Պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԵՐԻՆԱ

Անմեկին, սրտակից ընկերներ էին, ի տղայ տիոց, Լութիկ եւ Սերոբ: Հոն, Խասգիւղի բարձունքը, Չըքսալընի ինքնատիպ թաղին մէջ, որուն բնիկները, կնիկ ու էրիկ մարդ, քաջի համբաւ ունին, հովարտա են ու վեհանձն, գռեհիկ եւ ամեհի, անգութ եւ բարի ալ, կիներն օտալարցի ու այրերը հայհոյիչ ու գինով, հոն, Լութիկ ու Սերոբ, սերտ բարեկամներ էին, իրենց բարեկամութիւնը փոխադարձ անձնուիրութեան բազմաթիւ ապացոյցներով կռանուած:

Իրենց սրտակցութիւնը թաղին մէջ առածի կարգ անցած էր: Գիւղին գինետունները սովորական թատրն էին անոնց խոշոր ու աղմկալի շահատակութեանցը: Գիշերները օղիի սեղանի առջեւ, քով քովի նստած էին անոնք, շրջապատուած նոյն դասակարգի մարդոցմէ, տարիքոտ ու երիտասարդ, որոնք կ՚ընդունէին անոնց անմրցելի գերակշռութիւնը: Խմելու մէջ անոնց ոտքը եկող չկար, գինարբուքի բացառապէս հանդիսաւոր տօներու, սարքուած գիւղին այս կամ այն գինետան մէջ: Սերոբ եւ Լութիկ ժայռի պէս աննկուն եւ անկործանելի կը մնային խմիչքին ահեղ հարուածներուն տակ, որոնք վերջիվերջոյ կա՛մ գետին կը տապալէին, կամ խելակորոյս փախուստի կը մատնէին բոլոր միւս կոչնականները, ու անոնք երկուքը միսմինակ կը մնային, արշալոյսը ողջունելով զուարթ ու դեռ կայտառ, վերջին գաւաթները բախելով ու զիրար համբուրելով:

Յետոյ անոնք անմրցելի էին նաեւ ջրհանկրութեան ասպարեզին մէջ: Կազմով իրարմէ տարբեր, երկուքն ալ հաւասարապէս օժտուած էին մկանային ահաւոր զօրութեամբ: Լութիկ աւելի բարձրահասակ էր, բարեձեւ իրանով, նուրբ, դեղին պեխերով, որոնց սակայն շիկերէի կայծերը պահուըտած, յեղակարծուստ կը վառվռէին, երբ զայրոյթը մրրկէր իր մարմինը: Վագրի ահեղ ճկունութիւն մը կը զգայիր իր դիւրաշարժ, յանդուգն քայլուածքին մէջ: Չուխայի լայնշի փոթուրը չէր կրնար սքօղել անոր հզօր բումբերուն եւ ամրակառոյց զիստերուն պողպատային կերտուածքը: Մանկական ժպիտ մը ունէր Լութիկ միշտ իր դէմքին վրայ, բարի ու հայրական մերթ, զօրաւորի բարեացակամ ու ներողամիտ երեւոյթով մը քաղցրացած: Իր ծանօթներէն անոնք, որ ներկայ գտնուած էին այդ ամեհի Ճովինային պայքարներուն, զանազան առիթներու մէջ ծագած, սոսկմամբ գիտած էին, թէ ի՛նչպէս Լութիկի անուշ արտայայտութիւնը գազանային կատաղութեան մը փոխուած էր յանկարծ: Մէկէ աւելի էին իր շահատակութիւնները: Անգամ մը` չորս զապիթներ, հուժկու Անատօլցիներ իրենք ալ, չէին կրցած զսպել ահաւոր թուլումպաճին, որ զանոնք իրարու ետեւէ գետին գլորած եւ թուրերնին գրաւելով իր ծունկի սալին վրայ խորտակած էր, սարսափահար եւ զմայլած ամբոխի մը աչքին առջեւը: Օժտուած էր նաեւ մեծադղորդ եւ գոռ ձայնով մը, որուն հնչիւններուն տակ սալարկը կը դողար, երբ Լութիկ իր «նաղարա»ն կը նետէր, հրդեհի վազող խումբին առջեւէն: Ջրհանին ձողերը իր ուսին վրայ կը սարսռային` խաւաքարտէ փայտիկներու պէս:

Սերոբ թուխ երիտասարդ մըն էր, միջահասակ, ամրախարիսխ, գէր, խոշոր կոճղ մր: Պզտիկուց փողոցի կռիւներու մէջ նշանաւոր հանդիսացած էր, սարսափ սփռելով իր տարեկիցներուն մէջ: Բայց իր վեհանձնութիւնը համակրելի ընծայած էր զինքը իր ընկերներուն: Զուարթ ու կատակախօս էր, ժողովրդային երանգոտ ու պէսպիսուն սրամտութեամբ ակաղձուն: Վազելու, ցատկելու, լողալու մէջ մինակ Լութիկ կը հաւասարէր իրեն: Մնաց որ, իրենց բարեկամութիւնը սկսած էր մանաւանդ այն օրէն, երբ, հազիւ տասնըհինգ տասնըվեց տարու պատանիներ, երկար ատեն իրենց փոխադարձ ուժերը հեռուանց կշռելէ, դատելէ յետոյ, յանկարծ խոյացած էին իրարու վրայ, լեռը, հասակակից ընկերներու բոլորակէ մը ձեւացած յանպատրաստից կրկէսի մը մէջտեղ: Ո՞վ պիտի յաղթուէր, ո՞վ պիտի տիրանար գերազանցութեան դափնիին: Կռիւը մոլեգին եղած էր: Այդ երկու պողպատէ իրանները իրարու ագուցուած, երկար ատեն ոգորած էին, բայց ոչ մէկը պարտուած էր: Լութիկի համեմատապէս նուրբ իրանը ճկունութեան հրաշքով մը դիմադրած էր Սերոբի հաստաբեստ իրանին ճնշմանը: Շնչասպառ, բաժնուած էին իրարմէ, համբուրած զիրար եւ այլեւս սերտօրէն բարեկամացած: Յետոյ, ա՛լ անգամ մըն ալ բախումը չէր կրկնուած, այդ գերագոյն եւ վճռական գուպարին յիշատակը իրենց հետ ապրած էր այնուհետեւ, եւ Չըքսալընի հանրային կարծիքը ընդունած էր, որ Սերոբ ու Լութիկ, ֆիզիկական ուժով հաւասար, ազնուական ու վեհանձնութեան մասին նոյն աստիճանին վրայ, անբաժանելի բարեկամներ էին, իրարու համար իրենց կեանքն իսկ զոհելու պատրաստ:

Բայց եղաւ օր մը, ուր այս քաջերը յանկարծ իրարու աչքերու մէջ նայեցան ու տեսան, որ դարձեալ հակառակորդ են:

Ի՞նչ եղած էր:

Երկուքն ալ, դժխեմ բախտին մէկ կատակովը, սիրահարուած էին միեւնոյն աղջկան` Սերինային:

Սերինան ետքէն իրենց թաղը եկած, հաստատուած ընտանիքի մը աղջիկն էր: Սեւ աչուըներ ունէր, չարաճճի եւ մոգիչ: Հասակը` գեղապատշաճ, ձեւերը` հրապոյրով յուռթի: Իր արդուզարդը թաղին աղջիկներուն արդուզարդէն կը տարբերէր իր տարօրինակութեամբը, առանց շատ ճոխ ըլլալու, այդ յարդարանքը կը նպաստէր արժեցնելու Սերինային մարմնական բովանդակ թովչութիւնը: Նրբացած ու շիք կնկան բնազդ ունէր: Իր շրջազգեստին քղանցքը հանգրիճելու եղանակն իսկ, եթէ մէկ կողմէն կը գայթակղեցնէր թաղին խստաբարոյ եւ պատուախնդիր կիները, քաղցր սարսուռներ կը պտտցնէր երիտասարդներուն մէջ: Չըքսալըն եղած օրէն, Սերինան մէկ հատիկ եղաւ, թէեւ անշուշտ իրմէ աղուոր աղջիկներ կային, բայց իր նրբութիւնը եւ պչրանքը զամէնքը կը նսեմացնէին: Ու բարձրահայեաց վէսութիւն մըն ալ աւելի բաղձալի կը կացուցաներ զինքը:

Հայրը վաստկուոր ոսկերիչ մըն էր, խման եւ զուարճասէր: Թաղին մէջ հաստատուած օրէն, բարեկամներու շրջանակ մը ունեցած էր` գինետան մէջ կազմուած: Այդ պատճառով Սերոբ եւ Լութիկ շատ հեղ իրենց երեկոյեան գինարբուքին կը խառնէին Սերինային հայրն ալ, որ մեծ հաճոյք կը զգար այդ զուարթ ու կատակախօս հովարտաներուն ընկերութենէն:

Սուրբ-Յակոբի մը, ոսկերիչը իր անուան տօնին առթիւ, աղմկալից երեկոյթ մը սարքեց իր տանը մէջ: Սերոբ եւ Լութիկ ալ հոն էին: Օղի, երգ, արեւելեան երաժշտութիւն, պար, ամէն բան: Սերինան այդ հեշտութեան մէջ իր հասակին աղուորութիւնը եւ ժպիտին հրապոյրը պտըտցուց` զամէնքը շլացնելով: Գլուխները տաքցան: Պարերուն շարքը սկսաւ: Ու Սերինան ալ պարեց շքեղ ու անառակ հօրա մը, ոստոստուն ու յայրատ, շարժմանցը մէջ առնական կորովով մը, կանացի գողտր ճկունութեամբ մըն ալ, մարմնին կարկառները մատուցանելով յօժարակամ եւ խուսափուկ, մերթ ծեքծեքելով յամրօրօր պերճաշուք դանդաղութեամբ, մերթ սուրալով իր մսուտ ու ծառացող մարմնին խօլ նետուածքովը ու յօսնաբար բոցավառելով հանդիսատես ծարաւի աչուըներ սուր ու դժպհի կարօտներ գրգռելով: Իր սպիտակ ու մարմարակերպ դաստակները շարժեց օդին մէջ` գլխուն նազելական ու խոհուն ճօճմանցը հետ, կիսախուփ աչուըներուն թովանքը յամրաբար, երազայնօրէն ներարկելով շուրջը գտնուողներուն սրտին մէջ:

Պռավօ՛, կեցցէ՛, կը պոռային չորս կողմէն…

Ու աղջիկը կը պարէր, ինքն ալ գինովցած, վերացած, երջանիկ:

Սերոբ, աթոռի մը կռթնած, այս դիւթական տեսաբանեն յափշտակուած, կը դիտէր, ալքոլէն բռնկած իր բիբերը Սերինային շարժումներուն կը հետեւէին իպնոզացած: Քիչ մը անդին` իր երկար հասակը ցցած, կը նայէր Լութիկ: Անյագաբար ըղձանքի շողերը կը կայծկլտային իր աչուըներուն մէջ: Արդեօք կրնա՞ր յաւէրժանալ այդ պարը, այդ հեշտանքը:

Ու պարը դադրեցաւ: Առնացի կուրծքէր լայն շունչերով թեթեւցան ու չորցած կոկորդները թրջեցան: Լութիկ Սերոբի մօտեցաւ.

Ընտո՞ր էր, Սերոբ:

Էս լմնցայ, դո՞ւն:

Քանի մը օրէն խելքս կլոխս չիգար:

Պահ մը իրարու աչքերու մէջ նայեցան: Նախանձի ժանտ օձը տեսան:

Ապան էրեցի՞ր, ի՛նչ, ըսաւ Լութիկ` Սերոբին ուսին զարնելով:

է՛ս աս աղջիկը պիտի առնեմ, ըսաւ Սերոբ խուլ ձայնով մը:

է՛ս պիտի առնեմ, պատասխանեց Լութիկ, զսպուած մռնչիւնի մը պէս:

Անխօս ու տեսակ մը զարմացումով երկու բարեկամները զիրար դիտեցին, կարծես իրարու հոգի կարդացին:

Ձգէ՛, Լութիկ, աս գործին մի՛ խառնուիր, ուրիշ աղջիկ չիկա՞յ։

Է՞ս ինչու ձգեմ, դո՛ւն ձգէ, ըսաւ Լութիկ արհամարհանօք: Հեմ Սերինան քեզի չառնէր…

Վա՛յ, ինծի չառնէ՞ր… ինչէ՞ն կիտցար… խաղացած ատենը ինտո՞ր ինծի կը նայէր կոր… անո՜ւշ, անո՜ւշ…

Լութիկ քահ-քահ խնդաց եւ դառնալով` բաժնուեցաւ գնաց օղիի սեղանին մօտ, մինչ Սերոբ, կատաղութեամբ պեխերը ոլորելով` «վա՛յ Լութիկ, վա՛յ, ասանկ, հէ՞» կը մրմռար:

Գլուխները չափազանց տաքցած ըլլալով, ոչ ոք կրցաւ նշմարել այն յանկարծական ցրտութիւնը, որ առաջ եկած էր երկու բարեկամներու միջեւ: Արշալոյսին, երբ հրաւիրեալները կարմրած աչքերով եւ տատանելով դուրս ելան, դիտուեցաւ, որ Լութիկ եւ Սերոբ` փոխանակ թեւ-թեւի երգելով երթալու, ինչպէս կ՚ընէին սովորաբար, առանձին-առանձին մեկնեցան, տարբեր ուղղութեամբ:

Ինչպէ՞ս եղաւ այդ բանը, իրենք ալ չկրցան հասկնալ: Իրենց բարեկամութիւնը, իրենց կեանքին սնունդը գրեթէ մարած էր պղպջակի մը դիւրութեամբը, աղջկան մը նայուածքին տակ: Հետեւեալ օրը, տարբեր գինետուններու մէջ, երկու հերոսները, զատ-զատ, շարունակեցին իրենց գինարբուքը` արտասովոր մոլեգնութեամբ: Իրենց այս ընթացքը օրուան խօսակցութեան նիւթը եղաւ Չըքսալընի ժողովրդական շրջանակներուն մէջ:

Ի՞նչ է ան, Սերո՛բ, կ՚ըսէին, ո՞ւր է Լութիկը:

Եւ Սերոբ, իբրեւ պատասխան, ձեռքը օդին մէջ արհամարանօք կը շարժէր` դէմքի նշանակալից ծամածռութեամբ մը:

Ի՞նչ է ան, Լութի՛կ, կ՚ըսէին, ո՞ւր է Սերոբը:

Եւ Լութիկ գրեթէ նոյն շարժումը կ՚ընէր, նոյն ծամածռումով:

Թոհա՜ֆ բան, թոհա՜ֆ բան, կ՚ըսէին ծանօթները:

Եւ Չըքսալընի այն դասակարգը, որուն կը պատկանէին Սերոբ եւ Լութիկ, նմանապէս բաժնուեցան երկուքը, երկու բանակներու, իրարու հակառակորդ երկու զօրավարներու ղեկավարութեան տակ: Սակայն Սերոբ եւ Լութիկ, լռին համաձայնութեամբ մը, խնամքը ունեցան ոչ մէկուն յայտնելու իրենց բարեկամութեան խզման շարժառիթը, հակառակ բուռն թախանձանքներուն, որոնց երկուքն ալ առարկայ դարձան:

Ճանը՛մ, Լութի՛կ, քուզո՛ւմ, Լութի՛կ, ըսէ`, ի՞նչ ըրաւ Սերոբը քեզի, կ՚աղաչէին ամեհի ջրհանկիրին:

Չեմ ըսէր, չըսուիր, կը յամառէր Լութիկ, մռայլ եւ տխուր: Ճանը՛մ, քեզի՞ ինչ, ա՛լ անիկա ինծի համար չէ, վէսէլա՜մ:

Նոյն անթափանցելի գաղտնապահութիւնը Սերոբի կողմէ: Սակայն ոչ մէկը միւսին հասցէին նախատական բառ մը չարտասանեց: Մինչ ընդհակառակը` բաւական կարեւոր վէճեր ծագեցան լութիկեաններու եւ սերոբեաններու միջեւ, կծու նախատինքներու եւ համեմաւոր հայհոյանքներու ընկերակցութեամբ: Թաղին ջրհանկրաց խումբը, որուն պարագլուխը Լութիկն էր, այս ծանրակշիռ դէպքը պատահած պահուն երկու մասի բաժնուեցաւ. խռովութեան առատաբուխ աղբիւր ամբողջ թաղին մէջ: Պզտիկ ծեծկըւուքներ իսկ պատահեցան գինետանց մէջ, հրդեհներու ատեն, երբ երկու կուսակցութեանց իւրաքանչիւրը կ՚ուզեր ինքը տիրանալ ջրհանին եւ վազել երթալ հրդեհին վայրը: Նորէն իրենք` պարագլուխներն էին, որ կը զսպէին փոքրերուն թափերը, կը սանձէին անոնց յանդգնութիւնը, անիմաստ հակառակութեանց խիզախութիւնը:

Յետոյ, երբ խզումը կատարեալ եղաւ, Լութիկ եւ Սերոբ, բնականաբար, մտածեցին իւրաքանչիւրը իր հաշուոյն, գերել սիրտը Սերինային, որ առանց ուզելու, կտրտած էր այդ երկու ազնիւ ու արի սրտերն իրար կապող կապը: Սիրոյ մրցակցութեան փայլուն եւ աղմկալից պայքարը բացուելու էր, մէկուն կամ միւսին յաղթանակին յանգելու համար: Բայց այդ մարդիկը սիրահարական ճղճիմ հնարքներու ընդունակութիւնը չունէին: Անճարտար Տօնժուաններ էին:

Լութիկ, որ անվեհերութեան անձնաւորումն էր, նապաստակի պէս դողդողաց այն մտածումին առջեւ, թէ Սերինային աչքը մտնելու կամ անոր սիրտը գրաւելու համար ստիպուած էր առտու-իրիկուն անոր տանը առջեւէն անցնիլ եւ ժպիտ մը, կամ ակնարկ մը նետել անոր, կամ փողոցին մէջ անոր ետեւէն իյնալ, կամ… վերջապէս, յիմարութիւններ, որոնք իր քաջ հոգին սարսուռով կը համակէին: Այնքան վատութիւն տեսաւ այս բոլոր տղայական ու վարնոց հնարքներուն մէջ, որ նոյնիսկ, երբ դիպուածով փողոցը հանդիպեցաւ Սերինային, իսկոյն քովի փողոցը դարձաւ: Ի՞նչ ընելու է, ընտո՞ր ընելու է, կը մտածէր խեղճ երիտասարդը` բռունցքը մոլեգնօրէն սեղմելով:

Բայց անգործ մնալն ալ անկարելի էր: Ինչե՜ր կ՚ընէր արդեօք Սերոբ, երբ ինք ատանկ ապուշի պէս կապկպուած կեցած էր: Երակներուն մէջ արիւնը կ՚եռեւեփէր, երբ կը մտաբերէր այն պարագան, ուր Սերոբ կրնար իրմէ առաջ յաջողիլ եւ Սերինան առնել: Ի՜նչ հարուած իրեն համար, իր արի ու պատուախնդիր մարդու արժանապատուութեանը համար: Կա՛մ փախչելու էր թաղէն, մինչեւ իսկ Պոլսէն, կամ անձնասպան ըլլալու: Կ՚ուզեր լրտեսել Սերոբը, բայց այս ալ իրեն նողկանք պատճառող բան մըն էր, իսկ ուրիշներու ձեռքով ատիկա ընել տալու համար` գաղտնիքը երեւան հանել հարկ էր: Գիտէր, որ Սերոբ ինքն ալ այդ մասին բծախնդիր էր եւ ոչ ոքի յայտնած էր իրենց գժտութեան պատճառը: Կը զգար, որ իր խաղաղ, անամպ ու շէնշող կեանքին մէջ յանկարծ մռայլ տխրութիւն մը մտած էր, ու դառնութեան րոպէներու, Սերինային այն պարը, այն դիւթական տատանումը կը թուէր իրեն գալարումը օձի մը, որ իր էութենէն ներս սողոսկեր էր:

Եւ Լութիկ զայրոյթով եւ զարմանքով ալ հաստատեց, թէ Սերինային սիրտը գրաւելու եւ անոր տիրանալու ամենէն տարրական միջոցներէն լիովին զուրկ էր ինքը եւ մանաւանդ իսկոյն համոզուեցաւ, որ քանի մը գռեհիկ հնարքներն ալ, որոնց ձեռնհաս կը զգար ինքզինքը, սահմանուած էին ապարդիւն մնալ Սերինայի պէս հպարտ եւ մեծամիտ աղջկան մը առջեւ: Անոր արդուզարդն իսկ, քալուածքը, նայուածքն իսկ անհնարին կը դարձնէին որեւէ մերձեցում իր եւ անոր միջեւ: Իր ֆիզիկական ուժը, որով մինչեւ այն ատեն ամէնուն պատկառանք ազդած ու երկիւղ ներշնչած էր, անպետ բան մը կը դառնար հիմա, ոչնչութիւն մը: Իր պերեւեթիկ ճովինայի բովանդակ խրոխտութիւնը մանկական երկչոտութեան մը կը փոխուէր այդ վեհապանծ աղջկան գաղափարին առջեւ: Տկարութեան այս կիզիչ գիտակցութիւնը կատաղութեան նոպաներու կը մատնէր զինքը: Մերթ, խելակորոյս, կը ծրագրէր յափափել Սերինան, փախցնել տանիլ հեռուն, լեռները, ամայութեանց մէջ, իր անձնական հրապոյրին պակասը բռնի ուժով լեցնելով: Բայց առտուն, ալքոլին շոգիներուն անհետացմանը հետ, այս ծրագիրներն ալ կը շոգիանային, եւ նորէն ինքզինքը միս-մինակ կը գտնէր իր անզօրութեանը, իր ամօթապարտ խեղճութեանը հետ դէմ-դիմաց:

Այս տագնապներուն մէջ զիղջը շուտով սկսաւ իր ներկայութիւնը հաստատել:

Թո՛ւ, ինչ ապուր կերայ, կ՚ըսէր ինքնիրեն Լութիկ, ձեռքը գլխուն զարնելով: Ծօ՛, ատ աղջիկը ինծի պէս թուլումպաճիին կ՚ուտա՞ն… ես վո՞վ էմ քի` պալըխճիի մը կտոր… ամա քիչ մը շատ փարա կվաստկիմ էղեր… աղէկ ամա, ատ ախճիկը փոթուռլու մարդ կ՚առնէ՞, վո՞վ կիտէ` աչքը ո՛ւր տեղուանքն է…

Բայց իսկոյն աչքին առջեւ գալով նորէն նազելաշուք եւ դիւթագեղ պարուհին, օդին մէջ երկարած մարմարակերպ բազուկներով ու կանգնագեղ հասակին մեղմերեր տատանումովը, Լութիկ կը վերանար, աչքերը կը գոցէր, հետեւելու համար, անվերջօրէն, այդ անմահական պատկերին:

Չէ՛, առնելու փախցնելու, տանելու է աս ախճիկը, կը վճռէր:

* * *

Սերոբի հոգեկան վիճակը գրեթէ նոյն եւ նման էր: Յափշտակութեան առաջին թափին մէջ ինքզինքը ձեռնհաս կարծէր էր ամէն ասպետական յանդգնութեանց: Մանաւանդ հաւտացեր էր, որ Լութիկ, ֆիզիկական ուժի իր մրցակիցը, այս անգամ, սիրոյ գետնին վրայ, ուզած չուզած, տեղի պիտի տար իրեն, պարտուած, ջախջախուած: Վերջապէս ինքն աւելի կորովի էր, աւելի գեղանձնեայ, աւելի առնական. Սերինան անո՞ր պիտի հաւնէր, թէ իրեն. այս մասին կարելի՞ էր տարակուսիլ: Բայց երբ իր նպատակին հասնելու համար գործնական քայլեր առնելու եկած էր կարգը, Սերոբ, շուարած չորս կողմը նայէր էր անստոյգ: Որքա՜ն դիւրութեամբ ծառացեր էր Լութիկին դիմացը, երբ Սերինային տիրանալու իրաւունքը իրեն վերապահելու վրայ էր լոկ խնդիրը: Իսկ հիմայ, մինչեւ իսկ Լութիկի մրցակցութեան պարագան մէկդի առնելով, ինքը անձնապէս ինչ արժանիքներ կամ հրապոյրներ ունէր Սերինային սիրտը կապտելու եւ զայն վերջնականապէս իրեն կապելու համար:

Քանի մը անգամ, յիմարաբար խմելէն ետքը, Սերինային տանը առջեւէն անցաւ, պեխերն ոլորած, ուշադրութիւն գրաւելու ձեւով: Բայց, ափսոս, կրցաւ մինչեւ իսկ հաստատել, որ Սերինան, պատուհանին առջեւ նստած, հազիւ անուշադիր ակնարկ մը նետեց իրեն, անտարբեր այդ անցորդին:

Այս անյաջողութիւնը կատղեցուց Սերոբը: Պահ մը կարծեց, թէ Սերինան, ամբողջովին Լութիկով գրաւուած իրեն երես կը դարձնէր: Յաղթանակը ուրեմն տարեր էր Լութիկ: Ոճրի կայծեր անցան իր գանկէն: Ողջամտութեան րոպէներու, սակայն, իր առջի սիրական ընկերոջ կեանքին իսկ դէմ սադրել ուզած եղեռնէն ամօթահար, եւ արտասուալից ապաշաւով առլի, ձեռքը գլխուն կը զարնէր այդ յիմար սէրն իր մէջ արծարծած եւ իր պատուական Լութիկէն բաժնուած ըլլալուն:

Ծօ՛, հէմ էս վո՞վ եմ, քի ատանկ ախճիկան մը կսիրահարուիմ կոր. ինձի կուտա՞ն, ինծի կառնէ՞, ինչի՞ս, որի ըսեմ նէ, վրաս կը խնդան: Թուլումպաճին շատ շատ պալըխճիին ախճիկը կ՚առնէ: Սերինան, ըսես, տարին մինակ չորս հատ ֆիստան կ՚ուզէ: Ինչո՞վս պիտի առնեմ… թո՛ւ, ատ գիշերը բարով-խերով չէինք կացեր այդ մարդուն տունը… Լութիկէս ալ չէի ըլլար:

Լութիկէ՜ս. այո՛, իր Լութիկէն, որուն կարօտովը սաստկապէս կը տոչորէր երբեմն Սերոբի մանկական եւ ազնիւ հոգին:

Ամա է՞ս ըրի, ա՛ն րրաւ, կը մտածէր նորէն, ի՞նչ կ՚ըլլար պէ, թող Սերինան ինծի ձգէր… կը մեռնէ՞ր…

Ու աչքին առջեւէն կ՚անցնէր սուրբ Յակոբի գիշերուան պարուհին, իր արձանակերտ ու դողդողացող զիստերուն տատանումովը, շուշանաթոյր եւ պսպղուն ղաստակներուն ճօճումովը եւ բովանդակ քաղցր ու նրբահիւս մարմնին սաւառնածքովը, որ թունդ թունդ հանէր էր իր հոգին, որ խենդեցուցեր, խելայեղեր էր զինքը: Ո՜հ, եթէ ան ըլլար իր կինը եւ երեկոյթներու մէջ կարենար պարել անոր հետ, ձեռք-ձեռքի կամ դէմ-դիմաց, ընդհանուր հիացման մէջտեղ:

Եւ կը մոռնար ամէն բան, Լութիկ, բարեկամութիւն, պայմաններու անհնարինութիւն ու կը մռնչէր իր սեղմուած ակռաներուն մէջէն.

Չըլլար, ես Սերինան առնելու եմ, ամա չեն իտար եղեր. օրին մէկը օմուզս զարկածիս պէս…

* * *

Ու սէրը, կուրօրէն ըմբռնուած, անկեղծօրէն զգացուած, բայց բրտօրէն մշակուած ու հրահրուած, թունաւորեց երկու հերոսներուն ալ կեանքը։ Օրէ օր ինկան անոնք, քայքայեցան, բերուշան եղան: Յիմար մսխումներ ըրին. զիրար գերազանցելու, անուննին ըսել տալու, իրենց վրայ խօսեցնելու եւ մինչեւ Սերինային ականջը հասցնելու ունայն կամէութենէն մղուած` սկսան այլեւս արիաբար չաշխատիլ, ապրուստի հոգսերով զբաղուելու տրամադրութենէն մերկացած: Ունեցած դրամնին կերան լմնցուցին: Հետզհետէ կորսնցուցին իրենց հմայքն ալ իրենց շրջանակներուն մէջ, ուր երկուքով զօրաւոր եղած էին միշտ, ուր իրենց առաքինի ու անաղարտ բարեկամութեամբ յոխորտացած էին տարիներով եւ ուր կարծես, վերջ ի վերջոյ, այնքան ալ դժգոհութիւն չարտայայտուեցաւ հիմակ այդ տիրապետող երկուութեան անկումին առջեւ: Ընդհակառակը, ուրիշներ, որ կը մախային Լութիկ Սերոբ միահեծանութեան դէմ, գլուխ բարձրացուցին քիչ-քիչ, իրենց ուժն ու հովարտայութիւնը ցուցադրեցին ժպրհօրէն եւ գրաւեցին բաց ձգուած, լքուած տեղը: Ժամանակ անցնելով, այլեւս գիշերները, սովորական գինետուններուն մէջ, մեր երբեմնի ճովինաները չէին շրջապատուէր իրենց արբանեակներէն, անկիւն մը կը քաշուէին եւ կուլ կուտային օղին, իրենց ցաւը քաղցրացնող նեկտարը, եւ որ հիմակ շուտով կը ցնցէր իրենց հզօր մարմինը, կը մշշապատէր իրենց ըղեղը: Կը պատահէր նոյնիսկ, որ միեւնոյն գինետան մէջ, մէյ մէկ անկիւն կզկտած ըլլային երկու ախոյեանները, անտարբեր իրարու նկատմամբ, իրարու գոյութենէ իբր թէ անտեղեակ, սուզուած ինքն իրենց մէջ, չդառնալով ոչ մէկուն ուշադրութեանը առարկան, այդ վիճակին կրկնութեանը եւ շարունակութեանը հետեւանօք:

Ֆիզիքապէս ալ աւրուեցան: Սերոբի կլոր եւ կայտառ դէմքը տժգունեցաւ, նիհարցաւ: Իր քալուածքին երբեմնի յոխորտանքը տեղի տուաւ երկչոտ եւ զգուշաւոր շարժումներուն: Գլխուն զարնուած բան մը եղաւ: Լութիկ, որ այնքան ժպտուն էր ու զուարթ, նուաղեցաւ. հիմակ գլուխը կախ, երկու ձեռքերը փոթուռին գրպանները, տրտմօրէն կը քալէր փողոցը, յուսահա՜տ, կեանքէն վազ անցած: Վրանին գլուխնին ալ թափեցաւ քիչ քիչ, իրե՛նք, որ իրենց դասակարգին շիքերը կը համարուէին: Վաստակնին, հիմակ շատ չնչին բան մը, հազիւ կը բաւէր օղիին ու տարրական ապրուստին: Եւ երեւակայել, որ շատ անգամ հրդեհի առաջնորդներն եղած էին Խասգիւղի ջրհանկիրներուն եւ հրդեհի վայրերը իրենց կռիւներուն եւ հանդգնութեանց աղմուկովը լեցուցած: Իրենց հոգեկան միակ մխիթարութիւնը Սերինան էր, կամ աւելի ճիշտ Սուրբ Յակոբի գիշերուան պարուհին, որ ճերմակ թեւերը օդին մէջ շարժելէն յուլաբար` տակաւին իրենց կը նայէր խենդեցնող նազանքով ու ա՛լ կարծես մինակ այս պատկերը, ունէին իբրեւ արդարացում իրենց բովանդակ դժբախտութեան, որ անհանդուրժելի պիտի ըլլար առանց անոր: Կարծես մոռցան իսկ իրական Սերինան, ան, որ ցորեկները պատուհանը կը նստէր եւ ձեռագործ մը կը բանէր` գլուխը կախած: Իրենք պարուհիին էին սիրահարուած, անոր համար իրարմէ բաժնուած, իրարու դէմ ցցուած, քայքայուած, ինկած:

Այդ բարոյական անկումին մէջ տակաւին թուլցաւ նաեւ թշնամութեան բուռն զգացումը, զոր կը տածէին իրարու հանդէպ: Անգիտակցաբար սկսան չատել զիրար, մոռնալ մինչեւ իսկ այն շարժառիթը, որ իրարմէ բաժնած էր զիրենք: Սերինային աղուոր սիլուէդը իրենց երեւակայութեան մէջ դառնալով, դարձդարձելով` կիրքեր չէր յարուցաներ այլեւս, նախանձի կրակը չէր արծարծեր: Մանուկներու երազին մէջ երեւցող ճերմակ յուշկապարիկն էր ան, որ կ՚օրօրէ, կը շոյէ, կը զուարթացնէ, կ՚երջանկացնէ: Իւրաքանչիւրը իր յաւերժահարսը ունէր, մարմինով ու հոգիով անջատ, թերեւս շատ նման դէմքով ու ձեւով:

Իրարու երես ալ նայեցան, աչք աչքի, հէ՜ք նախկին բարեկամները, մինչեւ իսկ քաղցրօրէն, ներողամտօրէն, անյիշաչարօրէն: Իրարու ետեւէ իրարու ալ նայեցան ու մեղքցան զիրար փոխադարձաբար։

Զաւալլը՜ Լութիկ: Զաւալլը՜ Սերոբ:

Բայց չխօսեցան իրարու հետ, չբարեւեցին զիրար, գինետունը դէմ դիմաց նստած` օղի խմեցին ժամերով, մտախոհ, լուրջ, տրտում: Երբեք այլեւս ոչ ոք միտքէն անցուց այդ երկու նախկին բարեկամները իրարու մօտեցնել, իրարու գիրկ նետել, հաշտեցնել: Իբր թէ անոնք երբեք ճանչցած չըլլային զիրար:

Սակայն, ձմեռուան տխուր եւ ցուրտ գիշեր մը, երբ Լութիկ իր օղիին շիշին առջեւ կը խոկար ըստ սովորականին, Սերոբ մէկէն ի մէկ ներս մտաւ գինետունէն եւ շիտակ իր նախկին բարեկամին քով գնաց եւ անոր ուսին զարկաւ.

Լութի՛կ, ե՛լ երթանք, ըսաւ անյողդողդ ձայնով մը, ըսելիք ունիմ:

Լութիկ վեր նայեցաւ` ապշահար, բայց իսկոյն ոտքի ելաւ ու հետեւեցաւ Սերոբի, ու երկուքը մէկ` դուրս եկան գինետունէն:

Չըքսալընի բարձունքին վրայ քամին կ՚ոռնար ողբագին, սառնաշունչ: Ձիւնի ճերմակ ծուէններ կը դառնային խոր մթութեան մէջ: Ու երկու բարեկամները կ՚երթային քով քովի, անխօսուկ:

Իմացա՞ր, ըսաւ վերջապէս Սերոբ, երբ հասան բնակութեններէ դուրս տեղ մը:

Ի՞նչ:

Սերինան աս գիշեր կը կարգուի կոր:

Իրա՞ւ:

Մութին մէջ, դէմ դիմաց, երկու բարեկամներ իրարու կը նայէին:

Ազատեցա՜նք, Սերոբ, ըսաւ Լութիկ աղեխարշ հառաչով մը:

Ազատեցա՜նք, կրկնեց Սերոբ:

Ու երկու բարեկամները ինքնաբերաբար իրարու ճիտ նետուեցան, համբուրեցին զիրար խանդաղատանոք, լացին, հեկեկալով լացին, տղու պէս, երկարօրէն, վերէն իջնող ձիւնի ճերմակ ծուէններուն մէջ:

«Նաւասարդ» տարեգիրք, 1914