Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հայ մայր մը. Փոքրիկներ կը ծախուին. Յոյն կնոջ մը դերը.

Հռաքէլ լայր զորդիս իւր եւ ոչ

կամէր մխիթարիլ, զի ոչ էին։

Յուլիս ամսուան մէջ Պէրէճիքի շրջակայքէն եւ Եփրատի եզերքի զանազան վայրերէ հաւաքուած հայեր հասան Ճալապլուզի կայարանը՝ ընդամենը 1620 հոգի՝ այր, կին խառն եւ իրենց քահանաները միասին։ Հետեւեալ օրը գնացքով պիտի մեկնէին, եւ գիծերը անցնելու համար իրենց յատկացուցած էին կայարանի կից դաշտը, որ անհարթ քարքարուտ տարածութիւն մըն էր։ Աքսորեալները ճամբորդած էին մասամբ հետիոտն եւ մասամբ էշերով, բայց Ճալապլուզ հասնելէ ետքը էշերը գրաւեցին, ըսելով, թէ այլեւս կենդանիի պէտք չունէին, քանի որ գնացքով պիտի ճամբորդ էին։

Իրիկնամուտին ժողովուրդը սկսաւ քնելու տեղ պատրաստել։ Քարերը կը հաւաքէին, գետինը կը հարթէին, երբ յանկարծ կեցան եւ դադրեցան աշխատելէ, որովհետեւ քարերուն ներքեւ գետինը թաց էր եւ լպրծուն ցեխ մը կը ներկայացնէր։ Երկու օր առաջ յորդ անձրեւներ եկած էին, եւ ջուրը լճացած մնացեր էր քարերուն տակ։ Ցորեկուան սաստիկ տաքին յաջորդած էր թափանցող ցուրտ մը, եւ գետնի խոնաւորութիւնը բոլորովին անտանելի կը դարձնէր դրութիւնը։ Այնքան յոգնած եւ տանջուած էին տաժանելի ճամբորդութենէն, որ աքսորեալները սկսան ցրուիլ։ Որոշ սահմանէ անդին անցնիլ անկարելի էր, այնպէս որ նստեցան քարերու վրայ, տարածեցին իրենց խոնջացած անդամները եւ շատերը սպառած յոգնութենէ՝ նետուեցան խոնաւ աւազներուն մէջ։ Մանուկները միայն կը հանգչէին իրենց մօտ գիրկը, բայց քիչ մը չափահասները, չը դիմանալով կրած չարչարանքներուն, կուլային եւ կաղաղակէին։ Լացի եւ աղերսանքի այս աղեկտուր ձայները լսելով, գացինք տեսնելու, թէ ինչ կայ։ Երբ տեղեկացանք հազարաւոր հոգիներու այս անտանելի վիճակին, դրդեցինք զիրենք, որ քահանաները մէկ քանի հոգիներու հետ ներկայանան գայմագամին եւ արտօնութիւն խնդրեն քնելու կայարանին կից դատարկ ընդարձակ ամբարներուն մէջ։ Գայմագամ պէյը, որ տեսած էր այդ սոսկալի վիճակը, որուն մինչեւ ականջը կը հասնէին դժբախտ ժողովուրդին աղերսանքը եւ վայնասունը, մերժեց ընդունիլ դիմողները եւ առանց դուռը բանալու անկողնոյն մէջէն սկսաւ պոռալ.

Ո՛չ, ո՛չ, չեմ ուզեր, օլմազ, օլմազ… (չըլլար)։

Աքսորեալները յուսահատ՝ գիշերը անցուցին խոնաւ գետնին վրայ։ Առաւօտեան դէմ տեսայ զիրենք։ Ցուրտէն պաշտպանուելու համար բնազդով մօտիկցած էին իրարու, սեղմուած, կցուած էին իրարու եւ մեծ, անկենդան, կարծես միաձոյլ զանգուած մը կը կազմէին։ Լռած էին ու ապշած եւ այնքան քարացած էին իրենց անշարժութեան մէջ, որ կարծես այլ եւս երբէք չէին կարող իրարմէ անջատուիլ։

Արեւը բաւական բարձրացած էր, երբ գայմագամ պէյը իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ դուրս եկաւ։ Իրենց կընկերանային երկաթուղիի վերաքննիչ (controleur) յոյն ազգով Գոյնոբուլոս էֆէնտի եւ իր կինը։ Կիները զարդարուած մետաքսեայ հագուստներով՝ խրոխտ, ուրախ, ժպտելով եւ ծիծաղելով կը յառաջանային եւ կարծես հարսնիքի կ՚Երթային։ Ասոնք կուգային դէպի հայ աքսորեալները։ Երբ քահանան տեսաւ, որ պէյը իրենց այցելութեան կուգայ, վազեց դիմաւորելու եւ ձեռքերը դնելով պատառոտած վերարկուին կուրծքին վրայ, խոնարհեցաւ դէպի գետին ու բարեւեց եւ դողդոջուն շրթունքներով մաղթանք մը մրմնջաց։

Պէյը յայտնեց, թէ կուզէ պտոյտ մը ընել տեղահան ժողովուրդին մէջ։ Ողորմելի քահանան շուարուն եւ խռովուած շտապեց դէպի իր հօտը եւ սկսաւ գոչել կերկերաձայն։

–Ելէ՛ք, ոտքի կանգնեցէք, գայմագամ պէյը կուգայ ձեզ այցելելու. գոհ դէմքով դիմաւորեցէք զինքը, մի լաք, մի աղերսէք, այլ բարեւի կեցէք, գայմագամ պէյը կուգայ ձեզ այցելելու։

Սրտադող, յուզում, ակնկալութիւն եւ վախ կալեկոծեն ժողովուրդը, որ կըսթափի եւ կըսպասէ։

Թիւրքերը եւ յոյները շարունակելով խօսակցիլ եւ ծիծաղիլ, կը մօտենան ժողովուրդին։ Քահանային անձկալի դէմքին վրայ փոխն ի փոխ ցաւագին եւ բռնազբօսիկ ժպիտ մը կերեւայ, երբ հիւրերուն կը դառնայ եւ իր սարսափած նայուածքով կը կշտամբէ աքսորեալներէն մէկը կամ միւսը, որ հարկ եղած ակնածութեամբ բարեւի չէ կեցած, կքած ըլլալով ոեւէ ցաւով կամ տառապանքով։

Գայմագամը կը մտնէ խումբերուն մէջ, կը դիտէ մանուկները, կըսկսի քննել եւ հարցուփորձել։ Տեղահան ժողովուրդը կը հասկնայ, որ պէյը մանուկ կը փնտռէ եւ երկիւղի սարսուռ մը կանցնի բոլոր մայրերուն վրայէն եւ ամեն մէկը կը ջանայ իր զաւակը պահել քղանցքներուն տակ. ձեռքեր կը դողան անձկութենէ, նայուածքներ կը մոլորին, կին մը խելակորոյս կը գոչէ.

Ո՜վ Աստուած հարցն մերոց, մեր ո՞ր մեղքերուն քաւութեան համար է այս ժամը։

Պէյը կը խոժոռի ու կը կենայ. իր պտոյտը ապարդիւն անցած էր. չէր գտած այն, որ կը փափաքէր։ Մանուկներուն ընդդիմութիւնը, իրմէ փախելնին, անոնց վտիտ ու տգեղ կերպարանքները զինքը կը յուսահաատեցնեն։

Քահանան դողահար՝ պէյին վատ տրամադրութենէն անգամ մըն ալ կը խոնարհի, կը բարեւէ եւ կը ջանայ իր սարսափէ ծամածռած դէմքովը ժպտիլ, կուլ տալ արցունքները եւ ժպտիլ, բայց գայմագամ պէյը զայրացած է եւ հակառակ քահանային խոնարհ վարմունքին, հակառակ խեղճ ժողովուրդին ակնածական բարեւին, անիկա կը բռնէ քահանային կուրծքէն եւ զայն ցնցելով կը պոռայ։

Ո՞ւր են լաւ մանուկները, ո՞ւր էք պահեր, խայիններ, ես կուզեմ, հիմակ կուզեմ գեղեցիկ մանուկներ։

Հայհոյանքներու եւ սպառնալիքներու տարափ մը կիյնայ ժողովրդին եւ ալեւոր քահանային վրայ, որ այլայլած, գրեթէ խելագար, կը դառնայ եւ ջանալով գայմագամին զայրոյթի շեշտը կրկնել, կըսէ.

Ճանըմ, տուէք, երեւան բերէք մանուկները, տուէք, ամեն ինչ տուէք, մի բարկացնէք գայմագամ պէյը։

Ամբողջ ժողովուրդը կորոտայ զայրոյթով եւ անէծքով, իրենց յուսահատութեան թափին մէջ կը մոռնան երկիւղը, գրեթէ կենդանական զգուշութիւնը, որ զիրենք անբան վիճակի վերածած է։ Քահանան շուարած՝ մէկ մը կը դառնայ գայմագամին, որ միշտ կը գոռայ, կը դառնայ ժողովուրդին, որուն զայրոյթը հետզհետէ կը մարի աղիողորմ հեծեծանքի մը մէջ։ Ծեր կիներ յուսահատական աղօթքներ կը մրմնջեն, մէկը չի համարձակի տեղէն շարժիլ, կարծես ամենքն ալ անօրինակ աղէտի մը կը սպասեն։

Այդ միջոցին յոյնին կինը գայմագամին այս զայրոյթը տեսնելով, կուգայ դէպ իրեն եւ փաղաքշական խօսքերով կը ջանայ զայն հանդարտեցնել։

Մի բարկանաք, պէյս, կըսէ ծեքծեքալով, ես հիմակ գեղեցիկ մանուկները դուրս կը հանեմ, դուք այս հայերուն խորամանկութիւնը չէք գիտեր, թէ ինչ աստիճանի է. ես կը գտնեմ, միայն թէ դուք հանդարտեցէք։

Իսկ Գոյնոբուլոս էֆէնտին նոյնպէս կը ջանայ պէյը հանդարտեցնել եւ կըսէ.

Սպասեցէք մէկ վայրկեան, հիմա տիկինս ձեր փափաքածը կը բերէ։

Տիկին Գոյնոբուլոս կը սողոսկի խումբերու մէջ, ուր խոժոռ, լռին եւ արցունքոտ դէմքերով կընդունին զինքը։ Ամենէն փոքրերն իսկ կարծես զգալով, թէ սպառնալիքը իրենց մատղաշ գլուխներուն վրայ կախուած է, բնազդմամբ լուռ կեցած են, եւ ոչ մէկ մանկական ճիչ չի բարձրանար այդ ծանր եւ դաժան րոպէին։

Յոյն կինը կը գտնէ վերջապէս իննը տարեկան որբ աղջիկ մը, որուն հայրը թիւրքական բանակին մէջ իբրեւ զինուոր մեռած էր, իսկ մայրը՝ աքսորի ճամբուն վրայ։ Անիկա նիհար դէմքով, ճերմակ մորթով, սեւ աչքերով, առատ մազերով սիրուն աղջիկ մըն էր, որ գլուխը ծածկած էր սեւ  եազմայով մը, որ մօրը սուգի եազման էր։ Տխուր էր եւ սրտաբեկ, բայց իր սիրուն դէմքը հաճելի կերեւայ պէյի հանըմին, եւ որովհետեւ ոչ մէկ պաշտպան կամ տէր չունէր, զինուորի մը միջոցաւ ղրկեցին պէյի տունը։

Աղջիկը մեկնելէ առաջ գլխիկոր նայեցաւ հայ աքսորեալներու խումբին եւ կարծես կը վարանէր յառաջանալու. իր տրտում աչքերը կըսէին.

Ինձ վերջին համբոյր մը տուող չի կա՞…

Դրացիին կինը հասկցաւ որբուկին մտածումը, կանչեց զայն եւ ըսաւ.

Եկու, մօրդ տեղ ես համբուրեմ քեզի։

Եւ երկու այտերէն համբուրելով, զայն յանձնեց թշնամիին ձեռքը։

Գայմագամ պէյը քիչ մը հանդարտած էր, եւ յոյն կինը քաջալերուած՝ մտած էր կրկին խումբերուն մէջ եւ այս անգամ մանչ մը կը փնտռէր, որովհետեւ պէյը կը նախընտրէր մանչ մը գնել։ Աշխուժով եւ շտապով յոյն կինը կը փնտռէր աստին–անդին եւ հայ մայրեր աչքերնին գետին կը խոնարհէին, որպէսզի այդ կնոջ աչքերուն չի հանդիպի իրենց նայուածքը։ Անիկա վերջապէս աքսորեալ կնոջ մը քղանցքին ներքեւէն հանեց սիրուն մանուկ մը։ Մայրը կաղերսէր, կուլար եւ ձեռքը ոտքը կը համբուրէր յոյն կնոջ։ Բայց անիկա ամուլ կին էր եւ բնութիւնը զրկեր էր զինքը մայրական զգացումէ։ Առանց ուշադրութիւն ընելու մօրը արցունքներուն սկսան պոռալ։

Պէ՜յ, պէ՜յ, հոս եկէք, տեսէք ի՛նչ սիրուն է։

Պէյը մօտեցաւ եւ ժպտեցաւ. իր ճաշակին յարմար էր այս մանկիկը։ Հազիւ վեց տարեկան կար, գիրուկ էր, ճերմակ եւ սեւ աչուի։ Յոյնը ջանքեր կընէր մանուկը խլելու մօրմէն, բայց անիկա գերմարդկային ջանքեր կընէր պահպանելու համար զաւակը եւ կուրծքին վրայ պինդ սեղմած էր իր մանկիկը։ Մօրը այս յուսահատական փարումը գգուանք կարծելով, մանկիկը գլուխը կը բարձրացնէր, մօրը երեսները կը համբուրէր եւ պէյին տուած նիքելէ մեթալիքը ցոյց կուտար։

Յոյն պաշտօնեան կնոջը մօտ եկած էր եւ երկուքը մէկ պէյին կարժեցնէին եւ կը գովէին մանուկին գեղեցկութիւնը, առողջութիւնը, լաւութիւնը։ Խեղճ մայրը սարսափահար այս անցուդարձէն՝ կուզէր զաւակին հետ փախչիլ եւ խումբին մէջ անհետանալ, բայց գայմագամի հրամանաւ զինուորները բռնած էին զինքը եւ փախուստը կարգելէին։

Պէյը տեսնելով մօրը ընդդիմութիւնը, որ հետզհետէ կատաղութեան կը հասնի, ժանտարմաներուն կը հայհոյէ, ոտքով կը զարնէ գետինը, գլուխը կը շարժէ զայրոյթով եւ իր բոլոր կատաղութիւնը քահանային վրայ թափելով, կը պոռայ.

Անմիջապէս մանուկը պէտք է զինուորներուն յանձնուի, որ տուն տանին։

Փոքրիկին հայրը մէկ կողմ կեցած՝ ապուշի պէս կը դիտէր եւ կարծես ամեն զգացում կորսնցուցած էր։ Քահանան դէպ իրեն եկաւ ու ըսաւ.

Եթէ զաւակդ չի յանձնուի… մտածեցի՞ր, թէ ինչ կուգայ մեր ամենուս գլխուն… գայմագամ պէյը զայրացած է, մտածեցիր, թէ ի՞նչ կը պատահի այս ամենուն…

Կարծես վանելու համար ակներեւ եւ ծանր սպառնալիք մը՝ անիկա խաչակնքեց ու կեցաւ։

Հայրը ինքնակորոյս եւ մեքենաբար մօտեցաւ կնոջը. վախը եւ հայրական սէրը դողդոջուն կը դարձնէին զինքը, բայց բազուկները երկարեց, առաւ մանուկը, որ մայրը վստահեցաւ հօրը իբր աւելի ուժեղ եւ վստահելի պաշտպանի։

Հայրը մանուկը յանձնեց զինուորներուն։ Երբ մայրը իր մադուն գիրկը դատարկ տեսաւ, հասկցաւ. մազերը կը փեթտէր, երեսները կը ճանկէր եւ ամուսնոյն վրայ յարձակելով, կը պոռար անդադար։

Որո՞ւ տուիր զաւակս, ինձ վերադարձուր զաւակս։

Պէյի խումբը իր պտոյտը կատարած էր եւ մանուկին գինը՝ մէկ մէճիտ վճարելով քահանային, հեռացան։ Որբուհին անտէր էր, անոր համար չի վճարեցին, իսկ յոյն կինը գայմագամին արտօնութեամբ վերցուց 15 տարեկան աղջիկ մը ծառայութեան համար։

Պէյի հրամանով ապրանքատար վակոններ յատկացուցած էին տեղահան ժողովուրդին եւ հրամայուած էր շտապով հեռացնել զիրենք։ Շարք շարք կը դիզէին աքսորեալները վակոններու մէջ։ Որդեկորոյս մայրը տեղէն չէր շարժած, կուլար, կողբար, մէնիներ կըսէր, քարեր կը ժողվէր եւ մանուկը կորսնցուցած տեղը գերեզմանի ձեւով կոյտ մը կազմելով, գլուխը կը զարնէր գետնին եւ անմխիթար ցաւով կուլար, դէմքը այլափոխուած էր արցունքի առատութենէն եւ անիկա մարդկային երեւոյթը կորսնցուցած էր կարծես։ Աքսորեալներէն ամեն մէկը այնքան ծանրաբեռնուած էր առանձին տառապանքներով, որ անուշադիր մօրը ցաւին՝ կանցնէին կերթային, իսկ ամուսինը դաշտին ծայրը կեցած յուսահատ, լքուած, աչքերը վայրահակ, չէր համարձակեր կնոջը  մօտ երթալ։

Բայց անմխիթար մօր լալիւնը եւ եղերերգները կը հասնէին մինչեւ գայմագամին եւ անիկա անհանգիստ էր այդ յուսահատ աղաղակներէն։ Հրամայեց զինուորներուն բռնութեամբ հեռացնել կինը, խեղդել այդ ձայնը, եւ ժանտարմաները կուզէին զայն տանել, փակել վակոնի մը մէջ։ Բայց մայրը կը կռուէր, կաղաչէր ու կը պաղատէր, որպէսզի զինքը չի հեռացնեն եւ զաւակը դարձնեն իրեն։ Կնոջը արցունքներէն ժանտարմաներու մոյկերը գրեթէ ամբողջովին ողողուած էին, բայց պէյին հրամանը պէտք էր կատարել, եւ սկսան զայն քաշքշելով տանել առանց անոր աղերսանքին լսելու։ Հագուստները պատռտեցան եւ քարերու վրայ քաշքշուելով, ոտքերը եւ սրունքները արիւնոտեցան. այսպէս հասցուցին այդ կինը դէպի գնացքը եւ գրեթէ անկենդան վիճակի մէջ նետեցին վակոնը։

Պէյի տան մէջ մանուկները կը հագուըցնեն, անուշեղէններ կուտան եւ ամեն ջանք կընեն անոնց սիրտը շահելու։ Փոքրիկ մանչուն հագցուցեր էին զարդարուն լաթեր, բայց աղջիկը մերժեր էր հագուիլ ու զարդարուիլ։ «Ես կարմրագոյն հագուստ չեմ ուզեր. ես սեւ պէտք է հագնիմ», կը պնդէր անիկա։

Ինչո՞ւ, աղջիկս, կըսէին, զինքը փաղաքշելով։

Իմ հայրս ու մայրս մեռած են, ես սգաւոր եմ։

Ամիս մը անցեր էր եւ 9 տարեկան որբուհին մազերը միշտ ծածկած էր սեւ եազմայով։ Բոլոր ջանքերը ի դերեւ ելան։ Անոր սրտմտած եւ տրտում դէմքին վրայ երբէք, բայց երբէք ժպիտը չի երեւցան։ Տխուր եւ սգաւոր՝ անիկա կը մնար գրեթէ անհաղորդ ուրիշներուն եւ առանձնացած իր անյաղթելի վիշտին մէջ։ Ազդուած այս յամառ տխրութենէն եւ վախնալով, որ այդ սգաւոր աղջիկը դժբախտութիւն պիտի բերէ իրենց տունին, հրաժարեցան անկէ եւ ուրիշ հայ աքսորեալներու խումբի մը հետ ճամբայ հանեցին դէպի Միջագետք։