Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Պէրէճիքէն անցնող հայերու խումբեր. Մուրա՜տ [1] մեր մուրատը կատարեցիր։

Մօտ 20, 000 հոգի կին եւ երեխայ, որոնք զանազան վայրերէ տեղահանուած հայեր էին, մեծամասնութեամբ խարբերդցի եւ էրզրումցի եւ որոնք կը գտնուէին Եդեսիոյ մէջ (Ուրֆա). կառավարութեան հրամանով տեղափոխուեցան Պէրէճիք։ Այստեղի թիւրքերը, որ ծայրայեղ կերպով հայատեաց էին եւ կը սպասէին այսպիսի առիթի մը, թափուեցան աքսորեալներու մէջ եւ՝ «Ասոնք մեր գերիներն են, մեր դէմ կռուող ժողովուրդն է» ըսելով, սկսան կողոպտել եւ առեւանգել։ Ամեն մէկ թիւրք աղջիկ մը կամ կին մը վերցուց. նոյն իսկ 12 տարեկան աղջիկները տարին կնութեան առնելու համար։ Ծեր կիներ, սէպապ է (Աստուծոյ ընդունելի է) ըսելով, կուգային, աղջիկներ կը տանէին իրենց բացակայ որդիներուն համար։ Թիւրք ժողովուրդին թոյլատրուած էր ամեն տեսակ վարմունք եւ հայ աքսորեալները ենթարկուած էին անոր քմահաճոյքին եւ ոչ մէկ բան զիրենք կը պաշտպանէր ամեն կարգի նախատինքներու, կամայականութեանց դէմ։ Իմ ծանօթներէս մէկը՝ Հասան էֆէնդի, որ 50 տարեկան մարդ էր, ինձ կըսէր առանց քաշուելու.

Տասնհինգ տարեկան աղջիկ մը կար, շատ ալ գեղեցիկ. որքա՜ն համոզեցի, որ իր կամքով ամուսնանայ հետս, անիկա մերժեց. ես մեղքացայ զինքը եւ չուզեցի բռնանալ եւ իմ եղբօրս տուի, որ ինձմէ  10 տարով փոքր է։

Աքսորեալները երկու շաբաթ մնացին ՊԷրէճիքի դաշտին մէջ. այլեւս ոչ աղջիկ մնացած էր իրենց մէջ, որ մանուկ, որովհետեւ ոչ միայն տեղացի ժողովուրդը, այլ եւ շրջակայ գիւղերու գիւղապետները կառավարութեան հրամանով եկան եւ իրենց բաժին ինկած աղջիկները ու մանուկները տարին։ Մնացեր էին միայն պառաւներ եւ հիւանդացած երեխաներ, որոնք յաջորդարար մահացան եւ այսպիսով 20, 000 հոգինոց աքսորեալներու խումբը բնաջինջ եղաւ։

Գարաճեան անունով հայ կին մը, որ Պէրէճիքի շրջակայ գիւղերէն մէկուն մէջ թիւրքերու ձեռք ինկած էր, լսելով որ մօտերը հայեր կան, հետեւեալ երկտողը յաջողած էր ղրկել.

«Ես եւ աղջիկս ողջ ենք, իմ ամուսինս կը գտնուի Ամերիկա. խնդրեմ իրեն նամակ գրէք, որ գայ մեզ ազատէ։ Մենք անտանելի չքաւորութեան մէջ ենք, խնդրեմ մեզի օգնեցէք դրամով։

Տասը տարեկան քիւրդ պատանի մը իրենց գիւղը գտնուող հայ կիներու մասին կը պատմէր այսպէս.

«Ամեն առաւօտ անպատճառ կը լուացուին եւ շատ ջուր կը գործածեն. չեն ուզեր մեր քով նստիլ, կըսեն, դուք աղտոտ էր, ձեր վրայէն վատ հոտ կուգայ. մեր տուած հացը չեն ուտեր, ըսելով, թէ չոր է. կըսեն, մեր երկիրը լաւ կուտէինք։

Հարցուցի քիւրդին.

Տղայ, ինչո՞ւ չոր հաց կուտաք։

Անիկա պատասխանեց.

Հայրս մասնաւոր չոր հաց կուտայ, որ մեռնին, հետզհետէ գրգռուելով, քիւրդ տղան աւելցուց.

Կեաւուր կնոջ աղջիկը ուզեցինք եղբօրս համար, չի տուին, ի՞նչպէս մենք անոնց կակուղ հաց տանք. բայց ունիմ իմ տարիքիս փոքր աղջիկ մը, որ շատ լաւ հէքիաթներ կը պատմէ, ես այդ փոքր աղջիկը շատ կը սիրեմ։

- - - -

Սենեակիս մէջ նստած էի, երբ թիւրքերուն ձայնը լսեցի, որ կը պոռային։

–Եէսիր կէլեոր, եէսի՜ր, եէսի՜ր (գերի կուգայ կոր, գերի, գերի)։

Թիւրքերը հայերը կանուանէին կամ եէասիր կամ մուհաճիր (գերի կամ գաղթական)։

Միջօրէ էր եւ սաստիկ տաք. արեւը այնքան կիզիչ էր, որ թռչունները մտած էին ժայռերու շուքին ներքեւ. սենեակին մէջ ջերմաչափի աստիճակը բարձրացած էր մինչեւ 42։ Հակառակ այս տօթագին ժամուն, աքսորեալները կը քալեցնէին եւ ես հետաքրքրութենէ մղուած՝ դուրս վազեցի եւ թիւրքերու մէջ խառնուելով, գացի դիմաւորելու հայերը։

600է աւելի բազմութիւն մը կիջնէր բլրակէ մը դէպի ընդարձակ եւ աւազուտ դաշտը։ Անոնք ոչ թէ կը թալէին, այլ կը գլորուէին. երբ տեսան Եփրատը, իրենց ուղին փոխելով, դիմեցին դէպի ջուրը. մանուկները ետ չի մնալու համար՝ իրենց մօրը քղանցքներէն կախուած կըշտապէին դէպի գետը. յղի կիներ պապակած չէին կարող քալել եւ նստած էին աւազին վրայ. ծեր կիներ, չորացած տիկերը պատրաստելով, դէպի ջուր կերթային. երիտասարդ ու մանուկ, խելայեղ, հեւիհեւ դէպի գետը կը վազէին եւ այդ թծուառացած, անօթի եւ ծարաւած բազմութիւնը մահուան սարսափի դառնութիւնը զգալէ ետքը՝ կարծես դէպի կեանքը կը վազէր… հակառակ որ Եփրատի ափունքը տակաւին դիակներով լեցուն էին եւ ջուրը ապականուած էր նեխութիւններով։

Խումբին ետեւը մնացեր էին 7–8 բոկոտն տղաք եւ աղջիկներ, որոնց ոտքերը աւազի տաքութենէն խաշուած ըլլալով, կը կաղային եւ կուլային։

Ժանտարմաները տեսնելով, որ իրենց առաջնորդած խումբը դէպի ջուրը կուղղուի, ձիերնին մտրակելով, հասան դէպի աքսորեալները եւ սկսան գոռալ, կոչել, խարազանել  եւ խումբը ետ դարձուցին։ Ողբ ու լացը, աղաչանք, ժանտարմաներու հայհոյանքը, մտրակներու շաչիւնը իրար խառնուելով, բռնած էր աշխարհը։ Ու պապակած ժողովուրդը առանց ջուրին մօտիկնալու անցաւ մեր առջեւէն։ Այդ պահուն լռած էին այլեւս. բոլորն ալ  յուսահատ, աչքերնին մոլորուն, այլանդակուած դէմքերով, որոնցմէ շատերը կապտած էին խարազանի հարուածներէ. ձայն, շպտուն չէր լսուեր, բոկոտն ոտքերու թաւ աղմուկը կը խշրտացնէր միայն արեւէն տաքցած աւազը, եւ կամ մանուկներ ժանտարմաներու հեռաւորութենէն քաջալերուած՝ մօրերնուն կը ցուցնէին գետը, ջուր խնդրելով։

Աքսորեալները ճամբուն վրայ ձգեցին երկու դիակներ. յղի կին մը եւ մանուկ մը։ Դիակները անթաղ մնացին. երկրորդ օրը թիւրք մը ղրկեցինք, լայնօրէն վարձատրելով, որ երթայ թաղէ զանոնք. վերադարձին կը պատմէր, թէ դիակները մերկ էին. գիւղացիները կողոպտեր էին անոնց ցնցոտիները, ինչպէս միշտ կը պատահէր։

Աքսորեալներուն ետեւէն կուգար ժանտարմաներու տանսապետը, որի շուրջը հաւաքուեցան տեղացի թիւրք հանդիսատեսները, ասոնց մէջ էր հայատեաց պէրէճիկցի Հոջա օղլին, որ տասնապետին ուղղելով խօսքը, ըսաւ.

Պերատէր (եղբայր), ինչո՞ւ քեզ կը յոգնեցնես այդ քածերուն համար. երբ խօսքիդ չեն հնազանդիր, գետը նետէ անհնազանդները։

Յետոյ ոգեւորուած աւելցուց.

Ճանըմ, սէվտիի Մուրատը (հոգին սիրելի Մուրատ գետը) օրական քանի՜ այսպէս դիակներ կը տանի։

Անդիէին ուրիշ մը աղաղակեց.

Ա՜խ Մուրա՜տ, Մուրա՜տ, մուրատնիս կատարեցիր։

Տասնապետը դիւային ժպիտով խնդաց ու ըսաւ.

Ես լիազօր եմ, մահու եւ կենաց իշխանութիւն ունիմ. 600 հոգիէն 6 հոգի չի մնար… բայց ինչ հարկ կայ շտապելու… կամաց, կամաց, տակաւին ժամանակը չէ հասած, ամիս մը ետքը դուք կը տեսնէք, թէ ի՜նչ մնացած է այս բոլորէն։



[1]            Տեղական իսլամ ժողովուրդը Եփրատի Մուրատ անունը կուտայ երբեմն, որ բաղձանք կը նշանակէ։