Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԶԳԱՅԱՐԱՆՔ
       Հանդիպած առաջին աշակերտին հարցուր, թէ որո՞նք են մարդկային զգայարանքները։ Առանց տարիքի խտրութեան նո՛յն պատասխանը պիտի ընդունիս։
       –Տեսանելիք, հոտոտելիք, ճաշակելիք, լսելիք, շօշափելիք…։
       Եւ սակայն ամէն մարդ գիտէ թէ ուրիշ զգայարանք մ ՚ալ կայ, վեցերորդը, այն որուն մասին չի խօսուիր եւ որ աշխարհ կը կենսաւորէ։
       Դպրոցները կը լռեն. իր անունը անպատշաճ է։ Ազատօրէն կարենալ խօսելու համար՝ իր պաշտօնին յարմար անուն մը տանք, ու համարձակօրէն կոչենք զայն սիրելիք։
       Բոլոր ճաշակելիքներէն ու հոտոտելիքներէն աւելի կարեւոր է ան։ Իրմէ՛ կախում ունի որ երջանիկ կամ թշուառ, առողջ կամ տխեղծ մարդկութիւն մը ծնի։
       Կեանքի բոլոր հարցերուն մէջ ամէնէն առաջինն է սեռական հարցը։ Բնագէտներն ու ընկերաբանները կը համաձայնին կրկնելու թէ է՛ն դժուար խնդիրն է ան։
       Բայց ի՞նչ կ ՚ընենք մենք, ընտանիքի հայրերս։
       Կը թողունք որ տղան ինքնիրենը լուծէ այդ կնճռոտ հանգոյցը։ Ու մեր կողմէ կը բաւականանանք միայն իր մէջ ներմուծելով զզուանքի ու ամօթխածութեան գաղափարը։ Սեռային տգիտութիւնը իբրեւ անհրաժեշտութիւն եւ իբրեւ սրբութիւն կը նկատենք։
       Սակայն օր մը պիտի գայ անխուսափելի՜ օրը երբ մեր չըսածը փողոցին տղաքները պիտի ըսեն, ու որքա՜ն յոռի կերպով…։
       Վա՜յ այն ատեն այդ տղուն։
       Ծնողքին դաւադիր լռութիւնը, ընկերներուն ոճրապարտ մեղսակցութիւնը, արգիլուած բան մը ընելու գիտակցութիւնը իրար միանալով՝ երէկուան հրեշտակը այսօրուան իժին պիտի վերածեն։
       Չեմ համարձակիր նկարագրելու թէ այնպիսի տարիքի մը մէջ երբ պատանիին ջղային դրութիւնը դեռ հազիւ կազմակերպուելու վրայ եղող նուրբ ամենանո՛ւրբ դրութիւն մըն է, ի՜նչ ահաւոր աւերներ կը գործեն այդ անվերջ ու անանուն ցնցումները։
       Սակայն վտանգը միայն մարմնական չէ, այլ հոգեկան։ Ո՛չ թէ միայն իրենց ֆիզիքական առողջութիւնը կը խաթարեն անոնք, այլ նաեւ իրենց բարոյական առողջութիւնը, իրենց նկարագիրը, իրենց զուարթութիւնը, իրենց սրբութիւնը։
       Այսպէս, երիտասարդ մը որ դպրոցէն կ՚ելլէ, վարդ մըն է որ իր բոյրը կորսնցուցած է, եւ որուն բոլոր թերթերը փրթած են։ Եթէ դեռ միակ թերթ մը ունի, ան ալ առաջին ցնծուհին պիտի փրցնէ, այնպէս որ փշալից կոթ մը միայն պիտի մնայ իր ապագայ կնոջ ձեռքը…։
       Որովհետեւ, ինչո՞ւ չէ այդ տգէտ պատանին, որ ո՛չ մէկ առողջապահիկ կանխազգուշութիւնով չզինեցինք, վաղը, սիրելու խաբկանքով, համբոյրի մը փոխարէն պիտի ստանայ ախտերուն է՛ն սարսափելին, եւ դարմանուելու խաբկանքով՝ կրկնօրէն պիտի զոհուի այն տիտղոսաւոր շառլաթան ներուն որ բժշկութիւնը պոռնկացուցին…։
       Ահա թէ ի՛նչպէս՝ ամօթի եւ մեղքի պատրուակով՝ թոյնի աղբիւր մը կը դարձնենք այն զգայարանքը, որ ամէնէն իրական երջանկութեան գործիքն է՝ Բնութեան կողմէ մեզի նուիրուած։
       Զգուշութի՜ւն։ Չստորնացնենք, չխաթարենք, չբթացնենք զայն, սեռական զգայարանքը։
       Կենդանական աշխարհին մէջ քանի՜ քանիներ կան որ մի՛այն այդ զգայարանքով ու միա՛յն այդ զգայարանքին համար կ՚ապրին։
       Ո՜վ չի ճանչնար Էֆէմէր թիթեռնիկը, այն շնորհալի թիթեռնիկը որ ամառ գիշերներ կու գայ ձեր լապտերին շուրջ բացխփելու իր թեթեւ թեւերը։ Ան կ ՚ապրի ամէնէն կարճատեւ ու ամէնէն գեղեցիկ կեանքով որ կարելի ըլլայ երեւակայել։ Ճաշակելիք չունի, չի կրնար ուտել, քանի մը ժամէն պիտի մեռնի. բայց պիտի մեռնի ամէնէն բնական, ամէնէն իտէալ մահով, առանց ծերանալու, առա՛նց հիւանդանալու, առա՛նց ցաւելու…։ Երջանի՜կ թիթեռնիկ. սնունդի պէտք չունի, որովհետեւ ստամոքս չունի. կեանքի հոգ չունի, որովհետեւ իր օրերը համրուած են։ Իր միակ զբաղումը սէրն է. ան պիտի բարձրանայ եթերին մէջ, իրեն պէս Վաղամեռիկ թիթեռնիկ մ ՚ալ պիտի գտնայ։ Ու պիտի սիրէ, ու պիտի մեռնի իրեն նուիրուելով…։ Ան պիտի իրականացնէ բանաստեղծին երազը. «Ծնիլ, սիրել, մեռնիլ…»։
       Իրեն համար չէ Շամֆօսին սէրը, այն սէրը որ «երկու մաշկերու հպումն է» եւ որ այլասերած մարդկութիւն մը միայն կրնար հնարել։
       Հազար դարերու քաղաքակրթութիւնով մը Բնութենէն հեռացած մարդկային սրտին մէջ անգամ՝ տեսէք թէ ինչպիսի ճոխ ծաղիկներով կը պճնուի ան.
       «Էն թշուառ ուղեղին մէջ թողէք որ սէրը քսանչորս ժամ աշխատի, ու ահա թէ ինչ պիտի գտնէք հոն, կ ՚ըսէ Սթանտալ, ձմեռնային տերեւաթափ ճիւղ մը կը նետեն Սալցպուրկի աղահանքի մը մէջ, եւ երբ քանի մը ամիս յետոյ զայն դուրս կը քաշեն, այնպիսի պսպղուն բիւրեղներով ծածկուած է, ադամանդներու այնպիսի անհունութիւն մը պճնած է ամենափոքր ոստերն անգամ, որ անկարելի է ճանչնալ նախկին ճիւղը…»։
       «Երեւակայութի՜ւն» պիտի ըսէք։ Ազատ թողէք երկու սիրահարները որ Բնութեան ձայնին հետեւին, ու պիտի տեսնէք թէ ի՜նչ գեղեցիկ իրականութիւն է այդ երեւակայութիւն կարծուածը։
       Հոգւոյն եւ մարմնին այնքան սեղմ ու փոխադարձ ազդեցութիւնը մարդկային ուրիշ ոչ մէկ գործունէութեան ատեն կարելի է տեսնել։
       Միսին մէջ այնպէս մը կը փոթորկի հոգին՝ որ ոսկորներուն ամէնէն անշարժ բջիջներն անգամ վայրկեան մը իրենց ապրիլը կը զգան։
       Արուն ու էգը, սէրն ու սեռը, մարմինն ու հոգին իրար խառնուելով՝ միանգամայն Տիեզերքին ու Աստուծոյն կը խառնուին։
       Մարդկային ո՛չ մէկ զգայարանք, կենդանական ո՛չ մէկ գործողութիւն, բնագիտական ո՛չ մէկ երեւոյթ այնքան խորհրդաւոր է։
       Այդ գերագոյն վայրկեանին, է՛ն սեւ մարդը արշալոյսներ հրդեհելու ընդունակ հրաշէկ հոգի մը կ ՚ըլլայ։ Է՛ն ստոր մարդը կը հաւաքէ ինչ որ կայ իր մէջ լաւագոյն՝ կուսական կաղապարի մը մէջ նետելու համար զանոնք։
       –Վայրկենական ցնցո՜ւմ մը…, կ ՚ըսէ Մարք Օրէլ։
       Բայց այդ մէկ ցնցումը անհունները կը դողացնէ ու յաւիտեանները կը բեղմնաւորէ…։
       Այսպէս է սէրը. մաքուր, առողջ, բնական սէրը։
       Իմաստութի՞ւն թէ յիմարութիւն. չեմ գիտեր։ Կը զգամ միայն որ մարդկային ամենաբարձր արտայայտութիւնն է ան։ Անո՛վ է որ Աստուած մեր մէջ կը յայտնուի. Աստուած սէր է։
       Պատրաստենք մեր զաւակները այդ մեծ օրուան համար։ Ու սորվեցնենք իրենց Վերածնունդի առաջին օրէնքը.
       Առողջ սէր, առողջ սեռ։
       Բանկալթի, 1914