Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

10. ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ-ՈՒՍՈՒՑԻՉ

 

Ըմբռնում մը, ամենակարեւոր մեր նախակրթարանաց բարեկարգութեան ու արդիւնաւորման գործին, որ սակայն ցարդ ընդհանրապէս կը պասկի մեր մէջ, է դաստիարակ-ուսուցչի ըմբռնումը։

Դաստիարակ-ուսուցիչը դեռ գրեթէ գոյութիւն չունի մեր մէջ։

Կազմական Կանոնագիրն, համաձայն բոլոր քաղաքակիրթ ժողովրդոց ընթացքին, քանի մը տարիէ ի վեր արդէն սահմանած է անոր պաշտօնն ու պահանջած է զայն, եւ սակայն ո՞ւր է այն։

Գնա՛ բոլոր եւրոպական նախակարթարաններն, ու կը տեսնես որ անոնց իւրաքանչիւր դասարանն յանձնուած է մէկ դաստիարակ-ուսուցչի կամ վարժուհւոյ խնամոց, որ անոր մէջ եղող մանուկներուն դաստիարակութեան եւ կրթութեան պատասխանատու միակ պաշտօնեայն է։

Դասարանին դրան վրայ արձանագրուած է անոր անունը. անի անո՛ր դասարանն է. ի՛նքն է մանուկներու այդ խմբին կրթիչը, վարիչն, ուսուցիչը, դաստիարակիչը։

Ա՛ն կա’աւանդէ այդ դասարանի ուսմանց ծրագրին բոլոր առարկաները եւ կ’առաջնորդէ բոլոր պարապմանց, - մայրենի եւ երբեմն օտար լեզու մ’ալ, գիր եւ գծագրութիւն, կրօնական՝ բարոյական, եւ բնական գիտելի, ք թուաբանութիւն եւ երկրաչափութիւն, պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն, ձեռական աշխատութիւն, երգ եւ մարմնամարզ։ Դուն ուրեք կը տեսնուի մասնաւոր յարմարութիւն կամ վարժութիւն պահանջող ճիւղի մը համար առանձին այցելու ուսուցիչ, ինչպէս ձեռական աշխատութեանց համար։ [1]

Ա՛ն կը դաստիարակէ մանուկներու ադ խումբը, անոնց իւրաքանչիւրին բնոյթն ու հանգամանքները կը ճանչնայ, ու կը համեմատէ անոնց իր վարմունքն ու կրթական միջոցները, ուսման հետ կը ջանայ անոնց մտքին կարողութիւնները եւ սրտին գզացումները մշակել զարգացնել, լաւ սովորութիւններ կազմել անոնց մէջ, անդուլ հսկելով անոնց շարժմանց եւ արարքներուն վրայ, եւ ինքզինքն ալ յարաժամ անոնց առջեւ դնելով իբրեւ բարի օրինակ։

Ա՛ն շարունակ նաեւ անձամբ յարաբերութեան մէջ է իր աշակերտաց ծնողաց հետ, համերաշխաբար անոնց հետ յառաջ վարելու համար ապագայ մարդոյն ու քաղաքացւոյն պատրաստութեան փափուկ գործը։

Ահաւասիկ նախակրթութիւնը Եւրոպայի մէջ։

Ուր որ դաստիարակ չկայ, չկայ նաեւ դաստիարակութիւն, եւ մենք չունինք դաստիարակ։

Գնա՛ մտիր մեր նախակրթարանաց ամենամեծ մասին մէջ, չըսեմ բոլորին, - վասն զի մէկ-երկու տեղ այս վերջին տարիներս սկսած են ունենալ դաստիարակ-ուսուցիչներ. ի՞նչ կը տեսնենք այդ ամենամեծ մասին մէջ. հնօրեայ կառավարիչը, իր աւանդական փայտը կամ քանակը ձեռքը, որ «լռութի՜ւն» պոռալու եւ ծեծ սպառնալու պաշտօնն ունի, եւ յետոյ ուսուցիչներ, մասնագէ՜տ ուսուցիչներ, հայկաբանութեան, տաճկաբանութեան, գաղիաբանութեան, թուաբանութեան, կրօնագիտութեան, գեղագրութեան եւն եւն, որք այցելութեամբ կու գան դպրոց շաբաթը 3, 2 կամ 1 անգամ, ու երկու-երեք ժամու դասէ յետոյ կը մեկնին։

Կը զարմանամ. ի՞նչ կրթութիւն է ատ, ի՞նչ նախակրթութիւն։

Նախ եւ առաջ ո՞ւր է դաստիարակութիւնը. ո՞ր պաշտօնեայն պատասխանատուն է ադոր։ Կառավարի՞չը. բայց եթէ կարող մէկն է դա այդպիսի պաշտօնի, ինչո՞ւ չուսուցաներ։ Կարելի՞ է ուսուցանելը զատել կրթելէն, դաստիարակելէն։ Ուսման նիւթերն են զորս ընդհանրապէս դաստիարակը պիտի գործածէ նաեւ մանուկին բարոյական կրթութեան եւ իմացական կարողութեանց զարգացման։ Դարձեալ կ’ըսեմ, նախակրթութեան մէջ կարելի չէ զատել ուսուցանող ու դաստիարակը։

Ու ի՞նչ բան ունին այդ մասնագէտները նախակրթարանաց մէջ։ Նախակրթարանը գոլէճ կամ համալսարան չէ, հոն մասնագէտ ուսուցիչներու (maître spécial) պէտք չկայ բնաւ, եթէ մանագէտ ուսուցիչ ըսելով պէտք է հասկնալ ո եւ է ճիւղի մը խորունկ հմտութիւնն ունեցող ու զայն խորապէս ուսուցանող դասատու։

Մեր նախակարթարանաց ուսանողք պիտի սովրին ուսմանց եւ գիտութեանց նախատարերքն ու չեն կարօտիր բնաւ մասնագէտներու, բռօֆէսօռներու։ Իրենց կը բաւեն խոնարհ ուսուցիչներ որ հմտութիւն ունենան ուսմանց եւ գիտութեանց տարրերուն եւ կարող ըլլան պայծառ ու հեշտ կերպով զանոնք աւանդելու միեւնոյն ատեն տղոց բարքերն ուղղելով, անոնց խորհելու, զգալու եւ գործելու եղանակները բարւոքելով, կենաց պիտանի մի քանի առողջ սկզբունքներ քանդակելով անոնց հոգւոյն մէջ, եւ հսկելով մարմինին ալ առողջ եւ առոյգ զարգանալուն։

Թո՛ղ որ, խօսքը մէջերնիս, այդ մասնագէտուսուցիչ անունն ալ մեր մէջ քիչ մ’աժան կը ծախուի։ Ցաւով կը տեսնեմ յաճախ որ մասնագէտն այդպէս կը կոչուի, ո՛չ վասն զի իւր յատուկ ճիւղը կը ճանչէ խոր հմտութեամբ, այլ վասն զի միայն զայն գիտէ քիչ թէ շատ հմտութեանմբ, անոր մասնագէտն է, վասն զի զայն միայն կը ճանչէ մասամբ։

Յայտնի է թէ ճշմարիտ մասնագէտն ոչ միայն յատուկ ճիւղ մը մշակած կ’ըլլայ մասնաւոր խնամքով, այլ յառաջ քան զայն ստացած կ’ըլլայ ընդհանուր գոհացուցիչ կրթութիւն մը իբրեւ հիմ։

Ամէն պարագայի մէջ, մասնագէտ-ուսուցիչները, որք այցելութեամբ մի քանի ժամերու համար կ’երթեւեկեն մեր նախակրթարանները, գոյութեան իւրաւունք չունին անոնց մէջ։ Այդ դրութիւնն ժխտումն է մանկավարժական ճշմարիտդրութեան։ Այդ պայմանաւ, իբր թէ ուսմանց սա կամ նա ճիւղերը դասախօսելու համար երթեւեկող ուսուցիչք, անտարբեր են բուն դաստիարակութեան գործին, վասն զի իրենք ճիւղի մը պատասխանատուներն են միայն զոր լոկ ուսումնական տեսակէտէ ըմբռնած են։ Սովոր են ուրիշին վրայ նետել դաստիարակութեան տեսակէտն. այդ գործ ուսէ ուս պիտի իյնայ կառավարչին ուսին վրայ, կարի տկար ու անյարմար զայն բառնալու։ Եւ այդ զանազան բար քով ու բնոյթով մասնագէտ կոչուած ուսուցիչներն, որք դաստիարակի պաշտօնը չեն ճանչեր իրենց ու չեն ալ սովրած զնայ, ի՞նչ խառնակ ազդեցութիւն մը յառաջ կը բերեն մանուկին վրայ, որ, ապշա՜ծ, կը դիտէ այդ զանազանութիւնը դէմքերու, խառնուածներու կարծիքներու, զգացումներու, յաճախ իրար հակասող ու քանդող, ու, շուարած, չգիտէ ի՛նչ ուղղութիւն բռնել։ Տարբեր ու հակառակ իսկ ազդեցութիւնք զիրար կը տկարացնեն ու կը ջնջեն. բարոյական տպաւորութեանց միութիւնն, որ ա՛յնքան կարեւոր է դաստիարակութեան մէջ, չի կրնար գոյանալ, եւ ուսումնական ծանօթութիւնք իսկ, տարբեր բերաններէ աւանդուած, չեն կարող մանկային մտքին հասկացողութեան ա՛յնքան պիտանի կեդրոնացումը կազմել։ Այդպիսի մասնագէտ-ուսուցիչներու մէջ կան որ, դաստիարակ չըլլալու եւ իբր թէ լոկ մտքին հետ յարաբերութիւն ունեցող գործ մ’ունենալու պատրուակին տակ, չեն քաշուիր գինետուններ յաճախելէ, ու գինով դասարան մտնելէ, աշակերտաց ներկայութեան ծխելէ ու երբեմն աղտոտ բառեր իսկ արտասանելէ։

Եղաւ որ ու կը ցաւիմ ըսել դասատուներու մէջէ միակ դաստիարակ-ուսուցչի դրութիւնը վնասակար հրատարակեցին իբրեւ ձանձրացուցիչ, իբր թէ տղան պիտի ձանձրանար ամէն օր ու ժամ տեսնելով միեւնոյն մարդւոն դէմքը։ Այնպիսի զանազանութի՞ւնն է օգտակար, թէ այն բարոյկան ու իմացական ուղղութեանց միութիւնն որ միեւնոյն դաստիարակին յարատեւ ն երգործութենէն կրնայ գալ, բարոյական հայր ու վարդապետ իր սանիկներուն, խնամոտ անձնուէր հովիւ այդ փոքրիկ հօտին։ Ի՜նչ ենդ է եղեր Ռուսօ ի»որ իր Էմիլին մէկ դաստիարակ կուտայ, այն ալ երբ կը խորհի թէ այրը, որ ամենէն բնական դաստիարակն է, կրնայ անյարմարութիւններ ունենալ այդ պաշտօնն առանձին լիովին կատարելու։ Ի՜նչ խենդ են Գրմանացիք, Զուիցերացիք, Գաղիացիք, Անգղիացիք, ամէն Եւրոպական ազգերն ու Ամերիկացիք որ իրենց նախակրթարանց մէն մի բաժանումներուն մէկ մէկ դաստիարակ [Lehrer, régent, instituteur, teacher] կը յատկացնեն, իւրաքանչիւրին յանձնելով իրեն յատուկ դասարանին ամբողջական հոգն ու պատասխանատուութիւնն։ Արդեօք պէ՞տք է ըսել նաեւ թէ մեր տղայք իրենց հօրմէն ու մօրմէն ալ կը ձանձրանան, քանի որ ամէն օր միեւնոյն դէմքերը կը տեսնեն անոնց վրայ։

Ամէն օր աչուընուս առջեւն է սա մեր երթեւեկ մասնագէտ-ուսուցիչներու տասնեակներովը կառավարուած նախակրթարանաց ցաւալի կացութիւնն։ Թաղ կայ որ անկարող կը գտնէ տնքզինք ամսական 100 ոսկիով իր դպրոցները վարելու. ու այսքան ծախքին հետ արդի՞ւնք ոչինչ։ Քաոսային վիճակէ մը ի՛նչ կանոնաւորութիւն ու արդիւնաւորութիւն կրնան սպասուիլ։

Երբ արդիւնք կ’ըսենք, կ’աղաչեմ, չհասկնանք քանի մը բառ հայերէն կամ գաղիերէն գիտնալը, թուաբանութեան խնդիր մը քիչ շատ լուծելը, նոյն իսկ մէկ երկու գիտական ծանօթութիւններ գոց ըրած ըլլալը։ Ո՛չ. նախակրթութիւնը նա՛ մանաւանդ տղուն միտքը ու սիրտը ու կամքը պիտի կազմէ, այնպէս որ միտքը անոր բոլոր կեանքին մէջ սուր ու փայլուն գործիք մ’ըլլայ խորհելու եւ ուսանելու, սիրտը լաւին կիրքը ունենայ, ու կամքը բարի ու զօրաւոր ոյժ մ’ըլլայ իրեն կեանքին դժուարութեանց մէջ։ Արդ, ասոր դաստիարակութիւն կ’ըսեն, ու տեսանք որ մեր դաստիարակութիւն չունինք, չունենալով անոր պաշտօնեայները։ Եւ ահա՛ մեր նախակրթարաններէն անցնող պատանիներուն մեծ մասին վրայ կը տեսնենք այս պակասութեան ցաւալի արդիւնքները։ Իմացական աշխոյժ, ողջադատ միտք, ուղղաբարոյութիւն եւ ճշմարտասիրութիւն, ընկերսիրութիւն, կարգի կանոնի փափաք եւ հնազանդութիւն, մեծին ու արժանաւորին յարգանք, նախաձեռնութեան ու յարատեւութեան ոգի եւ զօրեղ նկարագիր՝ յատկութիւններ են, քաղաքակիրթ կեանքի ու ճշմարիտ յառաջդիմութեան անհրաժեշտ, որոցմով չենք կրնար դժբախտաբար ըսել թէ կը փայլի մեր նոր սերունդը։ Զարմանալին աս է որ մտքերնէ ալ չ’անցնիր թէ այս յատկութիւններ կրնան ու պարտին ստացուիլ դպրոցի մէջ. մեք կը կարծենք թէ հոն ուսմունք միայն կը սովրուի, ու զայդ միայն կը պահանջենք. բաց աստի մեր հպարտութեն ալ կը դպչի որ մեր տղայք ամէն այդ իմացական ու բարոյական բարեմաստնութիւնները արդէն չունենան իրենց մէջ ընդաբոյս, մեր արեան հետ ի ծնանելն իրենց փոխանցուած։ Չէ՞ մի որ միշտ պահանջած ենք որ մեր տղա՛յք գոհ ըլլան մանաւանդ դպրոցէն եւ ուսուցիչներէն ան սոքա անոնցմէ։ - «Տղաս, գո՞հ ես վարժարանէդ, վարժապետէդ». դո՛ւն ուրեք վարժապետին գոհունակութիւնը կը փնտռուի, ու ան ալ գրեթէ միշտ գովեստի ու շողոքորթութեան ակնկալութեամբ։ Գալով նոյն իսկ ուսումնական պաշարին, զոր մեր տղայք կը տանին դպրոցէն, գիտենք թէ որքան թերի, անկապակից ու տարտամ է այն։ Արդէն երթական նոյնօրինակ պայմաններու մէջ կարելի չէր որ այն ալ լաւագոյն ըլլար։

Ընդհանուր այսպիսի արդիւնք պարզապէս ժխտական կը կոչուին։

Ուսուցիչք ոմանք թերեւս իրենց պատճառներն ունենան տարփողելու հին դրութիւնը, բայց Թաղ. Խորհուրդք եւ Հոգաբարձութիւնք ի՞նչ պատճառ ունին նոյնին մէջ յամառեալ մնալու. չեմ հասկնար։ Ազգային Օրէնքն իրենց կը պատուիրէ ընդգրկել նոր, մանկավարժական ու բանաւոր դրութիւնը,. լուսաւորեալ ազգաց օրինակը նոյնը կը թելադրէ մեզ, մինչեւ իսկ խնայութիւնը նոյն խրատը տայ մեզ, եւ մեք կը յամառինք փարած մնալու հինին որ ամլեց ցարդ մեր դպրոցներն, ընդունայն փճացուց մեր ճիգերն ու դրամները։

Չէ՛, եղբարք, խնայե՛նք Ազգին ու անոր զաւակներուն։ Բանաւոր կրթութեան ճամբուն մէջ մտնենք. օգուտ քաղենք ուրիշներուն փորձառութենէն. օգուտ քաղենք մանկավարժական գիտութեան տուած դասերէն։

Կազմե՛նք մեր ամէն նախակրթարանաց մէջ դաստիարակ-ուսուցիչով դասարաններ։

Ընտրե՛նք մեր ունեցած ուսուցիչներուն մէջէն լաւագոյններն ու ք իչ շատ բազմակողմանի հմտութիւն ու մանկավարժական ոգի եւ ընդունակութիւն ունեցողներն, եւ անոնց յանձնենք մեր դասարանները։ Ուսումն. խորհուրդը այդպիսեաց ցանկերը կարող է հաղորդել թաղերուն։ Կը ճանչնամ ուսուցիչեր որք ընտիր դաստիարակ-ուսուցիչներ կարող են ըլլալ, ստանձնելով դասարանի մ’ամբողջական կրթութեան խնամքն, եւ որք այսօր, իբրեւ այցելու դասատու, ասդին անդին ճիւղ մը կամ երկու դասախօսելու վազելո՝ անօգուտ կը դառնան գրեթէ ազգային կրթութեան գործին։ Եթէ պահանջուած թուով դաստիարակները չունինք այսօր, համեմատաբար լաւերը առնենք, ու վստահ ըլլանք որ անոնք քիչ ատենէն լաւագոյն պիտի ըլլան ու նոր լաւեր պիտի հասնին։

Թո՛ղ մեր բարեացակամ ուսուցիչք, որոց մէջ շատ երիտասարդներ կան, յանուն ազգային կրթութեան ճշմարիտ շահուն, ի բաց թողուն յաւակնութիւն եւ անձնական ո եւ է նկատում, ու նոր վիճակին պահանջումները գոհացնող դաստիարակ-ուսուցիչներ դառնալ աշխատին. վստահ եմ թէ շուտով կը յաջողին ընդհանրապէս։ Առ այդ կը բաւեն բարոյկան յատկութիւններ, մանկավարժական կոչում ու դաստիարակութեան արուեստին էական սկզբանց ծանօթութիւն, եւ ընդլայնում մ’իրենց արդի հմտութեանց շրջանակին։ Երբ կոչումն ու բարոյական յատկութիւնները կան, մնացեալը չեմ կարծեր թէ դժուարին ըլլայ ձեռք բերել։ Քիչ շատ հանրագիտակ հմտութիւն մը կը պահանջուի ան շուշտ դաստիարակ-ուսուցչէն, բայց միւս կողմանէ ո՛չ մէկ ճիւղի համար մասնագէտ ըլլալ պարտաւոր է, եւ արդէն ի՞նչպէս որ եւ է ուսուցիչ, ինքզինք յարգող ու այդ անուան յաւակնութիւնն ունեցող ո եւ է ուսուցիչ, կ’ըսեմ, չգիտնայ, գէթ իրենց էական սարերց մէջ, բոլոր կամ գոնէ մեծ մասամբ այն առարկայներն, որք նախակրթարանաց ուսմանց ծրագիրը կը կազմեն, եւ որոց ծանօթութիւնը պարտաւորիչ եւ անհրաժեշտ ըրած ենք 13 տարեկան տղոց համար։ Ի՞նչու չգիտնայ զանոնք 7էն 13 տարեկան տղոց ուսուցանելու չափով։

Հոգ չէ՛ թէ փոխանցական ժամանակի մը մէջ ինչ ինչ ի հարկէ շեղումներ եւ անբաւականութիւններ ըլլան։ Բաւ է թէ իտէալին հասնելու, դէպ յայն քալելու հաստատ որոշումն ունենանք, ու կարելի բարւոքումներն այս օրէն սկսինք ի գործ դնել։

Ու ջանանք որ Վարժապետանոցն ալ գայ պատրաստել մեծագոյն բարւոքումները։

(Բիւզանդիոն, 1898, Թիւ 609, 610։)



[1]            Նոյնպէս իր մէջ մէկէ աւելի բաժանում ունեցող դասարանի մ’ուսուցիչը կրնայ օգնական մ’ունենալ մնայուն եւ իր առաջնորդութեան տակ։