Յարալեզներուն դաւաճանութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՍԱՆՔԻՆ ԵԶՐԸ

Անկիւնը բազմած սա մսոտ Հայուհին, սա տօնազգեստուած Հայուհին եթէ ոտքի ելլէ, կարծէք, թէ իր յետոյքին վրայ պիտի երեւնայ աքաղաղի մեծ պոչ մը սիգապանծ եւ գունագեղ:

Գոռոզութիւն, խստութիւն, եւ իր բացարձակութեամբ իսկ անախորժ ինքնավստահութիւն մը կ՚արտացոլայ կնոջ արտայայտութենէն: Ընկերային իր դիրքէն աւելի բարձր դիրքի մը մէջ երեւնալու իր ճիգը` զինքը ցոյց կու տայ աւելի միջակորեակ, աւելի ճղճիմ: Գեղեցիկ չէ անշուշտ` բայց տակաւին միսի երիտասարդութիւն մը կայ վրան, որ զինքը կը դարձնէ ցանկայարոյց, հեշտագրգիռ: Վարդագոյն, բայց հաստ միսեր: Լայն կուրծք` արեւելեան եւ առասանուած: Արդուզարդը բոլորովին վառ` Վոսփորի վերջալոյսին պէս, որ ահաւասիկ կը բռնկի:

Քովը նստած տարէց այրը, այսինքն ամուսինը, շատ նեղսրտած է այս պահուս իր օսլայուած բարձր օձիքին, ինչպէս նաեւ նոր կօշիկներուն պատճառաւ: Օձիքին կոճակներն ալ սխալ դրին: Առջեւինը ետեւ դրին, ետեւինն ալ առջեւ դրին: Կարծէք գամ մը կը մխրճուի մարդուն կոկորդին մէջ: Ինք բնաւ չ՚ախորժիր նաեւ Հիսարէն իջնող սա թեթեւ հովէն, որ դեղարանի խօսքեր կ՚ընէ իր ծոծրակին վրայ: Սակայն փոքրակազմ մարդը, ոչ իսկ կը համարձակի խօսքը ընել անցեալ ամառուան այն մէկ հովին, որ իրեն պատճառեց ինը օր հէփշու: Պեխեր կան, որ սա կը նշանակեն. պեխեր կան, որ նա կը նշանակեն. իսկ մարդուն զուգահեռական թաւ պեխերը կ՚ըսեն մէկ բան` ես մազի խուրձ եմ: Անորոշ դժգոհութենէ մը զատ` ակնարկը որեւէ բան չ՚արտայայտէր անարժէք դէմքին վրայ: Յայտնի է, թէ մարդը երիտասարդ եղած ատեն եկեղեցին պնակ պտըտցուցած է: Յայտնի է, թէ այժմ կինն է, որ զինքը կը պտըտցնէ: Կիրակի օր մըն է:

Սոկրաթոս եղբայրներուն այս գազինօն դրախտային է Գուզկունճուքի մէջ: Ան կը գտնուի նաւամատոյցի ճիշդ քովը եւ կ՚երկարի Վոսփորի վրայ, ոտքերուն անցընելով փայտէ տոտիկներ: Թէ՛ ջուրին եւ թէ ցամաքին կողմը գրուած է կապոյտ տառերով «Գազինօ Դրախտային»: Պատշգամին առաստաղը զարդարուած է փոքրիկ դրօշակներով եւ գունաւոր թուղթէ լապտերներով, որոնք փանայիրէն կը մնան: Պատշգամին եզերքը կարգաւ գրուած են թաղարներ, որոնցմէ դուրս կը կախուին զանգակի ձեւ ծաղիկներ: Անթիւ զանգակներ: Եւ աղմուկ կայ: Այդ բանը կայ՝ քանի որ բազմութիւնը կազմուած է մեծամասնութեամբ Յոյներէ եւ Հրէաներէ: Ձայնագիր մը կը սկրթէ շարքիներ եւ կառսոնները բարձրաղաղակ կը պոռան իրենից յանձնարարութիւնները յունարէն լեզուով, որոնց Շիրքեթը կը պատասխանէ իր սոյլով, թրքերէնով:

Յանկարծ Հայուհին ծունկի բիրտ հարուած մը տուաւ մարդուն, ջղայնոտութեամբ ըսելով, թէ ամենազզուելի, ամէնէն անախորժ, ամէնէն աւելի ջղի դպելիք բանն էր մարդուն այդ սովորութիւնը: «Ի՞նչ ըսել է ջուրը բերանը պահել: Օղիէն վերջ ջուր խմեցիր, լաւ՛, բայց կլլէ՛: Իբրեւ թէ ջուրը տաքցնե՞լ կ՚ուզես: Քեզի հազար անգամ չե՞մ ըսած, որ այդ բանը ջղիս կը դպի»:

Քիչ յետոյ մարդը, անգամ մը եւս իր փողկապին մէջտեղէն բռնելով, զայն առաջ քաշեց, գամին մխրճումը կասեցնելու համար: Որովհետեւ ըսելիք ունէր: Գամը րոպէ մը դուրս ելաւ կատակի համար, եւ մարդը յարեց.

Մեզի համար ամէն տեսակէտով շահաւոր կ՚ըլլայ: Մենք մեր շահը պիտի նայինք: Այստեղ ամօթի ի՞նչ կայ: Միթէ՞ ուրիշին գրպանէն դրամ կը գողնանք կոր: Դեռ ի՜նչ մենէ աղեկներ առիթի կը նային այս տեսակ մարդէ մը օգտուելու համար: Իմ գործիս համար ալ լաւ կ՚ըլլայ… Ամէն տեսակէտով լաւ…

Սուր ճիչ մը արձակուեցաւ: Պատշգամբին եզերքը կախուած յոյն լաճ մը ձուկ մըն էր բռնած: Տղուն մեծ քոյրը պոռաց ուրախութեամբ, մայրը թեւը երկարեց եղէգը բռնելու համար, հայրը գաւաթ մը ջուր կարկառեց ձուկը մէջը դնելու համար, իսկ անդիէն նաւավարներ բաներ մը ըսին` բաներ մը ըսած ըլլալու համար: Կրկին ծովը ինկաւ ձուկը:

Մինչ լակոտը իր քրոջ մազերը կը քաշէր, հայ մարդը շարունակեց.

Հիմա պիտի ըսես, որ քանի օրէ ի վեր նոյն բաները կը կրկնեմ: Անա՜նկ չէ : Ես քու երեսէդ կը հասկնամ, որ գոհ չես: Ինչո՞ւ գոհ չըլլաս. ինչո՞ւ սրտովդ չըլլայ: Քեզի բացատրեցի, որ մեծ շահ ունինք մենք աս մարդը մեր տունը փանսիոնէռ առնելէն: Շատ լաւ կը հասկնամ միտքդ, բայց ի՜նչ ընենք, պիտի համակերպինք: Քանի որ այդ ամսականին կարօտ ենք, պիտի համակերպինք: Նայէ, որ քիչ մը վար դնես քու բնաւորութիւնդ եւ վարուիլ գիտնաս…

Կինը չէր պատասխաներ, ոչ արտայայտութեամբ, ոչ ալ շարժուձեւով: Արտաքնապէս կը պահէր միշտ իր հպարտ եւ խիստ կեցուածքը, բայց մտովի գին կը զարնէր միւս անկիւնի յոյն կնոջ օղերուն: Յարմար գին մը գտնելէ յետոյ զանոնք կը բաղդատէր Վիքթորի օղերուն հետ, եւ վերջապէս` յոյն կնոջ օղերը կ՚երթար գրաւի կը դնէր Մոսիկին մօտ: Ամուսինը այս անսպասելի լռութենէն խրախուսուած` զգուշութեամբ շարունակեց.

Քիչ մը վարուի՜լ գիտցիր: Ան չեմ ուզէր, աս չեմ ուզէր կ՚ըլլա՞յ: Օտարներուն դիմաց պէտք է անուշութիւն ցուցնել: Ամէն տեղ էսեմճիութիւն կ՚ըլլա՞յ: Չըլլար: Միտքէդ ինչ որ կ՚ուզես անցուր` բայց գոնէ երեսանց «արեւդ սիրեմ» մը ըսէ: Անոյշ լեզուն տուն կը շինէ, կծու լեզուն տուն կ՚աւրէ: Լեզուն մե՜ծ բան է:

Լռեց եւ կրկին կոկորդէն դուրս քաշեց գամը: Հրէայ խումբ մը կը խնդար բարձրաձայն եւ հրէերէն, ու քիչ մը կը մնար, որ շրջի կլկլակ մը: Իրենց բերանն ու մատները ճերմկած երկու աղջնակներ լոխում կ՚ուտէին, եւ անոնցմէ մէկը զգուշութեամբ բերանը կը բանար, դիմացինին ցոյց տալու համար, թէ տակաւին ներսն ալ կայ: Մէկ անգամէն չի կլլեր: Հեշտանքը երկարել գիտէ: Յանկարծ հայ կինը լռութիւնը խզեց ու պոռթկաց նեղսրտութեամբ.

Ա՞ս է քու գոված մարդդ: Ա՞ս է աննման «փառթի»ն: Այսպէ՞ս Այսպէ՞ս «ռանտէվու» կը յարգեն: Խօսքին տէրը չեղողը մարդ չէ՛ ինծի համար: Ժամը վեցին ըսաւ` վեցին գալու էր… ո՞ւր է: Դիմացինը չյարգողը իմ տունս գործ չունի՜, չունի՜… Փէօ՜հ, քու ընտրած մարդդ ի՞նչ կրնայ ըլլլալ… մարդ չի կրնար ըլլալ…

Այրը ջանաց բացական արդարացնել: Ըսաւ, թէ «շոգենաւի պիտի չհասնին». վայրկեան մը ուշ գալը մեղք չէ. այսպէս տեղ մը սպասելն ալ ժամանց է: Նոյնը չէր կնոջ կարծիքը: Ան ըսաւ, թէ վայրկեան մը ուշ գալը մեղք է, այս աղտոտ Հրէաներուն մէջ սպասելը իրեն համար ժամանց չէ. հրամմե՛ր ես, շոգենաւի պիտի հասնի: Եւ երկու գաւաթներ իրար զարնելով կառսոնը կանչեց: Շիշ մը եւս օղի կ՚ուզեր: Կառսոնը, որ քրտնած էր եւ ինքզինքը հետզհետէ աւելի լուրջի կ՚առնէր, գլուխը դարձուց եւ պոռաց շիշին անունը, ինչպէս նաեւ տարիքը: Սեղանը սկսաւ կաղալ, եւ վրան տեղ չմնաց աղանդերի:

Սպասեցին: Բաւական մը վերջը այրը ջանաց անգամ մը եւս կնոջ գլխուն յորդորներ կարդալ, յանձնարարելով, որ բնաւորութիւնը փոխէ, ըլլայ հեզահամբոյր եւ մարդու հետ վարուող: Բայց կինը այս անգամ շուտով լռեցուց զայն: Շատոնց է, որ գին զարկած էր ներկայ գոհարեղէններուն, կանացի արդուզարդին, եւ այլեւս չէր կրնար քովինը չլսել: «Քեզ չեմ ուզէր մտիկ ընել» ըսաւ, եւ յանձնարարեց, որ գերեզմանատուն երթայ` իր լուսահոգի ծնողքէն խնդրելու, որ անգամ մը եւս ծնին Անժէլը: Անժէլը ինքն իր բնաւորութիւնը չէր կրնար փոխել: Կրնար փոխել, բայց չէր ուզէր փոխել: Չէ՛ր ուզեր:

Մարդը ըսաւ. Այստեղ սպասելն ալ հաճոյք մըն է:

Սպասեցին: Ներկաներէն ոմանք մեկնեցան, եւ անոնց տեղ ժամանեցին ուրիշ արդուզարդեր, նոր գոհարեղէններ, լաւագոյն պիստակ, խաշած եգիպտացորէն, ինչպէս նաեւ ստկուած ու ջուրի մէջ լողացող ընկոյզներ: Քանի երեկոն կը սահէր, այնքան կ՚աւելնար ամուսինին մտահոգութիւնը եւ ատենը անգամ մը քովընտի ակնարկով մը մարդը կը ջանար կշռել Անժէլը: Անժէլ բնաւ չէր խօսեր։ Չէ՛ր ուզէր կշռուիլ: Կարծէք կ՚ուռեր հետզհետէ, աքաղաղի պոչը պարզելով: Եւ երբոր վերջապէս, վերջապէ՜ս ժամանեց իրենց սպասած անձը, մեծ բեռ մը ինկաւ մարդու ուսերէն: Մանաւանդ որ հակառակ իր սպասումին, Անժէլին ժպիտը եղաւ իսկապէս պատշաճ, իսկապէս հիւրընկալ: Նորեկը երբոր կնոջ ներկայացուեցաւ, անմիջապէս բացականչեց լայն ժպիտով եւ առատ շարժուձեւերով.

Չափազանց երջանիկ եմ, Տիկի՛ն, Ձեզ ծանօթանալուս… Անհունապէս երջանիկ եմ… Յարգանքներս… խորին…

Երջանկութիւնը փոխադարձ է, Միւսիւ Վահրամ…

Ո՜հ, Տիկին կը չափազանցէք… Մի՛ չափազանցէք, Տիկին… Գիտեմ, թէ վշտակրած էք Ձեզ այսքան սպասեցնելուս համար… անկասկած եմ…

Այո՛, պէտք է որ ատենին գայիք, բայց այս անգամ կը ներեմ… Բացառաբար ներեցի, Միւսիւ Վահրամ…

Հաւատացէք, Տիկին, որ անգամ մըն ալ երբեք, ոհ երբե՜ք… Աստուած վկայ՝ որ անգամ մըն ալ այս կարգի բան պիտի չպատահի… Բացառաբար ներեցէք, վշտակրած Տիկին…

Օղի ապսպրեց: Յայտնի է, թէ Միւսիւ Վահրամ պիտի խօսի անդադար, յայտնի է թէ Միւսիւ Վահրամ յաղթանդամ է, կենսունակ ու ապրած մարդ է եւ իր հօրաքոյրը խման է: Շատ զուարթ դէմք` համարձակ ու վառ աչքեր եւ հաստ մատանիներ: Այտերն ու ականջները շառագունած են, շրթունքները թաց են, եւ ձիու գլուխ մը կը կախուի Ժամացոյցի շղթայէն:

Կինն ու նորեկը իրարու ակնարկ բռնեցին՝ երբոր մէկզմէկու արդուզարդ քննելով էին զբաղած: Փոխանակուեցան լայն ժպիտներ եւ «հը՛մ, հը՛մ»: Միւսիւ Վահրամ իր պեխերը ոլորեց` պատճառ ըլլալով, որ տարէց մարդն ալ ոլորէ իրենները: Տարէց մարդը իր փողկապը առջեւ քաշեց` պատճառ ըլլալով, որ Միւսիւ Վահրամն ալ առջեւ քաշէ իրենը։ Անժէլին կուրծքը կ՚ելեւէջէր կշռոյթով:

Այդ կշռոյթը, որ կուրծքերուն ակնարկելով կ՚ըսէր— «մենք հոս ենք», յանկարծ թռաւ գնաց Մոսիկին մօտ, գրաւի դրուած յոյն կնոջ օղերը ետ առաւ եւ անցուց իր տիրուհիին ականջներուն: Այո՛, մենք հոս ենք:

Ամուսինը ըսաւ.

Անժէլ, մեր Միւսիւ Վահրամը հոս մօտը եկած է: Քանի մը ամիս Փաշայ Լիմանի ալիւրի ֆապրիքային մէջ գործ ունի…

Այո, տիկին, Փաշայ Լիմանի ալիւրի ֆապրիքային մէջ մեքենաներու զետեղում մը պիտի ընեմ:

Ոհ, ի՜նչ կ՚ըսէք…

Ատոր համար ստիպուած է…

Ատոր համար ստիպուած եմ… աւելի ճիշդ է ըսել կը նախընտրեմ, ամէն օր Գումգաբու չերթալ չգալ…

Գումգաբուցի է Միւսիւ Վահրամը:

Դուն սո՛ւս եղիր… երբ մարդ կը խօսի՜…

Այո՛, կը նախընտրեմ հոս մնալ: Ծովը եւ երթալ-գալը տաղտկալի բաներ են… Անկասկած եմ…

Հարկաւ չըլլար. հոս պէտք է մնալ: Շաբաթ գիշերները միայն տուն երթալը բաւական է:

Այո, Տիկին, բաւական է: Շաբաթ գիշերները միայն: Երկուշաբթի առտու կէնէ գործի:

Ոհ, ի՜նչ կ՚ըսեք… կենէ՞ գործի…

Ո՜հ, ներեցէք Տիկին, դարձեալ գործի պիտի ըսէի… Օ՜հ, Տիկին, անգամ մըն ալ բնաւ, բնա՜ւ… բացառաբար, ներեցէք…

Գաւաթները իրարու զարկին, «բարի տեսանք» ըսին եւ ժպտեցան: Իրենց կառսոնը, որ սրունքները իրար քսելով արագօրէն կ՚երթուդարձէր սեղաններուն միջեւ, կանգ առաւ: Ծռելով իր երկու խոշոր մատները, վարդագոյն աղջնակի մը գրպանը մխրճեց եւ դուրս քաշեց լոխումի մասնաւոր փոքրիկ պատառաքաղը: Յետոյ մեկնեցաւ գողօնին հետ` առանց դիտողութիւն ընելու:

Անժէլ`

Միւսիւ Վահրամ, կը նշմարեմ որ մանկունակ եւ խիստ հաճելի թոթովախօսութիւն մը ունիք…

Թոթովախօսութի՞ւն… Ո՜հ, այո, թոթովախօսութիւն… լեզուդ սիրեմ… Այսինքն թէ, շատ անգամ այսպէս կ՚ըսեն ինծի… լեզուս կը սիրեն… մանկունա՞կ է միթէ… թոթովախօսութի՜ւն…

Ամուսինը կոկորդը պրկեց եւ ըսաւ.

Ես ալ շատ կը սիրեմ:

Վահրամ գինի ապսպրեց, անմիջապէս վերջը ետ առաւ իր հրամանը եւ բթամատերը անցուց բաճկոնակի entournureներուն: Կուրծքը ուռեցաւ` անմիջապէս, որ բթամատները ներս մտան: Միւսիւ Վահրամ ըսաւ, թէ բողկ շատ կը սիրէ եւ գնեց խեչափառ, որովհետեւ կը ծախէին: Շրջուն վաճառորդը երբոր հեռացաւ, եւ ամոլը սկսաւ ճաշակել, Միւսիւ Վահրամ ամօթով խոստովանեցաւ, թէ չէր գիտէր խեչափառին հայերէնը: Չէր գիտէր, թէ խեչափառին կ՚ըսեն խեչափառ: Ի՞նչ կ՚ըսեն ըսաւ եւ երեքը մէկ սկսան մտածել, փնտրել, կրկնելով, «Չաղանոզին հայերէ՜նը… չաղանոզին հայերէ՜նը…»: Տիկին Անժէլն է, որ գտաւ բուն բառը, զալն արտասանելով համեստութեամբ, շրթներուն ծայրով.

Խեցգետին կ՚ըսեն:

Ամուսինը երդում ըրաւ, թէ բառը լեզուին ծայրն էր, եւ պիտի արտասանէր, եթէ Անժէլ րոպէ մը եւս ուշացած ըլլար: Այո՛, խեչափառին խեցգետին կ՚ըսեն: Վահրամն ալ շատ գոհ մնաց, բառը բազմաթիւ անգամներ կրկնեց աղմուկով, եւ ըսաւ, թէ միշտ գետնին փակած խեչափառին անշո՛ւշտ թէ խեց-գետին պիտի ըսէին: Յետոյ դիտել տուաւ, որ ուտելիքի մը համը լաւ վայելելու համար, պէտք է զայն բնորոշող բառն ալ գիտնալ: Բոլորովին նոյնը չէր տարէց մարդուն կարծիքը: Ան ճշդեց, թէ… բայց Անժէլ խեցգետին կոչուող խեչափառի մէկ ոտքով սպառնաց, լռութիւն հրամայեց եւ անմիջապէս յետոյ արձակեց իր վճիռը.

Ահաւասիկ բացէիբաց կ՚ըսեմ… Միւսիւ Վահրամը տունս կ՚ընդունիմ: Դեռ քիչ մը առաջ բոլորովին հակառակ էի տունս փանսիոնէռ ընդունելու գաղափարին: Շա՜տ, շա՜տ հակառակ էի: Գարեգինը կրնայ վկայել: Ան շաբաթներով զիս համոզել ջանաց, բայց չկրցաւ: Ես վերջապէս երիտասարդ կին եմ… եւ չար լեզուներ շատ կան. օ՜, շա՜տ կան… չեմ գիտէր ինչու, ինձմով շատ կը զբաղին… Բայց դուք զիս գրաւեցիք, Միւսիւ Վահրամ: Իսկապէս համակրելի եք… տաքարիւն էք… Ըսել կ՚ուզեմ, որ ձեզի պէս մէկը ընտանիքի մէջ կարելի է մտցնել… Ընդունեցայ…

Վահրամ չափազանց գոհ մնաց, կարելի եղածին չափ պերճ ոճով եւ առատ խոնարհութիւններով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, մինչ Գարեգին կ՚ըսէր.

Օտար չենք նկատեր: Մեր ազգականին պէս պիտի նայինք:

Օտա՞ր… ե՞ս… Միթէ՞ այդ բանը կը համարձակիք ըսել, Տիկին… բնա՜ւ օտար չեմ նկատուիր… հա՛, հա՛, հա՛… Այսինքն թէ ձեզ օտար չեմ նկատեր… Երջանիկ օրեր, անկեղծ եւ յաւիտենական բարեկամութիւն կը մաղթեմ զՁեզ… Անոյշ ըլլայ զՁեզ… Անկասկած եմ…

Մթագնեցաւ Անժէլին դէմքը: Կինը մտահոգութեամբ գլուխը թեթեւ մը դարձուց եւ նայեցաւ իր ամուսնին: Գարեգին ալ նոյն պահուն կնոջ կը նայէր քովընտի ակնարկով մը: Երկու հարցական նշանները իրարու բախեցան: Վահրամ շարունակեց.

Դեռ քիչ մը առաջ բոլորովին հակառակ էի ձեր տունի փանսիոնէռին… այսինքն ձեր տունը փանսիոնէռ երթալու գաղափարին… Բայց դուք զիս գրաւեցիք, Տիկին… Կ՚ըսեմ բացէիբաց Ընդունեցայ… ներս պիտի մտնեմ… Ձեր պարապ սենեակէն ներս պիտի մտնեմ… Գարեգինն ալ ընդունեցայ… Ան ալ իսկապէս տաքարիւն, իսկապէս գրաւիչ… ո՜հ, Տիկին, չգտնուածօրէն տաքարիւն է… Վայ պապանըն ճանընայ չըլտըրաճայըմ… ա՛լ չեմ կրնար սպասել, ճաթիմ պիտի, ճաթիմ պիտի Անժէլ… ներս մտա՜յ, պարապ սենեակէդ ներս մտա՜յ, իմ շիշկօ Ժէժէլս… հա՛, հա՛, հա՛… Էյ, ասիկա միտքէս պիտի չելլէ… չըլտըրաճայըմ… չըլտըրաճայըմ…

Նորէն այր ու կին իրարու նայեցան, եւ Անժէլ շառագունեցաւ բարկութեամբ: Վահրամ աճապարանօք պարպեց իր օղիին գաւաթը, յետոյ Անժէլին գաւաթը, խեղդուելու պէս եղաւ, խնդաց արտառոց ճիչերով, փորը բռնելով, աղիքները ներս հրելով, աթոռը կճրտեցնելով: Աչքերը դուրս կ՚իյնային, եւ Վահրամ կ՚ըսէր արցունքներուն մէջէն.

Շիշկօ՜ Ժէժէլս, ես քու պարապ սենեա՜կդ սիրեմ… ի՜նչ ալ աղէկ գրաբար կը խօսի շան զաւակ թօփիկս… թառչին պահարլը՛ թօփիկս… ո՛հ, թոթովախօսութիւն… ո՜հ, մանկունակ թոթովախօսութիւն… ո՜հ, գրաւիչ, ո՜հ զնարինջ… է՜յ չըլտըրաճայըմ… քա սաւոր փէլթէ՛կ ըսէ, փէլթէ՛կ…

Անժէլ գոչեց բարկաճայթ.

Ծօ ա՛ւանակ, քեզի ո՞վ ըսաւ, քի գինով գաս: Քեզի հազար անգամ չըսի՞ որ ես գինով չեմ սիրէր: Ըսէ նայիմ, ինչո՞ւ ասչափ շատ խմեցիր: Ու՞ր խմեցիր: Ծօ դուն էրիկէս ալ չես ամչնար կոր… Ա՜խ, հոս չըլլայինք` քիթիդ բերնիդ մէկ հատ մը ուտէիր…

Ոհ երբե՜ք զձեզ օտար չենք նկատեր… քա աս մարդը բա՛նէ մը լուր չունի… Ազգականի պէս պիտի նայի… Թոթովախօսութիւն մանկունակ… զետեղում եւ պօտուռում… խեցգետին եւ մեծգետին… ամա՜ն, հասէք, փորս, չըլտըրաճայըմ…

Անժէլը`

Խէրդ կ՚անիծեմ, Գա՛րեգին: Դուն իմ ով ըլլալս չես գիտէր, Գա՛րեգին: Քեզի աստեղ ամէնուն առջեւ մասխառա կ՚ընեմ, եթէ բերանդ բանաս: Ըսելիք մը ունիս` տունը կ՚ըսես: Հոս բա՛ռ չեմ ուզէր: Սուս եղիր` ինքզինքէս պիտի ելլեմ: Անժէլը քու գիտցած կնիկներէդ չէ: Եթէ գլուխս դառնայ` մա՛րդ մտիկ չեմ ըներ… Մարդ մտիկ չեմ ըներ, գիտցած եղիր, Գա՛րեգին… Գլուխիս թասը դարձած է, Գարեգին…

Ամուսինը, որ տժգունած էր եւ պեխերը ոլորելով ակնարկը կը տանէր իր կնոջմէն Վահրամին, Վահրամէն իր կնոջ, աչքերը աւելի պզտիկցուց եւ ըսաւ ակռաներուն մէջէն.

Վա՛-ա՜յ…

Ներեցէ՜ք, բացառաբար ներեցէք, վշտակրած Տիկին… չէ՜, չկրցայ ինքզինքս բռնել… Ամօթ չէ եա` չկրցայ… պիտի ճաթէի, պիտի պայթէի, պիտի խեղդուէի, պիտի խենթենայի… Աման փո՜րս… զետեղում եւ պօտուռում… մինչեւ մեռած օրս միտքէս պիտի չելլէ… յաւիտեան միտքէս պիտի չելլէ…

Անժէլը՝

Գարեգին, գետնին տա՛կը անցնելիք Գարեգին… Տունը իմս, հողը իմս, կարասիները իմս, ամէն բան իմս… Օրուան ուտելիքին փարան պիլէ չես կրնար կոր վաստկիլ: Դուն ինչի՞ս էրիկ մարդն ես… Քեզի պէս սարսաղին՝ Արուսեակին պէս կնիկ կ՚ուզեր: Նայէ՛, ան տախտակ շփելու ալ կ՚երթայ, լաթ լուալու ալ կերթայ… Ես անոնցմէ չե՜մ: Մէյ մը վրաս նայէ. սպասուհի ըլլալիք կնի՞կ եմ ես… քեզ խաղք ու խայտառակ կ՚ընեմ այստեղ, Գա՛րեգին: Քու վաստակիդ մնանք նէ` վայ պաշըմըզայ… Ըսէ նայիմ` ո՞վ տուաւ տունին վերկին. ո՞վ մաքրեց հացագործին չէթէլէն… Ասոնք փարա կ՚ուզեն, փարա՜…

«Ասոնք» ըսած ատեն կուրծքն ու հագուստները ցոյց կու տար, բերանը ծամածռելով: Ամուսինը ըսաւ ակռաներէն մէջէն.

Վա՛-ա՜յ…

Արեւդ սիրեմ, Ժէժէլս…

Թո՜ւհ քեզի, պատասխանեց Անժէլ իր սիրահարին, աւելի բարկանալով` աս եղա՞ւ ըրածդ: Ես աս չափ յոգնիմ, Վիքթոռը մէջ խառնեմ, քեզ էրկանս ճանչցնել տամ, աս ռանտէվուն պատրաստեմ, մէյ մըն ալ սօն թաքքէյին սա ապուրը խառնես… Եկար չեկար` բանջարի պէս ականջներէդ հասկցայ խմած ըլլալդ, բայց սա խենթութիւնը միտքէս չես կրնար անցնիլ… Ծօ շա՛ն զաւակ, քիչ մը ինքզինքդ չէի՞ր կրնար բռնել…

Արեւդ սիրեմ, Ժէժէլս, փէլթէկին ինչո՞ւ թոթովախօսութիւն ըսիր. իմ անոյ շիկ չաղանօզիս ինչո՞ւ խեցգետին ըսիր…

Վա՛-ա՜յ…

Գարեգին, ինծի մի բարկացներ: Նորէն կ՚ըսեմ, Գարեգին, ինծի մի բարկացներ… Թեռլիկներդ կ՚առնես` ուզած տեղդ կ՚երթաս, եթէ գոհ չես… թեւէդ բռնած չունիմ… ուզած տեղդ կ՚երթաս, ինէ աղէկին` կ՚երթաս… Կը բաւէ քուկին ձեռքէդ քաշածս… Տունը իմս, հողը իմս, կարասիները իմս…

Արագ շարժումով մը Անժէլ իր ամուսնին ձեռքէն քաշեց առաւ ջուրի գաւաթը, զոր ան պարպելէ վերջ ձեռքը կը պահէր: Գարեգին յօնքերը պռստած` ակնարկը միշտ կը պտըտցնէր դէմիններուն վրայ, եւ ձախ այտին բացխփիկ ծալքերէն յայտնի էր, թէ առկաները կը ճզմէ:

Կառսոնը, որ իրենց սեղանին վրայ նոր յանձնարարութիւն մը կատարելէ վերջ կը մեկնէր, կանգ առաւ: Ծռելով իր երկու խոշոր մատները, վարդագոյն աղջնակին գրպանը մխրճեց եւ դուրս քաշեց փայլուն մետաղէ սիրուն խցհան մը: Յետոյ մեկնեցաւ գողօնին հետ առանց դիտողութիւն ընելու:

Վա-ա՜յ… դեղագործին հետ օյինի ելար` աչք գոցեցի։ Շմաւոնին հետ Պեյօղլուները գացիր` ներեցի. աղջկնութեան ըրածներդ` մոռնանք ըսի… Հիմա ալ ասո՞ր հետ ըրեր ես ընելիքդ… Տարիքը կ՚առնէ կոր, ալ ինքզինքը վա՛ր կը դնէ ըսի…

Անժէլ սաստիկ բարկացաւ: Թէ՛ վիճաբանութենէն եւ թէ մանաւանդ օղիէն կարմրած էր եւ կը հարուածէր իր ամուսինը` բառերու տեղատարափով մը: Անցեալը կը քրքրէր, ներկային վրայէն կը վերցնէր ամօթխածութիւնը պաշտպանող թուզի տէրեւը եւ իր ակռաները ցոյց կու տար: Կ՚ըսէր, թէ առանց Վահրամի դրամին` մոխիրի վրայ նստած պիտի ըլլային, եւ թէ իրն էր տունը, հողը, եւ այլն: Մանաւանդ «տարիքը կ՚առնէ կոր»ը չէր կրցած մարսել: Կը թքնէր ձիթապտուղին կուտը: Բայց, չկրնալով բարկութիւնը առնել, փոխեց յարձակողականի ձեւը եւ սկսաւ հեգնել: Քմծիծաղով մը, որ միայն մէկ այտին վրայ կը սողար, ըսաւ, թեւ Գարեգին էֆէնտին դիւրազգաց է, բարոյականի զանցառութեան ներող չէ: Եւ իբրեւ մեծ սրամտութիւն` աւելցուց.

Ո՜հ, ամուսինս փափուկ է կացութեան մը պէս…

Վահրամ, տեղէն ելլելով, խանութ մտաւ եւ քիչ յետոյ վերադարձաւ, հետը բերելով ձկնկիթ (խաւեար): Զայն լաւ մը հոտոտելէ վերջ ուզեց Գարեգինին կերցնել, եւ յանկարծ անշուշտ այս վերջնոյն լռութեան պատճառաւ տխրեցաւ: Սաստիկ տխրեցաւ: Պիտի լար.

Չէ՛, աս բանը ընելու չէի: Կնիկդ գործածէր եմ՝ աղէ՛կ. հիմա տունդ կու գամ կոր որպէսզի աւելի լաւ գործածեմ՝ աղէ՛կ. բայց աս բանը ընելու չէի… պէտք չէր, որ ընէի… Քեզի պէս պատուական մարդուն, շէքէրի պէս մարդուն սիրտը կոտրելու չէի… ներէ՜, Գարեգինս, ներէ՜… Աւանակ եմ, էշ եմ, բերնէս ելածը չեմ գիտեր… Արեւդ սիրեմ` ներէ… Դուն իմին բարեկամս ես, ներէ…

Մարդը կոկորդէն գամը դուրս հանեց եւ ըսաւ ակռաները սեղմած.

Վա՜-ա՜յ… բարեկա՜մ…

Եւ որովհետեւ արձանի մը պէս անշարժ կը մնար եւ իր պռստած ակնարկը չէր բաժնէր Վահրամէն, այս վերջինը ամէն ճիգ թաեց ներողամտութեան արժանանալու համար: «Հոգիս տամ քեզի» ըսաւ, եւ ձեռքը տարաւ իր հոգիին` ձիու գլխուն: Յանկարծ գրպանէն տրցակ մը դրամատոմս հանեց, ճմռթկեց զանոնք, թքաւ վրան, կրկնեց թէ բարեկամութենէ զատ բան մը յարգ չունի իրեն համար, եւ վերջապէս, իբրեւ վերջին ժեսթ ուզեց համբուրել Գարեգինը: Համբուրել Գարեգինին ձեռքը կամ դէմքը: Շատ որոշ չէ: Բայց գինովի տապալեց երկու սրուակներ, որոնք փշրուեցան աղմուկով:

Անժէլին գլուխն ալ բռնած էր: Կը խնդար բարձրաձայն, կոտրած սրուակները ցոյց տալով, կուրծքը ալեկոծելով, եւ իր ամբողջ ուժով Վահրամին ոտքին վրայ կը կոխէր:

Վահրամ երբոր չյաջողեցաւ Գարեգինը համբուրել, ուզեց գոնէ համբուրել Անժէլը: Բայց այս վերջինը զինքը վանեց` ըսելով, թէ ինք գինովներէ չ՚ախորժիր:

Վահրամը`

Արեւդ սիրեմ, Ժէժէլս, գիտեմ որ կ՚ախորժիս… գիտեմ որ այդ բանը շատ կը սիրես… Վահրամդ քեզի համար մէյ մը՝ մէյ մը տահա կ՚ըլլայ, երբոր գլուխը բռնէ… Հոգիդ սիրեմ` երգէ. ուրբաթ օրուան պէս երգէ. Շարհօշ իչէր, իչէր…

Անժէլ բացարձակօրէն մերժեց: Յետոյ նայեցաւ անուշ-անուշ, իր սիրահարին. երեք անգամ կրկնել տուաւ «անգամ մըն ալ պիտի չգինովնամ» խօսքը, եւ վերջապէս պահանջեց, որ Գարեգինն ալ խնդրէ: Մարդը ըսաւ ակռաները կճրտելով.

Վա՛-ա՜յ…

Այն ատեն Անժէլ երգեց ցած ձայնով մը.


Շարհօշ իչէր, իչեր սարըլըր պանա
Աման աննէ, ճանըմ աննէ, պէն վարըրըմ օնա
Եւ այլն, եւ այլն, օօօֆ, ամաա՜ն

Վահրամ կը ճառագայթէր: Ծափահարեց եւ հրամայեց ձայնագրին, որ իր ուզած եղանակները նուագէ: Լոյսերը վառած էին: Վահրամ հրամայեց, որ աւելի շատ լոյս վառեն: Յետոյ խեչափառ մը օդը բռնած` սկսաւ կրկնել «Չաղանոզը եան, եան, Սըմ-բա՛տ-եա՛ն»: Եւ յանկարծ յիշեց, որ ինք գինի ապսպրած էր: Եւ երկա՛ր ատենէ ի վեր: Ու՞ր էր այդ գինին: Ո՞վ ըսաւ, թէ անմիջապէս յետոյ ետ էր առած իր յանձնարարութիւնը: Ո՞վ ըսաւ: Բայց Գարեգին հետզհետէ կը լեցուէր` պեխերը ոլորելով: Իր ամենադաժան արտայայտութիւնն էր առած, եւ պիտի պոռթկար մէկ վայրկեանէն միւսը: Այլեւս անկարող էր ինքզինքը զսպելու: Բերանը բացաւ, անշուշտ շատ կծու բան մը ըսելու համար, բայց նոյն պահուն Անժէլ, որ կ՚ուզեր Վահրամին ոտքին վրայ կոխել, սխալմամբ կոխեց իր ամբողջ ուժով` ամուսինին կոշտին վրայ: Նեղ կօշիկին մէջ արդէն մարտիրոսացած կոշտին վրայ: Մարդը օդը ցատկեց:

Անժէլ պիտի խեղդուէր խնդալէն: «Ես մեռա՜յ, ես մեռա՜յ» կ՚ըսէր, կողերը բռնելով, եւ իր միսերը կաս կարմիր էին եղած: Անոնք կը ցնցըուէին, կ՚ուռէին եւ կը քրտնէին:

Եւ սակայն այս փոթորիկը դադրեցաւ վայրկենաբար: Երկվայրկեան մը բաւական եղած էր, որ կինը մոռնայ իր արտառոց խնդուքը: Անշարժացաւ, քար կարեցաւ, աչքերը բանալով եւ թեւերը բռնելով մարմնէն հեռու:

Ամուսինը, որ սրտին զարնող ցաւը մեղմելու համար հրաժարած էր իր սպասողական դիրքէն եւ հայհոյելով հանդերձ կը պարպէր օղիի գաւաթները, Վահրամին հետ գլուխը դարձուց կնոջ, պատահածը հասկնալու համար: Անժէլ ըսաւ.

Վու՜յ… քօռսէյիս կապերը փրթան…

Վահրամ մեծ` բայց կեղծ լրջութեամբ եւ նոյնքան կեղծ եւ խոր անձկութեամբ հարցուց, թէ ի՞նչ պիտի պատահի: Միթէ սեղմիրանը պիտի չթուլնա՞յ: Միթէ՞ գէր Անժէլը պիտի չուռի՞: Եւ յանկարծ սիրահարը սկսաւ ծափ զարնել եւ երգել այն բառերը, զոր մանուկները կը կրկնեն հնդկահաւերու դիմաց.

 

Քապառմազ՚սըն, քէ՛լ ֆաթմայ
Աննէն կիւզել, սէն չիրքին
Քապառմազ՚սըն, քէլ ֆաթմայ…

Բայց որովհետեւ Անժէլ իր ամուսինը կը յանդիմանէր, խնդուք առթելով կապերու բեկանումին պատճառ եղած ըլլալուն համար, յանկարծ փրփրեցաւ Վահրամ: Անօրինակ զայրոյթով մը լռութիւն հրամայեց: Պահանջեց: Չէր ուզէր, որ այր մարդու մը համբերութիւնը չարաչար գործածուի: Չէր կրնար հանդուրժել, որ շաքարի պէս ամուսին մը ծաղրանքի առարկայ դառնայ: Թէ իր ներկայութեանը` այդպիսի բան չի՛ կրնար ըլլալ: Երբեք չէ եղած: Ինք մարդ յարգել գիտէ եւ կին ըսուած արարածը շատ լաւ կը ճանչնայ: Շա՛տ լաւ: Ինքն ալ պակասութիւն մը գործեց, այո՛, բայց որո՞ւնն է յանցանքը: Այս ժամադրութիւնը պատրաստողին: Այս պատրաստողը շատ լաւ գիտէր, թէ ինք մանուկի պէս մէկն է. կեղծաւորութիւն չի կրնար ընել. սուտ ըսողին ա՛չքը ելլէ. եթէ կեղծաւորութիւն ընէ` խնդալը կու գայ եւ կը մատնէ իր գաղտնիքը: Խնդաց եւ մատնեց իր գաղտնիքը: Բայց որքան ատեն, որ ինք հոս ներկայ է, Անժէլը պէտք է գիտնայ, որ Արժանապատուութեանը հոս ներկայ է: Լռութի՛ւն: Վէսսէլամ:

Ամուսինը խղճալի ձեւով մը նայեցաւ իր կնոջ սիրահարին, եւ յետոյ, այս պաշտպանութենէն թէ՛ ուժ առած եւ թէ ազդուած` սկսաւ կոնծել արագօրէն վշտոտ բերանը ծամածռելով:

Նեղութիւն տիրեց: Ոչ ոք կը խօսէր: Վահրամ դէմքը կախած էր, քրտինքները կը ժողվէր ու կը նայէր իր ետեւը, կարծէք մեկնիլ ուզելով: Եւ ապահովաբար պիտի մեկնէր, եթէ այս լռութեան մէջ յանկարծ չպոռթկար տաքցած Գարեգինը: Բերանը պահած ջուրը կլլեց ան ու ըսաւ առաստաղին մէկ մարած լապտերը ցոյց տալով:

Հէ՜յ Աստուածամար, աս ի՜նչ փորձանք իջեցուցիր գլխուս… աս ի՜նչ փորձանք… կնիկ չէ՜, անէ՛ծք է… Տունս կործանեց, պատիւս մէկ փարայի ըրաւ, ցերեկս-գիշերս հարամ ըրաւ… Հէ՜յ Աստուածամար… Ճանըմ, ինձմէ ի՞նչ կ՚ուզէք… չե՜մ կրնար, չե՜մ կրնար ծեծել… Ես ան տէրէպէյի ամուսիններէն չե՜մ, չե՜մ… Երբեմն անանկ կ՚ըլլամ, որ մէկը ինծի թելադրէ կ՚ըսեմ… Հապա անանկ չէ՞. երբեմն տկարները կը քնացնեն. իփնոթիզ է, ինչ է՝ ան կ՚ընեն եւ ամէնէն չըլլալիք բաները ընել կու տան այդ զաւալլը մարդոց: Անանկ ալ կ՚ուզեմ, որ մէկը ինծի թելադրէ: Ըսէ. «Զա՛րկ, Գարեգին. սա շիշէն առ, զա՛րկ գլխուն, զա՛րկ կը պահանջեմ, կը պարտադրեմ…»:

Այս մտածումը չափազանց զուարճալի թուեցաւ Անժէլին, որ սկսաւ կրկնել կուշտ խնդուքով— «Զա՛րկ, Գարեգին, զա՛րկ: Չեմ ուզէր, որ դրամ շահիս. չեմ ուզէր, որ տունդ նայիս. միայն կնիկդ ծեծէ՛, Գարեգին. կը պահանջեմ, Գարեգին…»:

Մարդուկին բարկութիւնը այնքան խղճալի էր, որ Վահրամն ալ սկսաւ խնդալ, եւ երկու սիրահարները իրենց գլուխը մօտեցուցին Գարեգինին, իրենց քսան մատները ուղղեցին մարդուն աչքերուն, որպէս թէ զայն քնացնելու համար, եւ ըսին կշռոյթով.

Զա՛րկ, Գարեգին, կը պահանջեմ, զա՛րկ, Գարեգին, կը թելադրեմ, ա՛ռ շիշէն, սա շիշէն, Գարեգին, ի՛մ անգին…

Եւ իրաւ ալ մարդը զարկաւ: Բայյց քովընտի տուած ապտակը շատ ձախաւեր էր: Եւ արդէն Անժէլ զայն նախատեսելով կրցած էր խոտորել, եւ հազիւ թէ մարդուն մատներուն ծայրերը դպան կնոջ կզակին:

Եւ մինչ Անժէլ կը խնդար, ցցուեցաւ Վահրամ.

Թի՛ւհ, կապած աւե՛լ, դուն ալ էրիկմարդ ես, հա՞: Աս խալթախին ասանկ կը զարնեն:

Յաղթանդամ եւ գինով Վահրամը շառաչուն ապտակ մը իջեցուց Անժէլին: Յետոյ երկրորդ մը աւելի զօրաւոր, երրորդ մը, չորրորդ մը: Ծանրաբեռնուած սեղանը շրջեցաւ աննկարագրելի ջախջախումով, եւ կինը ինկաւ նստարանին վրայ, վերջն ալ տակը: Փառթիթի շոգենաւ մը կը մօտենար նաւամատոյցին: Ֆանֆառին ձայնը խառնուեցաւ մեծ աղմուկին հետ: Միջամտեցին: Նաւուն լուսարձակը կանգ առաւ շյրջուած սեղանին վրայ: Կուրցած Սոկրաթոս եղբայրները կատաղօրէն բողոքեցին լուսարձակին դէմ: Կառսոնները, որ մեծ դժուարութեամբ ներս կը տանէին Վահրամը, հայհոյեցին անշարժ լուսարձակին դէմ: Նաւէն սկսան պոռալ— «Քէքէռէզ, Աւռամ, Նաում, Պոխոռ, Լէվի…»: «Դրախտային»ի հրեայ յաճախորդները թեւերնին վեր առին եւ բողոքեցին: Անոնցմէ մէկը փախաւ` իրարանցումէն օգտուելով: Անժէլ չէր ուզէր ոտքի ելլել, որովհետեւ պատռած էր իր զգեստը եւ աղտոտած: Վարդագոյն աղջնակը գետնէն ժողվեց աթոռի մը տակ գլորած սիրուն աղի աման մը, որուն կափարիչը կը փայլէր արծաթի պէս: Գրպանը դրաւ զայն:

Խանութին խորը Միւսիւ Վահրամ Սմբատեան կու լար մեծ աղմուկով:

………………………………………………………………

Գիշերին մէջ մարդ մը կ՚երթայ առանձին: Ամբողջութեամբ քակած է կօշիկին կոճակները եւ ձեռքը կը բռնէ, եկեղեցիի պնակի մը պէս, իր օձիքն ու փողկապը: Ոչ առջեւի կոճակը կայ, ոչ աչ ետեւի: Կարծէք թէ մարդը կը պարէ: Միայն սա որոշ է, թէ կ՚երգէ բարձրաձայն եւ ուրախ.

 

Քապառմազ՚սըն, քէլ ֆաթմայ
Աննէն կիւզել, սէն չիրքին
Քապառմազ՚սըն, քէլ ֆաթմայ
Քէլ, ֆաթմա…