Պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՍԷՐ

Հազիւ տասնեւհինգ տարու կար Տիրան, թափանցիկ մորթով, բարակ հասակով երազային պատանեակ մը, որուն մանկութեան տարիներն հիւանդութեամբ անցած էին շարունակ: Այդ վտիտ, ճղճիմ իրանը մէկ բժշկէն միւս բժիշկին գիտական քմահաճոյքովը տրորուած, չարչրկուած էր, մինչեւ որ եկած հասած էր այն տարիքն յորում մարմնական ոյժերը մէկէն ի մէկ կը զարթնուն, կատաղի ուռճացումով կը վանեն, կը հեռացնեն տկար տարիներն, որք բուն դրած կ՚ըլլան մատղաշ կազմուածքի մը մանուածապատ հիւսքերուն ու խորշիկներուն մէջ:

Ծնողքն իսկ զարմացած էին, թէ ի՛նչ տարօրինակ ու խորհրդաւոր զօրութեամբ մը հիմակ Տիրան կը բազմանար, կ՚աճէր, երեսին անօսր ու տժգոյն մորթին վրայ կարմիր մը երեւան կուգար, անմեղունակ աղջիկի մը ճակտին յեղակարծ շիկնումին պէս ակնահաճոյ: Տիրան՝ իր ծնողքին այս գիրգ պարուրանքէն, խանդակաթ այս շրջապատումէն բնաւ չէր շփանար. ընդհակառակն աւելի համեստ ու հեզաբարոյ կ՚ըլլար, բնական գտնելով անոնց այս ընթացքը:

Խասգիւղ, Պատէմլիքի գեղազուարճ բլրակին վրայ կը բնակէին, Զիլիֆտարի եւ Քեատհանէի ծաղկաւէտ եւ անուշաբոյր հովիտներուն մէջէն անցնող կենսաւէտ սիւքը ծծելով յարաժամ, եւ վայելելով Քարաաղաճի ծովակին մեղմածուփ ալեակներն ու դալարաւէտ կզզեակներուն բարերար տեսքը։ Տիրան աչքին առջեւն ունենալով միշտ այս հողի զուարճացնող, սիրտ փայփայող ու միտք զբաղեցնող տեսարանը, երազող էր եղած, անիրական երեւակայութիւններու ետեւէ վազող ու ծաղիկի մը թօթափումէն ու թռչունի մը գեղգեղէն կը դողդղար, կը սարսռար, կարծես ելեկտրական հոսանուտէ մը ազդուելով սաստկապէս:

Կեանքին մէջ տակաւին դպրոցի երես չէր տեսած. ծնողքը կը վախնային իրենց փափկամարմին զաւակը ղրկել այդ գոռ ու աղմկալից տուները, ուր անպատճառ կը մեռնէր, կը մտածէին, Տիրան: Չէ՛, անկարելի բան էր, դպրոց չպիտի ղրկէին երբեք Տիրանը. հապա եթէ չարչրկէի՞ն զայն ստամբակներն, որոց չարաճճի վազվռտուքներն ու անողորմ գըզուըռտուքները կը տեսնէին ամէն օր լերան ցից ու դերբուկ կողերուն վրայ, խենդենալի՜ք բան էր:

Տարիքը լենայ նէ, կ՚ըսէր մայրը, շոյելով իր զաւակին սեւ սաթի նման մազերը, դասատու մը կը բռնենք, թող կամաց-կամաց սորվի Տիրանս:

Հարկաւ՛, կը յաւելուր հայրը, անուշ նայուածքով մը:

Եւ Տիրան տարի մը ետքը պիտի ունենար իր դասատուն:

Բայց քանի զարգանար այդ դիւրաբեկ բնաւորութիւնը, քանի զօրանար անոր զգայութիւնը, ձանձրոյթի պէս բան մը ծնունդ կ՚առնէր անոր մէջ, կեանքի միօրինակութեան ձանձրոյթը, որ կամաց կամաց կը սպրդի սրտին մէջ, հետզհետէ կը ծաւալի, անզգայաբար կը համակէ էութիւնն համբուն եւ ի վերջոյ յանկարծ երեւան կուգայ, կը բռնկի, հրաբուխի մը պոռթկումին պէս, որ աստիճանական բորբոքումն մը յառաջ կուգայ:

Բայց պարագայ մը եկաւ վերջ դնել իրեն սպառնացող այս ձանձրոյթին:

Տիրանին մօրեղբայրը, հարուստ արհեստաւոր մը, բարեբաստ գաղափար մը յղացած էր. ագարակ մը գնել ի Զիլիֆտար, Ալիպէյքէօյ, ուր ընդարձակ արօտատեղիներ կան կանաչագեղ եւ ջրոռոգ: Պատանեակը ուրախութենէն ոստոստաց, երբ այս լուրն առաւ եւ անվերջ թախանձանքներ սկսաւ ընել իր մօրեղբօր:

Մարդը, որ նմանապէս սաստիկ կը սիրէր իր քեռորդին, տեղի տուաւ անոր ստիպումներուն եւ ապրիլ ամսուան մէջ գնեց փոքր ագարակ մը, որ կը գտնուէր լերան մը ստորոտը: Ալիպէյքէօյի ծայրը, քանի մը խոշոր ախոռներով եւ անոնցմէ զատուած փոքր տունով մը, որ երկու խուցեր կը պարունակէր: Տիրան եւ իր մայրը անմիջապէս փոխադրուեցան այդ տունը, մինչեւ օգոստոսի վերջը հոն անցնելու դիտաւորութեամբ:

Պատանեակը, երբ տեսաւ իր ըղձանքին կատարուիլը գոհունակութեան լայնկեկ հառաչ մը արձակեց ու ագարակին ետեւի ժայռերէն միոյն վրայ կեցած գոռոզագին, անյագօրէն իր աչուըներովը կը լափէր ակնապարար տեսարանը, որ կ՚ամփոփուէր բլրակներու զուգընթաց շարքին մէջտեղ:

Արեւն արդէն իջած էր ագարակին ետեւի լեռնէն վար եւ քանի մը յետամնաց ճառագայթներ միայն կը սարսռային հանդիպակաց բլրակներուն կանաչ կատարին վրայ, ծիրանի պսակ մը ձեւացնելով կարծես: Անոնցմէ վար թոյլ մթութիւն մը կը սկսէր, հետզհետէ սաստկանալով մինչեւ բլրակներուն ստորոտն, ուր խիտ թաւուտներու խուժանը սեւ գօտիի պէս կը փաթթուէր լերան ոտքերուն: Սակայն լոյսի երկար շարք մը յանկարծ կը կտրէր մթութիւնը հոն. գետակն է, որ հանդարտ վազքով կը սահի, կը թաւալի անշշուկ, գերազանցապէս աւելցնելով հրապոյրն այդ չքնաղ հովտին, ուր Տիրան պիտի գտնէր անշուշտ իր պահանջկոտ հոգիին պէտքն ու սփոփանքը եւ որ պիտի յագեցնէր իր բանաստեղծի խանդը:

Անոյշ յափշտակումով կը դիտէր հիմակ սքանչելի յատկութիւնները բնութեան այդ փոքր պատառին, ուր իրեն նման անգիտակցօրէն տառապող հոգիներ տարիներով կրնային սնունդ եւ սփոփանք գտնել: Եւ գետակէն ասդին ա՛լ կը տարածուէր ընդարձակ մարգագետինը, բազմազան գեղեցիկ գարնանածաղիկներով պիսակաւոր, իրիկուան հեզիկ սիւքի մը շոյանքին տակ մեղմօրէն ալեծուփ:

Վերջալոյսի տխրութիւնն սկսած էր տիրել հովտին մէջ, տրտմաթախիծ հոգիի մը մելամաղձութեանը պէս համրածաւալ, բայց յարաճուն:

Տիրան խորին երազանքով համակուած էր ժայռին վրայ, անուշ թմրութիւն մը զգալով իր անդամներուն մէջ, հեշտ երանութիւն մը, զոր չէր ուզեր ընդհատել: Գուցէ ժամերով մնար այդպէս, հէ՜ք պատանեակը, եթէ ոտքի յանկարծական շշուկ մը չի գար չարթնցնէր զինքը: Թօթուեցաւ, գլուխը ետին դարձուց աշխուժով եւ կատարեալ եղաւ իր հմայքը:

Դեղձան մազեր ուսերուն վրան ցանուցիր, կապոյտ, ժպտուն փոքր աչուըներ, պստիկ կարմրուկ բերան, բարա՜կ, շատ բարակ յօնքեր ունէր այն գլուխն, որ մէկէն ի մէկ երեւցաւ Տիրանի աչքին. կարծես կանանչութեան միջէն ծնած էր յանկարծ այդ աղջիկը բնութեան մէկ անհասկանալի քմայքովը, որ թերեւս կուզեր լիապէս դիւթել մեր երազուն պատանին: Փոքր աղջիկը, որ վերէն վար միաձեւ եւ միագոյն շրջազգեստ մըն էր հագած եւ ոտուըներն ալ կոշտ ոտնամաններու մէջ անցած էին, անմիջապէս հասկցաւ, որ զարմանք պատճառած էր այդ աղուորիկ տղուն. ուստի համարձակութեամբ անոր մօտեցաւ եւ փոքր ձեռքն անոր ուսին զարնելով ըսաւ թուրքերէն լեզուով, վասնզի յոյն էր, թէ իրենց բռնած ագարակին քովի փոքր տունը կը բնակէր ինք իր մօրն ու մեծ եղբօր հետ: Յայտնեց, թէ մայրն իրենց փոքր արտին մէջ կ՚աշխատէր, իսկ եղբայրն ալ սայլաւարութիւն կ՚ընէր նոյն եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ, իսկ ինք ազատ է, անունն է Էլէնայ, ուզած գործը կ՚ընէ, դաշտերն ու լեռները կը պտտի, ծաղիկներ կը ժողվէ, խոտեր կը փրցնէ` չորցնելու եւ օգտակար բաներու գործածելու համար:

Տիրան, որուն հմայքը դեռ փարատած չէր, մեքենաբար մտի՛կ կ՚ընէր այս ինքնայորդ շաղփաղփումը, լուռ ու մունջ, վայելքի մը պէս ըմբոշխնելով զայն, պատանեկան անծանօթ կրակով մը վառուած:

Երբ փոքր աղջիկը` հազիւ տասնեւչորս տարու, իր պատմութիւնն աւարտեց, Տիրան հմայուած, յափշտակուած, անգիտակցօրէն ձեռքը տարաւ անոր դեղձան մազերուն եւ փայփայելով գայնս, հարցուց, թէ ինչո՞ւ այդպէս ուսերուն վրայ սփռած էր:

Էլենայի այտերը թեթեւ մը կարմրեցան, աչուըներն անդին դարձուց խպնոտ շարժումով մը եւ յետոյ մէկէն ի մէկ պատանիին երեսը նայելով, պչրող համարձակութեամբ մը ըսաւ.

Ասանկ աւելի աղուոր կ՚ըլլամ:

Իրաւ է, մրմնջեց Տիրան սրտի սեղմում մը զգալով:

Իրարու երես կը նայէին, աղջիկը միշտ ժպտուն, գողտրիկ երգ մը մրմռալով, երիտասարդն ակնապիշ եւ երազուն, անզգալաբար թանձրացող մութին մէջ, որ համատարած աներեւոյթ մուրի պէս կը սեւցնէր այդ գեղեցիկ շրջապատկերին ամէն խորշիկներն ալ:

Երթանք, մութցա՜ւ, մրմնջեց մանկամարդ Հելլենուհին, յանկարծ բռնելով Տիրանին ձեռքն իր մանտրտիկ մատներուն մէջ, ու սկսաւ բլրակն ի վար վազել՝ այծեամի պէս ոստոստելով եւ ետեւէն քաշելով պատանին, որ յանկամս կը հնազանդէր այդ հեշտագին քարշումին, առանց գիտնալու, թէ ինչ էր իր ըրածը, երազ տեսնողի մը տարակուսանքով, որ չուզէր արթննալ, վախնալով, որ կը ցնդի հեշտօրօր տեսիլքը:

Վերջապէս ագարակին դուռն հասան, ուր կը սպասէր Տիրանին մայրը, որ ի տես զաւակին, անոր վիզը փաթթուեցաւ ու գորովանքով համբուրեց երկու այտերէն: Պատանին կը հեւար, իսկ Հելլենուհին կոկորդալիր կը խնդար, այդ զուարճալի վազքն ընել տալու համար:

Ագարակին պատին երկայնութեամբը շինուած երկու պատուհանով ցածուկ տունի մը դուռնէն ձայն մը լսուեցաւ մեկէն ի մէկ.

Էլենա՛, Էլենա՛:

Քալինիքթա՛, գոչեց մանկամարդ աղջիկը ձեռքի աշխոյժ շարժումով մը բարեւելով մայրն ու որդին եւ թռաւ գնաց մտացածին հուրիի պէս անհետ ըլլալով Տիրանին աչքէն, որ կարծես թէ քայքայում մը տեղի ունեցաւ յանկարծ յինքն, սարսռալի պարապութեան մը մէջ զգաց ինքզինքը, երբ տեսաւ այդ տեսիլքին անհետիլը վերջապէս: Պիշ պիշ կը նայէր այն կողմը, լալու պոռթկալու անսանձ տենչ մը զգալով. իր տեսողութեան առջեւ փնտրել ջանալով դեղձան վարսերը, կապոյտ ծաւի աչուըներն ու ժպտագեղ շուրթերը Էլենային:

Մայրը ուշի-ուշով կը դիտէր իր որդւոյն այդ հայեցողական կեցուածքը, ու կը սպասէր, որ սթափի այդ տեսակ մը թմրութենէն:

Ներս երթանք, մա՛յր, ըսաւ Տիրան տխուր շեշտով մը:

Այն գիշերը, պատանին, կէս քուն, կէս արթուն վիճակ մը ունեցաւ, թաքուն տառապանք մը զգալով սիրտին մէջ, անդիմադրելի ըղձանք մը` իրիկնամուտին այն ակնկալ հաւերժահարսը տեսնելու ժամ առաջ:

Առտուն, լոյսին հետ արթնցաւ Տիրան` ու պատուհանը վազեց:

Առջի իրիկուան տեսարանն էր, սա տարբերութեամբ, որ բլրակներուն կատարին ծիրանեգոյն պսակը երթալով կը լայննար հիմակ, լոյսը կ՚ողողէր կը լեցնէր հովիտն համակ ու մինչեւ մարգագետին իջնելով կը սփռուէր հոն շռայլօրէն, վառվռելով գիշերուան շողն, որ կը դողդղար խոտերուն ու ծաղիկներուն վրայ: Ոչխարներ, լերան կողին վրայ հոս-հոն ցանցնուած, կը վազվռտէին ու կը ճարակէին, գառնուկներուն ողորմագին մայունը կը խառնուէր մացառներուն վրայ թառող սոխակին հոգեշունչ գեղգեղին: Տիրան կը զմայլէր, անճառ հեշտութեամբ կը ծծէր բնութեան այս զեղխ արտաբերումը, արեւին ու կանաչին այս կենսաւէտ յորդումը: Ու աչքը կը պտտցնէր ամէն կողմ եւ հանկարծ կը կանչէր, կը մնար գետակին եզրին վրայ, ուր բան մը նշմարած էր: Մանկամարդ աղջիկ մը մարմանդին վրայ կը վազվռտէր բոպիկ ոտներով, գառնուկի մը ետեւէն, որ տեսակ-տեսակ նազանքներով կը դառնար, կը պտուտքէր իր փոքրիկ տիրուհիին շուրջը:

Էլենան էր:

Յետոյ, երկարօրէն վազելէն ետք, կանգ առաւ նորատի Հելլենուհին ու գետեզրը գնաց, վար իջաւ, ջուրին մօտ, նստաւ ու բոբիկ ոտներովը սկսաւ ջուրը խռովել մեծախորժ ճողփիւնով: Տիրան կը դիտէր զայն աչուըները սքանչացումով լի, սիրտը բաբախուն: Հեռացաւ պատուհանէն, հապճեպով հագուեցաւ, եւ առանց մօրն իմացնելու, որ հանդարտիկ կը քնանար, դուրս եկաւ ագարակէն եւ դէպի գետեզրն սկսաւ վազել: Պատանին տեսնելուն պէս, Էլենա, ամչկոտ շարժումով մը, ոտքերը դուրս հանեց ջուրէն եւ մարմանդին վրայ գուլպաներն հագաւ. փէշերը շուրջը փռեց ու նստաւ: Բարեւեցին զիրար:

Տիրան անոր քով ընկողմանեցաւ եւ սկսան խօսակցիլ. միամիտ ու ոստոստուն խօսակցութիւն մը, որուն մէջ երիտասարդին շփոթութիւնն եւ Հելլենուհիին պարզամտութիւնը կը մատնուէին: Էլենա, որ հանդարտ չէր կրնար կենալ, առաջարկեց բռնըւուք խաղալ: Պատանեակը վարանումով ընդունեց, եւ խօլական վազք մը սկսաւ հոն, որում Տիրան չկրցաւ բռնել արագասլաց Էլենան, որ, երբ իր կարգն եկաւ, անմիջապէս բռնեց զայն:

Ձանձրացա՜ն վազելէն: Հանգիստ առին եւ տուն դարձան: Մայրիկը նորէն կը սպասէր դրան վրայ իր որդւոյն: Տիրան հեւալով խնդալով պատմեց իրենց զբօսանքն եւ խնդրեց, որ շատ մնան այդ աղուոր տեղը:

Մայրը հաւանութիւն տուաւ, բայց պատուիրեց, որ շատ չվազվռտէ:

Ա՛լ անկից ետք ամէն օր, Տիրան ու Էլենա, առտուընէ մինչեւ իրիկուն միատեղ կը զբօսնէին, լեռներն ու անտառները կը պտտէին, անհուն երջանկութիւն զգալով իրարու ընկերակցութենէ:

Զաւակսէր մայրն, որ կոյր վստահութիւն մը ունէր իր որդուն վրայ, բնաւ միտքէն չէր անցընէր արգելք ըլլալ անոր այդ երանագեղ կենցաղին, որ արդէն վճիտ ու մաքուր կ՚երեւէր իրեն: Կը թողուր, որ այդ Յոյնին զուարթ աղջկան հետ անցընէ անիկայ իր օրերը, քանի որ կը տեսնէր անոր հետզհետէ առոյգանալը, բազմանալն զգալապէս:

Իրենց ուտեստին համար պէտք եղածները Տիրան ամէն օր կ՚երթար կը գնէր տեղւոյն յոյն նպարավաճառէն, խոշոր գէր մարդ մը, թթուած դէմքով ու խեռ բնաւորութեամբ, իր հետ ունենալով միշտ Էլենան, որուն ի տես նպարավաճառին աչուըները աղետալի փայլով մը կը վառէին: Աղջիկն անոր հետ կ՚իյնար, եւ զարմանալի բան, որ նպարավաճառը բնաւ ձայն ձուն չէր հանէր, ընդհակառակը կարծես հաճոյք կը զգար Էլենային այդ պչրական խաղերէն: Եթէ Տիրան ուշադրութեամբ նայէր «պախալ»ին ինչպէս կը կոչէին իրենք երեսը` ատելութեան դառն արտայայտութիւն մը պիտի նշմարէր հոն:

Յունիսն, յուլիսն, օգոստոսն անցան այսպէս զուարթ ու խնծղալից, պայծառ արեւին տակ ու կենսաբոյր կանաչին վրայ: Բայց երկնքին վճիտ կապոյտին վրայ սկսած էին երեւիլ ամպերու սեւ ծրարներ, զորս կը քշէր, կը տարուբերէր մեղմ սիւքին յաջորդող հովը: Գեղածիծաղ հովիտն սկսած էր մերկանալ իր զուարթ թարմութիւնէն, սոխակին ձայնն ալ չէր լսուէր ու կանաչազարդ գետիններն ալ հիմակ տժգունած էին: Առտուները սաստիկ զով կ՚ընէր: Զմեռը մօտ էր:

Տիրանին հայրն, որ ամէն կիրակի կ՚ուգար Ալիպէյքէոյ, որոշեց ա՛լ մեկնիլ հոնկից ու տուն փոխադրուիլ: Հէք պատանյակին համար անհուն անակնկալ կսկիծ մը եղաւ այս: Անիկայ յարատեւ կը կարծէր երանութիւնն, որուն մէջ կը լողար: Բայց կրցաւ ինքզինքը զսպել, սրտին խորը թաղել իր անսահման վիշտը եւ, հրաժեշտի ողջոյնը տուաւ իր Էլենային, որ նոյնպէս շատ տխրեցաւ այս ցաւագին բաժանումէն:

Ա՛լ հիմա Պատէմլիքի տունն էր Տիրան, աւելի երազուն, աւելի տրտմաթախիծ, քան երբեք: Երբ հովը կը սուլէր դուրսը, ձիւնը կը յորձանապատուտքէր օդին մէջ, խե՜ղճ տղան, ճակատը պատուհանին կռթնցուցած, իր հուրիին բնակավայրին հեռապատկերը կը դիտէր, խնդալիր յիշատակներու լուսահեղձ շարք մը ունենալով հար մտքին մէջ, որոնցմով կ՚ապրէր, կը սնանէր: Ո՞ւր էին այն առոյգ, կարմիր այտերը, բոցավառ աչքերն ու ծիծղուն շուրթերը: Օրերը, ժամերն ու վայրկեանները կը համրէր, կ՚անիծէր ձմեռը, որ պատճառ եղած էր իր երջանկութեան անհաճոյ խզումին:

Բայց ձմեռն ալ անցաւ, ճերմակ ձիւնին տակէն կանաչ ծիլեր դուրս ելան, լեռները նորից հագուեցան իրենց պերճափառ հանդերձանքն ու արեւը նորէն սկսաւ պսպղալ երկնակամարին վրայ: Եղանակին այս աստիճանական կերպարանափոխումին հետ կերպարանափոխուեցաւ Տիրանն ալ, որ ապրիլին կը սպասէր անհամբեր` Ալիպէյքէօյ երթալու համար նորէն:

* * *

Կիրակի առտու մըն էր, երբ մայր ու զաւակ գացին սոյն հեշտավայրը:

Տիրան ուղղակի Էլենային տունը վազեց` անոր անունը տալով:

Դուռը զարկաւ, ձայն չիկայ. նորէն զարկաւ: Այս անգամ խռպոտ ձայն մը ելաւ ներսէն, յետոյ խոշոր ոտնաձայն մը, եւ դուռը բացուեցաւ:

Տիրան կը սպասէր, որ Էլենային ծիծաղկոտ վառ դէմքը տեսնէ:

Ո՜վ պատրանք:

Դիմացը կը գտնուէր պախալը, գէ՛ր խոշոր յոյնը, որ թեւերը վեր սոթտած, հաւի մը փետուրները կը փետէր:

Ո՞վ կ՚ուզես, հարցուց Տիրանին:

Բայց… կակազեց երիտասարդը, Էլենան հոս չէ :

Պախալը հեգնօրէն խնդաց:

Ին՞չ պիտի ընես, հարցուց:

Պատանին վարանեցաւ:

Անգամ մը տեսնել կ՚ուզէի:

Ա՛լ անիկա չես կրնար տեսնել, ըսաւ նպարաւաճառը հեգնական շեշտով:

Ինչո՞ւ:

Կարգուեցաւ:

Որի՞ հետ:

Որի՞ հետ պիտի ըլլայ, ինծի հետ:

Այս խօսքին վրայ Տիրան խորին հեծիւն մը արձակեց, վազելով հեռացաւ խենդի պէս եւ սկսաւ դաշտերուն մէջէն արշաւել ատեն ատեն աղեկտուր հեծկլտանքի մը մէջ պոռալով.

Պախա՜լը, պախա՜լը: