Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

21. ՊԱՏԻՒԸ
(Հուսկ Բանք առ ընթացաւարտս Պէրպէրեան Վարժարանի 1905 ամ. )

Սիրեցեալ ընթացաւարտ Սանունք իմ,

Թէպէտ եւ տրտմութիւն մը կ’զգաք այժմ, բնական ամէն ազնիւ հոգիներու, բաժնուելով սովորեալ վայրերէ եւ դէմքերէ զորս վարժուած էիք տեսնել ւե սիրել, սակայն գիտեմ որ քաղցր զգացում մ’ալ կը լեցնէ ձեր սրիտերը այս վայրկենիս՝ տեսնելով զձեզ առարկայ ծափերուն, գովեստիցն ու համարման հոս ժողովուած ընտիր այս ակումբին, որուն կը նախագահէ ազգին հոգեւոր Պետը ուր Պետութիւնը իւր ներկայացուցիչն ունի, ինչպէս նաեւ ընկերութեան ամէն պատուաւոր Դասեր՝ իրենց երեւեցուցիչները, ի ձեռին բռնած ձեր իմացական ու բարոյական արժանեաց առհաւհատչեայ ձեր այդ վկայականներն Երկրորդական Կրթութեան, եւ այդ մրցանակներն՝ պսակ ձեր անխոնջ ջանքերուն, ձեր արդիւնաշատ աշխատութեան։ Այդ զգացումը Պատուոյ զգացումն իսկ է, իր միջավայրին մէջ իր նմանեաց, իրեն հաւասարներուն եւ իրմէ մեծերուն համարման եւ յարգանքին արժանացած ըլլալու զգացումն, որ մարդկային սրտին ազնուագոյն բնական զգացումներէն մին է, բարոյական կեանքի զօրաւոր ազդակ մը ու դդիչ մը յառաջդիմութեան։ Այդ զգացումն արդէն իր դերն ունեցաւ ձեր դպրոցական գործունէութեան մէջ, վասն զի, ի մէ ուրիշ շարժառիթներու որք քաջութիւն տուին ձեզ ուսման դժուարութիւններուն յաղթելու, ինչպէս ապագայի մտահոգութիւնը, գիտնալու հետաքրքրիր տենչը, ճշմարտին գեղեցկագիտական հրապա»ոյրը, նաեւ ոչ նուան դրդեց զձեզ յառաջադէմ նկրտիլ ձեր ծնողաց եւ ձեր ուսուցչաց համարումը գրաւելու, ձեր ընկերաց մէջ  ընտրուելու եւ անոնցմէ յարգուելու, ձեր ընտանիքին ու ձեր դպրոցին պատուաբեր հանդիսանալու փափաքը։ Ամբողջ դպրոցական շրջանին մէջ այդ փափաքին բարի բարի արդիւնքները շօշափելէ ու վայելելէ յետոյ, ահա՛ անոր վերջնական գեղեցիկ պտուղը կը վայելէք դուք այսօր, պսակաւոր կանգ առած Վարժարանին սեմին վրայ, ու պատրաստ թռչելու Համայնքին ու Երկրին թեւերուն մէջ, որք իրենց ներկայացուցիչներուն միջոցաւ՝ զուարթ եւ յուսալից՝ կ’ողջունեն զձեզ, հրաւիրելով զձեզ ընկերային գործունէութեան խոստմնալից ու պտղալից դաշտերուն մէջ։

Շնորհաւորելով զձեզ Պատուոյ այդ ազնիւ զգացման համար որով ոգեւորուեցաք ձեր ուսանողական կեանքին մէջ ու այն ընտիր արդիւնքներուն համար զոր ստացաք, պիտի փափաքէի, այս վերջին անգամ որ կը խօսիմ ձեզ, որ այդ զգացումը միշտ վա՛ռ պահօիք ձեր սրտին մէջ, որ պիտի շարունակէ զօրաւոր նեցուկ մ’ըլլալ ձեզ կեանքի ասպարէզին մէջ, վեր բռնելով զձեզ Պատուոյ ճամբուն վրայ եւ դէպ ի լաւը, դէպ ի լաւագոյնը ձեր ձգտումները զօրացնելով։

Պատուաւոր անհատ մ’ըլլալ ընկերութեան մէջ, յարգանքի եւ վստահութեան արժանի իղձ մ’է զոր ամէն առողջ հոգի պարտի ունենալ, եւ որ ադրէն բնական յօժարութիւն մ’է մարդուն մէջ։ Ի՜նչ վայելում մ’է այդ, ի՜նչ վարձք, ի՜նչ ազնիւ հպարտութեան մ’առիթ, եւ ի՜նչ ոյժմ Մարդ մ’ես դուն, քու արժանիքիդ համար արժէք ունեցող, մարդ մ’ես դուն ընտրուո՛ղ մարդրու խռան մէջ, որուն առջեւ ճշմարիտ մեծարանքի զգացումով մը կը խոնարհին ամէնքն, որուն կը համակրին իբրեւ մէկու մը որ մարդկութեան ազնիւ տիպարներէն մին է, որ մարդկային ընկերութեան մէջ ամուր միութիւն մ’է եւ լուրջ զօրութիւն մը յորմէ բարիք միայն կ’ակնկալուի այլոց համար, որուն ճակտին վրայ ո՛չ մէկ արատ կ’աղարտէ անոր մաքորւ անունը, եւ որ կրնայ, համարձակ ու անվեհեր, ներկայանալ ամէն տեղ, վստահ թէ ոչ ոք պիտի պահանջէ իրմէ խ որուած իրաւունք մը, ոչ ոք պիտի յանդիմանէ իրեն զանց առնուած պարտք մը այն պարտքերէն զորս իր վիճակը եւ իր մարդ էակի հանգամանքը կը հարկադրեն իր վրայ։ Ո՞չ ապաքէն միշտ նախանձախնդիր եղաւ իր համբաւին անբծութեան, ո՞չ ապաքէն միշտ ուղիղ վարմունքով մ’ու պարկեշտ եւ օգտակար գործունէութեամբ անվթա՛ր ջանաց պահել ու յաւելուլ իսկ այլոց բարի համարումն իր մասին, ու յանձն առաւ զրկումները, մերժեց ապօրէն շահերն ու անխոստովանելի յաջողութիւնները՝ հաւատարիմ մնալու համար Պատուոյն, որպէս զի ո՛չ մէկու մ’առջեւ ամօթով կարմրի, ո՛չ մէկու մ’առջեւ ստիպուի իր ճակատը խոնարհել ակնկոր։ Ահա՛ պատուաւոր մարդը։ Պատուոյն սէրը, Պատուոյն մտադրութիւնը անկումներու դէմ զգուշացուցիչ մը, խ ափանարար մ’է իրեն, մանաւանդ թէ գիտէ որ անգամ մ’իր պատիւը կորուսանելէ յետոյ՝ ո ՜րքան դժուարին է վերստանալ զայն, ինչպէս կ’ըսէ բարոյախօս պուէատն Պօալոյ իր սա տողերուն մէջ.

 

L’honneur est comme une île escarpée et sans bords;

On n’y peut plus rentrer dès qu’on en est dehors.

 

(Պատիւը կղզի մ’է սեպացեալ եւ առանց ափունքի. մարդ չի կրնար այլ եւս հոն մտնել վերստին, անգամ մը որ դուրս մնայ անտի։) Եւ, ո՜հ, ի՜նչ ցաւագին եւ յուսահատական է ինքզինք զրկուած զգալ իր նմաններուն յարգանքէն, պատուազուրկ զգալ իքզինք. անձնասպանութեան արժառիթ մ’է ան շատ անգամ, եւ շատեր ալ կան, զորս այդպիսի յուսահատութիւն մը, բառնալով իրենցմէ ամէն բարոյական ոյժ ուղղութեան ճամբուն մէջ յարատեւելու համար, կը նետէ մոլիներու եւ չարերու խումբերուն մէջ, ընկերութեան դէմ դարձնելով զանոնք, այլ եւս վնասակար տարրեր ու վտանգաւոր միքրոպներն եղած մարդկութեան։ Զի իր նմաններէն ինքզինք յարգուած զգալու գիտակցութիւնը բարոյական նեցուկ մ’է, եւ թերեւս միակը շատերու համար որք ա՛յն ատեն համարում կ’ունենան իրենց վրայ երբ այլք համարում կը ցուցնեն իրենց, անկարող այլազգ գնահատելու զիրենք, եւ անձին այդ գնահատումը ո՜րքան կարեւոր է հաստատուն քալելու համար բարոյական կեանքին մէջ։ Պատուաւորութեան տենչը ճշմարիտ խթան մ’է ամենուն համար. յարգանքի, գովեստի ու հիացման առարկայ դառնալու փափաքը, որ փառասիրութիւնն էի րբարձրագոյն ձեւին մէջ եւ գիտէք որ ազնիւ փառասիրութիւն մը երբե՛ք դատապարտելի չէ կը մղէ դիմագրաւելու դժուարութեանց, առ ոտն կոխելու խոչ եւ խութ, մինչեւ որ մարդ հասնի իր նպատակին, գրաւէ իր փափաքած փայլուն դիրքն ընկերութեան մէջ, կորզէ յաջողութեան դափնին ու փառքի պսակը գիտութեան, ճարտարութեան, արուեստի, գրականութեան, ուսուցչութեան, եկեղեցականութեան, աշխարհավարութեան ասպարէզներէն միոյն կամ միւսին մէջ։ Պատիւը, բարի անունը անժխտելի հասրտութիւն մ’է նաեւ ընկերութեան մէջ. ա՛ն կը ծնուցտնէ վստահութիւնը, որ գործնական կեանքին մէջ վարկ կը կոչուի եւ որ ա՛յնքան կը նպաստէ մեր ուժերը բազմապատկելու եւ մեր ճիգերուն արդիւնաբերութիւնը յաւելցնելու, օգտուիլ տալով մեզ նաեւ այլոց տրամադրութեան տակ գտնուած արտադրիչ միջոցներէ։ն Իսկ այդ պատուաւոր անունը ի՜նչ պատուական ժառանգութիւն է թողլու համար մեր զաւակներուն, մեր յաջորնդերուն։ Դպիտի ըսեմ թէ ի չգոյէ դրամական ժառանգութեան այդ կնրայ բան մ’արժել. ո՛չ, այլ վստահութեամբ պիտի ըեսմ թէ լաւագոյն ժառանգութիւնն է այդ, եւ նիւթական հարստութիւնը ըլլայ կամ չըլլայ՝ կարեւորագոյնն է դա. բարեհամբաւ մարդուն զաւակները արդէն կեանքին սկզբնաւորութենէն համակիր ոգիներ կը գտնեն իրենց շ ուրջն՝ յօժարամիտ օժանդակելու իրենց առաջին քայլերուն, ի յարգանս յիշատակի իրենց հօր, եւ յետոյ՝ սա բնական խորհրդով ո ր բարի մադրուն որդիք ընդհանրապէս ժառանգորդ են անոր բարոյական յատկութեանց եւ յաճախ անկէ վերջ կը շարունակեն այն առաքինութիւններն որովք հայրը փայլեցաւ իր կեանքին մէջ։ Ու Պատուոյ այդ ժառանգութիւնը խթան մ’աւելի է որդւոց համար, որք կը զգան անոր պարտաւորեցուցիչ հանգամանքը, ինչպէս կ’ըսէ գաղիական առածը՝ թէ Noblesse oblige -«Ազնուականութիւնը կը պարտաւորէ» - ու ժառանգեալ ճշմարիտ ազնուականութիւնն անշուշտ պատուալից   յիշատակն է ծնողքներու գեղեցիկ կեանքին, որոցմէ կ’իջնէ մարդ, ազնուականութիւն որ արտաքին տիտղոսներու պէտք չունի բնաւին, եւ որ ժառանգութիւն թողուած գանձի գաղափարին հետ ալ առնչութիւն չունի ամենեւին, վասն զի կարի բարձր է անկէ։ Եւ միշտ պատուաւորութեան մի հարկեցուցիչ պայմանն է նաեւ մի արդիւնքը անոր որ որդին պատիւ մ’ըլլայ իր ծնողքին ու սա հպարտ զգայ ինքզինք անով, ընտանիքին պսակն ու պարծանքն ըլլան զաւակները, եւ ուրիշ խումբերուն որոց կը պատկանի Ազգ, Երկիր, Եկեղեցի, դպրոց, դասակարգ պատիւ բերէ ու պատիւն յաւելու մարդ իր արժանիքովն ու արդիւնքովը։ Ըկերութեան կողմէ վայելուած համակրութեան ա՛յնպիսի բարոյական արժէք մը կ’ընծայէր Սկովտացի իմաստասէրն Ատամ Սմիթ որ, ինչպէս գիտէք, անոր վրայ նո՛յն իսկ բարոյական դրութիւն մը կը հմինէր, - համակրութեան բարոյականը զա՛յն համարելով միակ եւ պայծառ ստուգանիշ անհատին բարոյականութեան ու գործերու ընտրութեան մէջ ալ բարւոյն ու պարտականութեան ապահով ուղեցոյց։

Բայց մենք չպիտի երթըանք ա՛յդքան հեռուն. ընկերական համակրութիւնը ոչ թէ պատճառն է գործերու բարութեան, այլ անոր արդիւնքն է. կը համակրինք գործողի մը, վասն զի բարի՛ է անոր գործը, բարի՛ են սկզբունքներն որոցմէ կը ներշնչուի ան իր վարմունքին մէջ, եւ այսպէս իր բարոյական գործն ու սկզբունքներն են որք կը բռնադատեն համակրութիւնը, այլապէս՝ արդիւնքը պատճառին տեղ առնելու սխալ իմաստասիրութիւնն ըրած պիտի ըլլայինք։ Մեր նմաններուն համակրութիւնը գեղեցիկ վարձատրութիւն մը եւ զ օրաւոր ներշնչիչ մ’է մեզ բարւոյն համար, վասն զի ընկերութիւնը ընդհանրապէս անաչառ գիտենք՝ այն հեռաւորութեան մէջ ուրկէ կը դատէ, եւ վասն զի գիտենք նաեւ որ ո՛րքան մարդիկ իրենց անձին վրայ իրենց դատաստաններուն մէջ ներող ըլլան առ անձն բնական տկարութեամբ մը, ա՛յնքան խստադատ են՝ երբ խնդիրը ուրիշները դատելու վրայ ըլլայ, եւ դժուարաւ կը հաւանին տալ ուրիշներուն իրենց գովեստն ու հահանութիւնը. ամենէն մոլրին բծախնդիր մ’է այլոց արարքին, եւ Յիսուսի օրերէն մինչեւ այսօր ալ շատեր իրենց եղբօր աչքին շիւղը կը տեսնեն՝ առանց տեսնելու գերանը որ իրենց աչքին մէջն է։ Այսպէս դժուարին է ընդհանրապէս այլոց բարի համարմանն ու յարգանքին արժանանալ, որով եւ արժանանալն իրաւամբ կրնայ գգուել մեր խիղճը եւ անոր փափաքը մեր բնութեան ազնիւ մէկ դրդումը համարուիլ։ Բայց ընկերութեան բաղադրութիւնը ամենուրեք նոյնը չէ. հոս կամ հոն, կրնայ ըլլալ որ հասարակութիւն մ’ըլլայ աւելի կամ նուազ ապականեալ, աւելի կամ նուազ ախապաշարեալ, ճշմարիտ բարին իմանալու մասին աւելի կամ նուազ տհաս. այդպիսի վիճակ մը ի հարկէ պիտի թիւրէ անոր բարոյական դատաստանը, գովել պիտի տայ անոր ինչ որ դատապարտելի է ու դատապարտել ինչ որ գովելի է։ Շամֆօռ կը հարցնէր «Ո՞րչափ տխմարներ պէտք են հասարակութիւն մը կազմելու համար», եւ կ’աւելցնէր «Այն եղանակը որով գովեստն ու պարսաւը բաշխուած կը տեսնեմ՝ ամենէն պարկեշտ մարդուն վատահամբաւ ըլլալու բաղձանքը պիտի տար [1] »։ Հերպերդ Սբէնսէր իր Փորձք ի վերայ Յառաժդիմութեան անուն գործին մէջ, խօսելով «Առեւտրական բարքեր»ու վրայ, դիտել կուտայ թէ նիւթական հարստութեան եւ անոր արտաքին ցուցադրութեանց մեր դարուն մէջ ընդհանրապէս ընծայուած յարգն ու պատիւն ի՜նչ յոռի ազդեցութիւն ի գործ կը դնեն բարուց վրայ, եւ անոնց կը վերագրէ բոլոր այն չարաշահութիւնքն ու խարդախութիւններն որոցմով ապականուած է այսօր առեւտրական աշխարհը։ Տեսականապէս ուսուցուած է այսօր առեւտրական աշխարհը։ Տեսականապէս ուսուցուած դասերը՝ անձնազոհութեան ազնուութեան, տաղանդին պարտուպատշաճ յարգութեան գերամաքուր կեանքի մըթ գեղեցկութեան մասին՝ շատ շուտով կը չէզոքացուին փորձառութենէն. փարթամութեան մատուցուած մեծարանքը զամէնքը կը մղէ շահելու եւ հարստութիւն դիզելու առանց երբեք նայելու միջոցներուն որակին, ամենէն անպարկեշտներն ալ ըլլան անոնք։ «Եթէ, կ’ըսէ, չարագործ հարուստը, յետ տաճարին մէջ մտիկ ընելու քարոզի մը որ մատնանիշ կը դատապարտէ այն անպարկեշտութիւնները որովք յանցաւոր է ինք, եկեղեցւոյն դուռը կը գտնղէ իր դրացիներն որք գլխարկնին կը հանեն իրեն առջեւ, միթէ այդ լռելեայն հաւանութիւնը կարող չէ՞ ջնջելու իր բոլոր լսածներուն ազդեցցութիւնը»։ Այսպէս մոլորուած հասարակաց դատաստան մը, ապականուած հանրային կարծիք մը կրնայ մոլորութեան պատճառ ըլլալ ուրիշներուն համար, աշխարհի սեմէն իրենց ոտքը ներս դնող դեռահասներուն համար մանաւանդ, որք հանրային համարման ու համակրութեան արժանանալու անկեղծ եւ օրինաւոր փափաքովն են ոգեւորուած։

Բայց չէ՛, դուք այսպէս չպիտի խորհիք։ Դուք պիտի ուզէք միջավայրին մէջ, ուր պ իտի ապրիք, հանրային յարգանաց եւ համակրութեան արժանանալ ուղիղ ու պարկեշտ վարմունքով մը, խղճամիտ ծառայութեամբք, առանց բնաւ եղծանելու ձեր բարոյական սրբութիւնը, առանց նուաստացնելու ձեր բարոյական արժանապատուութիւն։ը Դուք գիտէ նաեւ ընկերութեան նակատարութիւնը, հանրային բարոյականին տկարութիւնները, դուք որ հաճոյքի ու շահու ընթացիկ բարոյականներուն թերութիւններն ուսումնասիրած էք ու անոնց տգեղութիւնն ըմբռնած, դուք որ մարդկային արժանապատուութեան վրայ ա՛յնքան բարձր գաղափար ունիք եւ գիտէք թէ պարտքն է չնուաստանալ, չիյնալ ձեր բանաւոր ու ազատակամ էակի բարձրութենէն եւ ուղղել ձեր բոլոր ուժերը, ձեր բոլոր գործունէութիւնը դէպ յիրացումն ձեր մէջ եւ ձեր շուրջը մարդկային անձի իտէալին, որու տարերքն են անկախ նկարագիր, մաքուր խիղճ, ճշմարտասէր, բարեացակամ ու գեղատենչ հոգի։ Բուն պատիւը, ճշմարիտ պատիւը չի կրնար երբեք հաշտ ըլլալ այնպիսի արարքներու հետ զորս կը դատապարտէ բարոյականը, ո՛րքան ալ միավայրի մը մէջ շատ ըլլայ լռելեայն անոնց հաւանող եւ յոռի համերաշխութեամբ մը յայնս քջալերող մարդերուն թիւը։ Մեզ ընծայուած պատիւը, մեզ համար ճշմարիտ բարոյական քաղցրութիւն մ’ու վարձք մ’ըլլալու համար, պէ՛տք է որ մեր խղճէն վաւերացուի, պէտք է որ նախ ներքնապէս վկայենք մենք մեր արժանաւորութեան, վասն զի խիղճը՝ իբր բանականութեան ձայնը՝ առաջին ան աչառ դատողն է մեր մէջ, հակառակ մեր անձին համար մեր տկարութիւններուն, եւ երբ դժգոհ է ան մեր մէջ, անօգուտ է ո՛ր եւ է ձայն որ դրսէն գովեստ կարդայ մեզ։ Ճշմարիտ պատուաւորութեան առաջին պայմանն է նոյն իսկ մե՛ր յարգանքը մեզ նկատմամբ։ Գաղիացի վեհախորհուրդ բանաստեղծն, Ալֆրէտ տը Վինեի ըսած է. «Պատիւը խիղճն է, բայց բարձրացեալ խիղճը, իր անին եւ իր կեանքին գեղեցկութեան յարգանքն է տարուած մինչեւ ամենամաքուր բարձրութիւն եւ մինչեւ ամենջարեմ տենչն ու եռանդն»։ Ժիւլ Սիմոն՝ գաղիացի իմաստասէրն ալ կ’ըսէ. «Պէտք է գիտնալ հպատակիլ անոր զոր հանրային կարծիքն ունի արդար եւ ընդունելի, եւ, մնացորդին համար, հետեւիլ մի միայն իր խղճին եւ ի հարկին յանձն առնուլ կարծիքին անիրաւութիւններն առանց պռստելու»։ Այդ կարծիքին թիւրումներուն մէջ անշուշտ բարիներուն եւ իմաստուններուն կարծիքն է նախապատիւ, եւ անոնց հաւանութիւնն է մանաւանդ պատիւը քան անոնց, թէեւ ըլլան բազմաթիւ, որք, ծածկելու կամ արդրարացնելու համար իրեց լպրշութիւնները, պատրաստ են խունկ ընթայելու ամէն գարշութեանց, կամ իրենց բարոյական հասակին տհասութեան մէջ դեռ անգիտակից են ճշմարիտ բարւոյն։ Իսկ որ ոշելու համար բարիներն ու իմաստունները չարերէն ու տխմարներէն՝ դարձեալ չափ եւ կշիռ ձեր խիղճն է ձեզ, ձեր ազգարցեալ ու նրբացեալ խիղճը, որպէս կազմեց զայն բարոյական կրթութիւնը, ազնիւ սկզբունքները զոր ստացաք։ Ապա, ինչպէս կը տեսնէք, ճշմարիտ պատուոյն հիմը գնահատութիւն է ձեր խղճին, անոր պայմանը՝ խղճամիտ վարմունքը, ուղիղ եւ անբիծ կեանքը, բարի, գեղեց իկ եւ արդիւնաբար գործերը, եւ առաջին նշան՝ այն գոհունակութիւնը զոր անոնցմով կը զգայ խիղճը մեր սրտին խորը։

Եզրակացնելով, կրնանք ըսել թէ խիղճը մեր մէջ մարդկային արժանապատուութեան պահաջն է, եւ թէ ուրեմն ամէն ճշմարիտ պատուոյ եւ արժանիքի խորը այդ արժանապատուութիւնը կայ։ Խիղճը եթէ պարտուց վկայն ու դատախազն է, պարտքն ալ, ինչպէս գիտէք, հաւատարիմ մնալն է մեր իսկութեան։ Մեր բանութեամբ մեք բանաւոր էակներ ենք, բարին ըմբռնելու եւ տիեզերական կարգին մասնակցելու կարող եւ մեր ազատ կմաքով պարտաւո՛ր գործադրելու ինչ որ բանիւ ըմբռնուած բարին ու կարգը կը հրամայեն մզե։ Ա՛յդ մեր մարդկային արժանապատուութիւնը կ կազմէ, եւ առաջին պարտքը՝ յրոէմ բոլոր միւսները կը բղխին՝ պինդ բռնելն է այդ արժանապոտութիւնը, կամ, ուրիշ բառերով, չստորնացնել բանաւոր ու ազատակամ անձը մեր մէջ, չնկատել զայն երբեք իբրեւ միջոց, ինչպէս գեղեցիկ կը ճշդէ Քանդ, այլ նկատել զայն միշտ իբրեւ վախճան մը եւ զարգացնել ու զօրացնել զայն, մեր մէջ եւ այլոց մէջ, զի մարդկային անձը՝ իբր այն, արժանի է յրագանաց, ամենուրեք, ա՛յնքան մեր մէջ որ քան այլոց մէջ։ Եւ աստի՛ մեր բոլոր պարտքերն առ անձն եւ առ այլ մարդիկ, նոյն իսկ մեր պարտքերն առ Աստուած եւ առ Բնութիւնն որ զմեզ կը շրջապատէ, - մեր պարտքերն զգուշանալու այն ամէն բանէ որ կրնայ մեր ֆիզիքական եւ բարոյական կարողութիւնները խաթարել եւ ձգտելու այն ամէն բանի որ կրնայ ամրացնել եւ փայլեցնել մեր նոյն կարողութիւնները, մեր պարտքերը չանիրաւելու երբեք մեր նմանեաց՝ այլ համերաշխ գործակցութեամբ եւ սիրայօդ ընկերութեամբ ձեռնտու եւ աջակից ըլլալու անոնց, սիրելու զանոնք, բարի որդիներ, բարի եղբայրներ եւ բարի հայրեր, բարեացակամ մարդեր, Պետութեան, Եկեղեցւոյն եւ Ազգին մէջ առողջ տարրեր եւ բարերար ոյժեր ըլլալու, զԱստուած սիրելու եւ իր գործերուն մէջ զՆա հետզհտետէ աւելի լաւ ճանչնալու եւ իր արարածոց մէջ նոցա արարիչը յարգելու, կեանքին խնայելու ամենուրեք եւ Բնութեան գեղեցկութիւններուն մէջ թաքուն խորհուրդը իմանալու եւ անոնցմով խորհրդանշանուած կատարելութիւնը պաշտելու։ Անփոյթ ըլլալ մեր մարդկային արժանապատուութեան՝ անփոյթ ըլլալ է մեր բոլոր պարտքերուն. անփոյթ ըլլալ մեր մտքին յարատեւ զ արգացման, անձնատուր ըլլալ մոլութիւններու որք մարմին եւ հոգի միանգամայն կը փճացնեն, յանձն առնուլ նուաստացումներ որք մեր կամքը կը չքացնեն, ապրիլ իբրեւ բոյս եկ իբրեւ անասուն, անարգ հաճոյքներու եւ նիւթական շահու միակ հետապնդութեան մէջ կորսնցնել ամէն տեսլական, անձուկ եսը դնել ամէն բանէ վեր, զեռունի մը պէս սողոսկելուվ ապրիլ՝ առ յաւէտ անգէտ այն լուսագեղ անհունութիւնենրուզ զորս արտոյտին երկնաթռիչ արեւաբաղձ հոգեակը կը գզայ, եւ անցընել իր կեանքը խոզի մը նման գետնին գարշութեանց մէջ ռնգամուխ, ահա՛ խաթարումը մարդկային արժանապատուութեան, քայքայո՜ւմը վսեմ պատկերին զոր Աստուած իր բանին ու ազատ կամքին վեհագոյն տիպովը դրոշմած էր։ Երբ մարդկային արժանապատուութիւնն իսկ է որ կը խաթարի, ուր կը մնայ պատիւը, մինչդեռ անոր հաւատարիմ ու պատկառ կեցող անձը յարգելի ու պատկառելի կը մնայ, թէեւ աղքատութեան, կղզիացման մէջ լքուած իր խղճին հետ։ - Իմ վերջին խանդակաթ ողջոյնս ձեզ նուիրելով, ո՞վ իմ սիրելի ընթացաւարտ սաներս, կը մաղթեմ որ մի՛շտ ու տակաւ առաւելեալ վայելէք ճշմարիտ պատիւը, բարիներո՛ւն եւ իմաստուններո՛ւն յարգանքը, պարկեշտ, բարեջան ու արդիւնալից կենցաղի մը քա՜ղցր պտուղը, մաքուր ու անդորր խղճի մը սուրբ հեշտութեամբը լեցուն վսե՜մ գոհունակութիւնը։ Երթա՜յք բարեաւ…։

(Բիւզանդիոն, Թիւ 2685, 1905։)



[1]            Jules Payot, Cours de Morale, երես 206։