Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

/99/

ԻԳ. ԴԱՍ
ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՏԻԿԻՆ ՍԻՐԱ [1] ԱՌ ՄԱՅՏԱ [2]

Մարդն ունի այնպիսի վայրկեաններ, ուր զարհուրելի կերպիւ կը զգայ առանձնութեան բեռը: Դուն հիւանդ մը կը խնամես, կը տքնիս անքուն [3], անոր շունչը կը դիտես, եւ կը կարծես շարունակ որ մահն զքեզ անկէ կը բաժնէ։ Յուզմունքէ յուզմունք կ՚անցնիս, վարանմանց մէջ կ՚ապրիս, ցաւերով կ՚ապրիս, բայց վերջապէս կ՚ապրիս, զի [4] ամենայն ինչ [5] կը շարժի ի քեզ։ Սակայն երբ միտքը կարծես թէ անխլիրտ է, թէ մարդս անշարժ զանգուածի կը վերածուի ձանձրոյթէն, չես գիտեր, Մայտա՜, թէ որքան դառնագին է զգալ առանձնութիւնը բազմութեան մէջ. զգալ որ մեր ներկայութիւնը ոչ մէկ զգացում կ՚արթնցնէ տխրութեան կամ ուրախութեան. ո՛չ յոյսի եւ ոչ պատրանքի։ Զգալ որ աննշմարելի առարկայ մըն ենք. զգալ որ ո՛չ երջանկութիւնն ենք, ոչ ալ դժբախտութիւնը, զգալ մեր բանականութեան [6] եւ զգացմանց ոչնչանալը, զգալ վերջապէս որ կեանքն ենք մահուան մէջ [7], ո՜հ, քանիօ՜ն [8]. սոսկալի է այս վիճակը։

Երբեմն կը շրջագայիմ նարնջենեաց եւ ձիթենեաց անտառներուն մէջ որոնցմով օժտուած է Քօրֆու: Երբ այդ դալարագեղ աշխարհը շուրջս անուշաբոյր մթնոլորտ մը կը կազմէ եւ իր հիանալի տեսքովը աչքերս կը բերկրացնէ [9], այն ատեն ինծի կը թուի թէ թափառական եւ օտար ոգի մըն եմ որ կ՚անցնիմ, կ՚երթամ անշշուկ։ Սակայն կան այնպիսի վայրկեաններ որ կ՚իմանամ թէ կեանքը կ՚արթըննայ իմ մէջ. թէ ամէն ինչ կը մռնչէ, կը գուրգուրայ, կը մրմնջէ իմ մէջ [10]. կը յիշեմ թէ աղջիկ էի, ամուսին ու մայր. կը բաղձամ ներդաշնակութիւն մը կազմել շուրջս [11], որուն արձագանգը լսելի ըլլայ բարեկամ սրտի մէջ։ Բայց այդ ներդաշնակութիւնը պիտի անհետանայ ոչնչութեան մէջ եւ ինձմէ ոչ մէկ բան պիտի մնայ՝ յիշատակ մը արթընցնելու համար:

Առանձին եմ յիսուն տարիներուս ծանրութիւնը տանելու. վա՛յ անոր, որ ոչինչ ունի սիրելու կամ ատելու [12] ։ Ստոյգ է որ ատելութիւնը սարսափելի ընկեր մըն է, բայց վերջապէս շարժում կ՚ազդէ մեր մէջ եւ զգալ կուտայ թէ գոնէ կ՚ապրինք։

/100/ Ո՛չ, մարդս առանձնութեան համար ստեղծուած չէ. օղակ մըն է ան որ ուրիշ օղակներու հետ շարայարուած [13] մարդկութեան շղթային տեւողութեան կը ծառայէ [14] ։ Երբ առանձին կը մնայ, հոս հոն կը տարուբերուի, կ՚աւլուի, կը հալածուի եւ հուսկ վերջնական [15] կերպով կը կորսուի։ Այսպէս ուրեմն մարդկային բանականութեան եւ զգացման ամբողջութիւնը [16] կը մղուի լռելեայն դէպի ոչնչութիւն:

Անձնական տկարութիւններ կ՚առանձնացնեն զիս ընկերութեան մէջ [17]. ընդ վայր [18] կը կարծէինք բաւականանալ մեր մտածութեամբ [19] եւ կամ մեծ հանճարներու [20] երկերովը։ Մարդս կը կարօտի շարժուն բանականութեան, որ կը կենդանացնէ զինքն երբեմն նայուածքով, երբեմն ձայնով։ Հառաչանքը, ժպիտը, մռնչումը, զուարթ կամ տխուր արտասուք, ասոնք կը կազմեն կեանքը։ Խոյս տալ վշտէն ինչպէս հաճոյքէն՝ ոչնչանալ է, եւ այս է իմ բաժինս աշխարհիս վրայ։ Ես նսեմ պանդուխտն եմ, որ թեւերը խաչաձեւ կուրծքին վրայ դրած կը սպասէ որ ըսեն իրեն. Թօթափէ՜ կեանքը, մահուամբ զգեստաւորուէ՛ [21] հանգչելու համար։

 

(Մայտա)

ՏԻԿԻՆ ՍՐԲՈՒՀԻ ՏԻՒՍԱԲ [22]

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

Ա.

 

1. Բարակրաֆով վերլուծում գաղափարներու։

2. Ամփոփում առ առաւել հինգ տողի մէջ (ամբողջ կտորին)։

3. Հիմնական գաղափարը երեւան հանել:

 

/102/ Բ.

1. Քննել գաղափարներու շղթայումը.

1 Ամէն մէկ բարակրաֆի մէջ։

2. Ամբողջութեան մէջ։

2. Դատել վիճակները.

1. Վիճակներու ընդլայնումը ի՞նչ ճամբով տեղի կ՚ունենայ (աւելցող տարրերը հոմանի՞շ վիճակներ են թէ նոր)։

2. Որո՞նք են մայր վիճակները։

3. Ընդլայնել մէկը այդ վիճակներէն (ամէն բան իմ մէջ կը մռնչէ, կը գուրգուրայ, կը մրմնջէ)։

 

Գ.

1. Նախադասութեանց կազմ։ Նախադասութիւնները կ՚ըլլան.

1. Կարճ։

2. Երկար։

3. Կտրտուած։

4. Շղթայուն:

(Նախադասութիւնները՝ խառնուածքը կը ներկայացնեն գրողին։ Անոնց քննութիւնը մեզի կը ծանօթացնէ գրողին թաքուն կողմերուն։ Բառերու ընտրութիւնը մէկ գիծն է այս

անգիտակից աշխատանքին)։

2. Կշռել մտածումները.

1. Մասնաւորութիւն եւ դիպողականութիւն (յարմարութեան պարագայ)։

2. Ընդհանրականութիւն եւ անտեղութիւն։

3. Անձնականութիւն եւ ընդօրինակութիւն:

(Մասնաւոր է մտածումը երբ կը բխի նիւթէն, եւ կը յարմարի արտայայտուած վիճակին։ Անձնական դիտողութեան տուրքն է անիկա մեր մէջ, եւ գրուածք մը անով կ՚ըլլայ շահեկան։ Ուրիշ հարց է այդ դիտողութեանց յարմարութիւնը նիւթին հետ։ Ընդհանրական է մտածումը երբ կը տարածուի ամբողջականութեան մը վրայ: Այս կտորին մէջ, Սիրայի կարգ մը մտածումները ընդհանուր են, բայց չեն պատշաճիր մեր ընկերութեան, որով եւ անտեղի: Անձնական մտածումները մեր փորձառութեան գինն են։ Գիրքերէն առնուածները՝ ընդօրինակութիւն)։

 

Դ.

1. Բաղդատել այս ոճը Տիկին Սիպիլի ոճին հետ։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ո՞ւր է երջանկութիւնը

 

1. Սահմանել բառը (ընթացիկ առում):

2. Ընդարձակել իմաստը։

/103/ 3. Մե՛նք կը շինենք մեր երջանկութիւնը կամ դժբախտութիւնը (տարապայման ձգտումներ, երազներ, կեանքը տեսնելու աւելի համեստ կերպեր: Նայելով հանդերձ մեզմէ վերինին, միշտ նկատի ունենալ մեր միջավայրը, եւ մեզմէ աւելի համեստները)։

4. Նիւթացնել բառին տարողութիւնը (ի՞նչ պիտի ուզէիք դնել երջանկութիւն բառին տակ։ Դրա՞մ, փառք, զոհողութի՞ւն, եւայլն)։

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ. Այս նիւթը պէտք է գրուի կարելի անկեղծութեամբ ու պարկեշտութեամբ, մնալով տղու կամ պատանիի յատուկ հոգեկան վիճակի մը մէջ։ Ըլլալ անկեղծ, իջնելու չափ ձեր խղճմտանքին ամէնէն խորերը մինչեւ։ Այն ատեն ձեր լսելիք ձայնը ձեզի պիտի առաջնորդէ, ձեր աշխատանքին մէջ։ Գիտցէք թէ այսպէս գրուած էջ մը ձեր կեանքի որոշ մէկ շրջանին վաւերաթուղթն է։



[1]       Սիրա = այն կինը վէպին մէջ, որուն ուղղուած են Մայտային նամակները

[2]       Մայտա = անունն է Տիկին Տիւսաբի վէպերէն մէկուն: Հերոսուհին՝ որ նամակներու ձեւի տակ իր կեանքը կը պատմէ Սիրային։ Մայտայի մէջ, Տիկին Տիւսաբ, գաղափարաբանական, ընկերային, գրական, նոյն իսկ աժան իմաստասիրական վարդապետութեանց ընթացք կուտայ խեղդելու չափ վէպին գնացքը: Բոլոր այս գաղափարաբանութիւնը արեւմուտքէն փոխադրութիւն մըն է, որով եւ կանխահաս։ Ատոր համար է որ վէպը արթնցուց ծանր բանավէճ։ (Պէրպէրեան, Զօհրապ եւայլն):

[3]       Տքնիլ = տ + քուն ըլլալ = անքուն ըլլալ։ Աւելորդ խճողում է անքուն ածականը աւելցնել։ 4. Զի = վասնզի. այս իմաստով անսովոր է արդի լեզուին մէջ։

[5]       Ամենայն ինչ = Տիկին Տիւսաբ (Օր. Սրբուհի Վահանեան) աշակերտած է Պէշիկթաշլեանի, ու անկէ սորված հայերէնը: Եօթանասունական թուականներուն լեզուի հարցը կը շահագրգռէ մեր գրողները։ Գրաբարին յաւակնութեանց շրջանն է ատիկա։ Տ. Տիւսաբ խառնուած է վէճին՝ «Աշխարհաբար Հայ Լեզուն» գրքոյկով մը։ Իր վէպերը որոնք ութսունական թուականներուն երեւցան, խառնակ ըսուելու չափ պղտոր աշխարհաբար մը կը գործածեն: Տիւսաբի լեզուն մինչեւ վերջը պահեց այս պզտիկ զարտուղութիւնները։ «Ամենայն ինչ»ը ատոնցմէ է:

[6]       Բանականութիւն = իմաստասիրական բառերու շուրջ մեծ շփոթութիւն կը տիրէ մեր մէջ։ Ե. դարու թարգմանութիւններէն սկսեալ մինչեւ այսօր այդ բառերը ենթակայ են կամայական գործածութեան մը։ Բանականութիւն հոս իմացականութիւն, մտածման ու խօսելու կարողութիւնը կը նշանակէ: Բայց շատեր կը նոյնացնեն զայն դատողութեան հետ։ Նոյն շփոթութիւնը նաեւ մտածել, խորհրդածել, զգացում, զգայնութիւն, նման բառերու մէջ որոնք որոշադրուած առումով մը չեն ներկայանար մեր մտքին, մինչ յունարէնի եւ անկէ բխող եւրոպական լեզուներու մէջ այդ բառերը վճռական ձեւ մը եւ պարունակութիւն մը ունին։

[7]       Կեանքն ենք մահուան մէջ = երբ ամէն բան մեր շուրջը մահուան կնիք մը ունի, մենք կը շարունակենք ապրիլ, ըլլալու համար մահուան մէջ կեանք:

[8]       Քանիօ՜ն = ո՛րքան։ Բախտի օրե՜րը այս բառին։ Կէս դար (1850-1900) անիկա վսեմ բացագանչութիւններու կարապետը եղաւ։ Այսօր ծիծաղելի եղած է այս պատկառելի բառը։

[9]       Բերկրացնել = ուրախացնել։ Բերկրանք` հոմանիշներ, խնծիղ, հրճուանք, ուրախութիւն, խայտանք, խինդ, խնդութիւն, խծղանք, հրճիւ եւայլն։

[10]     Մռնչել, գուրգուրալ, մրմնջել = կեանքի զգայութիւններ՝ որոնք բնական են։ Կատաղութենէն մինչեւ գորով։

[11]     Շուրջը ներդաշնակութիւն ստեղծել = այս մտածումը գրեթէ կապ չունի վերի գաղափարներուն հետ: Դարձեալ կը հակասէ ոչնչութեան պատկերին որ կը բացուի քիչ ետքը։

[12]     Տե՛ս 460։

[13]     Շարայարել = չար + յար տարրերէն։ Անխափան շարունակել։

[14]     Մարդկութեան շղթային տեւողութեան ծառայել = երկար եւ հասարակ շրջաբանութիւն (դարձուածքով խօսիլ)։

[15]     Հուսկ վերջնական = հուսկ՝ վերջին։ Վերջին վերջնական՝ խճողում։

[16]     Բանականութեան եւ զգացման ամբողջութիւնը = խոշորցուած իմաստ:

[17]     Ընկերութիւն = մարդերու ընտանեկան, ընկերական կեանքը:

[18]     Ընդ վայր = իզուր:

[19]     Մտածութիւն = տես՝ ծանօթութիւն 455։

[20]     Հանճար = արտակարգ կարողութիւն։

[21]     Զգեստաւորիլ = այս գեղեցիկ պատկերը շատ հին է մեր մատենագրութեան մէջ։

[22]     ՏԻԿԻՆ ՍՐԲՈՒՀԻ ՏԻՒՍԱԲ: Վիպասան։ Իր վէպերը թերթօնական յօրինումով, իրենց պարունակած գաղափարներուն նորութեամբը աղմուկ հանեցին։ Իր ոճը տեղ տեղ ուռուցիկ, դասական լրջութիւն մը ունի յաճախ։ Տիկին Տիւսաբ նուիրած է իր գրիչը կիներու դատին: Եթէ ինքնատիպ չեն իր համոզումները, եթէ հարազատ չէ կեանքը որուն ցուցադրումին ընդմէջէն մեզի տուած է իր գաղափարները, Տիկին Տիւսաբի վէպերը իբր ճիգ, ձգտում, ունին իրենց դերը եւ արժէքը։ (1842-1901)։