեղերուն մէջ հողերու գրաւումով ապրուստէ նեղուած. թագաւորին տուրքը մարելու համար իրենց տուները թողած. ճամբու բոլոր վտանգներուն քամակ ծռելով կը ցրուէին թուրք գեղերը. ամէն բանով առատ. հողէն սկսեալ մինչեւ արգանդը. ու քանի մը կանգուն բան զարկած ուսերնուն. արշինը անութին տասնըվեց ժամ կը չափչփէին ջերմոտ, որդնահար այդ փողոցները, թագաւորին տուրքը գոցելու գերագոյն հոգով. վասնզի հարկահանութիւնը պետական կնիք առած էր, ու քրիստոնեան պարտաւոր է վերադառնալ մերձաւոր իր գերութեան զգայութիւններուն։

Բաց էր անոր դուռը բոլոր դժբախտներուն խտիր չունէր. որոնք երկնառաք ցաւէ մը. խղումի [23] մը հարուածուած. մարդկօրէն դարմաններէ յուսավրէպ [24]. անոր համբաւին կը վազէին. մօտէն ինչպէս հեռուներէն, եօթն օր ճամբայ կտրելով, ափ առնելով աղխերը անոր դրան ու բանալ կու տային համբաւաւոր թուղթը [25]. ոգեհարցական վսեմ պաշտամունք, որուն արարմունքը անիկա կը շրջապատէր հոյակապ սինպոլիզմով մը եւ զոր ոչ ոք չէր տեսած ճշդիւ, քանի որ Ճինճի Հոճային անձը այդ րոպէներուն ահաբեկիչ իմաստի կը բարձրանար, խնդրարկուն խորտակող` զայն արգիլող մարդկեղէն տարրական գիտակցումէն, դատումէն:

Ճի՜նճի Հոճա: Մի ըսէք ու անցնեք։

Մեր զարգացած քաղքենիի իմաստութիւնը մեզ ըրած է յաւակնոտ, ուրանալու աստիճան քողոքնելու պարունակէն դուրս մեծ հեղինակութիւնները: Բայց տակաւին այսօր, կիսաշրջիկ ցեղախումբերու մէջ. մարդեր. այսինքն պետերը կը վարեն այդ զանգուածները մեր վարժապետներէն աւելի շքեղ հեղինակութեամբ մը, Արեւելքի մէջ, նկատի ունիմ օսմանցիներով ներկայացուած կայսրութիւնը, Ճինճի հոճաները քաղաքական յեղաշրջումներու խմորն են եղած դարերով: Ու հասարակ ընթերցումը որ անանկն է հիմակ. չորս հինգ դար պետական բարձրագոյն առաքինութիւնը եղաւ:

Անիկա կ՚արժեցնէր իր գիտութիւնը գրեթէ անվրէպ պատգամներով, որոնք ոսկեգոյն թուղթի վրայ իրեն կը բերէին, ըստ զրոյցներու, իր ծառաները, անոր խելքովը ծուղակը ինկած ճիներ. ու պարտաւոր` գործադրելու անոր բոլոր հրամանները: Մի վախնաք: Դեռ չենք լքած գերբնականին հանդէպ մեր դիւազգած տխրութիւնը:

Իր թուղթերէն առաւ խնամոտ պատրաստութիւն մը. անոր տաղանդը կը կորզէր դիմողներէն թանկագին տարրեր հոգեյատակի. որոնք իրենց պարզութեան մէջ շատ ալ չեն ըլլար գիշերուան սփիւռին մէջ։ Տարիներ ու տարիներ մարդերու շարժին թիւի հետ մեր շփումը մեր մէջ կ՚ստեղծէ այս մաղը. մարդոց շատախօսութեանց դեզէն որ կապուած ու թեղ եղած յարդն է ցորենով խառը զատելու կարող՝ հատի կը։ Ի՞նչով կը տառապի գիւղացին. քանի մը մեծ փափաքներ ու նոյն թիւով ատելութիւններ կը շինեն անոր զգացական մթերքը. կինը, դրամը, նախանձը, փառասիրութիւնը. գրեթէ տուած եղայ այդ ցանկութիւններուն հիմնատարրերը: Ճինճի Հոճան ճարտար հարցուփորձով կը յաջողէր աղերսարկուն փոխադրել այդ հոգեյատակին էն խորունկ անկիւնը. հոն` ուր, իր կարծիքով կարող է միայն ապահով աճիլ մեր ցանկութեան ծաղիկը` ուրիշի մը արիւնին, արգանդին, տրամին մէջ արմատ արձակած: Ու իր տաղանդը` նորէն դիմողին դէմքէն. տարիքէն. պահով պայմանաւոր պատկերէն կազմելու ամբողջութիւնը անոր ու վարելու իր քննութիւնները համաձայն այն յուզմունքին որ ամէն անհատի անձնական բախումն է. նկարագրի հեղումի. արեւելահայ բարբարոս բառով մը` վարքագիծը: Ան` որ անխախտ մասը կը կազմէ մեր մշտահոս եսին ալիքներուն ներքեւ. անմար ժայռէ յատակի մը պէս պսակելով: Անգամ մը ենթական դասակարգելէ վերջը, անոր մասնագիտութիւնը դիւրաւ կը թափանցէր դէպի բացառիկ պարագան որ սա դիմումը ստեղծեր էր։ Ու ատիկա. այսինքն ամէնէն դժուար նկատուած բաժինը այս վերլուծումին. անոր համար կը վերածուէր փոքրագոյն իմաստի: Ան ի յառաջագունէ տարիներով առաջնորդն է սակայն, գիտէր թէ իրեն ներկայացող երկու կիներ, տարիքով տարբեր, մէկը սանկ քառասուն. միւսը դեռ քսան չկոխած. ուրիշ ցաւ չունէին եթէ ոչ էտիկը իրենց տարիներու գերագոյն ցաւը: Մատղաշ կնիկին նայուածքին մէջ որում դրուած էր ցաւը որով լքուած կնոջ հոգին եղի պէս կը փայլի դեռ արցունք չեղած, ծիածանին շուրջը: Ու ասի կա այսպէս, փորձանքէն ուրիշ կիներուն համար:

Իրեն համար տարբերութիւն չունէր դիմողին ներկայութիւնը կամ նիյեթին [26] առարկան. ներկայ ու բացակայ։ Հիւանդներ, անդամալոյծներ, դիւահարներ փոխադրելի ապրանքներ չեն: Ու Մոլլա Սաիտը անոնց զգեստին մէկ կտորովը գոհ կ՚ընէր իր ճիները. որոնց գործն էր հարցաքննութեան անկարելի մասը աւարտելը: Անիկա դիմողին ետեւէն կը ղրկէր իր ոգիները, որոնք աս ու ան ձեւով. ճամբորդ, մուրացիկ, բանուոր, ընտանի անասուն, թռչուն, նապաստակ, աղուէս, այսինքն ինչ որ օրուան մը ճամբորդութեան մէջ հանդիպելի են ամէն տուն դարձողի պիտի անցնէին անոր քովէն ու իրմէ առաջ պլիտի հասնէին իր տունը, կատարելու իրենց սպասը: Յետո՞յ: Նոյն ճամբով` դարմանը։

Ու անոր սպեղանին վճռական, մինակ մահուան առջեւ տեղի կու տար, քանի որ մահը մեծ էր բոլոր ոգիներէն:

Ու մարդիկ խորունկ հաւատքով կը փորձէին անոր նուսխաները, դեղահատները, - հասարակ կաւ, - փոշիները` ալիւրէ եւ շաքարէ, երբեմն ալ ճախճախուտ վայրերէ եկողներուն համար գինին, իր սոլֆաթոն, համայիլները, մատաղները` սեւ հաւի, սեւ գառնուկի: Ու մարդիկ, նոյնիսկ մահուան երեսէն օգնութիւն կը խնդրէին ամենազօր Հոճայէն, իրենց հարստութեան կէսը խոստանալով:

Եղոտ, մեծղի, վիզին վրայ միuի քանի մը խաւով, իր հելուն շնչառութիւնը անիկա կ՚ընէր դերասանի մը պէս երանգաւոր: Անիկա առաջին տարիներէն իսկ վարժեցուցած էր խնդրարկուները թաց գալու, կանանչ գալու, - պտուղ, կերակուր, գունչ մը պանիր, նոյնիսկ սոմուն մը հաց, հոգ չէ, բայց չոր գալու: Անշուշտ, հիմա որ իր տունն ու տեղը յորդած էին աշխարհին բոլոր բարիքներովը, Ճինճի Հոճան այդ նուէրներուն կարօտ չէր: Բայց ըստ իր պատմումին, անիկա պարտաւոր է կերակրել իրենները, այսինքն բանակները ոգիներուն: Որոնք մեզի պէս բերան ունին ու մեր նուիրանքով կը կշտանան: Այլապէս թագաւորին բոլոր ամբարները անբաւական պիտի գային գումարտակ մը դեւ շաբաթ մը կերակրելու: Աղքատութեան օրերու կտակ սա վարժութիւնը անիկա չէր կրնար մոռնալ հարուստ ըլլալէն ետքն ալ: Ու կը պահէր խեղճ ու կրակ մարդոց բերնին պատառը նկատուող այդ նուէրները իր բանուորներուն, միշտ փշրանք մը բան ալ իր մեծակառոյց փորին ուղարկելով որպէսզի ոգիները չըմբոստանա՜ն [27] ։

Գ.

Ճինճի Հոճային ոգիները չէին նմաներ սովորական չարագործ ոգիներուն: Անոնք քաղաքներէն. քիչ շատ մտքերնին վարժ. մարդոց վնասելու համար տիրոջը հրամանին սպասող արարածներ էին, որոնք իրենց տկար մէկ կէտին վրայ յաղթուած հզօր Հոճայէն ընդունած էին անոր ինքնակալութիւնը իրենց վրայ: Ու էին հաւատարիմ, խօսք-մեռուկ. պարկեշտ:

Զանոնք մշակի նման վարժեցուցած էր դաշտի աշխատանքներուն: Գործի կը լծէր ամէնէն նեղ օրերուն: Մանգաղը այդ դաշտերուն մէջ ամէնէն տագնապալի շրջանը կը կազմէ աշխատանքի, վասնզի ամէն մշակ ինք իր արտին հողին կը հասնի: Ճինճի Հոճան չէր տագնապեր: Անիկա ձին հեծած օր մը երկուք կ՚աներեւութանար ու առտու մըն ալ անոր ընդարձակ արտը քաղուած կը գտնէին մարդիկ: Հնձողնե՞րը: Ոգինե՜րը անշուշտ:

Ո՞վ ունենալու էր քիչիկ մը խելք Հոճային ճամբորդութիւնը կապելու այս երեւոյթին: Ո՞վ պիտի հաւատար, թէ լեռնային արօտներու խաշնարածները անիկա կը վարձէր գիշերուան մը համար ու կը բերէր իր արտերուն. քանի որ անոնք չէին իսկ հանդիպեր քաղաքիկը։ Իրականութեան այսպէս ըլլալուն՝ հակառակ մարդիկ կը հաւատային թէ Ճինճի Հոճային ըրղաթները [28] ցերեկը կը քնանային գերեզմաններում քարերու ճեղքին. կամ նոճիներու խոզակներուն մէջ. կամ նոր ոռոգուած ակօսներուն [29] լճացած ջուրերուն երեսին. փրփուրին աչքերուն մէջը, կամ ջուրին քաշուելէն յետոյ սարդի ոստայններուն հիւսելով իրենց մետաքսէն ալ բարակ թեւերը: Ով չէր հաւատար. ով կը կասկածէր. անիկա կը պատժուէր. զարնուելով իր մատակէն. ախոռի ուրիշ սիրելիներէն. արտէն ու ծառերէն. նոյնիսկ տունէն. ուրկէ մահուան մուտքը չէր ուշանար. առնուազն հիւանդութիւնը: Այսպէս են կազմուեր մարդոց հեքիաթները։ Չեմ գիտեր ուրի՞շ է կերպը իրականութեան ալ կազմումին: Ու այսպէս կը յօրինուին, աւա՜ղ, շատ անգամ մեր հարստութիւնները։

Չեմ գիտեր. ընթերցողը պիտի ուզէ հետեւիլ ինծի որպէս զի երթանք Հոճային Քարայրը։ Ողիմպոսի մէկ dépressionին [30] մէջ բնական փորուածք մը. այնքան նման ուրիշներու, նեղ մուտքով ու մէջէմէջ քանի մը սիւնակ հարթութիւններով, ուր պտկաքարը ու շթաքարը խորտակուած են հովիւներուն յիմար զուարճութեամբը ու պոռնիկներուն քմայքովը։ Աւելին չարքեր: Միայն պարտք կը զգամ յայտնելու որ ամէն քարայր ոգիներու իշխանութեանց պալատ մըն է. ժողովուրդին հաւատքով։ Ու պալատը` առանց ոսկիի. ադամանդի ըմբռնելի չէ: Այդ պալատներն ու գանձերը կը պահպանուին շքեղ սատանաներով. մեծ մասը ճերմակ, գեղեցկութեամբ մը որուն մօտ փուտ հող կը դառնան մարմինները չքնաղ սուլթանուհիներուն: Ու էգ էին անոնք: Ու կը բանան իրենց դռները զանոնք խորտակել կրցող ուժովներուն։ Անոնք շատ կ՚ախորժին մարդոց սրտին կրել։ Ու կան որ զանոնք ընդ միշտ իրենց կապուած կը պահեն... Հեքիաթը անհուն է երբ կիներու մարմինը եւ ոսկին կը ձեռնէ:

Հոճան այդ քարայրէն հանած էր պատկերը իր ոսկիին. շատ յանդուգն ռազմավարութեամբ մը հարկադրելով պահապանները բանալիներու յանձնումին։ Անշուշտ աւանդութիւնը քիչ շատ խելք ունի ոգեհարցներու ընթացիկ աղքատութիւնը զատելու սա ոսկիին առատութենէն. պայման դնելով ստորերկրեայ այդ գանձերուն տեսողական վայելելու մը միայն մարդոց աչքերուն: Ուղիին համար. այսինքն այդ գանձերը դուրս փոխադրելու համար անոնք կը պահանջեն մարդկային զոհ: Ու ո՞վ է յիմարը որ իր կինն ու զաւակը պիտի տայ անոնց, ոսկիի փոխարէն: Ճինճի Հոճա՞ն:

Զուր տեղը չէ որ մարդ հեքիաթ մը կը շինէ:

Անիկա տոպրակը դրած էր քարայրին ամբողջ պահակախումբինը, լոկ իր պերճախօսութեամբը. ու կոտրած ասեղ մը անգամ չխոստացած անոնց. հանած էր դուրս թանկագին բեռները։

Ինչ որ ըլլան աղբիւրները երկնային կամ երկրային Մոլլա Սաիտին հարստութեան, որ, ճիշդ խօսելու համար, միջակ հողատէրի սահմանէն քիչ կ՚անցնէր. մեզի պարտք կ՚իյնայ զատել անոր թթու եւ փարթամ անձը միւսներէն:

Ո՞վ ասոնք։

Ասոնք ոչ թէ Սայիտ Մոլլային նման ճահիճէն բուսնող շինծու կախարդներ: Այլ վաւերական, կատարեալ վհուկներ: Հնդկաստանէն կամ Մէքքէէն դուռ բացող:

Արեւելքին ընտանի տեգոռը. սա մարդոց անհուն աղքատութիւնը. ցոյցի դրուած բազմամբոխ քաղաքներու մէկ անկիւնը. աւելի շուտ մեծ մզկիթներու մուտքէն քիչ բացօք քաւելէ աւելի նստիլը զանոնք կը զատեն անվաւերներէն. ասոնք ալ Մեքքան ու Հնդկաստանը հոլովող. բայց Սուրիայէն: Բոկոտն, եղկելի կիսամերկ արարածները. բայց խոր յարգանքով պարուրուած։ Անկարելի էր անոնց գրաւած անկիւնը առնել իրենցմէ: Թաղապետութեան չաւուշները կը վախնային գործադրել անոնց վրայ բժիշկ քաղաքապետին հրամանները զանոնք դուրս քշելու ու կը նախընտրէին պաշտօնէ արձակուիլ քան թշուառականներուն սրբութիւնը վիրաւորել: Ու հոն ամէնէն բանուկ պողոտաներու մէկ անցքին ծուարած կը նստէին անոնք. քոսոտ շուներէ աւելի աղտոտ: Սակաւապետ, օրերով աղօթք համրելու աստիճան: Նիհար. միսին բեռը կրելու համար զիջում մը չնետելով. իրենց ստամոքսին որ անոնց տրամաբանութեամբ չունէր բռնանալիք միւս անդամներուն. ոտքերուն ու ձեռքերուն: Դեփ դեղին աչքերով, նայելէ յոգնող ու արհամարհոտ: Ու փորը կ՚աճէր անոնց մատներու անկիւններուն ու վիզին ակօսներուն: Արտաքին այս չուառութիւնը անոնք փոխարինած էին ներքին մեծ վայելչութիւններով: Անոնք ամենահզօր մարդեր էին ստորին աշխարհի ուժերը սանձահարելու արուեստին մէջ: Ու անոնց զօրութիւնը քիչ բան էր դարձեալ դուրսէն. երբ դիտուէր. գաւազանիկ մը. կամ սեւ քարի մը կտորտանքը. քիչ անգամ ուլունք ու բակլայ։ Այս զաղփաղփուն զէնքերովը անոնք գեղէ կը պահէին սատանային ընդարձակ երկիրները: Երբ աւազը փռած իրենց առջեւ կլորակ մորթին. այդ գաւազանիկով կը գծէին վրան կախարդական բոլորակներն ու եռանկիւնիները անոնք հէնց գանգին վերի մասովը կը տեսնէին խորութիւնները երկնքին ու երկրին ու կը բռնաբարէին անոնց բոլոր թաքուն պալատները: Անսխալ ըսին բոլոր դասերը, որոնց որ նայեցան աստղին. այդ գիծերուն եռանկիւնաչափումին։ Ու հիմնակա՜նը: Ամէնքը աշխարհ մը գաղտնիք. դեղարան դարման կը հայթայթէին ատոնց կարօտը ունեցողներուն ու հինգ փարայէն աւելին հարամ կը սեպէին։ Նետեցին անխնայ ետ երեսին ատելի դրամը ով որ ըրաւ այդ սրբապղծութիւնը: Իրաւ որ, այս դասակարգը, այս խստամբեր վարքով. արժանի էր տիրելու ոգիներում աշխարհին:

Մոլլա Սաիտին աստիճա՞նը սա նուիրապետութեան մէջ [31] ։

Ատիկա չհարցուցին մարդիկ. ինչպէս չեն ալ հարցներ ուրիշ աստիճանաւորներու, ուրիշ նուիրապետութիւններէ: Իրաւ կամ սուտ. իր գիտութեամբը, անիկա կ՚արդարացնէր իր մականունը, որ կը պսակէր երեսնամեայ իր ասպարէզը։ Անոր տավէթները [32] ծանօթ էին ամէնուն: Խորախորհուրդ սա արարողութիւնը, զոր պիտի ներկայացնենք քիչ անդին, Հաճի Ապտուլլահին խելքը առնելու համար գլուխէն ու մղելու զայն խելօքիկ՝ ոճիրին:

Ինչ որ արարողութենէն բաժինն էր ամբոխին, զանազան ու զարմանազան հոտերու այրումը` կրիայի պատեանէ կրակարանի մը մէջ: Աւելի փչումները, սուլոցի կամ նուաղող շշուկի ստեղնաշարին բոլոր աստիճաններովը։ Աւելի` քառասնօրեայ ծոմապահութեան ու փորձութեան դժնդակ տեսարաններ, որոնք մարդոց ջիղերուն տարողութիւնը կը ճշդեն։ Ոգիները հրաւիրող ադամորդին պիտի կրէր մեծագոյն նախատինքները դեւերու վոհմակին. ու պիտի հանդուրժէր անոնց բոլոր գարշութիւնները իր ու իրեններուն վրայ։ Պիտի թուք անգամ կուլ չտար երբ աչքերուն առջեւ մորթէին այդ դեւերը իր տղան, կինը, աղջիկները պղծէին: Ու պիտի մնար անկաշառելի անոնց բոլոր խոստումներէն: Ու պիտի մնար անդրդուելի անոնց շեղումէն, աղերսանքէն ինչպէս զայրոյթէն, սպառնալիքէն: Կարելի չէ էջերով սպառելով այդ փորձութեան տրամին բոլոր մանրամասնութիւնները: Խորունկ միսթիք մը ու մարդկային հոգիի խորունկ հասկացողութիւն մը կը հանուին այս pratiqueներէն որոնց վաւերականութիւնը ոչ ոք կայ սակայն երաշխաւորող: Կ՚անցնիմ, նմանապէս արագ, աղէտներուն դրուագումէն որոնց կ՚ենթարկուի ամէն համբակ, երբ առանց նախաւոր, երկարատեւ մարզանքի միջամուխ կ՚ըլլայ այս կարգի բարձր հաղորդութեանց: Ոգիները վրէժխնդիր են: Ու վա՜յ տկարներուն, նոյնիսկ ոգիներու աշխարհին մէջ:

Դ.

Ոչ ոք գիտէր ստոյգ, ուր կը հասնէր մինչեւ ուժը Մոլլա Սաիտին:

Ըսի՞ թէ կը գործածէր ոգիները, նոյնիսկ իր տան կարիքներուն. թէ լուացքը, անուշը, շերամներու բուժումը անիկա կատարել կու տար անոնց: Բայց չկար մէկը որ հաստատէր զրոյցները:

Անոր քիւլահը [33], ան զոր կը կրէր բացառիկ օրերու. իրեն միայն ծանօթ իրենց արժեքէն. իր երկու թիզ հասակին մէջ կարող էր պարունակել այնքան ոգի. որքան` Հաճի Ապտուլլահին կամ կառավարական մթերանոցին մեծ ամբարները` ցորենի հատիկ: Ու մէկ ոգի, մինակը, կրնար այնքան գործ կատարել որքան ամբողջ բնակչութիւնը նոր քաղաքիկին: Իրա՞ւ: Սո՞ւտ: Չկար մէկը, որ անոր ներկայութեան, նոյնիսկ բացակայութեան, համարձակէր կասկածի ձգել անոր պատգամները: Նման սրբապղծութիւն մը պատճառ էր որ գործողին տունը քանդէին նոյն ոգիները, որոնք, ծովու աւազէն ալ շատ պահուած կը սպասէին սեւ դդումին մէջ, անոր հրամանին ակնկառոյց նետուելու համար դուրս. ճամիի աղբիւրը ստուերող սօսիէն ալ բարձր հասակներով, իւրաքանչիւրին ուսին հինգ կանգուննոց կացին, աչք թարթելէն ալ քիչ ժամանակի մէջ փոշի ընելով իրենց հասողութեան ինկած ամէն բան, մանաւանդ տուն ու պալատ: Հա՜, թող գիտնային ասիկա աշխարհի մեծերն ու պզտիկները, պէյերն ու շատախօս ըմբիշները, իրենց ուժով ուռած յիմարները: Անոր տանը բակին. մեծ սիւնի մը վրայ կախ կը կենար սեւ դդումը որուն շարժիլը, հովէն կամ մարդոց բազուկէն. չէր տեսնուած քանի կախ էր ահաւոր տոլը [34] ։

Իր նոյնքան ծանրահռչակ գիրքովը որմէ ձեւը կ՚երեւար բայց երբեք պարունակութիւն` այսինքն գիր կամ էջ, անիկա սովոր էր ահաբեկելու ներկայացող խնդրարկուն: Զայն ձգած առջին. երեք հեղ շրջանը կ՚ընէր անիկա բակի սիւնին ու անկէ անշարժ կա՜խ սեւ դդումին ամէն մարդ գիտէր թէ դդումը այդ գոյնը առած էր իր պարունակութեան ժահրը ծծելէն ծծելէն ծուռ ծուռ աշելով (աչքով կէս դիտել) հետեւորդը։ Յետոյ զայն կը հանէր դուրս. երկրորդ բակը. որուն մէկ անկիւնին տաղաւար մը, փայտեայ, վերցուած քաղաքին հրապարակէն երբ հեռագրի, ոստիկանական նոր կարգերու հաստատման ատեն դիմում էր եղած իր պերճախօսութեան, համոզելու ամբոխը որպէսզի չընդդիմանար այդ կեաւուր նկատուած նորահնար բաներուն։ Հոճան կատարած էր իր պարտքը եւ ժառանգած ոստիկանական առաջին փայտեայ տաղաւարը. զայն տունը փոխադրել հրամայելով ու փոխարէն շինել տալով. անշուշտ պետական պիւտճէէն, արժանաւոր ուրիշ մը: Տաղաւարէն` մութ սենեակը. անպատուհան ու անդուռ: Ուր կ՚իջնէին հորի բերնին նմանող մուտքէ մը: Կար մէկ ճրագ. աղուոր մոմէ, որուն սպառումը պարտաւոր էր վճարել այցելուն նորով մը։

Խոնաւ, կիր հոտող այդ խոռոչին մէջ Հոճան կը նստէր ծունկի. տախտի [35] մը վրայ զոր կը ծածկէր սեւ գղիաթ մը. ու կը հանդերձուէր: Կախարդական արարողութիւնները իրենց պայմանները ունին:

Ահաւոր լայնութեամբ յօրանջ մը անոր կզակները կը լարէր իրարու դէմ խուլ, ծխնիի կճռտուքը յիշեցնող շրշիւնով մը։ Տարօրէն սրելով ողջ մնացած զոյգ մը շնատամ [36]. կարմիր պատնուած. որոնք լինտերուն պարապին վրայ կանգուն օձի ակռաներու կը նմանէին: Մոմին դողդոջ լոյսը հազիւ կը բաւէր լուսաւորել աղօտակի անոր կոկորդին հորաձեւ անցքը ուրկէ սատանան, իր բանակներով ազատ մուտք ու ելք ունէր: Քանի՞ անգամ այդ յօրանջը: Ըսողներ կային որ այդ անգիտակից բացխփումը կը հպատակէր գործածուելիք ուժերուն թիւին կամ կարեւորութեան: Ոգիներն ալ չէին կրնար անպատիժ անարգել մարդկային ռազմավարութեան հիմնական օրէնքները. թի՜ւը: Որքան երկարէր այդ ելեւէջը, այնքան պահանջը խոշոր կու գար սանդարամետեան ուժերուն [37]: Ու նոյն համեմատութեամբ կ՚աճէր Հոճային սակագինը: Ու արդարացի էր այն յաւելումը: Վասն զի տղայ մը աղջկան մը դարձնելու համար վատնուած կորովը, ոգեղէն հոսումները համեմատելի չէին սիրական կնիկ մը իր էրկան աչքէն պաղեցնելու ու փոխարէն մեր ցանկացած աղջիկը քշելու նոյն այդ աչքերուն պաշտամունքին: Ասիկա` իբր օրինակ մը այն հարիւրաւոր գործառնութեանց որոնք նոր վաճառականութիւնը կը ներկայացնէին ոգիներու շուկայով: Յետո՞յ։

Արցո՜ւնք։

Անշուշտ, ամէնքս ալ գիտենք ատիկա: Յօրանջին արցունք կը հետեւի: Բայց այդ ջուրը կը բարձրանար խորհրդապաշտ իմաստի, Հոճային` աչքերէն։ Առնուազն դողդոջ արիւն մը կ՚ըլլար, մոմի լոյսովը այսպէս երանգաւոր, որ կը սառէր թարթիչներու սանտրին ու չէր իյնար վար. մինչեւ որ կանանչ թաշկինակ մը չդիմաւորէր զայն: Մղձուկ այս տեսարանին խռովքը կը զօրանար դժնդակ հոտով մը որ անոր մարմինին արտածորումն էր քիչ մը ամէն տեղ. բայց սա խոռոչին մէջ, օդին չնորոգուելովը կը ստանար շնչահեղձող խտութիւն: Մարդկայինէն դո՜ւրս. ոգիներու պիղծ փորոտիքէն ապահովաբար մղուող: Գոնէ այսպէս կը հաւատար ինքը. հոյակապ դերասան սանդարամետեան սա ողբերգութեան:

Բայց այս ամէնուն մէջ, տպաւորիչը` կարճ իր իրանին գրեթէ շնչահեղձ շարժումն էր սա հաւբունին խորը. ուր թթուածինը կը նուազէր արագ արագ. Հոճային սիրտը նեղելով տարիներուն բազմանալէն ասդին: Դժնդակ հեւք մը, որ կը յիշեցնէր ջրհանի մը սուլոցը, իբր արդիւնք ունէր առատ քրտինք մը, ճարուած անոր մարմինին աշխած ծակերէն: Այդ հեւքը խղդուկ կարմրութեամբ բանջարի մը կը վերածէր անոր գլուխը. երբ իր կզակը կոխելով վիզին դնդերներուն կը ծռէր վար. գղիաթին ներքեւ փորուածքէ մը հանելու համար մեծ իր մատեանը. ահաւոր պատմութեամբ: Կէս մը դէպի փոսը ծռած։ Միւս կէսը օդին մէջ առկախ. անիկա տքալով. հեւալով, երբեմն հեկեկաձայն լալով, ծանր, որպէս թէ դագաղէ մը, կը վերցնէր այս դիրքը. սեւով, վարշամակուած. մինչ իր ամէն վայրկեան փրթելու պատրաստ շունչը հազիւ ատեն կը գտնէր հրամաններ բանաձեւելու. հա՛տ, հա՛տ, արագ ու վայրենի.

Գետին, գետին, գետին նայէ...

Գեղացիք, մանաւանդ պառաւ կիներ, ստիպուած էին աչքերնին բաժնելու մռայլ տեսիլքէն. չքարանալու սարսափով։ Վասնզի մէկէ աւելի էին անոնք որ պատժուած էին անհնազանդ ըլլալով Հոճային հրամանին։ Անոնք երեք օրէն, երեք շաբաթէն, էն ուշը` երեք ամիսէն կը կուրանային: Հոճային գիրքը Հոճայէն մեծ էր: Իրողութիւն էր որ սա տրուած տեգոռով ու սա հոգեբանութեան ու սա պայմաններուն մէջ. այս խաւարակուռ մատեանը, իր ուրուային աղջին նպաստովը միայն բաւ էր մարդերը եօթը օր հիւանդ ձգելու:

Յետո՞յ։

Պիտի կարդար անկէ աղօթքներ, ակնոցը անընդհատ տեղաւորելով [38] մէկ ձեռքով. միւսը չբաժնելով մատեանին մարմինէն զոր անկարելի էր տեսնել վարէն. ծնրադիր նստող խնդրարկուին կողմէ: Խուլ, անմոռանալի աղօթքներ. շշունջ քան թէ բառերու շարք. որ երկարումին մէջ կ՚անգայտանար. հետզհետէ թանձրացող աղջամուղջի մը վերածուելով ունկնդիրին հոգիին խորը: Երբեմն տախտին մէկ հեծքը, մոմէն առկայծում մը կ՚ընդհատէին սա կախարդական հոսումը. ստեղծելով ուրիշ սարսափ: Ոգիները այս ընդմիջումով կը յայտնէին իրենց ներկայութիւնը: Ու շեշտերով ու կերկերուն ու խեղդուկ ճիգով եղանակուած, մռայլ ու օրօրուն իր կշռոյթին մէջ սա բառատարափը` կը տպաւորէր քրտնաթոր հեղինակութեամբ մը։ Զայն տեսնողը կը զգար թէ մեծ ճակատամարտ մը կը մղուէր անոր ուղեղին ներքեւ: Ու շէյթանին բանակները զանցառելի ուժ չէին անշուշտ: Անոր դէմքը, օդին պակասէն ու հոտին այլացումէն, սա րոպէներուն կը հագնէր այլուրութիւն մը, ցրուածութիւն մը, ոգեղինացում մը որ կը փորագրուէր այցելուին միտքին: Անգամ մը այդ քարայրը իջնողը, չէր մոռնար անոր գղիաթին վրայ ծնրադիր պայքարողին խոց խոց վեր տուած դէմքը..

Մոլլա Սաիտը քիչ անգամ կ՚իջնէր ատկէ ալ անդին. բուն քարայրը ոգիներու հրաւիրող այր ծառայող։ Մենք պիտի այցելենք հոն ալ, Հաճի Ապտուլլահին հետ: Ներկայ ըլլալու ոգեհարցական նիստի մը [39]. բոլորովին տարբեր բաց տուներու մէջ. ընկուզենի սեղաններու վրայ կամ մետիոմներու միջոցով գործադրուած տեսարաններին: Մինչ այդ. պէտք կը զգամ աւելցնելու որ անիկա սա հեղինակութիւնը, սարսափախառն հիացումը կ՚ապահովէր բաց աշխարհին, հանդիսաւոր, շատ եղերական առիթներու, արտասանելով արաբերէն իր աղօթքները, սրտեռանդն, հեծկլտուն, լիակատար ասումով, ձեւով ու ցնցումներով. գեղջուկ դերասանութեան անկասկածելի ճարտարութեան մէջ յուզելով խղճմտանքները, արդէն օրուան առիթովը տրամադիր այդ բանին: Անոր շնորհներէն մէկն էր այդպէսով սկսուած. ազդեցութիւն մը շահագործել, առանց ատիկա զգալի ընելու: Դիմառնաբար կը խօսէր [40] անծանօթ սուրբերու, ուժերու, հրեշտակներու անուններ նետելով հրապարակ: Ու այդ խօսքերը կ՚ամրանային ունկնդիրներու ներսը։ Մէկ քանի օր բաւ է որպէսզի թեթեւակի տեսնուած դէմք մը, պարագաներու նպաստով բռնանայ մեզի, միջամտէ մենէ ներս. խանգարէ մեր կենսագնացքը ու մեզ առնելով մեր հունէն, ակօսէն ընդ բռնավար դէպի մեղքը, դէպի ոճիրը: Փնտռեցէք ձեր շրջանակին մէջ այս անակնկալ շեղումները ու պիտի հաստատէք վարկածին տարողութիւնը: Ո՛րը աղօթքով, որը այտերուն մետաքսովը, որը նայուածքին մեղրովը պիտի մտնեն մեր հոգեկան զրահանքէն ու մեզ պիտի հանեն մեր հին անձին դէմ:

Կախարդութիւն չէ ասիկա. այլ կեանք:

Ե.

Ծանրակշիռ հարցե՞ր:

Որքան կ՚ուզէք, նոյնիսկ գիւղակի մը մէջ որուն տուներուն թիւը յիսունը չանցնիր:

Ու անոնց լուծումը դատարանէն շատ առաջ. գործը` այդ գեղերու կախարդներուն:

Սաիտ Մոլլան նման հարցերու առջեւ. ինքզինքը կը սալէր հին կրօնքներու [41] հարկադրած ծիսական արարմունքներով: Երբ տագնապը իջած է հասարակաց խղճմտանքին. անիկա հասարակաց յուզում մըն է: Այդ տագնապին զոհերը արժանի էին ամէն արգահատանքի:

Անիկա կը դիմաւորէր` այդ դժբախտները, անոնցմով ներկայացող ողբերգութեան համեմատ, խիստ, կարեկցուն, խրախուսիչ կամ ահաբեկող: Անիկա երկդիմի ժպիտով կ՚ընդունէր առաջարկները աս ու ան իրարմէ զատելու, հետեւանքէն անմասն ու յաճախ երկկողմնակի. առտուն մէկուն համար պատրաստելով թուղթերը, էտինքին հակառակկորդին ձեռքը թխմելով ուրիշներ: Ասիկա այլապէս շահաւէտ գործունեութիւն մըն էր: Ան չէր մերժեր առաջարկը ու աս ու ան ամբարիշտ ձեռքը ջախջախելու, կամ ամբարտաւան բերանը կարկելու, ամէնէն շատ բառի, բռնութեան՝ հերոսները չհանդուրժելու: Ու բարիք մը ընողի նման սերտ բարութեամբ կը լուսաւորէր պառաւները, իրենց հարսերէն դժգոհ, ասոնք ճկելու հարկադրելով դէպի յարգանքը մեծին: Կամ` մօրը գիրկէն օտարին պահելու վրայ պատանին մեծ յօժարութեամբ իր մօրը կը դարձնէր, բոլորն ալ իր թուղթերով, ժժմակներով: Բոլոր այս յիշումները, երկու տողնոց իրենց սեղմութեան մէջ ընդարձակ խռովքներ էին. գիշերը տակնուվրայ ընող, երբեմն իրարու դէմ հանելով տասը քսան դերակատարներ, քաշուած հոսանքին գեղացիի նախնականութեամբ ու արագութեամբ: Եւ որոնց մէջ պարփակուած ցաւին քանակը, իւրաքանչիւրէն առանձնակի հրապարակ թափուած` տասը ջրհոր կարող էր լեցնելու: Ու գրականութիւն չէ այս տարազը: Վասնզի ո՞վ պիտի չափէ իր լիութեան մէջ սուգը որ մայրիկինն է, երբ իր հազար նեղութեամբ, յաճախ այրի գլուխով, այսինքն ներսէն ու դուրսէն թշնամիէն հալածական, իր իսկ ճիկէրով սնուցած երիտասարդը կ՚առնեն իր ծոցէն. ու կը տանին օտարին. միշտ սանկ ու նանկ աղջիկ, եթէ ոչ պոռնիկ: Ո՞վ պիտի չափէ ցաւը կնիկին որ չորս հինգ զաւկի մայր, սեղանին ջուր հաց. յաճախ ալ մինակ` ջուր. կը սպասէ էրկանը. գերուած դէպի ծոցը ուրիշ կնոջ [42] մը: Ու վերջացնելու համար այս անսպառ շարոցը. ով` պիտի տայ ճիշդ աստիճանը ցաւին այն մօրկան որ համոզուած է, թէ օրրանին մէջ ցաւագար իր տղեկը փոխուած է. երկունքի շաբթուն իր շուրջը դարձող սատանաներուն հնարքովը ու ինք հիմա հրէշի մը կու տայ իր կաթը, մինչեւ որ ճղուի, ճղուի ու ոսկորիկէն ալ կոտրած գոցէ աչքերը, մինչ անդին իր պորտէն կտրուած ձագուկը սատանաներուն սեւ կաթին մէջ դատապարտուած է սեւնալու եւ մարմինէն զատ հոգին ալ գեհենին գրելու: Հեքիաթ չէ ասիկա. այլ հայ ու թուրք գեղերու մէջ շատ յաճախադէպ իրողութիւն. որով կը մեկնուին ժառանգական ցաւերէ անտեղեակ այդ ուղեղներուն համար չաճող փոքրերուն ընկրկումը, մազ մը բան մնալը ու կապուտցած մորթով գերեզման իջնելը։ Հեքիաթ չէ ասիկա, այլ իրողութիւն գեղջուկ կիներու միտքին շատ մօտիկ: Թող ուզէին այդ մայրերէն իրենց ճիկէրը ու ան պիտի չվարանէր իր կուրծքը ճեղքել, տալու համար պահանջուածը, հերիք է որ այդ գինով իրենց ձագուկը կը փրկուէր:

Նման դժբախտներու արցունքին առջեւ հոյակապ էր Մոլլա Սաիտը: Անիկա կու լար, յետոյ կը փրփրէր. ոգիներու հետ բուռն ճակատամարտ մը դիտելով, կատարեալ հարազատութեամբ: Ան կը բռնէր իրեն ներկայացուած մանկիկը երկու ոտներէն. մէկ ափն ալ դրած անոր քամակին: Յետոյ կը նետէր վեր իր գլխէն, կը բռնէր ինկածը կրկին. տաքնալով փոքրիկին լեղապատառ ճիչերէն որոնք արդիւնքն էին սատանաներու ճիրաններուն հզօր ճնշումին անոր ոսկորներուն հիւսուած. ու տեսողական հզօր թելադրումով, աճպարարութեամբ գրեթէ, ճօճումները արագացնելով, ձեռքի մանկիկը զոյգ ցոյց տալով իբր թէ կը փոխէր դեւին ձագուկը. կը կորզէր ինսան օղլուն [43] ճիներուն ձեռքէն: Ու ատ օրէն փոխուածը կը դնէր վրայ, մէկ երկու շաբաթէն ֆիլ կը դառնար, պարպելով եօթը կնիկի ծիծ ու տարին բոլորած ատենը փայտ սրունքներուն տեղ դրուած կ՚ըլլար միսի մէջ լխպիկ զոյգ մը աղուոր բումբ։ Հէ՜յ զօրութիւնը ճին հալածողներուն:

Այս գիծի անոր քաջագործութիւնները գիրք կը լեցնեն։

Ձգելէ առաջ անոր դժոխանուէր տաղանդին սա ցուցադրումը հարկ է տակաւին քանի մը բառով մօտենալ անոր հմայիլ ներուն, մեր լեզուով հմայեակ ներուն, գեղակերտ. ամրակար Մէքքէի թուղթով ու Մետինէի [44] մելանով։ Հիմա այս անունները կը հնչեն պարապ: Այն օրերուն անոնց արտասանումը միայն բաւ էր հոգիները խռովքով, երազով, երկինքով ողողելու: Այդ համայիլները, քարի պէս դիմացկուն կաշի եռանկիւններու մէջ ծրարուած` չէին ազդուեր տաքէն ու պաղէն. քրտինքէն ու լուացքէն. թշնամիին աչքէն կամ կապարէն: Գեղամարմին ըմբիշներու կուրծքին անոնք յաղ թանակի զինանշանները կը նկատուէին, երբ ելած էին Մոլլա Սաիտի գրիչէն, հիմա անգոյ մեծ թռչունի մը թեւովը գրուած, զոր անոր ոգիները բերած կ՚ըլլային անդիի, վարի աշխարհքէն:

Ու տակաւին անոր նուuխաները, եօթը լեռ հեռու ապրող բայց մեր աշխարհէն սեւ թռչուններու արիւնով գրուած որ չի չորնար, կ՚ըսեն, ու իր կաշեայ գերեզմանին մէջ կը պճպճայ տարիներ, մահուան կողերէն հանուած քրտինք մը իբրեւ կեանքին յայտարա՜ր: Անոնց ալ ծագումի վայրը կը հեռացնէր անիկա: Արեւելքի շատ մը սուրբ քաղաքներէն մէկը մինչեւ քշելով կաշին կամ մագաղաթը:

Շուկայի ապրանքներ ասոնք. տարիին եւ եղանակին համեմատ. հասցէին եւ դիրքին հետ գին փոխող։

Այս ամէնը, որոնք տարուէ տարի աւելնալով իր շիլ գործերուն [45] արդիւնքին` ըլլային ստեղծած իր ներկայ հարստութիւնը ու ատոր հպատակ իր բարոյական վարձը մեծափառ ճարատարապետած: Ով գիտէ:

* * *

Բացի գերբնականին մէջ իր այս շնորհքներէն, Սայիտ Մոլլան աշխարհիկ իրերու հանդէսին ալ դէմ շահեկան, ու այն օրերու հանգամանքներով «ներկուռ» երեւելի անձնաւորութիւն մըն էր [46] ։ Ամէն քաղաքիկ իր աքաղաղը կ՚ունենայ: Այդ մարզերուն աքաղաղները, դրամի կամ զէնքի կենդանակերպէն, քիչ անգամ կը հանդուրժեն պարեգօտաւոր մարդոց այս գերագահութիւնը: Հոճան իր ճիներուն վոհմակովը, բայց մանաւանդ իր խառնուածքին յորդ տուրքերովը լռեցուց նախանձորդ փառքերը:

Պզտիկ, շատ թանձր իր մարմինին դանդաղ բայց երկարաշունչ եռանդովը, տպաւորելու, համոզելու, «փոշի ցանելու», «փչելու», «նուաճելու» իր առաքինութիւններովը որոնք դեւերուն կայսրութեան շնորհները կը նկատուէին իր մրցորդներէն ու անդիմադրելի Մոլլա Սաիտ տիրական անձնաւորութիւն մըն էր, խածան, ամենակար, մանաւանդ խառնակիչ։ Արաբական առածը որ բոլոր երկարները յիմար հռչակելէ յետոյ բոլոր կարճերն ալ քսու կ՚որակէ. քիչ անգամ իրաւ ըսած է, այս դիպողութեամբ: Կարճերուն մարմինը բնութեան սա զրկանքը թերեւս կը դիմաւորէ այս կարգի բազմախռիւ տուրքերով: Դիտեցէք ձեր շուրջը ու դժուար պիտի չգայ ձեզի համոզուիլ արաբ առածին յաւիտենական իմաստութեան։ Բոլոր կարճերը խորապէս ամբարտաւան բայց այդ զգացումը պարտկելու մէջ խորագէտ շատախօսներ են որոնք ուրիշներուն մօտենալու համար. զանոնք շոյելու. սիրաշահելու բնական գաղտնիքն ալ նկարագրի գիծ են ըրած. տեւական. ամէնօրեայ կրկնումներով: Թող այդ մարդերուն վրայ պետական, վարչական կամ ազատ արհեստաւորներու աստիճաններէն տիտղոս մը թառի. անոնք կը դառնան անդիմադրելի: Անոնք չեն աճեր տարիքէ. ինչ որ մեր լեզուով հոմանիշ կու գայ մշտական երիտասարդութեան: «Հաւը` պզտիկ. միշտ ալ ճուտիկ», աս ալ ըսողը թրքական առածն է։ Ու կը խորանան խառնակչութեան ու կեղծիքի մէջ։

Ճինճի Հոճան կեղծաւոր մը չէր, դրամը զինքը կ՚ազատէր այդ զեղումէն: Ու անիկա ամէնէն մեծ մարդն էր իր քաղաքին: Անշուշտ խելքը կ՚ունենանք սա քաղաք տարազին տալու իր պատշաճ իմաստը: Թուրքերը այս որակումը հաճոյքով ու ձրի կը փակցնեն երէկուան ագարակին, հերիք է որ անկէ մարդ մը Պոլսոյ մէջ հասած ըլլայ պետական բարձր դիրքի. կամ այցելող կուսակալի մը քմայքը սիրաշահուի քիմքի եւ ուրիշ զգայարանքներու խօսող նուէրներով։ Աւելի յաճախ ժուռնալ [47] մը, շրջաններուն մէկ մեծ հողատերը, բռնաւորը կը հանէին զայն ուշադրութեան։ Քանի մը հարիւր տուն. ճարուած հոսկէ ու հոնկէ. դեռ պահելով հիւղական իրենց յարդարանքը, հոտելով գեղը, թրիքը, աղտոտ ոտքերը հօտաղներուն։ Քանի մը տասնեակ ալ կրածեփ տուներ, քաղաքին գոյնն ու պատրանքը թելադրող` կալատիպ ու ճախնայատակ այդ հարթութեանց վրայ ու դուք կ՚ունենաք նոր քաղաքիկը։ Անատոլուի եւ Ռումելիի երկաթուղին իր կայարաններով հարիւրաւորներ է ստեղծած անոնցմէ, ցաւագար ու ջերմոտ աւաններ, գնացքին սուլիչովը հազիւ աչք բացող իրենց թմբիրէն ու անցքէն յետոյ հաշիշէ թունաւոր այդ քունին մէջ նորէն ընկղմող։

Ճինճի Հոճան վեհապետն էր քաղաքին: Ռէժիմը, զոր Սուլթանները հաստատած էին, մեծ նպաստ կը բերէր այս փաթթոցաւոր հեղինակութեանց: Թուրքը յեղափոխութեան ատեն միայն ինքն է անոնց դէմ: Ու յեղափոխութիւնը պէտք է հասկնալ խառնականութիւն, կողոպուտի առիթ: Ուրիշ պայմաններով. կրօնաւորը տիրական դէմքն է արդիական գիւղին ու քաղաքին:

Գայմագամը պարտաւոր էր, իր պաշտօնին գլուխը անցնելէ յետոյ, առաջին այցելութիւնը իրեն կատարել: Զանցառու մը անիկա «թռցուց» [48] կիներու ցոյց մը կազմակերպելով որոնք երիտասարդ պաշտօնատարին աղջկանց վարժարանը (անունը միայն. ինքը` սենեակ մը. ուր քսան երեսուն աղջիկ ձմրան ձիւնին ու ցեխին, արտէ արգիլուած. տաքնալ կը սորվէին, քանի մը անգամ երթեւեկը պատրուակ նկատեցին հսկայ բողոքի մը. պոռալով կանչելով կառավարական պալատին առջեւ։ Հոճան հեռագրով հեռացումը ստացաւ անփորձ պաշտօնատարին։ Այս դրուագը լաւ դաս մըն էր նորեկներուն, որոնք պարտաւոր էին նկատի առնել անոր կարծիքը, տրամադրութիւնը. հեռու եւ մօտ շահերը. հասարակաց ձեռնարկ մը սկսելէ առաջ: Անշուշտ ժողովուրդը չէր սպառեր անոր բերելիք բաժին-դրամին: Ճինճի Հոճան մեղք կը սեպէր տալը, ամէն բանի մէջ: Ու կարդացողին խօլ ջիղերը ուրիշ առած է: Բայց Հոճային կալուածները քիչ մը շատ տարածուն, քիթով մը, պոչով մը գոնէ շփման կու գային ճամբու մը յատակագծին։ Տարիներով անիկա արգիլեց կոյանոցներու հաստատումը, վառելի իր մէկ խանութը զոհ պիտի գար «օտարին» աղբի՜ն: Ի՞նչ էր մեղքը պատուական հորերուն, որոնք գոհացուցած էին իր նախնիքները:

Անիկա թռցուց կառավարական ընդհանուր դատախազը որ աստուածաբանական մէտրէսէ [49] մը եւ Պոլսոյ իրաւա բանական վարժարանը աւարտելէ յետոյ, եռանդով ասպա րէզ էր` նետուեր. օգտակար ըլլայ տգէտ իր եղբայրներուն: Լուսամի՞տ: Հարկ չի կայ ատոնք քննելու: Անիկա բախում ունեցաւ, անշուշտ քիչ մը անփորձութեան, շատ մը` իր խանդին պատճառով, անխուսափելի Հոճային հետ որ, Գուրման Պայրամի (Մատաղականը իսլամներու) առիթով մորթուած ոչխարներուն կաշին կը հաւաքէր. առանց հաշիւը տալու ստացուածին, քանի որ Հոճան անոնց փոխարժէքը կը բաժնէր « ներքեւ ձեռաց » չքաւորներուն եւ ողորմութիւնը հրապարակային եղած պարագային կը տուժէ կէսը իր արժէքին: Ըստ այս տրամաբանութեան անիկա կը կլլէր աղքատին բաժինը: Ու հակառակ անոր որ ամէն մարդ տեղեակ էր կատարուածին. ամէն մարդ պարտաւոր էր անոր տունը տանիլ իր ձեռքով տօնական մորթերը: Անհեթեթութի՞ւն: Որ բանը չէ սա մեր կարգերում: Ընդհանուր դատախազը հրապարակաւ յանդգնեցաւ հաշիւը պահանջել ու անարգուեցաւ: Անոր ձայնը անզօր մնաց այդ անարգանքը դատական ճամբով քաւել տալու: Ու յանուն քաղաքիկին հանդարտութեան... հեռացուեցաւ ուրիշ տեղ, աւելի լաւ ճանչնալու համար իր մեծերը, յարգելու իշխանաւորը, կրօնաւորը, որոնք այս պետութեան սիւները եղան... .

Գո՞ղ։

Անշուշտ: Բայց նրբութեամբ մը:

Կառավարութենէն, հանրութենէն կատարուած ամէն կողոպուտ հալալ էր անոր համար: Այն օրէն երբ քաղաքային վարչութիւնը երկրորդ փլանի նետեց կրօնականը, այն օրէն այդ պաշտօնեաները պաշտօնական գողեր նկատուեցան փաթթոցաւորներուն կողմէ, որոնք դարերով այդ երկրին վարչութիւնը առեր էին իրենց մենատիրութեան։ Հետեւաբար մեղքը կը մեղմանար ըստ առածին, որ կ՚ըսէ.

Գողը գողէն գողցաւ, Աստուած տեսաւ զարմացաւ:

Առածը չաւելցներ պատժելը: Ու խելացի են մեր բոլոր առածները: Գող։

Օրինական: Լրացնելով պայմանները կողոպուտին որ կապալ անունով գործադրելի էր դեռ կարգ մը տուրքերու գանձումին մէջ: Անիկա ընկեր կ՚առնէր իրեն շրջանին ամէնէն անգութ աւազակը, ըլլալով անոր երաշխաւոր ու կը գանձէր տասնորդը [50] խեղճ ու կրակ գեղերու. բոլորն ալ նորահաստատ գաղթականներ, հազիւ ցամաք հացը հանող ու կը քերթէր անոնց կաշին, տառացի հարազատութեամբ մը, կալին մէջ կենդանիին կերած հատիկն իսկ ենթարկելով տասնորդի:

Զ.

Մոլլա Սաիտին հետ ամէն մարդ, բայց մասնաւորաբար իշխանաւորները կը զգուշանային թնճուկ ունենալու:

Անոր երեսին պնդութիւնը, բարոյական դիւրազգածութենէ զուրկ մարդու լրբութեամբ մը պայմանաւոր չէր միայն: Անիկա մշակած էր այդ յամառութիւնը, մուրացկաններու վայել մարզանքով. մի մոռնաք պարկը ուսին կալէ կալ շրջիլը: Աշխարհէն իր վրէժը առնելու սա ուշացած ու շրջուած կերպը անոր մէջ ցաւի մը պէս կը խռովէր փառքը, հեղինակութիւնը երբ անդրադառնար այդ տարիներուն ուր կը հալածուէր մէկ գեղէն միւսը, կալի շրջանին կարճ ու տգեղ իր պատկերէն ստեղծելով ընդհանուր անախորժութիւն: Մարդ դժկամ է մուրացկանին հանդէպ: Աւելի աստիճանով մը` անոր գարշանք տարածող դիակին հանդէպ:

Անիկա չէր նահանջած իր ոչ մէկ ձեռնարկէն։ Ասիկա երկրորդ զօրութիւնը: Ամէն մարդ գիտէր թէ Հոճային ճիրանը չփրցուցած չի բացուիր: Ու իր երեւցած գործին մէջ ընդդիմադիրները խոհեմութիւն կը համարէին սիրաշահել զինքը, ինչ որ հոմանիշ էր ընկրկումի: Անոր մասնայատկութիւնը դարձեալ շեղումը` թրքական վարչակերպէն որ երեւոյթները փրկելու կարկտանի քաղաքականութիւն մըն է։ Ճինճի Հոճան կը զատուէր, խառնշտկելու իր մոլուցքովը ու տկարութեան. գայթակղութեան պատահարները կը տանէր իրենց անդրագոյն եզերքին ուրկէ անդին կործանումն է ենթակային։ Հանրային հարցերու մէջ անոր հետ վէճ մը ի սկզբանէ դատապարտուած էր կորուստի. վասնզի «յոգնութիւնը անոր երեսէն կը յոգնէր», ինչպէս կ՚ըսէր նրբութեամբ սրամիտ աները Հաճի Ապտուլլահին. առաջին կնոջմէն: Խնայելու համար անխուսափելի տաղտուկը երկարող ու կործանող դատերուն կամ բախումներուն մարդիկ սովոր էին եօլա երթալ անոր հետ։

Նոր քաղաք մը, ինչպէս է մեզ զբաղեցնող քաղաքը, երեւան չի գար մէկ օրէն միւսը, ան ալ թուրքերուն ձեռքով, առեւտուրի մեծ կեդրոններէ հեռու ինկած ու կռնակին անթափանց սապատ մը ապառաժի. կառավարութիւնը իր դիւաններուն համար իր գանձէն քիչ մասով կը մասնակցի հասարակաց ծախքին: Պազար մը կը շինէ, uանկ ու նանկ յարդարանք մըն ալ կու տայ անոր առջեւի հրապարակին։ Մնացեա՞լը: Ժողովուրդը ինքը պիտի շինէ իր միջոցներով: Այս բարեզարդումը կ՚ ընթանայ արագ երբ գոյութիւն ունի քրիստոնեան որ պարտաւոր է մասին մեծը վերցնել տարապարհակէ, հանգանակութենէ, բազմաբղետ որակումներով տուրքերէ: Անոր պակսած պարագային, բեռան ծանրութիւնը կ՚իյնայ բանուորին ու աղքատին կռնակին: Նոր հանուած ճամբաները. հեռու տեղերէ բերուած ջուրերը, ագուգաները [51], մզկիթները, շինութեան ու փլուզման թաղապետական յատակագիծները զոհողութեան, աջակցութեան կը հրաւիրեն ժողովուրդը: Ասոնք ամէնը կատարուած էին նոր քաղաքին ալ մէջը։ Բայց բոլոր այս ձեռնարկները գտած էին հաշտութեան եզր մը սարսափելի մոլային հետ: Ու եղերականը ան էր որ բոլոր այս անիրաւութիւնները անոր կողմէ բնական բանի մը պէս կ՚ընդունէին։ Խիղճէ չազդուող մարդու անոր ուղեղը քիչ կը գտնէր իրեն տրուածը: Աւելի եղերականը, սակայն` այդ չարաշահութեանց ընդունիլը` ժողովուրդին ալ կողմէ որ այս զիջումով կ՚արտայայտէր ահաւոր անոր ժողովրդականութիւնը: :

Տուի մէկ մասը այդ հեղինակութեան աղբիւրներուն: Ահա ուրիշներ: Որոնցմէ կարեւորագոյններէն մէկը հայհոյելու մէջ իր գերազանց լրբութիւնը: Ասոնք, իր հայհոյութիւնները կրնան նախատիպը նկատուիլ անոնց զորս իր դատապարտուած փեսան ամէն օր կը կտրէր, փողերանոցէն նոր ելած ոսկիի պէս շլացիկ, սա նկուղին մէջ: Եւ ասոնք տարօրինակ պարզութեամբ մը կը փայլէին անոր հաստ շրթներուն ինչպէս մրուրը՝ տզրուկին: Ու անոր իւղն ու թթուն կը փոխադրէին լսողներուն. իբր անկէ բխում։ Կու գայ ատենը ու մեր թերութիւններն ու մեղքը կը դաշնուին մեզմէ հոլացող մտապատկերին վրայ ու կը փոխարինուին իրականութեամբ:

Բառախաղն ու քաշքշուքը կը հետեւին այս յատկութեանց իբր զուարթ շարունակութիւնը ու ոչ ոք չէր նեղուեր երբ ճամփին հրապարակէն փէշերը սոթտած նետուէր դուրս, կեավուրի էշի մը սմբակները լեցնելու աշխարհին բոլոր աղտովը. վերնալու համար խոնարհ չորքոտանիէն աւելի էշ անոր տիրոջը որ պարտաւոր էր կուլ տալ նախատինքը, ու մտիկ ընել քանի մը րոպէ յետոյ անոր հարցումները Հազրէթը Իսայէն [52], անոր գիրքերէն. Գուրանին մէջ անոր մասին եղած ակնարկութիւններէն ու այդ ամէնէն անտեղեակ մնալուն մեղքը կը քալէր ուտելով խոշորկեկ բռունցք մը: Զուարճալիքն ու աղտոտ աղբ արձակող սրամտութիւններ անոր բերնին կը վայլէին թէ իբր նիւթ, թէ իբր հնչում, վասնզի արաբերէնի վարժ իր կոկորդը բառերը կը ճաթեցնէր, կ՚ուռեցնէր համաձայն երանգին որ կը խտանար իմաստին մէջ: Անհաւատը անարգելն ալ ծառայել է Ալլահին: Ու տակաւին իր ելոյթները, սանկ ու նանկ պարագաներու հեռագիրներ՝ Պրուսա եւ Պոլիս. պաշտօնական կամ ստիպողական կարիքներով: Հայրենիքին եւ Տինը իսլամին ուղուրին [53] իր անհաշիւ զոհողութիւնները հեռագիրը թուղթ մըն է ու հետեւաբար բառ կը փոխա՜դրէ անոր պարգեւած էին տեսակ մը այլուրութիւն, պարտքէ, տուրքէ զերծութիւն մը. զայն տեղաւորելով աշիրէթային շէյխի [54] մը սրբազնութեամբը։ Ըսի թէ Համիտի Ռէժիմը այդ կարգին առջեւ եղաւ պատկառ։ Ու նուիրական ու բուռն. ու տապալող անոր պերճախօսութիւնը, հրմշտուքով, ձեռքի, աչքի ճօճումներով ու թուքով, պեխով, մօրուքով` գիսախռիւ: Որ կը տաքցնէր եսէն խեղդուած անոր աչքերը ու կ՚ընէր անոր անձը վարակիչ. իր կիրքերուն ու գիշախանձութեանը մէջ: Քրիստոնեաներու դէմ իր յաջողութիւնը արդիւնք էր իր այս ջերմ շարժուկոծուած հռետորութեան որ անարիները կ՚ընէ խենթ ու գինով:

* * *

Ու գունտ ու կլոր. ցեխոտ փէշերը փարտելով, անիկա կը մտնէր կառավարութեան պալատէն ներս, իբր իր ախոռէն, արհամարհոտ՝ չափելով եւ մեղքնալով ներսէն դռնապանին վեհերոտ արտայայտութիւնները. երբ ցեխին փիտէները կօշիկներուն տակէն չէր զիջեր սրբել դռնեզրի երկաթ սրբիչներուն: Այդ նորութիւնը անշուշտ հաւասար է կեավուր դառնալուն [55]: Այս գիծէն անիկա անողոք նզովք ունէր թաշկինակին նոր գործածութեանը տեսակէտէն, որով մոռցուած էր անոր դերը մաքրութեա՞ն իրա՜ւ ու յատկացուցած քիթի սպասին: Անցեալին մէջ անոր պաշտօնն էր քրտինքը ընդունիլ ու վէրք պաշտպանել: Նոր անոր պաշտօնը գիւտն էր կեավուրին կամ ջհուտին: Չէ՞ին բաւեր Բարձրեալն Աստուծոյ Մոլլա Սաիտը պատշաճ արաբ վերադիրը [56] երբեք զանց չէր ըներ սուրբ բառին պոչին հինգ մատները այդ սպասին: Անիկա արարողութեան մը պէս կը դնէր բթամատը մէկ ծունկին, ճկոյթը լարած` նետի մը նման ու կը պոռացնէր ահագին փողը, հանդարտ, անտարբեր, պարպելով պարունակութիւնը ամէնէն անձուկ խանութին առջեւ: Անիկա տեսաբան մը չըլլալը ապացուցանող այս կարգի տգեղութիւնները կը կատարէր լրջութեամբ. համոզումով ու վա՜յ միջամտողին: Ո՞վ էր խելացին, Ամենակալ Ստեղծի՞չը թէ խոզի թոռ հրեան, կամ` շան սերունդ քրիստոնեան ով անծակ ատելութիւնը իսլամին այդ ծառաներուն որ կրօնական երանգէն սպառած` մտեր էր ալ ազգայինին մէջ. քրիստոնեայ Մոսկոֆին երկդարեան ծեծովը [57] տեղաւորուած անոնց հպարտութեան աւերակոյտին խորը որոնք սատանային մատաղանալու իրենց ճակատագիրը սա կերպ հնարքներով կը ջանային մեղմացնել. խաբելով, խաբխբելով. դէպի մեղքը զառածելու համար « անդստին յորովայնէ » [58] ճէննէթին համար նախասահմանուած հաւատացեալները: Հնազանդ իր դաւանանքին` իր տունէն հալածելով կը հալածէր կեավուր հոտող գործիքները: Խուլ էր ատելութի՛ւնը պատառաքաղին: Իր մատները կը բաւէին իրեն, առանց տրտունջի ու ձրի...: Կը ծառայէին խլինք մաքրելու աշխատանքէն մինչեւ ափափումը փիլաւին: Բարքի սա գիծերը կազմեցին անոր տարօրինակութիւնը, որ հաշիւի եւ հեռաւոր զոհերու հաշտութիւն մըն էր անոր նախնական ուղեղին խորը: Ոգիները կը զատուին չոգիներէն. նորութեանց հանդէպ իրենց հեստ կեցուածքովը։ Ու ամբողջ այդ շրջանակին պաշտօնական անզոյգ ոգեհարցն էր անիկա:

Անոր արհեստը կը դողացնէր մարդերը ինչպէս տուները. կենդանիները ինչպէս մեռելները. երկիրն ու երկինք: Չարաշուք. ահաւոր այս գիտութեանը [59] խարիսխը կը մնար անոր բոլոր գործառնութիւններուն: Ամէն տեղ. ամէն ատեն անոր դէմքին կ՚իշխէր «անոնց հետ» ըլլալու տեսակ մը ցրուածու թիւն: Ուրիշներու մտիկ ըրած ատենը ան ունէր շարժումներ որոնք կ՚ուղղուէին դեւերուն իբր հրաման: Ու անոր հեղինակութիւնը «անոնց» վրայ դուրս էր կասկածէ:

Փա՞ստ:

Որքա՛ն որ կ՚ուզէք:

Հարիւրներով կը համարուէին անոնք որոնք տեսած էին զարհուրելի մարդը. առջին ձգած ճին երու երամակը. քալելով անմատոյց սարերու կողերէն. սրինգը բերնին. նուագող իր յաղթանակները ու կառավարելով. յաճախ ծեծելով իր մականով սոսկալի կենդանիները. լեռնային դաժան հովիւներու նման, քանի որ ճիները ստիպուած էին մտնել հօտին մէջը այծերուն կամ բուսնէին մէջը ոչխարներու հօտին. սովորական. հինայուած ճակատներով որոնք քարի մը գլուխին պսակ կը թուէին: Ու գառներ. իրենց մօր ստինքը հարուածելով: Ու շուներ. ապահովաբար տասնապետ-դեւեր, որոնք հաջած ատեննին ձայն չէին ունենար բայց իրենց կլափէն սեւ բոց մը կը թափէին: Անշուշտ հրաշապատում սա իրողութիւնները ունէին իրենց պարզ, մարդկեղէն կողմը, քանի որ կը տպաւորէին գիւղական տեսարաններու ընթացիկ ճամբով: Լերան փէշերուն այնքան առատ են հօտերը, անոնց հովիւը` իր տարազովը կը նմանի դաշտերու հոճաներուն: Ողիմպոսի սարահարթները արօտ կը ծառայեն թիւրքմէններու [60] անհամար հօտերուն: Բայց վայ անոնց որոնք կը խաբուէին այդ դիրքերու վրայ տեսնուած այս պատկերներէն: Կային մարդիկ որոնց մականունը կու գար այդ ճամբով դիմաւորուած փորձանքներէ: Վասնզի գողցած էին սիրունիկ խոյ մը. բերած տուն. կապած բակի սիւնին. լուսդէմ մորթելու դիտումով: Ու գիշերը կէսին ծծումբի, լուցկիի, կուպրի բուռն հոտէ մը արթնցած ելեր` բակ. ու գտած՝ սիւնին կապուածը. փոխուած իր իսկական պատկերին, այսինքն վաւերական սատանայի մը որուն եղջիւրները սեւ, բայց թափանցիկ օձերու նման կը բուսնէին, կ՚աճէին, հասնելու չափ մինչեւ առաստաղ, ու կը քաշուէին կրկին ինչպէս կ՚ընեն կարգ մը խղունջներ. իրենց աչուկները թելի մը պէս նետելով ու ետ առնելով: Ու օղակները այդ եղջիւրներուն կ՚այրէին առանց հատնելու. արձակելով կուպրի բռնկումը յիշեցնող պճպճան լոյս: Աղէտը կատարեալ էր այն ժամանակ, երբ ինսան օղլուն տխմարութիւնը գործէր անասունին աչքերուն խորը իյնալու. վասնզի շէնք շնորհք քար կը դառնար. ու կ՚իյնար իր բակին։ Քանիներ այդպէս պառկած են գտնուեր իրենց բակին ու գացած ուղղակի գերեզմանին խողովակովը... դժոխք:

Հարիւներով կը համարուէին ուրիշներ, որոնք տեսեր էին անոր նմանօրինակ հրաշքները, թէեւ դարձեալ նախիրի մը գլուխը անցած (գեղացին իր հեքիաթներն ու հրաշքները կը յօրինէ զմայլելի իրապաշտութեամբ մը որ անոր առօրեային երկարաձգումն է դէպի երազին մշուշոտ սահմանները: Հայ գիւղացին իր սուրբերը ձիւներու գարդմանակով կ՚ախորժի պսակել։ Եգիպտոսի ղպտիները զանոնք կը դնեն միշտ առուակի մը ակին որ կանաչներուն մէջէն կապուտիկ իր ճամբան կ՚ընէ: Ո՞ւր աւելի անհրաժեշտ է ջուրը քան անապատը) լեռները [61] կը հանէր գոռում գոչումի. անոնց կողերուն խարսխուած եղէգի պէս ճօճուելով եւ շղթայէ շղթայ խորունկ փորուածքներուն մէջ փոթորիկն ու կայծակը Հազրէթի Իլային . Եղիա) պէս հարուածելով [62]: Իրականին մէջ, այդ կողմերը յաճախադէպ [63] ուրուականներուն անդրադարձն էր այս հրաշքը. անձրեւ, կարկուտ, ձիւն իրարու խառնող ու կուրցնող տեղատարափը որուն գնդակներուն ասեղներուն տակ կենդանիները կը ցրուէին այս ու այն ժայռին քիւին, ապաստան գտնելու եւ կ՚ըլլա՜յին. հեքիաթին մէջ` հողամպն [64]: Ու իրենց հիւղակին ծակէն այս տեսարա նինն հանդիսատեսները հաճոյքով կը խորհէին [65] Ճինճի Հոճային դիւակազմ տաղանդին ու չէին խորհեր սովորական արածող անվնաս արջառին, որ գետինին ծալքերովը, կարկառներովը պահ մը կ՚առնուէր աչքէ:

Հոճա՞ն:

Չէր հաստատել այս զրոյցները. պարագայ՝ որ բան մը ապացուցանէր, բայց չէր ալ հերքեր, ինչ որ շատ բան կ՚ապացուցանէ:

Անոր հնարքներէն կը նկատեմ այդ շրջաններուն մէջ շատ յեղյեղուած ճինի պատմութիւնները որոնք արդէն առանց մասնաւոր ճիգի, այնքան արագ կ՚աճին ու կը ծաւալին իմացական կեանքէ բոլորովին զուրկ այդ մարդոց ուղեղին խորը։ Աշխատանքէն դուրս իրենց պարապի ժամերը այդ մարդիկը կ՚անցընէին սրճարաններում, մեծ հիւրանոցներու եւ ճամբի հրապարակներուն: Ու կ՚անցնէին իրարու հրամցնելով նմանօրինակ բանդագուշանքներ։ Հոճան կը քաջալերէր բոլոր դրուագողները, խոր ունկնդրումի արժանացնելով ամէնէն անհեթեթ եղջերուաքաղն անգամ, սուրճով, քթախոտով, ծխախոտով մեծարելով երանելի պատմիչը, նոյն ատեն ձեռնատարած փառք տալով Ալլահին ու իր իմաստութեան որուն պիտի չհասնին մարդերու պակաս խելքերը: Իր շահատակութեանց յարմար այս մթնոլորտը անիկա կը խռովէր նաեւ այնքան յաւելումներով: Կը թելադրէր որ հրապարակաւ պատմուէր ինչ որ գաղտնիքի կնիքով ըսած ըլլար մտերիմի մը: Ըստ այդ հաւաստումներու անիկա սեւ հաւերը, խոյերը, ուլերը, գիշերուան մը մէջ կ՚ընէր ճեփ ճերմակ, անշուշտ տաղանդովը իր ոգիներուն. իրականին մէջ զանոնք մորթելէ յետոյ փոխարինելով սպիտակներով։ Անոր ձին երբեմն կը թռէր օդէն, մշուշի ատեաններուն: Ու անոր քիւլահը մինակը կը ճամբորդէր... փոթորիկին առջեւէն։ Մարդիկ յիմարութեան մէջ անբաններն իսկ կրնան գերազանցել: Բայց կը հաւատային անոր պարզմիտ հայրենակիցները իր ուրիշ մէկ կարողութեան որուն համեմատ անիկա կրնար իր հասակը ուզածին չափ կարճել ու երկարել: Անոր հասակը կը բարձրանար մինչեւ մինարէն. թարթիչ մը կանուխ` անոր տակը. հիմա անոր շերիֆէին [66], պոռալով իսլամութեան երկաւորք պատգամի, զայն ընդառաջ ու ընդունելու հատկացուած հորիզոններուն:

Ու հակառակ անոր, որ մէճէլլէն [67] պատիժ կը տնօրինէ խաբեբաներուն, աճպարարներուն. ու կառավարութիւնը խստօրէն կը հալածէ թուղթ բացողը, ճին հաւաքողը, րէմ թափողը [68], կը գործէր անիկա յարգալից ազատութեամբ: Անոր առաջին յաճախորդները պատրաստ էին ըլլալ կառավարութեան պաշտօնեաները, եթէ չէին ուզեր անոր յայտ ու անյայտ փորձանքներուն ենթարկուիլ։

Քիչ մը երկար այս դրուագումը կը կեցնեմ հոս:

Անհատնում ըսուելու չափ առատ են այս մարդուն նշաններն ու զօրութիւնները որոնք անոր pittoresque [69] մը պիտի շահէին: Բայց չէին դադրեր ծանրաբեռնելէ գնացքը պատմումին։ Գերբնականին մէջ արկածախնդրութեանց կը սպառնայ այս վտանգը։ Նոր միտք դժուար կը հետեւի այս տողանցին:

Ըսի այսքանը. վասնզի մեր պատմումին հերոսը իրականին մէջ Մոլլա Սաիտն է, որ իր մռայլ ազդեցութեամբը խախտած է պարզամիտ գիւղացիի մը մտային հաւասարակշռութիւնը ու զայն նետած ոճիրին։

Ու ամէն սպանութիւն երկու երեսով ողբերգութիւն մըն է միշտ: Անոր մէկ երեսը զոհն է որ կը բացուի, միւսը` զոհողը:

Մենք կը պատժենք վերջինը ու կը մոռնանք առաջինը։

Այս պատմութիւնը փորձ մըն է երկու երեսներն ալ մատչելի ընելու ընթերցողին:

Հաճի Ապտուլլահը իր բանտին մէջ կը քալէր նաեւ ոճիրը իր աներին:

Ու հիմա, ոճիրը:

 


 



[1]        Երեք հրատարակութիւններում այս բառերի փոխարէն « մինչ » ձեւի կիրարկումը ( տես « Բնագրային տարբերութիւններ », Աղիւսակ 2) նախադասութեան իմաստը խեղել է: Մոլլա Սաիտը ոչ թէ զբաղվում էր մուրացկանութեամբ, երբ փաթթոցը նրա դէմքին հաղորդում էր այնքան անհրաժեշտ գունատութիւնը, դժգունութիւնը, այլ միշտ կրում էր կանաչ փաթթոցը, որն ակնկալելի գունատութեան, դժգունութեան ապահովագրողն էր։

[2]        Ինչպէս նկատում ենք « Բնագրային տարբերութիւններից » ( Աղիւսակ 1), « ատած » բառը Ե - ում, Հմտ - ում զանցուած է, իսկ Հ - ում դրա փոխարեն կիրառել է « նստած » ձեւը։ Անյայտ է, որ Հ - ի պարագային սա ոչ թէ սրբագրական վրէպ կամ գրաշարական սխալ է, այլ խմբագրական միջամտութիւն: Ըստ Հ - ի խմբագրի մոլլան չէր կարող ատել իր Աստծուն, ուստի թեթեւ ձեռքով « ատելը դարձել է « նստել » ։ Ե - ի եւ Հմտ. - ի խմբագիրը, նկատելով « նստած »– ի անհեթեթութիւնը համայնագրում, բառը պարզապէս վէպից դուրս է թողել։ Իրականում Մոլլա Սաիտի պարագային « ատած »- ը հանգուցային բառ է, որը նրա ինքնութեան էական ցուցիչներից է։ Մոլլան իր նկարագրով, բարքով ըստ էութեան հակոտնեայ էր իր տիրոջ պատգամներին, սադայէլաբարոյ էր գոյութեամբ, էութեամբ: Չարի մարմնացումն էր, եւ բնական է, որ Աստուած ատելի լինէր իրեն:

[3]        Ֆրանսերէն՝ փուլ։

[4]        ճիւպպէ - կրօնականներու պարեգօտը:

[5]        Ֆրանսերէն ` ձեւուածք, ձեւ, տարազ: Այստեղ նկատի ունի կերտուածքը։

[6]        Նկատի ունի Փոքր Ասիայի հիւսիս - արեւմուտքում գտնուող Բութանիա պատմական երկիրը։

[7]        Ֆրանսերէն ` կորագիծ:

[8]        Նախադասութեան մէջ, որտեղ այս բառակապակցութիւնը գործածուած է, ( տես Ի - ի 91- րդ էջը ) այն որեւէ կերպ չի համապատասխանում իմաստին: Կարծում եմ, որ հեղինակային սխալ է: Առաջարկում եմ « բաց ընելով կուրծքս » տարբերակը, ինչն իմաստով համապատասխանում է համաբնագրին:

[9]        Նկատի ունի Մարմարա ծովը, որն Ատլանտեան օվկիանոսի Մ իջերկրական ծով է Եւրոպայի ու Փոքր Ասիայի միջեւ:

          Ողիմպոսը ( Օլիմպոսը ) Յունաստանում ամենաբարձր լեռնազանգուածն է (2917 մ ) Եգէական ծովի ափին: Հին յոյների սրբազան լեռն է հիւսիսային Թեսալիայում:

[10]      Ակնարկում է Բայազիդ 1- ինի (1389-1402) օրօք սկսուած եւ Մուհամեդ 2 րդի (1451-1481) գահակալութեան տարիներին աւարտուած թուրքական արշաւանքները, որոնք յանգեցրին 1458- ի մայիսի 29- ին Կոստանդնուպոլսի անկմանը։

[11]      Ֆրանսերէն՝ խաչաձեւում:

[12]      Անընթեռնելի բառ ( Ի, էջ 92) ։

[13]      Անընթեռնելի բառ ( Ի, էջ 93) ։

[14]      այար - մետաղական խառնուրդը, իսկական արժեքը:

[15]      Ֆրանսերէն ` կոփուածք, թրծուածք, տոկունութիւն, դիմացկունութիւն: Այստեղ՝ բնաւորութեան, խառնուածքի, կոփուածքի, տեսակի թրծուածքը։

[16]      պէյզատէ, փաշազատէ - պէյի, փաշայի տղայ:

[17]      Ակնարկում է Աթաթուրքի գլխաւորութեամբ պատերազմն Անտանտի դէմ:

[18]      Օշականը բացայայտ մատնանշում է վէպի գործողութիւնների, իրադարձութիւնների ժամանակաշրջանը ` 1901-1902 թուականներ:

[19]      Լուացումը նամազից ( սալաթ ) առաջ կատարուող մաքրման այն ծէսն է, որը պայմանաւորում է հաւատացեալի անցումը սովորական վիճակից աղօթք անելու վիճակին: Լուացումը կոչում է վուդու: Այն բաղկացած է մաքուր ջրով ձեռքի դաստակների, բերանի եւ կոկորդի լուացումից: Վուդուի ժամանակ մահմեդականը պարտադիր մաքրում է քիթը, ցայում աչքերը, լուանում ձեռքերը, ականջները, վիզը, ինչպէս նաեւ ոտքերը ` մինչեւ ծնկները։

[20]      Ինչպէս տեսնում ենք Բնագրային տարբերութիւններ », Աղիւսակ 1- ին, 3- րդ ), նախորդ հրատարակութիւններում վէպի այս նախադասութիւնների կրճատումը եւ « կը շեշտէին իր »- ի յաւելումը Սաիտի դիմանկարումի կերպը եւ սկզբունքները փոխել են: Հ - ի, Ե - ի եւ Հմտ - ի տիրոյթներում Ճ ինճի Հոճայի արտաքինի նկարագրութիւն - արձանագրութիւնը կենտրոնանում է նրա հագուստին՝ այն համարելով « ինքնատիպ պատկերի » առանցքը, սակայն Օշականը դա ընդամէնը մոլլայի « ինքնատիպ պատկերի » մասնաւոր դրսեւորում է դիտում, որով առկախում է Սաիտի արտաքին դիմանկարումը։

[21]      Նկատի ունի 1922- ի նոյեմբերի 20- ից մինչեւ 1923- ի յուլիսի 24- ը Լոզանում տեղի ունեցած վեհաժողովը, որտեղ ըստ էութեան վերանայուեցին Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը, եւ Թուրքիան յայտնուեց առաւելագոյն շահեկան վիճակում: Լոզանի գագաթնաժողովը քննարկեց նաեւ Հայկական հարցը, սակայն պայմանագրում ակնարկ անգամ չկար հայերի, Հայաստանի մասին։ Յիրաւի Ճ ինճի հո ճ աների յաջորդների ոճիրն « օրինականացուեց » ։

[22]      Նախորդ հրատարակութիւններում ոչ միայն կրճատուել է վէպի մէկ հատ ու ածը ( տե՛ս « Բնագրային տարբերութիւններ », Աղիւսակ 1)` զանցելով Սաիտի դրամաշորթութեան կարեւոր դրսեւորումներից, այլեւ՝ տեղի է ունեցել հատ ու ածի արհեստական կցում, - « գտներ » բառից յետոյ վերջակէտով նախադասութիւնը ընդհատել են, այնու « համեստ »- ով սկսել նոր պարբերութիւն, որն իմաստի առկայութիւն ունի: Հ - ի, Ե - ի եւ Հմտ - ի համա բ նագրում չի հասկաց ւ ում՝ ինչո՞ւ է Սաիտը համեստօրէն տուն քաշո՞ւմ, երբ դրամ չէր գտնում: Այնինչ Հո ճ ան հերթական գրպանումը կատարելուց յետոյ սուսիկ, համեստ տուն էր գնում: Այսինքն ` կրկին վերափոխւում էր, մտնում իր դերի մէջ:

[23]      խղում - յանկարծահաս աղէտ, մեր վրայ ուղարկուած մենէ վեր ուժերուն կողմէ։

[24]      Ինչպէս « Բնագրային տարբերութիւններից » է երեւում ( տե՛ս « Աղիւսակ » 1- ին, 3- րդ ), հատուածը նախորդ հրատարակութիւններում կրճատուել եւ խմբագրական յաւելում է ունեցել: Սակայն այդքանով չեն բաւարարուել: Որպէսզի յարմարեցնեն հատուածի միաւորները ` դրանք տեղաշարժի են ենթարկել: Այսպէս՝ « բոլոր դժբախտներունը » գնացել է « խտիր չունէր » արտայայտութիւնից յետոյ, «ո րոնք »- ը ագուցուել է « անոր համբաւին »:

[25]      Ակնարկում է այսպէս կոչուած « հմայիլ », « մոգական » բնագրերը։

[26]      նիյեթ - մտադրութիւն։

[27]      « Բնագրային տարբերութիւններում » ( Աղիւսակ 3. ) արձանագրուած է խմբագրական յաւելումը, ինչը փոխել է հատուածի, տուեալ դէպքում ` գլխի վերջի իմաստը։ Նախորդ հրատարակութիւններում « պատառը » բառը վերջակէտով տրոհուել է եւ նոր պարբերութեամբ « ամփոփել » գլուխը. « Մարդիկ կը հաւատային, թէ Հոճային ըրղա տ ները ցերեկը կը քնանային, գերեզմաններու քարերու ճեղքին կամ նոճիներու խոզակներուն մէջ, կամ » այնու ` ինչպէս Ի - ում: Այնինչ, ինչպէս նկատում ենք, վէպում հատուածը ոչ թէ մարդկանց, Սաիտի « յաճախորդների », այցելուների տեսանկիւն վերաբերմունքն է, այլ մոլլայի արարքի, պահուածքի արձանագրութիւնը: Աւելորդ է նշել, թէ տարբերութիւնը որքան էական է:

[28]      ըրղաթ - գործաւոր:

[29]      Նախորդ ծանօթագրութիւն - մեկնաբանութեան մէջ նշել էինք մի խմբագրական յաւելումի մասին: Տուեալ դէպքում ցանկանում ենք ընթերցողի ուշադրութիւնը բեւեռել նախորդ հրատարակութիւններում ստեղծագործութեան կառուցուածքի կամայական փոփոխութիւնների երեւոյթին։ Սոյն հատուածը նախորդ գլխի վերջին պարբերութիւնում է յայտնուել եւ ինչպէս տեսնում ենք ` այս գլխից տեղափոխուելով:

[30]      Ֆրանսերէն, այստեղ՝ փոս, խորշ, խոռոչ:

[31]      Ստեղծագործութեան այս նախադասութեան մէջ նախորդ հրատարակութիւուններում յաւելել են « ոգիներու » բառը ( աստիճա՞նը ոգիներու սա... ), ( տես « Բնագրային տարբերութիւններ », Աղիւսակ 3), որը պայմանաւորուած էր Ի - ից ծաւալուն կրճատման թելադրանքով: Այսպէս թէ այնպէս հարկաւոր էր նշել, թէ որ նուիրապետութեան մասին էր գրում Օշականը։ Թէեւ անկախ յաւելումից ` Սաիտի տեղը, դիրքը, մասնայատկութիւնն առկախ, թերաuաց են մնում Հ - ում, Ե - ում եւ Հմտ - ում։

[32]      տավէթ - հրաւէր ( որով ոգիները կը հրաւիրուին ):

[33]      քիւլահ - թաւշեայ երկար կէսկանգուննոց կտակ մը։

[34]      տոլ - դդումի տեսակ մը, որ կարծր կեղեւ ունի:

[35]      տախտ - փայտեայ բազմոց։

[36]      Նկատի ունի ժանիքատամները։

[37]      Այսինքն ` դժոխքի ուժերին։ Հայկազեան բառարանը « Սանդարամետ »- ը բացատրում է իբրեւ « Խորք երկրի. անդունդք. վիհ. ստորերկրեայ վայրք. ծոց հողոյ. ալք, դժոխք... » ( Նոր բառագիրք հայկազեան լեզուի, հ. 2, էջ 693) ։

          Իսլամում՝ ջահնամ: Ղուրանում, մահմեդական էսխատոլոգիայում վայր, տեղ, ուր անհաւատները մարդկանցից եւ ջիներից պատժում են:

          Տե՛ս օրինակ ` “Коран”, Москжа, Изд. "Наука", 1986, 11: 106/107, 14: 50/51. 37: 65/67, 47: 15/17 ։

          Իսլամական սանդարամետի ուժերից են Մալիքը ( ջահնամի գլխաւոր պահակ - հսկիչը ), զաբանիյաները։

          Տե՛ ս “Ислам. Энциклопедический словарь”, Москжа, Изд. "Наука", 1991, с. 63.

[38]      Ինչպէս տեսնում ենք « Բնագրային տարբերութիւններից » ( Աղիւսակ 2), նախորդ հրատարակութիւններում « անընդհատ »- ի փոխարեն « արհամարհոտ » ձեւի կիրարկումը տրամագծօրէն փոխել է շարոյթի իմաստը։ Օշականը գրում է ընթացքի, գործողութեան մասին, ընթերցման ձեւն է արձանագրում, իսկ Հ - ում, Ե - ում եւ Հմտ - ում « արհամարհոտ »- ը գործածելով ` շարոյթի իմաստը կենտրոնացրել են ընթերցման հանդեպ վերաբերմունքին, Սաիտի ընթերցման եղանակին:

[39]      Նկատի ունի 19- րդ դարի կեսերին ԱՄՆ - ում ծագած, յետագայում ողջ աշխարհում մեծ տարածում ստացած մեդիումիզմի ( սպիրիտիզմի դրսեւորումներից ) արարողութիւնը, ոգիների հետ ամենատարբեր ձեւերով հաղորդակցուելու եղանակների շարան՝ ափսէի, սեղանի « պտտեցում », ուրիշի հոգու մէջ մտնելու հնարներ եւ այլն։

[40]      Այսինքն՝ Մոլլա Սաիտը խօսում էր այնպիսի ձեւով, ոճով, ասես անշունչ մարդկանց ու առարկաներին կենդանացնում էր, շնչաւորի յատկութիւններ հաղորդում, խօսեցնում:

[41]      Նկատի ունի տոտէմիստական, հեթանոսական հաւատալիքները, ծիսական համակարգերը։

[42]      Ինչպէս երեւում է « Բնագրային տարբերութիւններից » ( Աղիւսակ 2), « գերուած »- ը երեք հրատարակութիւններում տպագրուել է « քշուած » ձեւով, ինչը փոխել է սոյն հատուածի բնագրային իմաստը։ Լքուած կնոջ ցաւն այս պարագային պայմանաւորում է չար, սեւ ոգիների կողմից ամուսնուն բանտելը, գերելը, ոչ թե ուրիշ կնոջ մօտ ուղարկելը, քշելը։

          Այսինքն ` կրկին դիւականութեան յաղթանակը եւ անհատի այլափոխութիւնը, « սադայէլուելը » որոշակի առումով: Պատահական չէ, որ հատուածում Օշականն արձանագրում է դիւաւորուելու տարբեր դրսեւորումներ։

[43]      ինսան օղլու - մարդորդի։

[44]      Մեքքայի նման ` Մեդինան մահմեդականների սուրբ քաղաքն է, որտեղ 662 թուականին Մեքքայից տեղափոխուել է Մուհամմեդը։ Ի դէպ, այդ տարին է սկզբնադրուել մահմեդական թուականութիւնը։

[45]      Նկատի ունի Սաիտի կասկածելի, « արկածախնդիր », անօրէն, աճպարարութեամբ ու կեղծիքով պարուրուած գործունէութիւնը, ինչը գլխի երկրորդ կառուցուածքային միաւորում նկարագրում է:

[46]      Արտայայտութեան ընդգծումը պայմանաւորուած է « երեւելի » բառի գործառական դաշտի ընդլայնմամբ: Ճինճի Հոճան նշանաւոր, հռչակաւոր, համբաւաւոր է, Նոր - Քաղաքի վեհապետն է, զի կրօնաւոր եւ հմայ է, որն իր « երեւելիութիւնը » ստեղծել է այսպէս կոչուած « բացասական արժէքներով » ՝ քսութիւն, նենգութիւն, կծծիութիւն, քօղարկուած թալան, շողոքորթութիւն, ինչպէս նշագրում է Օշականը արտայայտութեանը յաջորդող հատուածում:

[47]      ժուռնալ - Համիտի ռեժիմին այս անունը առին լրտեսներու կողմէ ոստիկանութեան կամ փատիշահին պալատը ուղարկուած տեղեկագիրներ. աս ու ան մարդոց գաղափարները, շարժումները վերլուծող ու տէրութեան հաւատարիմ ծառաներու կողմէ ստորագրուող։

[48]      Այստեղ՝ հեռացրեց, արձակեց, աշխատանքից հան ե ց:

[49]      մէտրէսէ - կրօնական դպրոց:

[50]      տասնորդ - մուտքի դրութիւն որով բերքին 1/10 ը կը գանձուի ի հաշիւ պետութեան։ Կապալառուները այս տուրքը կը գնեն կառավարութենէն եւ իրենք կը գանձեն:

[51]      ագուգա - հռովմայեցիներու aqueduceը:

[52]      Իսան ( Յիսուս Քրիստոսը Ղուրանում առանձնայատուկ պաշտամունքի արժանացած մարգարէն է, Մուհամմեդից առաջ վերջինը։ Ղուրանում նրան անուանում են նաեւ Իբն Մարիամ ( Մարիամի որդի ), Աբդ Ալլահ ( Ալլահի ստրուկ ), Ռասուլի Ալլահ ( Ալլահի աւետաբեր ), Սալի խ ( արդարակեաց, սրբակեաց ) եւ այլն։

[53]      Թուրքերէն ` Յանուն մահմեդական հաւատի։

[54]      Աշիրէթ թուրքերեն նշանակում է ցեղ, տոհմ: Աշիրէթային շէյխը կրօնապետութեան հոգեւոր առաջնորդն է:

[55]      Նախորդ հրատարակութիւններում բացի է - ի իր ով փոփոխութիւնից, նախադասութեան որոշ անդամների տեղերը նոյնպէս փոխել էին: Հ - ում, Ե - ում եւ Հմտ - ում նախադասութեան խմբագրուած տարբերակն այսպիսին էր. « Այդ նորութիւնը անշուշտ իր կեավուր դառնալուն հաւասար էր »:

[56]      Ակնարկում է « ալ » վերադիրը։

[57]      Նկատի ունի 17-19- րդ դարերի ռուս - թուրքական պատերազմները, որոնց մեծ մասում Ռուսաստանը յաղթանակել է:

[58]      « Ի սկզբանէ որովայնի միջից », այսինքն ` ի սկզբանէ, սկզբից, ծնունդից։

[59]      Նախորդ հրատարակութիւններում « ահաւոր »- ը փոխուել է « դժուար »- ի ( տե ՛ս « Բնագրային տարբերութիւններ », Աղիւսակ 2), ինչը շարոյթի իմաստը փոխել է։ Օշականը Մոլլա Սաիտի գործունէութեան հիմքն է բնութագրում: Կախարդութիւնը, սեւ մոգութիւնը չարաշուք է, դժուար: Այսինքն ` գրողը Հոճայի զբաղմունքը բնորոշող արտայայտութիւնների շարքում հոմանիշներ է գործածում՝ սաստկացնելու, թէժացնելու նպատակամիտութեամբ։

          « Դժուար »- ի պարագային իմաստը փոխւում է ` Ճ ինճի Հոճայի զբաղմունքը բարդ համարելիս, սաստկացման հանգամանքը դուրս է մնում:

[60]      թիւրքմէն - խաշնարած թուրքերը, որոնք աւելի հանդարտաբարոյ. չեն խառնուիր նստակեաց բնակչութեան ու կեանքին. վրանաբնակ ցեղեր են. պարկեշտ ու սրտոտ նոյն ատեն։

[61]      Ինչպէս երեւում է « Բնագրային տարբերութիւններից » ( Աղիւսակ 1- ին եւ 2- րդ ), հատուածում ոչ միայն բառ է փոխուել, նախադասութիւններ կրճատ ու ել, այլեւ կատարուել են կառուցուածքային փոփոխութիւններ։ Միջանկեալ նախադասութիւնը զանցել են: Իսկ « անցած »- ը «ու նեցած » դարձնելով, ինչն ինքնին խաթարել է նախադասութեան իմաստը, առկախել են միտքը, վերջակէտել, այնու « լեռներ »- ով սկսել նոր պարբերութիւն ` կրկին շարոյթը իմաստից զրկելով:

[62]      Ակնարկում է Եղիա մարգարէի՝ Կարմելոս լեռան վրայ զոհ մատուցելիս Տիրոջից կրակ աղերսելն ու ստանալը։

          Տե ՛ ս Գ Թագ. ԺԸ, 20–40:

[63]      Բառի փոխարինումը « յաճախող »- ով նախորդ հրատարակութիւններում ( տե՛ս « Բնագրային տարբերութիւններ », Աղիւսակ 2) փոխել է շարոյթի իմաստը։

          Օշականը ոչ թէ ուրուականների այցելութիւնները նկատի ունի, ինչպէս մեկնել են Հ - ում, Ե - ում եւ Հմտ - ում, այլ « այդ կողմերում » ուրուականների բազմիցս, շատ յաճախ լինելը, պատահելը։

[64]      Ինչպէս նկատում ենք Բնագրային տարբերութիւններ » Աղիւսակ 2) Հ - ում « հողամպն » ձեւը պահպանուել է, իսկ Ե - ում, Հմտ - ում դարձել « հողամոյն » ՝ առանց ծանօթագրութեան կամ պատճառաբանութեան: Սա այն տարընթերցումների շարքից է, որից մեկնելով արձանագրեցի, թե վէպի « Սնապեանական » տարբերակն երբեմն բնագրից աւելի է հեռացել:

[65]      Բառի փոխարինումը « կը հայհոյէին »– ի Բնագրային տարբերութիւններ » Աղիւսակ 2) փոխել է շարոյթի իմաստը ` այն կենտրոնացնելով հոճայի մոգութիւնների, կախարդանքների հանդեպ հանդիսատեսների, շրջապատի դիտանկիւնին։ Այնինչ Օշականը գրում է իրենց ` հանդիսատեսների, շրջապատի կեցուածքի մասին, թ է նրանք « հաճոյքով խորհում, մտածում » էին Սաիտի տաղանդի մասին, բայց չէին ցանկանում խորհել « դիւակազմ տաղանդի » իրական վիճակի շուրջ։ Այսինքն ` հանդիսատեսը մոլլայի խաղն ընդունում է իբրեւ իրականութիւն, զանցելով իրականութիւնը։

[66]      շերիֆէ - մինարէին գագաթամերձ կլոր ամբարտակը ուրկէ կը պոռան:

[67]      մէճէլլէ - օսմանցիներուն քաղաքական օրինագիրքը: Շ է րիաթը ` կրօնական օրէնքները կը պարունակէ:

[68]      թուղթ բանալ, ճին հաւաքել, րէմ թափել կախարդական գործողութիւններ։ Վերջինը ` կէտերու վրայով ելլել կախարդական տարազներու որոնք խնդրարկուին գոհացում կու տան:

[69]      Ֆրանսերէն ` գեղատեսիլ, գեղեցիկ, գեղանկար։ Այստեղ կիրառուած է « գունանկար » իմաստով։