Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ռաքքա, Հայոց գերեզմանատունը. Խենդեցած մարդոց տեսարանը դաշտին մէջ. Ռաքքայի ձախ ափի աքսորեալներու վիճակը. Աղջիկան մը թաղումը։

Երկու ափերը կը տարածուէին աւազուտ դաշտեր. գետին մէջտեղը պզտիկ կղզի մը կար, ուր կերեւային բոյսեր. աջ ափին էր Ռաքքա քաղաքը 600–700 տուն բնակիչներով, որոնք ամբողջովին արաբ էին. տուները հողաշէն էին եւ քաղաքը ունէր փոքրիկ շուկայ մը. ժամը11–ին . թ. ) հասանք Ռաքքա, ուր ձախ ափին վրայ տեսանք շուրջ 5000 հայերու բազմութիւն մը, որոնց մէջ կային Հայաստանցի, Կիլիկեցի եւ Անատօլցի (արեւմտեան նահանգները) հայեր։ Այդ բազմութենէն քանի մը երիտասարդներ անցան աջ ափին ժանտարմայի մը ընկերակցութեամբ, որպէսզի հաց եւ ալիւր գնեն։ Գիտշերը շուտ վրայ հասնելու չի կարողացայ քաղաք երթայ եւ մակոյկէն սկսայ դիտել շուրջս։ Գետափին մի քանի հայ գաղթականներ կը թափառէին, տեսայ որ մեր ժանտարմաները բռնի կերպով բեռցուցին իրենց բերած ալիւրը, որպէսզի քաղաք տանին ծախելու։ Ձախ ափին վրայ գտնուող հայերը կընծայէին տարօրինակ տեսարան մը, կարծես թէ տօնավաճառ մըն էր այնտեղ. գիշերուան մութին մէջ հայերու խումբերը ամբողջովին լուսաւորուած էին վառուած օճախներու լոյսերով։

Կէս գիշերը անց էր, երբ քուներնէս արթնացանք սարսափելի աղմուկով մը, կանանց եւ երեխայոց աղեկտուր ձայները, չաքալներու ոռնոցը, աղջիկ թէ կայք փախցնող գիշերային գողերու  կանչերը, իրարու կը խառնուէին։ Կրակները մարուած էին եւ բան չէինք կարող տեսնել, բայց գիշերուան ցուրտէն հեկեկացող մանուկներու լացն ու աղաղակը, որ կը տիրէր միւս ձայներուն, մեզ կը դողացնէր ջղագրգռութենէ։ Պահ մը ետքը իմացանք եղելութիւնը։ Ժանտարմաները որոշեր էին այդ միջոցին ճամբայ հանել աքսորեալները։ Մէկ մասը քունի մէջ. մէկ մասը ցուրտէն դողդողալով, մէկ մասը իրարու մօտ եկած, ապշած, զարհուրած, առանց կատարելապէս սթափուելու, մութի մէջէն կը քալեցնէին՝ քշելու համար աքսորեալները Միջագետքի խորքերը։

Երբ լոյսը բացուեցաւ, ձախ ափին մարդ չէր մնացեր, միայն հովը մարած օճախներուն մոխիրը կը ցրուէր օդին մէջ։

- - - -

Արեւը ծագեցաւ եւ ես ժանտարմայի մը ընկերակցութեամբ պատրաստուեցայ մեկնել դէպի Ռաքքա քաղաքը, որ գետափէն 10-15 վայրկեան հեռու էր։ Գերման սպան շատ տխուր տրամադրութեան մէջ էր. գիշերուան մէջ բարձրացող ձայները ազդած էին իր վրայ եւ վերյիշելով մանաւանդ ճամբու վրայ տեսածները, մռայլ թախիծի մէջ էր. չէր ուզեր նոյնիսկ բաց օդին ելլել. սենեակը փակուած նստած էր եւ կը զարմանար, թէ ես ի՞նչպէս կրնամ երթալ իմ հայրենակիցներուս այդ վիճակը տեսնելու։

Աւազուտ դաշտին մէջէն կը յառաջանայինք, երբ ժանտարմը ինձ ըսաւ։

Այդ կողմէն մի երթար, եկուր այս կողմէն։

Նայեցայ այդ արգելած կողմը եւ առաջին ակնարկով բան չի տեսայ, յետոյ դիտեցի. լայնատարած աւազի դաշտը, կոհակաւորուած էր անթիւ պզտիկ աւազակոյտերով. բայց ասիկա անսովոր բան չէր. անապատի քամին երբեմն շովի պէս կալեկոծէ աւազները եւ համաչափ կոյտեր կը կազմէ նման ծովի ալիքներուն։ Հարցուցի ժանտարմային։

Ի՞նչ կայ որ այն կողմ։

Մի՞թէ չես տեսնար. դեռ կերեւան կեավուրներուն ոտքերը, գանգերը։

Աչքերս բացուեցան կարծես եւ անմիջապէս տեսայ ամեն ինչ։

Ոչ թէ հարիւրներով, այլ հազարներով կերեւէին մարդկային կմախքի բեկորները՝ ցրուած անապատի աւազներուն մէջ։

Ասոնք չէին թաղուած այլ յայտնի էր որ ինկած տեղերնին մնացած էին եւ առանց դիակները ամփոփելու՝ աւազով ծածկած էին զանոնք։ Շուները եւ բորենիները աւազը պեղելով դուրս հանած էին որ մէկին անդամները, որ մէկին գանգը. հակառակ ժանտարմային նախազգուշութեան՝ գացի այդ համայնատարած գերեզմանին ուղղութեամբ, բայց հետզհետէ դժուար եղաւ յառաջանալ. կմախքները աւելի խիտ էին եւ ամեն մէկ քայլիս վախը ունէի, որ պիտի կոխեմ դիակի մը վրայ, կամ աւազակոյտերու մէջ ոտքս խրելով պիտի հասնի մարդկային կմախքի մը։ Ըսի ժանտարմային։

Այդ չափ ալ մեռեալ կըլլա՞յ միթէ։

Հա՛, հա՛, ծիծաղելով պատասխանեց։ Ասոնք բնական մահով մեռած, կամ սպաննուած մարդիկ չեն, ասոնք այս ամառ ծարաւէն  ինկնող առաջին աքսորեալներն են. երբ ժանտարմաները սուինը ձեռքերնին եւ ձիաւոր՝ կը բռնէին Եփրատի ափը, երեսուն քայլ անդիէն քշուող մարդկային հօտէն ո՜վ կը համարձակէր շղթան անցնել եւ երթալ ջուր խմելու։

Երբ դուրս ելանք մեռելներու այս դաշտէն, հանդիպեցայ տեղացի արաբի մը, որուն հետ երկար խօսեցայ հայ աքսորեալներու մասին։ Անիկա թէ կը խղճար հայերը եւ թէ կը գանգատէր, որ շուկային տէրը դարձած են։ Բացատրեց, որ բաղդադմամբ տեղահանութեան առաջին օրերու, այժմ իրենց վիճակը բարուոքուած է։ Այն մեռեալներու պատմութիւնը քստմնելի եւ անհաւատալի պատմութիւն մըն էր։ Հազարաւոր հայ աքսորեալներու բազմութիւն մը, չի գիտցուեր ո՞ր վայրերէն եկած, սաստիկ յոգնեցնելէ ետքը ոլոր մոլոր ճամբաներէ, անօթի, պապակած անապատի միջօրէի կիզիչ տաքին ներքեւ, կողոպտուած, մերկ կամ կիսամերկ հասցուցած էին այս դաշտը, ուր արգելած են զէն ի  ձեռին Եփրատի մօտենալ ծարաւը յագեցնելու։ Գետին շուրջ 30 քայլ անդին ջուրին ձայնը լսելով եւ ծարաւէ խելագարուած մարդիկ ինկեր ու մեռեր են քանի մի օրուան ընթացքին, ամբողջապէս։

Հազարաւոր դիակներու տեսքը, անոնցմէ արտաշնչուող խիստ նեխութիւնը, որ հովը կը տանէր անապատին մէջէն մինչեւ հեռաւոր ովասիսները, գէշ ազդեր է տեղւոյն բնակչութեան վրայ եւ վրդովմունքը յառաջ եկեր է տեղացի արաբներու մէջ այսքան անօգուտ անգթութիւններու ի տես։ Կառավարութիւնը ստիպուած էր ինկած դիակները գոնէ ծածկել, եւ ժողվելով մէկ քանի արաբ  զինուորներ, անոնց յանձնած է այդ գործը։ Զինուորները չուզելով երկար մնալ այդ ապականուած վայրին մէջ, հապճեպով, թիերու օգնութեամբ, աւազով ծածկած են մեռեալները։

- - - -

Ճանապարհին երկու կողմերը բաց դաշտերու աւազուտին մէջ ցիր ու ցան տեսան քանի մը կիներ ու այրեր, որոնք իմ ուշադրութիւնս գրաւեցին իրենց աննպատակ շարժումներով։ Այր մը կերթար, կուգար, ձեռքերով շարժումներ կընէր. երբեմն կը կենար եւ կարծես բռունցքով կը կռուէր մէկու մը հետ, ուրիշ մը գետինը նստած, գլուխը ձեռքերուն մէջ աւազը կը դիտէր պիշ նայուածքով. անդին ուրիշ մը ձեռքը փայտ մը աւազին վրայ ինչ որ գիծեր կը գծէր, հաշիւներ կընէր։ Այսպէս բոլորն ալ մէկ մէկ  երեւակայական զբաղումով գրաւուած, ոմանք իրարու հետ կռուելով տենդագին, խելայեղ կը չափչփէին ամբողջ դաշտը առանց այդ սահմանէն դուրս ելնելու։ Հարցուցի արաբին։

Ի՞նչ են այս մարդիկ, ինչո՞ւ այսպէս կընեն։

Անիկա պատասխանեց։

Ասոնք մեծատուններ են եղեր իրենց տեղը. հոս եկեր խենդացեր են. ամեն օր կաւելնայ այս խելագարներու թիւը, երէկ այսքան չի կային։

Անդին շարքերով կիներ, աղջիկներ, մանուկներ կերթային դոյլերով ջուր բերելու գետէն. ոմանք լուացք կընէին եւ շատ կիներ ու աղջիկներ գետեզերը նստած իրենց ցաւը կուլային։

Երեկոյին վերադարձիս գերման զինուորականս պատմեց, թէ այր ու կին երկու ծերունիներ սեւ շալուարներ հագած, հաւանականաբար Գոնիացի, եկեր նստեր են գետափը, ժամ մը խօսեր ու լացեր էին ու վերադարձեր էին դէպի խումբը։

- - - -

Այն ճամբան, ուրկէ կը քալէին, ամենէն ամրացած մասն էր, բայց դարձեալ անհաստատ աւազը դժուարին կը դարձնէր մեր քալուածքը եւ ոտքերնիս կը խրուէր աւազին մէջ. իսկ անդին դաշտին մէջ, ուրկէ կերթեւեկէին հայերը, աւազը այնքան շարժուն էր, որ կը մխուէին երբեմն մինչեւ իրենց ծունկերը։

Աղջիկ մը, ցնցոտիներու մէջ, ծանր դոյլ մը շալկած եւ մէկ ձեռքով մանուկ մը բռնած՝ եկած մեր անցած ճամբէն քալելու՝ գետինը պինդ ըլլալուն պատճառաւ։ Մերսինցի հայ տղայ մը, մեզ ցոյց տալով, կը պոռար ետեւէն։

Չե՞ս տեսնէր այս շուները, որ ճանապարհէն կը քալես. ինչպէս երէկ Աստղիկը, այսօր ալ քեզ կը փախցնեն։

- - - -

Վերջապէս հասանք քաղաք։ Շուկան ունէր մօտ 100 խանութ, որուն կէսը գրաւած էին կիլիկեցի եւ անատոլցի հայեր։ Հաստատեր էին քանի մը փուռեր, որոնց տէրերը կապալով առած էին բանակին հաց հայթայթելու գործը։ Կային հայ խոհարարներ, մսավաճառներու, քեպապճիներու խանութներ, բանջարեղէն եւ այլ ուտեստեղէն ծախողներ։ Կային կօշկակարներ, կլայեկողներ, թիթեղագործներ, խահուեճիներ եւ պղնձագործներ։ Շուկային մէջ կերեւային նաեւ կիներ ու մանուկներ, որոնք շրջուն վաճառողներ էին եւ կը ծախէին իրենց երկրի կերակուրներ ու քաղցրեղէններ, որը արաբ ժողովուրդը մեծ հաճոյքով կը գնէր։ Առանձին ըլլալէս օգտուելով, մտայ հայ նպարավաճառի մը խանութը, որուն երբ յայտնեցի թէ ես քրիստոնեայ եմ, սկսաւ գանգատել եւ ողբալ։

Կառավարութիւնը յայտներ էր իրենց, որ այլեւս այդ երկիրը պիտի բնակին եւ պատերազմէն ետք պիտի քննուի. այն որ իր  հայրենի երկրին մէջ հող ունէր, պարտէզ ունէր միեւնոյն տարածութեամբ հող պիտի տրուի իրեն Միջագետքի մէջ. կամ հողերը ու այգիները ծախուելով փոխարժէքը հոս պիտի տրուի տիրոջը։

Նպարավաճառը կիլիկեցի էր. ա՜խ քաշելով իր հայրենիքին համար սրտանց կուլար, հեկեկալով կուլար։

Կը գանգատէր նաեւ ու կըսէր։

Մեր այս վիճակին մի նայիք, այս ապրանքը ամբողջ պարտքով առած ենք արաբներէն, որով հազիւ կարող կըլլանք մեր ընտանիքը անօթութենէ եւ մահէ փրկել։ Բայց այս այսպէս երկար չի մնար։ Այսօր կամ վաղը կառավարութիւնը մեզ այստեղէն կուղարկէ ուրիշ տեղ մը եւ ցոյց կուտար դիմացի շարքի խանութները, որոնք պարապ էին։

Ասոնք ամենքը հայերը բռնած էին, առուտուր կընէին, կառավարութիւնը զիրենք ուղարկեց անծանօթ տեղեր։

- - - -

Վերադարձիս կէս օր էր, դաշտին վրայ մարդ չէր մնացած բացի խելագարներէն, որոնք տենդով կը շարունակէին իրենց երեւակայական գործերով զբաղիլ։ Մէկ ալ տեսանք, որ երկու կիներ, տախտակի մը վրայ դրած էին կնոջ դիակ մը եւ կը տանէին մեռեալներու այն դաշտը, որ կառավարութիւնը կոչած էր հայոց գերեզմանատուն։ Բայց ճանապարհին մարդ մը քաշեց առաջէն քալող կինը, որ տակաւին դեռատի էր, դիակը գլորելով ինկաւ, իսկ մարդը տարաւ աղջիկը քաշքշելով։

Հալէպէն բերուած աքսորեալներու հանգրուաններն են Մէսքէնէ, Ռաքքա, Տէյլ–իւլ–Զօր եւ այլն։ Այդ վայրերուն մէջ տեղահանուած հայերու մնացորդները երբեմն կը մնան մէկ ամիս, երբեմն աւելի։ Երբեմն ալ անմիջապէս առանց հանգստանալու կը քշուին Միջագետքի խորքերը։ Ամեն ինչ կախուած է զիրենք առաջնորդող ժանտարմաներու քմահաճոյքէն։ Միշտ կը հասնին նոր խումբեր. եւ նախորդները ճամբայ կելնեն։ Խանութ բացողները, տուն վարձողները, ոեւէ կերպով տեղաւորուողները հին խումբերու կը պատկանին։ Այդ հանգրուաններուն մէջ, եթէ քիչ մը երկար կանգ առնին հայ ընտանիքները, կամփոփուին եւ անմիջապէս կեանք մը կստեղծեն իրենց համար։ Վրաններու ներքեւ, թէ տուներու մէջ անոնք իրենց անցած տեղը շէնցուցած են նոյն իսկ այդ կարճատեւ կայանքներու միջոցին։ Տեղացի արաբ ժողովուրդը կաջակցէր իրենց ամեն բանով, բայց դժբաղտաբար երբէք հայերը տեղ մը չէին տեղաւորուեր վերջանականապէս։

Հրաման կուգար կամ զիրենք տանող ժանտարմները կը վճռէին, եւ հարկ էր ամեն ինչ թողլով, ճամբայ ելլել դէպի անծանօթ եւ հեռաւոր կայարաններ։