Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄՇՈՅ ԴԱՇՏ
       Բաղեշոյ Ռահվայէն եւ Դատվանէն յարեւմուտս հիւսիսոյ կը տարածուի Մշոյ դաշտ՝ 12 ժամ երկարութեամբ, որոյ լայնութիւնն է չորս ժամ։ Դաշտի վերին գլուխը՝ Քարքէ լերանց վրայ, կը գտնուի Ս. Կարապետի հռչակաւոր վանքը։ Իսկ բուն ծայրը Չարբօհորայ ձորն է, ուստի կը մտնէ Եփրատն ’ի դաշտ, Մատնավանից եւ Աշտիշատայ մօտը։
       Մշոյ դաշտը ’ի պատմութեան եւ ’ի ստորագրութեան ծանօթ է բանասիրաց, յաճախակի կրկնուած։ Աւելորդ է մանրամասնօրէն նկարագրել։ Դաշտին հիւսիսակողմն է Խնուսայ մէկ մասն, Վարդոյ եւ Պուլանըխներ՝ անջրպետեալ լեռներով եւ ձորերով, իսկ ’ի հարաւ՝ Տաւրոսի բարձր շղթայն։ Մուշ քաղաքը, որ ունի իւր հին բերդը եւ քիչ մը ներս, Մուշեղկայ բերդ, շինուած է ծոցամէջը հարաւի լերան։ Այս լեռն ունի իւր վրայ եւ ներսերը շատ մը գեղեր, գաւառներ։ Մշոյ խիստ մօտ է Առաքելոց կամ Թարգմանչաց վանքն եւ Ս. Յօհաննու վանքն՝ բարձրադիր, իսկ լերան ետեւը՝ Խարբերդու եւ Տիգրանակերտու գաւառներն են։ Լեռը, յարեւմուտս ձգելով, կը հասնի մինչեւ Տէրսիմ կամ Դուժիկ, յորս կ’իյնան Կինճ, Խուլփ, Ճապաղջուր, Քեղի, Գուզուլճանն, իսկ յարեւելս՝ Խոյթ, Մօտկան, Սասունք եւ այլն, անտառոտ եւ երկաթի, կապարի եւ այլն հանքերով լի լեռներ։ Եփրատը Մշոյ դաշտին լայնքէն կ’անցնի՝ իւր մէջ առնելով Մեղրագետն, ու Գուռգուռայէն կը մտնէ Կինճի կիրճերը, անտի՝ Ճապաղջուր, անտի՝ Բալու եւ Խարբերդի մօտ կը միանայ Բարձր Հայքէն եկած Եփրատին։
       Մշոյ դաշտի արեւելեան մասն կ’անուանեն Չխուր։ Այս մասին մէջէն կը բղխի Մեղրագետն, եւ ընդարձակ շամբուտ մը ունի։ Այս մասին հանդէպն է Խոյթ, Մշոյ կամ Սասնոյ լեռան անտառոտ մասն, Սեւ սար։ Խոյթայ եւ Մօտկանու վերաբերող վանք մ’ալ ունինք այդ լեռանց մէջ՝ Ս. Աղբրիկ կամ Մատին Առաքեալ անուամբ։ Բազմաթիւ կարճ ճամբաներ կան Մշոյ դաշտէն այդ լեռնագաւառները երթալու գալու, բայց սովորաբար Տիգրանակերտը Բաղիշոյ վրայէն կ’երթան, Խարբերդը՝ Ճապաղջուրէն, իսկ Կարնոյ ճանապարհը՝ Խնուսէն կամ Վարդոյէն։
       Մշոյ դաշտը մշուշապատ է ձմեռը, իսկ ամառն՝ տօթագին։ Առատ ցորեն կը բերէ։
       Եզն, գոմէշ, ձի ընտիր եւ բազմաթիւ են։ Ալ աւելի են խաշինք՝ լեռնոտ կողմերը։ Մշոյ եւ իր մօտիկ քանի մը գեղերու արտերը կը մշակեն մեծ քանակութեամբ թիւթիւն։ Բամբակի փորձն ալ յաջողեալ է։
       Ունին պատուական խաղող եւ ուժով գինի, մրգաբեր ծառեր՝ խիստ սակաւ։
       Արուեստներ եւ վաճառականութիւնը աննշան, առեւտուրի մեծ մասն Բաղիշեցւոց ձեռքն է։ Բնիկներ սակաւապէտ են, անփոյթ, հաստակազմ եւ առողջ։ Բնակիչք են Հայ, Թուրք եւ Քիւրդ։ Աշիրաթներն են Հասնանցիք, Ջիբրանցիք, Բալաքցիք եւ այլն։
       Գաւառագլուխն է Մուշ քաղաքը, ուր կը նստի Միւթէսարիֆ, որոյ վիլայէթն է Բաղէշ։ Իբր երեք տարիէ հետէ նոր Միւթէսարիֆութիւն մ’ալ հաստատուեցաւ ’ի Կինճ, որուն կցեցին Ճապաղջուր, Խուլփ, Խիզան գաւառները եւ Մանաշքուդը, յորում է Կվարս նշանաւոր գեղն՝ սահմանակից Ս. Կարապետի վանից։
       Մշոյ դաշտն ու քաղաքը քսանի չափ վարժարաններ կան Հայոց. կրթութեան մասին բաւական եռանդ ունին։ Հայոց Միացեալ ընկերութիւն բարձր նախակրթարան մը ունի Մշոյ մէջ եւ Հայուհեաց ընկերութեան ծախքով՝ մի բարձր նախակրթարան աղջկանց։
       Ազգային զգացումն՝ երբեմն վառ բոցի պէս, երբեմն՝ մարած մոխրի պէս։
       ***
       Հիմա քիչ մ’ալ հէքաթ մտիկ ընենք, որ Հայոց մամիկներու անգիր մատեաններէն գաղափարուած են։ Մեր Մանանան արդէն ճաշակ մը տուած էր, որ ընդունելութիւն գտաւ բանասէրներէն։ Կանխաբանս համառօտ պիտի ընեմ՝ ըսելու համար միայն, թէ ի՛նչ դժուարութեամբ կրցած եմ հաւաքել։ Վարդապետին չեն զրուցեր՝ իբրեւ առասպել եւ անվայել դատելով։ Մէկ-երկուքէն զատ՝ գրեթէ միւսներն գրել տուած եմ անգրագէտ անձանց։ Տեսնելու բան է այնքան խառնափնդոր գրուածք մը, այնքան անկանոն ասացուածքը. խօսք խօսքէ կտրուած, մոռցուած եւ շատ անգամ միեւնոյն կտորներ կրկնուած եւ կամ մէկ հէքաթ քանի մը հէքաթով խառնուած։ Կը խոստովանիմ, արդարեւ, թէ ծանր աշխատութիւն պատճառեցին ինձ, մինչեւ կարգի դրի։ Այդպէս կը ժողվեմ նաեւ ժողովրդական խաղեր ու տաղերը թէ՛ գրուածքէ մը եւ թէ՛ բերաններէն։ Բաւական է, որ այնքան վարժութիւն ըրած եմ՝ հասկնալու գաւառական ժողովրդական բառերը եւ դարձուածքները, թէեւ դեռ շատ անհասկանալի բաներ կան այդ կնքեալ բերան սափորներուն մէջը, բայց զգոյշ գտնուած եմ բառին եւ մտքին իսկութիւնը պահելու, որքան կրցեր եմ։ Կը տեսնուի տարբերութիւն միեւնոյն երգի եւ միեւնոյն հէքաթի, որոյ նկարագրական մասերը կը փոփոխուին եւ կը յարմարցնեն իրենց ունկնդրաց ծանօթ նկարագիրներուն, կենցաղն՝ կենցաղին, սովորութիւնը՝ սովորութեան։ Զորօրինակ, Ակնցին կամուրջի, շուկայի պանդխտութեան, Մսրայ, Հալէբի եւ մինչեւ Փարիզի ու Ամերիկայի անունը կուտայ։ Խիզանցին լեռն, ձոր, եզն, այգի, անտառ, հանք եւ այլն կը յիշէ, ինչպէս պարզ կ’երեւի մտադիր եղողին։
       Գալով լեզուին՝ իբրեւ ճաշակ բաւական է իմ կողմանէ «Մանանայն» եւ «Դաւիթ Սասունցին» եւ այլն։ Թէպէտ մեծ ճիւղ մի է մշակելու համար ժողովրդեան լեզուն, բառն ու ոճը եւ ընդարձակելու ազգային գրականութիւնը, եւ այդ իմ սիրածս բան է, բայց բուն պարտականութիւնն է իւրաքանչիւր գաւառի գրողաց եւ գրական հանդիսից ու հրատարակութեանց, թող կարեւորութիւն տան շնորհքով թղթակիցներ ունենալու եւ այդ մասին աշխատելու։ Այս անգամ իմ հէքաթներուս մէջ թէպէտ կան Վանայ, Տիգրանակերտու, մաս մ’ եւս Ակնայ եւ այլն լեզուաւ, բայց մեծ մասն այնպէս չէ։ Ինձ կ’երեւայ, թէ գաւառացին թէպէտ «բոո ն» հնչէ, բայց անոր գրելու կերպն պէտք է լինի «բոյն», «քե, մե, ձի» հնչածը պէտք է գրել «Քեզ, մեզ, ինձ»։ «Կըյրել, մայրել, էհալ» պէտք է գրել «կտրել, մանրել, երթալ»։ «Խէր չ’կէր, մէր չ’կէր» «հայր չկայր, մայր չկայր» գրել։ Եւ այսպէս ամէն բառ եւ բան գրոց ձեւով, իսկ երբ գաւառացւոյն ձեռքը տաս եւ ստիպես, թէ՝ կարդա՛ քո տեղական բարբառով, պիտի տեսնես այլափոխեալ հնչումներ եւ յապաւեալ տառերը։ Այս բանը աւելի ուշադրութեան արժանի է. «Օրհնեալ» կը հնչուի «օշնեալ», «բանս՝ բայնս», «անկանիլ՝ ըյնիլ կամ իյնալ», «անչափ՝ անչամ», «մինչեւ որ՝ մընչուր, չուր», «արիւն՝ էրուն, այրուն», «լուանալ՝ վըլալ», «կոյր՝ կոր», «տուգանք՝ տօգանք, տօյնել, տուժել, կամ տուգանել», «շարժք՝ ժաժք», «անծեղ՝ յընծեղ», «ամէնքը կամ համայնք՝ յըմէն», «թանձր՝ թօնձր», «անձրեւ՝ օնձրեւ», «Անդրէաս՝ Օյնրաս», «մանչ՝ մոնչ», եւ այլն։ Այս վերջին բառեր Ակնայ են, որք առաջին վանկին մէջ գտնուած «ան» օ կը փոխեն, եւ հնչումն ալ այլ իմն կ’արտասանեն։ Բայց միթէ ուրիշ ծաղկեալ ազգաց մէջ չկա՞ն այսպիսի այլափոխութիւնք։ Ըսել աւելորդ է, թէ տիգրանակերտցին բառերու վերջը փոխանակ ը է կը հնչէ, եւ ո -ն՝ ու եւ այլն, ինչպէս կը տեսնուի։ Իսկ այլազգի բառերն ամէն մարդու գիտցածն է։
       Մենք առայժմ դասաւորեցինք խառն լեզուաւ՝ թէ՛ հասկանալի ընելու եւ թէ՛ գաւառական բառն ու ոճը պահելու ըստ տեղւոյն։
       Հէքաթներուս մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանի են դեւեր, դարպասներ, ա ղջիկներ է ղունիկի փոխարկուիլ, ջ րաբնակ տըղան, ծ ովային աղջիկ, խ ան Բ օղուի հ ոգին՝ եզն, տուփ, ճնճղիկներ, մ ատնիկին ակն եւ վերջապէս, Օ ձէմանուկի ե ւ Ա րեւմանուկի վէպն, ինչպէս եւ միւս բոլորը, որք ճարտար գիւտեր, նիւթեր եւ յօրինուածներ են։