Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԳ. ԱՍՏՈՒԱԾ ՏՈՒՈՂԻՆ ԿՈՒՏԱՅ
       Երկու մարդ ընկերութեամբ հեռու երկիր կ’երթային՝ դատելու համար։ Մէկ ընկերոջ պաշարը միատեղ կերան մինչեւ հատաւ։ Մէկալ ընկերն իր հացէն չ’տուաւ միւսին։ Շա՛տ աղաչեց. «Տօ լաւօ՛, ճաւօ՛, - ասաց, - իմ հացի տեղն էլ թող չ’լինի, ողորմութիւն արա, փոխ տուր, ես անօթուց կը մեռնիմ, իմ ճիժ ու բիժ յէսիր կը մնան»։ Չ’եղաւ, հաց չ’տուաւ։ Ի՞նչ կ’ըսէր։ Կ’ըսէր. «Թէ որ երկուքս ալ ուտենք, հաց շուտով կը հատնի, երկուքս ալ տեղը չենք հասնիր, երկուքս ալ կը մեռնինք։ Ես իմ հացով կ’երթամ, դու գիտես, դու»։ Անօթի մարդ կրնայ քալե՞լ. ետ մնաց։ Ինկնալով, բերանը հող թալելով, ջուր խմելով՝ հասաւ աւեր ջաղաց մը։
       «Երթամ, գիշեր պառկիմ այստեղ, - ասաց, - գէլ-գազանէ չվնասուիմ, Աստուած ողորմած է», ու մտաւ ջաղցի քուղան (ցորենի թէքնէն)։ Բան մի չկար ջաղցի մէջ հանցէլ դաֆէ մը (միայն տէֆ մի)՝ կախուած պատէն։ Իրիկուն էր։ Տեսաւ, որ արջ մի էկաւ, վերին դին նստաւ, գէլ մի լէ՝ արջու խեչ, ու աղուէս մը լէ էկաւ, դրան կողմն պըպզաւ։ Գէլը վերուց, հարցուց արջին, թէ. «Արջ աղբէր, ինչպէ՞ս ես, ի՞նչ կ’անես, ի՞նչ չես աներ»։ Արջն ասաց. «Ես անտառներ կ’երթամ, ծառերու եւ ղամիշներու քօքեր կը քանդեմ, կրծեմ, փորս կը կշտացնեմ»։ Աղուէս վերուց հարցուց, թէ. «Գէլ աղբէր, դու ի՞նչխ ես, ի՞նչ կ’անես, ինչո՞վ կ’ապրիս»։ Գէլն ասաց. «Իմ հալս ու ահուալս մի հարցնէք։ Ժամանակ մ’ է, որ աչքս դրեր եմ Փորիկու ռէսի ոչխարի ճըղին, սեւ շուն մ’ ունի ոչխարի առջեւ։ Էդ շան ահէն չեմ կրնայ մօտ երթալ, չեմ գիտեր՝ ինչո՞ւ բժիշկներ չեն տաներ մորթեր էդ շունն ու անոր արիւնով չեն լողցըներ թագաւորի տղէն ու առողջացներ, որ ճամբուց էլեր է (գոդիացեր). թէ՛ տղան կ’ողջըննայ, թէ՛ իմ գսմաթ կը բացուի»։ Մարդը էս բանը լսեց, մտքով ասաց. «Էս աղէկ բան էր»։ Արջն էր հարցուց, թէ. «Պարոն աղուէս, դու ի՞նչ կ’անես, ինչ չես աներ»։ Աղուէսն ասաց. «Փառք Աստուծոյ, ես ձեզ չափ զօրաւոր չեմ, բայց Աստուած հնարագէտ է ստեղծեր զիս։ Անօթի օր չեմ անցուցած, շատ ալ հարստութիւն ունիմ, բղիկ մի ոսկի ընկուզի ծառին տակ թաղեր եմ, բղիկ մի ոսկի էլ՝ էս ջաղցի շեմին տակ։ Օր մէկ անգամ կը հանեմ, կը համրեմ, կը խառնեմ, ուրախութիւն կը զգամ ու իրենց տեղը կը թաղեմ»։ Մարդն էս բան լսեց, մտքով ասաց. «Էդ աւելի աղէկ բան է»։ Մարդու սիրտ զօրացաւ, միտքը լուսաւորուաւ։ Վերուց դաֆը շփշփացուց, ջանավարներ ետեւետեւ փախան. գիտցան, թէ հարսնիք ու հարսնեւոր կուգար (գազանները հարսնուորէ շատ կը վախնան)։ Մարդն էլաւ, երկու բղիկ ոսկիներ հանեց, ծոցն ու ջոբը լցեց, մնացածն էլ ուրիշ տեղ մը թաղեց ու գնաց Փորիկ գեղը, հարցուց, ռէսի տունը գտաւ, հիւր եղաւ։ Տնեցւոց ամէն մէկին երկերկու ձեռք հալաւ գնեց հագցուց։ Տեսաւ, որ ադոնք էլ կը փսփսան իրարու ականջնըվէր, թէ ի՞նչ ընծայ տան փոխարէն իրենց հիւրին։ Մարդն ասաց. «Թէ որ ինծի տաք ձեր ոչխարի սեւ շունը, շատ շնորհակալ կը լինիմ, ուրիշ բան չեմ ուզեր»։ «Քո չարը թող տանի սեւ շունը, - կ’ըսեն, - շուն շատ ոչխարի համար»։ Կապ մի տոռան կ’ընէ, կը ձգէ շան վիզ ու տիկ մի ալ կը վերցնէ, կ’երթայ անտես տեղ մի, կը մորթէ շունը, արիւն կը լլէ տիկը ու կ’առնէ, կ’երթայ քաղաք։
       Կ’երթայ, կ’ելնէ թագաւորի առէջ, կ’ըսէ. «Ես բժիշկ եմ, քո տղան պիտի դեղեմ, ողջնցընեմ»։ Թագաւոր կ’ըսէ. «Թէ ողջնցուցիր, իմ անցմանէն ետքը իմ թաղթը քեզի կուտամ, թէ չ’ողջնցուցիր, գլուխդ կը կտրեմ»։ «Քո թաղթը քո տղուն հալա՛լ, - կ’ըսէ մարդը, - ու թէ որ ես չողջնցուցի, իմ գլուխ քեզի հալալ»։
       Առանձին սենեակ մը կը դնէ տղան, կը քսէ սեւ շան արիւն ոտից յար ’ի գլուխը, քո ուզածի պէս, կը պառկցու, դուռ կը փակէ, կ’երթայ, կ’ոլորտի իրեն։ Իրիկուն կուգայ որ տղան քրտընքի մէջ կը լողայ։ Տաք ջրով կը լուայ։ Երկու օր ալ այդպէս կ’ընէ, արիւն կը քսէ, կը քրտնի, կը լուացնէ։ Վեր իրեք աւուր կը տեսնայ, որ տղան կաշին թողեր է ու եղեր ինչ որ նորն ’ի մօրէն։
       Տղան կը տանի հօր, թագաւոր պալատ մի կուտայ էդ մարդուն, աչքի լուսոյ պէս կը սիրեն զինք թագաւորն ու քաղքցիք, կը ղրկեն տունն ու տեղ, ճիժն ու բիժը կը բերեն, իր բղիկ լէ կը բերէ, իր փառք կուտայ Աստուծոյ ու կ’ապրի։
       Մէկէլ ընկեր, անաջող պտոտելով քաղքէ քաղաք, կուգայ, կը տեսնայ իր ընկերը բաղդաւորած, կը հարցունէ, թէ. «Ի՞նչպէս տիրացար այդ բաղդին»։ Նա կը պատմէ ամէն բան։
       Ընկերը կը դիմէ աւեր ջաղացը, որ ինքն ալ բախտի տիրանայ։ Կը ժողվուին գազաններ, կը տեսնան զինքը, կը պատռտեն, կ’ուտեն, այնպէս որ ոսկորի մը կտոր չմնաց իրմէն։
       Ի՞նչպէս, հաց կը խնայե՞ս ընկերոջդ….