Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

26. ՀԱՐԻՒՐ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԵՐԿՏՈՂԵԱԿՔ
(Բարոյական խրատաբանութեանց իբրեւ բնաբան ծառայելու համար գրուած)

1.

Յարատեւող ճիգին առջեւ չկայ բան մ’որ դիմանայ.

Դըժարը՝ դիւր, անկարելին հընարաւոր կը դառնայ։

 

2.

Իր սեփական իրաւունքէն մի՛ զրկեր զոք, լե՛ր արդար.

Խաղաղութիւնն ա՛յսպէս մարդոց մէջ մընայ յար անվըթար

 

3.

Նոյն խըմորէն ստեղծուեցան ամէն մարդիկ նոյն տիպար.

Եղբայրներ ենք մեք բախտակից, սիրե՛նք ամէնքս զիրար։

 

4.

Մի՛ նախանձիր դու ընկերիդ. հոգերըդ քեզ չե՞ն բաւեր.

Ինչո՞ւ կ’ուզես որ անոր բախտն ալ տայ քեզի նոր ցաւեր։

 

5.

Ի՞նչ փոյթ ձեզ թէ ապերախտ են մերթ երախտիք առնողներ.

Բարին բարւոյն համար միայն պարտ է գործել, ե՛ղբայրներ։

 

6.

Եղի՛ր ատող դու չարութեան, արգահատո՛ղ բայց չարին.

Նա մոլորեալ մ’ ու հիւանդ մ’է, բուժէ՛ թերեւս զայն բարին։

 

7.

Դրամով միայն չէ՛ որ մարդիկ բարիք կ’ընեն իրարու.

Սրտին սէրը յայտնըւելու բիւր բիւր ձեւեր փոխ կ’առնու։

 

8.

Ի՛նչքան անգութ ոխերիմներ մարդ ունենալ կարենայ,

Թո՛ղ գիտնայ որ մեծագոյնը լինել միայն ի՛նք կրնայ։

 

9.

Հընազանդէ՛ դու Օրինաց, իշխանութեանց լե՛ր յարգող.

Անոնց շնորհիւ ննջես անդորր, ընչքիդ՝ պատուոյդ մերժի գող։

 

10.

Անկե՛ղծ եղիր, ճշմարիտ մարդ, խօսքըդ սրտիդ արձագանգ.

Կեղծող մարդը սին ստուեր մ’է, ո՛չ մարդ, մարդու լոկ պատրանք։

 

11.

Ձախողանքըդ միշտ, գանգատող, մի՛ դու բախտին վերագրեր.

Բախտը յաճախ մօտէդ անցեր, աչքերըդ փակ՝ չես տեսեր։

 

12.

Քու սեղանիդ, դրամիդ համար բարեկամներ կան հազար,

Բայց մի՛ խաբուիր, շատեր սիրոյդ մազ մ’իսկ զոհել չեն յօժար։

 

13.

Օտար երկրի մէջ դու տեսի՛ր տոհմակիցըդ միանգամ.

Պիտ’ զարմանաս՝ ինչո՞ւ առաջ չէիր առած այդքան համ։

 

14.

Պատուոյդ վըրայ դու գուրգուրա՛ զերդ թանկագին մի գոհար.

Թէ կորուսնես զայն, կրկին ձեռք անցունելն է շա՛տ դժուար։

 

15.

Բարձրին նայէ՛, միշտ դէպ ի վեր նկրտէ՛ դու ելնելու.

Չը հասնիս ալ, այդ ճիգ ըզքեզ վար սահելէ կ’արգելու։

 

16.

Ճշմարտութիւնն ըսէ՛ դու միշտ, կամ լըռութիւն պահէ՛ զգուշ.

  Ընկերութեան լուծիչ թոյն է վատ ու նենգոտ սուտը դուժ։

 

17.

Շողոքորթին խունկը աչքիդ տեսութիւնը կ’աղօտէ.

Գաճաճն իրեն հսկայ թըւի, ծիծաղ շարժէ, պոռոտէ։

 

18.

Պարսաւանքը ա՛լ աղէկ է երբ քու թերիդ կը ջնջէ,

Քան գովեստը շողոքորթիչ որ օդալից քեզ փըչէ։

 

19.

Ոսկիներու դէզին վըրայ ագահն աղքատ կը նստի,

Ոսկիներու հեղեղէն վերջ շըռայլն աղքատ կը փըտի։

 

20.

Ծախսէ՛, խնայէ՛. այսօրն ու վաղ դու գոհացո՛ւր երկուքն ալ

Ո՛չ բնաւ ագահ, ո՛չ ալ շըռայլ. տնտեսող լա՛ւ է ըլլալ։

 

21.

Եթէ իրաւ ժամանակը մարդուն գանձն է մեծագոյն,

Ապա անոր տնտեսութիւն՝ իմաստութիւն լաւագոյն։

 

22.

Կուգան օրեր, երաշխաւոր յաջորդներուն չե՛ն սակայն.

Եկողք ինչ որ մեզ կրնան տալ՝ ստանալու ջանա՛նք զայն։

 

23.

Աշխատութեամբ օր կը կարճի, կեանքը սակայն կ’երկարի.

Ա՛յն ատեն մարդ կ’ազատագրի, երբոր անոր է գերի։

 

24.

Ամուսնացի՛ր, բո՛յն շինէ քեզ, սիրոյ օջախ պատրաստէ՛.

Կեանքի ձիւնին բուքին տակը քու ապաւէն ջերմոցդ է։

 

25.

Աշխարհի մէջ չիք վայր անոյշ քան ծոց երկրին հայրենի.

Յոյսն ու սէրը ժպտին քեզ անդ, քեզ հողն ու մարդ՝ ընտանի։

 

26.

Յուշն ու յոյսը, սէրն ու վէրը մեր բնիկ հողին մեզ կապեր.

Անոր լոյսով լոյս ենք տեսեր, անոր օդովն ենք շնչեր։

 

27.

Խաչը սէր է, խաչը զոհ է, խաչին կրօնքով պարծեցէք.

Խաչին ստոյգ աշակերտներ ըլլալու մի՛շտ ջանացէ՛ք։

 

28.

Աշխատողի ճակտին քիրտը պէտք է երկի՛րը թրջէ.

Առանց ատոր երկրէ երկնէ բարիք յուսալ հընար չէ։

 

29.

Տալն առնելէն աւելի է, տուրքոտ ըլլալ սիրէ՛, տո՛ւր.

Քըսակիդ մէջ պարապ կեցած ոսկին փրկէ կեանք մ’այլուր։

 

30.

Արդար վաստակդ ինչո՞ւ պղծես նենգոտ շահի տալով մուտ.

Պակա՛ս ըլլայ այդ շահամասն, ու մնա՛յ վաստակըդ թող զուտ։

 

31.

Մաքրասէր մարդն հոգածու է մաքրութեանն ալ իր հոգւոյն.

Մարմնով, շորով աղտոտ մարդուն սիրտն ալ աղտից յաճախ բոյն։

 

32.

Կարծիքներու ընդհարումէն մտքին համար լոյս ժայթքէ.

Բայց վէճն ազնիւ պարտի ըլլալ, զերծ անձնական լուտանքէ։

 

33.

Քսակէդ եթէ ոչ ոքի դու դոյզըն օգուտ կը հանես,

Ի՞նչ իրաւամբ ուրիշներէ դրամիդ յարգանք պահանջես։

 

34.

Սիրէ՛ լըսել հանդարտաբար այլոց տարբեր կարծիքին,

Եթէ ոչ չես դու արժանի ներողութեանն ուրիշին։

 

35.

Երբ ուրիշին կեանքն ու պատիւն ու ինչքը քեզ չեն յարգի

Ի՞նչպէս քուկինքդ ըլլան այլոց մեծարանքին արժանի։

 

36.

Բանին լուսով մենք, մարդ էակ, անասունէն ենք տարբեր.

Այդ լոյս մեր մէջ ո՛րքան շատ է՝ ն՛ոյնքան ալ մենք մարդ ենք վեր։

 

37.

Մի՛ կարծեր թէ յոխորտանքով մարդուն յարգը կ’աւելնայ.

Ադամանդին խօսի արժէք, մինչ տուփին մէջ լուռ մընայ։

 

38.

Չարին դէմ չար մի՛ գործեր դու, յաղթէ՛ չարին բարիով.

Մութն ըզմութը չի վաներ բնաւ. կը ցնդի մէգն արեւով։

 

39.

Ամէն բանի չափ ու սահման դըրաւ բնութի՛ւնըն օրէն.

Առանց անոր ծով կը խուժէ, ու մարդ գործէ ապօրէն։

 

40.

Մի՛շտ պարտք մը կայ կատարելու, ցորչափ օր կայ ապրելու.

Անոր համար անձնասպանը պարտքն անկատար կը թողու։

 

41.

Բարի որդին, ընտանեսէր որդեխընամ հայր բարի,

Անտարակոյս է մի պարկեշտ քաղաքացի իւր երկրի։

 

42.

Սխալ է թէ կ’անցնի անցեալ. ան չի՛ անցնիր, կը կենայ.

Ա՛ն մեր կեանքն է, մեզ շահ ու զէն, պատիւ, ամօթ, ա՛ն մընայ։

 

43.

Իբր ի ձայնին արձագանգը Աստուած մեր մէջ խիղճ դըրաւ.

Մի՛ խեղդեր զայն, մահկանացո՛ւ. ան քեզ կ’ըսէ «Գործէ՛ լաւ»։

 

44.

Տե՛ս թէ ի՛նչպէս բընութեան մէջ կարգով կ’երթայ ամէն բան.

Ձըմեռը՝ ձիւն, գարնան՝ ծաղիկ, հունձքն՝ ամառին, միրգն՝ աշնան։

 

45.

Բընութեան կարգ քեզ դաս մը տայ համբերատար ըլլալու.

Պըտուղ արդիւնք կ’սպասես մերթ՝ ատեն չանցած հասնելու։

 

46.

Մի՛ ցաւցուներ քու նըմանըդ ո՛չ մարմնոյն մէջ, ո՛չ հոգւոյն.

Ցաւը ի բա՛ց փարատէ դուն էակներէն ըզգայուն։

 

47.

Տառապելոյն արցունքն աչքին ցամքեցունել դու սիրէ՛,

Ինչպէս արեւ ցայգին շաղով թաց տերեւը չորցունէ։

 

48.

Երկրին վըրայ գործի՛ք մ’եղիր դուն աղէկին շատնալուն.

Խօսքըդ, գործըդ եւ օրինակդ սերմը ցանեն միշտ բարւոյն։

 

49.

Տաճար, մզկիթ, սինակոկ քեզ միանգամայն սուրբ ըլլան.

Նոյն մեծ Տեսիլ ամենուն մէջ իր բոյնն ունի ու խորան։

 

50.

Զգոյշ գընացք առաջքն առնուն աղիտաբեր վըտանգաց,

Մինչ անխորհուրդ փոքրիկ քայլ մը պատճառ կու տայ մեծ չարեաց։

 

51.

Գայթակղեցնել միամիտ հոգին կառչած իրեն հաւատքին՝

Խլել է նաւէն խարիսխն որ իր ապաւէնն է դէմ մրըրկին։

 

52.

Թէ վարդ տնկես փունջ կը քաղես, իսկ թէ տատասկ՝ խայթ հնձես,

Թէ հեռ ցանես՝ քէն կը ժողվես, համբոյր՝ թէ սէր սերմանես։

 

53.

Համեստ ըլլալ անսընապարծ՝ այն յատուկ է գիտունին.

Յոխորտանօք մեծաբանել տըգէտներու է բաժին։

 

54.

Ժառանգութի՛ւնը մեծագոյն զոր մարդ թողու իր զաւկին՝

Ուղիղ մարդու, պարկեշտ անձի մաքուր անունն է աանգին։

 

55.

Դոյզն ինչ բարին ինչո՞ւ համար արհամարհել զի քիչ է.

Քիչը քիչին յաւելնալով շատ կը լինի, այնպէս չէ՞։

 

56.

Փոքրիկ մեղքին ալ մի՛ ըլլար ներողամիտ դու բընաւ.

Երես առած փոքրը բերէ իր մեծ եղբա՛րքը տակաւ։

 

57.

Ամէն ներում ներելի է բաց ի անկէ որով մենք

Մեր թերութեանց դուռ կը բանանք, մեր յանցանաց կը ներենք։

 

58.

Մրցմամբ ճըգամբ գերազանցել ջանալն ազնիւ տենչ մըն է.

Ուրիշներուն անկմամբն ուզել բարձր երեւիլ՝ այդ վատն է։

 

59.

Ի՞նչ օգուտ մեծ երեւիլ երբ մարդ իրօք փոքր ու նկուն է.

Հին խօսք է թէ երեւելու ապահով կերպն ըլլալն է։

 

60.

Մեզի տալով տըղան՝ Երկինք մեծ պարտք դընէ մեր ուսոց.

Մեր ծոցն իրեն մարմնոյ հոգւոյ կեանքին ըլլա՛յ թող ջերմոց։

 

61.

Որպէս զի դուք, ծընո՛ղք, ըլլաք ձեր զաւակաց լաւ տիպար,

Նըկարագրի ձեր թերիներն ալ ուղղելու գըտէք ճար։

 

62.

Պտղատու ծառն ամէն ամառ իր պտուղը կը բերէ.

Երկու գործով մի՛ ըլլար գոհ, օգտակար գործն յա՛ր ըրէ։

 

63.

Առն ու կընոջ ինչո՞ւ համար խըտիր դընել յանցանքին.

Հաւատարիմ միմեանց մնալու մի եւ նոյն ուխտը չըրի՞ն։

 

64.

Երկնից խորքը, կեանքի խոհի աղբիւր անհուն Զօրութեան

Թէ չը հաւտաս, ի՞նչպէս խորհուրդն ապա մեկնես Գոյութեան։

 

65.

Սկզբունքներն ու մարդիկը արդիւնքներէն դատեցէ՛ք.

Ծառն իր պտղէն կը ճանչցըւի, դուք ամէնքըդ լաւ գիտէք։

 

66.

Հարսանեկան ծէսք եւ աղօթք չեն ծառայեր մի բանի,

Պսակուողներուն թէ հոգիքը չի կապեր սէր կենդանի։

 

67.

Իր հացն ուտել անկախօրէն, մաքուր քրտամբն իր ճակտին,

Ի՜նչ հաճոյք է, հըպարտութեան իրաւունքի ի՜նչ վեհ գին։

 

68.

Բուն արժանիքն յաւակնոտի չ’առնուր պոռոտ ձեւ բընաւ,

Արժանազուրկ փըքացողն է ծիծաղաշարժ հնդկահաւ։

 

69.

Բարերարը իր բարիքէն տոկոս պիտի չսպասէ.

Բայց ապերախտն ալ պժգալի մի հըրէշէ պակա՞ս է։

 

70.

Անկեղծութեան, անձնուիրութեան չըհաւտացող մարդիկը

Կ’ապացուցնեն թէ եսամոլ, կեղծ են իրենց հոգիքը։

 

  71.

Ընտանեկան յարկին մէջն է հաճոյքը սուրբ ու մաքուր,

Անկէ անդին հոգեպարար երջանկութիւն խնդրել՝ զո՜ւր։

 

72.

Զոյգ բարեկամք միմեանց համար մի այլ ես են, հինք ըսին.

Բայց ճշմարիտ մըտերիմներ գտնելն է զի՜ դժուարին։

 

73.

Բարեկամ լո՛կ առաքինի հոգիք կարող են ըլլալ,

Իսկ անձնասէր, կեղծ մարդիկ՝ լոկ անոր դիմակն ունենալ։

 

74.

Առաքինի ըլլալու չի՛ բաւեր ըլլալ լոկ արդար,

Արդարութեան պիտ’ յաւելնայ գործօն Սէ՛րը բարերար։

 

75.

Ճիւա՜ղ մըն է իր ծեր ծընողքն երեսի վրայ ձգող որդի.

Արժա՛ն է որ մնայ անորդի, կամ անգղ ուտէ անոր դի։

 

76.

Երբ ծընողաց լուծէն ըզքեզ ազատ ըրաւ ա՛լ հասակ,

Մի՛շտ յարգանքի, սիրոյ լուծին առ այնս մընաս հպատակ։

 

77.

Երբ այլք պատուոյդ վստահեր են, եւ դուն անոնց կ’ընես դաւ,

Ըսել է որ այդ պատիւը չունիս եղեր դու բընաւ։

 

78.

Արդարադատ ըլլալու քեզ թող ոխդ արգելք չը լինի.

Խոստովանիլ իր թշնամւոյն արժէքն է գործ մեծ սրտի։

 

79.

Քաղաքավար բարք մարդոց դէմ արդարութեան մի պարտք է,

  Անոնց մարդու նըկարագրին մատուցուած մի յարգանք է։

 

80.

Հաւատքն հեգնող սկեպտիկը որ զինք կարծէ միտք հըզօր՝

  Մըտածող մ’է առանց թռիչի, ւե սիրտն ոչինչ ունի խոր։

 

81.

Ինչո՞ւ խառնուիլ իրաց մէջ որ քեզմէ հեռու կամ վեր են.

Ունայնախօս շաղակրատանք ի՜նչ վընասներ կը բերեն։

 

82.

Քննել իր շուրջ, կշռել իր ոյժ, եւ դիմացի՛նը ճանչնալ

Խոհեմութի՛ւնն է, որ թէ չկայ՝ ոչինչ բան է մեծ ոյժն ալ։

 

83.

Բաղձանքներու չափն անսահման, ամէնք մեզի կը ժպտին.

Բայց ունենա՛նք այնպիսիներ որք յանկ են մեր հասակին։

 

  84.

Սպանիական դղեակները իրականը տան մոռնալ.

  Անոնց ապշած մարդուն ձեռքէն գուցէ երթայ իր հիւղն ալ։

 

85.

Հիմն ամուրցո՛ւր խախուտ տունին թէ ելնել նոր յարկ կ’ուզես,

Թէ ոչ նորին հետ հընոյն ալ կործանուելուն պատճառ ես։

 

86.

Այն հովիւին հետեւեցէք դուք, առաջնո՛րդք ամենայն,

Որ կորսըւած մէկ ոչխարն ալ փնտռել գընաց, ու գտաւ զայն։

 

87.

Տառապանաց համբերատար ըլլալու մե՜ծ օրինակ՝

Մեծ Վարդապետն որ Գողգոթա քալեց խաչը յիւր կռնակ։

 

88.

Պտղաբերէ՛, դու անվըրէպ պարտքըդ ըրէ՛, ու եթէ

Կ’ոխերմանան քեզ չարակամք ու յաչաղկոտք, դու…ժպտէ՛։

 

89.

Կա՜յ հատուցում. յաճախ յաստիս չարն իր պատիժ կ’ընդունի.

Խոյս տըւո՞ղն. ­ ա՛յդ անդըրշիրմեան կեանքի մեզ փաստ կը լինի։

 

90.

Խղճի անդորրն անոյշ գտնել տըւաւ տանջանքն անիրաւ.

Ներքին խայթը տանջանք մ’ըրաւ վայելքն ու փա՛ռքը անբաւ։

 

91.

Բարոյական պարտքին վախճան չէ՛ բնաւ ապրիլն ընդ երկար,

Այլ ապրելու նըպատակն է իր պարտքն ընել անդադար։

 

92.

Երկար կեանքը այն չէ՛ որ մեծ կը հաշուէ թիւ ամերու,

Այլ այն որ ցոյց կուտայ երկար շար մը ազնիւ գործերու։

 

93.

«Ակաս մակաս, աս էր պակաս» հայ առածին տեղն է ալ,

Երբ երէկի աշկերտն ելնէ իր վարպետին խըրատ տալ։

 

94.

Դո՛ւ կատարէ գործըդ անձամբ, ու այսօր իսկ թէ՛ հընար.

Ուրիշն ու վաղն յաճախ խարդախ պաշտօնեայք են մեզ համար։

 

95.

Անխոնջ ջանքէ ետք երբ բարի իղձն ելած է ի գըլուխ,

Ի՜նչ սուրբ խնդի սրտերու մէջ կը հոսեցնէ մի յորդ ուղխ։

 

96.

Դու մարմնական հաճոյքներուն մ’ըլլար մոլի, անձնատուր.

Բաժկին խորը նոքա թողուն յաճախ թոյն, ժահր ու մըրուր։

 

97.

Լոյսը մտքին, սէրը սրտին, ոյժը կամքին, ասո՛նք են

Մարդ էակի արժանիքին բուն տարերքը ապաքէն։

 

98.

Արենափայլ ո՛չ եւս ցոլայ այլ մարդկութեան հորիզոն,

Այլ Լոյսն ըլլայ անոր արեւ, ու մթնոլորտ՝ Սէ՛րը հոն։

 

99.

Թռչունն ինչո՞ւ դու կը բանտես, ծաղիկն ինչո՞ւ կը փետես.

Ուր որ կեանք կայ՝ հո՛ն քեզ գըթոյ պարտք մը պէտք է որ գտնես։

 

100.

Խոհուն էակ, մարդ բընութեան մէջէն անցնիլ կը պարտի

  Ինչպէս քուրմը խորհրդալից տաճարին մէջ պըտըտի։

 
ՎԵՐՋ Ա. ՄԱՍԻՆ

(Արեւելեան Մամուլ, 1905, Թիւ 17)