Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

/236/

ԽԶ. ԴԱՍ
ԱԶՆԻՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ [1]

Օրագրին [2] մէջ ձեր հրաւէրը կարդացի Պէշիկթաշլեանի շիրիմը փառաւորելու համար իր մահուան տարեդարձին օրը։ Օրհնեա՜լ ըլլայ ով որ այդ մտածութիւնն յղացաւ, օրհնեա՜լ ըլլաք դուք, հայ երիտասարդներ, որ այդ միշտ երիտասարդ [3] բանաստեղծին յիշատակը կը մեծարէք, անոր՝ որ ամէնէն գեղեցիկ տիպարն եղաւ հայրենասիրութեան եւ հանճարոյ:

Աւա՜ղ, եւ երբ դուք իր գերեզմանին շուրջը կը բոլորուիք, ձեր սիրոյն հաւաստիքը նորոգելու համար առ այն՝ որ իր հոգւովը միշտ ներկայ է մեր մէջ, իր մտերիմ բարեկամաց եւ թերեւս մտերմագոյնը, պիտի չկրնայ թանալ [4] իր արտասուքներով, այդ սուրբ գերեզմանը: Այլ ուր եւ քաշէ զինքն անողոքելի հարկը, իր սիրտն ու մտածութիւնը հոն կը թառի [5], հոն կը թափառի եւ հոն կ՚արտասուէ ձեզի հետ, ո՛վ բարեկամք իմ բարեկամիս:

Միայն թէ այդ օրն՝ որ ընտրեցիք իբրեւ հայ զգայուն երիտասարդութեան վայելուչ հանդէսի օր, չմոռցուէ՜ր ասկէ ետքն ալ, եւ ամէն տարի նոյն օրին հոն հաւաքուէր հայ երիտասարդութիւնը խմբովին՝ ընդունելու համար այն ներշնչմունքը՝ զոր ես ինքս միշտ գտած եմ այդ գերեզմանին քով, ամէն անգամ՝ որ իմ բարեկամիս այդ յետին բնակարանին այց եմ ելած, մտածելով այն յոյսերուն զորս ի միասին կը սնուցանէինք, եւ որոնց քանի՜ն, ափսոս, մարեցան անկէ ի վեր, եւ միշտ լսած եմ, իբրեւ թէ դեռ լսուէր իր գերեզմանին խորունկէն այն աղաղակը` զոր ամէնէն առաջ հնչեցուց եւ որ պիտի չմարի.

«Եղբայր ենք մենք»։

Թող այս աղաղակը միացնէ մեզ հայերս ողջոյն [6] եւ ամրապնդէ մեր սէրն իրարու հետ, մինչեւ որ գայ օր մը՝ ուր հայ ժողովուրդն ամբողջ կարող ըլլայ կրկնել Արեւելքի բոլոր ժողովըրդոց. «Եղբայր ենք մենք»։

Քոյդ ՕՏԵԱՆ [7]

 

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

1. Այս գրուածքին սեռը քրոնիկ մըն է (յիշել բառին թելադրած յեղաշրջումը արեւմտահայ գրականութեան մէջ)։

2. Նիւթը։

3. Օտեանին մտածումը (ո՞րչափով մասնակի, անձնական, ո՞րչափով` ընդհանուր)։

/238/ 4. Զարթօնքի սերունդին մէկ քանի կարկառուն նկարագիրները.

Ա) Ազգայնականութիւն (Օտեան զայն կ՚անուանէ հայրենասիրութիւն)։

Բ) Ոգեպաշտութիւն, որ կը նշանակէ ոգեղէն արժէքներու փառաբանում։

Գ) Օգտապաշտութիւն (արուեստը օգտագործել ժողովուրդի ամէն կարգի պէտքերուն լրացման)։

Դ) Ռօմանթիզմ, որ կը նշանակէ հոս, արժէքները ոսկէզօծել, նոյնիսկ իրականութիւնը այլայլելու գինով։ Հոս, Պէշիկթաշլեանը չափազանցուցած փառքի մը մէջ տեսնել, Օտեանի ռօմանթիք խառնուածքը կ՚ապացուցանէ։

Ե) Զգացական կարողութիւն, որով հպարտ են այդ մարդերը, պատրաստ ըլլալու ծափելու, պոռալու։ Այդ սերունդին գրականութիւնը զետեղելի է այս վերնագիրներուն տակ առանց անպատեհութեան։

5. Օտեանի զգայնութիւնը (պետական եւ քաղաքական գործիչ՝ խմբագրած՝ կայսրութեան ամէնէն ծանր, կենսական օրէնքները ինչպէս նաեւ իր ժողովրդին համար վարչական գործունէութեան օրէնքներ, ապրած՝ դիւանագիտական բարձրագոյն շրջանակներու մէջ, անիկա ատեն գտած է ծառայելու նաեւ իր ժողովուրդին գրականութեան։ Դժուար է այսօր, այս յատկանիշները համախմբել մէկ դէմքի մէջ։ Եւ սակայն Օտեան այն հազուադէպ բացառութիւնն է, որ վարչական պաշտօններու խամրեցնող ազդեցութենէն գիտցած է անվթար պահել իր զգացումները։ Ատոնք հասարակած են անշուշտ իր սերունդին, բայց ունի նաեւ գրականութեան շատ զօրաւոր եւ ջերմ հակում։ Իր բարեկամութիւնը Պէշիկթաշի դալկահար քերթողին հետ (Պէշիկթաշլեան, յիշել՝ Սկիւտարի սոխակը՝ Դուրեան) սրտառուչ ըլլալէ վեր բան մըն է։ Գրեթէ կանացի անոր զգայնութիւնը պետական մարդու մարմինին մէջ դժուար բայց իրաւ հակասութիւններէն մէկն է կեանքի։ Այս ծանօթութիւնները ո՞րչափով կը լուսաւորեն վերի կտորին ընդհանուր մթնոլորտը:

6. Օտեանի գրական կազմութիւնը։ (Վենետիկի վերջին պայծառափայլումէն [Բագրատունի, Հիւրմիւզ, Ալիշան] խորապէս ազդուած մէկն է անիկա։ Ատկէ դուրս ազդեցութեան տակն է դարձեալ ֆրանսական մեծ ռօմանթիքներուն, որոնցմէ Լամարթինի նուիրած է սքանչացումի էջեր, որոնցմէ Հիւկոն լուսապսակած է գերբնական փառքի մը դաբնիներով։ Այս տեղեկութիւնները կուտան իր գրուածքներուն բարեխառնութեանը մասին վճռական վկայութիւն։ Դժուարաւ հրաժարած է գրաբարի պաշտամունքէն։ Իր աշխարհաբարը, որ առաւելապէս ատենախօսական յղկումէ մը գտաւ իր լեցունութիւնը, վայելչութիւնը, համը, իր քրոնիկներուն մէջ կը մնայ 1860ի գրաբարապաշտներուն մտերմութեանը մէջ գունաւորուած արտայայտման կերպ մը։ Այնպէս որ իր ճառերը, քրոնիկները, ցանցառ ոտանաւորները, մեր գրական ճաշակի եւ աշխարհաբարի յեղաշրջման վրայ ուշագրաւ վկայութիւններ են)։

/239/ 7. Օտեան հռետոր։

8. Օտեան յուշագիր:

9. Օտեանի դերը մեր գրականութեան մէջ։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

1. Խմբագրել ուղերձ մը (տարեդարձ, այցելութիւն, ականաւոր հիւրի մը ընդունելութիւն, բաժանում, հրաժեշտ եւայլն)։

2. Նիւթը այսպէս ճշդելէ ետքը նկատի ունենալ ընդլայնումի հետեւեալ պայմանները.

Ա) Մուտքի բաժնի մը մէջ քանի մը տողով ներկայացնել առիթը։

Բ) Արագ թուում մը յատկանիշներու որոնք արժէքներ են, եւ կը թելադրեն ներկայ համախմբումը, ցոյցը, հանդէսը. (ըլլալ զգուշաւոր խոշորէ, չափազանցէն, զարդարանքէն, ինչպէս նաեւ տափակէն, երկդիմիէն գովեստի մէջ)։

Գ) Զգացումներ։

Դ) Մտածումներ։

3. Ժուժկալութիւն, առատաբանութիւն հաւասարապէս խոտելի են։

4. Նոյնքան խոտելի է արտայայտման սովորականութիւնը, տափակութիւնը։

5. Մեծ նպաստ կը գտնէք զգացական ջերմութենէն։

6. Ընդհանուր քանի մը գաղափարներ պէտք է խարիսխ ծառայեն ամբողջ կառուցման (երախտագիտութիւն, զոհողութիւն, ազգասիրութիւն, աշխատասիրութիւն, պատանութիւն, եւ խանդավառութիւն)։

7. Պահել չափը մաuերուն։

8. Սարսափիլ շողոմէն, կեղծիքէն։

 

/240/

ԽԷ. ԴԱՍ
ՔԱՄԱՆՉԱ

Ամեն սազի [8] մէչըն գօված [9] դո՛ւն թամամ [10] դասն [11] իս, քամանչա.

Նաքազ [12] մարթ քիզ չ՚ի կանա տէսնի [13] դուն նըրա պասն [14] իս, քամանչա,

Ղաuտ [15] արա՛` էլ լավ օրէրուն էդիվըն [16] հասնիս, քամանչա.

Քիզ ինձնից օ՞վ կանայ խըլի՝ [17] աշուղի բասն [18] իս, քամանչա.

 

Անգաճըդ էրծաթէն պիտի [19], գըլուխըդ ջավահիր [20] քարած,

Կութըդ [21] շիրմայէմէն [22] պիտի, փուրըդ [23], սադափօվ նախշ [24] արած,

Սիմըդ [25] օսկէն քաշած պիտի, էրկաթըդ փանջարա [26] արած

օվ [27] ղիմէթըդ [28] չ՚ի գիդի, լալ [29] ու ալմասն [30] իս, քամանչա:

 

Ճիպուտըդ վարաղնած [31] պիտի` թահր [32] ունէնայ հազար ռանգօվ [33].

Ձարըդ [34] ռաշի [35] կուդէն [36] պիտի` վուր [37] դուն խօսիս քաղցըր հանգօվ [38].

Շատին զարթուն կու լուսացցնիս, շատին կու քընէցնիս բանգօվ՝ [39]

Անուշահամ գինօվ լիքըն դո՛ւն օսկէ թասն [40] իս, քամանչա:

 

Ածօղիդ [41] երկու կու շինիս, առաչ [42] չայի ղափա գ՚ուզիս.

Կու մէձըրվիս [43] այիվնումըն [44], պարապ վախտի [45] րափա [46] գ՚ուզիս.

Եփ [47] վէր [48] գու քաս մէջլիսումըն [49] քաղցըր զօղ [50] ու սափա գ՚ուզիս.

Բօլօրքըդ գօզալնիր [51] շարած մէջլիսի կէսն իս, քամանչա:

 

Շատ տըխուր սիրտ կու խընդացնիս, կու կըտրիս հիվընդի դուղըն [52].

Եփ քաղցըր ձայնըդ վիր կօնիս՝ [53] բաց կու՚լի [54] հիդըդ խաղօղըն [55]

Խալխին [56] էս իլթիմազն [57] արա՛` ասին. «Ապրի քու ածօղըն».

Քանի սաղ [58] է Սայաթ–Նօվէն, շատ բան կու տէսնիս, քամանչա:

 

(Էսպէս Արութինի [59] ասած քրօնիկօնի [60] 447ին)։

ՍԱՅԱԹ-ՆՈՎԱ [61]

 

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

1. Քամանչա։ Արեւելեան նուագներուն մէջ որո՞ւն մօտ է այս գործիքը (ձեր տեսածներէն)։ Ծանրանալ Սայաթ -Նովայի եւ իր գոված գործիքին փոխյարաբերութեան վրայ։ Կուգայ պահը երբ գործիքը անոր ամենասիրական արարածը կը դառնայ։

/243/ 2. Դասը ի՛նչպէս կը բացատրէք։

3. Բացատրել՝

Ա) Sմարդին քեզ չի կրնար տեսնել։

Բ) Լաւ օրերու ետեւն հասնիլ։

Գ) Անուշահամ գինիով լիք ոսկի թաս։

Դ) Ածողը երկու շինել։

Ե) Մէճլիսի կէսն ըլլալ։

Զ) Հիւանդի դողը կտրել։

Է) Քանի ողջ է Սայաթ-Նովան, շատ բան կը տեսնես, քամանչա։

4. Գործիքին գովեստը, զայն նկարագրող պատկերներուն բանաստեղծութիւնը։

5. Բարքի ուրուագիծեր, որոնք, իրենց համառօտութեամբը հանդերձ, խոր յայտնումներ կ՚ընեն ԺԸ. դարու մեր հոգեբանութենէն։

6. Բանաստեղծին անձը.

Ա) Տիպարային յօրինում (աշուղները մասնաւոր ապրումի մը ենթակայ)։

Բ) Ձայն, եղանակ, անձնաւորութիւն (զուր տեղը չէ որ պալատներու դուռները տեղի կուտան այդ ձայնին առջեւ)։

Գ) Ընդհանրականութիւն (երեք լեզուներու մէջ ալ հաւասարապէս տիրական)։

7. ԺԸ. դարու արեւելքը.

Ա) Վրաստան (իր ազնուականներով, վանքերով, իշխաններով ու գեղեցկուհիներով)։

Բ) Թուրք տարրը (որ արեւմուտքի մէջ [Եւրոպա] ընկրկումի սկսած, արեւելքի մէջ միահեծան կը տիրէ։ Նկարագիրներ մոլեռանդ, հաճոյամոլ, հեշտախոյզ, հարուստ, արիւնարբու, բայց տարբեր մեր օրերու տիպարէն, որ կ՚արհամարհէ քրիստոնեան, բայց չարհամարհեր անկէ գալիք վայելքը)։

Գ) Հայը (որ իր պապերուն ճամբովը կը շարունակէ տառապիլ, ապրիլ, հաւատալ իր խորհուրդին, սիրել, ու երգին մէջ փոխադրել իր ստեղծագործութիւնը)։

8. Ընդհանրացում.

Փնտռել այս կտորին մէջ՝

Ա) Հայեցիութիւն։

Բ) Երեւակայութիւն։

Գ) Ստեղծագործ հուրը արուեստի մարդուն:

Դ) Փոխաբերութիւն։

Ե) Կշռականութեան զգայարանք:

9. Լեզուին վրայ դատաստան մը։

10. Մերձեցնել ոտանաւորը Քուչակեան տաղերուն։

 

/244/ ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ժողովրդական երգիչ մը

 

1. Այս պատկերը արեւելքի մէջ ընթացիկ է։

2. Զայն տեսնել շարադրական յարդարանքի համար անհրաժեշտ պայմաններու մէջ (տեղ, պահ, շրջանակ, տէգոր, տարազ եւն. ):

3. Դէմքը։

4. Ձայնը։

5. Երգին անդրադարձը:

6. Զայն կը փոխադրէք իր հիւղակը։

7. Մտածման բաժին (որ կրնայ բաշխուիլ ամբողջ մարմինին վրայ նիւթին, կամ առանձնանալ իր շարքին մէջ)։

 

ԽԸ. ԴԱՍ
ԱՅՐԱՐԱՏԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀ [62]

Ու խորհելով այս ամէնը, Արշակ [63] թագաւորը կը լքէր բարեբեր եւ բնիկ [64] ժառանգութիւնը իր նախնիքներուն՝ Այրարատի գաւառը, որ հոյակապ է ու ականաւոր [65], որ ամեն ինչ կը բուսցնէ, ամենաբուխ [66] է եւ ամենալի [67], ուր կարելի է գտնել ամէն ինչ որ մարդկային կենցաղին հարկաւոր է թէ՛ իբր ուտեստ, թէ իբր միջոց վայելչութեան եւ զբօսանքի:

Մեծատարած ու որսալից դաշտեր, շուրջանակի գեղեցկանիստ ու պարարտարօտ [68] լեռներ որոնք լեցուն են կճղակաբաշխ [69] եւ որոճացող երէներու հոծ բազմութեամբ։ Անոնց կատարներէն ջուրերու հոսումներ դաշտերը կ՚արբեցնեն, զանոնք ոռոգման անկարօտ ընելով, ու քաղաքներու մէջ կիներու, այրերու, ընտանիքներու անբաւ բազմութեան մը անպակաս կ՚ընեն հացն ու գինին, բանջարներուն տալով անուշահոտ մեղրահամ քաղցրութիւն, եւ բազմազանութիւն՝ իւղաբուխ [70] հատիկներուն։ Իսկ եթէ նայիս լանջակողմերուն [71] կամ սարահարթներուն [72], պիտի տեսնես պարարտաբոյս ու պարարտահամ արօտներ որոնք այդ տեղերը զգեստով կարծես կը հագուեցնեն եւ ոչ թէ ծաղկաբոյս գոյներով։ Անոնց խոտերուն թանձրախիտ [73] աճումը կը յագեցնէ [74] անհամբոյր [75] բոյլերը [76] վայրի երէներու, եւ անբաւ արօտական ընտանի էշերու, թանձրաթաղանթ [77], առուգագա/245/ւակ [78], որոնք հպարտօրէն կը պտտցնեն իրենց մարմիններուն գիրութիւնը։ Ու անուշահոտ ծաղիկներուն բարկ բոյրերը, դիւցազներուն [79], որսի խենթ նետողներուն [80] ու բացօթեայ [81] հովիւներուն առողջութիւն կ՚ընձեռեն, ու զգայութիւնները [82] կը թարմացնեն։ Հոն կը գտնուին դարձեալ, տեսակ տեսակ բոյսերու արմատներ ա՛յնքան պիտանի դեղերու համար, հմուտ բժիշկներուն ճարտարագէտ ցուցմունքներուն համաձայն։ Անոնք ախտահալած [83] ու երագահաս [84] սպեղանիներ [85] կը հայթայթեն, կամ, երկարատեւ ցաւերով տառապեալներուն առողջութիւն կը հասցնեն։

Ու ամենալրութիւնը [86] դաշտերուն որոնք կարծես խօսքերով իրենց կը գրաւեն աշխատողներուն կամքը, եւ զանոնք լիացնելով բերքով եւ բարիքով աւելի շուտ վերադարձ մը կը հրաւիրեն իրենց։ Անոնք միայն արտաքին երեւցած շահերը չէ որ կը ցուցադրեն, այլ մանաւանդ յորդորախոյզ [87] աշխատողները կը մղեն դէպի շահագործումը, գետնին տակ ծածկուած գանձերուն, ասոնցմէ քաղելու համար օգուտ եւ վայելք իրենց անձերուն, թագաւորներուն` մեծ վայելչութիւն, հարկահաններուն՝ [88] ապահովութիւն, ոսկի, պղինձ, երկաթ, պատուական քարեր որոնք արուեստագէտ [89] ձեռքերու մէջ բանուելով, արքաները կը զարդարեն մեծվայելուչ զարդերով, երբ կ՚ընդելուզուին [90] ոսկեհուռ [91] պաճուճեալ [92] պատմուճաններու, թագերու, խոյրերու [93] վրայ:

 

(Պատմութիւն Հայոց)

ՂԱԶԱՐ ՓԱՐՊԵՑԻ [94]

 

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

1. Մատենագրական տեղեկութիւն։

Այս կտորը առնուած է Ղազար Փարպեցիի Պատմութիւն Հայոց առաջին գիրքէն։

2. Կտորին մարմինը։

Ա) Պատմական ակնարկ:

Բ) Երկրին ֆիզիքը (դաշտ, լեռ, ջուրեր, սարահարթներ)։

/248/ Գ) Երկրին բուսականութիւնը:

Դ) Երկրին ընդերքը եւ հանքային հարստութիւնները։ Սեղմ այս գիծերուն մէջ գրագէտը դրած է՝

Ա) Մարդկային կենցաղ։

Բ) Այդ կենցաղին զանազան երեսները. (նախարարներ, աշխատողներ, թագաւորներ, եպիսկոպոսներ, հայ ընտանիքը, առողջներ, հիւանդներ, բժիշկներ եւայլն)։

Գ) Նկարագիրը՝ շատ սեղմ եւ սակայն վերջնական եղանակով մը, մեր երկրին մեծ կարկառներուն:

Դ) Ջուրերը: Գինի։ Իւղ։

Ե) Բուսականութիւն (գոյն, սնունդ, վայելչութիւն, բժշկական օգտակարութիւն)։

Զ) Գլխաւոր անասունները (նկատի առնուած իրենց արտաքին կերպարանքին, ինչպէս ընձեռած օգուտին մէջ)։

Է) Հանքային գանձերը եւ ասոնց արուեստագործեալ օգուտը։

3. Այս գրուածքին, զոր արդարութեամբ կ՚որակենք դասական, ուշագրաւ են հետեւեալ յատկանիշները։

Ա) Ժուժկալութիւնը: Ինչ որ բացառիկ պարագայ մը կը ներկայանայ մեր հին մատենագրութեան շատաբան նկարագիրները երբ նկատի ունենանք։ Իւրաքանչիւր բառ մտածում մը կը յաղթահարէ։ Իւրաքանչիւր մտածում լայն ապրումներու խտութեամբը կը պաշտպանուի։ Փարպեցի այն հազուադէպ գրողներէն է որոնք քիչ էջի մէջ այնքան շատ բան կը թելադրեն։ Վերի կտորը ո՛չ միայն երկիր մը, այլ ժողովուրդ մը ու անոր բարքին մեծ գիծերը մօտեցուց մեզի, արագ, պարզ, հասկնալի մանրամասնութեանց հանդէսով մը։

Բ) Թելադրականութիւնը: Որով գրագէտը իր բառերով կը թելադրէ շատ մը բաներ մեր միջոցներով գուշակելի։ Ժուժկալութեան ուղղակի հետեւանքը չէ այս յատկանիշը։ Կարճ նախադասութիւնները չեն որ միշտ յարգի են։ Թելադրելը՝ մտածման մղող միջոց մըն է։ Մենք կը յարգենք այն գրագէտը որ մեզի առիթ կուտայ մեր մէջ քնացող բաները արթնցնելու:

Գ) Ճշգրտութիւնը։ Հակառակ անոր որ սեղմութեան պատճառաւ ստիպուած է նոր նոր բառեր դարբնել, Փարպեցի կը մնայ ճշգրիտ պատկերող մը, մտածող մը, եզրակացնող մը։ Իրարու ետեւէն եւ իրարու մէջէն երկիրը (անոր երեսն ու ընդերքը), մարդերը, իրենց դասակարգային զանազանութեամբը, զբաղումներու մեծ պատկերովը, կենդանիները եւ բուսականութիւնը մեզի կը մատուցուին իրենց վերջնական գիծերուն մէջը, արագ, ճիշտ եւ վճռական։

/249/ Դ) Որոշ փարթամութիւնը։ Հակառակ գոյներու ցամաքութեան, անհրաժեշտով միայն բաւարարուող գծագրութեան, այս էջը մեր մէջ կ՚արթնցնէ ճոխ եւ հարուստ զգայութիւններու շարք մը։ Բարիքը հոն է որ սա յորդութիւնը զերծ է ամենադոյզն հռետորութենէ։ Թարգմանութիւնը կատարուած է բնագրին կարելի հաւատարմութեամբ, եւ հակառակ անոր որ մօտ 1500 տարի անցեր են այս էջերուն վրայէն, գրուածքը մեզ կը տպաւորէ մեր օրերու քրոնիկի մը նման։

4. Մօտեցնել այս էջը մեր հին մատենագրութեան՝ այն կտորներուն որոնք առնուած են այս գրքէն ներս։ Ձեր բաղդատութիւնները պէտք է նկատի առնեն ընդլայնումի, ներկայացման շնորհներ։ Ոյժի, փափկութեան, տափակութեան հանգամանքներ։ Լեզուական կորով, սլացք, հետեւակութիւն, նիւթ մը մշակելու արարքը. այս նիւթին մէջ անձնականութեան բաժինը ինչպէս նաեւ կարելի տափակութիւնները։

5. Բարձրանալ այս կտորին դասական որակուած գրականութեան քանի մը հիմնական նկարագիրներուն։

Ա) Կարգ։

Բ) Համեմատականութիւն ընդլայնման։

Գ) Բանաւորականութիւն (raison):

Դ) Անանձնութիւն։

Ե) Պարզութիւն։

Զ) Մարդկային տարրին ընծայուած գերակշռութիւնը (անոր մէջ ծանրանալով իմացական կողմերուն)։

Է) Լեզուական կանոնաւորութիւն։

Ը) Անհրաժեշտի զգացում (որ կը նշանակէ խուսափիլ յորդ զգացումէն, շատ զեղուն անձնականէն, պոռոտ գոյներէն, անժուժկալ հռետորութենէն)։

6. Սեղմ գիծերու բարիքը։

7. Փարպեցիի անձնականութեան նկարագիրը [եկեղեցական, ազնուական (թէեւ ծնունդով գիւղացի բայց անիկա մեծցած է Մամիկոնեանց Վահանին հետ, հետեւաբար իշխանական մտայնութեան ոչ անհաղորդ մէկը), բանգէտ, իմաստուն, սակաւախօս։ Այս բոլորը կ՚արդարանան վերի կտորին ցուցմունքներովը]։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երկիրը ուր կ՚ապրիք

 

Հետեւելով Փարպեցիի ծրագրին։ Արտօնուած չէք շեղելու մտածումին գնացքէն։ Ձեր ընելիքը փոխանակումն է Փարպեցիէն օգտագործուած մանրամասնութիւններուն ձեր կողմէն մեր երկրին վրայ ձեր ճշդած ուրիշներով։ Պէտք է պահուի ընդլայնումին ալ համեմատականութիւնը։

Անշուշտ մեր օրերուն, վայրի էշերը, աղեղնաձիգ դիւցազունները կը պակսին, բայց ատոնց տեղը ուրիշ բաներ է որ կը գրաւեն այսօր։ Այդ ուրիշ բաներուն հիմնական գիծերը ջանացէք ամուր քաշել:

 

/250/

ԽԹ. ԴԱՍ
ԴԻԱԿԻ ՍԱՅԼԸ

Իրիկուան դէմ, փողոցներէն ամայի,

Սայլ մը կ՚անցնի ճըռընչելով [95].

Ձի մը աշխէտ [96] զայն կը քաշէ. ետեւէն

Կ՚երթայ զինուոր մը [97] գինով։

 

Ջարդուածներուն [98] դագաղն է ան որ կ՚ուղղուի

Գերեզմնատունը [99] հայոց.

Արեւն յետին [100] իր շողերով կը սըփռէ

Վըրան` պատանք մ՚ոսկեզօծ [101]:

 

Ձին նիհար է: Հունձն այդ իր ժանտ [102] տէրերուն [103]

Ան հազիւ հազ [104] կը տանի.

Ականջներն իր կախած, կարծես խորասոյզ [105]

Կը մտմտայ թէ քանի՜

 

Դարեր [106] պէտք են ժամանելու համար հուսկ [107]

Մարագն հնձուած սուրբերուն [108].

Ու շրջակայ պատերուն՝ պոչն իր տատան [109]

Կը սրսկէ միշտ, միշտ արիւն:

 

Ու արիւն է որ կը կաթէ յարաբուխ,

Անիւներուն հեցերէն [110].

Սայլն իբրեւ վարդ կրէր [111], իբրեւ թէ ըլլար

Արշալոյսին կառքն հրեղէն [112]:

 

Հոն են դիերն [113], իրարու վրայ, որդին մօր

Գանգուրներով պատանքուած [114].

Մին խըրած է իր ամբողջ բռունցքը միւսին

Տաք վերքին մէջ լայնաբաց։

 

Մէկուն կուշտէն աղիք մը վար սահմռտկած [115],

Սայլին ճեղքին կ՚առկախի.

Շուն մ՚ետեւէն կուգայ եւ զայն քաշած դուրս,

Լափլիզելու [116] կ՚ըզբաղի։

 

/251/ Դեռ ծերունի մը ծընօտով ջարդուփշուր

Կ՚յառէ [117] աչքերն երկնքին,

Որոնց մէջ սեւ անեծք մ՚, աղօթք մ՚ իրարու [118]

Նոյն վրէժով կը խառնին [119].

 

Անոնց վըրայ ոչ ոք կուգայ արտասուել [120]

Կամ տալ ողջոյնը վերջի.

Քաղքին լռութեան [121] մէջ արեան հոտը միայն

Զեփիւռին հետ կը շրջի [122] ։

 

Բայց, մութին մէջ, պատուհանէ պատուհան

Ահա մոմեր կը վառին [123].

Մամերն են որ գաղտագողի կ՚աղօթեն

Վըրան կարմիր դագաղին։

 

Եւ այն ատեն պատըշգամի մը վրեայ

Կոյս մը կ՚ելլէ գեղանի,

Ու կը նետէ` արտասուաթոր [124], բուռ մը վարդ,

Սայլին վըրայ որ կ՚անցնի:

 

(Ցեղին Սիրտը)

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ [125]

 

 

/254/ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

Ա.

 

1. Քերթուածը վերցուած է «Ցեղին Սիրտը» հատորէն։ Այս գիրքը Վարուժանի առաջին մեծ գիրքն է ու նոյն ատեն գլուխ գործոց մը: (Սարսուռներ եւ Ջարդը՝ անկէ առաջ տպագրուած, նախափորձեր են):

2. Չափը՝ խառն։ Տունը կը բաղկանայ երկու մետասանոտնեան եւ երկու եօթնոտեան տողերէ որոնք մէջէմէջ անցած են։ Այս կազմը փոխառութիւն մըն է ժամանակակից եւրոպական քերթողութենէն։

3. Յանգերը: Վարուժան հաւասար դիւրութեամբ կը գործածէ հին ու նոր չափերը։ Հին չափը որ չորս անդամ (հետեւաբար հատած) ունի, ընդհանրապէս զանց կ՚ընէ յանգը: Դ. Վարուժան յանգաւոր ալ գործածած է այդ չափը։ Իր բոլոր ոտանաւորներուն մէջ իր յանգերը եթէ ծիծաղելի ճոխութեան մը չեն ելած, միշտ ալ բաւած են ոտանաւորին։ Ներկայ քերթուածին երկայն տողերը իւրաքանչիւր տունի մէջ դուրս են յանգի պահանջէն։ Բայց այդ պարագան վնաս չի բերեր քերթուածին։

 

Բ.

 

1. Քերթուածին տեսակը՝ Նկարագրական։

2. Բաժանումները.

Ա) Պահ

Բ) Դերակատարներ

ա) Ձի մը։

բ) Զինուոր մը։

գ) Զոհերը։

դ) Մամերը:

ե) Աղջիկ մը։

Գ) Խորհուրդի բաժին մը:

3. Քերթուածին մէջ իրապաշտութիւնը:

4. Քերթուածին մէջ դասականութեան հետքերը:

5. Գերակշռութիւնը իրապաշտ շունչին:

 

Գ.

 

1. Նկարագրական բանաստեղծութիւնը մեր մէջ ամէնէն աւելի փորձուած սեռ մըն է, վասնզի միշտ ստեղծող ուժ չի պահանջներ: Կը բաւէ գործիքը լաւ իւրացնել, բառացանկը ճոխացնել, տարրական գծագրութեան մը հնարքը ունենալ որպէսզի ոտանաւոր կարենաք արտայայտել ձեր տպաւորութիւնները։ Արեւելահայերը տակաւին չեն բարձրացած ըմբըռնումին այս աստիճանէն։ Վարուժան՝ հիմնական գիծեր ունենալով հանդերձ մեծ նկարիչի, ստեղծում եւ յուզում, խորհուրդ եւ թելադրութիւն դնել գիտէ իր քերթուածին մէջ։ Վկայ՝ այս կտորը, ուր իրականութեան հարազատ փոխադրութիւնը կը պաշտպանուի թաքուն, արագ, փայլակող բանով մը որ յուզումն է, խռովքն է, արցունքն է, այսինքն ազնուական տարրը արուեստի գործերուն։

2. Բաժանումները:

Ա) Պահը։ Քերթուածին համար ծանրութիւն չունի, կամ թէ՝ նուազագոյն չափի մը վրայ կը մնայ: Իրիկունը ընտրած է՝ քանի մը /255/ մանրամասնութիւն օգտագործելու համար։ (Արեւին ոսկեզօծ պատանքը, պատուհաններէ վառուող մոմերը)։ Բայց այս քանի մը գիծը բաւական են որպէսզի մթնոլորտը ստեղծուի։ Վասնզի տեղի տարտամութիւնը միւս կողմէն պիտի նեղէր մեզ:

Բ) Դերակատարներ, այսինքն շարժող մասերը քերթուածին մէջ։ Անոնց շատութիւնը չի վնասեր իրենց դիմագծութեան։ Իւրաքանչիւրը կ՚երեւայ տեսարանին վրայ, ինքզինքը կը յայտնաբերէ, կը նպաստէ ընդհանուր շարժումին ու կ՚անցնի, տեղը տալու համար ուրիշներու: Բանաստեղծին բնազդը կրցած է բաշխումը կատարել նուազագոյն վնասով։ Այս ամէնը աչքի կուգան երբ մէկ մէկ քննենք դերակատարները։

ա) Աշխէտ ձի մը։ Երկու տարրեր կը կազմեն այս կենդանին։

1. Արտաքին, նիւթական պատկերացում մը. ածականներ՝ որոնք իրական ձի մը նկարեն. պատահական երանգներ` ինչպէս պոչը որ արիւն կը սրսկէ։

2. Ներքին յօրինում մը որ ձախողած է։ Չենք կրնար մտածել Դ. Վարուժանի հետ որ կենդանիները մեր բարոյական ըմբռնումները իւրացնելու աստիճան նրբացած ըլլան։ Ու մանաւանդ զանազանեն սուրբերը՝ հնձուած իրենց ժանտ տէրերուն սուրերովը։ Չենք մերժեր կենդանիներուն՝ տարրական իմացականութիւն մը։ Բայց նոյնիսկ այդ վերագրումը հոս չ՚օգտագործուիր։ Զինուորները գոնէ առատ կեր կուտան ձիերուն: Ձիուն պատկերը դարձեալ ամբողջ չէ իբր արտաքին գծագրութիւն, սառած տեսիլ։

բ) Զինուոր: Վերադիր մը միայն` գինով։ Բայց որքան թելադրող։ Առէք այդ մարդը կառքին ետեւէն, տարէք Ղալաթիոյ փողոցները։ Ձեռքը տուէք իր սուինը, մերկ ու ազատագրուած՝ զինուորական կարգապահութենէն։ Ըսէք անոր թէ իր փառքն ու պարտքը մորթելն է, կողոպտելն է կարգ մը մարդեր։ Ու հետեւեցէք այդ վայրենիին որ, խանութին մէջ, իր գործասեղանին առջեւ աշխատող մարդուկի մը գլուխին տնկուի։ Չը հարցնէ ու սուինը մխէ անոր սիրտը։ Ու հանդարտ առնէ ինչ որ իյնայ ձեռքին տակ: Տուէք անոր միակ աճապարանք մը, աւելի շատ սպաննելու աճապարանքը։ Անոր սրտին մէջ պահի մը համար արթնցուցէք մարդկայնական զգացումներ, թող պուտիկ մը գորովի գայ իր ամուսինին փաթթուող կնոջ մը աղերսանքին առջեւ. յետոյ թող ամրանայ, դառնայ իր վայրագ բնազդներուն ու այս անգամ անասնական կիրքերուն։ Ու ամբողջ օրը այդպէս խմէ, սպաննէ, բռնաբարէ ու աղօթէ նոյն ատեն։ Իրիկուան՝ զինքը դրէք կառքին ետեւէն։ Այո՛, գինո՜վ է այդ զինուորը, ու ի՜նչ գինով։

գ) Զոհերը: Երեք տուներ նուիրուած են զոհերու պատկերացումին։ Ու այսքան նեղ շրջանակի մը մէջ տեսիլը կը յառնէ մեր առջեւ։ Որդին, մայրը, ծերունին, իւրաքանչիւրը սեփական ու յատկանշական նօթով մը։ Պատկերը պահելով այսպէս իր մասնական, անհատներով շինուած նկարագիրը, տարօրինակ դիւրութեամբ մը կը յարմարի նաեւ զանգուածային տեսարանին, ինչպէս է իրականին մէջ դագաղ-կառքին պարունակութիւնը: Հոս ահաւոր մանրամասնութիւններ կը լրացնեն պատկերին դժնդակ հէնքը, ու նոյն ատեն կը յօրինեն խորհուրդի մասը։ Զուսպ յուզում մը կը թափանցէ մեր ջիղերուն։ Պատրաստ ենք լալու։ Բայց Դ. Վարուժան չախորժիր աժան լալկանութենէն։ Կը պրկէ պատկերը, արագ կ՚անցընէ դագաղը, ու հեգնութիւնը կը գտնէ հակազդելու համար մեր լեցուած ջիղերուն։

/256/   դ) Ու ճիշդ այդ պահուն կը միջամտեն մամերը, իրենց սրբազան հաւատքին չմարող մոմերովը։ Անոնք անուններ են միայն, ոչ մէկ տարր որ զիրենք թանձրացնէր։ Կ՚երեւան, աղօթքի ձեւ ունին, ցեղին ձայնը ատանկ լոյսի ձեւով կը վառեն ու կը բարձրացնեն։ Մամիկներուն երեւնալը արդէն խորհուրդին նախապատրաստութիւնն է։

ե) Աղջիկ մը։ Ուրիշ, աւելի թելադրող խորհրդանշան մըն ալ այս աղջիկը։ Դիտեցէք որ անիկա վերադիր մըն ալ ունի հետը՝ գեղանի։ Ու ասիկա պատահական բառ մը չէ, ոչ ալ հակադրութեան մը սիրոյն տեղաւորուած օտարոտի տարր մը: Անիկա բխած է բանաստեղծին անգիտակցութենէն։ Պարապ տեղը չէ որ դարերով մեր երկրին, շղթայակապ մեր ժողովուրդին խորհրդանշանը գեղեցիկ այրի մը եղաւ։ Պարապ տեղը չէ որ մեր կիները դարերով աւարի տրուեցան աւազակներու ինչպէս իշխանազուններու կողմէն։ (Էջերու հարկ կայ այդ մտածումը ամբողջութեամբ քաղելու համար)։ Հոս, քսաներորդ դարուն մէջ, ոչինչ փոխուած է այդ կարգերէն։ Ու հրապուրիչ այրին իր գեղանի աղջկան տարազովը այսպէս կը մօտենայ դագաղին։ Արտասուաթորը կը հասկնաք առանց մեկնութեան։ Ու անոր վարդերը թող ձեզի համար կնոջական թեթեւ շարժում մը չըլլան։ Գեղեցկութեան ու արիւնի այդ մռայլ եղբայրութիւնը որ գոյութիւն ունի այդ ծաղիկին վրայ, թելադրող է մանաւանդ հոս։ Որո՞ւ համար մեռան անոնք որ դագաղին մէջ կը քալեն։ Հայրենիքին։ Ի՞նչ է հայրենիքը։ Բայց ամէնէն առաջ գեղանի այդ օրիորդին անձեռնմխելութիւնը:

Գ. Խորհուրդի բաժինը: Դ. Վարուժան եւրոպական արեւմտեան քերթողութեան մէջ ընթացիկ եղանակով մը չի քալեր դէպի խորհուրդը: Այդ արուեստը տարրերը կը պատրաստէ ու կ՚առաջնորդէ լուծումին որ միշտ քերթուածին խորհուրդը կ՚ըլլայ։ Հոս մասնաւոր գետին մը, շրջանակ մը չէ տրամադրուած անոր։ Անիկա բաժնուած է քերթուածին ամբողջ երկայնքին։ Այնպէս որ զուտ նկարագրական տողերուն ներքեւն ալ քիչ մը բան կարելի է գտնել։ Այս ցրուումը վնասած չէ։ Նախ օգտակար եղած է տեսակ մը գոլ` ջերմութիւն բաշխելու համար կտորին ընդհանուր մարմինին։ Յետոյ, ճարտար ինքնադարձով մը երկու տեսիլի մէջ դրած է ցեղին բարձրագոյն ձայները, հաւատքն ու յոյսը։

Ասոնք են ահա, արագ ակնարկէ մը դիտուած, կտորին ներքին մասերը։

3. Քերթուածին մէջ իրապաշտութիւնը։ Իբրեւ նկարագրական՝ այս քերթուածը ենթարկուած պիտի ըլլար գոյներու եւ մանրամասնութիւններու ճնշումին։ Իրապաշտութիւնը՝ մանաւանդ բանաստեղծութեան մէջ, սահման դնել մըն է ստեղծումին, կապուելու համար իրականութեան անմիջական անդրադարձումին։ Իբրեւ այդ, քերթուածը կը մնայ իրական, այսինքն, գէշ բառով մը, իրապաշտական։ Բայց մի մոռնաք որ Վարուժան մեր ամէնէն երեւակայող բանաստեղծն է գրեթէ։ Իրականութեան հետ մնալ կարենալու համար անիկա տառապած է միշտ։ Ու միշտ ալ աղուորցուցած հասարակ տեսիլները հասարակ կեանքին։ Հոս ալ պատահած է նոյնը։

4. Դասականութիւնը քերթուածին մէջ։ Դասական զարգացումով բանաստեղծի մը համար, ինչպէս է Վարուժան, դժուար է ամբողջութեամբ թօթափել հմայքը հին պատկերներուն որոնք այնքան սերունդներու հոգին ու աչքերը խռոված են։ Ներկայ քերթուածը ունի այդ հին գեղեց/257/կութիւններէն փշրանքներ որոնք գրեթէ օտար կը թուին մեր այսօրուան ճաշակներուն։ «Սայլին վարդ» կրելը, «Արշալոյսին կառքը» բացատրութիւններ են որ առանց Վարուժանի հզօր տաղանդին, մեր ծիծաղը շարժէին պիտի։ Բացի բացատրութիւններէն, քերթուածին յօրինումը դասական է մանաւանդ: Ամէն ինչ լուսաւոր է հոն, ամէն ինչ չափուած ու ստոյգ հաշիւներ ըրած են տուներուն բաժանումը։

5. Գերակշռութիւնը իրապաշտ շունչին։ Քերթուածին մէջ տիրապետող շունչը իրականութեան շունչն է։ Ասիկա կ՚ըսենք, վասնզի Վարուժանի միւս գործերուն մէջ երեւան եկան զանազան ձգտումներ։ Անիկա տգեղ իրականութիւնը ազնուական ծիրանիով հագուեցուց (Հեթանոս Երգեր)։ Անիկա գիւղին իրականութիւնը մշուշեց ինքնաստեղծ պայծառութիւններով (Հացին Երգը)։ Նոյնիսկ Ցեղին Սիրտը քիչ անգամ հաւատարիմ է այս չափով իրականութեան։

Այս հաստատումը հոս ոչինչ ունի վիրաւորիչ։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ա

 

1. Վերի քերթուածին վերջին տունը ընդլայնել, շատ ազատ ոգիով մը։ Վերցնել անկէ ջարդի կառքի մանրամասնութիւնը, վերածելով զայն սովորական մեռելակառքի մը։ Պիտի փոխուին

1. Տէգորը

2. Մթնոլորտը

3. Ծաղիկ նետողը (լաւ է որ պառաւ մեծ մայր մը ըլլայ, որ, անդամալոյծ, քաշքշուած ըլլայ մինչեւ պատշգամ ու անկէ նետէ ծաղիկներ)։

4. Պատմելու ձեւը (ինքզինքնիդ մի խառնէք, ու առաջացուցէք պատմութիւնը չէզոք դէմքով)։

Ոչ մէկ ուռուցիկութիւն։

Լաց առաջ բերելու ոչ մէկ մտմտուք։

Հանդարտ թօն։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Բ

Գինով մը

 

1. Տեղ (գինետուն, փողոց, հարսնիք, ձեզի կը ձգուի ընտրութիւնը)։

2. Տիպարը (ընդհանուր ու մասնաւոր գծագրութիւն, միշտ իրարու խառնուած)։

3. Խորհրդածութիւններ (նիւթական ու բարոյական վնաս։ Ընտանիք, հանրային դիրք)։

 

Ծ. ԴԱՍ
ՓԱՌՔ ՔԵԶ, ՏԷՐ [126]

Փառք քեզ, Տէր Աստուած մեր, որ պարգեւեցեր զօրս զայս բարեաւ [127] եւ խաղաղութեամբ անցուցանել [128]:

Մարդասէր Աստուած, զառաջիկայ գիշերս [129] որ ի վերայ մեր գալոց է, ի մեղաց [130] փրկեա՛, ի չարեաց [131] ազատեա՛, եւ ի գործս [132] բարիս առաջնորդեա՛։

Առաւօտու օրհնութեանցն [133] եւ փառաբանութեանցն [134] արժանի արա՛ զամենայն հաւատացեալս [135] անուանդ քում սրբոյ, եւ պահեա՛ ի խաղաղութեան [136]:

Տէր Աստուած մեր, տո՛ւր զքո խաղաղութիւնդ ամենայն աշխարհի [137], բարձ զցասումն եւ զպատուհասն [138] ի յարարածոցս։

Ողորմեա՛ հարց եւ եղբարց մերոց, կենդանեաց եւ հանգուցելոց [139] ։

Ողորմեա՛ զեկեղեցի շինողաց [140], երախտաւորաց [141], պտղատուից [142], սպասաւորաց [143] եւ այնոցիկ՝ որք ընդ հովանեաւ սրբոյ եկեղեցւոյ են հանգուցեալ [144]:

Տէր Աստուած, օգնեա՛ թագաւորացն քրիստոնէից [145] եւ իշխանացն բարեպաշտից [146], զօրաց եւ զաւակաց նոցին` պահելով ի խաղաղութեան:

Տէր Աստուած մեր, պահեա՛ զառաջնորդս եւ զեղբայրութիւնս [147] մեր ամբողջ եւ անխռով, ի կամս ողորմութեան քոյ։

Նշանաւ սուրբ եւ պատուական խաչիւ [148] քով, հալածեա՛ զերեւելի եւ զաներեւոյթ թշնամին [149] ի սահմանաց մերոց եւ ի բնակութենէս [150] մերմէ։

Փրկեա՛ զմեզ ի հրոյն յաւիտենից [151], եւ քեզ փառք յաւիտեանս, ամէն։

 

(Ժամագիրք) [152]

 

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

1. Դատել այս գրաբարը:

2. Իր պարզութեան մէջ այս աղօթքին խորութիւնը։

3. Ո՞րչափով կ՚արտայայտէ մեր երկրին պատմական կարգ մը պայմանները։

4. Կա՞յ ընկերային վիճակ մը, ընկերութեան մը պատկերը կամ ասոր մէկ ուրուագիծը սեղմ այս տողերուն ներսը։

5. Հայութեան ցոլքը։

6. Քրիստոնէութեան զգացումը։

7. Արեւելք։

8. Ժուժկալութիւնը վնասա՞ծ է աղօթքին ընդարձակութեան։

9. Բարոյական ըմբռնողութեան ի՞նչ փաստրը զօրաւոր կերպով կը տպաւորեն ձեզ:

10. Ատոնց մէջ ո՞րչափով հայեցիութիւն։

11. Ո՞րչափով քրիստոնէութիւն։

12. Ի՞նչ գիտէք հայ միաբանութեանց նշանաւոր վանքերու մասին։

13. Վերածել աշխարհաբարի այս քերթուածը։

 

/264/ ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Աղօթքի պահը

 

(Նախընտրելի է Հսկումի, Խաղաղականի, Արեւագալի, գիշերային կամ պատարագի պահ մը։ Ձայներ, հոտեր, մրմունջներ, վերացում, խորացում, տաճարը լեցնող սրբազան իրերու արձագանգ։ Հոգեղէն խռովք: Մարդեր կեանքին բոլոր աստիճաններէն։ Աղօթքին ստեղծած խաղաղութիւնը, ապահովութիւնը։ Անոր դիմաւորած եւ ամոքած ցաւերը, յուսաբեկութիւնները)։ Այս բոլորը մասնաւորուած պատմումի մը մէջ՝ օրէ եւ տեղէ։ Ձեր անձին իսկ վկայութիւնը։ Ձեր աղօթքը։

 

ՎԵՐՋ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԻՆ



[1]       Ազնիւ հայ երիտասարդներ = այսպէս կը սկսի այս քրոնիկը, ուր, Գ. Օտեան, խանդավառ խօսքեր ունի Պէշիկթաշլեանի մահուան տարեդարձը տօնել ձեռնարկող երիտասարդութեան համար: Այդ թուականին (1887) Օտեան կ՚անցընէ իր վերջին օրերը Պոլսէն տարագիր։ Անիկա Վահրամ ստորագրութեամբ մէկ քանի տարիներէ ի վեր «Արեւելք» օրաթերթին մէջ սովորութիւն ունէր քրոնիկներ ստորագրելու. վերի կտորը մէկն է անոնցմէ։

[2]       Օրագիր = այս անունով թերթ մը կայ բայց աւելի կանուխ հրատարակուած. Օտեան հաւանաբար կ՚ակնարկէ «Արեւելք»ին որ օրագիր մըն է 1885ին հաստատուած, ժամադրավայր գրական երիտասարդ սերունդին։

[3]       Երիտասարդ բանաստեղծ = Մ. Պէշիկթաշլեան մեռած է քառասնամեայ։ Օտեանի վերադիրը կ՚ակնարկէ Պէշիկթաշլեանի վարկին որ այդ օրերուն իր բոլոր փառքին մէջն է։ Ուշագրաւ է որ անոր այս համբաւը եղած ըլլայ աւելի տարածուն քան Պետրոս Դուրեանինը, որ անբաղդատելիօրէն մեծ բանաստեղծ մըն է քան Պէշիկթաշլեան։ Օտեանի համար, որ խառնուածքով ռօմանթիք, բայց ճաշակով դասական գրող մըն է, Պէշիկթաշլեանը կը ներկայանայ աւելի հարազատ բանաստեղծ։ Այս գնահատումը այսօր սրբագրուած է։ Դուրեան կը մնայ շրջանի ինչպէս նաեւ բոլոր ժամանակներու մեծագոյն քերթողներէն մէկը։

[4]       Թանալ = թրջել:

[5]       Թառիլ = այս փոխաբերութիւնը աւելի քան հինցած է այսօր։

[6]       Ողջոյն = ամբողջ։

[7]       ԳՐԻԳՈՐ Ս. ՕՏԵԱՆ։ Զարթօնքի սերունդին ամէնէն ազնուական դէմքերէն մէկը։ Գրագէտ, պետական անձնաւորութիւն եւ ազգային գործիչ։ Արեւմտեան միտքն ու բարքերը փոխադրելու համար մեր վարչական գործերուն եւ ընկերական կեանքին մէջ, պայքարած է ամիրաներու ինքնակամ ու պատրիարքարանի բռնակալ վարչութեանց դէմ։ Ատկէ պիտի ծնէր Ազգային Սահմանադրութիւնը որ հակակշիռ եւ ժողովուրդի կամք պիտի հարկադրէր մեր համայնական գործերուն վրայ։ Գործակից՝ Օսմանեան սահմանադրութեան հեղինակ Միտհաթ փաշայի։ Պոլսէն փախած՝ Համիտի վրէժխնդրութենէն։ Իբր գրող, ունի մտածումներու եւ բանաստեղծականութեան տեսակ մը խառնուրդ խորք։ Ոճը իր կոկիկութեամբը, հանդարտ պերճութեամբը, մտածման ջերմութեամբը լաւագոյններէն մէկն է 1860ի սերունդին։ Թաղուած է Բարիզ: (1834-1887)։

[8]       Սազ (պարսկ. ) = նուագարան։

[9]       Գօված = գովուած։

[10]     Թամամ (պարսկ. ) = կատարեալ։

[11]     Դաս = նուագախումբ։

[12]     Նաքազ = տմարդ։

[13]     Չի կանա տէսնի = չի կրնար տեսնել։ (Հոս վայելելու իմաստով)։

[14]     Պաս = պահք։

[15]     Ղաuտ (արաբ. ) = ուխտ, ջանք։

[16]     Էդիվըն = ետեւը։

[17]     Խլի = խլել։

[18]     Բաս = վէճի գործիք։ Հին ատեն աշուղները մրցումի կ՚ելլէին իրարու հետ, յանկարծաբանութեամբ ոտանաւոր շինելով ու երգելով զանոնք իրենց նուագարաններուն վրայ։

[19]     Պիտի = պէտք է ըլլայ։

[20]     Ջավահիր = գոհարեղէն։

[21]     Կութ = կոթ։

[22]     Շիրմայէ = փղոսկր։

[23]     Փուր = փոր։

[24]     Նախշ արած = դրուագուած։

[25]     Սիմ = կորզանէ քաշուած մետաղեայ թել։ (Կորզանը՝ ոսկերիչներու այն գործիքը, որուն բազմատեսակ ծակոտիկներէն անցնող ոսկիի թելը հետզհետէ կը բարակնայ)։

[26]     Փանջարա = պատուհան։ Նուագարանին վրայ երկաթեայ մասերը՝ ծակ ծակ բանուած։

[27]     Օջ օվ = ոչ ոք։

[28]     Ղիմէթ (արաբ. ) = գին։

[29]     Լալ = կարկեհան (քար)։

[30]     Ալմաս = ադամանդ։

[31]     Վարաղնած = թերթուած (ոսկիով)։

[32]     Թահր = տեսակ։

[33]     Ռանգ = երանգ։

[34]     Ձար = մազ (որմէ լար)։

[35] Ռաշի = Ռիւստէմի ձիուն անունը. (Շահնամէի հերոսն է Ռուսթամը)։

[36]     Կուտի (վրացերէն) = պոչ։

[37]     Վուր = որպէսզի (որ)։

[38]     Հանգ = եղանակ։

[39]     Բանգ = բոյսէ շինուած քնացնող դեղ մը, մօտիկը հաշիշին։

[40]     Թաս = գաւաթ։

[41]     Ածօղ = նուագող։

[42]     Առաչ չայի ղափա գ՚ուզիս = Սայաթ–Նովայի ժամանակ հիւրերը կը յարգուէին թէյ եւ սուրճ առաջ ածելով:

[43]     Մէձըրվիս = մեծարուիլ։

[44]     Այիվնումըն = տաղաւար (քէօշք)։

[45]     Պարապ վախտ = անզբաղ ատեն։

[46]     Րափա = առէք։ Նաեւ՝ առիք։

[47]     Եփ = երբ որ։

[48]     Վէր գու քաս = վար կուգաս:

[49]     Մէջլիս = ժողով, հաւաքոյթ։

[50]     Զօղ, սափա = զբօսանք։

[51]     Գօզալ = գեղեցկուհի։

[52]     Հիվընդի դուղ = հիւանդի դող։

[53]     Վիր կօնիս = վեր կ՚ընես։

[54]     Բաց կուլի = կը բացուի:

[55]     Խաղօղ = խաղացող, ածող:

[56]     Խալխ = բազմութիւն։

[57]     Իլթիմազ = աղաչանք։

[58]     Սաղ = ողջ։

[59]     Արութին = Յարութիւն։

[60]     Քրօնիկօն = վրաց թուականը՝ որուն տարեկան շրջանն է 532 տարի: Այս թուականը կը սկսի աշխարհի ստեղծումէն, Քրիստոսի ծնունդէն 5604 տարի առաջ։ Սայաթ -Նովայի ժամանակ կը բանէր տասներեքերորդ շրջանը, որուն առաջին տարին կ՚իյնայ Քրիստոսի 1312ին։ Ասոր վրայ կ՚աւելցնենք երգչին նշանակած 447 տարիները, ու կ՚ունենանք 1759ը։ (Այս բառերուն նշանակութիւնները եւ ծանօթութիւնները քաղուած են Պ. Գէորգ Ախվէրտեանի հրատարակած «Սայաթ-Նովա» հատորէն):

[61]     ՍԱՅԱԹ- ՆՈՎԱ։ Հայ աշուղական բանաստեղծութեան ամէնէն մեծերէն։ Ապրած է ԺԸ. դարուն։ Աւանդութիւնը անոր հօրը ծննդավայր կուտայ Բերիան (Հալէպը) ու արհեստ մը (ջուլհակ)։ Անիկա համբաւի կը հասնի Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիզի մէջ, դառնալով պալատական երգիչ։ Յետոյ կը լքէ աշխարհիկ կեանքը, վարդապետ ձեռնադրուելով, Հաղբատի վանքին մէջ։ 1795ին, պարսիկներու կողմէ երբ Թիֆլիզը կը գրաւուի, զինուորները կը պահանջեն վանականէն ուրանալ իր հաւատքը։ Կը նահատակուի։ Արագ այս գիծերուն մէջ մեր երեւակայութիւնը պարտաւոր է տեսնել վաթսուն-եօթանասուն տարիներու վրայ տարածուող կեանքի շրջան մը, փողոցի երեսին ջուլհակի իր արհեստը գործադրող, սազը ուսին երկրէ երկիր, ոստանէ ոստան ժուռ եկող, պալատներու մէջ արքաներ ու իշխանուհիներ իր երգովը գինովցնող բանաստեղծը, որ «ամէն բանի ունայնութեան» որդէն կրծուած, ժողովրդական իմաստունի իր հանգստարանը կը գտնէ վանքի մը խորը, ու աղօթքով կը ջանայ մարել իր կրակը։ Սայաթ-Նովայի երգերը, որոնք գրուած են թուրքերէն, վրացերէն, հայերէն, ԺԸ. դարու մեր մտայնութեան, բարքերէն իրենց բերած թանկագին նպաստէն զատ, կը յայտնեն բանաստեղծական մեծ շնորհ մը որ այս անգամ վեր է ժամանակէն, ինչպէս ըլլալ պարտքն է ամէն իրական ստեղծումի։ Սէրը, բարեկամութիւնը, հաւատքը, աշխարհին փորձութիւնները նիւթը կուտան այդ արուեստին։ Երեւակայութիւն, պատկերաւոր լեզու, խոր զգայնութիւն, երաժշտութիւն, վառ ու փաղաղիչ քաղցրութիւն՝ յատկանիշներն են այդ տողերուն։ Քուչակէն զատ՝ մեր աշուղներէն ոչ ոք գտած է ըսուածքի այս կրակոտ, գրաւիչ անուշութիւնը: Մեղք որ իր լեզուն կէս առ կէս ենթակայ է շրջանին։

[62]     Այրարատեան աշխարհ = Արշակունեաց տունին սեփականութիւնը եղող հովիտը՝ որ կազմուած է Արաքս գետի միջին ընթացքին երկու կողմերը, հաւանաբար արդիւնք՝ ջուրերով դիզուած լեռնային հողերուն։ Հայկական լեռները՝ հրաբխային, մաշումներու հետեւանքով իրենց փէշերուն փռած են ամէնէն արգասաբեր հարթավայրերը։ Այրարատի աշխարհը մեր հայրենիքին ամէնէն հիմնական մասերէն մէկն է։ Ունեցած է մեր մայրաքաղաքը մինչեւ արաբական շրջան, եղած է մեր հոգեւոր ոստանը Ե. դարէն մինչեւ այսօր:

[63]     Արշակ = Արշակ Գ. ը:

[64]     Բնիկ = բնագիրն է բնակ, կը նշանակէ նախնիքներէն ժառանգուած. կերպով մը կը թարգմանէ եւրոպացիներուն օթoքտօնը։

[65]     Հոյակապ եւ ականաւոր = նշանաւոր: Խոյ՝ որուն գլուխը մեծ պալատներուն, տաճարներուն եւ սիւներուն գլխազարդը կուտար։ Մեղմացած ձեւն է հոյ։ Բառէն պակսած է ծագման թելադրանքը, արդիւնքի առաւելումով։ Ականաւորը կուգայ ակնէն, որ կը նշանակէ աչք (մարդու, աղբիւրներու եւայլն), պատուական քար: Հոս՝ այս վերջին առումն է որ կազմած է ածականը։ Թանկագին քարերը ամէնէն շքեղ պալատները զարդարելու կը ծառայեն։

[66]     Ամենաբուխ = ամէն բան բխող: Ուշագրաւ է Փարպեցիի ոճին մէջ համադրական բարդումներու առատութիւնը (ամենալրութիւն, պարարտարօտ, պարարտահամ, թանձրաթաղանթ, առուգագաւակ եւ այլն), որ քաղաքակրթական որոշ հարմրութիւն մը իւրացուցած ժողովուրդներու լեզուին մէջ կը դիտուի։ Ե. դարու մեր բարբառը բացի իր քերականական շքեղ կատարելութենէն մեզի կը պարզէ նաեւ բառակազմական գեղեցիկ յանդգնութիւններ։

[67]     Ամենալի = ամէն բանով լեցուն:

[68]     Պարարտարօտ = պարարտ արօտներ. նոյն լեզուական երեւոյթը` ինչ որ դիտուեցաւ քիչ վերը։

[69]     Կճղակաբաշխ = աւելի տանելի ձեւն է կճղաբաշխ։ Բարդութեանց կամ ածանցումներու մէջ նախընտրելի է բառին պարզագոյն ձեւերը գործածել։

[70]     Իւղաբուխ = իւղ բխող։ Կ՚ակնարկէ այն հատիկներուն որոնցմէ բուսային իւղ կ՚արտադրուի. կնճիթ, սուսամ, ձիթապտուղ եւայլն։

[71]     Լանջակողմ = ունինք` կող, լեռնակող, լեռնալանջ, սարալանջ նոյն իմաստով։

[72]     Սարահարթ = լերան վրայ հարթ տարածութիւն։ Հայկական բարձրաւանդակը որուն խոնարհագոյն շրթունքը (Սեբաստիա ու Կապադովկիա) կը սկսի 1000 մէթր բարձրութենէ. իր կեդրոնական մասին մէջ ունի 1800ի վրայ արգաւանդ դաշտեր։ Սարահարթը Հայաստանի ֆիզիք պատկերին մէջ կարեւոր միութիւն մը կը կազմէ։ Այդ ֆիզիք պատկերին ուրիշ միութիւններն են հովիտները, կիրճերը, հսկայ գօտիները։

[73]     Թանձրախիտ = կը պատկերէ ընդարձակ սառնարաններով, ջուրերով ոռոգուած զառիթափերու եւ ստորոտներու հոծ բուսականութիւնը։ Արեւադարձային երկիրներու մէջ անիկա ունի եւրոպական բառ մը jungle։ Մեր երկրին մէջ այդ խոտը աւելի քան մարդահասակ մը կրնայ բարձրանալ։

[74]     Յագեցնել = կշտացնել։ Յագ՝ կոյտ։ Յագուրդ՝ գոյականը:

[75]     Անհամբոյր = անընտել խրտչուն, կիսավայրենի։

[76]     Բոյլ = ընդհանրապէս կը գործածուի աստղերու խումբը որակելու: Հին լեզուին մէջ անիկա չունի այս մասնաւորումը։ Ահա՛ քանի մը խումբ նշանակող բառեր։ Հոյլ, փունջ (ծաղիկ), hoտ (ոչխար, այծ եւ այլն), արջառ (կով), երամակ (խոզ, ձի), երամ (ագռաւ, խոշոր թռչուններ), վտառ (ձուկեր), տարմ, տորմ (թռչուններ), hoրան (ուլերու խումբ)։

[77]     Թանձրաթաղանթ = որոնց մաշկը, մորթը թանձր է. (խոզ, փիղ, ցուլ, գոմէշ եւայլն)։

[78]     Առուգագաւակ = առոյգ + գաւակ: Գաւակ՝ ձիու կռնակին դէպի պոչը երկարող մերկ մասը: Որքան գէր, այնքան կենդանին կ՚ըլլայ յարգի իր այդ մասին մէջ պարզուած լիութեանը չափով։

[79]     Դիւցազն = դի(ք) + ազն։ Այդ դարերուն . ), մեծ քաջագործութեանց հեղինակները, դասական մատենագրութեան մէջ, ընթացիկ առումով մը կ՚որակուէին Աստուածներու ծնունդ։ Ե. դարուն հայ նախարարներու զաւակները բնութեան խստութիւններուն մէջ չարքաշօրէն մեծցած, մարմնական մեծ ոյժ կը պատկերէին։

[80]     Նետող = նետ արձակող՝ Աւելի յետոյ՝ ԺԳ., ԺԴ. դարերուն, թաթարները կ՚որակուէին ազգն նետողաց իրենց քաջ աղեղնաձիգ ըլլալուն պատճառաւ։

[81]     Բացօթեայ = բաց + օթել (բնակիլ), որմէ ունինք օթեւան, օթեւանիլ եւ այլն։

[82]     Զգայութիւն = ինչ որ կը զգանք մեր զգայարանքներով։

[83]     Ախտահալած = հիւանդութիւնները հալածող։

[84]     Երագահաս = արագ հասնող։ (արագ = երագ):

[85]     Սպեղանի = վէրքերը դարմանելու համար գործածուած խմոր, բոյսերէն եւ անոնց իւղերէն յօրինուած։

[86]     Ամենալրութիւն = ամէն բանով լեցուն ըլլալը։ Լի՝ երկրորդ արմատ՝ լիր։

[87]     Յորդորախոյզ = փնտռելու մէջ եռանդուն։

[88]     Հարկահան = հարկ հաւաքող։ Հին ատեն գաւառի մէջ տուրքերը կը հանուէին մեծատարած միջոցներով։ Ասոնք իրենց հասցէին կ՚երթային խոշոր կարաւաններով։ Հարկահանը պաշտօնեան է սա գործողութեան։

[89]     Արուեստագէտ = այսօր, մեծ արուեստներով (գրականութիւն, նկարչութիւն, երաժշտութիւն, ճարտարապետութիւն, քանդակագործութիւն) զբաղողները որակող բառ մըն է։ Հինին մէջ կը նշանակէ արհեստաւոր։ Արուեստական = ա. արհեստական, բ. չարիք ստեղծող, գ. կեղծ, դ. (իբրեւ գոյական) երաժշտութիւն, երաժիշտ։

[90]     Ընդելուզուիլ = իրարու հիւսել: Ընդելուզել՝ ներգործական ձեւով, բացի սովորական առումէն՝ հանել։

[91]     Ոսկեհուռ = ոսկիով հիւսուած, խառնուած։

[92]     Պաճուճեալ = զարդարուած։

[93]     Խոյր = եկեղեցական թագի տեսակ մը։ Ունինք՝ վեղար, չաթալթագ։

[94]     ՂԱԶԱՐ ՓԱՐՊԵՑԻ։ Ե. դարու պատմիչ։ Ունի Հայոց Պատմութիւն մը որուն կէսը նուիրուած է նրան ժամանակակից Վահան Մամիկոնեանի պարսից դէմ պատերազմներուն։ Այդ գրքին մաս կը կազմէ նաեւ Վարդան Մամիկոնեանի ըմբոստութիւնը եւ Վարդանանց պատերազմը Յազկերտի ձեռնարկին դէմ՝ հայերը կրակապաշտութեան դարձնելու։ Մեր պատմիչներուն մէջ ուշագրաւ է իր զուսպ, հաստատ ոճովը, տեղեկութիւնները արժեւորելու ճարտարութեամբը ինչպէս նաեւ պատմական դէպքերը ղեկավարելու, անձնաւորութիւնները պատկերելու շնորհալի ձեւովը։ Հակառակ՝ մարզպան Վահան Մամիկոնեանի պաշտպանութիւնը վայելելուն, ենթարկուած է հալածանքի։ Իր Առ Վահան գրուած թուղթը թանկագին նմոյշ մըն է Ե. դարու մեր բարքերէն:

[95]     Ճռնչել = բնաձայն բառ մը, սայլի անիւներուն ձայնը արտայայտելու համար: Ճռճռալ: Ուրիշ բնաձայն բառեր՝ կրկռալ (գորտ, ագռաւ)։ Ճճուել, ճռուողել (թռչուններու)։ Ջուրերունը գիտէք։ Բզզալ, տզզալ (մեղուներու): Մայել՝ (ոչխարի)։ Պապաչել, բառաչել, (կովերու)։ Նուալ, մլաւել (կատուներու)։

[96]     Աշխէտ = դեղնագոյն կարմիր՝ ձիերու համար։ Ճանճկէն՝ դարձեալ ձիերու, սեւ ու ճերմակ խառն։

[97]     Գինով զինուոր = այս պատկերը հեղինակը աչքի առաջ ունեցած է Ղալաթիոյ նեղ փողոցներէն մէկուն մէջ, երբ դեռ տղայ, խանի մը գառագեղուած պատուհանէն տրուեցաւ իրեն տեսնել դժբախտ կառքը։ Զինուորը գինով է, իր պարտականութիւնը կատարողի մեծ գոհունակութեամբը։ Անիկա գինով է արիւնէն ու գինիէն նոյն ատեն։

[98]     Ջարդուածներ = 1896ի Պոլսական ջարդն է որուն կ՚ակնարկուի։ Դագաղը՝ կառքն է որով զոհերուն դիակները փոխադրեցին։ Թաղապետական աղտեղութեանց կառքեր այդ գործը կատարեցին։

[99]     Գերեզմնատուն = գերեզմանատուն։ Բարդութեանց կամ ածանցմանց մէջ մեր լեզուն սովորութիւն չունի վերջին վանկի ա ձայնաւորը ջնջելու, օր. իշխան, իշխանութիւն։ Հոս՝ չափի պէտքի մը համար եղած է այդ ջնջումը:

[100]    Յետին = վերջին. իրիկուն է ու արեւը քաշլու վրայ։

[101]    Ոսկեզօծ = արեւին ճառագայթները պատանք մը կը նետեն դագաղին վրայ, որուն գոյնը կարմիր է: Ոսկեզօծը դառն հեգնութիւն մը կը ծածկէ իր տակ։ Անշուշտ բարութեան գաղափար մը չայցելեր ձեզի այս պատկերին հետ։ Նոր ժամանակներու մեր յեղափոխական գրականութիւնը ըմբոստ է եւ դառնացած։

[102]    Ժանտ = չար։ Ժանտ տէրերը՝ սպանիչներն են, ու ասոնց հունձը՝ (հնձածը), մարդկային մարմին։ Հնձողներուն այնքան զուարթ ու ազնիւ աշխատանքը ահաւոր հեգնութեամբ եւ չարութեամբ միայն կրնար պատշաճեցուիլ մարդ մորթելու անլուր արուեստին։ Մերձեցումը կատարուած է յաջողութեամբ։ Դանիէլ Վարուժան այդ գիծէն ուժով բանաստեղծ մըն է։

[103]    Տէրեր = ձիերուն տէրերը՝ մորթողները։

[104]    Հազիւ հազ = հոլովուած բառով մակբայ

[105]    Խորասոյզ = խորունկը սուզուած, յոգնութեան ու տաքին ներքեւ կախուած ականջներուն պատկերը կը լուսաւորուի այս վերադիրով։

[106]    Դարեր = ժամանակի ըմբռնումը կենդանիներուն մէջ թուաբանական ճշդութեան չենթարկուիր։ Ատոր համար այս եղծումը` որ կարդարանայ։

[107]    Հուսկ = վերջ, վերջին։ Հուսկ բանք՝ վերջին խօսքեր, նուիրագործուած բացատրութիւն՝ որ կ՚որակէ դպրոցական հանդէսներու մէջ շրջաննին աւարտող տղոց խօսուածները:

[108]    Հնձուած սուրբերու մարագը = գերեզման։ Ձիուն, նման խորհրդածութիւն մը վերագրել դուրս է արուեստին կարելիութիւններէն. Պատահական կենդանին չի կրնար այս աստիճան մարդկայնանալ: Պատկերը արթնցած է հունձ բառէն։ Հունձ ու մարագ իրարու կը կապուին։ Սուրբը՝ բանաստեղծին անգիտակցութեան մէջ բանաձեւուած բառ մըն է։

[109]    Տատան = տատանում (գոյական՝ ածականաբար)։ Նաեւ՝ յակուրջի, կախoրան, ճղօր:

[110]    Հեց = անիւին շրջանակը՝ ներսէն թէ դուրսէն: Նաեւ խեց: Հեւան՝ այն կտոր փայտերը որոնք կիսաղեղ ձեւ ունին ու միանալով կը կազմեն շրջանակը։ Ճղուղ` մատները որոնք հեւանները հաստատ կը կապեն միջանիւին։ Միջանիւ՝ ուրկէ կ՚անցնի պզտիկ սռնակը։

[111]    Իբրեւ վարդ կրէր = իբր թէ վարդ կրէր։ Վանկի համար զեղջում։ Պատկերը անհարազատ է։ Կարմրութիւնը չի բաւեր փրկելու վարդակիր կառքի մը հակադրութիւնը, որ փնտռուած է հոս։

[112]    Հրեղէն կառք = մենք գիտենք այդ կառքը Պէշիկթաշլեանէն։ Հոս անտեղի է դարձեալ, նոյն պատճառաբանութեամբ (տե՛ս ծանօթ. 17)։

[113]    Դի = դիակ։ Հոմանիշ՝ մեռեալ, մեռել, շաղիղ, գէշ, մեռելոտի, սատակ. նոյնանիշ` կողմ:

[114]    Պատանքուած = պատնուած։ Յանդուգն պատկեր՝ որդին մօրը գանգուրներով պատանքելը։ Գրեթէ կը մօտենայ բռնազբօսութեան։

[115]    Սահմռտկած = ծուռ ու մուռ։ Գաւառական բացատրութիւն մը որ անսովոր բախտի հասաւ ու տեղի կամ անտեղի գործածուեցաւ քիչ մը ամէն բանի, մանաւանդ բարոյական առումներով։

[116]    Լափ լիզել = լափ՝ պարսկերէն՝ շրթունք: Շրթունքով լզել:

[117]    Կ՚յառէ = սահմանականի կըին ը զոհուած՝ վանկի համար։ Կիսով ներելի՝ վասնզի յ արդէն կիսաձայն մըն է։

[118]    Սեւ անէծք ու աղօթք = մարդկային ու ընդարձակ տող։ Անէծքն ու աղօթքը հաւասարապէս իրական են, ինչպէս իրական է խառնուածքը հոդ նետուած մարդերուն։ Ու բաց մնացած այդ աչքերուն մէջ ներելի է բանաստեղծին՝ զետեղել ամբողջ դառնութիւնը անպատում եղեռնին. նոյն ատեն՝ անճառ քաղցրութիւնը երազուած երկինքին որ միակ մխիթարար ելքը կը մնայ կեանքին ու մահուան այդ ահաւոր րոպէներուն։ Բանաստեղծը կ՚ուզէ վրէժն ալ տեսնել այդ սառումին խորը։ Դէմքի գիծերուն այն դժնդակ պրկումը որ սպաննուածներուն դիմագծութիւնը կ՚այլայլէ այնքան, կ՚արթնցնէ դարձեալ անհուն արգահատանքը ապրողներուն մէջ, որ անզօր վրէժի մը կը փոխուի ինքնաբերաբար։

[119]    Կը խառնին = կը խառնուին։ Դանիէլ Վարուժան, գրաբարով սնած, երբեմն շատ պզտիկ զիջումներ կ՚ընէ այդ լեզուին։ Ասիկա՝ մէկն է անոնցմէ։

[120]    Արտասուել = լալ։ Դժնդակ ճակատագիրը ողջերուն որոնց արգիլուած է մահը իրենց սիրելիներուն։ Տարագրութեան վերջին սարսափները նման պատկերներ շատ կը պարունակեն։

[121]    Լռութիւն = քաղաքը լուռ է, ու տարբեր՝ միւս քաղաքներէն ուր նման դէպքերու կը յաջորդեն սարդանաբաղեան խնջոյքներ ու օրերով տեւող ուրախութիւն ու դափ ու թմբուկ, քանի որ օտար աչք մը չկայ հանդիսատես այս վայրագութեանց, ու յաղթանակը անկնճիռ կը տօնուի։ Պոլիս այդ քաղաքներէն չէ։ Ու սպանդի գործը արագ ու գողունի կատարուեցաւ հոն։ Իրիկուան դէմ կառքերը մաքրեցին ամէն բան։ Ու քաղաքը լուռ է։

[122]    Կը շրջի = արիւնին հոտն ու զեփիւռը կը պտտին։ Նոյն խոր, դառն հեգնութիւնը որ վերը տեսանք։ Հոս այս հակադրութիւնը տպաւորիչ է եւ ինքնաբուխ։ Դանիէլ Վարուժան ախորժ ունի հակադրութիւններէ:

[123]    Մոմեր կը վառին = դագաղին պատկերը, մահաբեմին վրայ, մոմերով շրջապատուած։ Հոս այդ արարողութիւնը կը կատարուի, պատուհաններու մէջէն։ Այս մերձեցումով կը լայննայ մոմերու լոյսին տարողութիւնը ու կը բարձրանայ մինչեւ խորհրդանշանական գեղեցկութիւնները։

[124]    Արտասուաթոր = արցունքով թրջուած։ Հոմանիշ` արտouրազօծ, արտասուայեղձ: Խորհրդանշանը իր լրումին մէջն է։ Ցեղին յոյսն է որ այդ աղջկան պատկերին տակ՝ արցունք ու վարդ կը նետէ մեռնողներուն։

[125]    ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ։ Մեր նոր քնարերգութեան ամէնէն զօրաւոր վարպետներէն։ Երեւակայութիւն, զօրութիւն, պատկերելու կորով, հզօր ազգայնականութիւն, գեղեցկութեան ընդարձակ պաշտամունք, իմացական ու նիւթական վայելքներ (անցեալն ու ներկան) քով քովի կու գան կազմելու համար իր ամուր տաղանդը։ Նոյն ատեն լեզուի վարպետ։ Իր ոտանաւորները կը պարունակեն, ձեւի շքեղ գեղեցկութեանց հետ, իրական յուզում մը որ կեանքը կուտայ մեր ջիղերուն։ Հերոսներ ու զրկուածներ, միամիտներ ու մահուան վրայ անդաճումներով լրջացած երազատեսներ, գիւղացին ու բանուորը, նախնի դարերու կենցաղը եւ դաշտային ներկայ աշխատանքը փոխն ի փոխ կ՚անցնին իր էջերէն (1885-1915)։

[126]    Փառք քեզ Տէր Աստուած = մեր եկեղեցւոյ առօրեայ ժամապաշտութեան Խաղաղական անուանուած ժամակարգութենէն առնուած աղօթք մըն է այս կտորը։ Խաղաղականի կարգը հիմա մասնաւոր օրերու կը կատարուի։ Զայն կազմող սաղմոսները, երգերը, աղօթքները խոր անձկութեան մը ենթարկուած մարդոց թախանձանքը կը պատկերեն, երկնային օգնութեան զօրաւոր կարօտով մը բաբախուն։ Վենտիկցիները աղօթքը թարգմանած են եւ հրատարակած բազմաթիւ լեզուներով։

[127]    Բարեաւ = բարիքով։ Բարիքով՝ առանց չարագործութեան (որ կրնայ դուրսէն կամ մեզմէ գալ. երկու պարագային ալ մեղք մըն է) անցուած օր մը այսօր շատ տարօրինակ չի թուիր մեզի գէթ քաղաքակիրթ աշխարհի մէկ մեծ մասին համար, ուր կարգը, կանոնը որոշ սանձ մը կը դնեն չարիքին մղումներուն։ Այսպէս չէր աշխարհի վիճակը աղօթքին խմբագրման թուականներուն։ Առանց աղէտի անցած օր մը երջանիկ բացառութիւն մըն էր մեր երկրին համար։ Ահա թէ ինչո՞ւ վերջալոյսը առանց չարիքի ողջունող վանականը այդ շնորհը հասկնայ իր բոլոր լայնքովը, եւ ատոր համար չվարանի իր մաղթանքը բանալ իր Աստըծոյն, ա՛յդ հոգեբանութեամբ։ Յետոյ աւելի ընդարձակելով բարիք բառը, դժուար չէ մեզի հաստատել այսօրուան մեր «բարեւ»ներուն սկիզբը։ Բարի երեկոյ, բարի կէսօր, բարիլոյս, մնասբարի, բարիերթաս. այսօր սովորութեան մը պէս արտասանուած այս տարազները դարերու խոր ապրումներուն փշրանքներն են, որ կը յամառին դիմանալ երբ պայմանները որոշ չափով փոխուած կարելի է նկատել։ Ինչպէս կը տեսնուի այս փոքր ընդլայնումէն, մեր աղօթքները մեր առօրեայ կեանքին արձագանգներն են լսել կրցողին։

[128] Խաղաղութեամբ անցուցանել = շատ դիւրին պիտի ըլլար մեզի համար նաեւ ընդարձակել խաղաղութիւն բառին սահմանը: Դրէք զայն բերնին մէջ զաւկին ժողովուրդի մը որուն օրը, շաբաթը, տարին, տարիները, դարերը նոյնիսկ, հազուադէպօրէն զերծ եղան արիւնէ եւ խռովքէ։ Լոյսի այն շրջանը, որ մեզի կը բաշխուի ներկայիս մեր հացին, յիմարութեան, ստեղծումներուն իրագործման եւ վաստակին, քանի մը հարիւր տարի առաջ առնուազն անձուկ մըն էր, տագնապ մը, քանի որ հազարումէկ չարիքներ ամէն ծագերէ ու ամէն անկիւնէ կրնային անակնկալ կերպով խուժել գեղ ու աւան, դաշտ ու քաղաք, տուն ու պալատ, կործանելով, սպաննելով։ Խաղաղութիւն չտեսած ժողովուրդի մը ձայնն է զոր կը զգանք աղօթքի ժուժկալ բառերուն ետին։ Ատոր համար է որ օրը առանց արեան, նախատինքի իրկուն ընող վանականը այդ բացառիկ շնորհը վերագրէ բարիքներու մեծ աղբիւրին՝ իր Տիրոջ։

[129]    Առաջիկայ գիշերս = նոյն մտածողութեամբ դժուար չէ մեզի պատկերել գիշերը մեր երկրին վրայ։ Չեմ բանար այդ գիշերին ծալքերը, խորհելով որ ամէն հայ ատոր մտատեսութիւնը դարերէ ի վեր իր արեան մէջը կը կրէ, կը բերէ: Բաւ է յիշել միայն որ լոյսին մեղմացումն ալ կը պակսի հաւանական սարսափը կոտրելու իր անհուն, անպարագիծ խորութեանը մէջ։ Կարելի է այս աղօթքին հեղինակը մտապատկերել իր վանքի խուցին խորէն երբ իր միտքը սարսափով իջնայ վար՝ բլրան ոտքին ծուարած գիւղին, դաշտը գունաւորող պարսպապատ կամ անպարիսպ քաղաքին եւ ատոնց համար հանդերձուած չարիքի ոյժերուն։ Միայն արտաքին թշնամիի սա մղձաւանջը բաւ էր այս տագնապը այսպէս ահաւոր ընծայելու։ Եւ սակայն որքա՜ն ուրիշ ազդակներ՝ գիշերուան մը մէջ, որոնք այդ չարիքը կ՚արձակեն մե՛ր իսկ ընդերքներէն, ան հազարումէկ սոսկումները մեր մեղքերուն, անկումներուն, տրամներուն, դաւերուն, հիւանդութեանց, որոնց համար գիշերը կարծես աւելի յարմար պայմաններ կը տրամադրէ։

[130]    Ի մեղաց փրկեա = արդէն աղօթքին հեղինակը իր զուսպ բառերուն մէջ փորձած է դնել գլխաւոր կերպարանքը չորրորդ բարակրաֆին մեր թելադրած սարսափներուն։ Մեղքը մէկն է անոնցմէ, մեզմով կարելի, մեզմէ բխող ու ատոր համար աւելի դժնդակ։ Չեմ բանար մեղք տարազը վասնզի էջեր անբաւական պիտի գային անոր տակ կծկուած տրտմութիւնները ու կորանքները, կսկիծները ու կործանումները նուաճելու։

[131]    Ի չարեաց ազատեա = չարիքը՝ դուրսէն ինչպէս ներսէն։ Չարիքը դարձեալ, ժողովրդական երեւակայութեան յօրինած մռայլ ոյժերէն, որ այդ դարերուն աւելի չարչարանք մըն էր։ Չարիքին իշխանը՝ սատանան տեղ մը ունի այդ բառին ետեւը եւ կարեւոր տեղ մը։

[132]    Եւ ի գործս բարիս առաջնորդեա = մեր ժողովուրդին աւանդական եւ քաղցրագոյն առաքինութիւններէն մէկն է բարիքը բարիքին համար սկզբունքը։ Առանց այսօրուան մարդասիրական, բարոյախօսական յաւակնոտ տարազներու նպաuտին, մեր պապերը այդ բարիքը կ՚ընէին, անշուշտ քրիստոնեայ ներշնչումներու ներքեւ բայց չափով մըն ալ ասոնցմէ անդին։ Ուրիշ ժողովուրդներ իրենց աստուածներէն կը սպասէին ոյժ, յաղթանակ, փառք ու նման նպաստներ։ Ինչպէս տեսաք, մեր ուզածը չարիքին բարձումն է եւ մեղքին հեռացումը, որոնք առաջին գիծի կուգան մեզի տրամադրուած ապրումի պայմաններուն մէջ, բայց անմիջապէս յետոյ մենք կը մտածենք բարիք գործելու տարօրինակ արարքին ալ: Ասիկա ձայնն է այն ժողովուրդին, որուն տուները բաց եղան ամէն կարօտեալի, որ իր հացը բաշխեց ամէն ուզողի, եւ արեւելքի մէջ միս մինակը ներկայացուց սա այլապաշտ, ուրիշներուն հասնող հոգեբանութեան ամէնէն կարկառուն պատկերը։

[133]    Առաւօտու օրհնութեանցն = դրէք վանականը հեշտանքին մէջը առաւօտը ողջունելու իր ժամուն մէջ՝ կաթողիկէ, սովորական տաճար, նոյն իսկ վանական փոքր մատուռ։ Այդ օրերուն մարդիկ իրենց գործին, զբաղումներուն, մեղքերուն իջնելէ առաջ կ՚ ընդունէին Աստուծոյ լոյսը, այդ կիսամութ կամարներուն ներքեւ երգելու համար իրենց գոհունակութիւնը՝ անհետացող գիշերին սարսափներէն զերծ մնացած ըլլալու։ Ձեզմէ քիչեր միայն կրնան զգալ թէ ի՛նչ խորունկ ուրախութիւն էր այդ գիշերապաշտօն արարողութեան պահը կիսալոյց տաճարին կամարին տակ երբ իրարու կուգային տեղին ու պահուն վայել քաղցր երաժշտութեան մը ալիքներուն մէջէն ճամբայ բանալու դէպի իրենց Աստուածը, զայն օրհնելու, անկէ ուզելու ոյժ ու կորով՝ օրը սկսելու։

[134]    Փառաբանութիւն = տառացի իմաստով, փառաբանութիւն = գովեստի խօսքեր ուղղել բարիքներու աղբիւր Աստուծոյ։ Երանգ մը կայ զայն տարբերող օրհնութենէն: Փառաբանութիւնը՝ յաղթական շեշտ մը ունի։ Կը հասկնաք վանականին հպարտութիւնը երբ գիշերուան չարիքներուն յաղթահարումը զայն կը մղէ այդ յաղթանակը վերագրել իր Աստըծոյն։

[135]    Զամենայն հաւատացեալս անուանդ քում սրբոյ = բառերուն ետին՝ քրիստոնեայ մեծ եղբայրութիւնը: Ուշագրաւ է որ մեր աղօթքները ըլլալով հանդերձ մասնաւոր ժողովուրդի մը հոգեկան ապրումներուն արտայայտութիւնը ըլլան նոյն ատեն համամարդկային շեշտով մը թրթռուն։ Մենք ենք որ հեղինակած ենք հայ քրիստոնեայ տարազը, երկու յղացքները տարօրէն ընդարձակելով դէպի իրենց ծայրագոյն առումները։ Ասիկա գերի ժողովուրդի մը ծարաւէն չի բխիր միայն, դէպի տիեզերական եղբայրութիւնը։ Ասիկա թերեւս ամէնէն խուլ ալքերէն կուգայ այս ժողովուրդին։ Մեր օրերուն մեր իմացական հակամարտութեանց մէջ համամարդկային սա զգայարանքը այսպէսով կը հաշտուի մեր հիմնական նկարագիրներուն հետ։

[136]    Եւ պահեա ի խաղաղութեան = աւելորդ է բացատրել. բայց ձեր ուշադրութիւնը կը կանչեմ խաղաղութեան հեշտանքին, զոր զգալու համար կը բաւէ հայ միայն ծնած ըլլալ։ Չեմ կարծեր որ կռուի ժողովուրդները ասանկ տարազի մը հասնէին իրենց ներքին էութիւնը այսքան հարազատօրէն արտայայտելու համար։

[137]    Խաղաղութիւն ամենայն աշխարհի = սա յաճախանքը խաղաղութեան խնդրանքի մէջ, կարելի է արժեւորել իր ընթացիկ առումէն անդին տանելով բառը։ Ըսի թէ խաղաղութիւն չունեցող ժողովուրդի մը ճիչն է անիկա։ Ըսի թէ տիեզերական եղբայրութեան մեր կարոտն է որ կ՚աղբերանայ այդ տարազներէն։ Աւելի ընդարձակել այս տարազը, գտնելու համար համաշխարհային խաղաղութիւնը աղօթողի մտքին մէջ, պիտի չըլլար սխալ։ Բոլոր այս մտածումները իրար պատրաստող ու իրար լրացնող, կեանքին ձայնն են ու ատով խորապէս իրաւ։

[138]    Բարձ զցասումն եւ զպատուհասն = աս դարերու մտայնութեան ցոլքն է։ Աստուածային բարկութիւնը եւ պատուհասը տեսնել աշխարհի դժբախտութեանց մէջ։ Կրնա՞ք մահտարաժամը (ժանտախտ, գօլէրա եւ ուրիշ այս կարգի վարակիչ հիւանդութիւններ), երկրի դղրդումները՝ հետեւանք ունենալով խոշոր կործանումներ, հրդեհները, բնութեան անսանձելի աղէտները տեսնել այս փոքր բառերուն ետին։ Զուր տեղը չէ որ մեր եկեղեցին, աղէտներու նախօրին կամ ատեն, հաստատած է մասնաւոր պաշտամունք։ Նախապաշարում մը չէ աղօթքով անձրեւ ուզելը երաշտի տարիներուն։

[139]    Ողորմեա հարց եւ եղբարց մերոց կենդանեաց եւ հանգուցելոց = հայրերը թերեւս հեղինակի մտքին մէջ կը մասնաւորուին միաբանական իմաստի մը մէջ։ Մեծաւորը՝ հայրը բոլորին, եւ միաբանութիւն մը չունէր աւելի սրտառուչ հոգեվիճակ մը քան ոգեկոչելը իր միաբանութեան մեծ դէմքերուն, հայրերուն։ Երախտագիտութեան զգացումէն աւելի է կեցուածքը։ Եղբայրը դարձեալ վանական տարազ մըն է։ Վանականները սովոր էին զիրար եղբայր կոչել։ Ի՛նչ որ քաղցր է եւ սրտապնդիչ այս փոքր նախադասութեանց ետին, այն ալ ողջերուն եւ մեռելներուն համակարգումն է մեր սիրոյն մէջ։ Այսօր, օրուան կեանքը մեզ այնքան առած է իր մտահոգութեանց մէջ որ քիչ ատեն ունինք մեր մեռելներով զբաղելու: Այդ օրերուն մեռելները դիւրին չէին մեռներ, իրենց գերեզմանէն ալ անդին կ՚ապրէին եւ իրենց բարիքը, յիշատակը, ոգեւորութեան, գործունէութեան աղբիւր էր ապրողներուն համար։ Այս զգացման մէջ, միայն երախտագիտութիւն մի՛ տեսնէք այլ աւելին։ Իր մեռելները չմոռնալը, անոնցմով խանդավառուիլը հոգեւոր արժէքներու սպասարկու ժողովուրդներու մէջ կը դիտուի։ Փարթամ դամբարանները, միայն դրամական ցուցամոլութեան փաստեր չեն, ինչպէս է այսօր յաճախ պարագան, այլ կը խօսին մեռելներուն արժէքէն։ Իր մեռելները յարգող ժողովուրդը մեծ է։

[140]    Եկեղեցի շինողաց = Միջին դարուն, ուրկէ կուգայ այս աղօթքը մեզի, քաղաքը անկշիռ, անփառունակ կուտակում մըն էր բնակարաններու, բոլորովին զուրկ այսօրուան շքեղանքէն, յարմարութիւններէն։ Քաղաքին մէջ միակ բնակարանը ուր համադրուէին մարդոց քաղցրագոյն զգացումները ձեւէ, գոյնէ, կը մնար եկեղեցին։ Անիկա խտացումն էր ամէնէն ազնիւ փափաքներուն։ Անիկա արժանի պէտք էր ըլլար իր մէջ Աստուածը ընդունելու: Կը հասկցուի որքան դժուար էր մարդոց մեծ մասին համար այդպէս փառքի մը կերտումին մէջ տիրական բաժին մը սեփականել. ատոր համար է որ եկեղեցի շինելը մարդկային փառասիրութեանց գագաթը կը կազմէր։ Աղօթողը հեշտագին հիացումով մը կ՚ոգեկոչէ մարդերը՝ իշխաններ, արքաներ, փարթամ առեւտրականներ որոնք այդ գերագոյն բարիքը կ՚իրագործեն Աստուծոյ տունը կառուցանելու: Նոյն ատեն մեր մտքին կ՚այցելէ գինը զոր արժած են Աստուծոյ տուները, յաճախ վճարուած ծանրածանր մեղքերու քաւութեան իբր փրկանք։ Այդ դարերուն, աւագ` ազնուական դասերու մէջ քստմնելի ոճիրներ քիչ մը շատ ընդհանուր էին։ Եկեղեցի մը յաճախ կը ծածկէր այդ մեղքին յիշատակը այս աշխարհին համար եւ ժողովրդական նախապաշարման մէջ կ՚ապահովէր երկինքը։

[141]    Երախտաւորաց = անոնք որ երախտիքի արժանի գործեր են ըրած համայնքին եւ անոր կեդրոնը եղող եկեղեցւոյն։ Ասոնք յիշել իրկուան սա աղօթքին մէջ, անուղղակի հրաւէր մը, գրգիռ մը կը կազմէր իրիկուան աղօթողներու որոնք կրնային հրապուրուիլ նման արարքներու: Մեր ժողովուրդին մէջ արմատացած եկեղեցական բարերարութիւնը չե՞րեւար այս տողերուն ետին։

[142]    Պտղատուից = պտղին այն բաժինն էր զոր ժողովուրդը սիրայօժար կը վճարէր իր եկեղեցականներուն։ Դեռ մինչեւ վերջին ժամանակներս այդ սովորութիւնը ի զօրու էր գիւղերու մէջ։ Վանականը տեսակ մը իրաւունքի վստահութեամբ չէր վարաներ, պարկը ուսին, ներկայանալ գիւղացուն կալը, առնելու համար դարերով նուիրագործուած իր բաժինը անոր ցորենէն։ Ասիկա այսպէս՝ աշխարհիկ բոլոր բարիքներուն, բերքերուն համար։ Եկեղեցին երախտագիտութեամբ կը յիշատակէ պտղատուները եւ երկնային ողորմութիւնը կը հայցէ անոնց։

[143]    Սպասաւորաց = ասոնք եկեղեցիին առօրեայ սպասին նուիրուած անձեր էին յաճախ, ուխտով մը այդ պաշտօնին տրուած։ Եկեղեցւոյ սպասին մաս կը կազմէին անոր նիւթական գործերուն (աւլել, դուռ բանալ, մաս ու նշխար եփել եւայլն) յանձանձումը, անոր համար գիւղէ գիւղ պտտելը, անոր կալուածներուն բարւոք մատակարարումը եւ ուրիշ բազմատեսակ գործեր։ Ուխտով այս ասպարէզին ընդմիշտ շղթայուած այս մարդերուն մէջ երբեմն մեծ հոգիներ ալ կային որոնք եկեղեցւոյ մեծ դէմքերէն եղան. կը յիշենք Սուրբն Ներսէս Լամբրոնացին՝ մէկ հատիկը ասպետ իր հօրը։ Ծնողքը զայն ուխտով ունեցան։ Տղուն գեղեցկութիւնը պահ մը մոռցուց ծնողքին այդ ուխտը բայց ծանր հիւանդութեան մը տագնապը կրկին արժեւորեց ուխտը։ Տղան յանձնուեցաւ Աստուծոյ տան եւ սպասաւորութենէ բարձրացաւ արքեպիսկոպոսութեան, ժամանակի ընթացքին։

[144]    Ընդ հովանեաւ սրբոյ եկեղեցւոյ են հանգուցեալ = եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ թաղուիլը գերագոյն փառասիրութիւնն էր ժողովուրդի մը, որուն իշխանները դառն փորձով գիտէին թէ իրենց նախարարական դամբարանները ո՛րքան խախուտ յօրինումներ էին արտաքին թշնամիները զիրենք կործանելու հրաւիրող։ Միւս կողմէն, արեւելքի բռնակալներուն մօտ սրբազան իրերու եւ տեղերու դէմ յաճախ գոյ յարգանքը՝ որոշ ապահովութիւն թէ ոսկորները բախտ կ՚ունենային խնայուելու, պաշտպանուած Աստուածային հովանիով։

[145] Թագաւորացն քրիստոնէից = արեւելքի այլադէմ բռնաւորներու լուծին տակ հեծող քրիստոնեային ամէնէն սրբազան պաղատանքն է ասիկա: Հայը քրիստոնեայ թագաւորներու համար երկնային օգնութիւնը երբ կը պաղատի, խուլ երազն ունի իր երկրին կարելի ազատութեան։

[146]    Բարեպաշտ իշխանացն = աւելի ընդարձակ տարազ մըն է, եւ կը տարածուի, քրիստոնեայ կամ ոչ բոլոր այն իշխաներու վրայ որոնք իրենց վստահուած ժողովուրդը խնայեցին. եղան օրինակ չափաւորութեան. ըրին կարելի բարիքը, եւ ատոր համար արժանի են Աստուածային օգնութեան։

[147]    Պահեա զառաջնորդս եւ զեղբայրութիւնս = վանական կարգի արձագանգն է այս խնդրանքը։ Առաջնորդները մեծաւորներն էին՝ հաւատքի եւ գործի ախոյեաններ հաւասարապէս: Մեծ էր իրենց հեղինակութիւնը իրենց ենթակայ միաբաններուն եղբայրութեանց վրայ:

[148]    Խաչիւ քով = քրիստոնէութեան խորհրդանշան՝ որ մեր եկեղեցւոյ մէջ ունի ամենամեծ նշանակութիւն։

[149]    Աներեւոյթ թշնամին = գիտնալու էք որ միջնադարուն ամէնէն իրական եւ տիրական սարսափը աներեւոյթ թշնամիէն, այսինքն սատանայէն կուգար։ Մեր աղօթքներուն մէջ անկէ պաշտպանուելու համար զօրաւոր մաղթանքներ կան (գլխաւորաբար Նարեկացիի գործին մէջ)։ Երեւելի թշնամին՝ դրացի ազգերն են։

[150]    Ի սահմանաց մերոց եւ ի բնակութենէս մերմէ = սահմաններէն երեւելի թշնամիին հալածուիլը։ Միաբանութեան բնակութենէն աներեւոյթ թշնամին հալածել։

[151]    Ի հրոյն յաւիտենից = յաւիտենական կրակը միջնադարուն հզօր իրականութիւն մըն է։ Սատանին մէկ փոփոխակը։

[152]    Ժամագիրք։ Մեր եկեղեցական արարողութեանց ամբողջութիւնը պարունակող մատեան. ուր մեր հայրապետները հեղինակած են վերի աղօթքին նման շքեղ էջեր։