Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՏԱՌԵՐՆ ԱԼ ՏՈՒՆ ԿԸ ՔԱՆԴԵՆ
      
       Միայն բառերը, ճառերը կամ…սառերը չեն, որ տուն կը քանդեն, այլեւ սա մանրուկ տառերը։
       Կարելի էր հարիւրաւոր օրինակներ յիշել միայն հայկական մամուլէն։
       Հայերէն գիրքերն անգամ վրիպակներու ցանկ մը ունին, իբրեւ պոչ կամ կոտոշ։
       Իսկ օրաթերթերու մէջ սպրդած վրիպակները հատոր մը կրնան կազմել։ Նոյնիսկ եթէ միայն մէկ տարուան հաւաքածոն թղթատենք։
       Այս մեղքէէն ազա՞տ են եւրոպական եւ ամերիկեան թերթերը, որոնց մեծ մասը հարիւրաւոր խմբագիրներ եւ սրբագրիչներ ունի։
       Հարցումին պատասխանած կ’ըլլամ, արձանագրելով շռնդալից վրիպակ մը, որ կը զբաղեցնէ նոյնիսկ… Մոսկուան։
       Պրիւքսէլի համայնավար թերթը, Տրափօ Ռուժ (Կարմիր Դրօշ) Դեկտ. 21ին գրութիւն մը հրատարակած էր ընդհ. քարտուղարին ստորագրութեամբ.
       Եւ ընթերցողները ապշութեամբ կը կարդային հետեւեալ նախադասութիւնը.
      
       - «Խ. Միութեան մէջ ո՛չ տեւական խաղաղութիւն կայ, ոչ ալ յոյս՝ աշխատաւորներուն համար»։
      
       Սրբագրի՞չը խենթեցած էր թէ տողաշարը։ Կամ երկուքը միասին գինովցե՞ր էին, առանց սպասելու Ծնունդին եւ Կաղանդին։
       Շուտ պարզուեցաւ գաղտնիքը։ Մէկ հատիկ տառ վեր ի վայր շրջած էր ամբողջ նախադասութիւնը։
       Ընդհ. քարտուղարը գրած է եղեր. - Սան լ’Իւ. Էռ. Էս. Էս. (առանց Խ. Միութեան)։ Մինչդեռ տպուեր է Տան լ’Իւ. Էռ. Էս. Էս. . Միութեան մէջ)։
       Եւ միտքս ինկան շարք մը պատմական վրիպակներ՝ Պոլսոյ մամուլէն։
       Միայն մէկով գոհացէք այսօր։
       Համիտեան շրջանին, Թուրքերը յիշատակարան մը կանգնած էին Պոլսոյ մէջ, ի պատիւ Վիլհելմ կայսեր այցելութեան։
       Օրուան թերթերէն «Մանզումէ» հանդէսը նկարագրած ատեն, կը գործածէ նոր բառ մը, - յիշարձան։
       Խմբագրին չար բախտէն, բառը դրուած կ’ըլլայ տողին սկիզբը - ինչպէս քիչ վերը - «յ» տառը իյնալով, կը տպուի… իշարձան։
       Մնացեալը թող Տէր Յակոբեանը պատմէ։
      
       28 Դեկտ. 1949