Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Pedagogy  Fiction  

1. ԺՈՂՈՎՐԴԵԱՆ ՈՒ ԳՐԱԳԻՏԻՆ ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐՆԵՐԸ

Ա.

Գրաբարի ու Աշխարհաբարի վէճը պարբերաբար կը նորոգի մեր Մամլոյն մէջ։ Այս օրերս վերստին սկսան երեւիլ լրագրաց ոմանց մէջ այս խնրոյ մասին կարգ մը յօդուածներ, բայց ուշագրաւ է սա կէտ թէ ա՛լ անոնք, որք զիրենք աշխարհաբարեան կը կոչեն, առանձին կը վիճաբանին, առանց ընդդիմախօս ունենալու։ Չի կրնար ըսուիլ թէ Տոքդ. Սեւեանի գրուածքն յարոյց այս խնդիրը, վասն զի Տոքդորը աշխարհաբար ու գրաբար լեզուներու հիմնական խնդիր չյուզեց, այլ քննադատեց կարգ մը բառեր ու գրելու ինչ ինչ կերպեր, որոց կարելի էր պատասխանել առանց խնդիրն ընդհանրացնելու, ցուցնելով՝ զոր օրինակ՝ թէ Տոքդորը ծայրայեղութեամբ դատած է եւ թէ իւր դատապարտած բառերուն ո՛չ ամէնքն երէկի հնարուածներ են, ո՛չ ամէնքն խորթ, ո՛չ ալ ամէնքն անիմաստ։ Նոյնը կրնային ընել մանաւանդ ակնարկեալ հեղինակներն Տոքդորին չհաւնած բացատրութեան ձեւերուն համար։ Ո՛չ. ընդդիմախօս չունին, բայց կ’ենթադրեն ունենալ ու անոնց կը վերագրեն կարծիքներ զորս ապա հերքելու գոհունակութիւնը կը պարգեւեն իրենց անձին։ Զոր օրինակ, Գ. Ֆնտգլեան էֆէնտի կ’ըսէ [1] թէ գրաբարամոլք կը կարծեն որ աշխարհաբար ձեւերուն ամէնքն ալ համեմատաբար նոր ժամանակաց ծնունդ են, եւ ըստ այսմ կ’ելնէ ցոյց տալ թէ այս ինչ կամ այն ինչ ձեւոյն հնութիւնը կը հասնի մինչեւ Է կամ նոյն իսկ Ե դար։ Բայց ո՞վ ըսեր է զայդ եւ ո՞ւր. չիք վկայութիւն։ Դարձեալ նոյն յօդուածագիրը կ’ըսէ թէ մեծ է գրաբարեաններուն արհամարհանքը ժողովրդին գործածած բառերուն եւ առումներուն համար. բայց ի՞նչէն գիտէ, ո՞ւր յայտնուած է այդ արհամարհանքը. տարբեր ճաշակ ու համոզումներ ունենալն արհամարհանք չի նշանակեր. բայց ո՞ր գրաբարեան չէ գործածեր քիչ, փնտռել, ուզել, ընել, պտտիլ, քով, տակ, ետին, ետեւ, գոց, գէշ, վարպետ, ինչո՞ւ, հոս, հոդ, հոն եւ այլ ասոնց նման զուտ ռամկօրէն բառեր։ Գուցէ իրենք, աշխարհաբարեանի դաւանանքն ընդունելէ յառաջ, այդ կարծիքներն ունէին աշխարհիկ ձեւերու եւ բառերու մասին, եւ հիմայ կը կարծեն թէ գրաբարեան համարուածներն անպատճառ ա՛յնպէս կը խորհին։

Ըստ իս, յորմէ հետէ ո՛չ ոք կը պնդէ թէ պէտք է գրաբար խօսիլ ու գրել մեր գաղափարաց ամենօրեայ արտայայտութեան համար, եւ նոյն իսկ ո՛չ ոք կ’ըսէ թէ գրական գործեր միայն նախնեաց գրական լեզուով պէտք ու կարելի է գրել, գրաբարի ու աշխարհաբարի վէճն հիմնապէս՝ սկզբամբ լուծուած լմնցած է։ Այդպէս խորհիլը կ’ենթադրէր բնաւ ջանք չընել աշխարհաբարի զարգացման, եւ ասանկներն աւելի պէտք է փնտռել այն մինչեւ 1862ի ատենները գրողներուն մէջ, որոց «զուտ, կենդանի, խօսուած լեզուի մը պէս կենսակիր «աշխարհաբարին ա՛յնքան կը հաւնի ֆնտգլեան էֆէնտի, Դիտակ Բիւզանդեանի՛, հին Բազմավէպ ներուն, Զօհալի՛ ու Երեւակի՛ ու սոցա լեզուին նման ռամկախօս աշխարհաբարով գրուած հրատարակութեանց հեղինակներուն մէջ։ Հիմայ խնդիրն աշխարհաբարը զարգացնելու եղանակներուն վրայ, որ սկզբան խնդիր չէ, եւ որուն մէջ գրաբարն իբրեւ միջոց կը մտնէ, ո՛չ թէ իբրեւ նպատակ։ Արդ, այս տեսութեամբ՝ գրաբարի ու գրաբարասէրներու դէմ զինուիլ անգիտանալ է անշուշտ նոյն իսկ մեր գրական արդի աշխարհաբարին զարգացման պատմութիւնն ու ամէն աշխարհաբարներուն կամ ռամիկ լեզուներուն գրականանալու օրէնքը, ուրանալ է գրաբարի մատուցած մեծ ծառայութիւններն, ու վտանգաւոր ձեռնարկ է, որ կ’սպառնայ կասեցնել լեզուն իւր յառաջդիմութեան ընթացքին մէջ։ Եւրոպական լեզուաց զարգացման պատմութիւնն ուսումնասիրողը քաջ գիտէ թէ ո՛րքան երախտապարտ են անոնք հին դասական լեզուաց, հելլենարէնի ու լատիներէնի, եւ ցայսօր իսկ ո՞չ ապաքէն Եւրոպիոյ քաղաքակրթեալ ժողովուրդք կը յամառին պահել իրենց դասական դաստիարակութեան դպրոցներուն մէջ յոյն ու հռովմէացի դպրութեանց ուսուցումն, իբրեւ մատենագրական արուեստի ու ճաշակի թանկագին ու անմերժելի հեղինակութեանց։ Իսկ ո՜րչափ աւելի մեր հայ աշխարհիկ գրականութեան զարգացման համար օգտակար եղած է ու անոր ուսմանն ու մշակման համար միշտ կարեւոր առաջնորդ ու ձեռնտու պիտի ըլլայ գրաբար հայերէնը, որ նոյն լեզուն է նորին հետ, որ զնորն խօսող ու գրող ժողովրդեան անցեալ մտաւորական կեանքը կը պատկերէ ու միեւնոյն ցեղին նախնեաց հանճարը կը ցոլացնէ։

* * *

Եթէ աշխարհաբար լեզուին տեսակէտով գրաբարամոլութիւնը կրնայ վնասակար ըլլալ եւ հետեւապէս դատապարտելի, ո՛չ նուազ եւ թերեւս աւելի վնասակար ու դատապարտելի է աշխարհաբարամոլութիւնը, կամ աւելի ճիշդն ըսենք, ռամկամոլութիւնը։ Ռամիկ լեզու մը չի կրնար զարգացեալ գրականութեան մը գործի դառնալ՝ առանց գրական հին կամ նոր լեզուի մ’ազդեցութեան տակ կերպարանափոխուելու։ Նոյնն եղաւ Արեւմտեան Հայոցս ժողովրդեան լեզուին համար. նա՛ եղաւ մեր այսօրուան գրական աշխարհաբարն, որ արդարեւ այժմէն իսկ ըստ բաւականին ունի յինքեան ճոխութեան, վայելչութեան, ուժոյ հանգամանքներ, թէ եւ տակաւին կը պակսին իրեն հաստատութեան, գիտական ու իմաստասիրական ճշդութեան, պայծառ՝ սեղմ ու կորովի շարադասութեան յատկութիւններն։ Արդ որո՞ւ շնորհիւ կատարուեցաւ այս բարեշրջումն ժողովրդական ռամիկ լեզուին. ­ Տարակոյս չկայ որ նախ գրաբարի ազդեցութեան, եւ յետոյ գաղիերէնին։ Գրաբարը ռամկօրէնը մաքրեց օտարութիւններէ ու խորթութիւններէ։ Ճոխացուց անոր բառարանը, հարստացուց անոր երանգատուփը, բարձր իմաստներն ու նոր մտքերը բացատրելու յարմար բառից եւ ձեւոց մթերքն ու ատաղձը մատակարարեց, իսկ գաղիերէնը գրական արուեստը կատարելագործեց, գաղափարաց ճոխութիւն բերաւ, մտածելու եւ բացատրելու ձեւերը զանազանեց նրբացուց, շարադրութեան կարգին վրայ ներգործեց, եւ արտայայտութեան հազարումէկ պէտքեր զգալի ըրաւ, որք մեծաւ մասամբ գրաբարին առաջարկուած մէն մի խնդիրներ եղան։ Ժողովրդական լեզուին բառերու ու ձեւոց կոյր ու անձկամիտ յարում մը պիտի արգիլէր անտարակոյս անոր յառաջացումը, եւ սակայն անկարելի էր այդպիսի յարում մը. բարեշրջութեան հարկաւոր օրէնքը պիտի գործէր, ճոխագոյն լեզուի մ’օգնութեան դիմելու պէտքն զգալի պիտի ըլլար, եւ պիտի յառաջ գային անոնք որք մեղադրուեցան յոմանց եւ կը մեղադրուին ցարդ իբրեւ գրաբարեան, բայց որք ա՛յնքան նպաստեցին աշխարհաբարին գրաբարով աճելուն, զօրանալուն ու գեղեցկանալուն։ Առանց անոնց գուցէ ցայսօր ըսէինք ու գրէինք. « Հալխին հախին ասխըտար իֆտիրա, իլլէ աս խազալը քէրթէին. եանի իրաւ պիլէ ըլլայ, կէնէ ես անանկ պէլլէմիշ եմ ըրեր քի հախ լախըրտրյին ալ սըրան կայ, եւն», ինչպէս Հ. Արսէն Այտընեան յառաջ կը բերէ իբրեւ նմոյշ Կ. Պոլսոյ գաւառականին։ Եւ կամ դեռ Տէրոյենցի պէս պիտի գրէինք, «Խաղեր հնարելը Յունաստանի մէջ առաջի բերանը շատ աղէկ հնարք մըն էր։ Շատ տեսակ վազելներ եւ ծեծկըվիլներ, գօտէմարտութիւն (բէլիվանութիւն), բռնամարտութիւն (եումրուք տէօյիւշիւ), համայնամարտութիւն, որ ամէն տեսակ ծեծկըվիլ կ’ըլլար։ Առնելիքնին տերեւներէ հիւսված պսակ մը եւ հասարակութեան ծափ զարնելը եւ համբաւը զրուցվիլն էր, բայց անոնք այս բաներս արծաթէն եւ ոսկիէն վեր կը բռնէին։ «Ահա՛ այն» մեծ եւ սուր մտքին կոկի՜կ, ճկո՜ւն աշխարհաբարը, որ մեր օրուանն ըլլալ կըթուի», որպէս հիացմամբ կը դատէ Ֆնտգլեան, որ սակայն, չեմք գիտեր ինչո՛ւ, գործնականի մէջ կ’ըզգուշանայ անոր հետեւելէ։

* * *

  Ո՛չ, լեզուն զոր այսօր կը գրենք, մեք դուք եւ ուրիշներ, ժողովրդին լեզուն չէ, եթէ «ժողովուրդ» բառով պէտք է իմանալ անգրագէտ դասը, ռամիկը։ Սխալ է ըսել Ֆնտգլեանի հետ թէ «ժողովրդին բառերով ու ձեւերով այսօր զարգացեալ մշակեալ դասակարգը կ’արտայայտէ իր միտքն ու զգացումները»։ Այդ վճիռն՝ զարգացեալ մտաց արտայայտութիւն՝ ինքն իր մէջ ունի իր հերքումը. ժողովրդեան ոչ­զարգացեալ, ոչ­ մշակեալ դասակարգին խօսելու սովորական կե՞րպն է այդ. ատոնք իր բառե՞րն են, իր ձեւե՞րն են. գիտէ՞ թէ ի՛նչ է զարգացեալ, մշակեալ. կը ճանչէ՞ այդ բառերու փոխաբերեալ իմաստը. գրաբարի անցեալ ընդունելութիւնք սովորակա՞ն են իրեն. դասակարգը կը հասկնա՞յ, իր բա՞ռն է. արտայայտել լսուա՞ծ է երբեք ո՛ր եւ է անգրագէտ մարդու բերնէ։ Այդ ձեր լեզուն է, այո՛, որ գրագէտ ու զարգացեալ մարդ էք ու գրական մշակեալ լեզու մը, գրաբար մը, կը գործածէք, ինչպէս ժողովուրդը կը կոչէ ձեր այդ լեզուն, բայց իրը չէ՛, ձե՛ր լեզուն որ, ինչ որ ալ ըսէք, չէ զերծ հին գրաբարի ձեւերէն՝ ժողովրդեան անսովոր, եւ որ ունի իր մէջ հազարումէկ գրաբար խրթին բառեր, արուեստաւոր կազմութեամբ, վերացեալ նուրբ իմաստներով, փոխաբերեալ առումներով, ուսումնական յատուկ նշանակութեամբք, որք ամէնքն ալ անիմանալի ու անծանօթ են ժողովրդին։ Դուք եւ ձեր ընկերք, հակառակ ձեր բուռն ջատագովութեանց ժողովրդեան լեզուին սղման եւ պարզման յատկութեանց, կը գործածէք գրաբարի հոլովման ու խոնարհման յատուկ ձեւեր. կը գրէք, մեզ նման, ո գւոյն, գրուածոց, մաշման, փոփոխութեանց, Մխիթարեանք, Մխիթարեանց, Անգլիացւոց, պահանջմանց, կարծենք, գոգցես, ի տես այդ առաքեալի, ո ւսուցած, կը մատուցանեն, կը հատուցանեն, կը սնուցանեն, վերանալ, հիւանդանալ, աղքատանալ, սնանիլ, ուսանիլ եւն եւն։ Կը գործածէք այն գրաբար բայերն որք մեր ժողովրդական լեզուին մէջ խափանուած են եւ որոց տեղ ժողովուրդն ունի ուրիշ բառեր, ինչպէս խնդրել (ուզել. խնդրել ժողովրդեան լեզուին մէջ խնդիրք ընել է Աստուծմէ, թագաւորէն եւն), լուծել (քակել), ուսնիլ կամ ուսանիլ (սորվիլ), գծել (քաշել), շ րջիլ (պտտիլ), հերքել (ջրել), սնուցանել (նայիլ, հաց կերցունել), երկնչիլ (վախնալ), ոռոգել (ջրել), ս պառիլ (հատնիլ), բեկանել (կոտրել), եւն։ Իսկ ձեր շարադասութիւնը գաղիական է աւելի, որքան կը ներէ աշխարհաբարի կարգը կամ համաձայն այն տրամաբանական կարգին որուն շատ աւելի ընդունակ է գրաբարը՝ առանց զայն իր բացարձակ օրէնքն ընելու, ինչպէս երբ կը գրէք, «Ուրեմն հարկ էր գրել աշխարհաբար, եւ հնազանդեցան, ակամայ, այս հարկին». նոյնպէս երբ կը գրէք, «Եւ այդ փոփոխութիւնն է որ հիմայ մեզ այնքան տարօրինակ կը ցուցնէ հին ձեւը լեզուի»։ Կը տեսնէք որ, հակառակ ժողովրդական աշխարհաբարի սովորական կարգին, դուք բայը իւր խնդրէն առաջ կը դնէք եւ երբեմն ալ յատկացուցիչը իւր յատկացեալէն յետոյ։ Դուք աշխարհաբարին սղած կամ այլափոխած բառերը կը գործածէք իրենց գրաբարի վերահաստատեալ ձեւերովն, ինչպէս այրիլ (էրիլ), այր (էրիկ), եղբայր (աղբար), երանի (երնէկ), կանգնիլ (կայնիլ), ծագիլ (ծաթիլ), թօթափել (թօթուել), դատարկ (դարտակ), մանր (մանտր), ծանր (ծանտր), ցերեկ (ցորեկ), եւն, եւն։

Բ.

Արդարեւ ժողովրդական լեզուներուն յատուկ է պարզել. բայց այդ պարզումը միայն հոլովմանց ու խոնարհմանց եղանակներու մասին չէ, այլ աւելի հեռուն կ’երթայ եւ ուրիշ բաներու վրայ ալ կը տարածուի։ Ժողովուրդը չի գիտեր ու չ’ուզեր գիտնալ ու որոշել գլխաւոր գաղափարի մ’այլ եւ այլ զանազանութիւնները, գոյներն, եւ յաճախագոյնս միայն մէկ բառ ունի գրագիտին հոմանիշներուն դիմաց։ Նա ձար, հեր, վարս, մազ, գէս, ստեւ բառերուն մէջէն մազ ը գիտէ. աղջկան մազը, ձիւն մազը, ուղտին մազը, այծին մազը կ’ըսէ։ Նա միայն ձայն (ձան) բառով կը բացատրէ մարդուն, բազմութեան, անասնոց, հովին, ծովին, ծառին, ամպին, մրրկին, նուագարանին, մետաղին լսելի ըրած ձայնական թրթռումները, զորս կը զանազանէ գրագէտը ձայն, հնչիւն, ճիչ, աղաղակ, խղուըրտիւն, բարբառ, գոչիւն, շկահիւն, մայիւն, մլաւիւն, բզզիւն, բառաչ, պոչիւն, մռընչիւն, կաղկանձիւն, խրխինջ, վրնջիւն, շաչիւն, շառաչիւն, բոմբիւն. սօսաւիւն, խօշիւն, մրմունջ, խոխոջ, կարկաջ, բախիւն, թինդ, ճողփիւն, գոռիւն, բաբախիւն, տրոփիւն, դոփիւն եւն բառերով։ Նա չի գիտեր ճաճանչ, ճառագայթ, շող, նշոյլ. փայլ, շառայլ, շառափ, պատշէկ, այլ այս ամենուն դէմ ունի միայն լոյսը (լուս)։ Գոյն, թոյր, երփն, երանգ բառերէն միայն գոյն ը գիտէ։ Ձիուն ագի ն, շան կամ առիւծին ձետ ը, ձկան տտունը, վարսամին գէսը իրեն համար պոչ են առհասարակ։ Կազմել, յօրինել, կերտել, հաստել, կառուցանել, յարդարել, հեղինակել, նկարել, կռել, կոփել բառերուն իմաստի զանազանութիւնք գոյութիւն չունին իրեն համար եւ ամէնքն ալ իրմէ կը բացատրուին շինել բայով, տուն շինել, գիրք շինել, պատկեր շինել, արձան շինել, եւայլն։ Հանդերձ, զգեստ, ձորձ, տարազ իրեն համար լաթ են։ Վէմ, գիլ, ժայռ, քար, բռնաքար, որձաքար, ակն բառերուն մէջէն քար ին միայն ծանօթ է։ Զարդարել, պճնել, պաճուճել, շքեղազարդել, գեղազարդել իրեն համար շտկել են, եւն։ Այսպէս ժողովրդեան բառարանը շատ աղքատ է հոմանիշ եւ մերձիմաստ բառերու մասին եւ հետեւապէս անբաւական՝ զարգացեալ մտքին համար որ նմանութեանց մէջ տարբերութիւնքն ալ կը նշմարէ եւ զայնս բացատրելու հարկը կ’զգայ, մանաւանդ թէ, ի պէտս իւր նուրբ ճաշակին ու արուեստին, երանգաց ու ձայնից զանազանութեան պէտք եւս ունի։

* * *

Դարձեալ, բարդութեան եւ ածանցման մասին ժողովրդական լեզուին բառակազմական արուեստը շատ անկատար է ըստ ինքեան։ Թէ եւ ռամիկ լեզուն ունի իրեն յատուկ բարդ բառերն ( ծուռբերան, ծռվիզ, ծռազատիկ, ծակաչք, կտրեկցուկ, խօսմռուկ, անորդիք, վարպետորդի, թուքումուր, արունկզակ, բացբերան, հաւկիթ, մոմլաթ, երկանթաթիկ, մայրնմանակ, ողջոյնձեւ, բանթող, աստուածավախ, բարեւագիր, լեղապատառ, քարսիրտ, բուխսիրտ, արեւազարկ, կունտուկլոր բառից եւ նմանեաց պէս), եւ իրեն օտար չէ բարդելը, մանաւանդ առանց ա յօդի, բայց սա ստոյգ է որ իրեն սովորականն է գործածել պարզ բառեր եւ բաղադրեալ իմաստները մէկէ աւելի բառերով վերլուծեալ ձեւով յայտնել, եւ աստ պէտք է դիտել թէ՝ եթէ ռամիկը բառը կը սղէ, բացատրութիւնը կ’երկարէ։ Երկինքէն ղրկուած, իջած կ’ըսէ փոխանակ երկնառաք, երկնիջակ ըսելու, տերեւներով հիւսուած կ’ըսէ փոխանակ տերեւահիւս ըսելու, վեր կը բռնէ կ’ըսէ փոխանակ կը նախընտրէ, կը նախապատուէ ըսելու, աղէկութիւն ուզող՝ փոխանակ բարեացակամ, կրակէն էրած ՝ փոխանակ հրկիզեալ, սիրտ քաշող ՝ փոխանակ սրտագրաւ, երեք յարկով ՝ փոխանակ եռայարկ, երեք ոտքով՝ փոխանակ եռոտանի, դիւրին հասկցուելիք՝ փոխանակ դիւրիմաց, դիւրըմբռնելի, լեռան պէս բարձր՝ փոխանակ լեռնաբերձ, կուրծքին ոսկորը ՝ փոխանակ կրծոսկր, սիրտը կոտրած՝ փոխանակ սրտաբեկ, սրտառուչ ըսելու, եւն։ Արդ, առէք, զոր օրինակ, Ա. Չ. ի լեռան ծաղիկը մակագրեալ բանաստեղծութիւնը (հրատարակեալ ի Մասիս, Թիւ 3968) եւ համրեցէք անոր մէջ տեսնուած գունագեղ բարդ բառերն, մանաւանդ ածականներն (հեշտօրօր, դալկահար, սայրասուր, նորատի, փառաշուք, լեռնայած, հիւթազեղուն, մրրկազայր, ոսկեճամուկ, հրալիր, ճախրասլաց, ակնաշլաց, լուսամած, եւ այլն. ), եւ ըսէք թէ այդ ժողովրդեան լեզուն կը խօսինք ըսողները զարմանալի պատրանքի մը ենթակայ չե՞ն կամ չե՞ն ուզեր ենթարկել իրենց ընթերցողները։ Ժողովուրդը, գրքերու մէջէ հին ու նոր գրական բարբառքը չուսանող մէկը ոչինչ կը հասկնայ այդ բառերէն ու անոնց գիտուն կազմութենէն, որոց շատին տարերքն ալ զուտ գրաբար են։ Ու Ֆնտգլեան կ’ելնէ ըսել թէ «գրաբարեանք գրքի՜ բառեր, գրակա՜ն ասումներ միշտ կը գործածեն, երբ կը կենայ խօսուած լեզուին բառն ու ասումը, կենսալիր, ազդեցիկ, ուժեղ, դիւրիմաց»։ Արդեօք այս վերջին բառե՞րն ալ ժողովրդեան շրթանց վրայէն քաղեցին։

Նոյնը պէտք է ըսել ածանցներու մասին ալ։ Մեր արդի գրական լեզուին սովորական դարձած ածանցական բազում մասնիկներ անսովոր են ժողովրդեան լեզուին։ Սա ունի իրեն ընտանիներն ու յատուկներն, ան (հաջան), էք (ջրօրհնէք), չէք (աւուրչէք), ծու (շինծու), իկ, ուկ ( աղուորիկ, տաքուկ), ցու (տիրացու), ուի (աչուի, սեւաչուի), պան (ջորեպան), ոտ (քարոտ), բայց կան այլ եւ այլ մասնիկներ որոց անընտել է, ինչպէս (ա) կան, օրէն, բար, ային, եայ, եղէն, եղ, ուտ, ոյթ, արան, իչ, ոտի, գին, ոյց, եցիկ, ին, իւն եւայլն, եւ զորս արդի գրական աշխարհաբարն հին գրաբարէն կը ճանչէ։ Նախադաս մասնիկներն ընդհանրապէս, իսկ յոյն մասնկանց նմանօրէն շինուածներն (դեր, ներ, գեր, ստոր, շաղ, տրամ, բաղ, արդ, ենթ, յար, շար, փաղ, վեր, պար, տար, փոխ, մակ, հակ, հոմ, համ) բացարձակապէս օտար են իրեն։ Այս մասին ալ ռամիկը սովոր է վարիլ վերլուծական եղանակաւ. յաճախ կը հոլովէ բառը կամ նախադրութիւն մը կը յաւելու փոխանակ ածանցելու, մէկէ աւելի բառ կը գործածէ ածանցեալ միակ բառին իմաստն յայտնելու համար։ Աստուածային շնորհ չ’ըսեր, այլ Աստուծոյ շնորհք, չ’ըսեր մարդկային բնութիւնն՝ այլ մարդուս բնութիւնը, ո՛չ ուժեղ կամ ուժգին՝ այլ ուժով, ո՛չ արծաթեայ, պղնձի, ոսկեղէն՝ այլ արծաթէ, պղնձէ, ոսկիէ, ո՛չ անբուժելի, անդարման՝ այլ չբժշկուելիք, տէրման չունեցող, ո՛չ ստորերկրեայ՝ այլ գետնին տակի, ո՛չ գերերկրեայ՝ այլ երկրէս վերի, եւայլն։ Ապա ուրեմն մեր եւ ձեր լեզուին շատ մ’ածանցեալ բառերն իրենց կազմութեամբ անհասկանալի են ժողովրդեան ու իրենը չեն։ Եւ ձեր պարբերութեանց գիտուն ու ճարտարարուեստ կազմութիւնը, շաղկապներով ու յարաբերական դերանուններով սերտիւ յօդաւորեալ, կը կարծէ՞ք թէ ժողովրդեան խօսելու կերպերուն շատ համաձայն բան մ’ըլլայ եւ գէթ դիւրամատչելի անոր մտաց։ Չմոռնանխ բառից այն շատ մ’առումներն զորս ստացած են, անկախաբար իրենց նախնական իմաստէն, ընդլայնմամբ կամ սեղմամբ այս վերջնոյն, գործածուելով իբրեւ ուսումնական բառ զանազան ուսմանց եւ գիտութեանց մէջ, եւ այն բառերն ալ զորս սոքա յարմարած ի լոյս բերած են իրենց պէտքին համար, ռամկին անսովոր գրաբար ձայնը յաճախ սովորական ընելով գրական նոր լեզուին մէջ, ­ առմունք եւ բառք որոց գիրքն ու դպրոցը միայն կարող են սովրեցնել գործածութիւնն։ Յայտնի է թէ մեր Պոլսոյ ռամկօրէնն ըստ ինքեան շատ աղքատ է յատուկ ոճերու մասին, եթէ ի բաց առնունք թուրքերէնի նմանութեամբ շինուածներն, որք չէին կրնար անխտիր առհասարակ անցնիլ գրական լեզուին մէջ առանց տալու անոր տարբեր երեւոյթ մը։ գրաբարի ազդեցութեան տակ նոր գրական լեզուն այդպիսիս արշաւանքին մը վտանգէն քիչ թէ շատ զերծ մնաց, ներմուծելով՝ փոխարէն՝ գրաբար համապատասխան բառեր եւ ասութիւններ եւ այս կերպով մաքրուելով, ազնուանալով ու հարստանալով միանգամայն։ Այժմ գրականութեան ընտանի եղած են ի գութ ածել, ի գործ դնել, առկախ թողուլ, ի նկատ՝ ի քնին առնուլ, զանց առնել, անտես ընել, ի բերան ուսանիլ, միտ՝ ուշ դնել, ձեռնտու ըլլալ, փոյթ՝խնամ տանիլ, ջանադիր ըլլալ, ձեռք կարկառել, մազապուր ազատիլ, ցոյց տալ, տուն տալ, ի բաց առնուլ, ի նպաստ, յօգուտ (մէկուն), ի վարձ, ի քաջալեր, յանձին (անոր), ի պաշտօնէ (ծանուցանել), յականէ յանուանէ (յիշատակել), ա ռ այս, ի վիճակի (ըլլալ), ըստ մեծի մասին, ըստ այսմ, ընդ հսկողութեամբ, ի հարկէ, եւայլն, եւայլն գրաբար կամ գրաբարակերպ ոճեր, նախդրիւ հոլովներ ու մակբայակերպներ։ Աւելորդ է ըսել թէ աշխարհաբարի մէջ խափանուած մնացած կամ համարուած գրաբար բայեր կամ բայից նշանակութիւնք՝ բարդութեանց ու ածանցմանց մէջ սակայն միշտ անարգել երեւցած են իրենց արմատովն ու հին նշանակութեամբն, որպէս՝ դալկա հար (հարկանել), քսակա հատ (հատանել), շան թընկէց (ընկենուլ), սեւա զգեաց ( զգենուլ), աղեղնա ձիգ, ձգ ողութիւն (ձգել), ակն արկ (արկանել), բազմա վաստակ, ան ընթեռնլի, ան մատոյց, գահա վէժ, եւ այլն։

* * *

Այսչափը, կարծեմ, բաւական է ցոյց տալու համար թէ ինչ որ այսօրուան գրական աշխարհաբարը կ’անուանեմք, նոյն իսկ այն զոր կը գրեն ժողովրդական լեզուի ջերմագոյն պաշտպաններն, բազու իւիք հեռացած է ժողովրդեան աշխարհաբարէն ու մերձեցած հին գրաբարին, եւ ինքն ալ երկրորդ գրաբար մ’եղած է գրեթէ։ Անշուշտ միշտ հոլովման, խոնարհման, նախդրաց ու խնդրառութեան դրութեանց մասին քերականութեան հիմը ռամկօրէնինն է, որ զինքը հինէն որոշող գլխաւոր յատկանիշն է, բայց գրաբարի քերականութիւնը կը պահէ դեռ, դափով մը, իր օրէնսդիր իշխանութիւնը որ ժամանակին հետ ալ աճած է եւ ոչ նուազած. փոխարէն՝ բառից մթերքն ամենամեծ մասամբ գրաբար եղած է, եւ քերականութեան բառակազմական մասն ընդունած է անպայման գրաբարի օրէնքները։ Լեզուի խնդրոյ մէջ կարեւորութիւն ունեցող բանը, մանաւանդ գրականութեան տեսակէտով, միայն հոլովման ու լծորդման յանգաւորութիւնքը չէ, այլ անոր բառերու պաշարը, կցելու եւ բարդելու հանգամանքները, շարադասութիւնը, գաղափարական զարգացումը եւ արտայայտութեան միջոցներու ամբողջութիւնը։ Այս ամէն տեսակէտներով կարելի չէ մեր աշխարհիկ գրականութեան լեզուն կտրել բաժնել գրաբարէն, «որմէ ինչպէս իւր ծնունդն առած է, նոյնպէս դեռ իւր զարդարանքը, մանաւանդ թէ դեռ հոգին ու շունչը կ’առնու», կը գրէր Հ. Արսէն Այտընեան։ Նոյն հոյակապ աշխարհաբարագէտը կը գրէր նաեւ, «Միշտ ստոյգ կը մնայ թէ նոր լեզուի մը բոլոր գանձը հնոյն մէջն է, եւ հինն ստացողը տիրած է նորոյն վրայ»։ Այս գանձէն գրական աշխարհաբարը լիաբուռն քաղեց ցարդ Ալիշանի, Այտընեանի, Գարագաշեանի, Վիեննայի եւ Վենետկոյ այլ Հարց, Պէշիքթաշլեանի, Թերզեանի, Իւթիւճեանի, Օտեանի, Ծերենցի, Տէմիրճեպաշեանի, Սեթեան, Քեչեանի, եւ նոյն իսկ Մամուրեանի, Դուրեանի, Պարոնեանի գրիչներով, որք իրենց ճոխ մտաց եւ յորդազեղ սրտին բացատրութիւն տալու համար՝ ռամկօրէնով չբաւականանալով ու կատարելագոյն ոճ մ’ունենալու հետամուտ, աւելի կամ նուազ գիտակցաբար, գրաբարի հարոնւստ բովը շահագործեցին եւ եւրոպական լեզուաց ծանօթութեան թելադրած կատարելագործումներն իրացնելու միջոց մ’ըրին զայն, ու այսպէս գրաբարեան եղան ամէնքն ալ, անշուշտ գոյնի ու աստիճանի զանազանութեամբ։ Նորագոյն գրիչներն ալ գրաբարեան են, քանի որ կը գործածեն իրենց նախորդաց պատրաստած գրական լեզուն, ու խօսքով միայն ժողովրդական են, որպէս ցոյց տուինք։ Քանի մ’ եր, քանի մ’ երու, քանի մ’ի, քանի մ’ երով աւելի, եւ մերթ ալ՝ մանաւանդ ժողովրդի լեզուն ու բարքը ներկայացնելու առթիւ՝ քանի մը ռամիկ ու թուրքերէն բառեր մեծ ու հիմնական փոփոխութիւն մը յառաջ չեն բերեր։ Պէտք է զիրար հասկնալ. աւելորդ նախանձընդդէմ վէճեր դպրոցականաց կը վայլեն։ Եթէ ժողովրդեան լեզուն կը ջատագովեն, թո՛ղ ընդունին զայն պարզապէս։ Եթէ ոչ՝ ի՞նչ կ’արժէ միշտ եւ շարունակ խնդիր յարուցանել երկու բայի, մէկուկէս նախդիրի, հին կամ նոր առումի մը։ Իրենց մօր ծիծը ճանկռտող մանուկներու չե՞ն նմանիր գրաբարին դէմ գրաբարով յարձակողները։ Լաւագոյն է որ գրեն իրենց հասկացած կերպովը քան վիճին, եւ գրաբարն հարուածելէն աւելի զայն ուսումնասիրելէն անշուշտ կրնան ծագիլ օգտակար արդիւնք գրագիտին, գրագիտութեան եւ ազգին համար։

(Արեւելք, 1892, Թիւ 2624-5)։



[1]            Տես «Մասիս», թիւ 3967, 8,