Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻԵ. ԱՆՏԵՍ-ԱՆՆԸՄԱՆ
       Թագաւոր մը երեք տղայ ունէր։ Մեռնելու ատենը ամէն մէկին մէկ սնտուկ ձգեց։ Մեծ տղայի սնտուկին մէջ թագ մը կար, միջնեկ տղային ոսկի կար, պստիկին՝ հող։ Մեծը նստաւ հօր տեղը եւ անգամ մը որսի գնաց, ալ չ’դարձաւ։ Միջնեկն ալ անենկ։ Կարգն էկաւ պստիկին։ Մայրն ու իշխանները ու ազգականները շատ դիմացան, թէ. «Մի՛ երթար, դուն ալ կու կորսուիս», բայց մտիկ չըրաւ։ Ճամբայ ելնելու օրը աղքատները լցուեր էին դուռը։ Ամէնուն ալ հաց կերցուց եւ ողորմութիւն տուաւ։ Անոնք ալ կ’օրհնէին զինքն ու յաջողութիւն կու խնդրէին Աստուծմէն։ Մնաք բարովներ կու լմնան, ճամբու բեռներ ու ճաբու դրողներ կը յառաջանան։ Տեսանք ծերունի Բաբամն ալ էկաւ եւ ըսաւ. «Ո՞ւր է ճամբորդը, թող գայ ինծի ալ ողորմութիւն մը տայ»։ Կուգայ, կուտայ։ Ան ալ օրհնութիւն տալէն յետոյ կ’ըսէ. «Ես քու հետն եմ, ուր որ երթաս, եւ քեզի պիտի օգնեմ Աստուծոյ զօրութիւնով»։ «Շատ աղէկ, - կ’ըսէ տղան, - ճաշդ կեր, Բաբա ու ճամբայ էլիր, ես ալ հա՛ էկայ»։ Ճաշ կ’ընէ ու կ’երթայ ճամբու բերանը կու նստի, մինչեւ տղան կ’երթայ։ Բաբան կը համբուրէ տղային ճակատը, կ’օրհնէ. «Երթաս բարով ու գաս բարով, - կ’ըսէ, - ես առանց հետդ գալու, ուր որ հասնիս, հոն եմ։ Գնա՛, մի՛ վախնար»։ Տղան կը պագնէ աս Բաբային ձեռքը, որ վերջին խրատը կուտայ, թէ. «Քանի մը օր երթալէդ յետոյ ճամբան երեք կուլի։ Վերին ու վարի ճամբան մի՛ երթար, միջինը գնա։ Ձիաւոր մը տի հանդիպի քեզի, ձինը կու տեսնաս, ձիաւորը չես տեսնար, չվախնաս։ Մտքովդ Սուրբ Սարգիս կանչէ ու ձիաւորին ըսէ. «Իգիթ իսէն աթտան եէն քի սէն իլէ կիւլէշ թութալըմ»։ Անիկա ձիէն կ’իջնայ, բայց չ’երեւար։ Դուն մէկէն էլիր, հեծիր անոր ձինը, ան ատեն անոր թլըսումը կ’աւրուի, քեզի կ’երեւայ։ Ասկէ անդին գիտնալիք քուկդ է»։
       Իրաւ որ, Բաբայի ըսածին պէս կու լի, ու երբ որ տղան կու հեծնէ ան ձիաւորի ձինը, կու տեսնայ, որ աննման աղւոր աշխի մ’է եղեր իրեն հանդիպողը։ Աշխին կ’երեւայ ու կ’ըսէ. «Ես տօղսանուինն մարդ սպանած էի առանց երեւնալու, քեզմով հարիւր տի’լլէր, բայց դուն իմ սըռս գիտցար, դուն ինծի յաղթեցիր, հայտէ երթանք իմ սարայը։ Ասկէց ետքը դուն իմ տէրն ես, ինծի ու իմ տունս դուն տի կառավարես»։ Տղան ադ սարայը տեսնալուն՝ խելք չ’մնար վրան, այնքան զարմանալի շէնք ու շնորհք կար, որ «տիլ իլէ թաբիր օլմազ, աքչայ իլէ մէյտանայ կէլմէզ»։ Երանութեամբ իրար կու վայելեն։ Ապա տղան կ’սկսի որսի երթալ։
       Աս աշխնի անունը Անտես-Աննման էր։ Անունը կար ու ինքը չ’կար։ Հիմա իմացուեցաւ ամէն կողմը, թէ ադոր թըլըսումն աւրուեր է։ Անտես-Աննմանի գովասանքը հասեր էր Չինումաչին, աշուղներ պէս-պէս պատուական խաղեր շիներ էին վրան ու թագաւորին առջեւը կ’երգէին։ Հրաման հանեց թագաւոր, թէ՝ անպատճառ պիտի բերուի ինծի Անտեսն-Աննմանն։ Ջադու պառաւ մը էլաւ իշխանաց առջեւ, խօսք տուաւ երթալ ու բերել։ Կարճ գնաց, էրկան գնաց, հասաւ։ Ամէն սատանկութիւն գործածեց, բայց մուրատին չ’հասաւ. Անտես-Աննմանն թէպէտ խաբուեցաւ, ներս առաւ զինքն, բայց փեսայն կռահեց, սատկեցուց ու ճիւէն բռնեց, շուներու առջեւ նետեց։ Նայեցան որ էրկան եղաւ, ջադուն չ’դարձաւ։ Մէրաքէն թագաւոր հիւանդ եղաւ ու վրան-գլուխը դուրս տուաւ։ Հիմա դարդն երկուք է, բայց դարմանը մէկ է։ Թագաւորին պալատականները աշխըրքի ամէն կողմը մարդ հանին ու գտան խիստ յաջողակ կախարդ ջադու մը, բերին հանին թագաւորին երեսը։ Թագաւոր հարցուց, թէ. «Կրնա՞ս երթաս, բերես Անտեսն-Աննմանն»։ Ջադուն ըսաւ. «Թագաւոր, ապրած մնաս, ադ իմ չօլախ ձեռաց բանն է»։ «Հայտէ՛, քեզ տեսնամ, - ըսաւ թագաւորն, - թէ որ բերիր, քեզի ոսկիներու մէջ կու նստեցնեմ»։ Ջադուն շինել տուաւ կարաս մը, մէջը լեցուց սատանաները, բերանը ամրցուց, սեւ օձ մը ալ խամշի ըրաւ, հեծաւ կարասը, քշեց ու, հավայէն գնալով, իջաւ Անտես-Աննմանի բաղչան։ Ծառերուն տակը ծածկեց կարասը ու ինքն գնաց սարային դուռը չալեց, ներս մտաւ, քէֆն ու խաթըրը հարցուց Անտես-Աննմանին, յետոյ հարցուց, թէ. «Էֆէնտին ընդո՞ր է, աղէ՞կ է, դուն ընդոր ադէնկ մինակ կը նստիս, ընկեր մը պէտք է քեզի։ Ես հազար տեղ ու հազար մարդու հետ գործ ունիմ, բայց եթէ ուզես, քու մօտ կը մնամ։ Ես աշխարքէ ձանձրացեր եմ, դուն ալ մինակութենէ կը ձանձրանաս, քեզի հետ ժամանակ կ’անցունենք»։ Այնքան քաղցր կու խօսէր, որ Անտես-Աննմանն ուզեց պահել, բայց ըսաւ. «Արիկս քեզի կու սպաննէ, ինտոր որ սատկեցուց քեզմէ առաջ էկող ուրիշ կնիկ մը»։ «Քը՛լ հոգի, ադ ալ բա՛ն է, - կ’ըսէ ջադուն, - էֆէնտին տունը էկած ատենը իս տեղ մը կու պահես, գնացած ատենը դուրս կ’ելնեմ»։ Գարար կուտան աս կերպին։ Օր մը փեսան շուտ կու դառնայ տունը ու ջադուն կու տեսնայ տանը մէջ։ Կու վազէ վրան, որ սպաննէ, Անտես-Աննմանն ինքզինքը կու ձգէ ոտներուն վրան ու կ’ըսէ. «Մեղք մի՛ մտնար, խեղճ կնիկ մ’է, հաց տուի, թէ որ չես ուզեր, վաղը կը ճամբեմ»։ Մարդը յոգնած էր, հաց կ’ուզէ։ Ջադուն աֆիոն ունէր հետ։ Դրաւ գինիի մէջը, ու հացին վրայ մարդը գինին խմեց, թմբրեցաւ, ինկաւ։ Ջադուն Անտես-Աննմանին կ’ըսէ. «Հանըմ, երթանք բաղչան ժուռ գանք, թող էֆէնտին քնանայ»։ Կ’երթան, մէյմն ալ ջադուն կ’ըսէ. «Մըրի՜կ, այլախս մոռցայ վերը, երթամ բերեմ»։ Կուգայ, մարդուն աջուկ թեւը կու ճեղքէ, նուսխայ մը մէջէն կու հանէ, նետէ, կու դառնայ»։ «Հանում, հայտէ, - կ’ըսէ, - դարնիվար երթանք»։ Ու կու տանի կարասին մօտերը։ Սատանաները ջադուի քալելէն կ’իմանան, ձայներ կու հանեն։ Անտես-Աննմանն զարմացած կու հարցունէ. «Մրա՜յ, աս ի՞նչ ձայներ են»։ Ջադուն ալ իբր թէ կու զարմանայ եւ կարասին հասնելուն պէս, բերանը կու բանայ, «Նա՛յէ, նայէ՛, - կ’ըսէ, - աս ի՞նչ է, ասկից է»։ Նայելուն պէս ետեւէն կը հրէ։ Անտես-Աննման կու թխմէ կարասը, բերանը կ’ամրցնէ, կու հեծնայ, սեւ օձով կու քշէ. «Ո՞ւր ես Չինումաչին, էկայ»։
       Թագաւորը հրաման կ’ընէ հարսնիքի պատրաստութիւն տեսնալու, բայց Անտես-Աննման արզուհալ կ’ընէ թագաւորին ու կու խնդրէ, որ տօղսան օր սուգ ընէ իր արկանը, ետքը հարսնիք ընեն։ Կ’ընդունուի խնդիրքը։
       Մենք երանք անդին։ Տղան այլանդակ երազներու մէջ կու զարհուրի, ու շատ երկայն կու տեւէ թմրութիւնը։ Մէյմն ալ կ’արթննայ, կու տեսնայ, որ իրենց տունէն ելած օրը տեսած Բաբանը նստեր, իրեն թեւը կու շփէ, կ’աղօթէ ու առողջացուցեր է։ Բաբան կու պատմէ տղային, թէ աս փորձանքը նուսխայի պատճառով եկեր էր իրեն գլուխը, թէ ընդոր ան ջատուն խաբեր ու տարեր էր Անտես-Աննման Չինաց թագաւորին, թէ անոնց հարսնիքին շատ օրեր կան դեռ։ Եւ կու հանէ ծոցէն շիշով մի իւղ, կ’օրհնէ, կուտայ տղային ու կ’ըսէ. «Կ’երթաս աս իւղէն կու քսես թագաւորին, կու բժշկուի։ Ադ պատճառով պալատը ելումուտ կ’ընես, Անտես-Աննմանն կու գտնես, մնացածը քու խելքիդ կու թողում»։
       Տղան կ’ըսէ. «Բաբա, ես ճամբան չիյտեմ, ընդո՞ր երթամ, ե՞րբ կու հասնիմ»։ «Ա՛ռ քեզի, - կ’ըսէ, - երկու փետուր, կապէ թեւերուդ, հեծիր ձիդ։ Տի թռիս ամպերուն հետ ու իջնաս Չինումաչին։ Ես Սուրբ Սարգիսն եմ»։
       Տղան կու կապէ փետուրները ու մէյմն ալ զինքը Չինու թագաւորին քաղաքը կու գտնէ։ Ս. Սարգսի զօրութիւնով պառաւ մի իր տունը կու տանի մեր տղան, փետուրներ կու ծալէ, ձինը կու կապէ, կ’ելնէ քաղաքը ժուռ գալու։ Կու տեսնայ, որ ինչքան ճերմակ ձի, ճերմակ եզ, ճերմակ ոչխար կան, սեւով ներկած են։ «Աս ի՞նչ է», - կու հարցունէ։ Կ’ըսեն. «Անտես-Աննման սուգ կու պահէ իր արկան համար»։ Մարդը կու հասկնայ կնկան հնարքը, ապա կ’երթայ, կու մտնայ թագաւորին պալատը. «Բժիշկ եմ», - կ’ըսէ։ Թագաւորին կ’իմացնեն, ներս կու կանչուի, իւղը կու քսէ, կ’ողջնցնէ։ Ասոր վրայ շատ երես կու գտնէ։ Թագաւորը կու հրամայէ, որ բժիշկն իր պալատին մէջը բնակի ու համարձակ ել ու մուտ ընէ, եւ հիւճէթով իր թագաւորական հողերէն շատ տեղեր կուտայ բժշկին։
       Անտես-Աննմանը օրէ օր կու հալի, հիւանդ կ’իյնայ, մարդու երես չը տեսնար։ Վերջապէս թագաւոր իրատէ կ’ընէ, որ բժիշկն երթայ, նայի։ Բժիշկն շատ ծանր կու ցուցնէ ցաւը։ Իրաւ ալ տի մեռնէր, եթէ օր մ’ալ ետեւ հասնէր մարդը, ինչու որ իր ցաւն ալ ան էր, իր դեղն էլ ան էր։ Թէրթիբ կ’ընէ բժիշկը, որ հիւանդը ջուրի մը քով փոխադրեն, մարդ չերթայ ու չգայ քովը, որ իր դեղերն օգուտ ընեն։ Բայց հիւանդն առողջացեր էր։ Հիմա առանձին մնալով կու խորհէին, թէ ընդո՞ր փախչին։ Բժշկին համար ամէն բան դիւրին է, րաբօրթ մը կու շինէ, թէ՝ հիւանդն օր մէկ ժամ ձիով ժուռ գալու է։ Իր ձինը կու բերէ, օր մի ալ քիչ մը հեռուն կ’երթան, փետուրներ կու կապէ, ինքն ալ կու հեծնէ, ամպերու հետ կու թռին. ալ զօ՞րք կու հասնի։ Իրենց սարային եւ իրեն հօր աթոռքին կու տիրանան։ Մեծ զօրքով Չինու թագաւորին վրան ալ ծեծ մը կու բանայ, հէօճէթով առած հողերուն հետ շատ մի հողեր ալ կ’առնէ ու երեք տեղ Ս. Սարգսի անուան տաճար կու շինէ՝ մատաղ, լոյս, խունկ ու մոմ անպակաս։
       Ասէնկ իրենց մուրատին կու հասնին։ Ս. Սարգիս հասցնէ ամէնքդ ձեր մուրատին։