Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՆԱՓՈԼԷՈՆԻ ՄԱՀԸ
       Բոլոր տեսանելի աշխարհներէն հեռու, Ատլանտեանի ալիքներէն ծեծուած, մենաւոր ապառաժ մը կայ. Սէնթ Հէլէն անիծապարտ կղզին է ան։
       Դեռ դար մը չէ անցեր այն օրէն 16 Հոկտեմբեր 1815 երբ հոն կը բանտարկէին հին ու դիւցազնական աշխարհի մը մեծագոյն ներկայացուցիչը, վերջին կիսաստուածը, Կայս րը ինքը։
       Ու որպէսզի փախուստի ամէն հաւանականութիւն անկարելի ըլլար, առագաստանաւեր նոյն ապառաժին վրայ կը նետէին անգլիական ամբողջ բանակ մը՝ իր թնդանօթներով ու զրահաւորներով, ինչպէս նաեւ տխրահռչակ կառավարիչ մը՝ Հուտսոն Լաու։
       Այս պզտիկ մարդուն պաշտօն տրուած էր հրամայել անոր՝ որ ամբողջ աշխարհին կը հրամայէր։ Այսպէս, ահագին ովկէանոսի մը մէջ կորած այս երկու մարդերուն միջեւ, տռամներուն ամէնէն եղկելին կը խաղցուէր։
       –Զօրապետ Պոնափարթ, կը հրամայէր Հուտսոն։
       –Ես կայսր Նափոլէոնն եմ, կը գոչէր այս վերջինը, կայսր Նափոլէոնը, կը հասկնա՞ք, պարոն։ Յիմարութիւն ու նախատինք է զիս այլապէս անուանել։ Օր մը երբ Անգլիա դադրի գոյութիւն ունենալէ, մարդկութիւնը դեռ զիս պիտի անուանէ Նափոլէոն կայսր։
       Ու վանդակին մէջ բանտուած առիւծի մը պէս՝ զոր երկաթի ձողերով կ՚անհանգստացնեն, Նափոլէոն իր խուցին մէջ կը բանտուէր, շաբաթներով, ամիսներով, տարիներով, մութ անկիւն մը կծկտած, վարագոյրները կը փակէր, ինքզինքը պատէ ի պատ կը նետէր, զինուորական նեղ անկողնի մը մէջ կ՚երկարէր, աչերը չէր կրնար գոցել, կը հիւծէր, կը սպառէր, կը մեռնէր։
       10 Հոկտեմբեր 1818֊ին, իր պահակներէն անգլիացի սպայ մը հետեւեալ տողերը կը գրէր Հուտսոնին.
       «Այսօր կրցայ նշմարել զօրապետ Պոնափարթը, դիակի մը գոյնն ունի, ու վհուկի մը կը նմանի»։
       Կէօթէ կ՚ըսէ. «Մարդս կ՚ապրի ա՛յնքան երկար, որքան չմեռնելու հաստատ կամքն ունի»։
       Ու Նափոլէոն ա՜լ չէր ուզեր ապրիլ։
       Խնդրեր էր որ Եւրոպայէն զարգացած քահանայ մը ղրկեն իրեն՝ որպէսզի իր կասկածները փարատէր, հոգի՜ մը, հաւա՜տք մը, անմահութի՜ւն մը, կառչելիք բա՛ն մը ցոյց տար իրեն…։ Որովհետեւ այս մարդը որ գահեր գահերու վրայ, թագեր թագերու վրայ ու երկիրներ երկիրներու վրայ բարդած էր՝ հիմա սարսափով կը տեսնէր որ ամէն բան կը խուսափէր իր ձեռքէն, նոյնիսկ իր անունը, իր կինը, իր զաւակը…։
       Իրեն ղրկեցին անգրագէտ, անդամալոյծ, խուլ ու գրեթէ խօսելու անկարող քահանայ մը, Ապպէ Վինեալի, ինչպէս նաեւ երիտասարդ, անհաւատ ու թեթեւաբարո յ բժիշկ մը, Տոքթէօր Անթոմաքի։
       Նափոլէոն այնքան աւելի յարգեց առաջինը, որքան արհամարհեց երկրորդը։ Իր սարսափելի տառապանքին մէջ գետինները կը տապլտկէր « ոճրագո՜րծ, ոճրագո՜րծ» պոռալով։
       Օրերով, շաբաթներով, ամիսներով կը փսխէր, կարմիր կը փսխէր։ Անշարժ ու սարսափահար պառկեր էր երկաթէ նեղ անկողնի մը մէջ, իր բոլոր պատերազմներուն անկողինը՝ որուն չորս անկիւններուն վրայ չորս արծաթէ արծիւներ կը հսկէին, բայց ի զո՜ւր, որովհետեւ մահը մտեր էր, հոն էր արդէն, անմահին վրայ…։
       Մարմինը երթալով կը սառէր։ Երբեմն ֊երբեմն ջերմը մահասարսուռ թօթուըտուք մը կը պտտցնէր իր դիակնացած մարմնին վրայ. այն ատեն պաղ քրտինք մը մածուցիկ կը դարձնէր իր թափանցիկ մորթը։ Ձեռքերն ու ոտքերը երկաթէ ձողերու պէս սառն ու անշարժ էին։ Որովայնը կ՚ուռենար, կ ՚ուռենար։ Իր առասպելային տժգունութիւնը այժմ զարհուրելի կանաչութիւններ կը ստանար։ Չոր հազ մը անդադար կը ցնցէր իր կոկորդը։ Հոգեվարքն էր։
       Շաբթուան մը տառապանքէն վերջ, Նափոլէոն կանգնեցաւ, կտակը ուզեց, կարդաց, բոցը նետեց. նո՜ր մը պիտի գրէր։
       Սակայն մահուան գալարումները սկսան դարձեալ բզկտել իր փորոտիքը։ Փսխուքը սկսաւ, անկարելի, անդադրում, անվերջ, արիւնի տաք ֊տաք ու սեւ ֊սեւ պատառներով։ Փորը նորէն կ՚ուռենար, կ՚ուռենար։
       Զարհուրելի տանջանքներու շաբաթէ մը վերջ, իրեն շուրջը վայրկեանէ վայրկեան մահուան կը սպասէին։ Նափոլէոն վե՛ր կանգնեցաւ, իր ցաւերուն վրայ իշխեց, իր ճգնաժամային պայքարը դադրեցուց. իր մահուան հետ երեք ժամու զինադադար մը կնքեց…։
       Ու գերագոյն վերացումի մը մէջ գրեց իր համբաւաւոր կտակը։ Նախ յայտարարեց որ հակառակ իր կասկածներուն՝ իր հայրերուն կրօնքին մէջ կը մեռնէր։ Յետոյ միտքը սաւառնեցուց Փարիզ «իր ժողովուրդին, զոր ա՜յնքան կը սիրէր». ու Սէնի ափերուն վրայ թաղուելու իր կամքը արձանագրեց։
       Յետոյ սիրտը թռաւ դէպի իր միամօր զաւակը, միակ յոյսը, միակ ժառանգորդը իր հիմնած անծայրածիր պետութեան. տասնամեայ դողդոջ մանուկ մը…։ Որո՞ւ պաշտպանութեան յանձնել զայն, ո՞վ կրնար աւելի լաւ խնամել զաւակ մը քան իր մայրը։ Բայց Նափոլէոնի աքսորէն ի վեր՝ աշխարհի թագուհին, թշնամի բանակէն շիլ զօրականի մը հետ ամուսնացեր էր արդէն…։
       Նափոլէոն դողաց. աչքերուն մէջ ահաւոր արցունք մը փայլատակեցաւ շանթի մը պէս։ Յիշեց թէ ի՜նչպէս իր ձեռքով աշխարհի ծանրագոյն թագն էր դրեր այդ կնոջ գլխուն. յիշեց թէ ի՜նչպէս իր թեւերուն վրայ կը կրէր իր վարդագոյն մանուկը որ Հռովմի թագաւոր կը ծնէր…։ Ու ինք որ Հռենոսէն մինչեւ Նեղոս, ու Ալպեաններէն մինչեւ ձիւնապատ Ռուսաստանը, բոլոր ապարանքներն իրեն պալատ ըրած էր ու բոլոր թագաւորներն իրեն մանկլաւիկ, նայեցաւ իր շուրջի սարսափած մարդերուն, ու լացը զսպելով գրեց.
       «Մինչեւ վերջին վայրկեանս ամէնէն քաղցր զգացումները պահեցի կնոջս հանդէպ. կը խնդրեմ իրմէ հսկել որդւոյս վրայ…»։
       Ու իր զաւկին կտակեց բոլոր ինչ որ ունէր մտերիմ, իր մարմնին շապիկները, իր ձիուն սանձն ու թամբը, Աւստերլիցի սուրը, ու իր պատերազմական անկողինը՝ որ նաեւ իր գերութեան ու հոգեվարքի անկողինն եղաւ։
       Բայց պաղ քրտինք մը սկսաւ դարձեալ ողողել իր մարմինը, գալարումներն սկսան… մահուան զինադադարը աւարտեր էր։ Բայց Կայսրը ճիգ մըն ալ ըրաւ, վերջին կամք մըն ալ յայտնեց իր որդւոյն համար.
       «Թող իմ զաւակս չփորձէ իր հօր մահուան վրէժը լուծել, թող դաս մը առնէ իր մահէն, թող կռուասէր կայսր մը չըլլայ…»։
       Խեղճը չէր կրնար գուշակել որ Արծուիկը երբեք Արծիւ պիտի չըլլար, ու իրմէ քանի մը տարի վերջ՝ թշնամիներու ձեռքին մէջ պիտի մեռնէր գերութենէ ու թոքախտէ…։
       Փսխուքները վերսկսան, սեւ ու թանձր։ Իր սիրտը՝ որ արդէն միշտ տկար ու դանդաղ էր ի ծնէ՝ այժմ բոլորովին անլսելի էր։ Շունչը խզուեցաւ, խեղդուեցաւ։ Վերջն էր այս։
       Սակայն վերջի՛ն կարգադրութիւն մըն ալ կը մնար, թաղո՛ւմը։
       Ու իր սարսափելի ցաւերուն մէջ գրեց իր վերջին նամակը իր պահապան Հուտսոնին.
       «Պարո՛ն կառավարիչ.
       Պատիւ ունիմ ձեզի յայտնելու թէ Նափոլէոն Կայսր մեռաւ. երկար ու ցաւագին հիւանդութենէ մը վերջ…»։
       Հուտսոն, նոյն միջոցին, կղզիին շուրջ թնդանօթաձիգ նաւերը կը փութացնէր, որպէսզի մեծ աքսորականը չփախչի։
       Բայց Նափոլէոն իր ճգնաժամային զառանցանքի շրջանին մէջն էր արդէն։ Գիշերն յանկարծ ներքին փոթորիկէ մը արթնցած՝ տուն կու տար Վերսայլի վերաշինութեան նոր յատակագիծ մը, զոր կը կոչէր Առաջին Անրջանք. ու Ֆրանսայի զօրակոչութեան նոր ծրագիր մը՝ զոր կ ՚անուանէր Երկրորդ Անրջանք…։
       Իր սիրական ձիով մղոններո՜վ երկիրներ կտրել կ՚ուզէր, երբ յանկարծ խօսքը մեռաւ բերնին մէջ…։ Ծերունի քահանան սկսաւ արդէն իր աղօթքը թագաւորին գլխուն վրայ, բայց ան դարձեալ բացաւ իր աչքերը։
       «Զաւկիս կը կտակեմ Աժաքիոյի տունս՝ իր կալուածներով, Սալինի երկու տուներս՝ իրենց պարտէզներով, Աժաքիոյի ամբողջ հողերս… զաւկիս կը կտակեմ…»։
       Այս կալուածները երեւակայական էին միայն։ Սակայն հոգեվարքը դեռ նոր շաբաթ մըն ալ կ՚երկարէր։
       1821, 4 Մայիսի գիշերը վերջին երկու բառեր ալ արտասանեց՝ իր երկու սիրելի բառերը. «Ֆրանս… բանակ…»։ Ու նոյն վայրկեանին անկողնէն ցատկեց, գալարուելով գետնին վրայ սկսաւ սողալ, ու այնքա՜ն ուժով փաթթուեցաւ իր միակ բարեկամ Մոնթջոնի կոմսի վզին, որ հազի՜ւ բռնի կերպով կարելի եղաւ զայն բաժնել ու պառկեցնել անկողնին մէջ։ Վերջին դիւցազնին վերջին ցնցումն էր այս։
       Յետոյ աչքերը յառեցան, սառեցան. ծնօտը բացուեցաւ, ինկաւ. մահուան խլրտուկը սկսաւ։ Քահանան իր աղօթագիրքը նորէն բացաւ, բոլոր ներկաները ծնրադրեցին գլխաբաց։ Սպասաւոր մը կը պակսէր միայն, զոր լեարդի հիւանդութիւն մը անկողին կը գամէր։ Բայց ահա դուռը բացուեցաւ, գետիններուն վրայ քաշկռտուելէն հիւանդ սպասաւորը երեւցաւ մահատիպ ու երկիւղած։ Կայսեր մարմնին վրայէն երկար դող մը սահեցաւ, շրթներուն մէջ ճերմակ պղպջակ մը ֆշաց, աչքերը դարձան… Կայսրը մեռաւ։
       Իր դահիճներո՛ւն իսկ խոստովանութիւնով՝ Նափոլէոնի դէմքը ցաւի պրկումներէն ազատուած, այժմ անդիմադրելի, ահաւոր, գերերկրային գեղեցկութի՜ւն մը, վեհութի՜ւն մը, լո՛յս մը ստացեր էր։
       Բայց դիազննութեան սեղանին վրայ, ան ա՜լ աւելի մեծցաւ։
       Երբ վերջապէս բժիշկին դանակը համարձակեցաւ կտրել այս գորդեան հանգոյցը, սարսափով տեսնուեցաւ որ ահագին ու հին քաղցկեղ մը կրծեր, բորոտեր էր, ծակեր էր ստամոքսը, ու արիւնով ու շարաւով լեցուցեր էր որովայնը։ Թոքերուն մէջ եւ կուրծքի պատին հին ու նոր թոքախտի վէրքեր կը ցցուէին։ Սիրտը խիստ փոքրիկ ու տժգոյն էր…։
       Այն հիւանդները որոնք փոքրիկ ցաւէ մը կը յուսահատին, թող գիտնան որ այս աղքատիկ գիւղացիին զաւակը, այս նիհար ու պանդուխտ զինուորը, որ համամարդկային քաղաքակրթութեան հրամայեց, աշխարհին տիրապետելէ աւելի իր անձին տիրապետեր էր…։ Այս փոքրիկ մարդը իր վրայ կը միացնէր բժշկութեան մեծագոյն հիւանդութիւնները. իր ուղեղը լուսնոտ էր, իր սիրտը պզտիկ, իր կուրծքը թոքախտ, իր ստամոքսը քաղցկեղ…։
       Ահա թէ ինչպէս մեռաւ մեռա՞ւ Կամքերուն հզօրագոյնը…։
       (Լօզան, 1914)